Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մտիկ ըրէք թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ

Մտիկ ըրէք թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ

Մտիկ ըրէք թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ

«Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 3։22

1, 2. Յայտնութեան մէջ նշուած եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի պատգամներուն մէջ, ո՞ր խրատը կրկնուած է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Յայտնութիւն գրքին մէջ նշուած եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուս Քրիստոսի ներշնչեալ խօսքերուն պէտք է ուշադրութիւն ընծայեն Եհովայի ծառաները։ Արդարեւ, այս պատգամներէն իւրաքանչիւրը սա խրատը կը պարունակէ. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։—Յայտնութիւն 2։7, 11, 17, 29. 3։6, 13, 22

2 Արդէն իսկ նկատի առինք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի ու Պերգամոնի հրեշտակներուն՝ կամ տեսուչներուն՝ ուղղուած Յիսուսի պատգամները։ Ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ միւս չորս ժողովքներուն ուղղուած իր ներշնչեալ խօսքերէն։

Թիւատիրի Հրեշտակին

3. Թիւատիր ո՞ւր կ’իյնար, եւ յատկապէս ի՞նչ արտադրութեամբ նշանաւոր էր։

3 «Աստուծոյ Որդին» թէ՛ գովասանք եւ թէ յանդիմանութիւն կու տայ Թիւատիրի ժողովքին։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 2։18-29) Թիւատիր (ներկայիս՝ Ագհիսար) շինուած էր Կէտիզ (վաղեմի Հերմոս) Գետին մէկ հարկատուին եզերքը, Փոքր Ասիոյ արեւմուտքը։ Քաղաքը կարգ մը արհեստներով անուանի էր։ Անոր ներկ շինողները տորոն բոյսին արմատները կը գործածէին, իրենց նշանաւոր ծիրանագոյն ներկը ստանալու համար։ Լիդիան, որ Քրիստոնեայ մը եղաւ երբ Պօղոս կ’այցելէր Յունաստանի Փիլիպպէ քաղաքը, «Թիւատիր քաղաքէն ծիրանավաճառ» մըն էր։—Գործք 16։12-15

4. Թիւատիրի ժողովքը ի՞նչ բանի համար գովասանք ստացաւ։

4 Յիսուս Թիւատիրի ժողովքը կը գովէ իր բարի գործերուն, սիրոյն, հաւատքին, համբերութեան եւ ծառայութեան համար։ Իրականութեան մէջ, ‘անոնց վերջին գործերը առաջիններէն շատ էին’։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ լաւ արձանագրութիւն մը ունինք, մեր բարոյականութեան նկատմամբ երբեք պէտք չէ անհոգ գտնուինք։

5-7. (ա) Ո՞վ էր ‘Յեզաբէլ կինը’, եւ անոր ազդեցութեան նկատմամբ ի՞նչ քայլ պիտի առնուէր։ (բ) Թիւատիրի ժողովքին ուղղուած Քրիստոսի պատգամը, բարեպաշտ կիներուն կ’օգնէ ի՞նչ ընելու։

5 Թիւատիրի ժողովքը կը հանդուրժէր կռապաշտութեան, սուտ ուսուցումին եւ սեռային անբարոյութեան։ Անոնց մէջ կար ‘Յեզաբէլ կինը’. թերեւս խումբ մը կիներ, որոնք Իսրայէլի տասը–ցեղեան Թագաւորութեան Յեզաբէլ չար թագուհիին նկարագրի գծերը ունէին։ Կարգ մը ուսումնականներ կը թելադրեն որ Թիւատիրի ‘մարգարէուհիները’ փորձեցին Քրիստոնեաները հրապուրել, որ առեւտրականներու միութեան չաստուածներն ու չաստուածուհիները պաշտեն եւ կուռքերու զոհուածներ պարփակող տօներու մասնակցին։ Թող որ ո՛չ մէկ ինքնակոչ մարգարէուհի փորձէ ուրիշները ղեկավարել այժմու քրիստոնէական ժողովքին մէջ։

6 Քրիստոս ‘Յեզաբէլ կինը անկողին պիտի ձգէր ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարէին’։ Տեսուչները երբեք տեղի պէտք չէ տան այսպիսի չար ուսուցումի եւ ազդեցութեան, եւ ո՛չ մէկ Քրիստոնեայ պէտք ունի հոգեւոր ու ֆիզիքական պոռնկութիւն գործելու կամ կռապաշտութեան միջամուխ ըլլալու, որպէսզի գիտակցի թէ «Սատանային ծածուկ բաները» ամբողջովին չար են։ Եթէ Յիսուսի ազդարարութեան անսանք, ‘մեր ունեցածը պիտի պահենք’ եւ մեղքը մեր վրայ պիտի չտիրէ։ Որովհետեւ անբարեպաշտ սովորութիւնները, տենչերն ու նպատակները մերժեցին, օծեալ յարուցեալները ‘ազգերուն վրայ իշխանութիւն’ կը ստանան, եւ զանոնք փշրելու մէջ Քրիստոսի պիտի միանան։ Այժմու ժողովքները այլաբանական աստղեր ունին, իսկ օծեալները երբ երկնային յարութիւն առնեն, իրենց պիտի տրուի «առաւօտեան պայծառ աստղը»՝ Փեսան՝ Յիսուս Քրիստոսը։—Յայտնութիւն 22։16

7 Թիւատիր ժողովքին ազդարարութիւն տրուեցաւ որ հաւատուրաց կիներու չար ազդեցութեան չհանդուրժէ։ Ժողովքին ուղղուած Քրիստոսի ներշնչեալ պատգամը, ներկայիս բարեպաշտ կիներուն կ’օգնէ որ իրենց աստուածատուր դիրքը պահպանեն։ Անոնք չեն փորձեր տղամարդոց վրայ իշխել, եւ եղբայրները չեն հրապուրեր որ հոգեւոր կամ ֆիզիքական պոռնկութեան միջամուխ ըլլան։ (Ա. Տիմոթէոս 2։12) Փոխարէն, այս կիները Աստուած փառաբանող բարի գործերու եւ ծառայութիւն մէջ օրինակ կը հանդիսանան։ (Սաղմոս 68։11. Ա. Պետրոս 3։1-6) Եթէ ժողովքը իր ունեցածին վրայ հսկէ,– մաքուր վարդապետութիւն ու վարք, եւ Թագաւորութեան թանկարժէք ծառայութիւն,– Քրիստոս պիտի գայ հոյակապ վարձատրութիւններ բերելով, եւ ո՛չ թէ՝ դատապարտութիւն։

Սարդիկէի Հրեշտակին

8. (ա) Սարդիկէն ո՞ւր կը գտնուէր, եւ անոր մասին ի՞նչ կարգ մը մանրամասնութիւններ կան։ (բ) Սարդիկէի ժողովքը ինչո՞ւ օգնութեան կարիքը ունէր։

8 Սարդիկէի ժողովքը անմիջական օգնութեան կարիքը ունէր, քանի որ հոգեւորապէս մեռած էր։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 3։1-6) Շուրջ 50 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ Թիւատիրի հարաւը գտնուող Սարդիկէն, բարգաւաճ քաղաք մըն էր։ Առեւտուրը, շրջանին արգասաբերութիւնը, եւ բրդեղէն հագուստներու եւ գորգերու արտադրութիւնը, նպաստեցին անոր հարուստ քաղաք մը ըլլալուն, որ ատեն մը շուրջ 50,000 բնակիչներ ունէր։ Պատմաբան Յովսեպոսի համաձայն, Հ.Դ.Ա. առաջին դարուն Սարդիկէի մէջ հրէական հսկայ համայնք մը կար։ Քաղաքին աւերակներուն մէջ կը գտնուին ժողովարան մը եւ Եփեսոսի Արտեմիս չաստուածուհիին յատկացուած մեհեան մը։

9. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ մեր ծառայութեան գործունէութիւնները ձեւական են։

9 Քրիստոս Սարդիկէի ժողովքին հրեշտակին ըսաւ. «Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես»։ Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ հոգեւորապէս արթուն ըլլալու համբաւը ունինք, բայց քրիստոնէական առանձնաշնորհումներու նկատմամբ մեծաւ մասամբ անտարբեր ենք եւ մեր ծառայութեան գործունէութիւնները ձեւական ու հոգեւորապէս «մեռնելու վրայ են»։ Եթէ այս է պարագան, պէտք է շարունակենք ‘մեր միտքը բերել թէ ի՛նչպէս ընդունեցինք ու լսեցինք’ Թագաւորութեան պատգամը, եւ սրբազան ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը պէտք է վերակենդանացնենք։ Անշուշտ պէտք է սկսինք ամբողջ սրտով մասնակցիլ քրիստոնէական ժողովներուն։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Քրիստոս Սարդիկէի ժողովքը ազդարարեց. «Եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ»։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն նկատմամբ։ Մօտ ատենէն իւրաքանչիւրս հաշիւ պիտի տանք։

10. Նոյնիսկ երբ Սարդիկէի պարագային նման պարագայ մը գոյութիւն ունենայ, կարգ մը Քրիստոնեաներու մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։

10 Նոյնիսկ երբ Սարդիկէի պարագային նման պարագայ մը գոյութիւն ունենայ, թերեւս ըլլան քանի մը անձեր, որոնք ‘իրենց հանդերձները չեն աղտոտեր եւ կրնան ճերմակներով պտըտիլ Քրիստոսի հետ, քանզի արժանի են’։ Անոնք իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը կը պահպանեն, բարոյական ու կրօնական գետնի վրայ այս աշխարհէն անբիծ ու անարատ մնալով։ (Յակոբու 1։27) Ուստի, Յիսուս ‘անոնց անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրէ եւ անոնց անունը պիտի դաւանի իր Հօրը առջեւ ու հրեշտակներուն առջեւ’։ Քրիստոսի հետ քալելու արժանի նկատուելով, օծեալներէ բաղկացած իր հարս դասակարգը մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ պիտի հագնի, որ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ սուրբերուն արդար արարքները։ (Յայտնութիւն 19։8) Երկնքի մէջ իրենց սպասող ծառայութեան սքանչելի առանձնաշնորհումները, զիրենք կը խթանեն որ այս աշխարհին յաղթեն։ Երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու արժանի եղողներուն դիմաց ալ օրհնութիւններ դրուած են։ Անոնց անուններն ալ կենաց գրքին մէջ կը գրուին։

11. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ սկսած ենք հոգեւորապէս քնանալ։

11 Մեզմէ ոեւէ մէկը չի փափաքիր Սարդիկէի ժողովքին ցաւալի հոգեւոր վիճակը ունենալ։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել եթէ անդրադառնանք որ սկսած ենք հոգեւորապէս քնանալ։ Շուտով պէտք է գործի լծուինք մեր օգտին համար։ Ենթադրենք որ սկսած ենք անբարեպաշտ վարքով հրապուրուիլ, ժողովներէն բացակայիլ կամ ծառայութեան նուազ մասնակցիլ։ Թող որ ջերմեռանդօրէն խնդրենք Եհովայի օգնութիւնը։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13) Աստուածաշունչի ամէնօրեայ ընթերցանութիւնը եւ Սուրբ Գրութիւններուն ու ‘հաւատարիմ տնտեսին’ հայթայթած գրականութիւններուն ուսումնասիրութիւնը, պիտի օգնեն որ հոգեւորապէս արթուն ըլլանք։ (Ղուկաս 12։42-44) Այն ատեն Սարդիկէի մէջ Քրիստոսի հաճութիւնը ունեցողներուն պէս պիտի ըլլանք, ինչպէս նաեւ՝ մեր հաւատակիցներուն օրհնութիւն մը։

Ֆիլատելֆիայի Հրեշտակին

12. Վաղեմի Ֆիլատելֆիայի մէջ կրօնական կացութիւնը ի՞նչպէս կը նկարագրէք։

12 Յիսուս Ֆիլատելֆիայի ժողովքը գովեց։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 3։7-13) Ֆիլատելֆիան (ներկայիս՝ Ալաշէհիր) արեւմտեան Փոքր Ասիոյ մէջ, գինի արտադրող շրջանի մը բարգաւաճ կեդրոնն էր։ Իրականութեան մէջ, անոր գլխաւոր չաստուածը՝ Դիոնիսոս՝ գինիի չաստուածն էր։ Բացայայտօրէն, Ֆիլատելֆիայի Հրեաները չէին յաջողած Հրեայ ենթահող ունեցող Քրիստոնեաները համոզել, որ Մովսիսական Օրէնքին կարգ մը սովորութիւններուն կառչին կամ անոնց վերադառնան։

13. Քրիստոս ի՞նչպէս «Դաւիթին բանալին» գործածած է։

13 Քրիստոս «Դաւիթին բանալին ունի», եւ հետեւաբար իրեն յանձնուած են Թագաւորութեան բոլոր շահերը եւ հաւատքի ընտանիներուն վերատեսչութիւնը։ (Եսայեայ 22։22. Ղուկաս 1։32) Յիսուս այդ բանալին գործածեց՝ վաղեմի Ֆիլատելֆիայի մէջ եւ այլուր գտնուող Քրիստոնեաներուն Թագաւորութեան կապակցաբար պատեհութիւններու եւ առանձնաշնորհումներու դուռ բանալու համար։ 1919–էն ի վեր, ան ‘հաւատարիմ տնտեսին’ առջեւ ‘մեծ դուռ մը’ բացած է, որ Թագաւորութեան քարոզչութեան կ’առաջնորդէ եւ ո՛չ մէկ հակառակորդ կրնայ գոցել զայն։ (Ա. Կորնթացիս 16։9. Կողոսացիս 4։2-4) Անշուշտ, Թագաւորութեան հետ առնչուած առանձնաշնորհումներուն դուռը «Սատանային ժողովէն» եղողներուն դիմաց գոցուած է, քանի որ անոնք հոգեւոր Իսրայելացիներ չեն։

14. (ա) Յիսուս ի՞նչ խոստացաւ Ֆիլատելֆիայի ժողովքին։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք «փորձութեան ժամանակ» իյնալէ խուսափիլ։

14 Յիսուս վաղեմի Ֆիլատելֆիայի Քրիստոնեաներուն սա խոստումը տուաւ. «Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ»։ Քարոզելը՝ Յիսուսի ցուցաբերած համբերութեան նման համբերութիւն կը պահանջէ։ Ան երբեք թշնամիին տեղի չտուաւ, այլ շարունակեց իր Հօրը կամքը կատարել։ Հետեւաբար, Քրիստոս երկնային անմահ կեանքի յարուցանուեցաւ։ Եթէ Եհովան պաշտելու մեր որոշումին կառչած մնանք եւ բարի լուրը քարոզելով Թագաւորութեան թիկունք կանգնինք, ներկայ փորձի շրջանին՝ «փորձութեան ժամանակ»ին՝ պիտի չիյնանք։ Պիտի շարունակենք ‘ամուր բռնել ինչ որ Քրիստոսէ ստացած ենք’, Թագաւորութեան շահերը աւելցնելու համար ջանք թափելով։ Ասիկա ընելուն արդիւնքը պիտի ըլլայ՝ անգին երկնային պսակ մը օծեալներուն եւ երկրային յաւիտենական կեանք իրենց հաւատարիմ ընկերակիցներուն։

15. Ի՞նչ կը պահանջուի անոնցմէ, որոնք ‘Աստուծոյ տաճարին մէջ սիւներ’ պիտի ըլլան։

15 Քրիստոս կ’աւելցնէ. «Ան որ կը յաղթէ, զանիկա իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ սիւն մը պիտի ընեմ ու . . . անոր վրայ իմ Աստուծոյս անունը պիտի գրեմ ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն նոր Երուսաղէմին, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ եւ իմ նոր անունս»։ Օծեալ տեսուչները ճշմարիտ պաշտամունքը պէտք է վեր պահեն։ Անոնք «նոր Երուսաղէմին» անդամները ըլլալու համար որակելի պէտք է մնան, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելով եւ հոգեւորապէս մաքուր մնալով։ Ասիկա անհրաժեշտ է, եթէ կ’ուզեն երկնային փառաւորեալ տաճարին մէջ սիւներ ըլլալ, Աստուծոյ քաղաքին անունը կրել որպէս անոր երկնային քաղաքացիները, եւ Քրիստոսի անուան հաղորդակից ըլլալ որպէս իր հարսը։ Անշուշտ, պէտք է նաեւ լսեն թէ «հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։

Լաւոդիկէի Հրեշտակին

16. Լաւոդիկէի մասին կարգ մը իրողութիւններ թուեցէք։

16 Քրիստոս Լաւոդիկէի ինքնագոհ ժողովքը յանդիմանեց։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 3։14-22) Լաւոդիկէ կը գտնուէր Եփեսոսին արեւելքը շուրջ 150 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, Լուէքուս Գետի արգասաբեր հովիտին մէջ, ուր առեւտրական գլխաւոր ճամբաներ զիրար կը խաչաձեւէին։ Անիկա ճարտարարուեստական շատ բարգաւաճ քաղաք եւ ֆինանսական կեդրոն մըն էր։ Այդ շրջանի սեւ բուրդով հիւսուած հագուստները հանրածանօթ էին։ Համբաւաւոր բժշկական դպրոց մը ունենալով, հաւանաբար Լաւոդիկէ կ’արտադրէր փռիւգական փոշի կոչուած աչքի դեղը։ Բժշկութեան չաստուած մը՝ Ասկղէպիոս՝ քաղաքին գլխաւոր չաստուածներէն մէկն էր։ Ըստ երեւոյթին, Լաւոդիկէի մէջ մեծ թիւով Հրեաներ կային, որոնցմէ ոմանք թերեւս բաւական հարուստ էին։

17. Լաւոդիկեցիները ինչո՞ւ յանդիմանուեցան։

17 «Հրեշտակ»ին միջոցաւ Լաւոդիկէի ժողովքին ուղղելով իր խօսքերը, Յիսուս հեղինակութեամբ կը խօսի որպէս «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը»։ (Կողոսացիս 1։13-16) Լաւոդիկեցիները յանդիմանուեցան, քանի որ հոգեւոր գետնի վրայ ‘ո՛չ պաղ էին ու ո՛չ տաք’։ Որովհետեւ գաղջ էին, Քրիստոս զիրենք իր բերնէն դուրս պիտի փսխէր։ Անոնց համար դժուար չէր ասոր նշանակութիւնը ըմբռնել։ Մօտակայ Յերապոլիս ջերմուկներ ունէր, իսկ Կողոսա՝ պաղ ջուր։ Սակայն, քանի որ հեռու շրջանէ խողովակներով ջուր պէտք էր բերուէր Լաւոդիկէ, հաւանական է որ ջուրը գաղջ ըլլար երբ քաղաք հասնէր։ Որոշ տեղ մը, ջուրը ջրուղիով կ’անցնէր։ Իսկ երբ Լաւոդիկէի մօտենար, անիկա քարէ խողովակներու մէջէն կը վազէր։

18, 19. Ներկայիս Լաւոդիկեցիներուն նման եղող Քրիստոնեաներուն ի՞նչպէս կարելի է օգնել։

18 Ներկայիս, Լաւոդիկեցիներուն նման եղողները ո՛չ խթանելու համար տաք, ո՛չ ալ թարմացնելու համար պաղ են։ Գաղջ ջուրի նման, անոնք բերնէն դուրս պիտի փսխուին։ Յիսուս չ’ուզեր որ անոնք իր խօսնակը ըլլան՝ ‘Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն ընող’ օծեալներ։ (Բ. Կորնթացիս 5։20) Եթէ չզղջան, անոնք որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ իրենց առանձնաշնորհումը պիտի կորսնցնեն։ Լաւոդիկեցիները երկրային հարստութեան ետեւէ էին, եւ ‘չէին գիտեր թէ իրենք խեղճ, թշուառական, աղքատ, կոյր ու մերկ էին’։ Իրենց հոգեւոր աղքատութեան, կուրութեան եւ մերկութեան վերջ մը դնելու համար, ներկայիս Լաւոդիկեցիներուն նման եղողները Քրիստոսէ պէտք է ծախու առնեն՝ քննուած հաւատքին «կրակի մէջ փորձուած ոսկին», արդարութեան «ճերմակ հանդերձներ»ը, եւ հոգեւոր տեսողութիւնը բարելաւող ‘աչքի դեղը’։ Քրիստոնեայ տեսուչները ուրախութեամբ կ’ուզեն օգնել անոնց, որ իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակցին, որպէսզի «հաւատքով հարուստ» ըլլան։ (Յակոբու 2։5. Մատթէոս 5։3) Ասկէ զատ, տեսուչները անոնց պէտք է օգնեն որ հոգեւոր ‘աչքի դեղը’ գործածեն, այսինքն՝ Յիսուսի ուսուցումները, խրատը, օրինակը եւ մտավիճակը ընդունին եւ անոնց համակերպին։ Ասիկա բուժիչ դարման մըն է՝ ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան’ դէմ։—Ա. Յովհաննու 2։15-17

19 Յիսուս իր սիրած բոլոր անհատները կը յանդիմանէ եւ կը կրթէ։ Իրեն ենթարկուող տեսուչները գորովալից կերպով նոյն բանը պէտք է ընեն։ (Գործք 20։28, 29) Լաւոդիկեցիները պէտք էր ‘նախանձախնդիր ըլլային ու ապաշխարէին’, իրենց մտածելակերպին ու ապրելակերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելով։ Մեզմէ ոմանք կենցաղի մը վարժուա՞ծ են, որ Աստուծոյ մատուցած մեր սրբազան ծառայութեան նուազ կարեւոր տեղ մը կու տայ կեանքի մէջ։ Եթէ այս է պարագան, ‘Յիսուսէն աչքի դեղ ծախու առնենք’, որպէսզի նախանձախնդրութեամբ առաջ Թագաւորութիւնը փնտռելու կարեւորութիւնը տեսնենք։—Մատթէոս 6։33

20, 21. Ներկայիս որո՞նք պատշաճօրէն կ’ընդառաջեն Յիսուսի ‘զարկին’, եւ ի՞նչ են անոնց հեռանկարները։

20 Քրիստոս կ’ըսէ. «Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ»։ Յիսուս յաճախ ճաշած ատեն հոգեւոր ցուցմունքներ կու տար։ (Ղուկաս 5։29-39. 7։36-50. 14։1-24) Այժմ ան Լաւոդիկէի ժողովքին նման եղող ժողովքին դուռը կը զարնէ։ Անոր անդամները իր զարկին պիտի ընդառաջե՞ն, իրեն հանդէպ իրենց սէրը պիտի վերակենդանացնե՞ն, զինք իրենց մէջ պիտի ընդունի՞ն, եւ թոյլ պիտի տա՞ն որ իրենց սորվեցնէ։ Եթէ այո, Քրիստոս անոնց հետ խնճոյք պիտի ընէ, ճոխ հոգեւոր օգուտներ բերելով։

21 Այժմու «ուրիշ ոչխարներ»ը այլաբանօրէն Յիսուսը ներս կը հրաւիրեն, եւ այս քայլը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ (Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 25։34-40, 46) Քրիստոս իւրաքանչիւր յաղթական օծեալի առանձնաշնորհում պիտի տայ, որ ‘իր հետ իր աթոռը նստի, ինչպէս ինք ալ յաղթեց ու իր Հօրը հետ անոր աթոռը նստաւ’։ Այո, Յիսուս յաղթական օծեալներուն կը խոստանայ հոյակապ վարձատրութիւն մը. երկնքի մէջ իր Հօրը աջ կողմը իր հետ գահի մը վրայ նստիլ։ Իսկ յաղթական ուրիշ ոչխարները՝ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ երկրի վրայ հոյակապ տեղ մը ունենալու ակնկալութիւնը ունին։

Դասեր՝ Բոլորիս Համար

22, 23. (ա) Բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան օգտուիլ եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերէն։ (բ) Պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։

22 Անկասկած բոլոր Քրիստոնեաները կրնան մեծապէս օգտուիլ Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուող եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերէն։ Օրինակ, նկատելով Քրիստոսի մատուցած պատշաճ գովասանքները, սիրալիր Քրիստոնեայ երէցները կը մղուին հոգեւորապէս լաւ վիճակի մէջ եղող անհատներն ու ժողովքները գովելու։ Երբ տկարութիւններ ի յայտ գան, երէցները հաւատակիցներուն կ’օգնեն որ սուրբ գրային դարմաններ կիրարկեն։ Բոլորս կրնանք շարունակ օգտուիլ եօթը ժողովքներուն տուած Քրիստոսի խրատին զանազան երեսակներէն, այնքան ատեն որ զայն ջերմեռանդ աղօթքով ու անյապաղ կը կիրարկենք։ *

23 Այս վերջին օրերը ինքնագոհութեան, նիւթապաշտութեան կամ ուրիշ որեւէ բանի ժամանակը չէ, որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ Աստուծոյ ձեւական ծառայութիւն մատուցանենք։ Հետեւաբար, թող որ բոլոր ժողովքները շարունակեն պայծառօրէն փայլիլ որպէս աշտանակներ, զորս Յիսուս իրենց տեղը կը պահէ։ Որպէս հաւատարիմ Քրիստոնեաներ, թող որ միշտ վճռենք ուշադրութիւն ընծայել երբ Քրիստոս կը խօսի եւ մտիկ ընել թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ։ Այն ատեն մնայուն ուրախութիւն պիտի ունենանք որպէս լոյս կրողներ Եհովայի փառքին համար։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 22 Յայտնութիւն 2։1–3։22 նաեւ քննարկուած է Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին 7-13–րդ գլուխներուն մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• ‘Յեզաբէլ կինը’ ո՞վ էր, եւ ինչո՞ւ բարեպաշտ կիներ զայն չեն ընդօրինակեր։

• Սարդիկէի ժողովքին մէջ ի՞նչ վիճակ գոյութիւն ունէր, եւ ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի հոն ապրող շատ մը Քրիստոնեաներուն նման չըլլանք։

• Յիսուս Ֆիլատելֆիայի ժողովքին ի՞նչ խոստումներ տուաւ, եւ անոնք ի՞նչպէս կը կիրարկուին ներկայիս։

• Լաւոդիկեցիները ինչո՞ւ յանդիմանուեցան, բայց նախանձախնդիր Քրիստոնեաներուն առջեւ ի՞նչ հեռանկարներ դրուած են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

‘Յեզաբէլ կնոջ’ չար ճամբաներէն պէտք է խուսափինք

[Նկարներ՝ էջ 16]

Յիսուս իր հետեւորդներուն առջեւ Թագաւորութեան առանձնաշնորհումներու առաջնորդող ‘մեծ դուռ մը’ բացած է

[Նկար՝ էջ 18]

Յիսուսը կ’ընդունիք եւ իրեն մտիկ կ’ընէ՞ք