Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա՝ ճշմարտութեան Աստուած

Եհովա՝ ճշմարտութեան Աստուած

Եհովա՝ ճշմարտութեան Աստուած

«Ո՜վ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր»։—ՍԱՂՄՈՍ 31։5

1. Երբ ստութիւն չկար, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէր։

ԿԱՐ ժամանակ մը, երբ ստութիւնը գոյութիւն չունէր։ Կատարեալ հոգեղէն արարածներ անտեսանելի երկինքը կը բնակէին ու իրենց Արարիչին՝ ‘ճշմարտութեան Աստուծոյն’՝ կը ծառայէին։ (Սաղմոս 31։5) Ո՛չ նենգութիւն կար եւ ո՛չ ալ՝ խաբէութիւն։ Եհովա իր հոգեղէն որդիներուն կը հաղորդէր ի՛նչ որ ճշմարիտ էր, քանի որ զիրենք կը սիրէր եւ անոնց բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած էր։ Պարագան նոյնն էր երկրի վրայ։ Եհովա առաջին մարդն ու կինը ստեղծեց, եւ իր նշանակած խողովակին միջոցաւ, անոնց հետ միշտ կը հաղորդակցէր՝ յստակ, ուղղակի եւ պարկեշտ կերպով։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ բան մը եղած ըլլալու էր։

2. Ստութեան ո՞վ ծագում տուաւ, եւ ինչո՛ւ։

2 Սակայն, ժամանակի ընթացքին, Աստուծոյ հոգեղէն որդիներէն մէկը յանդգնօրէն մտադրեց ինքզինք մրցակից աստուած մը ընել, Եհովայի հակառակելով։ Այս հոգեղէն արարածը, որ ճանչցուեցաւ որպէս Բանսարկու Սատանայ, ուզեց որ ուրիշներ զինք պաշտեն։ Իր նպատակակէտը իրագործելու համար, ստութեան ծագում տուաւ որպէս միջոց մը ուրիշները իր հակակշռին տակ առնելու։ Ասիկա ընելով, ան թէ՛ ‘ստախօս մը եւ թէ սուտին հայրը’ եղաւ։—Յովհաննու 8։44, Անթիլիաս

3. Ադամն ու Եւան ի՞նչպէս հակազդեցին Սատանայի սուտերուն, եւ հետեւանքները ի՞նչ եղան։

3 Օձի մը միջոցաւ, Սատանան առաջին կնոջ՝ Եւայի՝ ըսաւ թէ եթէ Աստուծոյ պատուէրը զանց ընէր ու արգիլուած պտուղէն ուտէր, պիտի չմեռնէր։ Ասիկա սուտ մըն էր։ Ապա ան Եւայի ըսաւ թէ պտուղը ուտելով Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար, բարին ու չարը գիտնալով։ Ասիկա ալ սուտ մըն էր։ Թէեւ նախապէս ո՛չ մէկը Եւայի սուտ խօսած էր, սակայն ան ըմբռնած ըլլալու էր թէ օձին ըսածը կը հակասէր ի՛նչ որ Աստուած ըսած էր իր ամուսնոյն՝ Ադամին։ Այսուհանդերձ, ան ընտրեց Սատանայի հաւատալ եւ ո՛չ թէ՝ Եհովայի։ Ամբողջովին խաբուած ըլլալով, ան պտուղը առաւ ու կերաւ։ Հետագային Ադամն ալ պտուղէն կերաւ։ (Ծննդոց 3։1-6) Եւայի նման, Ադամ նախապէս երբեք սուտ մը չէր լսած, սակայն չխաբուեցաւ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։14) Իր արարքներով ցոյց տուաւ թէ իր Արարիչը մերժեց։ Հետեւանքները մարդկութեան համար աղիտալի էին։ Ադամի անհնազանդութեան պատճառաւ, մեղքն ու մահը,– ապականութեան եւ անպատմելի թշուառութեան հետ մէկտեղ,– իր բոլոր սերունդին վրայ տարածուեցան։—Հռովմայեցիս 5։12

4. (ա) Եդեմի մէջ խօսուած սուտերուն բնոյթը ի՞նչ էր։ (բ) Սատանայի կողմէ չմոլորուելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

4 Ստութիւնն ալ տարածուեցաւ։ Պէտք է գիտակցինք թէ Եդեմի պարտէզին մէջ խօսուած սուտերը, Եհովայի ճշմարտախօսութեան դէմ յարձակումներ էին։ Սատանան պնդեց թէ Աստուած մարդկային առաջին զոյգը նենգօրէն լաւ բանէ մը կը զրկէր։ Անշուշտ ասիկա շիտակ չէր։ Ադամն ու Եւան իրենց անհնազանդութենէն չօգտուեցան։ Անոնք մեռան, ճիշդ ինչպէս որ Եհովա ըսած էր։ Այսուհանդերձ, Սատանան շարունակեց Եհովայի դէմ զրպարտութիւններ տարածել ա՛յն աստիճան, որ դարեր ետք Յովհաննէս առաքեալ ներշնչումով գրեց թէ Սատանան «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Բանսարկու Սատանային կողմէ չմոլորուելու համար, Եհովայի ճշմարտախօսութեան ու իր Խօսքին ճշմարիտ ըլլալուն հանդէպ կատարեալ վստահութիւն պէտք է ունենանք։ Ի՞նչպէս կրնաք Եհովայի հանդէպ ձեր վստահութիւնը մշակել ու զօրացնել, եւ իր Հակառակորդին յառաջացուցած խաբէութեան ու սուտերուն դէմ դուք ձեզ պաշտպանել։

Եհովա Ճշմարտութիւնը Գիտէ

5, 6. (ա) Եհովա ի՞նչ գիտութիւն ունի։ (բ) Մարդկութեան ունեցած գիտութիւնը ի՞նչպէս կրնայ բաղդատուիլ Եհովայի գիտութեան հետ։

5 Աստուածաշունչը յարատեւաբար Եհովան կը բնորոշէ որպէս ‘ամէն բան ստեղծողը’։ (Եփեսացիս 3։9) Ան է «որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց»։ (Գործք 4։24) Քանի որ Եհովան է Ստեղծիչը, ան ամէն բանի մասին ճշմարտութիւնը գիտէ։ Օրինակ մը տանք. Երեւակայեցէք մարդ մը որ իր անձնական տան յատակագիծը կը պատրաստէ եւ ապա զայն կը կառուցանէ, անձամբ իւրաքանչիւր գերան տեղաւորելով եւ իւրաքանչիւր գամ գամելով։ Ան այս տան ներքինը եւ արտաքինը շատ լաւ պիտի գիտնայ, եւ անոր մասին աւելի պիտի հասկնայ քան՝ ոեւէ դիտող։ Մարդիկ իրենց ծրագրած ու շինած բաներուն մասին լաւ գիտեն։ Նոյնպէս, Ստեղծիչը իր ստեղծած բաներուն մասին բոլոր մանրամասնութիւնները գիտէ։

6 Եսայի մարգարէն գեղեցիկ կերպով ցոյց տուաւ Եհովայի գիտութեան տարողութիւնը։ Կը կարդանք. «Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց ու թիզով երկինքը ծրագրեց ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց եւ լեռները կշռաթաթով ու բլուրները կշիռքով կշռեց։ Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։ Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։ Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց»։ (Եսայեայ 40։12-14) Արդարեւ Եհովա «գիտութեան Աստուածն» է եւ «գիտութեամբ կատարեալ» է։ (Ա. Թագաւորաց 2։3. Յոբայ 36։4. 37։16) Իրեն հետ բաղդատած, մենք որքա՜ն քիչ գիտենք։ Հակառակ մարդկութեան կուտակած հսկայ գիտութեան, նիւթական ստեղծագործութեան մասին մեր հասկացողութիւնը նոյնիսկ «[Աստուծոյ] ճամբաներուն ծայրերը» չի հասնիր։ ‘Զօրաւոր որոտումին’ հետ բաղդատած, անիկա ‘շշունջ’ է։—Յոբայ 26։14

7. Դաւիթ Եհովայի գիտութեան մասին ի՞նչ ըմբռնեց, եւ հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընդունինք։

7 Որովհետեւ Եհովա մեզ ստեղծեց, տրամաբանական է եզրակացնել թէ ան մեզ լաւ կը ճանչնայ։ Դաւիթ Թագաւոր ասոր անդրադարձաւ։ Ան գրեց. «Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս, իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։ Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։ Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես»։ (Սաղմոս 139։1-4) Անշուշտ Դաւիթ գիտակցեցաւ որ մարդիկ ազատ կամք ի գործ կը դնեն. Աստուած մեզի կարողութիւն տուած է որ իրեն հնազանդինք կամ չհնազանդինք։ (Բ. Օրինաց 30։19, 20. Յեսուայ 24։15) Այսուհանդերձ, Եհովա մեզ շատ աւելի գիտէ քան՝ մենք մեզ։ Ան մեզի համար լաւագոյնը կը փափաքի եւ ի վիճակի է մեր ճամբաները ուղղելու։ (Երեմեայ 10։23) Արդարեւ չկայ աւելի ատակ ուսուցիչ, մասնագէտ կամ խրատատու մը, մեզի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու եւ մեզ իմաստուն ու երջանիկ ընելու համար։

Եհովա Ճշմարտախօս Է

8. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա ճշմարտախօս է։

8 Ճշմարտութիւնը գիտնալը բան մըն է, իսկ բոլորովին ուրիշ բան մըն է՝ միշտ ճշմարտութիւնը խօսիլը, պարկեշտ ըլլալը։ Բանսարկուն, զոր օրինակ, ընտրեց ‘ճշմարտութեան մէջ չկենալ’։ (Յովհաննու 8։44) Միւս կողմէ, Եհովա ‘առատ է ճշմարտութիւնով’։ (Ելից 34։6) Սուրբ Գրութիւնները յարատեւաբար կը վկայեն Եհովայի ճշմարտախօսութեան։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի», եւ թէ Աստուած «անսուտ» է։ (Եբրայեցիս 6։18. Տիտոս 1։2) Ճշմարտախօսութիւնը Աստուծոյ անձնաւորութեան կարեւոր մէկ երեսակն է։ Կրնանք Եհովայի ապաւինիլ ու վստահիլ, քանի որ ճշմարտախօս է. ան երբեք իր հաւատարիմ ծառաները չի խաբեր։

9. Եհովայի անունը ի՞նչպէս առնչուած է ճշմարտութեան հետ։

9 Եհովայի անունն իսկ կը վկայէ իր ճշմարտախօսութեան։ Աստուածային անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Ասիկա Եհովան կը բնորոշէ որպէս մէկը, որ աստիճանաբար իր խոստումներուն Կատարողը կը դառնայ։ Ուրիշ ո՛չ ոք ասիկա ընելու կարողութիւն ունի։ Որովհետեւ Եհովա Գերիշխանն է, ոչինչ կրնայ իր նպատակներուն իրագործման արգելք հանդիսանալ։ Եհովա ո՛չ միայն ճշմարտախօս է, այլ նաեւ՝ միայն ինք զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ունի իր բոլոր ըսածները կատարելու։

10. (ա) Յեսու Եհովայի ճշմարտախօս ըլլալուն ի՞նչպէս ականատես եղաւ։ (բ) Եհովայի ո՞ր խոստումներուն կատարումը տեսած էք։

10 Յեսու այն բազմաթիւ անհատներէն մէկն էր, որոնք Եհովայի ճշմարտախօսութեան վկայող արտակարգ դէպքերուն ականատես եղան։ Յեսու Եգիպտոսի մէջ էր, երբ Եհովա այդ ազգին վրայ տասը պատուհասները բերաւ, իւրաքանչիւրը կանխաւ գուշակելով։ Այլ բաներու կողքին, Յեսու Իսրայելացիները Եգիպտոսէն ազատագրելու, զանոնք Խոստացեալ Երկիր առաջնորդելու եւ իրենց հակառակող Քանանացիներուն հզօր բանակները նուաճելու Եհովայի խոստումներուն կատարման ականատես եղաւ։ Իր կեանքին վերջաւորութեան, Յեսու Իսրայէլ ազգին ծերերուն ըսաւ. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։ (Յեսուայ 23։14) Թէեւ Յեսուի տեսած հրաշքներուն ականատես չէք եղած, բայց ձեր կեանքի տեւողութեան Աստուծոյ խոստումներուն ճշմարիտ ըլլալուն փորձառութիւնը ունեցա՞ծ էք։

Եհովա Ճշմարտութիւնը կը Յայտնէ

11. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա կ’ուզէ ճշմարտութիւնը հաղորդել մարդկութեան։

11 Երեւակայեցէք ծնող մը որ ընդարձակ գիտութիւն ունի, բայց հազուադէպօրէն կը խօսի իր զաւակներուն հետ։ Երախտապարտ չէ՞ք որ Եհովա այսպիսի ծնող մը չէ։ Եհովա սիրալիրօրէն եւ ճոխօրէն մարդկութեան հետ կը հաղորդակցի։ Սուրբ Գրութիւնները զինք կը կոչեն՝ «Մեծ Ուսուցիչ»։ (Եսայեայ 30։20, ՆԱ) Իր հաւատարիմ սէրէն մղուած, ան կը հաղորդակցի նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք իրեն մտիկ ընելու հակում չունին։ Օրինակ, Եզեկիէլի նշանակում տրուեցաւ որ քարոզէ անոնց, որոնք Եհովա գիտէր թէ անընդունակ պիտի ըլլային։ Եհովա ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, աղէ՜, Իսրայէլի տունը գնա՛ ու իմ խօսքերս անոնց ըսէ՛»։ Ապա զգուշացուց. «Քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել, որովհետեւ բոլոր Իսրայէլի տունը պնդերես ու խստասիրտ է»։ Ասիկա դժուար նշանակում մըն էր, բայց Եզեկիէլ զայն հաւատարմօրէն կատարեց, արտացոլացնելով Եհովայի կարեկցութիւնը։ Եթէ քարոզելու դժուար նշանակում մը ունենաք եւ Աստուծոյ ապաւինիք, կրնաք վստահ ըլլալ թէ ան ձեզ պիտի զօրացնէ, ճիշդ ինչպէս որ իր Եզեկիէլ մարգարէն զօրացուց։—Եզեկիէլ 3։4, 7-9

12, 13. Աստուած մարդոց հետ ի՞նչ կերպերով հաղորդակցած է։

12 Եհովա կը փափաքի որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ան խօսած է մարգարէներու, հրեշտակներու եւ նոյնիսկ իր սիրելի Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ։ (Եբրայեցիս 1։1, 2. 2։2) Յիսուս Պիղատոսին ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։ Եհովայի փրկութեան կարգադրութեան մասին ճշմարտութիւնը ուղղակի Աստուծոյ Որդւոյն միջոցաւ գիտնալու անգին պատեհութիւնը ունէր Պիղատոս։ Սակայն ան ճշմարտութեան կողմը չէր, եւ չուզեց Յիսուսէն սորվիլ։ Փոխարէն, Պիղատոս հեգնօրէն պատասխանեց. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ (Յովհաննու 18։37, 38) Ի՜նչ ցաւալի կեցուածք մը։ Սակայն շատեր Յիսուսի ծանուցանած ճշմարտութեան ականջ տուին։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն»։—Մատթէոս 13։16

13 Եհովա Աստուածաշունչին միջոցաւ ճշմարտութիւնը պահպանած է եւ ամէնուրեք մարդոց մատչելի դարձուցած է զայն։ Աստուածաշունչը իրողութիւններ կը յայտնէ։ Անիկա կը նկարագրէ Աստուծոյ յատկութիւնները, նպատակներն ու պատուիրանները, ինչպէս նաեւ մարդոց իսկական վիճակը։ Իր մէկ աղօթքին մէջ Յիսուս Եհովայի ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննու 17։17) Այս պատճառաւ Աստուածաշունչը անզուգական գիրք մըն է։ Միայն անիկա գրուած է Աստուծոյ ներշնչումով, որ ամէն բան գիտէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Անիկա մարդկութեան տրուած թանկարժէք պարգեւ մըն է, որ Աստուծոյ ծառաները մեծապէս կ’արժեւորեն։ Իմաստուն ընթացք է որ զայն ամէն օր կարդանք։

Ճշմարտութեան Ամուր Կառչեցէք

14. Եհովա ի՞նչ կարգ մը բաներ կ’ըսէ թէ պիտի ընէ, եւ ինչո՞ւ պէտք է հաւատանք իրեն։

14 Իր Խօսքին մէջ Եհովայի մեզի ըսած բաները լուրջի պէտք է առնենք։ Ան իր մասին միշտ ճշմարտութիւնը կ’ըսէ, եւ միշտ կը կատարէ ինչ որ կ’ըսէ որ պիտի ընէ։ Աստուծոյ վստահելու ամէն պատճառ ունինք։ Կրնանք հաւատալ, երբ Եհովա կ’ըսէ թէ ‘վրէժ պիտի առնէ անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Կրնանք նաեւ Եհովայի հաւատալ, երբ կ’ըսէ թէ ինք կը սիրէ արդարութեան հետամուտ եղողները, երբ կ’ըսէ թէ հաւատք ընծայողներուն յաւիտենական կեանք պիտի շնորհէ, եւ երբ կ’ըսէ թէ ցաւը, աղաղակը եւ նոյնիսկ մահը պիտի բնաջնջէ։ Եհովա այս վերջին խոստումին վստահելի ըլլալը շեշտեց, Յովհաննէս առաքեալին տալով սա հրահանգը. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։Յայտնութիւն 21։4, 5. Առակաց 15։9. Յովհաննու 3։36

15. Սատանան ի՞նչ կարգ մը սուտեր կը տարածէ։

15 Սատանան Եհովայի ճիշդ հակապատկերն է։ Փոխանակ մարդիկը լուսաւորելու, ան կը խաբէ զանոնք։ Մարդիկը մաքուր պաշտամունքէն հեռացնելու իր նպատակը իրագործելու համար, Սատանան շարք մը սուտեր կը տարածէ։ Օրինակ, Սատանան կ’ուզէ մեզի հաւատացնել տալ թէ Աստուած մտերմութիւն ցոյց չի տար եւ մարդկային տառապանքին նկատմամբ անտարբեր է։ Սակայն Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Եհովա խորապէս հետաքրքրուած է իր արարածներով եւ մեծապէս ցաւ կը զգայ չարութեան ու տառապանքին համար։ (Գործք 17։24-30) Սատանան նաեւ կ’ուզէ որ մարդիկ հաւատան թէ հոգեւոր հետապնդումները ժամավաճառութիւն են։ Միւս կողմէ, Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը հաւաստիացնեն թէ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ Ասկէ զատ, անոնք յստակօրէն կ’ըսեն թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 6։10. 11։6

16. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ աչալուրջ պէտք է մնան եւ ճշմարտութեան ամուր կառչին։

16 Սատանայի մասին Պօղոս առաքեալ գրեց. «Այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Եւայի նման, ոմանք ամբողջովին խաբուած են Բանսարկու Սատանայի կողմէ։ Ուրիշներ Ադամի ընթացքին կը հետեւին, որ չխաբուեցաւ, այլ՝ դիտումնաւոր կերպով անհնազանդութեան ուղին ընտրեց։ (Յուդա 5, 11) Արդ, կենսական է որ Քրիստոնեաները աչալուրջ մնան եւ ճշմարտութեան ամուր կառչին։

Եհովա «Անկեղծ Հաւատք» կը Պահանջէ

17. Եհովայի հաճութիւնը ունենալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

17 Որովհետեւ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ճշմարտախօս է, Եհովա զինք պաշտողներէն ալ կ’ակնկալէ որ ճշմարտախօս ըլլան։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։ Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն»։ (Սաղմոս 15։1, 2) Այս խօսքերը տաղերգող Հրեաներուն համար, Եհովայի սուրբ լերան ակնարկելը անտարակոյս իրենց միտքը կը բերէր Սիօն Լեռը, ուր Դաւիթ Թագաւոր ուխտի տապանակը բերաւ, իր կանգնած վրանին մէջ դնելու համար։ (Բ. Թագաւորաց 6։12, 17) Լեռը եւ վրանը կը յիշեցնէին այն վայրը, ուր Եհովա այլաբանօրէն բնակեցաւ։ Հոն մարդիկ կրնային Աստուծոյ մօտենալ, իր հաճութիւնը հայցելու համար։

18. (ա) Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը ի՞նչ կը պահանջէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

18 Ան որ Եհովայի բարեկամութիւնը կ’ուզէ, ճշմարտութիւնը պէտք է խօսի «իր սրտէն», եւ ո՛չ միայն իր շրթներով։ Աստուծոյ իսկական բարեկամները պարկեշտ սիրտ պէտք է ունենան եւ «անկեղծ հաւատք» ապացուցանեն, քանի որ ճշմարտախօսութիւն ցոյց տուող արարքները սրտէն կը բխին։ (Ա. Տիմոթէոս 1։5. Մատթէոս 12։34, 35) Աստուծոյ բարեկամը նենգամիտ կամ խաբեբայ չէ, քանի որ «Տէրը . . . նենգաւոր մարդէն կը զզուի»։ (Սաղմոս 5։6) Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները ծանր կ’աշխատին որ ճշմարտախօս ըլլան, իրենց Աստուածը ընդօրինակելով։ Յաջորդ յօդուածը այս նիւթը պիտի քննարկէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Եհովա ինչո՞ւ ամէն բանի մասին ճշմարտութիւնը գիտէ։

• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա ճշմարտախօս է։

• Եհովա ի՞նչպէս ճշմարտութիւնը յայտնած է։

• Ճշմարտութեան նկատմամբ, մեզմէ ի՞նչ կը պահանջուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20]

Ճշմարտութեան Աստուածը իր ստեղծագործութեան մասին ամէն բան գիտէ

[Նկարներ՝ էջ 22, 23]

Եհովայի խոստումները պիտի կատարուին