Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Աստուած սէր է»

«Աստուած սէր է»

«Աստուած սէր է»

«Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։8

1-3. (ա) Աստուածաշունչը Եհովայի սիրոյ յատկութեան մասին ի՞նչ խօսք կ’ըսէ, եւ այս խօսքը ի՞նչ կերպով անզուգական է։ (բ) Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ «Աստուած սէր է»։

ԵՀՈՎԱՅԻ բոլոր յատկութիւնները վեհ, կատարեալ եւ հրապուրիչ են։ Սակայն, Եհովայի ամենէն գրաւիչ յատկութիւնը սէրն է։ Ուրիշ ո՛չ մէկ բան ա՛յսքան զօրաւոր կերպով մեզ Եհովայի կը քաշէ, որքան իր սէրը։ Բարեբախտաբար, սէրը նաեւ իր տիրական յատկութիւնն է։ Ի՞նչպէս գիտենք։

2 Աստուածաշունչը սիրոյ մասին կ’ըսէ բան մը, որ նոյնպէս չ’արտայայտուիր Եհովայի միւս գլխաւոր յատկութիւններուն մասին։ Սուրբ Գրութիւնները չեն ըսեր թէ Աստուած զօրութիւն է, կամ Աստուած արդարութիւն է, կամ նոյնիսկ Աստուած իմաստութիւն է։ Ան այս յատկութիւնները ունի, եւ անոնց բացարձակ աղբիւրն է։ Սակայն, սիրոյ մասին աւելի խորիմաստ բան մը կ’ըսուի Ա. Յովհաննու 4։8–ի մէջ. «Աստուած սէր է»։ Այո, սէրը կը թափանցէ Եհովայի ամբողջ անձնաւորութիւնը։ Անիկա իր բուն էութիւնն է։ Ընդհանրապէս, կրնանք հետեւեալ կերպով մտածել. Եհովայի զօրութիւնը զինք կարող կը դարձնէ որ գործի լծուի։ Իր արդարութիւնն ու իմաստութիւնը իր արարքները կ’ուղղեն։ Բայց Եհովայի սէրն է որ զինք կը մղէ որ գործի անցնի։ Իսկ իր սէրը միշտ կը յայտնաբերուի իր մնացեալ յատկութիւնները գործածելու կերպին մէջ։

3 Յաճախ ըսուած է թէ Եհովա սիրոյ մարմնացումն է։ Ուստի, եթէ կ’ուզենք սիրոյ մասին գիտնալ, Եհովայի մասին պէտք է սորվինք։ Արդ, քննենք Եհովայի անբաղդատելի սիրոյն կարգ մը երեսակները։

Սիրոյ Մեծագոյն Արարքը

4, 5. (ա) Բոլոր պատմութեան մէջ սիրոյ մեծագոյն արարքը ի՞նչ է։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովա ու իր Որդին սիրոյ ամենազօրաւոր կապով միացած են։

4 Եհովա զանազան կերպերով սէր ցոյց տուած է, սակայն անոնցմէ մէկը՝ միւսները կը գերազանցէ։ Ի՞նչ է անիկա։ Եհովա իր Որդին ղրկեց որ մեզի համար տառապի ու մեռնի։ Կրնանք վստահօրէն ըսել, թէ ասիկա բոլոր պատմութեան մէջ սիրոյ մեծագոյն արարքն է։ Ինչո՞ւ ասիկա կրնանք ըսել։

5 Աստուածաշունչը Յիսուսը կը կոչէ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը»։ (Կողոսացիս 1։15) Պահ մը խորհեցէք. Եհովայի Որդին ֆիզիքական տիեզերքէն առաջ գոյութիւն ունէր։ Ուստի, Հայրը ու Որդին որքա՞ն ատենէ իրարու հետ էին։ Կարգ մը գիտնականներ կ’ենթադրեն թէ տիեզերքը 13 միլիառ տարեկան է։ Սակայն, եթէ նոյնիսկ այս ենթադրութիւնը շիտակ է, անիկա բաւարար չէ Եհովայի անդրանիկ Որդւոյն կեանքի տեւողութիւնը ցոյց տալու։ Այդ բոլոր ժամանակաշրջանին ան ի՞նչ կ’ընէր։ Որդին ուրախութեամբ կը ծառայէր որպէս իր Հօր «ճարտարապետ»ը։ (Առակաց 8։30. Յովհաննու 1։3) Եհովան ու իր Որդին միասնաբար աշխատեցան մնացեալ բոլոր բաները ստեղծելու համար։ Անոնք ի՜նչ զգայացունց եւ ուրախ պահեր անցուցին։ Հետեւաբար, մեզմէ ո՞վ կրնայ իրապէս ըմբռնել ա՛յսքան զօրաւոր կապ մը, որ անհուն ժամանակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է։ Բացայայտօրէն, Եհովա Աստուած եւ իր Որդին սիրոյ ամենազօրաւոր կապով միացած են։

6. Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Եհովա իր Որդւոյն հանդէպ իր զգացումները ի՞նչպէս արտայայտեց։

6 Այսուհանդերձ, Եհովա իր Որդին երկիր ղրկեց որպէս մարդկային մանուկ մը ծնելու համար։ Ասիկա նշանակեց թէ քանի մը տասնամեակ, Եհովա երկնքի մէջ իր սիրելի Որդւոյն մտերիմ ընկերակցութենէն զրկուեցաւ։ Սուր հետաքրքրութեամբ Ան երկնքէն դիտեց, մինչ Յիսուս կը մեծնար կատարեալ մարդ մը ըլլալու։ Շուրջ 30 տարեկանին, Յիսուս մկրտուեցաւ։ Այդ առիթով Հայրը անձամբ խօսեցաւ երկնքէն, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ (Մատթէոս 3։17) Տեսնելով որ Յիսուս հաւատարմօրէն կատարեց մարգարէացուած բոլոր բաները, իրմէ պահանջուած բոլոր բաները, իր Հայրը շատ հաճած ըլլալու էր իրեն։—Յովհաննու 5։36. 17։4

7, 8. (ա) Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին Յիսուս ի՞նչ նեղութիւններու ենթարկուեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր երկնաւոր Հօրը վրայ։ (բ) Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ իր Որդին տառապի ու մեռնի։

7 Բայց արդեօք Եհովա ի՞նչ զգաց Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, երբ Յիսուս մատնուեցաւ եւ զայրացած ամբոխի մը կողմէ ձերբակալուեցաւ. երբ զինք ծաղրեցին, վրան թքեցին եւ բռունցքով ծեծեցին. երբ ան խարազանուեցաւ եւ կռնակին վրայ խոր վէրքեր երեւցան. երբ անոր ձեռքերն ու ոտքերը փայտէ ցիցի մը գամուեցան, եւ կախուած մնաց մինչ մարդիկ զինք կը նախատէին։ Հայրը ի՞նչ զգաց երբ իր սիրելի Որդին իր անտանելի ցաւերուն մէջ իրեն աղաղակեց։ Եհովա ի՞նչ զգաց երբ Յիսուս իր վերջին շունչը փչեց եւ, բոլոր ստեղծագործութեան արշալոյսէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, Իր սիրելի Որդին գոյութենէ դադրեցաւ։—Մատթէոս 26։14-16, 46, 47, 56, 59, 67. 27։26, 38-44, 46. Յովհաննու 19։1

8 Որովհետեւ Եհովա զգացումներ ունի, իր Որդւոյն մահուան պատճառաւ անոր զգացած վիշտը կարելի չէ մեր բառերով արտայայտել։ Բայց կրնանք Եհովայի շարժառիթին մասին արտայայտուիլ, թէ ինչո՛ւ թոյլ տուաւ որ այս բոլորը տեղի ունենան։ Հայրը ինչո՞ւ ինքզինք ա՛յսքան ցաւերու ենթարկեց։ Եհովա հոյակապ բան մը կը յայտնէ մեզի Յովհաննու 3։16–ի մէջ. ասիկա սուրբ գրային ա՛յնքան կարեւոր համար մըն է, որ կոչուած է Աւետարանին ծուծը։ Անիկա կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Ուստի Աստուծոյ շարժառիթը սէրն էր։ Որեւէ ժամանակ ասկէ աւելի մեծ սէր չէ ցուցաբերուած։

Եհովա Ի՛նչպէս Իր Սիրոյն Նկատմամբ Մեզ կը Հաւաստիացնէ

9. Մեզի հանդէպ Եհովայի տեսակէտին նկատմամբ Սատանան ի՞նչ կ’ուզէ որ հաւատանք, բայց Եհովա ի՞նչ բանի նկատմամբ մեզ կը հաւաստիացնէ։

9 Սակայն, կարեւոր հարցում մը կը ծագի՝ Աստուած մեզ անհատապէս կը սիրէ՞։ Ոմանք կրնան համաձայնիլ թէ Աստուած ընդհանուր մարդկութիւնը կը սիրէ, ինչպէս Յովհաննու 3։16–ը կ’ըսէ։ Բայց կրնայ ըլլալ որ անոնք խորհին՝ ‘Աստուած բնաւ զիս չի սիրեր որպէս անհատ մը’։ Իրողութիւնը այն է թէ Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ որ մենք հաւատանք թէ Եհովա ո՛չ կը սիրէ, ո՛չ ալ կ’արժեւորէ մեզ։ Միւս կողմէ, մենք մեզ որքան ալ անարժէք զգանք կամ թէ մէկու կողմէ սիրուած չենք, Եհովա մեզ կը հաւաստիացնէ թէ իր հաւատարիմ ծառաներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար արժէքաւոր է։

10, 11. Ճնճղուկներու մասին Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի աչքին արժէք ունինք։

10 Օրինակ, նկատի առէք Մատթէոս 10։29-31–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը։ Իր աշակերտներուն արժէքաւոր ըլլալը բացատրելով, Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չիյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ Նկատի առնենք թէ այս խօսքերը առաջին դարուն ի՛նչ նշանակեցին Յիսուսի ունկնդիրներուն։

11 Յիսուսի օրերուն, ճնճղուկը որպէս ուտելիք ծախուող ամենէն աժան թռչունն էր։ Անհատ մը մէկ դանկով երկու ճնճղուկ կրնար գնել։ Բայց Ղուկաս 12։6, 7–ի համաձայն, հետագային Յիսուս ըսաւ որ եթէ անհատ մը երկու դանկ վճարէր, ոչ թէ չորս ճնճղուկ կը գնէր, այլ՝ հինգ։ Հինգերորդ թռչունը կը տրուէր, որպէս բոլորովին անարժէք բան մը։ Թերեւս այս թռչունները մարդոց աչքին անարժէք էին, սակայն Ստեղծիչը զանոնք ի՞նչպէս կը նկատէր։ Յիսուս ըսաւ. «Անոնցմէ մէ՛կը [նոյնիսկ հինգերորդը] մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ»։ Այժմ կրնանք Յիսուսի ուզած կէտը հասկնալ։ Եթէ Եհովա ա՛յսքան արժէք կու տայ ճնճղուկի մը, ո՛րքան աւելի մեծ արժէք կու տայ մարդուն։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, Եհովա մեր մասին ամէն մանրամասնութիւն գիտէ։ Այո, նոյնիսկ մեր գլխուն մազերը համրուած են։

12. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Յիսուս իրապաշտ էր երբ ըսաւ թէ մեր գլխուն մազերը համրուած են։

12 Ոմանք թերեւս եզրակացնեն թէ Յիսուս հոս կը չափազանցէր։ Սակայն, պահ մը խորհեցէք յարութեան մասին։ Եհովա որքա՜ն մօտէն ճանչնալու է մեզ որ կարենայ վերստեղծել մեզ։ Ան մեզ ա՛յնքան կ’արժեւորէ որ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կը յիշէ, ի ներառեալ մեր բարդ ծինային ծածկագիրը եւ տարիներու մեր յիշատակներն ու փորձառութիւնները։ Ասոր հետ բաղդատած, մեր մազերուն համրանքը գիտնալը,– որ միջին հաշուով շուրջ 100,000 է,– շատ հեշտ պիտի ըլլար։ Յիսուսի խօսքերը որքա՜ն գեղեցիկ կերպով մեզ կը հաւաստիացնեն թէ Եհովա իւրաքանչիւրիս հոգ կը տանի։

13. Յովսափատ Թագաւորին պարագան ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա մեր լաւ բաները կը փնտռէ, թէեւ անկատար ենք։

13 Աստուածաշունչը ուրիշ բան մըն ալ կը յայտնէ, որ Եհովայի սիրոյն նկատմամբ մեզ կը հաւաստիացնէ։ Ան մեր մէջ եղած լաւ բաները կը փնտռէ եւ զանոնք կ’արժեւորէ։ Օրինակ, նկատի առէք բարի Յովսափատ Թագաւորը։ Երբ ան անմիտ արարք մը ըրաւ, Եհովայի մարգարէն անոր ըսաւ. «Ասոր համար Տէրը քեզի դէմ բարկացած է»։ Ի՜նչ զգաստացուցիչ խօսք մը։ Բայց Եհովայի պատգամը հոս չլրացաւ։ Անիկա շարունակուեցաւ. «Բայց քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան»։ (Բ. Մնացորդաց 19։1-3) Ուստի, Եհովայի արդարացի բարկութիւնը պատճառ չեղաւ որ անտեսէր Յովսափատի վրայ գտնուած «բարի բաներ»ը։ Սրտապնդիչ չէ՞ գիտնալ որ մեր Աստուածը մեր լաւ բաները կը փնտռէ, թէեւ անկատար ենք։

«Ներող» Աստուած մը

14. Երբ մեղք գործենք, ի՞նչ ծանր բեռ մը կը զգանք, սակայն ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի ներումէն օգտուիլ։

14 Երբ մեղք գործենք, մեր զգացած յուսախաբութիւնը, ամօթն ու յանցապարտութիւնը կրնան պատճառ ըլլալ որ խորհինք թէ երբեք չենք կրնար Եհովայի ծառայելու արժանի ըլլալ։ Սակայն, մտաբերեցէք թէ Եհովա «ներող» է։ (Սաղմոս 86։5) Այո, եթէ մեր մեղքերուն համար զղջանք եւ ջանանք զանոնք չկրկնել, կրնանք Եհովայի ներումէն օգտուիլ։ Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կը նկարագրէ Եհովայի սիրոյն այս սքանչելի երեսակը։

15. Եհովա մեր մեղքերը մեզմէ որքա՞ն կը հեռացնէ։

15 Սաղմոսերգու Դաւիթ վառ կերպով նկարագրեց Եհովայի ներումը. «Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները»։ (Սաղմոս 103։12) Արեւելքը արեւմուտքէն ո՞րքան հեռու է։ Առումով մը, արեւելքը միշտ արեւմուտքէն ծայր աստիճան հեռու է. այս երկու կէտերը երբեք իրարու չեն հանդիպիր։ Ուսումնական մը կը նշէ թէ այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ՝ «կարելի եղածին չափ հեռու. մեր երեւակայած հեռաւորութենէն աւելի»։ Դաւիթի ներշնչեալ խօսքերը մեզի կ’ըսեն թէ երբ Եհովա ներէ, ան մեր մեղքերը մեզմէ կը հեռացնէ, մեր երեւակայածէն աւելի հեռու։

16. Երբ Եհովա մեր մեղքերը ներէ, ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ այնուհետեւ ան մեզ անբիծ կը նկատէ։

16 Երբեք փորձա՞ծ էք բացգոյն հագուստի մը վրայէն բիծ մը հանել։ Թերեւս հակառակ ձեր լաւագոյն ջանքերուն, բիծը տեսանելի մնաց։ Նկատի առէք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը նկարագրէ ներում շնորհելու իր տարողութիւնը. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան»։ (Եսայեայ 1։18) «Կրկնակի կարմիր» արտայայտութիւնը փայլուն կարմիր գոյնին կ’ակնարկէ։ * «Որդան»ը ներկարարութեան մէջ գործածուած գոց գոյն մըն էր։ Մեր ջանքերով երբեք չենք կրնար մեղքին բիծը վերցնել։ Սակայն, Եհովա կրկնակի կարմիրի եւ որդան կարմիրի նման մեղքերը կրնայ ձիւնի կամ չներկուած ասրի պէս ճերմակ ընել։ Ուստի, երբ Եհովա մեր մեղքերը ներէ, պէտք չէ զգանք թէ մեր կեանքին մնացեալ տարիներուն այս մեղքերուն բիծը պիտի կրենք։

17. Ի՞նչ առումով Եհովա մեր մեղքերը իր կռնակին ետեւը կը նետէ։

17 Մահացու հիւանդութենէ մը վերապրելէ ետք, իր յօրինած յուզիչ մէկ երգեցողութեան մէջ, Եզեկիա իր երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ Եհովայի ըսաւ. «Բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր»։ (Եսայեայ 38։17) Հոս Եհովան նկարագրուած է որպէս թէ զղջացող յանցագործի մը մեղքերը կ’առնէ եւ Իր ետեւը կը նետէ, ուր այլեւս զանոնք չի տեսներ եւ անոնց ուշադրութիւն չ’ընծայեր։ Աշխատասիրութեան մը համաձայն, այս գաղափարը կարելի է հետեւեալ կերպով արտայայտել. «Այնպէս մը ըրիր որ կարծես [մեղքերս] բնաւ գործուած չեն»։ Ասիկա մխիթարական չէ՞։

18. Միքիա մարգարէն ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ երբ Եհովա կը ներէ, Ան մեր մեղքերը մնայուն կերպով կը վերցնէ։

18 Վերահաստատման խոստումի մը մէջ, Միքիա մարգարէն համոզում յայտնեց թէ Եհովա իր զղջացած ժողովուրդին պիտի ներէր. «Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, որ . . . իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ . . . ։ Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես»։ (Միքիայ 7։18, 19) Երեւակայեցէք թէ այս խօսքերը ի՛նչ կը նշանակէին Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրող մարդոց համար։ «Ծովուն խորութեանը մէջ» նետուած բան մը վերադարձնելու կարելիութիւնը կա՞ր։ Ուստի, Միքիայի խօսքերը ցոյց կու տան թէ երբ Եհովա կը ներէ, ան մեր մեղքերը մնայուն կերպով կը վերցնէ։

«Մեր Աստուծոյն Գթած Ողորմութիւնը»

19, 20. (ա) Եբրայերէն րա·համ բային իմաստը ի՞նչ է։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս իր մանկիկին հանդէպ մօր մը ունեցած զգացումները կը գործածէ, Եհովայի ողորմութեան մասին մեզի սորվեցնելու համար։

19 Ողորմութիւնը Եհովայի սիրոյն ուրիշ մէկ երեսակն է։ Ի՞նչ է ողորմութիւնը։ Աստուածաշունչին մէջ, Եբրայերէն ու Յունարէն կարգ մը բառեր ողորմութեան իմաստը կը հաղորդեն։ Օրինակ, Եբրայերէն րա·համ բայը, որ Եհովա իր անձին կը կիրարկէ, առնչուած է «արգանդ» բառին հետ եւ կրնայ բնութագրուիլ որպէս «մայրական գութ»։

20 Աստուածաշունչը՝ իր մանկիկին հանդէպ մօր մը ունեցած զգացումները կը գործածէ, Եհովայի ողորմութեան մասին մեզի սորվեցնելու համար։ Եսայեայ 49։15–ը կ’ըսէ. «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չգթայ [րա·համ]։ Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ»։ Դժուար է երեւակայել որ մայր մը կրնայ մոռնալ իր նորածին մանուկը սնուցանել ու խնամել։ Արդարեւ, նորածինը անօգնական է. ցերեկ ու գիշեր ան իր մօր ուշադրութեան կը կարօտի։ Սակայն, դժբախտաբար, կը լսենք որ կարգ մը մայրեր իրենց մանուկներուն նկատմամբ անհոգ են, յատկապէս այս «չար ժամանակներ»ուն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 3) «Բայց», կ’ըսէ Եհովա, «ես քեզ պիտի չմոռնամ»։ Իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի գթած ողորմութիւնը շա՛տ աւելի զօրաւոր է քան՝ իր նորածինին հանդէպ մօր մը բնական գութը, որ ամենէն քնքուշ բնական զգացումն է, զոր կրնանք երեւակայել։

21, 22. Վաղեմի Եգիպտոսի մէջ Իսրայելացիներուն կացութիւնը ի՞նչպէս էր, եւ Եհովա ի՞նչպէս ընդառաջեց անոնց աղաղակներուն։

21 Սիրալիր ծնողի մը նման, Եհովա ի՞նչպէս ողորմութիւն կը ցուցաբերէ։ Այս յատկութիւնը բացայայտօրէն կը տեսնուի վաղեմի Իսրայէլի հետ իր գործելակերպին մէջ։ Հ.Դ.Ա. 16–րդ դարուն վերջաւորութեան, միլիոնաւոր Իսրայելացիներ Եգիպտոսի մէջ գերի էին, ուր խստօրէն կը հարստահարուէին։ (Ելից 1։11, 14) Իրենց նեղութեան մէջ, Իսրայելացիները Եհովայի աղաղակեցին։ Ողորմութեան Աստուածը ի՞նչպէս ընդառաջեց։

22 Եհովա զգացուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ . . . անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. . . . անոնց նեղութիւնները գիտեմ»։ (Ելից 3։7) Կարելի չէր որ Եհովա իր ժողովուրդին չարչարանքը տեսնէր կամ անոնց աղաղակը լսէր, առանց անոնց հետ զգալու։ Եհովա կարեկից Աստուած մըն է։ Իսկ կարեկցութիւնը,– որ ուրիշներու ցաւը զգալու կարողութիւնն է,– սերտօրէն առնչուած է ողորմութեան հետ։ Սակայն, Եհովա ո՛չ միայն իր ժողովուրդին հետ զգաց, այլ նաեւ՝ մղուեցաւ անոնց ի նպաստ գործի լծուելու։ Եսայեայ 63։9–ն կ’ըսէ. «Իր սիրովն ու գթութիւնովը զանոնք փրկեց»։ Ան «զօրաւոր ձեռքով» Իսրայելացիները Եգիպտոսէն ազատագրեց։ (Բ. Օրինաց 4։34) Այնուհետեւ, անոնց հրաշալիօրէն ուտելիք հայթայթեց եւ զանոնք բարեբեր երկրի մը մէջ հաստատեց։

23. (ա) Սաղմոսերգուին խօսքերը ի՞նչպէս կը հաւաստիացնեն մեզ թէ Եհովա խորապէս հետաքրքրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրով։ (բ) Եհովա ի՞նչ կերպերով մեզի կ’օգնէ։

23 Եհովա իր ժողովուրդին ողորմութիւն ցոյց կու տայ ո՛չ միայն որպէս խումբ։ Մեր սիրալիր Աստուածը խորապէս հետաքրքրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրով։ Ան մեր տառապանքներէն քաջատեղեակ է։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։ Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ (Սաղմոս 34։15, 18) Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Պայման չէ որ ան մեր տառապանքին պատճառը վերցնէ։ Բայց ան օգնութիւն խնդրողներուն համար առատ հայթայթումներ ըրած է։ Իր Խօսքը գործնական խրատներ կու տայ, որոնք իրապէս կ’օգնեն։ Ժողովքին մէջ, ան հոգեւորապէս որակելի տեսուչներ կը հայթայթէ, որոնք կը ջանան իր ողորմութիւնը արտացոլացնել մինչ ուրիշներուն կ’օգնեն։ (Յակոբու 5։14, 15) Որպէս «աղօթքի լսող», Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’։ (Սաղմոս 65։2. Ղուկաս 11։13) Այս բոլոր հայթայթումները «մեր Աստուծոյն գթած ողորմութեանը» արտայայտութիւններն են։—Ղուկաս 1։78

24. Եհովայի սիրոյն ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէք։

24 Մեր երկնաւոր Հօրը սիրոյն մասին խորհրդածելը խայտալի չէ՞։ Նախորդ յօդուածին մէջ, մեր ուշադրութեան յանձնուեցաւ թէ Եհովա իր զօրութիւնը, արդարութիւնը եւ իմաստութիւնը ի գործ դրած է սիրազեղ կերպերով, մեր օգտին համար։ Իսկ այս յօդուածին մէջ, տեսանք թէ Եհովա մարդկութեան հանդէպ,– եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ,– իր սէրը աչքառու կերպերով ուղղակիօրէն արտայայտած է։ Այժմ, մեզմէ իւրաքանչիւրը թող ինքնիրեն հարց տայ՝ ‘Ի՞նչպէս պիտի ընդառաջեմ Եհովայի սիրոյն’։ Կը մաղթենք որ ընդառաջէք՝ զինք սիրելով ձեր բոլոր սրտով, մտքով, հոգիով եւ զօրութիւնով։ (Մարկոս 12։29, 30) Ամէն օր ձեր ապրելակերպը թող արտացոլացնէ Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու ձեր սրտանց փափաքը։ Եւ կը մաղթենք որ Եհովա,– այն Աստուածը որ սէր է,– ա՛լ աւելի մօտենայ ձեզի, հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան։—Յակոբու 4։8

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Ուսումնական մը կ’ըսէ թէ կրկնակի կարմիրը «հաստատ գոյն մըն էր։ Ո՛չ ցօղը, ո՛չ անձրեւը, ո՛չ լուալը, ո՛չ ալ երկարատեւ գործածութիւնը զայն կը ջնջէին»։

Կը յիշէ՞ք

• Ի՞նչպէս գիտենք թէ սէրը Եհովայի տիրական յատկութիւնն է։

Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Եհովա իր Որդին ղրկելով, որ մեզի համար տառապի ու մեռնի, սիրոյ մեծագոյն արարքը կատարեց։

Եհովա ի՞նչպէս կը հաւաստիացնէ մեզ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը սիրէ։

Աստուածաշունչը ի՞նչ վառ կերպերով կը նկարագրէ Եհովայի ներումը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

«Աստուած . . . իր միածին Որդին տուաւ»

[Նկար՝ էջ 28]

Իր մանկիկին հանդէպ մօր մը ունեցած զգացումները կրնան Եհովայի ողորմութեան մասին մեզի սորվեցնել