Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է»

«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է»

«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է»

Այս երկու ուսումնասիրութեան յօդուածներուն մէջ նկատի առնուած տեղեկութիւնները հիմնուած են՝ Եհովայի Մօտեցէք գրքին վրայ, որ 2002/2003–ի ընթացքին համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած նահանգային համաժողովներուն լոյս տեսաւ։—Տես՝ «Անիկա Սրտիս Մէջ Պարապութիւն մը Լեցուց», էջ 29։

«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 25։9

1, 2. (ա) Եհովա ի՞նչպէս ակնարկութիւն ըրաւ Աբրահամ նահապետին, եւ ասիկա մեզ կը մղէ ի՞նչ հարցնելու։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը հաւաստիացնէ մեզ թէ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը կարելի է։

‘ԲԱՐԵԿԱՄՍ’։ Երկնքի ու երկրի Ստեղծիչը՝ Եհովա, այս կերպով ակնարկութիւն ըրաւ Աբրահամ նահապետին։ (Եսայեայ 41։8, ՆԱ) Պահ մը երեւակայեցէք. սովորական մարդ արարած մը տիեզերքի Գերիշխան Տիրոջ բարեկամութիւնը կը վայելէ։ Թերեւս հարց տաք՝ ‘Կարելի՞ է որ Աստուծոյ ա՛յդքան մօտիկ ըլլամ’։

2 Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը կարելի է։ Աբրահամ վայելեց այսպիսի մտերմութիւն մը, քանի որ «Աստուծոյ հաւատաց»։ (Յակոբու 2։23) Ներկայիս ալ, Եհովայի «մտերմութիւնը արդարներուն հետ է»։ (Առակաց 3։32) Յակոբու 4։8–ի մէջ, Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Բացայայտօրէն, եթէ Եհովայի մօտենալու քայլեր առնենք, ան պիտի ընդառաջէ։ Արդարեւ, ան մեզի պիտի մօտենայ։ Սակայն այս ներշնչեալ խօսքերը կը նշանակե՞ն թէ մենք,– մեղաւոր ու անկատար մարդիկս,– առաջին քայլը պէտք է առնենք։ Անշուշտ ոչ։ Եհովայի հետ մտերմութիւնը կարելի է, միայն անոր համար որ մեր սիրալիր Աստուածը երկու կարեւոր քայլեր առած է։—Սաղմոս 25։14

3. Եհովա ո՞ր երկու քայլերը առած է, որպէսզի կարելի դարձնէ որ իր բարեկամութիւնը վայելենք։

3 Նախ՝ Եհովա կարգադրեց որ Յիսուս «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տայ»։ (Մատթէոս 20։28) Այս փրկանքի զոհը կարելի կը դարձնէ որ մենք Աստուծոյ մօտենանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց»։ (Ա. Յովհաննու 4։19) Այո, որովհետեւ Աստուած «առաջ մեզ սիրեց», ան հիմը դրաւ որ մենք իրեն հետ բարեկամութիւն մշակենք։ Երկրորդ, Եհովա ինքզինք յայտնած է մեզի։ Որեւէ բարեկամութիւն կը հիմնուի անհատը մօտէն ճանչնալով, անոր նկարագրի իւրայատուկ գիծերուն վրայ զմայլելով եւ զանոնք արժեւորելով։ Նկատի առէք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Եթէ Եհովա ծածկուած, անճանաչելի Աստուած մը ըլլար, երբեք պիտի չկարենայինք իրեն մօտենալ։ Սակայն, փոխանակ ինքզինք թաքցնելու, Եհովա կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք։ (Եսայեայ 45։19) Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ, ան ինքզինք կը յայտնէ, մեզի հասկնալի եղող արտայայտութիւններով. ապացոյց մը որ ան ո՛չ միայն մեզ կը սիրէ, այլ նաեւ՝ կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք եւ սիրենք որպէս մեր սիրալիր Հայրը։

4. Մինչ Եհովայի յատկութիւնները աւելի կ’ըմբռնենք, ի՞նչպէս պիտի զգանք իրեն հանդէպ։

4 Բնաւ մանուկ մը տեսա՞ծ էք, որ իր ընկերներուն ցոյց կու տայ իր հայրը, ապա անմեղ ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կ’ըսէ՝ «Ասիկա հայրիկս է»։ Աստուծոյ երկրպագուները ամէն պատճառ ունին Եհովայի հանդէպ նոյն զգացումը ունենալու։ Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ ժամանակ մը, երբ հաւատարիմ անհատներ պիտի բացագանչեն. «Ահա մեր Աստուածը ասիկա է»։ (Եսայեայ 25։8, 9) Եհովայի յատկութիւնները ո՛րքան աւելի խոր կերպով ըմբռնենք, ա՛յնքան աւելի պիտի զգանք թէ ամենալաւ Հայրը եւ ամենամօտիկ Բարեկամը ունինք։ Այո, Եհովայի յատկութիւնները ըմբռնելը, իրեն մօտենալու բազմաթիւ պատճառներ կու տայ մեզի։ Ուստի քննենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կը յայտնէ Եհովայի գլխաւոր յատկութիւնները. զօրութիւն, արդարութիւն, իմաստութիւն եւ սէր։ Այս յօդուածին մէջ, առաջին երեք յատկութիւնները պիտի քննարկենք։

«Մեծ Է Զօրութեամբ»

5. Ինչո՞ւ պատշաճ է որ միայն Եհովա կոչուի «Ամենակալ», եւ ան իր ահարկու զօրութիւնը ի՞նչ կերպերով կը գործածէ։

5 Եհովա «մեծ է զօրութեամբ»։ (Յոբայ 37։23) Երեմեայ 10։6–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ. դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է»։ Ոեւէ արարածի հակառակը, Եհովա անսահման զօրութիւն ունի։ Այս պատճառաւ, միայն ինք կոչուած է «Ամենակալ»։ (Յայտնութիւն 15։3) Եհովա իր ահարկու զօրութիւնը կը գործածէ ստեղծելու, կործանելու, պաշտպանելու եւ վերահաստատելու։ Նկատի առէք միայն երկու օրինակ. իր ստեղծագործական զօրութիւնը եւ իր պաշտպանողական զօրութիւնը։

6, 7. Արեւը որքա՞ն զօրաւոր է, եւ անիկա ո՞ր կարեւոր ճշմարտութեան կը վկայէ։

6 Երբ ամրան պայծառ օր մը դուրս ելլէք, ձեր մորթին վրայ ի՞նչ կը զգաք։ Արեւուն ջերմութիւնը։ Իրականութեան մէջ, դուք Եհովայի ստեղծագործական զօրութեան արդիւնքները կը զգաք։ Արեւը որքա՞ն զօրաւոր է։ Անոր կորիզի ջերմաստիճանը շուրջ 15,000,000°C է։ Եթէ արեւուն կորիզէն ասեղի մը գլուխին չափ կտոր մը առնէք եւ զայն հոս երկրի վրայ դնէք, ջերմութեան այդ փոքրիկ աղբիւրէն միայն 150 քիլոմեթր անդին կրնաք կենալ։ Իւրաքանչիւր երկվայրկեան, արեւը հարիւր միլիոնաւոր կորիզային ռումբերու պայթումին հաւասար ուժանիւթ կ’արձակէ։ Սակայն, երկիրը շրջան կ’ընէ այդ սարսափազդու ջերմակորիզային հնոցէն ճիշդ յարմար հեռաւորութեան վրայ։ Եթէ շատ մօտ ըլլար, երկրի ջուրը պիտի շոգիանար. եթէ շատ հեռու ըլլար, անիկա ամբողջութեամբ պիտի սառէր։ Երկու ծայրայեղ պարագաներն ալ մեր մոլորակը անկենդան պիտի դարձնէին։

7 Թէեւ մարդոց կեանքը արեւէն կախեալ է, սակայն շատեր զայն թեթեւի կ’առնեն։ Հետեւաբար, անոնք չեն սորվիր ինչ որ արեւը կրնայ սորվեցնել մեզի։ Սաղմոս 74։16–ը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր»։ Այո, արեւը կը փառաւորէ Եհովան, «որ երկինքը ու երկիրը . . . ստեղծեց»։ (Սաղմոս 146։6) Այսուհանդերձ, անիկա պարզապէս այն բազմաթիւ ստեղծագործութիւններէն մէկն է, որ մեզի կը սորվեցնէ Եհովայի անհուն զօրութեան մասին։ Որքա՛ն աւելի սորվինք Եհովայի ստեղծագործական զօրութեան մասին, ա՛յնքան աւելի խոր երկիւղ կ’ունենանք։

8, 9. (ա) Ո՞ր պատկերը մեզի ցոյց կու տայ իր երկրպագուները պաշտպանելու ու հոգալու համար Եհովայի կամեցողութիւնը։ (բ) Աստուածաշունչի ժամանակներու հովիւը իր ոչխարները ի՞նչպէս կը հոգար, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ մեր Մեծ Հովիւին մասին։

8 Եհովա իր ահաւոր զօրութիւնը կը գործածէ նաեւ իր ծառաները պաշտպանելու եւ անոնց հոգ տանելու համար։ Աստուածաշունչը կը գործածէ կարգ մը վառ՝ սակայն սրտաշարժ պատկերներ, նկարագրելու համար Եհովայի պաշտպանող հոգատարութեան խոստումները։ Օրինակ, նկատի առէք Եսայեայ 40։11–ը։ Հոս Եհովա ինքզինք կը նմանցնէ հովիւի մը, իսկ իր ժողովուրդը՝ ոչխարներու։ Կը կարդանք. «Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ»։ Կրնա՞ք այս համարին մէջի նկարագրութիւնը մտապատկերացնել։

9 Շատ քիչ անասուններ ընտանի ոչխարներուն նման անպաշտպան են։ Աստուածաշունչի ժամանակներու հովիւը քաջ պէտք էր ըլլար, որպէսզի կարենար իր ոչխարները գայլերէն, արջերէն եւ առիւծներէն պաշտպանել։ (Ա. Թագաւորաց 17։34-36. Յովհաննու 10։10-13) Սակայն, երբեմն ոչխարները պաշտպանելը ու հոգալը քնքշութիւն կը պահանջէր։ Օրինակ, երբ ոչխար մը հօտէն հեռու ծնունդ տար, հովիւը ի՞նչպէս կրնար անօգնական գառնուկը ապահով պահել։ Ան անօգնական գառնուկը իր «գրկին»՝ իր հանդերձներուն ծալքերուն մէջ կը շալկէր, թերեւս օրեր։ Սակայն, փոքր գառնուկ մը ի՞նչպէս կրնար հովիւի մը գիրկը ելլել։ Թերեւս գառնուկը հովիւին կը մօտենար եւ նոյնիսկ անոր ոտքին կը քսուէր։ Սակայն հովիւն է որ պէտք էր ծռէր, գառնուկը շալկէր եւ զայն իր ապահով գրկին մէջ դնէր։ Իր ծառաները պաշտպանելու ու հոգալու համար մեր Մեծ Հովիւին կամեցողութեան ի՜նչ քնքուշ պատկեր մը։

10. Եհովա ի՞նչ պաշտպանութիւն կը հայթայթէ ներկայիս, եւ ինչո՞ւ այս պաշտպանութիւնը յատկապէս կարեւոր է։

10 Եհովա պաշտպանել խոստանալէն աւելին ըրած է։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ան հրաշալի կերպերով ցոյց տուաւ թէ ինք կարող է «բարեպաշտները փորձութենէ ազատել»։ (Բ. Պետրոս 2։9) Իսկ մեր օրերուն, գիտենք որ ան իր զօրութիւնը չի գործածեր մեզ իւրաքանչիւր աղէտէ պաշտպանելու համար։ Սակայն, ան աւելի կարեւոր բան մը կը հայթայթէ. հոգեւոր պաշտպանութիւն։ Մեր սիրալիր Աստուածը մեզ կը պաշտպանէ հոգեւոր վնասներէ, մեզ զինելով հարկ եղած բաներով, որպէսզի կարենանք փորձութիւններու տոկալ եւ իր հետ մեր յարաբերութիւնը պահպանել։ Օրինակ, Ղուկաս 11։13–ը կ’ըսէ. «Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ Այդ զօրաւոր ոյժը կրնայ մեզ զինել որեւէ փորձութիւն կամ խնդիր դիմագրաւելու։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Այսպիսով Եհովա հարկ եղածը կ’ընէ պահպանելու համար մեր կեանքը, ո՛չ միայն քանի մը տարուան համար, այլ՝ յաւիտեան։ Այս հեռանկարը ի մտի ունենալով, այս դրութեան մէջ որեւէ նեղութիւն արդարեւ ‘վայրկենական ու թեթեւ’ կրնանք նկատել։ (Բ. Կորնթացիս 4։17) Ա՛յսքան սիրալիր կերպով իր զօրութիւնը մեզի ի նպաստ գործածող Աստուած մը մեզ չի՞ հրապուրեր։

«Տէրը կը Սիրէ Իրաւունքը»

11, 12. (ա) Եհովայի արդարութիւնը ինչո՞ւ մեզ իրեն կը մօտեցնէ։ (բ) Եհովայի արդարութեան նկատմամբ Դաւիթ ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցաւ, եւ այս ներշնչեալ խօսքերը ի՞նչպէս կը մխիթարեն մեզ։

11 Եհովա կ’ընէ ինչ որ արդար է, եւ ասիկա հաստատօրէն կ’ընէ՝ առանց աչառութեան։ Աստուածային արդարութիւնը սառն, բիրտ յատկութիւն մը չէ որ մեզ կը խորշեցնէ, այլ՝ սիրելի յատկութիւն մըն է, որ մեզ Եհովայի կը մօտեցնէ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը նկարագրէ այս յատկութեան սիրտ տոգորող բնոյթը։ Ուստի, նկատի առնենք երեք կերպեր, որոնցմով Եհովա իր արդարութիւնը ի գործ կը դնէ։

12 Նախ՝ Եհովայի արդարութիւնը զինք կը մղէ որ իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց տայ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ փորձառաբար արժեւորեց Եհովայի արդարութեան այս երեսակը։ Իր փորձառութեամբ եւ Աստուծոյ գործելակերպերը ուսումնասիրելով, Դաւիթ ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցաւ։ Ան ըսաւ. «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. յաւիտեան կը պահուին անոնք»։ (Սաղմոս 37։28) Ի՜նչ հանգստացնող երաշխիք մը։ Մեր Աստուածը իրեն հաւատարիմ եղողները պահ մը իսկ պիտի չլքէ։ Հետեւաբար, կրնանք իր բարեկամութեան եւ սիրազեղ հոգատարութեան վստահիլ։ Իր արդարութիւնը կ’երաշխաւորէ ասիկա։—Առակաց 2։7, 8

13. Անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութիւնը ի՞նչպէս բացայայտ է Իսրայէլի տուած իր Օրէնքին մէջ։

13 Երկրորդ, աստուածային արդարութիւնը տառապեալներուն կարիքներուն հանդէպ զգայուն է։ Անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ Եհովայի հետաքրքրութիւնը բացայայտ է Իսրայէլի տուած իր Օրէնքին մէջ։ Օրինակ, Օրէնքը կարգադրութիւններ ունէր, որպէսզի որբերուն ու որբեւայրիներուն հոգ տարուէր։ (Բ. Օրինաց 24։17-21) Գիտակցելով թէ այսպիսի ընտանիքներու համար կեանքը ո՛րքան դժուար կրնար ըլլալ, Եհովա հօր մը նման անոնց Դատաւորը եւ Պաշտպանը դարձաւ։ (Բ. Օրինաց 10։17, 18) Ան Իսրայելացիները զգուշացուց որ եթէ անպաշտպան կիներն ու երախաները հարստահարէին, ինք պիտի լսէր անոնց աղաղակը։ «Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի», ըսաւ ան, ինչպէս արձանագրուած է Ելից 22։22-24–ի մէջ։ Թէեւ բարկութիւնը Աստուծոյ տիրական յատկութիւններէն մէկը չէ, սակայն ան արդարացի բարկութեամբ կը գրգռուի երբ դիտումնաւոր անիրաւութիւններ կը կատարուին, մանաւանդ երբ թիրախը անպաշտպան անհատներ են։—Սաղմոս 103։6

14. Եհովայի անաչառութեան աչքառու մէկ ապացոյցը ի՞նչ է։

14 Երրորդ, Բ. Օրինաց 10։17–ի մէջ, Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա «աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ»։ Զօրութիւն կամ հեղինակութիւն ունեցող բազմաթիւ անհատներուն հակառակը, Եհովա նիւթական հարստութեամբ կամ դրսերեւոյթով չի խաբուիր։ Ան կանխադատութիւն կամ կողմնակցութիւն չունի։ Իր անաչառութեան աչքառու մէկ ապացոյցը հետեւեալն է. Իր ճշմարիտ երկրպագուները ըլլալու պատեհութիւնը՝ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով՝ սակաւաթիւ ընտրուածներու սահմանափակուած չէ։ Ընդհակառակը, Գործք Առաքելոց 10։34, 35–ը կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ Այս հեռանկարը մատչելի է բոլորին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ իրենց ընկերային մակարդակը, մորթին գոյնը կամ ապրած երկիրը։ Ասիկա իսկական արդարութեան բարձրագոյն աստիճանը չէ՞։ Արդարեւ, Եհովայի արդարութիւնը աւելի լաւ կերպով հասկնալը մեզ իրեն կը մօտեցնէ։

‘Ո՜վ Աստուծոյ Իմաստութեան Խորունկութիւնը’

15. Ի՞նչ է իմաստութիւնը, եւ Եհովա զայն ի՞նչպէս կը ցուցաբերէ։

15 Ինչպէս արձանագրուած է Հռովմայեցիս 11։33–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ մղուեցաւ բացագանչելու. «Ո՜վ Աստուծոյ . . . իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը»։ Այո, մինչ Եհովայի անհուն իմաստութեան զանազան երեսակներուն մասին կը խորհինք, ինքնաբերաբար երկիւղով կը լեցուինք։ Սակայն, այս յատկութիւնը ի՞նչպէս կրնանք սահմանել։ Իմաստութիւնը՝ գիտութիւնը, խորատեսութիւնն ու հասկացողութիւնը իրարու քով կը բերէ եւ զանոնք ի գործ կը դնէ։ Իր ընդարձակ գիտութեան ու խոր հասկացողութեան վրայ հիմնուելով, Եհովա միշտ լաւագոյն որոշումները կը կայացնէ, զանոնք գործադրելով կարելի եղող լաւագոյն միջոցներով։

16, 17. Եհովայի ստեղծագործութիւնները ի՞նչպէս իր խոր իմաստութեան կը վկայեն։ Օրինակ մը տուէք։

16 Եհովայի խոր իմաստութեան կարգ մը մասնայատուկ ապացոյցները ի՞նչ են։ Սաղմոս 104։24–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ»։ Արդարեւ, Եհովայի ըրած բաներուն մասին ո՛րքան աւելի սորվինք, ա՛յնքան աւելի իր իմաստութիւնը մեզ երկիւղով կը պատէ։ Գիտնականներն անգամ շատ բան սորված են Եհովայի ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրելով։ Նոյնիսկ կայ կենսընդօրինակութիւն կոչուած ճարտարագիտութեան մէկ մարզը, որ կը փորձէ բնութեան մէջ գտնուող բաները ընդօրինակել։

17 Օրինակ, թերեւս հիացմունքով դիտած էք գեղեցիկ սարդոստայն մը։ Անիկա արդարեւ սքանչելի կերպով ծրագրուած է։ Կարգ մը դիւրաբեկ երեւցող թելեր համեմատաբար աւելի զօրաւոր են քան՝ պողպատը, աւելի կարծր են քան՝ փամփշտարգել բաճկոնի մը բնաթելերը։ Ասիկա ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ։ Երեւակայեցէք մեծցուած ոստայնացանց մը, որ ձկնորսանաւու մը մէջ գործածուող ուռկանի մը չափն է։ Այս ոստայնացանցը ա՛յնքան ամուր պիտի ըլլար, որ պիտի կարենար օդին մէջ թռչող ճամբորդատար օդանաւ մը կեցնել։ Այո, Եհովա այս բոլոր բաները «իմաստութիւնով» շինած է։

18. Եհովա իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ արձանագրելու համար մարդիկ գործածելով, իր իմաստութիւնը ի՞նչպէս յայտնած է։

18 Եհովայի իմաստութեան ամենամեծ ապացոյցը կարելի է գտնել իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ։ Անոր էջերուն մէջ գտնուող իմաստուն խրատները, իրապէս մեզի ցոյց կու տան լաւագոյն ապրելակերպը։ (Եսայեայ 48։17) Սակայն, Եհովայի անբաղդատելի իմաստութիւնը կը տեսնուի նաեւ Աստուածաշունչի գրուած կերպով։ Ի՞նչպէս։ Իր իմաստութեամբ, Եհովա ընտրեց մարդիկ գործածել իր Խօսքը արձանագրելու համար։ Եթէ անոնց փոխարէն հրեշտակներ գործածելու ըլլար, Աստուածաշունչը նոյնքան հետաքրքրական պիտի ըլլա՞ր։ Ճիշդ է որ հրեշտակները կրնային Եհովան պատկերացնել իրենց վսեմ տեսակէտին համաձայն եւ իրեն հանդէպ իրենց ունեցած նուիրումը արտայայտել։ Սակայն, պիտի կարենայի՞նք ըմբռնել կատարեալ հոգեղէն արարածներու հայեցակէտը, որոնց գիտութիւնը, փորձառութիւնն ու զօրութիւնը մեր ունեցածէն գերիվեր են։—Եբրայեցիս 2։6, 7

19. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ մարդկային գրագիրներու գործածութիւնը Աստուածաշունչը շատ աւելի ջերմ ու գրաւիչ կը դարձնէ։

19 Մարդկային գրագիրներու գործածութիւնը Աստուածաշունչը շատ աւելի ջերմ ու գրաւիչ կը դարձնէ։ Զայն գրողները մեզի նման զգացումներ ունեցող մարդիկ էին։ Անկատար ըլլալով, անոնք՝ մեզի նման՝ փորձութիւններ եւ ճնշումներ դիմագրաւեցին։ Կարգ մը պարագաներու, անոնք իրենց անձնական զգացումներուն եւ պայքարներուն մասին գրեցին։ (Բ. Կորնթացիս 12։7-10) Ուստի, անոնք գրեցին բաներ, որոնք հրեշտակ մը պիտի չկարենար արտայայտել։ Օրինակ, նկատի առէք 51–րդ Սաղմոսի մէջ արձանագրուած Դաւիթի խօսքերը։ Ըստ մակագրութեան, Դաւիթ այս սաղմոսը յօրինեց, լուրջ մեղք մը գործելէ յետոյ։ Ան իր սիրտը թափեց, խոր վիշտ արտայայտելով եւ Աստուծմէ ներում խնդրելով։ 2 եւ 3–րդ համարները կ’ըսեն. «Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։ Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներս ու իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է»։ Նկատի առէք 5–րդ համարը. «Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս»։ 17–րդ համարը կ’աւելցնէ. «Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ Գրողին զգացական տառապանքը չէ՞ք զգար։ Միայն անկատար մարդ մը կրնայ այսպիսի խոր յուզումներ արտայայտել։

20, 21. (ա) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ մարդկային գրագիրներ գործածուելով հանդերձ, Աստուածաշունչը Եհովայի իմաստութիւնը կը պարունակէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

20 Անկատար մարդիկ գործածելով, Եհովա հայթայթեց ճիշդ այն, որուն պէտքը ունէինք. ‘Աստուծմէ ներշնչուած’ արձանագրութիւն մը, որուն մէջ մարդկային մասը կայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Այո, այդ գրողները սուրբ հոգիով առաջնորդուած էին։ Հետեւաբար, անոնք Եհովայի իմաստութիւնը արձանագրեցին, ոչ թէ՝ իրենցը։ Այդ իմաստութիւնը կատարելապէս վստահելի է։ Անիկա մեր իմաստութենէն ա՛յնքան գերիվեր է, որ Աստուած սիրալիրօրէն կը յորդորէ մեզ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ (Առակաց 3։5, 6) Այս իմաստուն խրատին հետեւելով, մեր ամէնիմաստուն Աստուծոյն աւելի կը մօտենանք։

21 Եհովայի յատկութիւններէն ամենէն գրաւիչը եւ գեղեցիկը՝ սէրն է։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ թէ Եհովա ի՛նչպէս սէր ցոյց տուած է։

Կրնա՞ք յիշել

Եհովա ի՞նչ քայլեր առած է, որպէսզի կարենանք իրեն հետ մտերմութիւն մշակել։

Եհովայի ստեղծագործական զօրութեան ու պաշտպանողական զօրութեան կարգ մը օրինակները ի՞նչ են։

Եհովա ի՞նչ կերպերով իր արդարութիւնը ի գործ կը դնէ։

Եհովայի իմաստութիւնը ի՞նչպէս կը տեսնուի իր ստեղծագործութիւններուն եւ Աստուածաշունչին մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Հովիւի մը նման որ գառնուկը իր գիրկը կը շալկէ, Եհովա քնքշօրէն հոգ կը տանի Իր ոչխարներուն

[Նկար՝ էջ 23]

Եհովայի իմաստութիւնը կը տեսնուի Աստուածաշունչի գրուած կերպով