Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Բանսարկու Սատանան կարողութիւն ունի՞ մարդկային միտքը կարդալու։

Թէեւ չենք կրնար կտրական ըլլալ, բայց այնպէս կը թուի թէ ո՛չ Սատանան, ո՛չ ալ իր դեւերը կարողութիւն ունին մեր մտքերը կարդալու։

Նկատի առէք Սատանայի վերագրուած նկարագրական անունները։ Ան կոչուած է Սատանայ (Հակառակորդ), Բանսարկու (Զրպարտիչ), Օձ (Խաբողի մէկ հոմանիշը), Փորձող եւ Ստախօս։ (Յոբայ 1։6. Մատթէոս 4։3. Յովհաննու 8։44. Բ. Կորնթացիս 11։3. Յայտնութիւն 12։9) Այս նկարագրական անուններէն ոչ մէկը ցոյց կու տայ թէ Սատանան կարողութիւն ունի մտքերը կարդալու։

Ընդհակառակը, Եհովա Աստուած նկարագրուած է որպէս «սրտերը քննողը»։ (Առակաց 17։3. Ա. Թագաւորաց 16։7. Ա. Մնացորդաց 29։17) «Չկայ արարած մը որ անոր [Եհովայի] դէմ չերեւնայ», կ’ըսէ Եբրայեցիս 4։13–ը, «հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։ Զարմանալի չէ որ Եհովա սրտերը քննելու կարողութիւնը շնորհած է իր Որդւոյն՝ Յիսուսի։ Յարուցեալ Յիսուս ըսաւ. «Ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ»։—Յայտնութիւն 2։23

Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Սատանան կրնայ մարդոց սրտերն ու մտքերը քննել։ Ասիկա յատկանշական է, քանի որ Պօղոս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ թէ Քրիստոնեաները Սատանայի «խորհուրդները գիտեն»։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Ուստի, պէտք չէ վախնանք որ Սատանան բացառիկ կարողութիւն մը ունի, որմէ բոլորովին անտեղեակ ենք։

Այսուհանդերձ, ըսել չենք ուզեր թէ մեր Հակառակորդը չի կրնար մեր տկարութիւններն ու թերութիւնները զատորոշել։ Սատանան դարեր շարունակ մարդկային վարուելակերպը ուսումնասիրած է։ Ան մտքերը կարդալու կարողութեան կարիքը չունի, որպէսզի զատորոշէ թէ ի՛նչպիսի վարուելակերպ կը մշակենք, նկատէ թէ ի՛նչ ժամանցներ կը հետապնդենք, կամ մտիկ ընէ թէ ի՛նչ բաներու մասին կը խօսինք, եւայլն։ Մեր շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւններն ալ գաղափար կու տան թէ ի՛նչ կը մտածենք կամ կը զգանք։

Սակայն, ընդհանրապէս Սատանան կը գործածէ նոյն հնարքները, որ Եդեմի պարտէզին մէջ գործածեց. սուտեր, խաբեբայութիւն եւ ապատեղեկատուութիւն։ (Ծննդոց 3։1-5) Թէեւ Քրիստոնեաները պէտք չէ վախնան որ Սատանան իրենց մտքերը պիտի կարդայ, սակայն անոնք պատճառ ունին մտահոգուելու թէ Սատանան ի՛նչ գաղափարներ կրնայ դնել իրենց մտքին մէջ։ Ան կ’ուզէ որ Քրիստոնեաները ‘մտքով ապականին ու ճշմարտութենէն հեռանան’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։5) Զարմանալի չէ որ Սատանայի աշխարհը ապականիչ տեղեկութիւններով ու ժամանցներով ողողուած է։ Այս կատաղի յարձակման դէմ դնելու համար, Քրիստոնեաները իրենց մտքերը պէտք է պաշտպանեն՝ «փրկութեան սաղաւարտը» հագնելով։ (Եփեսացիս 6։17) Անոնք ասիկա կ’ընեն իրենց մտքերը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններով լեցնելով եւ Սատանայի աշխարհին նուաստացուցիչ ազդեցութիւններուն անհարկիօրէն ենթարկուելէ խուսափելով։

Սատանան ահաւոր ոսոխ մըն է։ Սակայն իրեն կամ իր դեւերուն հանդէպ հիւանդագին վախ պէտք չէ ունենանք։ Յակոբու 4։7–ն կը վստահեցնէ մեզ. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ Եթէ այս խրատին անսանք, պիտի կարենանք Յիսուսի նման ըսել, թէ Սատանան ո՛չ մէկ հեղինակութիւն ունի մեր վրայ։—Յովհաննու 14։30