Թռչունները ի՛նչ կրնան սորվեցնել մեզի
Թռչունները ի՛նչ կրնան սորվեցնել մեզի
«ՆԱՅԵՑԷՔ երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք»։ (Մատթէոս 6։26) Յիսուս Քրիստոս այս խօսքերը ըսաւ համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ, Գալիլիոյ Ծովուն մօտ։ Իր ունկնդիրները միայն իր հետեւորդները չէին։ Երկրին բոլոր մասերէն հաւանական աշակերտներու մեծ բազմութիւն մը ներկայ էր։ Անոնցմէ շատեր աղքատ էին, որոնք հիւանդները Յիսուսի բերած էին, որ բժշկէ զանոնք։—Մատթէոս 4։23–5։2. Ղուկաս 6։17-20
Բոլոր հիւանդները բուժելէ ետք, Յիսուս աւելի կարեւոր եղող հոգեւոր կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայեց։ Վերոյիշեալ խօսքը, իր սորվեցուցած դասերէն մէկն էր։
Երկնքի թռչունները երկար ատենէ գոյութիւն ունին։ Անոնցմէ ոմանք միջատներ կ’ուտեն, իսկ ուրիշներ՝ պտուղներ ու հունտեր։ Եթէ Աստուած թռչուններուն համար ա՛յսքան առատ ուտելիք հայթայթած է, վստահաբար ան կարող է իր մարդկային ծառաներուն օգնելու, որ իրենց օրուան հացը ձեռք ձգեն։ Ան ասիկա կրնայ ընել, անոնց օգնելով որ գործ մը գտնեն, որպէսզի ուտելիքի համար դրամ շահին։ Կամ կրնայ անոնց յաջողութիւն տալ, որ իրենց ուտելիքը աճեցնեն։ Իսկ աղէտի ժամանակներուն, Աստուած կրնայ ազնիւ դրացիներու եւ բարեկամներու սրտերը մղել, որ իրենց ունեցած ուտելիքը կարօտեալներուն հետ բաժնեն։
Թռչուններու կեանքը ուշադրութեամբ դիտելով, շատ աւելի բաներ կրնանք սորվիլ։ Աստուած թռչունները ստեղծած է բոյներ հիւսելու սքանչելի բնազդով, որոնց մէջ կրնան իրենց ձագերը մեծցնել։ Նկատի առէք երկու տարբեր բոյներ։ Ձախին նկարուած է Ափրիկեան քարածիծեռնակին բոյնը, որ շինուած է ժայռի մը մէկ կողմը կամ տան մը պատին վրայ։ Այս բոյներուն երդիքը կը կազմէ դուրս ցցուած ժայռ մը կամ, ինչպէս այս պատկերը ցոյց կու տայ, կառոյցի մը ցուիքը։ Բոյնին գետինը շինուած է ցեխի փոքր գունդերով, որոնք իրարու փակած են, գաւաթի ձեւ տալով։ Թէ՛ արուն եւ թէ էգը ծանր կ’աշխատին ցեխի գունդեր հաւաքելու համար, իսկ բոյնը ամբողջացնելը կրնայ մէկ ամիսէ աւելի տեւել։ Ապա ներքին մասը խոտերով ու փետուրներով կը պատեն։ Երկուքն ալ իրենց ձագերը կերակրելու մէջ բաժին կը բերեն։ Ստորեւ կը տեսնէք դիմակաւոր բունահիւս թռչունի մը բոյնը։ Այս ժրաջան Ափրիկեան թռչունը իր բոյնը կը շինէ՝ խոտեր կամ այլ բոյսերու տերեւներ գործածելով։ Անիկա իր բոյնը կրնայ ամբողջացնել մէկ օրուան մէջ, իսկ մէկ եղանակի ընթացքին կրնայ աւելի քան 30 բոյն հիւսել։
Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ Աստուած թռչունները օժտած է այսպիսի հմտութիւններով եւ առատ նիւթերով որ բոյներ հիւսեն, վստահաբար ան կրնայ իր մարդկային ծառաներուն օգնել որ հարկ եղած բնակարանը ունենան։ Սակայն, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ուրիշ բան մըն ալ անհրաժեշտ է, եթէ կ’ուզենք որ Եհովա Աստուած մեզի օգնէ մեր նիւթական անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու։ «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին», խոստացաւ Յիսուս։ (Մատթէոս 6։33) Թերեւս հարց տաք՝ ‘Առաջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրելու մէջ ի՞նչ պարփակուած է’։ Եհովայի Վկաները, որոնք այս պարբերաթերթը կը բաշխեն, սիրով պիտի ուզեն այս հարցումին պատասխանել։