Կեցէ՛ք ու տեսէք Եհովայի փրկութիւնը
Կեցէ՛ք ու տեսէք Եհովայի փրկութիւնը
«Դուք երեւցէք [«ձեր դիրքը առէք», ՆԱ] ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք»։—Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20։17
1, 2. ‘Մագոգի երկրին Գոգի’ մօտալուտ յարձակումը ինչո՞ւ աւելի մեծ հետեւանքներ ունի, քան՝ միջազգային ահաբեկչութեան սպառնալիքը։
ՈՄԱՆՔ ահաբեկչութիւնը բնութագրած են որպէս յարձակում մը համաշխարհային ընկերութեան եւ նոյնիսկ քաղաքակրթութեան վրայ։ Հասկնալիօրէն, այսպիսի սպառնալիք մը լուրջի պէտք է առնուի։ Միւս կողմէ, աւելի մեծ հետեւանքներ ունեցող յարձակում մը կայ, որուն համաշխարհային ընկերութիւնը չնչին ուշադրութիւն կ’ընծայէ։ Անիկա ի՞նչ է։
2 Անիկա ‘Մագոգի երկրին Գոգի’ յարձակումն է, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի Եզեկիէլ 38–րդ գլուխին մէջ։ Չափազանցութի՞ւն է ըսել թէ այս յարձակումը աւելի մեծ հետեւանքներ ունի, քան՝ միջազգային ահաբեկչութեան սպառնալիքը։ Բնա՛ւ երբեք, քանի որ Գոգի յարձակումը պարզապէս մարդկային կառավարութիւններուն վրայ յարձակում մը չէ։ Անիկա Աստուծոյ երկնային կառավարութեան դէմ արշաւանք մըն է։ Սակայն, մարդոց հակառակը, որոնք միշտ չեն յաջողիր իրենց դրութեան վրայ գործուած յարձակումներուն հետ գլուխ ելլել, Ստեղծիչը լիովին կարող է Գոգի աւելի կատաղի յարձակումը ձեռք առնելու։
Յարձակում՝ Աստուծոյ Կառավարութեան Վրայ
3. 1914–էն ի վեր աշխարհի կառավարիչներուն հրաւէր տրուած է որ ի՞նչ ընեն, եւ անոնք ի՞նչպէս ընդառաջած են։
3 1914–ին երկնքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ի վեր, Աստուծոյ այժմ իշխող Թագաւորին եւ Սատանայի չար դրութեան միջեւ պայքարը սկսած է։ Այդ ժամանակ, մարդկային կառավարիչները տեղեակ պահուեցան որ Աստուծոյ ընտրած Կառավարիչին ենթարկուին։ Սակայն անոնք մերժեցին ասիկա ընել, ինչպէս նախագուշակուած էր. «Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ, ըսելով. ‘Կոտրե՛նք անոնց կապերը, ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը’»։ (Սաղմոս 2։1-3) Թագաւորութեան իշխանութեան դէմ հակառակութիւնը իր բարձրակէտին պիտի հասնի, Մագոգի Գոգին յարձակման ընթացքին։
4, 5. Մարդիկ ի՞նչպէս կրնան Աստուծոյ անտեսանելի, երկնային կառավարութեան դէմ կռուիլ։
4 Թերեւս հարց տանք թէ մարդիկ ի՞նչպէս կրնան կռուիլ անտեսանելի, երկնային կառավարութեան մը դէմ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ այս կառավարութիւնը կը բաղկանայ «հարիւր քառասունըչորս հազարէն, որոնք երկրէն գնուած էին», եւ «Գառնուկ»էն՝ Քրիստոս Յիսուսը։ (Յայտնութիւն 14։1, 3. Յովհաննու 1։29) Երկնային ըլլալով, նոր կառավարութեան մասին կը խօսուի որպէս «նոր երկինք», իսկ անոր երկրաւոր հպատակները տրամաբանականօրէն կը կոչուին՝ «նոր երկիր»։ (Եսայեայ 65։17. Բ. Պետրոս 3։13) Քրիստոսի հետ իշխող 144,000–ին մեծամասնութիւնը արդէն իսկ իր երկրային ընթացքը հաւատարմօրէն ամբողջացուցած է։ Այս կերպով անոնք փաստած են թէ երկնքի մէջ իրենց ծառայութեան նոր նշանակումները ստանձնելու արժանի են։
5 Սակայն, 144,000–էն պզտիկ մնացորդ մը տակաւին երկրի վրայ է։ 2002–ին Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուող աւելի քան 15,000,000–էն, միայն 8,760 հոգի այս երկնային նշանակումին համար ընտրուած ըլլալու իրենց յոյսը յայտնեցին։ Ո՛վ որ կը յանդգնի Թագաւորութեան ապագայ անդամներուն վրայ յարձակիլ, խորքին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան դէմ կը յարձակի։—Յայտնութիւն 12։17
Թագաւորը Իր Յաղթանակը կ’Ամբողջացնէ
6. Եհովա եւ Քրիստոս ի՞նչպէս կը նկատեն Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ ուղղուած հակառակութիւնը։
6 Իր հաստատուած Թագաւորութեան դէմ եղած Սաղմոս 2։4-6) Ժամանակը հասած է որ Քրիստոս, Եհովայի առաջնորդութեան ներքեւ, «իր յաղթանակը ամբողջացնէ»։ (Յայտնութիւն 6։2, ՆԱ) Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ իր ժողովուրդին դէմ ուղղուած հակառակութիւնը՝ վերջնական յաղթանակի ժամանակամիջոցին։ Ան ասիկա կը նկատէ որպէս իրեն եւ իր իշխող Թագաւորին դէմ ուղղուած։ «Ձեզի դպչողը անոր աչքին [«աչքիս», ՆԱ] բիբին կը դպչի», կ’ըսէ Եհովա։ (Զաքարեայ 2։8) Իսկ Յիսուս շեշտակիօրէն ըսաւ թէ ի՛նչ որ մարդիկ իր օծեալ եղբայրներուն կ’ընեն կամ չեն ըներ, կը սեպէ որպէս թէ իրեն եղած կամ չեղած։—Մատթէոս 25։40, 45
հակառակութեան նկատմամբ Եհովայի հակազդեցութիւնը նախագուշակուած էր. «Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։ Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։ Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով. ‘Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ’»։ (7. Յայտնութիւն 7։9–ի մէջ նկարագրուած «մեծ բազմութեան» անդամները ո՞ր պատճառներով Գոգի սաստիկ բարկութեան թիրախը կը դառնան։
7 Անշուշտ, օծեալ մնացորդին գործօն կերպով թիկունք կանգնողներն ալ Գոգի սաստիկ բարկութեան թիրախը պիտի դառնան։ Աստուծոյ «նոր երկրին» այս ապագայ անդամները «մեծ բազմութիւն» մըն են, «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» հաւաքուած։ (Յայտնութիւն 7։9) Անոնց մասին կ’ըսուի թէ «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած»։ Հետեւաբար, անոնք Աստուծոյ ու Քրիստոս Յիսուսի առջեւ ընդունելի կեցուածք մը ունին։ «Ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած», անոնք Եհովան կ’ողջունեն որպէս տիեզերքի իրաւացի Գերիշխանը, որուն իշխանութիւնը ներկայացուած է իր թագադրուած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի, «Աստուծոյ Գառ»ին իշխանութեամբ։—Յովհաննու 1։29, 36
8. Գոգի յարձակումը պատճառ պիտի ըլլայ որ Քրիստոս ի՞նչ ընէ, իսկ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Յայտնութիւն 16։14, 16) Եհովայի գերիշխանութիւնը չընդունողները պիտի բնաջնջուին։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութեան համար նեղութիւն կրողները, մնայուն հանգստութիւն պիտի վայելեն։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Ասիկա] Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէս զի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը, որուն համար նեղութիւն ալ կը կրէք։ Քանզի Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։5-8
8 Գոգի յարձակումը պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ թագադրուած Թագաւորը գործի լծուի եւ Արմագեդոնի պատերազմը մղէ։ (9, 10. (ա) Եհովա ի՞նչպէս Յուդայի յաղթանակ շնորհեց ահաւոր թշնամիի մը դէմ։ (բ) Ներկայիս Քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն ի՞նչ ընել։
9 Մօտալուտ մեծ նեղութեան ընթացքին, որ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Արմագեդոնին, Քրիստոս ամէն տեսակ չարութեան դէմ պիտի պատերազմի։ Սակայն, հարկ պիտի չըլլայ որ իր հետեւորդները պատերազմին, ճիշդ ինչպէս որ հազարաւոր տարիներ առաջ հարկ չեղաւ որ Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութեան հպատակները կռուին։ Պատերազմը Եհովային կը պատկանէր, եւ ան յաղթանակ շնորհեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յուդայի վրայ եկող Ամմոնին ու Մովաբին որդիներուն ու Սէիր լերանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց եւ անոնք կոտորուեցան։ Քանզի Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիր լերանը բնակիչներուն վրայ յարձակեցան, որպէս զի զանոնք ջարդեն ու բնաջնջեն։ Երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին, մէկզմէկ կոտորելու սկսան։ Յուդայեանները անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասնելով՝ այն բազմութեանը նայեցան եւ ահա անոնց դիակները գետնին վրայ փռուած էին ու ազատուած մը չկար»։—Բ. Մնացորդաց 20։22-24
10 Ճիշդ Եհովայի նախագուշակածին պէս եղաւ. «Դուք պիտի չպատերազմիք»։ (Բ. Մնացորդաց 20։17) Քրիստոնեաները այս օրինակին պիտի հետեւին, երբ Յիսուս Քրիստոս գործի լծուի որ ‘իր յաղթանակը ամբողջացնէ’։ Մինչ այդ, անոնք կը շարունակեն չարութեան դէմ պայքարիլ, ո՛չ թէ մարմնաւոր զէնքերով, այլ՝ հոգեւոր։ Այսպիսով անոնք կը շարունակեն ‘բարիով յաղթել չարին’։—Հռովմայեցիս 6։13. 12։17-21. 13։12. Բ. Կորնթացիս 10։3-5
Գոգի Յարձակումը Ո՞վ Պիտի Առաջնորդէ
11. (ա) Գոգ իր յարձակումը կատարելու համար ի՞նչ գործակալութիւններ պիտի գործածէ։ (բ) Հոգեւորապէս արթուն ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։
11 Մագոգի Գոգը բնորոշուած է որպէս Բանսարկու Սատանան, 1914–էն ի վեր իր նուաստացած դիրքին մէջ։ Հոգեղէն արարած մը ըլլալով, ան չի կրնար իր յարձակումը ուղղակիօրէն կատարել, բայց իր ուզածը ընելու համար մարդկային գործակալութիւններ պիտի գործածէ։ Այս մարդկային գործակալութիւնները որո՞նք պիտի ըլլան։ Թէեւ Աստուածաշունչը մանրամասնութիւններ
չի տար մեզի, սակայն որոշ ցուցմունքներ կու տայ, որոնք կրնան մեզի օգնել անոնց ինքնութիւնը բնորոշելու։ Մինչ աշխարհի իրադարձութիւնները տեղի կ’ունենան Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարելով, աստիճանաբար ա՛լ աւելի յստակ պատկեր մը պիտի ունենանք։ Եհովայի ժողովուրդը կը խուսափին ենթադրութիւններ ընելէ, բայց հոգեւորապէս արթուն կը մնան, լիովին լաւատեղեակ ըլլալով քաղաքական ու կրօնական զարգացումներէն, որոնք Աստուածաշունչի մարգարէութեանց կատարումը ցոյց կու տան։12, 13. Դանիէլ մարգարէն ի՞նչպէս նախագուշակեց Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ կատարուելիք վերջնական յարձակում մը։
12 Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ կատարուելիք վերջնական յարձակումի մը վրայ Դանիէլ մարգարէն լոյս կը սփռէ, գրելով. «[Հիւսիսի թագաւորը] մեծ բարկութեամբ պիտի երթայ, որպէսզի շատերը բնաջնջէ եւ անճիտէ։ իր պալատին վրանները ծովուն ու փառաւոր սուրբ լերան մէջտեղը պիտի կանգնեցնէ»։—Դանիէլ 11։44, 45, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով
13 Աստուածաշունչի բովանդակութեան մէջ, «ծով»ը Մեծ Ծովն էր, կամ՝ Միջերկրական Ծովը, իսկ «սուրբ լեռ»ը Սիօնն էր, որուն մասին Եհովա ըսաւ. «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։ (Սաղմոս 2։6. Յեսուայ 1։4) Ուստի, հոգեւոր առումով, «ծովուն ու փառաւոր սուրբ լերան մէջտեղ» գտնուող հողամասը կը ներկայացնէ օծեալ Քրիստոնեաներուն բարգաւաճ հոգեւոր վիճակը։ Անոնք Աստուծմէ օտարացած մարդկութեան ծովուն հետ այլեւս չեն բնորոշուիր, եւ Քրիստոս Յիսուսի հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու ակնկալութիւնը ունին։ Բացայայտօրէն, Աստուծոյ օծեալ ծառաները, մեծ բազմութենէն եղող իրենց հաւատարիմ ընկերակիցներուն հետ մէկտեղ, հիւսիսի թագաւորին թիրախը պիտի դառնան, երբ իր կատաղի յարձակումը կատարէ, Դանիէլի մարգարէութեան առ ի կատարում։—Եսայեայ 57։20. Եբրայեցիս 12։22. Յայտնութիւն 14։1
Աստուծոյ Ծառաները Ի՞նչպէս Պիտի Հակազդեն
14. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ երեք բաներ պիտի ընէ, երբ յարձակումի ենթարկուի։
14 Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ պիտի ընեն, երբ յարձակումի ենթարկուին։ Դարձեալ, Յովսափատի օրերուն Աստուծոյ տիպական ժողովուրդին հակազդեցութիւնը օրինակ կը հանդիսանայ։ Նկատի առէք թէ այդ ազգին պատկանողներուն պատուէր տրուեցաւ որ երեք բաներ ընեն. (1) իրենց դիրքը առնել, (2) կենալ, եւ (3) Եհովայի փրկութիւնը տեսնել։ Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս այս խօսքերուն համաձայն պիտի վարուի։—Բ. Մնացորդաց 20։17
15. Եհովայի ժողովուրդին համար ի՞նչ կը նշանակէ իրենց դիրքը առնել։
15 Իրենց դիրքը առնել. Առանց վարանելու, Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի շարունակէ Աստուծոյ Ա. Կորնթացիս 15։58. Սաղմոս 118։28, 29) Ո՛չ ներկայ, ո՛չ ալ ապագայ ճնշում մը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անոնք այս աստուածահաճոյ դիրքը լքեն։
Թագաւորութեան գործօն կերպով թիկունք կանգնելու իր դիրքին կառչած մնալ։ Անոնք պիտի շարունակեն քրիստոնէական չէզոքութեան իրենց դիրքը պահպանել։ Անոնք «հաստատուն եւ անշարժ» պիտի ըլլան՝ Եհովայի մատուցած իրենց հաւատարիմ ծառայութեան մէջ, եւ պիտի շարունակեն Եհովան հանրապէս փառաբանել իր ողորմութեան կամ հաւատարիմ սիրոյն համար։ (16. Եհովայի ծառաները ի՞նչ առումով պիտի կենան։
16 Կենալ. Եհովայի ծառաները պիտի չփորձեն իրենց անձերը փրկել, այլ՝ իրենց կատարեալ վստահութիւնը Եհովայի վրայ պիտի դնեն։ Միայն ինք կարող է իր ծառաները համաշխարհային քաոսէն ազատել, եւ ան խոստացած է ասիկա ընել։ (Եսայեայ 43։10, 11. 54։15. Ողբք 3։26) Եհովայի վստահիլը պիտի պարփակէ վստահիլ այն ներկայ տեսանելի խողովակին, որ տասնամեակներէ ի վեր բացայայտօրէն կը գործածէ Իր նպատակներուն ծառայելու համար։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, ճշմարիտ Քրիստոնեաները պէտք պիտի ունենան իրենց վստահութիւնը դնելու այն հաւատակիցներուն վրայ, որոնք Եհովայի ու իր իշխող Թագաւորին կողմէ հեղինակութիւն ստացած են առաջնորդութիւնը առնելու։ Այս հաւատարիմ տղամարդիկը Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի առաջնորդեն։ Անոնց ուղղութիւնները անտեսելը կրնայ աղիտալի ըլլալ։—Մատթէոս 24։45-47. Եբրայեցիս 13։7, 17
17. Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ինչո՞ւ Եհովայի փրկութիւնը պիտի տեսնեն։
17 Եհովայի փրկութիւնը տեսնել. Փրկութեամբ պիտի վարձատրուին բոլոր անոնք, որոնք իրենց քրիստոնէական ուղղամտութեան դիրքին կը կառչին եւ ազատագրութեան համար Եհովայի կը վստահին։ Մինչեւ վերջին ժամը,– եւ իրենց կրցածին չափ,– անոնք Եհովայի դատաստանի օրուան վերահաս ըլլալը պիտի ծանուցանեն։ Ամբողջ ստեղծագործութիւնը պէտք է գիտնայ թէ Եհովա ճշմարիտ Աստուածն է եւ թէ ան երկրի վրայ հաւատարիմ ծառաներ ունի։ Անգամ մը եւս Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն նկատմամբ երկարատեւ տարակարծութեան մը հարկը պիտի չըլլայ։—Եզեկիէլ 33։33. 36։23
18, 19. (ա) Ելից 15–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած յաղթանակի երգը, ի՞նչպէս կ’արտացոլացնէ Գոգի յարձակումէն վերապրողներուն զգացումները։ (բ) Աստուծոյ ժողովուրդը ներկայիս ի՞նչ բան պատշաճ է որ ընէ։
18 Վերանորոգուած կորովով, Աստուծոյ ժողովուրդը նոր աշխարհը պիտի մտնէ, յաղթանակի երգ մը երգելու փափաքով, ինչպէս վաղեմի Իսրայելացիները երգեցին Կարմիր Ծովը կտրելէն ետք։ Իր պաշտպանութեան համար յաւիտեան Եհովայի երախտապարտ ըլլալով, անհատապէս ու հաւաքականօրէն, անոնք վաղուց երգուած այս խօսքերը պիտի արձագանգեն. «Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է։ . . . Տէրը հզօր պատերազմող է. անոր անունը Եհովա է։ . . . Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, խորտակեց թշնամին։ Քու փառքիդ մեծութիւնովը քեզի դէմ կեցողները կործանեցիր, քու բարկութիւնդ ղրկեցիր, որ զանոնք յարդի պէս կերաւ։ . . . Քու ողորմութիւնովդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին որ դուն փրկեցիր. քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ։ . . . Պիտի բերես զանոնք ու քու ժառանգութեանդ լեռը պիտի տնկես զանոնք, ո՛վ Տէր, այն տեղը, որ քու բնակութեանդ համար շինեցիր. ո՛վ Տէր, այն սրբարանին մէջ, որ քու ձեռքերդ շինեցին։ Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։—Ելից 15։1-19
19 Հիմա որ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը որեւէ ժամանակէ աւելի պայծառ է, ի՜նչ բարեպատեհ ժամանակ մըն է, որ Աստուծոյ ծառաները Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրումը ցոյց տան եւ որպէս իրենց յաւիտենական Թագաւորը իրեն ծառայելու իրենց վճռակամութիւնը վերանորոգեն։—Ա. Մնացորդաց 29։11-13
Կրնա՞ք բացատրել
• Գոգի յարձակումը ինչո՞ւ օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն դէմ պիտի ուղղուի։
• Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս իր դիրքը պիտի առնէ։
• Ի՞նչ կը նշանակէ կենալ։
• Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչպէս Եհովայի փրկութիւնը պիտի տեսնէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Եհովա պատճառ եղաւ որ Յովսափատ եւ իր ժողովուրդը առանց պատերազմելու յաղթեն
[Նկար՝ էջ 30]
Օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր պահելու մէջ բաժին կը բերեն