Նոյի արձանագրութիւնը՝ մեզի համար նշանակութիւն մը ունի՞
Նոյի արձանագրութիւնը՝ մեզի համար նշանակութիւն մը ունի՞
ԵՐԲ իր ներկայութեան նշանին եւ իրերու դրութեան վախճանին մասին մարգարէութիւնը կու տար, Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3, 37) Բացայայտօրէն, Յիսուս նախագուշակեց թէ ինչ որ մեր օրերուն տեղի կ’ունենայ, Նոյի օրերուն զուգահեռ մը ունի։ Նոյի օրուան իրադարձութիւններուն մասին վստահելի եւ ճշգրիտ արձանագրութիւն մը կրնայ անգին գանձ մը ըլլալ։
Նոյի արձանագրութիւնը այսպիսի գա՞նձ մըն է։ Անիկա պատմական ճշմարիտ արձանագրութեան մը դրոշմը ունի՞։ Իրապէս կրնա՞նք որոշել թէ Ջրհեղեղը ե՛րբ տեղի ունեցաւ։
Ջրհեղեղը Ե՞րբ Տեղի Ունեցաւ
Աստուածաշունչը ժամանակագրական տեղեկութիւններ կը հայթայթէ, որոնցմով կրնանք մարդկային պատմութեան սկիզբը հաշուել։ Ծննդոց 5։1-29–ի մէջ, կը գտնենք ծննդաբանական արձանագրութիւնը, առաջին մարդուն՝ Ադամի՝ ստեղծագործութենէն մինչեւ Նոյի ծնունդը։ Ջրհեղեղը սկսաւ «Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին»։—Ծննդոց 7։11
Ջրհեղեղի ժամանակը որոշելու համար, առանցքային թուականէ մը պէտք է սկսինք։ Այսինքն՝ պէտք է սկսինք աշխարհիկ պատմութեան մէջ ընդունուած թուականէ մը, որ կը համապատասխանէ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած մասնայատուկ դէպքի մը։ Այս առանցքային թուականէն սկսելով, կրնանք հաշիւներ ընել եւ Ջրհեղեղին թուական մը որոշել, հիմնուած՝ ներկայիս գործածուած Գրիգորեան տոմարին վրայ։
Առանցքային թուական մըն է՝ Հ.Դ.Ա. 539–ն, այն տարին երբ Պարսիկ Կիւրոս Թագաւորը Բաբելոնը նուաճեց։ Իր իշխանութեան ժամանակաշրջանը բնորոշող աշխարհիկ աղբիւրները կը պարփակեն՝ բաբելոնական սալիկներ եւ Դիոդորոսի, Ափրիկենոսի, Եւսեբիոսի ու Պտղոմէոսի փաստաթուղթերը։ Կիւրոսի հանած մէկ հրամանագրին պատճառաւ, Հրեայ մնացորդ մը Բաբելոնը ձգեց որ իր հայրենիքը վերադարձաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին։ Ասիկա Յուդայի 70 տարուան ամայացման վախճանը նշեց, որ սուրբ գրային արձանագրութեան համաձայն, սկսած էր Հ.Դ.Ա. 607–ին։ Դատաւորներուն ու Իսրայէլի թագաւորներուն ժամանակաշրջանը հաշուի առնելով, կրնանք որոշել թէ Եգիպտոսէ Իսրայելացիներուն Ելքը տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 1513–ին։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ժամանակագրութիւնը մեզ կը տանի 430 տարի ետեւ, Աբրահամի հետ կատարուած ուխտին՝ Հ.Դ.Ա. 1943–ին։ Ապա պէտք է հաշուենք Թարայի, Նաքովրի, Սերուգի, Ռագաւի, Փաղէկի, Եբերի եւ Սաղայի, ինչպէս նաեւ «ջրհեղեղէն երկու տարի ետք» ծնած Արփաքսադի ծնունդներն ու կեանքի տեւողութիւնը։ (Ծննդոց 11։10-32) Այսպիսով կրնանք գիտնալ թէ Ջրհեղեղը սկսաւ Հ.Դ.Ա. 2370–ին։ *
Ջրհեղեղը կը Սկսի
Նոյի օրուան իրադարձութիւնները աչքէ անցընելէ առաջ, թերեւս փափաքիք կարդալ Ծննդոց 7։11–8։4։ Անձրեւին նկատմամբ մեզի կ’ըսուի. «Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին [Հ.Դ.Ա. 2370], երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, նոյն օրը մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան ու երկնքի պատուհանները բացուեցան»։—Ծննդոց 7։11
Նոյ տարին 12 ամիսներու բաժնեց, իւրաքանչիւրը 30 օր ըլլալով։ Վաղեմի ժամանակներուն, առաջին ամիսը կը սկսէր մեր օրացոյցի Սեպտեմբեր ամսուան գրեթէ կիսուն։ Ջրհեղեղը սկսաւ «երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ
օրը», եւ անձրեւը շարունակեց 40 օր եւ 40 գիշեր, Հ.Դ.Ա. 2370–ի Նոյեմբեր ու Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին։Ջրհեղեղին նկատմամբ նաեւ մեզի կ’ըսուի. «Ջուրերը երկրի վրայ հարիւր յիսուն օր բարձրացած մնացին։ . . . Ու երթալով ջուրերը երկրի վրայէն քաշուեցան ու հարիւր յիսուն օրէն ետքը ջուրերը քիչցան։ Եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ»։ (Ծննդոց 7։24–8։4) Ուստի ջուրերը երկրի վրայ բարձրանալէն մինչեւ քաշուիլը՝ 150 օր կամ հինգ ամիս տեւեց։ Այսպէս, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ Հ.Դ.Ա. 2369–ի Ապրիլ ամսուն։
Այժմ, թերեւս փափաքիք կարդալ Ծննդոց 8։5-17–ն։ Լեռներուն գագաթները երեւցան շուրջ երկուքուկէս ամիս (73 օր) ետք, «տասներորդ ամիսը [Յունիս] եւ տասներորդ ամսուան առաջին օրը»։ (Ծննդոց 8։5) * Երեք ամիս (90 օր) ետք,– «Նոյի կեանքին վեց հարիւրմէկերորդ տարուան առաջին ամսուան առաջին օրը», կամ Հ.Դ.Ա. 2369–ի Սեպտեմբերի կիսուն,– Նոյ տապանին ծածկոցը վերցուց։ Այն ատեն ան կրցաւ տեսնել թէ «երկրին երեսը ցամքեր էր»։ (Ծննդոց 8։13) Մէկ ամիս եւ 27 օր (57 օր) ետք, «երկրորդ ամսուն՝ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը [Հ.Դ.Ա. 2369–ի Նոյեմբերի կիսուն] երկիրը չորցաւ»։ Այն ատեն Նոյ ու իր ընտանիքը տապանէն դուրս գալով չորցած ցամաքին վրայ կեցան։ Ուստի, Նոյ եւ իր հետ եղողները մէկ լուսնական տարի եւ տասը օր (370 օր) անցուցին տապանին մէջ։—Ծննդոց 8։14
Իրադարձութիւններ, մանրամասնութիւններ եւ ժամանակի ազդակներ բովանդակող այս մանրակրկիտ արձանագրութիւնները ի՞նչ կ’ապացուցանեն։ Հետեւեալը. Եբրայեցի Մովսէս մարգարէն, որ ակներեւաբար Ծննդոց գիրքը իր ստացած արձանագրութիւններուն վրայ հիմնած էր, իրողութիւններ կը ներկայացնէր եւ ո՛չ թէ առասպելական պատմութիւն մը։ Հետեւաբար, Ջրհեղեղը ներկայիս մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի։
Աստուածաշունչի Այլ Գրողներ Ջրհեղեղը Ի՞նչպէս Նկատեցին
Ծննդոց գրքէն զատ, Նոյի կամ Ջրհեղեղի մասին բազմաթիւ ակնարկութիւններ կան Աստուածաշունչին մէջ։ Օրինակ.
(1) Հետազօտող Եզրաս՝ Նոյն ու իր զաւակները (Սէմ, Քամ ու Յաբեթ) պարփակեց Իսրայէլ ազգին սերնդաբանութեան մէջ։—Ա. Մնացորդաց 1։4-17
(2) Բժիշկ ու Աւետարանիչ Ղուկաս՝ Յիսուս Քրիստոսի նախահայրերուն ցանկին մէջ Նոյը կը պարփակէ։—Ղուկաս 3։36
(3) Պետրոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն յղած իր նամակին մէջ մի քանի անգամ Ջրհեղեղի պատմութեան կ’ակնարկէ։—Բ. Պետրոս 2։5. 3։5, 6
(4) Պօղոս առաքեալ կը խօսի այն մեծ հաւատքին մասին, որ Նոյ ցուցաբերեց տապանը շինելով, իր ընտանիքը փրկելու համար։—Եբրայեցիս 11։7
Կասկածելու որեւէ պատճառ կա՞յ թէ Աստուածաշունչի այս ներշնչեալ գրողները Ծննդոց գրքին Ջրհեղեղի արձանագրութիւնը ընդունեցին։ Անտարակոյս, անոնք զայն իսկական դէպք մը նկատեցին։
Յիսուս եւ Ջրհեղեղը
Յիսուս Քրիստոս նախամարդկային գոյութիւն ունէր։ (Առակաց 8։30, 31) Ջրհեղեղի ժամանակ, ան երկնքի մէջ հոգեղէն արարած մըն էր։ Հետեւաբար, ականատես մը ըլլալով, Յիսուս Նոյի ու Ջրհեղեղի մասին սուրբ գրային մեծագոյն ապացոյցը կու տայ մեզի։ Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն [«ներկայութիւնն», ՆԱ] ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն [«ներկայութիւնն», ՆԱ] ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։37-39
Կարելի՞ էր որ Յիսուս ժողովրդական աւանդութիւն մը գործածէր, իրերու այս դրութեան մօտալուտ վախճանին նկատմամբ մեզ ազդարարելու համար։ Վստահաբար ո՛չ։ Վստահ ենք որ ան՝ ամբարիշտներուն վրայ աստուածային դատաստանի գործադրութեան մասին հարազատ օրինակ մը գործածեց։ Այո, կեանքեր կորսուեցան, սակայն կրնանք մխիթարուիլ, գիտնալով թէ Նոյ ու իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան։
«Նոյի օրերը» մեծապէս յատկանշական են անոնց համար, որոնք ներկայիս կ’ապրին Յիսուս Քրիստոսի՝ ‘Որդի մարդոյ ներկայութեան’ ընթացքին։ Մինչ կը կարդանք Նոյի կողմէ արձանագրուած աշխարհածաւալ Ջրհեղեղին մանրամասն պատմութիւնը, կրնանք վստահ ըլլալ թէ անիկա իսկական պատմական արձանագրութիւն մըն է։ Իսկ Աստուծմէ ներշնչուած Ծննդոց գրքին Ջրհեղեղի պատմութիւնը մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի։ Ճիշդ ինչպէս որ Նոյ, իր զաւակները եւ անոնց կիները Աստուծոյ փրկութեան միջոցին հաւատք ընծայեցին, ներկայիս մենք ալ կրնանք Եհովայի պաշտպանութեան թեւերուն ներքեւ գալ, Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելով։ (Մատթէոս 20։28) Ասկէ զատ, կրնանք իրերու այս չար դրութեան վախճանէն վերապրելու յոյսը ունենալ, ճիշդ ինչպէս որ Նոյի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան ու իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան, որ այդ ատենուան անաստուած աշխարհին վերջ մը դրաւ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 7 Ջրհեղեղի թուականին վերաբերեալ մանրամասնութեանց համար, տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա., էջ 458-460, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 12 Keil-Delitzsch Commentary on the Old Testament, Հատոր Ա., էջ 148, կ’ըսէ. «Հաւանաբար տապանը հանգչելէն 73 օր ետք, լեռներուն գագաթները երեւցան, այսինքն՝ տապանը շրջապատող հայկական լեռնագաւառներուն բարձունքները»։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Անոնք այդքան երկար ապրեցա՞ն
«ՆՈՅԻՆ բոլոր օրերը ինը հարիւր յիսուն տարի եղան ու մեռաւ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ծննդոց 9։29) Նոյի մեծ–հայրը՝ Մաթուսաղա՝ 969 տարի ապրեցաւ. արձանագրուած ամենէն երկար կեանքի տեւողութիւնը։ Ադամէն Նոյ, տասը սերունդներու միջին կեանքի տեւողութիւնը 850 տարիէ վեր էր։ (Ծննդոց 5։5-31) Մարդիկ այդ ժամանակ այդքան երկար կ’ապրէի՞ն։
Աստուծոյ սկզբնական նպատակն էր որ մարդը յաւիտեան ապրէր։ Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ ստեղծուեցաւ անվերջ կեանք մը վայելելու հեռանկարով, եթէ Աստուծոյ հնազանդ ըլլար։ (Ծննդոց 2։15-17) Սակայն, Ադամ անհնազանդ գտնուեցաւ եւ այդ պատեհութիւնը կորսնցուց։ Դանդաղօրէն դէպի մահ ուղղուելով, 930 տարի գոյութիւն ունենալէ ետք, Ադամ վերադարձաւ հող, ուրկէ առնուած էր։ (Ծննդոց 3։19. 5։5) Առաջին մարդը մեղքն ու մահը իր բոլոր սերունդին փոխանցեց որպէս ժառանգ։—Հռովմայեցիս 5։12
Սակայն, այդ ժամանակաշրջանին ապրող մարդիկը աւելի մօտ էին Ադամի սկզբնական կատարելութեան, եւ ակներեւաբար այս պատճառով աւելի երկարակեաց էին, քան հետագային ծնող սերունդները։ Ուստի, նախա–Ջրհեղեղեան շրջանի ընթացին մարդկային կեանքի տեւողութիւնը հազար տարուան մօտեցաւ, իսկ Ջրհեղեղէն ետք արագօրէն նուազեցաւ։ Աբրահամ, օրինակի համար, միայն 175 տարի ապրեցաւ։ (Ծննդոց 25։7) Եւ այս հաւատարիմ նահապետի մահուընէ շուրջ 400 տարի ետք, Մովսէս մարգարէն գրեց. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է»։ (Սաղմոս 90։10) Ներկայիս պարագան գրեթէ նոյնն է։
[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 6, 7]
Հրեաները գերութենէ ազատ արձակելու Կիւրոսի հրամանագիրէն հաշուել՝ մինչեւ Նոյի օրուան ջրհեղեղը
537 Կիւրոսի հրամանագիրը *
539 Բաբելոնի տապալումը Պարսիկ Կիւրոսի միջոցաւ
68 տարի
607 Յուդայի 70 տարուան ամայացումը կը սկսի
906 տարի՝ առաջնորդներ,
դատաւորներ եւ Իսրայէլի
թագաւորներ կը վերահսկեն
1513 Եգիպտոսէ Իսրայելացիներուն Ելքը
430 տարի 430 տարուան ժամանակաշրջանը,
երբ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի
ու Քանանի երկրին մէջ բնակեցան
1943 Աբրահամական ուխտին վաւերացումը
205 տարի
2148 Թարայի ծնունդը
222 տարի
2370 Ջրհեղեղին սկսիլը
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 35 Հրեաները գերութենէ ազատ արձակելու Կիւրոսի յայտարարութիւնը կատարուեցաւ «Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին», հաւանաբար Հ.Դ.Ա. 538–ին, կամ՝ Հ.Դ.Ա. 537–ին սկիզբը։