Վշտահարները մխիթարեցէք
Վշտահարները մխիթարեցէք
«Տէրը զիս օծեց . . . բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 61։1, 2
1, 2. Որո՞նց մխիթարութիւն պէտք է տանք, եւ ինչո՛ւ։
ԵՀՈՎԱ, ամէն իսկական մխիթարութեան Աստուածը, մեզի կը սորվեցնէ ուրիշներով հետաքրքրուիլ, երբ անոնք չարիքի հանդիպին։ Ան մեզի կը սորվեցնէ ‘վատասիրտներն’ ու բոլոր սգաւորները ‘մխիթարել’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Երբ հարկ ըլլայ, մեր հաւատակիցներուն այսպիսի օգնութիւն կը մատուցանենք։ Նաեւ սէր կը ցուցաբերենք ժողովքէն դուրս եղողներուն հանդէպ, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք անցեալին մեզի հանդէպ երբեք սէր չեն յայտնած։—Մատթէոս 5։43-48. Գաղատացիս 6։10
2 Յիսուս Քրիստոս կարդաց ու իր անձին կիրարկեց այս մարգարէական յանձնարարութիւնը. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, վասն զի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, . . . բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։ (Եսայեայ 61։1, 2. Ղուկաս 4։16-19) Մերօրեայ օծեալ Քրիստոնեաները վաղուց գիտակցած են թէ այս յանձնարարութիւնը իրենց ալ կը կիրարկուի, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը ուրախութեամբ կը միանան անոնց այս գործին մէջ։—Յովհաննու 10։16
3. Երբ մարդիկ հարց տան, «Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ աղէտները», ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել։
3 Երբ փորձանքներ հարուածեն եւ մարդիկ սրտաբեկ դառնան, անոնք յաճախ հարց կու տան՝ «Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ աղէտները»։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը պատասխանէ այս հարցումին։ Սակայն, Աստուածաշունչի աշակերտ չեղող անհատի մը համար, պատասխանը լիովին ըմբռնելը ժամանակ կ’առնէ։ Եհովայի Վկաներու գրականութիւնները օգնութիւն կը հայթայթեն։ * Բայց որպէս սկիզբ, ոմանք մխիթարուած են Աստուածաշունչին մէջ համար մը տեսնելով, ինչպէս՝ Եսայեայ 61։1, 2–ը, որ մարդոց մխիթարութիւն տալու Աստուծոյ փափաքը կ’արտայայտէ։
4. Լեհաստանի մէջ Վկայ մը ի՞նչպէս կրցաւ ընկճուած պատանուհիի մը օգնել, եւ այս փորձառութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ձեզի օգնել որ ուրիշներու օգնէք։
4 Թէ՛ երիտասարդները եւ թէ տարեցները մխիթարութեան կարիքը ունին։ Լեհաստանի մէջ յուսալքուած պատանուհի մը իր բարեկամուհիին խրատը հայցեց։ Բարեկամուհին, որ Եհովայի Վկայ մըն էր, ազնուօրէն հետաքրքրուելով իմացաւ թէ պատանուհին հարցումներով եւ կասկածներով ծանրաբեռնուած էր. «Ինչո՞ւ այսքան շատ չարութիւն կայ։ Մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին։ Անդամալոյծ քոյրս ինչո՞ւ կը տառապի։ Սիրտս ինչո՞ւ առողջ չէ։ Եկեղեցին կ’ըսէ թէ Աստուած այսպէս կ’ուզէ։ Բայց եթէ այս է պարագան, այլեւս Աստուծոյ պիտի չհաւատամ»։ Վկան լռելեայն Եհովայի աղօթեց, ապա ըսաւ. «Ուրախ եմ որ ինծի ասոր մասին հարցուցիր։ Պիտի փորձեմ քեզի օգնել»։ Ան պատմեց թէ երբ փոքր էր, կասկածներ ունէր, եւ թէ Եհովայի Վկաները իրեն օգնեցին։ Ան բացատրեց. «Սորվեցայ թէ Աստուած մարդոց տառապանք չի պատճառեր։ Ան զանոնք կը սիրէ, անոնց բարօրութիւնը կ’ուզէ, եւ շուտով մեծ փոփոխութիւններ պիտի կատարէ երկրագունդին վրայ։ Հիւանդութիւնը, ծերութեան հետ առնչուած խնդիրները եւ մահը պիտի վերանան, իսկ հնազանդ մարդիկը յաւիտեան պիտի ապրին, հո՛ս այս երկրագունդին վրայ»։ Ան աղջկան ցոյց տուաւ Յայտնութիւն 21։3, 4. Յոբայ 33։25. Եսայեայ 35։5-7 եւ 65։21-25–ը։ Երկար զրոյցէ մը ետք, հանգստացած աղջիկը ըսաւ. «Այժմ գիտեմ կեանքիս նպատակը։ Կրնա՞մ անգամ մը եւս քովդ գալ»։ Անոր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, շաբաթը երկու անգամ։
Աստուծոյ Տուած Մխիթարութիւնով
5. Երբ կարեկցութիւն արտայայտենք, ի՞նչ բան իսկական մխիթարութիւն պիտի հայթայթէ։
5 Երբ կ’ուզենք ուրիշները մխիթարել, անկասկած կարեկցական խօսքերը տեղին են։ Վշտահար անհատին կը ջանանք խօսքով եւ ձայնի եղանակով հաղորդել թէ խորապէս հետաքրքրուած ենք իր պարագայով։ Ասիկա անիմաստ ու անհամ խօսքերով չ’իրականանար։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ‘համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով կրնանք յոյս ունենալ’։ (Հռովմայեցիս 15։4) Ասոր ի տես, յարմար ժամանակին կրնանք բացատրել թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է, եւ Աստուածաշունչէն ցոյց տալ թէ անիկա ներկայ խնդիրները ի՛նչպէս պիտի լուծէ։ Ապա կրնանք պատճառաբանել թէ ասիկա ինչո՛ւ վստահելի յոյս մըն է։ Այս կերպով, մխիթարութիւն պիտի մատուցանենք։
6. Մարդոց պէտք է օգնենք ի՞նչ բան հասկնալու, որպէսզի կարենան Սուրբ Գրութիւններուն մատուցած մխիթարութենէն լիովին օգտուիլ։
6 Մատուցուած մխիթարութենէն լաւագոյն օգուտը քաղելու համար, անհատ մը պէտք է գիտնայ ճշմարիտ Աստուածը, անոր ի՛նչպիսի Անձ մը ըլլալը, եւ անոր խոստումներուն վստահելի ըլլալը։ Երբ կը ջանանք անհատի մը օգնել, որ տակաւին Եհովայի երկրպագու մը չէ, լաւ կ’ըլլայ որ անոր բացատրենք հետեւեալ կէտերը։ (1) Աստուածաշունչին մէջ գտնուած մխիթարութիւնը Եհովայէ՝ ճշմարիտ Աստուծմէ՝ է։ (2) Եհովա Ամենակալ է, երկնքի ու երկրի Ստեղծիչն է։ Ան սիրոյ Աստուած է եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով։ (3) Կրնանք պարագաներու հետ գլուխ ելլելու համար զօրութիւն ստանալ, եթէ Աստուծոյ մօտենանք, իր Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելով։ (4) Զանազան անհատներու դիմագրաւած մասնայատուկ փորձութիւններուն վերաբերեալ Աստուածաշունչը համարներ կը բովանդակէ։
7. (ա) Ի՞նչ կրնանք իրագործել, երբ շեշտենք թէ Աստուծոյ տուած մխիթարութիւնը ‘Քրիստոսին ձեռքով շատ կ’ըլլայ’։ (բ) Ի՞նչպէս կրնաք մխիթարել անհատ մը, որ կը գիտակցի թէ գէշ ընթացք մը ունեցած է։
7 Ոմանք հոգեւոր օրհնութիւն մը հաղորդած են վշտահարներու, որոնք Աստուածաշունչին ծանօթ են, Բ. Կորնթացիս 1։3-7–ն կարդալով։ Անոնք ընթերցանութեան ատեն շեշտած են՝ «Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ» արտայայտութիւնը։ Այս համարը կրնայ անհատի մը օգնել գիտակցելու թէ Աստուածաշունչը մխիթարութեան աղբիւր մըն է, որուն աւելի ուշադրութիւն պէտք է ընծայէ։ Անիկա կրնայ յաւելեալ խօսակցութեան մը հիմը կազմել, թերեւս այլ առիթով։ Եթէ անհատ մը խորհի թէ իր խնդիրները իր ըրած գէշ բաներուն հետեւանքն են, այն ատեն կրնանք անոր ըսել, առանց քննադատելու, թէ մխիթարական է գիտնալ ինչ որ արձանագրուած է Ա. Յովհաննու 2։1, 2, եւ Սաղմոս 103։11-14–ի մէջ։ Այս կերպերով ուրիշները իրապէս կը մխիթարենք Աստուծոյ տուած մխիթարութիւնով։
Երբ Անոնց Կեանքը Բռնութեամբ Կամ Տնտեսական Խնդիրներով Քանդուած Է
8, 9. Ի՞նչպէս կարելի է պատշաճօրէն մխիթարել բռնութենէ տառապող անհատները։
8 Միլիոնաւոր անհատներու կեանքը քանդուած է բռնութեան պատճառաւ. համայնքի մէջ կատարուած ոճրային բռնարարքներով կամ վայրագ պատերազմով։ Այսպիսիները ի՞նչպէս կրնանք մխիթարել։
9 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները զգոյշ կ’ըլլան որ ո՛չ խօսքով ո՛չ ալ գործով թիկունք կանգնին այս կամ այն հատուածին, աշխարհի պայքարներուն մէջ։ (Յովհաննու 17։16) Սակայն անոնք պատշաճօրէն Աստուածաշունչը կը գործածեն, ցոյց տալու համար թէ ներկայ դաժան վիճակները յաւիտեան պիտի չտեւեն։ Անոնք կրնան կարդալ Սաղմոս 11։5–ը, ցոյց տալու համար թէ Եհովա բռնութիւն սիրողներուն հանդէպ ի՛նչ կը զգայ, կամ՝ Սաղմոս 37։1-4–ը, նշելու համար թէ Աստուած կը քաջալերէ որ փոխարէնը չհատուցանենք, այլ՝ իրեն վստահինք։ Սաղմոս 72։12-14–ի խօսքերը ցոյց կու տան թէ Մեծագոյն Սողոմոնը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ այժմ կ’իշխէ որպէս երկնային Թագաւոր, ի՛նչպէս կը զգայ բռնութենէ տառապող անմեղներուն հանդէպ։
10. Եթէ երկար տարիներ պատերազմ տեսած էք, նշուած համարները ի՞նչպէս կրնան ձեզ մխիթարել։
10 Ոմանք իրարայաջորդ պայքարներ տեսած են, մինչ հակադիր խումբերը կռուած են իշխանութեան գլուխը անցնելու համար։ Անոնք որդեգրած են այն տեսակէտը թէ պատերազմն ու անոր հետեւանքները կեանքին մէկ մասը կը կազմեն։ Անոնք մէկ հեռանկար ունին. ուրիշ երկիր մը փախչիլ, ուր իրենց վիճակները կրնան աւելի լաւ ըլլալ։ Բայց անոնց մեծամասնութիւնը երբեք չէ կրցած ասիկա ընել, իսկ փորձողներէն շատեր իրենց կեանքը կորսնցուցած են։ Անոնք որոնք ուրիշ երկիր մը հասած են, յաճախ անդրադարձած են թէ պարզապէս իրենց դժուարութիւնները փոխարինած են նոր խնդիրներով։ Սաղմոս 146։3-6–ը կրնայ գործածուիլ այսպիսի անհատներու օգնելու համար որ իրենց յոյսը դնեն ո՛չ թէ գաղթումի, այլ աւելի վստահելի բանի մը վրայ։ Մատթէոս 24։3, 7, 14, կամ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի մարգարէութիւնը կրնայ անոնց օգնել ընդհանուր պատկերը տեսնելու եւ իրենց դիմագրաւած վիճակներուն իմաստը ըմբռնելու, այսինքն՝ թէ մենք իրերու հին դրութեան վախճանին մէջ կ’ապրինք։ Սաղմոս 46։1-3, 8, 9, եւ Եսայեայ 2։2-4–ի նման համարներ կրնան անոնց օգնել գիտակցելու թէ իրապէս կրնան խաղաղ ապագայ մը յուսալ։
11. Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, ո՞ր համարները կին մը մխիթարեցին, եւ ինչո՛ւ։
11 Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ երկարատեւ պատերազմի մը միջոցին, կին մը տեղատարափ փամփուշտներու տակ իր տունէն փախաւ։ Անոր կեանքը վախով, տխրութեամբ եւ յուսախաբութեամբ լեցուեցաւ։ Հետագային, երբ ընտանեօք ուրիշ երկրի մը մէջ կ’ապրէին, ամուսինը որոշեց իրենց ամուսնութեան փաստաթուղթը այրել, իր յղի կինն ու տասը տարեկան տղան արձակել, եւ քահանայ մը դառնալ։ Երբ Փիլիպպեցիս 4։6, 7, եւ Սաղմոս 55։22–ը կնոջ հետ նկատի առնուեցան, ինչպէս նաեւ՝ Դիտարան–էն ու Զարթի՛ր–էն սուրբ գրային յօդուածներ, վերջապէս ան մխիթարութիւն ու կեանքի մէջ նպատակ գտաւ։
12. (ա) Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ հանգստութիւն կը մատուցանեն տնտեսապէս նեղութեան մէջ գտնուողներուն։ (բ) Ասիոյ մէջ Վկայ մը ի՞նչպէս կրցաւ յաճախորդի մը օգնել։
12 Տնտեսական քայքայումը միլիոնաւոր մարդոց կեանքը քանդած է։ Ատեն–ատեն այս ալ պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն պատճառաւ է։ Երբեմն, անխոհեմ կառավարական քաղաքականութիւնը եւ ղեկավարներուն ագահութիւնն ու անպարկեշտութիւնը, մարդոց խնայողութիւնները սպառած եւ անոնց ստացուածքները կորսնցնել տուած են։ Ուրիշներ այս աշխարհի բարիքներէն շատերը երբեք չեն ունեցած։ Բոլոր այսպիսի անհատներ կրնան մխիթարուիլ, գիտնալով թէ Աստուած իրեն ապաւինողներուն հանգստութիւն կը խոստանայ եւ արդար աշխարհ մը կ’երաշխաւորէ, որուն մէջ մարդիկ իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի վայելեն։ (Սաղմոս 146։6, 7. Եսայեայ 65։17, 21-23. Բ. Պետրոս 3։13) Ասիական երկրի մը մէջ, երբ յաճախորդ մը տնտեսական կացութեան մասին իր մտահոգութիւնը կը յայտնէր, Վկայ մը բացատրեց թէ ի՛նչ որ հոն տեղի կ’ունենար, աշխարհի չորս կողմը տեղի ունեցող դէպքերուն մէկ օրինակն էր։ Մատթէոս 24։3-14, եւ Սաղմոս 37։9-11–ի մասին խօսակցութիւն մը, Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան մը առաջնորդեց։
13. (ա) Երբ մարդիկ փուճ խոստումներու պատճառաւ յուսախաբ եղած են, ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը գործածել անոնց օգնելու համար։ (բ) Եթէ մարդիկ խորհին թէ գէշ վիճակները կը փաստեն թէ Աստուած գոյութիւն չունի, ի՞նչպէս կրնաք անոնց հետ պատճառաբանել։
13 Երբ մարդիկ երկար տարիներ տառապած են կամ փուճ խոստումներու պատճառաւ յուսախաբ եղած են, թերեւս Եգիպտոսի մէջ ապրած Իսրայելացիներուն պէս վարուին, որոնք «հոգիի նեղութենէն» մտիկ չըրին։ (Ելից 6։9) Այսպիսի պարագաներուն, օգտակար կ’ըլլայ որ աչքառու դարձնէք կերպեր, որոնցմով Աստուածաշունչը կրնայ իրենց օգնել գլուխ ելլելու ներկայ խնդիրներուն հետ եւ խուսափելու այն որոգայթներէն, որոնք անտեղիօրէն շատերու կեանքը կը քանդեն։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8բ) Ոմանք իրենց ապրած գէշ պայմանները որպէս ապացոյց կը նկատեն, թէ Աստուած գոյութիւն չունի կամ իրենցմով հետաքրքրուած չէ։ Կրնաք պատշաճ համարներ գործածելով պատճառաբանել, անոնց օգնելու որ գիտակցին թէ Աստուած օգնութիւն հայթայթած է, բայց շատեր զայն չեն ընդունած։—Եսայեայ 48։17, 18
Երբ Անոնք Փոթորիկներ ու Երկրաշարժներ կը Դիմագրաւեն
14, 15. Երբ աղէտ մը շատերը ցնցեց, Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս իրենց հետաքրքրութիւնը ցուցաբերեցին։
14 Փոթորիկի, երկրաշարժի, հրդեհի կամ պայթումի մը պատճառաւ, աղէտ մը կրնայ հարուածել։ Վիշտը կրնայ լայնատարած ըլլալ։ Վերապրողները մխիթարելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։
15 Մարդիկ կարիքը ունին գիտնալու թէ հոգածու մէկը կայ։ Երկրի մը մէջ ահաբեկչական յարձակումէ մը ետք, շատեր ցնցուեցան։ Բազմաթիւ անհատներ կորսնցուցին ընտանիքի անդամներ, ընտանիքի ապրուստը ճարողներ, բարեկամներ, գործեր կամ ապահովութեան որեւէ զգացում որ ունէին։ Եհովայի Վկաները իրենց շրջանին մէջ գտնուողներուն օգնութեան փութացին, անոնց մեծ կորուստին համար կարեկցութիւն յայտնելով եւ Աստուածաշունչէն մխիթարական խօսքեր մատուցանելով։ Շատեր խոր կերպով գնահատեցին անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը։
16. Երբ աղէտ մը հարուածեց Էլ Սալվատորի շրջաններէն մէկը, տեղական Վկաներուն դաշտի ծառայութիւնը ինչո՞ւ շատ ազդու էր։
16 2001–ին Էլ Սալվատորի մէջ զօրաւոր երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ, որուն յաջորդեց տիղմի հսկայ հոսանք մը, որ շատերու կեանքը խլեց։ Վկայ կնոջ մը 25 տարեկան տղան եւ տղուն նշանածին երկու քոյրերը սպաննուեցան։ Երիտասարդին մայրը եւ անոր նշանածը շուտով դաշտի ծառայութեամբ զբաղեցան։ Շատեր անոնց ըսին թէ Աստուա՛ծ պատասխանատու էր անոնց մահուան, կամ թէ անիկա Աստուծոյ կամքն էր։ Վկաները մէջբերեցին Առակաց 10։22–ը, ցոյց տալու համար թէ Աստուած չ’ուզեր որ մենք տրտմինք։ Անոնք կարդացին Հռովմայեցիս 5։12–ը, ցոյց տալու համար թէ մահը մարդուն մեղքին պատճառաւ յառաջ եկաւ, եւ ո՛չ թէ քանի որ անիկա Աստուծոյ կամքն է։ Անոնք նաեւ ուշադրութեան յանձնեցին մխիթարութեան պատգամը, որ կը գտնուի Սաղմոս 34։18, Սաղմոս 37։29, Եսայեայ 25։8, եւ Յայտնութիւն 21։3, 4–ի մէջ։ Մարդիկ յօժարութեամբ մտիկ ըրին, քանի որ այս երկու կիները ընտանիքի անդամներ կորսնցուցած էին այդ աղէտին մէջ, եւ բազմաթիւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսուեցան։
17. Աղէտի ժամանակ, ի՞նչ տեսակ օգնութիւն կրնանք մատուցանել։
17 Երբ աղէտ մը հարուածէ, կրնաք հանդիպիլ մէկու մը որ անմիջական օգնութեան կարիքը ունի։ Թերեւս ասիկա պարփակէ բժիշկ մը կանչել, անհատին հիւանդանոց հասցնել, կամ ընել ինչ որ կարելի է ուտելիք ու պատսպարան հայթայթելու համար։ 1998–ին, Իտալիոյ մէջ այսպիսի աղէտի մը ընթացքին, թղթակից մը նկատեց թէ Եհովայի Վկաները «գործնական կերպով կը գործեն, տառապողներուն օգնական ձեռք տալով, առանց նկատի առնելու թէ անոնք ի՛նչ կրօնքի կը պատկանին»։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, վերջին օրերուն նկատմամբ մարգարէացուած իրադարձութիւնները մեծ տառապանք կը պատճառեն։ Այդ շրջաններուն մէջ, Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ուշադրութեան կը յանձնեն, եւ մարդիկը կը մխիթարեն Աստուածաշունչին տուած երաշխիքով, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական ապահովութիւն պիտի բերէ մարդկութեան։—Առակաց 1։33. Միքիայ 4։4
Երբ Անոնց Ընտանիքի Մէկ Անդամը Մահացած Է
18-20. Երբ ընտանիք մը սիրելի մը կորսնցուցած է, ի՞նչ կրնաք ըսել կամ ընել մխիթարութիւն տալու համար։
18 Ամէն օր միլիոնաւորներ կը վշտանան սիրելիի մը մահուան համար։ Թերեւս սգաւորներու հանդիպիք քրիստոնէական ծառայութեան ժամանակ կամ երբ առօրեայ զբաղմունքներուն հոգ կը տանիք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել կամ ընել, զանոնք մխիթարելու համար։
19 Անհատը զգացականօրէն կը տառապի՞։ Տունը սգաւոր ազգականներով լեցո՞ւն է։ Թերեւս շատ ըսելիքներ ունիք, բայց լաւ դատողութիւն գործածելը կարեւոր է։ (Ժողովողի 3։1, 7) Թերեւս յարմար ըլլայ կարեկցութիւն յայտնել, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւն մը տալ (գրքոյկ, պարբերաթերթ կամ թերթիկ մը), ապա քանի մը օր ետք վերայցելել, տեսնելու համար թէ յաւելեալ օգնութիւն կարելի է մատուցանել կամ ոչ։ Յարմար ժամանակին, առաջարկեցէք Աստուածաշունչէն կարգ մը քաջալերական գաղափարներ բաժնել։ Ասիկա կրնայ հանդարտեցուցիչ ու ամոքիչ ազդեցութիւն մը ունենալ։ (Առակաց 16։24. 25։11) Յիսուսի նման չէք կրնար մեռելներուն յարութիւն տալ։ Բայց կրնաք բաժնել ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ մեռելներուն վիճակին մասին, թէեւ ասիկա սխալ կարծիքներ հերքելու ժամանակը չէ։ (Սաղմոս 146։4. Ժողովողի 9։5, 10. Յակոբու 5։20) Կրնաք միասնաբար կարդալ Աստուածաշունչի խոստումները յարութեան նկատմամբ։ (Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15) Կրնաք քննարկել թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ, թերեւս յարութեան մը մասին սուրբ գրային մէկ տեղեկագրութիւնը գործածելով։ (Ղուկաս 8։49-56. Յովհաննու 11։39-44) Նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեցէք մեզի այսպիսի յոյս մը տուող սիրալիր Աստուծոյն յատկութիւններուն վրայ։ (Յոբայ 14։14, 15. Յովհաննու 3։16) Բացատրեցէք թէ այս ուսուցումները ի՛նչպէս ձեզի օգտած են եւ ինչո՛ւ անոնց վրայ վստահութիւն ունիք։
20 Թագաւորութեան Սրահ հրաւիրելը կրնայ սգաւորին օգնել որ ծանօթանայ անհատներու, որոնք իրապէս կը սիրեն իրենց դրացիները եւ գիտեն ի՛նչպէս զիրար կերտել։ Շուէտացի կին մը անդրադարձաւ թէ իր բոլոր կեանքի ընթացքին իր փնտռած բանը ասիկա էր։—Յովհաննու 13։35. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11
21, 22. (ա) Եթէ կ’ուզենք մխիթարել, մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։ (բ) Ի՞նչպէս կրնաք մխիթարել անհատ մը որ արդէն Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտէ։
21 Երբ գիտնաք թէ անհատ մը վշտահար է, քրիստոնէական ժողովքէն ներս կամ դուրս, երբեմն կը զգա՞ք թէ չէք գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ըսէք կամ ընէք։ Աստուածաշունչին մէջ յաճախ «մխիթարութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը, բառացիօրէն կը նշանակէ «հրաւէր՝ մէկու մը կողքին ըլլալու»։ Իսկական մխիթարող մը ըլլալ կը նշանակէ՝ ձեր անձը մատչելի դարձնել վշտահարներուն։—Առակաց 17։17
22 Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ վշտահար անհատը որ կ’ուզէք մխիթարել, արդէն իսկ գիտէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ մահուան, փրկանքին եւ յարութեան մասին։ Նոյն հաւատալիքները բաժնող բարեկամի մը ներկայութիւնն իսկ կրնայ մխիթարական ըլլալ։ Եթէ ան ուզէ խօսիլ, լաւ ունկնդիր մը եղէք։ Մի՛ զգաք թէ քարոզ մը պէտք է տաք։ Եթէ համարներ պիտի կարդաք, զանոնք նկատեցէք Աստուծոյ արտայայտութիւնները, որոնք ձեր երկուքին սրտերը պիտի ամրապնդեն։ Անոնց խոստացած բաներուն ստոյգ ըլլալուն նկատմամբ ձեր երկուքին ունեցած զօրաւոր համոզումը յայտնեցէք։ Աստուածային կարեկցութիւն արտացոլացնելով եւ Աստուծոյ Խօսքին թանկարժէք ճշմարտութիւնները բաժնելով, կրնաք վշտահարներուն օգնել որ «ամէն մխիթարութեան Աստուծմէն»՝ Եհովայէ՝ մխիթարութիւն ու զօրութիւն ստանան։—Բ. Կորնթացիս 1։3
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 3 Տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը, գլուխ 8. Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը, էջ 393-400, 427-431. Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գիրքը, գլուխ 10. եւ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի գրքոյկը։
Ի՞նչ է ձեր մեկնաբանութիւնը
• Շատ մը մարդիկ աղէտներու նկատմամբ ո՞վ կը մեղադրեն, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել։
• Ի՞նչ կրնանք ընել ուրիշներու օգնելու համար, որ լիովին օգտուին Աստուածաշունչի մատուցած մխիթարութենէն։
• Ձեր շրջանին մէջ ո՞ր վիճակները շատերուն վիշտ կը պատճառեն, եւ ի՞նչպէս կրնաք զիրենք մխիթարել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 29]
Իսկական մխիթարութեան պատգամ մը բաժնել նեղութեան ժամանակներուն
[Նկարին աղբիւրը]
Refugee camp։ UN PHOTO 186811/J. Isaac
[Նկար՝ էջ 30]
Բարեկամի մը ներկայութիւնն իսկ կրնայ մխիթարական ըլլալ