«Անիկա սրտիս մէջ պարապութիւն մը լեցուց»
«Անիկա սրտիս մէջ պարապութիւն մը լեցուց»
«ՍՐՏԻՍ խորքէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի՝ Եհովայի Մօտեցէք գեղեցիկ նուէրին համար։ Անիկա սրտիս մէջ պարապութիւն մը լեցուց. կարիքը ունէի զգալու թէ Եհովա ինծի հանդէպ սէր ու գուրգուրանք ունի։ Այժմ Եհովայի ու իր սիրելի Որդւոյն շա՛տ աւելի մօտիկ կը զգամ։ Կ’ուզեմ ամէն անհատի այս գրքին մասին խօսիլ եւ բոլոր սիրելիներուս օրինակ մը տալ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Եհովայի Վկայ մը, 320 էջնոց նոր գրքին մասին, որ լոյս տեսաւ «Թագաւորութիւնը Նախանձախնդրաբար Ծանուցանողներ» բնաբանով Նահանգային Համաժողովներուն, 2002/2003–ի ընթացքին։ Նկատի առնենք այս նոր գրքին կարգ մը երեսակները եւ անոր հրատարակուելուն պատճառը։
Նոր Գրքին Կարգ մը Երեսակները
Այս նոր գիրքը ի՞նչ կը բովանդակէ։ Այս պարբերաթերթին երկու ուսումնասիրութեան յօդուածներուն մէջ ներկայացուած բոլոր տեղեկութիւնները եւ աւելի՛ն։ Գիրքը 31 գլուխ ունի, իւրաքանչիւրը Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան յօդուածի մը երկարութեամբ։ Նախաբանէն եւ առաջին երեք գլուխներէն ետք, գիրքը բաժնուած է չորս մասերու, Եհովայի գլխաւոր յատկութիւններէն իւրաքանչիւրին համար։ Իւրաքանչիւր մաս կը սկսի այդ յատկութեան մասին ընդհանուր բացատրութիւն մը տալով։ Յաջորդող քանի մը գլուխները կը քննարկեն թէ Եհովա այդ յատկութիւնը ի՛նչպէս կը ցուցաբերէ։ Իւրաքանչիւր մաս Յիսուսի մասին գլուխ մը կը պարունակէ։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ (Յովհաննու 14։9) Կատարելապէս Եհովան արտացոլացնելով, Յիսուս վառ կերպով Աստուծոյ յատկութիւնները կ’ապացուցանէ։ Իւրաքանչիւր մաս կ’եզրափակուի գլուխով մը, որ մեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս Եհովան ընդօրինակել, քննարկուած յատկութիւնը ցուցաբերելով։ Եհովայի յատկութիւնները քննարկելու ատեն, այս նոր գիրքը ակնարկութիւն կ’ընէ Աստուածաշունչի բոլոր գրքերուն։
Եհովայի Մօտեցէք գիրքը նաեւ կարգ մը իւրայատուկ երեսակներ ունի։ Երկրորդ գլուխէն սկսեալ, իւրաքանչիւր գլուխ շրջագիծ մը ունի, «Հարցումներ՝ Խորհրդածութեան Համար» խորագրով։ Հոն տրուած համարներուն ու հարցումներուն նպատակը, գլուխը վերաքաղ ընել չէ։ Այլ, անոնք ծրագրուած են ձեզի օգնելու որ Աստուածաշունչը գործածէք այդ նիւթին մասին խոր կերպով խոկալու համար։ Կը յանձնարարենք որ համարները ուշադրութեամբ կարդաք։ Ապա հարցումին մասին խոկացէք, եւ ջանացէք անձնական կիրարկում ընել։ Այսպիսի խորհրդածութիւն մը կրնայ ձեր սիրտը շարժել, ձեզի օգնելով որ աւելի մօտենաք Եհովայի։—Սաղմոս 19։14
Եհովայի Մօտեցէք գրքին մէջի պատկերները հոգածութեամբ հետազօտուած եւ պատրաստուած են, ուսուցանելու եւ խթանելու համար։ Տասնըեօթը գլուխներ կը պարունակեն լման էջի վրայ դրուած սուրբ գրային տեսարաններու պատկերներ։
Ինչո՞ւ Հրատարակուած Է
Եհովայի Մօտեցէք գիրքը ինչո՞ւ հրատարակուած է։ Այս նոր հրատարակութեան գլխաւոր նպատակն է մեզի օգնել որ Եհովան աւելի մօտէն ճանչնանք, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ հետ անձնական աւելի զօրաւոր յարաբերութիւն մը կերտել։
Կրնա՞ք մտածել անհատի մը մասին որ կրնայ Եհովայի Մօտեցէք գրքէն օգտուիլ, թերեւս Աստուածաշունչի աշակերտ մը կամ նոյնիսկ Քրիստոնեայ անգործունեայ եղբայր կամ քոյր մը։ Ի՞նչ կրնաք ըսել ձեր մասին. սկսա՞ծ էք այս նոր գիրքը կարդալ։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ ժամանակ չորոշէք շուտով սկսելու համար։ Ձեր կարդացածին վրայ խոկալու ժամանակ տրամադրեցէք։ Կը մաղթենք որ այս գրականութիւնը օգնէ ձեզի, որ Եհովա Աստուծոյ աւելի մօտենաք, որպէսզի իր Թագաւորութեան բարի լուրը աւելի մեծ ուրախութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ ծանուցանէք։