Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոս ժողովքներուն կը խօսի

Քրիստոս ժողովքներուն կը խօսի

Քրիստոս ժողովքներուն կը խօսի

«Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 2։1

1, 2. Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուող եօթը ժողովքներու ուղղուած Քրիստոսի խօսքերը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրեն մեզ։

ԵՀՈՎԱՅԻ միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ քրիստոնէական ժողովքին Գլուխն է։ Իր օծեալ հետեւորդներէ բաղկացած ժողովքը անբիծ պահելու համար, Քրիստոս իր գլխաւորութիւնը ի գործ կը դնէ՝ զիրենք գովելով եւ սրբագրելով։ (Եփեսացիս 5։21-27) Այս առնչութեամբ օրինակներ կան Յայտնութիւն գրքին 2 եւ 3–րդ գլուխներուն մէջ, ուր կը գտնենք Յիսուսի զօրաւոր ու սիրազեղ պատգամները, ուղղուած՝ Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուող եօթը ժողովքներու։

2 Եօթը ժողովքներուն ուղղուած Յիսուսի խօսքերը լսելէ առաջ, Յովհաննէս առաքեալ «տէրունական օրուան» մասին տեսիլք մը ստացաւ։ (Յայտնութիւն 1։10) Այդ «օրը» սկսաւ, երբ 1914–ին Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ։ Հետեւաբար, ինչ որ Քրիստոս ըսաւ ժողովքներուն, շատ կարեւոր է այս վերջին օրերուն։ Անոր քաջալերութիւնն ու խրատը մեզի կ’օգնեն որ այս դժուար ժամանակներուն հետ գլուխ ելլենք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

3. Ի՞նչ այլաբանական նշանակութիւններ ունին Յովհաննէս առաքեալի տեսած «աստղերը», «հրեշտակները» ու «ոսկեղէն աշտանակները»։

3 Յովհաննէս փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսը տեսաւ, որ «իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի» ու «եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն [կամ՝ ժողովքներուն] միջեւ կը պտըտի»։ «Աստղերը»՝ «եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են»։ (Յայտնութիւն 1։20. 2։1) Երբեմն աստղերը կը ներկայացնեն հրեշտակային հոգեղէն արարածներ, բայց Քրիստոս մարդ մը պիտի չգործածէր հոգեղէն արարածներուն պատգամներ գրելու համար։ Ուստի, այս «աստղերը» տրամաբանականօրէն կ’ակնարկեն հոգիէն օծուած տեսուչներուն, կամ երէցներու մարմիններուն։ «Հրեշտակներ» արտայայտութիւնը կապ ունի անոնց դերին հետ որպէս պատգամաբերներ։ Քանի որ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը աճած է, ‘հաւատարիմ տնտեսը’ Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»էն որակելի տղամարդիկ նշանակած է որպէս տեսուչներ ծառայելու համար։—Ղուկաս 12։42-44. Յովհաննու 10։16

4. Ժողովքներուն ուղղուած Քրիստոսի խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելով, երէցները ի՞նչպէս կ’օգտուին։

4 «Աստղերը» Յիսուսի աջ ձեռքին մէջ են, այսինքն՝ իր հեղինակութեան, հակակշռին, հաճութեան եւ պաշտպանութեան ներքեւ են։ Ուստի անոնք իրեն համարատու են։ Եօթը ժողովքներէն իւրաքանչիւրին ուղղուած իր խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայելով, այժմու երէցները կրնան նման պարագաներ ձեռք առնել։ Անշուշտ, բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է մտիկ ընեն Աստուծոյ Որդւոյն։ (Մարկոս 9։7) Արդ, ի՞նչ կրնանք սորվիլ ուշի–ուշով հետեւելով, մինչ Քրիստոս ժողովքներուն կը խօսի։

Եփեսոսի Հրեշտակին

5. Եփեսոս ի՞նչպիսի քաղաք մըն էր։

5 Յիսուս Եփեսոսի ժողովքը գովաբանեց եւ յանդիմանեց։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 2։1-7) Արտեմիս չաստուածուհիին հսկայ տաճարը կանգնած էր այս հարուստ, առեւտրական ու կրօնական կեդրոնին մէջ, Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ծովափը։ Թէեւ Եփեսոս անբարոյութեամբ, սուտ կրօնքով եւ կախարդութեամբ լեցուն քաղաք մըն էր, սակայն Աստուած այդ քաղաքին մէջ Պօղոս առաքեալին եւ ուրիշներու ծառայութիւնը օրհնեց։—Գործք Առաքելոց, գլուխ 19

6. Ներկայիս հաւատարիմ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս նման են վաղեմի Եփեսացի Քրիստոնեաներուն։

6 Քրիստոս Եփեսոսի ժողովքը գովեց, ըսելով. «Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են»։ Ներկայիս, Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներէն կազմուած ժողովքները ունին բարի գործերու, ծանր աշխատանքի ու համբերութեան նոյնանման արձանագրութիւն մը։ Անոնք սուտ եղբայրներու չեն հանդուրժեր, որոնք կ’ուզեն որպէս առաքեալներ նկատուիլ։ (Բ. Կորնթացիս 11։13, 26) Եփեսացիներուն նման, ներկայիս հաւատարիմ Քրիստոնեաները ‘չեն կրնար չարերուն տանիլ’։ Հետեւաբար, Եհովայի պաշտամունքը մաքուր պահելու եւ ժողովքը պաշտպանելու համար, անոնք անզեղջ հաւատուրացներու հետ չեն ընկերակցիր։—Գաղատացիս 2։4, 5. Բ. Յովհաննու 8-11

7, 8. Եփեսոսի ժողովքին մէջ ի՞նչ լուրջ խնդիր մը գոյութիւն ունէր, եւ նման կացութիւն մը ի՞նչպէս կրնանք ձեռք առնել։

7 Այսուհանդերձ, Եփեսոսի Քրիստոնեաները լուրջ խնդիր մը ունէին։ Յիսուս ըսաւ. «Քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր»։ Ժողովքին անդամները Եհովայի հանդէպ իրենց առաջուան սէրը պէտք էր վերարծարծէին։ (Մարկոս 12։28-30. Եփեսացիս 2։4. 5։1, 2) Մենք ալ պէտք է զգուշանանք Աստուծոյ հանդէպ մեր առաջուան սէրը կորսնցնելէ։ (Գ. Յովհաննու 3) Սակայն, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ հարստութիւն ձեռք ձգելու ցանկութիւնը կամ հաճոյք հետապնդելը մեր կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը սկսած է գրաւել։ (Ա. Տիմոթէոս 4։8. 6։9, 10) Պէտք է ջերմեռանդօրէն աղօթենք եւ Աստուծմէ օգնութիւն խնդրենք, այս հակումները փոխարինելու համար Եհովայի հանդէպ խոր սիրով, եւ երախտագիտութեամբ՝ իր ու իր Որդւոյն մեզի ի նպաստ ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ։—Ա. Յովհաննու 4։10, 16

8 Քրիստոս Եփեսացիները յորդորեց. «Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ»։ Եթէ ասիկա չընէին. . . , Յիսուս ըսաւ. «Եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ»։ Եթէ բոլոր ոչխարները իրենց առաջուան սէրը կորսնցնէին, «աշտանակ»ը՝ կամ ժողովքը՝ այլեւս գոյութիւն պիտի չունենար։ Ուստի, նախանձախնդիր Քրիստոնեաներ ըլլալով, թող որ ծանր աշխատինք որ ժողովքը շարունակէ հոգեւորապէս փայլիլ։—Մատթէոս 5։14-16

9. Աղանդապաշտութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատուի։

9 Եփեսացիները գովասանքի արժանացան, քանի որ «Նիկողայոսեաններուն գործերը» կ’ատէին։ Յայտնութիւն գրքին մէջ նշուածէն զատ, այս աղանդին ծագումին, ուսուցումներուն եւ սովորութիւններուն մասին ստոյգ բան մը չենք գիտեր։ Բայց քանի որ Յիսուս մարդու հետեւորդ մը ըլլալը դատապարտեց, պէտք է շարունակենք աղանդապաշտութիւնը ատել՝ Եփեսացի Քրիստոնեաներուն նման։—Մատթէոս 23։10

10. Հոգիին ըսածներուն անսացողները ի՞նչ պիտի վայելեն։

10 Քրիստոս ըսաւ. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Աստուծոյ հոգիին ներգործութեան ներքեւ խօսեցաւ։ (Եսայեայ 61։1. Ղուկաս 4։16-21) Ուստի պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք թէ Աստուած սուրբ հոգիին միջոցաւ ի՛նչ կ’ըսէ Յիսուսի բերնով։ Հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ, Յիսուս խոստացաւ. «Ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»։ Օծեալներուն համար, որոնք հոգիին ըսածներուն կ’անսան, ասիկա կը նշանակէ անմահութիւն՝ «Աստուծոյ [երկնային] դրախտին» մէջ, կամ Եհովայի ներկայութեան։ Իսկ «մեծ բազմութիւն»ը, որ նաեւ հոգիին ըսածները մտիկ կ’ընէ, երկրային դրախտ մը պիտի վայելէ, ուր «կեանքի ջուրի գետ»էն պիտի խմէ եւ անոր երկու կողմերը գտնուող ‘ծառերուն տերեւներով’ պիտի բուժուի։—Յայտնութիւն 7։9. 22։1, 2. Ղուկաս 23։43

11. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հանդէպ սէր յառաջացնել։

11 Եփեսացիները իրենց առաջուան սէրը կորսնցուցին, սակայն, ի՞նչ ընել եթէ ներկայիս նման կացութիւն մը կը զարգանայ ժողովքի մը մէջ։ Թող որ անհատապէս Եհովայի հանդէպ սէր յառաջացնենք, իր սիրազեղ ճամբաներուն մասին խօսելով։ Կրնանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ, որ ցուցաբերեց փրկանքը հայթայթելով իր սիրելի Որդւոյն միջոցաւ։ (Յովհաննու 3։16. Հռովմայեցիս 5։8, 9) Երբ պատշաճ է, կրնանք Աստուծոյ սէրը յիշել ժողովներուն ներկայացուած բաժիններուն եւ մեր պատասխաններուն մէջ։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կրնանք ցոյց տալ, քրիստոնէական ծառայութեան մէջ իր անունը փառաբանելով։ (Սաղմոս 145։10-13) Այո, մեր խօսքերն ու արարքները կրնան շատ բան ընել ժողովքին առաջուան սէրը վերարծարծելու կամ զօրացնելու համար։

Զմիւռնիայի Հրեշտակին

12. Պատմութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ Զմիւռնիայի եւ անոր կրօնական սովորութիւններուն մասին։

12 Քրիստոս՝ «Առաջինը ու Վերջինը, որ մեռաւ ու [յարութիւն առնելով] կենդանացաւ», գովաբանեց Զմիւռնիայի ժողովքը։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 2։8-11) Զմիւռնիա (այժմ՝ Իզմիր, Թուրքիա) կառուցուած էր Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ծովափին վրայ։ Յոյները քաղաքին մէջ հաստատուեցան, սակայն Լիդիացիները զայն կործանեցին Հ.Դ.Ա. 580–ին։ Մեծն Աղեքսանդրի յաջորդները Զմիւռնիան վերաշինեցին նոր վայրի մը մէջ։ Անիկա հռովմէական Ասիոյ նահանգին մաս կազմեց եւ առեւտրական բարգաւաճ կեդրոն մըն էր, նշանաւոր՝ պետական շքեղ շէնքերով։ Անոր մէջ գտնուած Տիբերիոս Կայսրին տաճարը, զայն կայսրի պաշտամունքին մէկ կեդրոնը դարձուցած էր։ Երկրպագուները պտղունց մը խունկ պէտք էր այրէին ու ըսէին՝ «Կայսրը Տէր է»։ Քրիստոնեաները չէին կրնար համակերպիլ, քանի որ իրենց համար ‘Յիսուս Տէր է’։ Հետեւաբար, անոնք նեղութիւն քաշեցին։—Հռովմայեցիս 10։9

13. Նիւթապէս աղքատ ըլլալով հանդերձ, Զմիւռնիայի Քրիստոնեաները ի՞նչ առումով հարուստ էին։

13 Նեղութենէն զատ, Զմիւռնիայի Քրիստոնեաները աղքատութեան տոկացին, հաւանաբար տնտեսական պատժամիջոցներէ տառապելով, քանի որ կայսրի պաշտամունքին չէին մասնակցեր։ Եհովայի այժմու ծառաները այսպիսի դժուարութիւններէ զերծ չեն։ (Յայտնութիւն 13։16, 17) Նիւթապէս աղքատ ըլլալով հանդերձ, Զմիւռնիայի Քրիստոնեաներուն նման եղողները հոգեւորապէս հարուստ են, եւ ա՛յս է կարեւորը։—Առակաց 10։22. Գ. Յովհաննու 2

14, 15. Օծեալները Յայտնութիւն 2։10–էն ի՞նչ մխիթարութիւն կրնան քաղել։

14 Զմիւռնիայի Հրեաներուն մեծամասնութիւնը «Սատանայի ժողովուրդ» էր, քանի որ սուրբ գրային չեղող աւանդութիւններու կը կառչէին, Աստուծոյ Որդին կը մերժէին, եւ հոգիէն ծնած իր հետեւորդներուն հայհոյութիւն կ’ընէին։ (Հռովմայեցիս 2։28, 29) Սակայն օծեալները որքա՜ն կրնան մխիթարուիլ Քրիստոսի յաջորդ խօսքերով։ Ան կ’ըսէ. «Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։—Յայտնութիւն 2։10

15 Յիսուս չվախցաւ մեռնելէ Եհովայի գերիշխանութիւնը պաշտպանելուն համար։ (Փիլիպպեցիս 2։5-8) Թէեւ Սատանան օծեալ մնացորդին դէմ պատերազմ կը մղէ ներկայիս, սակայն անոնք չեն վախնար՝ խմբովին իրենց դիմագրաւելիք բաներէն. նեղութիւն, բանտարկութիւն կամ վայրագ մահ։ (Յայտնութիւն 12։17) Անոնք աշխարհին յաղթողներ պիտի ըլլան։ Իսկ հեթանոսական խաղերուն մէջ յաղթական մարզիկներուն կրած թառամեալ՝ ծաղկազարդ պսակին տեղ, Քրիստոս յարուցանուած օծեալներուն կը խոստանայ «կենաց պսակը»՝ որպէս անմահ արարածներ երկնքի մէջ։ Ի՜նչ անգին պարգեւ։

16. Եթէ կ’ընկերակցինք ժողովքի մը հետ, որ վաղեմի Զմիւռնիայի ժողովքին պէս է, մեր ուշադրութիւնը ո՞ր հարցին վրայ պէտք է կեդրոնացնենք։

16 Մեր յոյսը երկնային ըլլայ թէ երկրային, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ կ’ընկերակցինք ժողովքի մը հետ, որ վաղեմի Զմիւռնիայի ժողովքին պէս է։ Թող որ մեր հաւատակիցներուն օգնենք որ կեդրոնանան գլխաւոր պատճառին վրայ թէ ինչո՛ւ Աստուած հալածանքը կը թոյլատրէ. տիեզերական գերիշխանութեան հարցը։ Ուղղամտութիւն պահող իւրաքանչիւր Եհովայի Վկայ կը փաստէ Սատանային ստախօս ըլլալը եւ կ’ապացուցանէ թէ նոյնիսկ հալածուած մարդը կրնայ որպէս Տիեզերքի Գերիշխան Աստուծոյ իշխելու իրաւունքին անսասան ջատագովը ըլլալ։ (Առակաց 27։11) Թող որ ուրիշ Քրիստոնեաները քաջալերենք որ հալածանքի տոկան եւ, որպէս արդիւնք, շարունակենք ‘առանց վախի [Եհովան] պաշտել սրբութիւնով ու արդարութիւնով անոր առջեւ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ’, նոյնիսկ՝ յաւիտեան։—Ղուկաս 1։68, 69, 74, 75

Պերգամոնի Հրեշտակին

17, 18. Պերգամոն ի՞նչ պաշտամունքի կեդրոն մըն էր, եւ այս կռապաշտութեան չմասնակցիլը ի՞նչ բանի կրնար առաջնորդել։

17 Պերգամոնի ժողովքին թէ՛ գովասանք եւ թէ սրբագրութիւն տրուեցան։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 2։12-17) Շուրջ 80 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ Զմիւռնիայի հիւսիսը գտնուող Պերգամոն, հեթանոսական կրօնքին մէջ արմատացած քաղաք մըն էր։ Այնպէս կը թուի թէ Քաղդէացի մոգեր Բաբելոնէն հոն փախչած էին։ Հիւանդներ խուռներամ կը դիմէին դէպի Պերգամոնի մէջ գտնուող Ասկղէպիոսի համբաւաւոր տաճարը, որ բժշկութեան ու դարմանումի չաստուածն էր։ Օգոստոս Կայսրի պաշտամունքին նուիրուած տաճար ունենալով, Պերգամոն կոչուած է «կայսրի պաշտամունքին գլխաւոր կեդրոնը նախկին կայսրութեան ներքեւ»։—Encyclopædia Britannica, 1959, Հատոր ԺԷ., էջ 507

18 Պերգամոնի մէջ Զեւսի նուիրուած զոհասեղան մը կար։ Քաղաքը նաեւ Սատանայի կողմէ ներշնչուած մարդու պաշտամունքի կեդրոն մըն էր։ Զարմանալի չէ որ հոն գտնուող ժողովքին համար ըսուեցաւ թէ անիկա «Սատանային աթոռին եղած տեղը» կը բնակէր։ Կայսրին պաշտամունք մատուցանելը մերժելը եւ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելը կրնար մահուան առաջնորդել։ Աշխարհը տակաւին Բանսարկուին զօրութեան ներքեւ է, եւ ներկայիս ազգային խորհրդանիշերը կ’աստուածացուին։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Առաջին դարէն մինչեւ օրս, հաւատարիմ Քրիստոնեաներէն շատեր նահատակուած են, այն անհատին նման, որ Քրիստոս կոչեց «Անթիպաս՝ իմ հաւատարիմ վկաս՝ [որ] սպաննուեցաւ ձեր մէջ»։ Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս վստահաբար չեն մոռնար այսպիսի հաւատարիմ ծառաներ։—Ա. Յովհաննու 5։21

19. Բաղաամ ի՞նչ ըրաւ, եւ բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանան։

19 Քրիստոս նաեւ խօսեցաւ «Բաղաամին վարդապետութեանը» մասին։ Նիւթական շահու տենչը ունենալով, Բաղաամ սուտ մարգարէն փորձեց Իսրայէլը անիծել։ Երբ Աստուած իր անէծքը օրհնութեան վերածեց, Բաղաամ Մովաբացի Բաղակ Թագաւորին հետ համագործակցեցաւ ու բազմաթիւ Իսրայելացիներ հրապուրեց որ կռապաշտութիւն եւ սեռային անբարոյութիւն գործեն։ Քրիստոնեայ երէցները արդարութեան կողքին հաստատ դիրք պէտք է բռնեն Փենէհէսի նման, որ Բաղաամի ծրագիրներուն դէմ գործի լծուեցաւ։ (Թուոց 22։1–25։15. Բ. Պետրոս 2։15, 16. Յուդա 11) Իրականութեան մէջ, բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է զգոյշ ըլլան որ կռապաշտութիւնն ու սեռային անբարոյութիւնը ժողովքէն ներս չսպրդին։—Յուդա 3, 4

20. Եթէ Քրիստոնեայ մը սկսած է հաւատուրաց գաղափարներ սնուցանել, ի՞նչ պէտք է ընէ։

20 Պերգամոնի ժողովքը մեծ վտանգի տակ էր, քանի որ թոյլ տուած էր որ իր մէջ «Նիկողայոսեաններուն վարդապետութեան հետեւողներ» ըլլան։ Քրիստոս ժողովքին ըսաւ. «Ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ»։ Աղանդապաշտները կ’ուզեն Քրիստոնեաներուն հոգեւոր վնաս հասցնել. բաժանումներ ու աղանդներ յառաջացնել ուզողները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն։ (Հռովմայեցիս 16։17, 18. Ա. Կորնթացիս 1։10. Գաղատացիս 5։19-21) Եթէ Քրիստոնեայ մը սկսած է հաւատուրաց գաղափարներ սնուցանել եւ կ’ուզէ զանոնք տարածել, Քրիստոսի ազդարարութեան պէտք է ուշադրութիւն ընծայէ։ Ինքզինք աղէտէ ազատելու համար, ան պէտք է զղջայ ու ժողովքի երէցներէն հոգեւոր օգնութիւն խնդրէ։ (Յակոբու 5։13-18) Անմիջական քայլեր պէտք է առնուին, քանի որ Յիսուս շուտով դատաստան պիտի գործադրէ։

21, 22. Որո՞նք «պահուած մանանայէն» կ’ուտեն, եւ ասիկա ի՞նչ կը խորհրդանշէ։

21 Հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները եւ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցները մօտալուտ դատաստանէն պէտք չէ վախնան։ Օրհնութիւններ վերապահուած են բոլոր անոնց, որոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիին առաջնորդութեամբ տրուած Յիսուսի խրատին կ’անսան։ Օրինակ, աշխարհին յաղթող օծեալները պիտի հրաւիրուին «պահուած մանանայէն» ուտելու եւ «ճերմակ խիճ մը» պիտի ստանան, որուն վրայ «նոր անուն» մը գրուած է։

22 Աստուած մանանան հայթայթեց Իսրայելացիները կերակրելու համար, անապատին մէջ իրենց 40 տարուան շրջագայութեան ընթացքին։ Այդ «հաց»էն մաս մը ուխտին տապանակին մէջ ոսկիէ սափորի մը մէջ դրուած էր, եւ այսպէս պահուած էր խորանին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ, ուր հրաշալի լոյս մը Եհովայի ներկայութիւնը կը խորհրդանշէր։ (Ելից 16։14, 15, 23, 26, 33. 26։34. Եբրայեցիս 9։3, 4) Ո՛չ մէկը արտօնութիւն ունէր այդ պահուած մանանայէն ուտելու։ Սակայն, յարութեան ժամանակ, Յիսուսի օծեալ հետեւորդները անմահութիւն կը հագնին, զոր կը խորհրդանշէ «պահուած մանանայէն» ուտելը։—Ա. Կորնթացիս 15։53-57

23. «Ճերմակ խիճ»ը եւ «նոր անուն»ը ի՞նչ նշանակութիւն ունին։

23 Հռովմէական ատեաններուն մէջ, սեւ խիճը դատապարտելի կը նշանակէր, իսկ ճերմակ խիճը՝ անդատապարտելի։ Յիսուս յաղթական օծեալ Քրիստոնեաներուն «ճերմակ խիճ մը» տալով ցոյց կու տայ թէ զանոնք անմեղ, անարատ ու մաքուր կը նկատէ։ Քանի որ Հռովմէացիները նաեւ խիճը կը գործածէին որպէս տոմս կարեւոր դէպքերու ներկայ գտնուելու համար, «ճերմակ խիճ»ը կրնայ նշել թէ օծեալը երկնքի մէջ Գառնուկին հարսնիքին մէջ տեղ մը գրաւած է։ (Յայտնութիւն 19։7-9) «Նոր անուն»ը բացայայտօրէն կը նշէ երկնային Թագաւորութեան մէջ որպէս ժառանգակիցներ Յիսուսի միանալու առանձնաշնորհումը։ Այս բոլորը որքա՜ն կը քաջալերեն օծեալներն ու Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց ընկերակիցները, որոնք կը յուսան երկրային դրախտի մը մէջ ապրիլ։

24. Հաւատուրացութեան հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է առնենք։

24 Խոհեմութիւն է յիշել թէ Պերգամոնի ժողովքը հաւատուրացներու կողմէ վտանգի ենթարկուած էր։ Եթէ նման պարագայ մը կը սպառնայ մեր ընկերակցած ժողովքին հոգեւոր բարօրութեան, թող որ բոլորովին մերժենք հաւատուրացութիւնը եւ շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել։ (Յովհաննու 8։32, 44. Գ. Յովհաննու 4) Որովհետեւ սուտ ուսուցիչները կամ հաւատուրացութեան հակում ունեցողները կրնան ամբողջ ժողովք մը ապականել, հաւատուրացութեան դէմ հաստատ կեցուածք մը պէտք է պահպանենք, երբեք թոյլ չտալով որ չար դրդումը կամ համոզումը մեզ ետ կեցնէ՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդինք։—Գաղատացիս 5։7-12. Բ. Յովհաննու 8-11

25. Յաջորդ յօդուածին մէջ, ո՞ր ժողովքներուն ուղղուած Քրիստոսի պատգամները պիտի քննարկենք։

25 Նկատի առինք փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսի միտք գրգռող գովաբանական ու խրատական խօսքերը, որ ըսաւ Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուող եօթը ժողովքներէն երեքին։ Սակայն, սուրբ հոգիէն առաջնորդուած, ան տակաւին շատ ըսելիք ունի մնացեալ չորս ժողովքներուն։ Թիւատիրի, Սարդիկէի, Ֆիլատելֆիայի ու Լաւոդիկէի ուղղուած այս պատգամները պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ժողովքներուն ուղղուած Քրիստոսի խօսքերուն ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

• Ի՞նչպէս կրնանք օգնել որ ժողովքի մը առաջուան սէրը վերարծարծուի։

• Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ վաղեմի Զմիւռնիայի մէջ նիւթապէս աղքատ Քրիստոնեաները իրապէս հարուստ էին։

• Պերգամոնի ժողովքին կացութիւնը նկատի առնելով, հաւատուրաց մտածելակերպը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Քարտէս՝ էջ 8]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՓՈՔՐ ԱՍԻԱ

Եփեսոս

Զմիւռնիա

Պերգամոն

Թիւատիր

Սարդիկէ

Ֆիլատելֆիա

Լաւոդիկէ

[Նկար՝ էջ 10]

«Մեծ բազմութիւն»ը երկրային դրախտ մը պիտի վայելէ

[Նկարներ՝ էջ 11]

Հալածուած Քրիստոնեաները աշխարհին յաղթողներ են