Շատ հետաքրքրական արձանագրութիւն մը
Շատ հետաքրքրական արձանագրութիւն մը
ԵՐԿՐԱԽՈՅԶ Ռիչըրտ Է. Պիրտ հինգ արշաւներ կատարեց դէպի հարաւային բեւեռ, 1928–էն 1956։ Օրագրութիւն մը եւ ճշգրիտ արձանագրատետրեր պահելով, ան եւ իր խուզարկախումբը կրցան հովին հոսանքները քննել, քարտէսներ պատրաստել, եւ Հակարջային Գօտիի մասին բաւական տեղեկութիւններ հաւաքել։
Պիրտի երկրախուզական արշաւները ցոյց կու տան արձանագրութիւն մը պահելուն արժէքը։ Արձանագրատետրի մը մէջ, ծովային կամ օդային ճամբորդութեան մը մանրամասնութիւնները կը մէկտեղուին։ Այս տեղեկութիւնները կրնան հետագային գործածուիլ, տեղի ունեցածը վերաքաղ ընելու կամ տեղեկութիւններ վերլուծելու համար, որոնք կրնան հետագայ ճամբորդութիւններու համար պիտանի ըլլալ։
Սուրբ Գրութիւնները Նոյի օրուան Ջրհեղեղի մասին կլանիչ արձանագրութիւն մը կը հայթայթեն։ Այդ աշխարհածաւալ Ջրհեղեղը աւելի քան տարի մը տեւեց։ Առ ի պատրաստութիւն Ջրհեղեղին, Նոյ, իր կինը, եւ անոնց երեք տղաքն ու անոնց կիները, 50 կամ 60 տարի տրամադրեցին տապան մը շինելու համար. հսկայ նաւ մը, որ շուրջ 40,000 խորանարդ մեթր ծաւալ ունէր։ Ի՞նչ նպատակաւ։ Կարգ մը մարդիկ ու անասուններ Ջրհեղեղէն պահպանելու համար։—Ծննդոց 7։1-3
Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը կը պարունակէ Նոյի արձանագրութիւնը, թէ ինչ տեղի ունեցաւ Ջրհեղեղի սկիզբէն մինչեւ տապանէն դուրս ելլելը։ Անիկա մեզի համար կարեւոր բան մը կը բովանդակէ՞։