Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնց ի՞նչ պատահեցաւ

Անոնց ի՞նչ պատահեցաւ

Անոնց ի՞նչ պատահեցաւ

ՄԵՄՓԻՍ եւ Թեբես վաղեմի Եգիպտոսի նշանաւոր մայրաքաղաքներն էին։ Մեմփիսը կը գտնուէր Գահիրէի հարաւը շուրջ 23 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Նեղոս Գետին արեւմտեան ափը։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, Մեմփիս կորսնցուց իր դիրքը որպէս Եգիպտոսի մայրաքաղաքը։ Հ.Դ.Ա. 15–րդ դարու սկիզբը, Եգիպտոս նոր մայրաքաղաք մը ունեցաւ՝ Թեբես (սուրբ գրային անունը՝ Նով), որ Մեմփիսի հարաւը կը գտնուէր, շուրջ 500 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Թեբեսի աւերակ բազմաթիւ տաճարներէն մէկն է Քառնաքը, որ սիւներով շինուած մեծագոյն կառոյցը կը նկատուի։ Թեբես եւ իր Քառնաք տաճարը ձօնուած էին Եգիպտացիներու գլխաւոր չաստուծոյն՝ Ամոնի՝ պաշտամունքին։

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ի՞նչ նախագուշակած էր Մեմփիսի ու Թեբեսի նկատմամբ։ Եգիպտոսի Փարաւոնը ու անոր չաստուածները, մանաւանդ գլխաւոր չաստուածը՝ «Նովացի Ամոն», դատապարտութիւն ստացան։ (Երեմեայ 46։25, 26) Հոն համախմբուած երկրպագուներու բազմութիւնը պիտի ‘կոտորուէր’։ (Եզեկիէլ 30։14, 15) Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Ամոնի պաշտամունքէն միայն աւերակ տաճարներ մնացած են։ Արդի Լիւքսոր գիւղաքաղաքը մասամբ կը գտնուի վաղեմի Թեբեսի շրջանը, իսկ այլ գիւղակներ տարածուած են անոր աւերակներուն մէջ։

Գերեզմանատուներէն զատ, Մեմփիսի աւերակները շատ քիչ են։ Աստուածաշունչի ուսումնական Լուի Կօլտինկ կ’ըսէ. «Դարեր շարունակ, Եգիպտոսը նուաճող Արաբները Մեմփիսի հսկայ աւերակները գործածեցին որպէս քարահանք, գետին միւս կողմը իրենց մայրաքաղաքը [Գահիրէ] շինելու համար։ Նեղոսը եւ Արաբ շինարարները ա՛յնքան վարպետօրէն կատարեցին իրենց աշխատանքը, որ վաղեմի քաղաքին շրջանին մէջ մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեամբ քար մը իսկ չէք գտներ սեւ հողին վրայ»։ Իրապէս, ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ նախագուշակուած էր, Մեմփիս ‘ամայի եղաւ, առանց բնակիչի’։—Երեմեայ 46։19

Ասոնք այն բազմաթիւ օրինակներէն միայն երկու հատն են, որոնք ցոյց կու տան Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ճշգրիտ ըլլալը։ Թեբեսի ու Մեմփիսի աւերումը վաւերական պատճառ կու տայ մեզի, որ Աստուածաշունչի դեռ չկատարուած մարգարէութիւններուն վրայ վստահութիւն ունենանք։—Սաղմոս 37։10, 11, 29. Ղուկաս 23։43. Յայտնութիւն 21։3-5

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]

Photograph taken by courtesy of the British Museum