Հաստատուն կեցէք եւ կեանքի մրցավազքը շահեցէք
Հաստատուն կեցէք եւ կեանքի մրցավազքը շահեցէք
ԵԹԷ փոթորկալից ծովու մը մէջ պիտի նաւարկէիք, ի՞նչպիսի նաւ մը կը նախընտրէիք։ Դիւրաբեկ մակո՞յկ մը, թէ ոչ տոկուն ու լաւ շինուած նաւ մը։ Անկասկած պիտի ընտրէիք նաւը, քանի որ կրնայ զօրաւոր ալիքները ճեղքել։
Իրերու այս փոթորկալից ու վտանգաւոր դրութեան մէջ խռովեցուցիչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք։ Դեռատիներ, զոր օրինակ, երբեմն կրնան շուարիլ եւ անապահով զգալ այս աշխարհի շփոթեցուցիչ գաղափարներուն եւ հոսանքներուն ի տես։ Անոնք որոնք վերջերս սկսան քրիստոնէական ճամբուն մէջ քալել, կրնան որոշ չափով անհաստատ զգալ։ Նոյնիսկ հաստատուն անհատներէն ոմանք, որոնք երկար տարիներ հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայած են, կրնան փորձէ մը անցնիլ, քանի որ իրենց ակնկալութիւնները տակաւին լիովին չեն իրականացած։
Այսպիսի զգացումներ նոր չեն։ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները, ինչպէս՝ Մովսէս, Յոբ եւ Դաւիթ, ատեն–ատեն վրդովեցան։ (Թուոց 11։14, 15. Յոբայ 3։1-4. Սաղմոս 55։4) Այսուհանդերձ, անոնց կենցաղը Եհովայի հանդէպ հաստատ նուիրումով յատկանշուած էր։ Անոնց ընտիր օրինակը մեզ կը քաջալերէ որ հաստատուն ըլլանք, սակայն Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ յաւիտենական կեանքի մրցավազքէն շեղեցնել մեզ։ (Ղուկաս 22։31) Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք հաստատուն մնալ, «հաւատքով հաստատուած»։ (Ա. Պետրոս 5։9) Եւ ի՞նչպէս կրնանք մեր հաւատակիցները զօրացնել։
Եհովա կ’Ուզէ որ Հաստատուն Ըլլանք
Եթէ Եհովայի հաւատարիմ ենք, ան միշտ պիտի օգնէ մեզի որ մեր կայունութիւնը պահպանենք։ Սաղմոսերգու Դաւիթ բազմաթիւ դժուար կացութիւններ դիմագրաւեց, բայց ան Աստուծոյ յուսաց եւ հետեւաբար կրցաւ տաղերգել. «[Եհովա] զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց»։—Սաղմոս 40։2
Եհովա մեզ կը զօրացնէ որ «հաւատքին բարի պատերազմը» պատերազմինք, որպէսզի կարենանք ամուր «բռնել յաւիտենական կեանքը»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12) Ան նաեւ մեզի կը հայթայթէ կայուն մնալու եւ մեր հոգեւոր պատերազմէն յաղթական դուրս գալու միջոցը։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց որ ‘զօրանան Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը’, եւ ‘իրենց վրայ հագնին Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարող ըլլան Սատանային հնարքներուն դէմ դնել’։ (Եփեսացիս 6։10-17) Սակայն, ի՞նչ բաներ կրնան մեզ վրդովեցնել։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի վտանգաւոր ազդեցութիւններու դէմ դնել։
Անկայունութեան Նպաստող Ազդակներէն Զգուշացէք
Խոհեմութիւն է սա կենսական իրողութիւնը ի մտի ունենալ. Մեր կայացուցած որոշումները ի վերջոյ կ’ազդեն մեր քրիստոնէական կայունութեան, կա՛մ դրականօրէն եւ կամ բացասականօրէն։ Պատանիները կը դիմագրաւեն որոշումներ, որոնք առնչուած են գործի ասպարէզի, յաւելեալ ուսման եւ ամուսնութեան հետ։ Չափահասները կրնան ուրիշ վայր մը փոխադրուելու կամ յաւելեալ աշխատանք մը սկսելու որոշումին դիմաց գտնուիլ։ Ամէն օր որոշումներ
կը կայացնենք, որոնք կապ ունին ժամանակի գործածութեան եւ շատ մը այլ հարցերու հետ։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի իմաստուն որոշումներ կայացնելու, որոնք պիտի նպաստեն մեր կայունութեան որպէս Աստուծոյ ծառաներ։ Երկար ժամանակէ Աստուծոյ ծառայող մը ըսաւ. «Որոշումներ կայացնելու ատեն Եհովայի օգնութիւնը կը խնդրեմ։ Կը խորհիմ թէ կարեւոր է ընդունիլ եւ գործադրել այն խրատները որ կը ստանանք Աստուածաշունչին եւ անոր վրայ հիմնուած գրականութիւններուն, քրիստոնէական ժողովներուն եւ երէցներուն միջոցաւ»։Երբ որոշումներ կը կայացնենք, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Հինգ կամ տասը տարի ետք, այս որոշումիս համար պիտի ուրախանա՞մ, թէ ոչ պիտի զղջամ։ Կը ջանա՞մ վստահ ըլլալ որ որոշումս զիս հոգեւորապէս անկայուն պիտի չդարձնէ, այլ՝ հոգեւոր յառաջդիմութեանս պիտի նպաստէ’։—Փիլիպպեցիս 3։16
Փորձութիւններու տեղի տալը կամ Աստուծոյ օրէնքները բեկանելու սահմանին մօտենալը պատճառ եղած է որ կարգ մը մկրտուած անհատներ անկայուն կեանք մը վարեն։ Անզեղջօրէն մեղաւոր ընթացք մը հետապնդելու յանցանքով ժողովքէն վտարուող անհատներէն ոմանք, շատ ջանք թափած են որ վերահաստատուին, բայց շատ չանցած դարձեալ վտարուած են նոյն յանցագործութեան համար։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք Աստուծոյ չեն աղօթած որ իրենց օգնէ ‘չարէն զզուելու եւ բարիին յարելու’։ (Հռովմայեցիս 12։9. Սաղմոս 97։10) Բոլորս պէտք է ‘շիտակ ճամբաներ փնտռենք մեր ոտքերուն’։ (Եբրայեցիս 12։13) Հետեւաբար, նկատի առնենք կարգ մը կէտեր, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ հոգեւոր կայունութիւն պահպանենք։
Հաստատուն Կեցէք՝ Քրիստոնէական Գործունէութեան Միջոցաւ
Կեանքի մրցավազքին մէջ հաստատ արագութիւն մը պահպանելու կերպերէն մէկն է՝ Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մէջ ընելիք շատ բան ունենալ։ Այո, մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը թանկարժէք օգնութիւն մըն է, որ մեր սիրտն ու միտքը Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ եւ յաւիտենական կեանքի մրցանակին վրայ կեդրոնացած պահենք։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս Կորնթացիները յորդորեց. «Իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) «Հաստատուն» կը նշանակէ՝ ‘իր տեղը պինդ կանգնած’։ «Անշարժ» կը նշանակէ՝ ‘աներեր, անսասան, անխախտ’։ Հետեւաբար, մեր ծառայութեան մէջ զբաղած ըլլալը կրնայ մեր քրիստոնէական ընթացքին կայունացման նպաստել։ Ուրիշներու օգնելը որ Եհովան ճանչնան, մեր կեանքին իմաստ կու տայ եւ մեզի ուրախութիւն կը պատճառէ։—Գործք 20։35
Փօլին, որ աւելի քան 30 տարի որպէս միսիոնար եւ լիաժամ քարոզիչ ծառայած է, կը նշէ. «Ծառայութիւնը պաշտպանութիւն է, քանի որ ուրիշներուն վկայելը կը հաստատէ թէ ճշմարտութիւնը ունիմ»։ Նման համոզում մը յառաջ կու գայ նաեւ քրիստոնէական այլ գործունէութիւններու կանոնաւորաբար մասնակցելէն, ինչպէս՝ պաշտամունքի համար ժողովներու յաճախել եւ ջանասիրութեամբ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն ընել։
Կայունանալ՝ Սիրազեղ Եղբայրութեան Միջոցաւ
Ճշմարիտ երկրպագուներէ բաղկացած համաշխարհային կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալը, կայունացման զօրաւոր ազդակ մըն է։ Այս սիրազեղ ու աշխարհածաւալ եղբայրութեան ընկերակցիլը ի՜նչ օրհնութիւն մըն է։ (Ա. Պետրոս 2։17) Մենք ալ կրնանք մեր հաւատակիցներուն համար կայունացման ազդակ մը ըլլալ։
Նկատի առէք պարկեշտ Յոբին օգտակար արարքները։ Նոյնիսկ Եղիփազ կեղծ մխիթարիչը հարկադրուեցաւ խոստովանիլ. «Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր»։ (Յոբայ 4։4) Այս ուղղութեամբ ի՞նչ կ’ընենք։ Անհատապէս պատասխանատուութիւն ունինք մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ տոկան։ Անոնց հետ մեր գործառնութեանց մէջ, կրնանք հետեւեալ խօսքերուն հոգին արտացոլացնել. «Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք»։ (Եսայեայ 35։3) Ուստի, ինչո՞ւ նպատակակէտ չդնէք որ մէկ կամ երկու Քրիստոնեայ հաւատակիցներ զօրացնէք ու քաջալերէք, ամէն անգամ որ ժողովի ներկայ գտնուիք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Եհովան հաճեցնելու իրենց յարատեւ ջանքերուն համար սրտանց գովելը եւ գնահատական խօսքեր ըսելը, կրնայ անոնց իրապէս օգնել որ հաստատուն կենան, կեանքի մրցավազքը շահելու հեռանկարը ունենալով։
Քրիստոնեայ երէցները շատ բարիք կրնան իրագործել նորեկները քաջալերելով։ Ասիկա կրնան ընել օգտակար թելադրութիւններ եւ սուրբ գրային ողջամիտ խրատներ տալով եւ անոնց հետ դաշտի ծառայութեան մէջ աշխատելով։ Պօղոս առաքեալ միշտ պատեհութիւններ կ’օգտագործէր ուրիշները զօրացնելու համար։ Ան կը տենչար Հռովմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաները տեսնել, որպէսզի կարենար զանոնք հոգեւորապէս ամրապնդել։ (Հռովմայեցիս 1։11) Ան Փիլիպպէի մէջ գտնուող իր սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը իր ‘ուրախութիւնն ու պսակը’ նկատեց, եւ զանոնք յորդորեց որ ‘այսպէս հաստատուն կենան Տէրոջմով’։ (Փիլիպպեցիս 4։1) Երբ Թեսաղոնիկէի մէջ գտնուող իր եղբայրներուն քաշած դժուարութիւններուն մասին լսեց, Պօղոս Տիմոթէոսը ղրկեց որ ‘զիրենք հաստատէ ու մխիթարէ, որպէսզի նեղութիւններուն մէջ անոնցմէ մէ՛կը չխախտի’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։1-3
Պօղոս ու Պետրոս առաքեալները իրենց հաւատակիցներուն ջանքերը արժեւորեցին։ (Կողոսացիս 2։5. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։7, 8. Բ. Պետրոս 1։12) Մենք ալ նոյնպէս կեդրոնանանք ո՛չ թէ մեր եղբայրներուն տկարութիւններուն վրայ, այլ՝ անոնց լաւ յատկութիւններուն եւ հաստատուն կենալու ու Եհովան պատուելու անոնց յաջող պայքարին վրայ։
Եթէ բացասական կամ քննադատական ենք, անգիտակցաբար կրնանք ոմանց համար աւելի դժուարացնել որ հաւատքի մէջ հաստատ կենան։ Որքա՜ն պատշաճ է մտաբերել թէ մեր եղբայրները իրերու այս դրութեան մէջ «յոգնած ու ցիրուցան եղած» են։ (Մատթէոս 9։36) Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, անոնք իրաւացիօրէն կ’ակնկալեն մխիթարութիւն ու թարմացում գտնել։ Հետեւաբար, թող որ բոլորս մեր լաւագոյնը ընենք մեր հաւատակիցները կերտելու եւ անոնց օգնելու որ հաստատուն կենան։
Երբեմն մեզի հանդէպ ուրիշներու վերաբերմունքը կրնայ մեր հաստատութիւնը տկարացնել։ Թոյլ պիտի տա՞նք որ կոշտ խօսք մը կամ անազնիւ արարք մը, մեզ դանդաղեցնէ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութեան մէջ։ Թող որ ոեւէ անհատի պատճառաւ մեր հաստատութենէն չիյնանք։—Բ. Պետրոս 3։17
Աստուծոյ Խոստումները՝ Կայունացման Ազդակ մը
Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ սքանչելի ապագայի մը նկատմամբ Եհովայի խոստումը մեզի յոյս կու տայ, որ կ’օգնէ մեր հաստատութիւնը պահպանելու։ (Եբրայեցիս 6։19) Իսկ այն համոզումը թէ Աստուած միշտ իր խոստումները կը կատարէ, մեզ կը մղէ որ ‘արթուն ու հաւատքի մէջ հաստատ կենանք’։ (Ա. Կորնթացիս 16։13. Եբրայեցիս 3։6) Աստուծոյ կարգ մը խոստումներուն կատարման մէջ երեւութական ուշացումը կրնայ մեր հաւատքը փորձի ենթարկել։ Հետեւաբար, ծայր աստիճան կարեւոր է որ զգուշանանք սուտ ուսուցումներով մոլորուելէ եւ մեր յոյսը կորսնցնելէ։—Կողոսացիս 1։23. Եբրայեցիս 13։9
Իսրայելացիներուն գէշ օրինակը, որոնք կորսուեցան քանի որ Եհովայի խոստումներուն հանդէպ հաւատք չունեցան, մեզի համար որպէս ազդարարութիւն պէտք է ծառայէ։ (Սաղմոս 78։37) Փոխանակ անոնց նմանելու, թող որ հաստատուն ըլլանք, ստիպողական հոգիով Աստուծոյ ծառայելով այս վերջին օրերուն մէջ։ Փորձառու երէց մը ըսաւ. «Ամէն օր կ’ապրիմ որպէս թէ Եհովայի մեծ օրը վաղը պիտի գայ»։—Յովելեայ 1։15
Այո, Եհովայի մեծ օրը վերահաս է։ Սակայն, վախնալու որեւէ պատճառ չունինք, այնքան ատեն որ Աստուծոյ մօտիկ կը մնանք։ Եթէ իր արդար չափանիշներուն ամրօրէն կառչինք եւ հաստատուն կենանք, կրնանք յաւիտենական կեանքի մրցավազքը յաջողութեամբ վազել։—Առակաց 11։19. Ա. Տիմոթէոս 6։12, 17-19
[Նկար՝ էջ 21]
Ձեր կարելին կ’ընէ՞ք Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն օգնելու որ հաստատուն կենան
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 19]
The Complete Encyclopedia of Illustration/J. G. Heck