Աղքատները աւելի կ’աղքատանան
Աղքատները աւելի կ’աղքատանան
«Ո՛չ մէկ ընկերութիւն իրապէս կրնայ բարգաւաճիլ ու երջանիկ ըլլալ, եթէ անոր անդամներուն մեծամասնութիւնը աղքատ ու խեղճ է»։
ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ Էտէմ Սմիթ այդ խօսքը ըսաւ ԺԸ. դարուն։ Շատեր համոզուած են թէ անոր ըսածին ճշմարիտ ըլլալը ներկայիս ա՛լ աւելի բացայայտ է։ Ունեւորներուն եւ չունեւորներուն միջեւ հակասութիւնը շատ աւելի աչքի կը զարնէ։ Ֆիլիփփիններու մէջ, բնակչութեան մէկ երրորդին եկամուտը օրական 1 ամերիկեան տոլարէն նուազ է, մինչ հարուստ երկիրներու մէջ այս գումարը յաճախ մի քանի վայրկեանի մէջ ձեռք կը ձգուի։ Միացեալ Ազգերու Human Development Report 2002 (Մարդկային Զարգացման 2002–ի Տեղեկագրութիւնը) կ’ըսէ թէ «աշխարհի բնակչութեան ամենահարուստ 5 տոկոսը 114 անգամ աւելի եկամուտ ունի քան՝ ամենէն աղքատ 5 տոկոսը»։
Մինչ ոմանք յարաբերաբար հանգստաւէտ կեանք մը կ’ապրին, միլիոնաւորներ ապօրինի հողակալներ են, որոնք հիւղակներ կը կանգնեն՝ ո՛ւր որ կրնան։ Ուրիշներ այդքան բախտաւոր չեն. անոնք փողոցը կ’ապրին ու թերեւս կը քնանան միայն կտոր մը խաւաքարտի կամ ձեւընկալի վրայ։ Անոնցմէ շատեր իրենց ապրուստը կը ճարեն զանազան կերպերով. աղբանոցները խառնել, ձեռնասայլով ծանր բեռներ փոխադրել կամ վերօգտագործելի իրեր հաւաքել։
Հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ անհաւասարութիւնը միայն զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ առկայ չէ, այլ՝ ինչպէս Համաշխարհային Դրամատունը կ’ըսէ, «բոլոր երկիրներու մէջ աղքատ շրջաններ կը գտնուին»։ Պանկլատէշէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, մինչ ոմանք շատ բարգաւաճ են, ուրիշներ բաւարար ուտելիք կամ պատսպարան մը ունենալու համար պայքար կը մղեն։ The New York Times մէջբերեց Մ.Ն. Մարդահամարի Գրասենեակին 2001–ի մէկ տեղեկագրութիւնը, որ ցոյց կու տար թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ խրամատը շարունակած է մեծնալ։ Անիկա ըսաւ. «Բնակչութեան ամենահարուստ մէկ հինգերորդը, անցեալ տարի ամբողջ ընտանեկան եկամուտին 50 տոկոսը ստացաւ . . . Իսկ ամենէն աղքատ մէկ հինգերորդը՝ 3.5 տոկոսը»։ Շատ մը ուրիշ երկիրներու մէջ կացութիւնը նոյնն է կամ աւելի վատ։ Համաշխարհային Դրամատան մէկ տեղեկագրութիւնը ցոյց տուաւ որ աշխարհի բնակչութեան շուրջ 57 տոկոսին եկամուտը օրական 2 ամերիկեան տոլարէն նուազ է։
Հարցերը աւելի բարդացնելով, 2002–ին միլիոնաւոր անհատներ խռովեցան, տեղեկանալով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասին, որոնք կասկածելի պայմաններու ներքեւ հարստացած էին։ Նոյնիսկ եթէ ուղղակիօրէն ապօրինի
բան մը չէր գործուած, շատեր զգացին թէ այս ընկերութիւններուն բարձրաստիճան պաշտօնեաները, ինչպէս Fortune պարբերաթերթը նշեց, «անսահմանօրէն, արտակարգօրէն ու զզուելիօրէն կը հարստանային»։ Նկատի ունենալով աշխարհի իրադարձութիւնները, ոմանք հարց կու տան թէ այսպիսի հսկայական գումարներ,– ոմանց պարագային՝ մի քանի հարիւր միլիոն տոլար,– ի՛նչպէս կրնան արդարացի ըլլալ, երբ բազմաթիւ անհատներ չքաւորութեան մէջ կ’ապրին։Աղքատութիւնը Յաւիտեա՞ն Պիտի Մնայ
Սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ մէկը բան մը չ’ըներ աղքատներուն դժուարին կացութեան առնչութեամբ։ Բարենպատակ պետական պաշտօնեաներ եւ օգնութիւն մատուցանող կազմակերպութիւններ, վստահաբար բարեփոխութեան համար առաջարկներ ներկայացուցած են։ Այսուհանդերձ իրողութիւնները վհատեցուցիչ կը մնան։ Մարդկային Զարգացման 2002–ի Տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ թէ «շատ մը երկիրներ այժմ աւելի աղքատ են քան՝ 10, 20 եւ կարգ մը պարագաներուն՝ 30 տարի առաջ», հակառակ բարելաւումներ ընելու բազմաթիւ ազնիւ ջանքերուն։
Արդեօք աղքատներուն համար յոյս չկա՞յ։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ յաջորդ յօդուածը կարդաք, նկատի առնելու համար կարգ մը գործնական քայլեր, որոնք հիմա իսկ կ’օգնեն, ինչպէս նաեւ՝ լուծումներ, որոնց մասին թերեւս չէք խորհած։