«Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք»
«Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք»
«Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. . . . Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։—Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20։17
1. Ահաբեկչութիւնը մարդոց վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի, եւ անոնց վախը ինչո՞ւ հասկնալի է։
ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ։ Այս բառը մարդոց սիրտը սարսափով կը պատէ, անապահով ու անօգնական ըլլալու զգացումներ յառաջացնելով։ Անիկա սոսկումի, վշտի ու բարկութեան խառն յուզումներ կ’արթնցնէ։ Այս բառը նաեւ կը նկարագրէ այն ինչ որ շատեր կը վախնան որ յառաջիկայ տարիներուն մարդկութիւնը պիտի հարուածէ։ Այս վախը կ’արդարացուի այն իրողութեամբ թէ կարգ մը երկիրներ տասնամեակներէ ի վեր կը պայքարին ահաբեկչութեան զանազան կերպերուն դէմ, սահմանափակ յաջողութիւն արձանագրելով։
2. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս կը հակազդեն ահաբեկչութեան հարցին, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։
2 Այսուհանդերձ, յուսաւէտ ըլլալու իսկական պատճառ կայ։ Եհովայի Վկաները, որոնք գործօն կերպով կը քարոզեն 234 երկիրներու ու երկրամասերու մէջ, յատկանշականօրէն լաւատես են։ Փոխանակ վախնալու թէ ահաբեկչութիւնը երբեք մէջտեղէն պիտի չվերցուի, անոնք վստահ են թէ անիկա շուտով պիտի չքանայ։ Անոնց նման լաւատես ըլլալը իրապաշտութի՞ւն է։ Ո՞վ կրնայ աշխարհը այս պատուհասէն ազատել, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ տեղի ունենալ։ Որովհետեւ վայրագութիւնը ձեւով մը իւրաքանչիւրիս ազդած է, լաւ կ’ըլլայ որ այս լաւատեսութեան հիմը քննենք։
3. Վախի ի՞նչ պատճառներ գոյութիւն ունին, եւ մեր ժամանակին առնչութեամբ ի՞նչ նախագուշակուած է։
3 Ներկայիս մարդիկ կը վախնան ու կը սարսափին այլազան պատճառներով։ Պահ մը խորհեցէք այն բազմաթիւ անհատներուն մասին, որոնք յառաջացած տարիքի պատճառով այլեւս կարող չեն իրենք զիրենք հոգալու։ Խորհեցէք անոնց մասին, որոնք անբուժելի հիւանդութիւններու պատճառաւ կը հիւծին, եւ ընտանիքներու մասին՝ որոնք իրենց առօրեայ Բ. Տիմոթէոս 3։1-3
հացը ճարելու համար պայքար կը մղեն։ Իրականութեան մէջ, մտածեցէք կեանքին անորոշութեան մասին։ Արկածի կամ աղէտի մը պատճառած անակնկալ մահը կրնայ որեւէ վայրկեան հարուածել, մեզի սիրելի եղող որեւէ բանի վերջ դնելով։ Այսպիսի վախ ու անձկութիւն, առաւել՝ շատ մը անձնական խնդիրներ ու յուսախաբութիւններ, մեր ժամանակները կը յարմարցնեն ճիշդ Պօղոս առաքեալի նկարագրութեան. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, . . . անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող»։—4. Բ. Տիմոթէոս 3։1-3–ի մէջ բնութագրուած մռայլ պատկերին մէջ ի՞նչ դրական երեսակ մը կայ։
4 Թէեւ այս համարը մռայլ պատկեր մը կը գծէ, բայց յոյս ալ կը ներշնչէ։ Նկատի առէք թէ չար ժամանակները գոյութիւն պիտի ունենային Սատանայի ներկայ իրերու չար դրութեան «վերջին օրեր»ուն։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ազատագրութիւնը մօտ է եւ թէ համաշխարհային ամբարիշտ դրութիւնը շուտով պիտի փոխարինուի Աստուծոյ կատարեալ Թագաւորութեան իշխանութեամբ, որուն համար Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց աղօթել։ (Մատթէոս 6։9, 10) Այդ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնն է որ «յաւիտեան պիտի չաւերուի», կ’ըսէ Դանիէլ մարգարէն, բայց «անիկա այս բոլոր [մարդկային] թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44
Քրիստոնէական Չէզոքութիւնը Ընդդէմ Ահաբեկչութեան
5. Վերջերս պետութիւններ ի՞նչպէս հակազդած են ահաբեկչութեան սպառնալիքին։
5 Տասնամեակներէ ի վեր, ահաբեկչութիւնը հազարաւոր կեանքեր խլած է։ Համայն աշխարհի մէջ, այս վտանգին նկատմամբ գիտակցութիւնը զգալիօրէն աւելցաւ 11 Սեպտեմբեր 2001–ին, Նիւ Եորք Սիթիի եւ Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի վրայ եղած յարձակումներէն ետք։ Ահաբեկչութեան հսկայ ու աշխարհածաւալ տարողութեան ի տես, աշխարհի չորս կողմերէն պետութիւններ անմիջապէս իրենց ջանքերը միացուցին, անոր դէմ պայքարելու համար։ Օրինակ, 4 Դեկտեմբեր 2001–ին, ըստ լրատուամիջոցներու տեղեկագրութեանց, «եւրոպական, Հիւսիսային Ամերիկեան ու Կեդրոնական Ասիոյ 55 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ, միաձայնութեամբ ծրագիր մը որդեգրեցին», որուն նպատակն էր իրենց ջանքերը համակարգել։ Մ.Ն. բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը այս քայլը գովաբանեց՝ ըսելով թէ անիկա «զօրութեան նոր թափ մը» կու տար հակա–ահաբեկչական ջանքերուն։ Յանկարծ, հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ պարփակուեցան այն բանին մէջ, որ The New York Times Magazine կոչեց «պատմական համեմատութիւններ ունեցող պատերազմի մը սկիզբը»։ Միայն ապագան ցոյց պիտի տայ թէ այս ջանքերը ո՛րքան յաջող պիտի ըլլան։ Սակայն, ահաբեկչութեան դէմ այս պատերազմի հետեւանքները շատերուն մէջ ահ ու սարսափ արթնցուցած են, իսկ Եհովայի ապաւինողներուն պարագան տարբեր է։
6. (ա) Երբեմն ոմանք ինչո՞ւ դժուար կը գտնեն ընդունիլ Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական չէզոք կեցուածքը։ (բ) Քաղաքական գործունէութեան նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ իր հետեւորդներուն։
6 Եհովայի Վկաները հանրածանօթ են իրենց քաղաքական չէզոքութեամբ։ Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը Վկաներուն այս կեցուածքը կ’ընդունին խաղաղութեան ժամանակներուն, սակայն անոնք նուազ հանդուրժող կ’ըլլան, երբ անսովոր պարագաներ ծագին։ Յաճախ, պատերազմին պատճառած վախն ու անորոշութիւնը ազգայնականութեան զօրաւոր զգացումներ կ’արթնցնեն։ Ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ ոմանք չկարենան հասկնալ թէ անհատ մը ինչո՛ւ պիտի վարանի թիկունք կանգնելու ժողովրդականութիւն ունեցող ազգայնական շարժումներու։ Սակայն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները գիտեն թէ ‘աշխարհէն չըլլալու’ Յիսուսի պատուէրին պէտք է հնազանդին։ (Յովհաննու 15։19. 17։14-16. 18։36. Յակոբու 4։4) Ասիկա կը պահանջէ որ անոնք քաղաքական կամ ընկերային հարցերու մէջ չէզոքութիւն պահեն։ Յիսուս անձամբ պատշաճ օրինակ հանդիսացաւ։ Իր կատարեալ իմաստութեան ու արտակարգ կարողութիւններուն շնորհիւ, ան կրնար իր օրուան մարդկային հարցերը լուծել։ Բայց եւ այնպէս, ան քաղաքական հարցերու միջամուխ չեղաւ։ Իր ծառայութեան սկիզբը, ան հաստատօրէն մերժեց աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններուն իշխանութիւնը ստանձնելու Սատանայի առաջարկը։ Հետագային, ան վճռականօրէն խոյս տուաւ, երբ փորձեցին իրեն քաղաքական դիրք մը տալ։—Մատթէոս 4։8-10. Յովհաննու 6։14, 15
7, 8. (ա) Քաղաքական գետնի վրայ Եհովայի Վկաներու չէզոք ըլլալը ի՞նչ չի նշանակեր, եւ ինչո՛ւ։ (բ) Հռովմայեցիս 13։1, 2–ը ի՞նչպէս կը դատապարտէ կառավարութեանց դէմ եղած բռնարարքներուն մասնակցիլը։
7 Եհովայի Վկաներուն բռնած չէզոք դիրքը սխալ պէտք չէ հասկցուի, որպէս թէ անոնք բռնարարքներու թիկունք կը կանգնին կամ անոնց հանդէպ անտարբեր կը գտնուին։ Այսպիսի կեցուածք մը պիտի հակասէ ‘սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուծոյն’ ծառաները ըլլալու իրենց դաւանութիւնը։ (Բ. Կորնթացիս 13։11) Անոնք սորված են թէ Եհովա բռնութեան հանդէպ ի՛նչպէս կը զգայ։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրը կը քննէ արդարը. բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը»։ (Սաղմոս 11։5) Անոնք նաեւ գիտեն ի՛նչ որ Յիսուս ըսաւ Պետրոս առաքեալին. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։—Մատթէոս 26։52
8 Թէեւ պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ կեղծ Քրիստոնեաները յաճախ ‘սուրի’ դիմած են, սակայն Եհովայի Վկաներուն պարագան այդպէս չէ։ Անոնք այսպիսի գործունէութիւններէ ետ կը կենան։ Վկաները հաւատարմօրէն կը հնազանդին Հռովմայեցիս 13։1, 2–ի (Անթիլիաս) պատուէրին. «Ամէն մարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են։ Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ’ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն»։
9. Եհովայի Վկաները ի՞նչ երկու կերպերով ահաբեկչութեան դէմ կը դնեն։
9 Սակայն, քանի որ ահաբեկչութիւնը ա՛յսքան չար բան մըն է, Եհովայի Վկաները պէտք չէ՞ բան մը ընեն անոր դէմ դնելու համար։ Այո, պէտք է բան մը ընեն, եւ անոնք արդէն կ’ընե՛ն։ Նախ՝ անոնք անձամբ ետ կը կենան այսպիսի գործունէութիւններէ։ Երկրորդ՝ անոնք մարդոց քրիստոնէական սկզբունքներ կը սորվեցնեն, որոնց հետեւելով բռնութիւնը իր բոլոր ձեւերով կը բնաջնջուի։ * Անցեալ տարի, Վկաները 1,202,381,302 ժամ տրամադրեցին, մարդոց օգնելու համար որ այս քրիստոնէական կենցաղը սորվին։ Անիկա ժամավաճառութիւն չէր, քանի որ այս գործունէութիւնը օգնեց որ 265,469 հոգի մկրտուի որպէս Եհովայի Վկայ, հանրապէս ցոյց տալով թէ իրենք բացարձակապէս կը մերժեն բռնութիւնը։
10. Ներկայ աշխարհէն բռնութիւնը արմատախիլ ընելու ի՞նչ հեռանկարներ կան։
10 Ասկէ զատ, Եհովայի Վկաները կը գիտակցին թէ իրենք անձամբ չեն կրնար աշխարհէն չարութիւնը չքացնել։ Անոր համար իրենց բացարձակ վստահութիւնը կը դնեն Եհովա Աստուծոյ վրայ, որ կրնայ այդ մէկը ընել։ (Սաղմոս 83։18) Հակառակ անկեղծ ջանքերուն, մարդիկ չեն կրնար բռնութեան վերջ մը դնել։ Աստուածաշունչի ներշնչեալ գրողը մեզ կ’ազդարարէ մեր ժամանակին՝ «վերջին օրեր»ուն՝ վերաբերեալ, ու կ’ըսէ. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13) Այս տեսանկիւնէն դիտելով, չարին դէմ մղուած պատերազմը յաղթելու մարդկային հեռանկարները մռայլ են։ Միւս կողմէ, կրնանք Եհովայի ապաւինիլ որ բռնութիւնը ամբողջովին ու մնայուն կերպով չքացնէ։—Սաղմոս 37։1, 2, 9-11. Առակաց 24։19, 20. Եսայեայ 60։18
Քաջասիրտ՝ Մօտալուտ Յարձակման Դիմաց
11. Եհովա արդէն իսկ ի՞նչ քայլեր առած է բռնութիւնը չքացնելու համար։
11 Որովհետեւ խաղաղութեան Աստուածը բռնութիւնը կ’ատէ, կրնանք հասկնալ թէ ան ինչո՛ւ քայլեր առած է անոր սկզբնապատճառը՝ Բանսարկու Սատանան՝ կործանելու համար։ Իրականութեան մէջ, Ան արդէն իսկ պատճառ եղած է որ Սատանան նուաստացուցիչ պարտութիւն մը կրէ Միքայէլ հրեշտակապետին ձեռքով, որ Աստուծոյ նոր թագադրուած Թագաւորը՝ Քրիստոս Յիսուսն է։ Աստուածաշունչը ասիկա հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։—Յայտնութիւն 12։7-9
12, 13. (ա) 1914 տարին ի՞նչ բանով յատկանշական է։ (բ) Եզեկիէլի մարգարէութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնողներուն առնչութեամբ ի՞նչ կը նախագուշակէ։
12 Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը ու աշխարհի իրադարձութիւնները միասնաբար կը մատնանշեն 1914 տարին որպէս այն ժամանակը, երբ Յայտնութիւն 12։12–ը կը բացատրէ պատճառը, ըսելով. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։
երկնքի մէջ այս պատերազմը տեղի ունեցաւ։ Անկէ ի վեր, աշխարհի վիճակները հետզհետէ վատթարացած են։13 Հասկնալիօրէն, Բանսարկուին զայրոյթը գլխաւորաբար ուղղուած է Աստուծոյ օծեալ երկրպագուներուն ու անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ուն դէմ։ (Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 12։17) Այս հակառակութիւնը շուտով իր գագաթնակէտին պիտի հասնի, երբ Բանսարկուն ուժգին յարձակում մը գործէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան թիկունք կը կանգնին եւ իրենց վստահութիւնը անոր վրայ կը դնեն։ Եզեկիէլ 38–րդ գլուխը այս վճռական յարձակումին կ’ակնարկէ որպէս՝ ‘Մագոգի երկրին Գոգի’ կողմէ եղած յարձակում մը։
14. Եհովայի Վկաները անցեալին ի՞նչ պաշտպանութիւն վայելած են, եւ ասիկա միշտ պիտի շարունակուի՞։
14 Սատանան երկնքէն վռնտուելէն ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը ատեն–ատեն Սատանայի յարձակումներէն պաշտպանուած է քաղաքական կարգ մը տարրերու ջանքերուն շնորհիւ, իսկ ասիկա այլաբանական լեզուով նկարագրուած է Յայտնութիւն 12։15, 16–ի մէջ։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Սատանայի վերջնական յարձակումին ընթացքին, մարդկային ո՛չ մէկ գործակալութիւն պիտի փութայ իրենց վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնող անհատներուն պաշտպանութեան։ Ասիկա Քրիստոնեաներուն վախ կամ սոսկում պէ՞տք է պատճառէ։ Բնա՛ւ երբեք։
15, 16. (ա) Յովսափատի օրերուն Իր ժողովուրդին ուղղած Եհովայի հաւաստիացուցիչ խօսքերը, ներկայիս Քրիստոնեաներուն լաւատես ըլլալու ի՞նչ պատճառ կու տան։ (բ) Յովսափատ եւ ժողովուրդը Աստուծոյ այժմու ծառաներուն համար ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։
15 Աստուած իր ժողովուրդին նեցուկ պիտի կանգնի, ճիշդ ինչպէս որ Յովսափատ Թագաւորի օրերուն Իր տիպական ժողովուրդին աջակցեցաւ։ Կը կարդանք. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ ու դո՛ւն, Յո՛վսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէ՛ք, Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է։ . . . Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ’»։—Բ. Մնացորդաց 20։15-17
16 Յուդայի ժողովուրդին երաշխիք տրուեցաւ թէ պատերազմելու կարիքը պիտի չունենային։ Նմանապէս, երբ Մագոգի Գոգը Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յարձակի, անոնք ինքնապաշտպանութեան համար զէնք պիտի չվերցնեն։ Փոխարէն, անոնք ‘պիտի կենան, որպէսզի Տէրոջը իրենց ըրած փրկութիւնը տեսնեն’։ Անշուշտ, կենալ չի նշանակեր բոլորովին անգործունեայ ըլլալ, ինչպէս որ Յովսափատի օրերուն Աստուծոյ ժողովուրդը լիովին անգործունեայ չեղաւ։ Կը կարդանք. «Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջեւ երեսի վրայ ինկան ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ . . . [Յովսափատ] ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ ու Տէրոջը երգողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին առջեւէն ելլեն ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն. ‘Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’»։ (Բ. Մնացորդաց 20։18-21) Այո, նոյնիսկ թշնամիին յարձակման դիմաց, ժողովուրդը շարունակեց գործօն կերպով Եհովան փառաբանել։ Եհովայի Վկաները այս օրինակին պիտի հետեւին, երբ Գոգ իրենց դէմ սկսի իր յարձակումը։
17, 18. (ա) Ներկայիս Եհովայի Վկաները Գոգի յարձակման նկատմամբ ի՞նչ դրական կեցուածք մը ունին։ (բ) Վերջերս Քրիստոնեայ երիտասարդներուն ի՞նչ վերյիշեցում մը տրուեցաւ։
17 Մինչեւ այն ատեն,– եւ նոյնիսկ Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք,– Եհովայի Վկաները պիտի շարունակեն Եսայեայ 26։20) Եհովան քաջաբար փառաբանելու ի՜նչ բարեպատեհ ժամանակ մը։ Վստահաբար, Գոգի մօտալուտ յարձակման ակնկալութեամբ ապրիլը պատճառ չ’ըլլար որ անոնք վախնալով ետ քաշուին։ Ընդհակառակը, անիկա զիրենք կը խթանէ որ իրենց փառաբանութեան զոհը աւելցնեն, իրենց կարողութեան ներած չափով։—Սաղմոս 146։2
Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնիլ։ Անոնք պիտի շարունակեն զօրութիւն եւ պաշտպանութիւն գտնել աշխարհի չորս կողմը գտնուող աւելի քան 94,600 ժողովքներուն մէջ։ (18 Այս դրական կեցուածքը տեղին ըլլալով կը ցուցաբերուի համայն աշխարհի մէջ լիաժամ ծառայութիւնը որդեգրած հազարաւոր երիտասարդներու կողմէ։ Այս կենցաղը ընտրելուն գերակայութիւնը աչքառու դարձնելու համար, 2002–ի նահանգային համաժողովին լոյս տեսաւ՝ Ո՛վ Երիտասարդներ՝ Ի՞նչպէս Պիտի Գործածէք Ձեր Կեանքը թերթիկը։ Թէ՛ Երիտասարդ եւ թէ տարեց Քրիստոնեաները երախտապարտ են այսպիսի այժմէական վերյիշեցումներու համար։—Սաղմոս 119։14, 24, 99, 119, 129, 146
19, 20. (ա) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ վախնալու կամ զարհուրելու պատճառ չունին։ (բ) Ուսումնասիրութեան յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի ընէ։
19 Հակառակ աշխարհի վիճակներուն, Քրիստոնեաները վախնալու կամ զարհուրելու պատճառ չունին։ Անոնք գիտեն թէ Եհովայի Թագաւորութիւնը շուտով բռնութեան բոլոր տեսակները միանգամ ընդմիշտ պիտի չքացնէ։ Անոնք նաեւ կը մխիթարուին գիտնալով թէ յարութիւնը ետ կեանքի պիտի բերէ բռնութեան պատճառաւ մահացած բազմաթիւ անհատներ։ Ասիկա ոմանց առաջին պատեհութիւնը պիտի շնորհէ Եհովայի մասին սորվելու, իսկ ուրիշներու կարելի պիտի դարձնէ որ շարունակեն իրենց նուիրուած ծառայութիւնը։—Գործք 24։15
20 Որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, քրիստոնէական չէզոքութիւն պահելու կարիքին կը գիտակցինք, եւ վճռած ենք զայն պահել։ Կ’ուզենք ‘կենալու ու Եհովայի ըրած փրկութիւնը տեսնելու’ հոյակապ հեռանկարին կառչած մնալ։ Յաջորդ յօդուածը մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ, մեզ տեղեակ պահելով ներկայ իրադարձութիւններէն, որոնք աստիճանաբար Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման մասին յաւելեալ խորատեսութիւն կու տան։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 9 Վկաներ ըլլալու համար բռնութենէ հրաժարող անհատներու օրինակներ գտնելու համար, տես՝ Զարթի՛ր 22 Մարտ 1990, էջ 21. 8 Օգոստոս 1991, էջ 18. Դիտարան 1 Փետրուար 1996, էջ 3-4. եւ Դիտարան 1 Օգոստոս 1998 (Անգլերէն), էջ 5։
Կրնա՞ք բացատրել
• Ներկայիս շատեր ինչո՞ւ այսքան յոռետես են։
• Եհովայի Վկաները ապագայի նկատմամբ ինչո՞ւ լաւատես են։
• Եհովա ամէն տեսակ բռնութեան պատճառին նկատմամբ արդէն իսկ ի՞նչ ըրած է։
• Ինչո՞ւ Գոգի յարձակումէն վախնալու պատճառ չունինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուս քրիստոնէական չէզոքութեան պատշաճ օրինակը հանդիսացաւ
[Նկարներ՝ էջ 26]
Հազարաւոր երիտասարդ Վկաներ ուրախութեամբ լիաժամ ծառայութիւնը որդեգրած են
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 22]
UN PHOTO 186226/M. Grafman