Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութեան Աստուածը ընդօրինակել

Ճշմարտութեան Աստուածը ընդօրինակել

Ճշմարտութեան Աստուածը ընդօրինակել

«Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։1

1. Ոմանք ճշմարտութեան մասին ի՞նչ կը հաւատան, եւ անոնց պատճառաբանութիւնը ինչո՞ւ թերի է։

«Ի՞ՆՉ է ճշմարտութիւնը»։ (Յովհաննու 18։38) Շուրջ 2,000 տարի առաջ, Պոնտացի Պիղատոսին կողմէ հեգնօրէն հարցուած այս հարցումը, այն գաղափարը կը հաղորդէ թէ ճշմարտութիւնը անհասանելի բան մըն է։ Ներկայիս շատեր նոյն տեսակէտը ունին։ Ճշմարտութեան բնոյթն իսկ յարձակման ներքեւ է։ Հաւանաբար գիտէք որ կ’ըսուի թէ իւրաքանչիւր անհատ ինք կ’որոշէ թէ ի՛նչ է ճշմարտութիւնը, կամ՝ թէ ճշմարտութիւնը յարաբերական է, կամ՝ թէ ճշմարտութիւնը մշտափոփոխ է։ Այս պատճառաբանութիւնը թերի է։ Հետազօտութեան ու ուսման բուն նպատակակէտն է՝ մեր ապրած աշխարհին մասին իրողութիւնները կամ ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Ճշմարտութիւնը անձնական կարծիքի հարց չէ։ Օրինակ, մարդկային հոգին կա՛մ անմահ է եւ կամ անմահ չէ։ Սատանան կա՛մ գոյութիւն ունի եւ կամ գոյութիւն չունի։ Կեանքը կա՛մ նպատակ մը ունի եւ կամ նպատակ մը չունի։ Իւրաքանչիւր պարագային, միայն մէ՛կ շիտակ պատասխան կրնայ ըլլալ։ Մէկը ճիշդ է, իսկ միւսը՝ սխալ. երկուքն ալ ճիշդ չեն կրնար ըլլալ։

2. Եհովա ի՞նչ կերպերով ճշմարտութեան Աստուածն է, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք թէ Եհովա ճշմարտութեան Աստուածն է։ Ան ամէն բանի մասին ճշմարտութիւնը գիտէ։ Իր խաբեբայ հակառակորդին՝ Բանսարկու Սատանային՝ ճիշդ հակապատկերը ըլլալով, Եհովա մի՛շտ ճշմարտախօս է։ Ասկէ զատ, Եհովա ճոխօրէն ճշմարտութիւնը ուրիշներուն կը յայտնէ։ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։ (Եփեսացիս 5։1) Որպէս Եհովայի Վկաներ, ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել ճշմարտութիւնը խօսելու եւ անոր համաձայն ապրելու մէջ։ Ասիկա ընելը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Եւ ի՞նչ երաշխիք ունինք թէ Եհովա ճշմարտախօսութեան հետամուտ եղողներուն կը հաճի։ Տեսնե՛նք։

3, 4. Պօղոս ու Պետրոս առաքեալները ի՞նչպէս նկարագրեցին «վերջին օրեր»ուն տեղի ունենալիք իրադարձութիւնները։

3 Ներկայ դարաշրջանին մէջ կրօնական ստութիւնը համատարած է։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ աստուածային ներշնչումով նախագուշակած էր, այս «վերջին օրեր»ուն շատեր աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են։ Ոմանք ճշմարտութեան կը հակառակին, «մտքով ապականած» ըլլալով։ Ասկէ զատ, ‘չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ կը յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով’։ Թէեւ այսպիսի մարդիկ միշտ կը սորվին, բայց բնաւ չեն կրնար «ճշմարտութիւնը ճանչնալ»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, 5, 7, 8, 13

4 Պետրոս առաքեալն ալ ներշնչուեցաւ վերջին օրերուն մասին գրելու։ Ճիշդ ինչպէս որ մարգարէացաւ, մարդիկ ո՛չ միայն ճշմարտութիւնը կը մերժեն, այլ նաեւ կը ծաղրեն Աստուծոյ Խօսքը եւ անոր բովանդակած ճշմարտութիւնը ծանուցանողները։ Այս ծաղրողները կ’ուզեն անտեսել այն իրողութիւնը թէ Նոյի օրուան աշխարհը ջրհեղեղով կործանեցաւ, օրինակ հանդիսանալով գալիք դատաստանի օրուան մը։ Անոնց բարեբաղձիկ մտածմունքը աղիտաբեր պիտի ըլլայ, երբ անբարեպաշտ մարդիկը կործանելու Աստուծոյ ժամանակը գայ։—Բ. Պետրոս 3։3-7

Եհովայի Ծառաները Ճշմարտութիւնը Գիտեն

5. Ըստ Դանիէլ մարգարէին, «վերջին ժամանակ»ին ի՞նչ պիտի պատահէր, եւ այս մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուած է։

5 «Վերջին ժամանակը» նկարագրելով, Դանիէլ մարգարէն նախագուշակեց Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ բոլորովին տարբեր զարգացում մը. կրօնական ճշմարտութեան վերազարթնում մը։ Ան գրեց. «Շատերը ուշադրութեամբ [Սուրբ Գրութիւնները] պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։ (Դանիէլ 12։4) Մեծ Խաբեբան չէ կրցած Եհովայի ժողովուրդը շփոթեցնել կամ կուրցնել։ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ ուսումնասիրելով, անոնք ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգած են։ Առաջին դարուն, Յիսուս իր աշակերտները լուսաւորեց։ Ան «անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան»։ (Ղուկաս 24։45) Մեր օրերուն, Եհովա նոյն կերպով գործած է։ Իր Խօսքին, հոգիին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ, ան երկրի տարածքին միլիոնաւոր անհատներ կարող դարձուցած է որ հասկնան իր գիտցածը՝ ճշմարտութիւնը։

6. Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը աստուածաշնչական ո՞ր ճշմարտութիւնները կը հասկնայ։

6 Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալով, շատ մը բաներ կը հասկնանք, որ այլապէս պիտի չգիտնայինք։ Ունինք այն հարցումներուն պատասխանները, որոնք հազարամեակներէ ի վեր շփոթեցուցած են աշխարհային առումով իմաստուն նկատուած անհատները։ Օրինակ, գիտենք թէ ինչո՛ւ տառապանքը գոյութիւն ունի, ինչո՛ւ մարդիկ կը մեռնին եւ ինչո՛ւ մարդիկ չեն կրնար աշխարհածաւալ խաղաղութիւն ու միութիւն իրագործել։ Նաեւ օրհնուած ենք՝ գիտնալով թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, դրախտային երկիր եւ անվերջ ու կատարեալ կեանք։ Ճանչցած ենք Եհովան՝ Գերագոյն Էակը։ Սորված ենք իր գրաւիչ անձնաւորութեան մասին եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք իր օրհնութիւնը վայելելու համար։ Ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզ կարող կը դարձնէ զատորոշելու սուտ բաները։ Ճշմարտութիւնը կիրարկելը մեզ կը պաշտպանէ անպտուղ հետապնդումներէ, մեզ կարող կը դարձնէ որ կեանքէն լաւագոյնս օգտուինք, եւ ապագայի համար հոյակապ յոյս մը կու տայ մեզի։

7. Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները որո՞նց մատչելի են, եւ որո՞նց մատչելի չեն։

7 Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կը հասկնա՞ք։ Եթէ այո, ուրեմն առատապէս օրհնուած էք։ Երբ հեղինակ մը գիրք մը գրէ, սովորաբար զայն այնպէս մը կը կաղապարէ, որ մասնայատուկ խումբի մը գրաւիչ ըլլայ։ Կարգ մը գրքեր շատ ուսեալ մարդոց համար գրուած են, այլ գրքեր՝ երախաներու համար, տակաւին ուրիշներ՝ մասնագէտներու համար։ Թէեւ Աստուածաշունչը բոլորին դիւրամատչելի է, սակայն միայն որոշ խումբ մը կրնայ զայն հասկնալ ու գնահատել։ Եհովա զայն պատրաստած է երկրի խոնարհներուն, հեզերուն համար։ Այսպիսի անհատներ կրնան Աստուածաշունչին իմաստը ըմբռնել, ի՛նչ որ ալ ըլլայ իրենց ուսման մակարդակը, մշակոյթը, կենսավիճակը կամ ցեղը։ (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Միւս կողմէ, աստուածաշնչական ճշմարտութեան հասկացողութիւնը չէ շնորհուած արդարամիտ չեղողներուն, որքա՛ն ալ ուշիմ կամ ուսեալ ըլլան։ Գոռոզ, հպարտ անհատները չեն կրնար Աստուծոյ Խօսքին թանկարժէք ճշմարտութիւնները ըմբռնել։ (Մատթէոս 13։11-15. Ղուկաս 10։21. Գործք 13։48) Միայն Աստուած կրնար այսպիսի գիրք մը մէջտեղ բերել։

Եհովայի Ծառաները Ճշմարտախօս Են

8. Յիսուս ինչո՞ւ ճշմարտութեան մարմնացումն էր։

8 Եհովայի նման, իր հաւատարիմ Վկաները ճշմարտախօս են։ Յիսուս Քրիստոս՝ Եհովայի գերընտիր Վկան, ճշմարտութիւնը հաստատեց իր սորվեցուցած բաներով եւ իր ապրելակերպով ու մահով։ Ան Եհովայի խօսքին ու խոստումներուն ճշմարիտ ըլլալը պաշտպանեց։ Հետեւաբար Յիսուս ճշմարտութեան մարմնացումն էր, ինչպէս ինքն ալ ըսաւ։—Յովհաննու 14։6. Յայտնութիւն 3։14. 19։10

9. Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ կ’ըսեն ճշմարտութիւնը խօսելու մասին։

9 Յիսուս «շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն» էր եւ «անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ»։ (Յովհաննու 1։14. Եսայեայ 53։9) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ճշմարտախօս ըլլալու Յիսուսի ձգած օրինակին կը հետեւին։ Պօղոս իր հաւատակիցները խրատեց. «Ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք»։ (Եփեսացիս 4։25) Նախապէս Զաքարիա մարգարէն գրած էր. «Ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ»։ (Զաքարեայ 8։16) Քրիստոնեաները ճշմարտախօս են, քանի որ կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել։ Եհովա ճշմարտախօս է եւ գիտէ ստութենէն յառաջ եկած վնասները։ Ուստի իրաւացիօրէն իր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ ճշմարտութիւնը խօսին։

10. Մարդիկ ինչո՞ւ կը ստեն, եւ ի՞նչ վնասներ կը հնձեն։

10 Շատ մը մարդոց համար ստելը կրնայ որոշ առաւելութիւններ ձեռք ձգելու յարմար միջոց մը ըլլալ։ Մարդիկ կը ստեն՝ պատիժէ մը խուսափելու, շահ մը ապահովելու կամ ուրիշներու գովասանքին արժանանալու համար։ Սակայն սովորութիւն դարձած սուտ խօսիլը թերութիւն մըն է։ Ասկէ աւելի, ստախօսը չի կրնար Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։ (Յայտնութիւն 21։8, 27. 22։15) Երբ ճշմարտախօս ըլլալու համբաւը ունինք, ուրիշներ մեր ըսածին կը հաւատան. անոնք մեզի կը վստահին։ Սակայն եթէ մեր խօսած միայն մէկ սուտը բռնուի, ուրիշներ կրնան այլեւս չհաւատալ թէ ինչ որ պիտի ըսենք ճշմարտութիւն է։ Ափրիկեան առակ մը կ’ըսէ. «Մէկ սուտ կ’եղծանէ հազար ճշմարտութիւն»։ Իսկ հայկական առած մը կ’ըսէ. «Ստախօսին տունը կրակ ինկաւ, ոչ մէկը հաւատաց»։

11. Ի՞նչ կերպով ճշմարտախօսութիւնը պարզապէս ճշմարտութիւնը խօսելէն աւելին կը նշանակէ։

11 Ճշմարտախօսութիւնը պարզապէս ճշմարտութիւնը խօսելէն աւելին կը նշանակէ։ Անիկա ապրելակերպ է։ Անիկա մեր ո՛վ ըլլալը կը բնորոշէ։ Ճշմարտութիւնը ուրիշներուն կը ճանչցնենք, ո՛չ միայն մեր խօսքերով, այլ նաեւ՝ մեր արարքներով։ Պօղոս առաքեալ հարց տուաւ. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս»։ (Հռովմայեցիս 2։21, 22) Եթէ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն կ’ուզենք հաղորդել, մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ ճշմարտասէր պէտք է ըլլանք։ Ճշմարտախօս ու պարկեշտ ըլլալու մեր համբաւը մեծապէս կ’ազդէ թէ մարդիկ ի՛նչպէս պիտի ընդառաջեն մեր սորվեցուցած բաներուն։

12, 13. Ճշմարտասիրութեան մասին դեռատի մը ի՞նչ գրեց, եւ ինչո՞ւ բարոյական բարձր չափանիշ մը ունէր։

12 Եհովայի անչափահաս ծառաներն ալ կ’ըմբռնեն ճշմարտախօս ըլլալուն կարեւորութիւնը։ Երբ 13 տարեկան էր, ուսումնառու Ճէնի իր գրած մէկ շարադրութեան մէջ ըսաւ. «Պարկեշտութիւնը իսկապէս կ’արժեւորեմ։ Դժբախտաբար ներկայիս քիչ մարդիկ բոլորովին պարկեշտ են։ Իմ անձիս խօսք կու տամ որ կեանքիս մէջ միշտ պարկեշտ պիտի ըլլամ։ Նաեւ պարկեշտ պիտի ըլլամ նոյնիսկ եթէ ճշմարտութիւնը խօսիլը անմիջապէս օգտակար պիտի չըլլայ ինծի կամ բարեկամներուս։ Իբր բարեկամներ կ’ընտրեմ միայն անոնք որ ճշմարտութիւնը կը խօսին ու պարկեշտ են»։

13 Այս շարադրութեան մասին խօսելով, Ճէնիի ուսուցչուհին նշեց. «Թէեւ դեռահաս ես, բայց զօրաւոր բարոյական ու բարոյագիտական կանոններ մշակած ես։ Գիտեմ թէ այս կանոններուդ պիտի կառչիս, քանի որ բարոյական զօրութիւն ունիս»։ Ի՞նչ բան նպաստած էր այս աշակերտուհիին բարոյական զօրութեան։ Իր շարադրութեան նախաբանին մէջ, Ճէնի ըսաւ որ իր կրօնքը իր «ապրելակերպին համար չափանիշներ կը դնէ»։ Այժմ այդ շարադրութեան վրայ եօթը տարի անցած է, եւ ինչպէս իր ուսուցչուհին ենթադրեց, Ճէնի կը շարունակէ իր կեանքին մէջ բարոյական բարձր չափանիշ մը ցուցաբերել որպէս Եհովայի Վկայ մը։

Եհովայի Ծառաները Ճշմարտութիւնը կը Յայտնեն

14. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ յատկապէս մեծ պատասխանատուութիւն ունին վեր պահելու ի՛նչ որ ճշմարիտ է։

14 Անշուշտ Եհովայի Վկաներէն զատ ուրիշներ ալ կրնան ճշմարտութիւնը խօսիլ ու ջանալ պարկեշտ ըլլալ։ Սակայն Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, յատկապէս մեծ պատասխանատուութիւն ունինք վեր պահելու ի՛նչ որ ճշմարիտ է։ Մեզի վստահուած են աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ, որոնք կրնան անհատը յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ Ուստի այս գիտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնելու պարտաւորութիւնը ունինք։ Յիսուս ըսաւ. «Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ»։ (Ղուկաս 12։48) Վստահաբար Աստուծոյ թանկարժէք գիտութեամբ օրհնուած անհատներէն «շատ պիտի ուզուի»։

15. Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելով ի՞նչ ուրախութիւն կը գտնէք։

15 Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու մէջ ուրախութիւն կայ։ Առաջին դարու Յիսուսի աշակերտներուն նման, կը ծանուցանենք բարի լուրը,– յոյսի սրտապնդիչ պատգամ մը,– ‘հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս յոգնած ու ցիրուցան’ եղողներուն եւ «դեւերու ուսմունքներ»ով կուրցած ու շփոթած անհատներուն։ (Մատթէոս 9։36. Ա. Տիմոթէոս 4։1) Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն»։ (Գ. Յովհաննու 4) Յովհաննէսի «որդիներ»ուն հաւատարմութիւնը,– թերեւս անոնք՝ որոնց ճշմարտութիւնը ծանօթացուց,– մեծ ուրախութիւն պատճառեց իրեն։ Մենք ալ կ’ուրախանանք, երբ մարդիկ գնահատութեամբ ընդառաջեն Աստուծոյ Խօսքին։

16, 17. (ա) Ինչո՞ւ ամէն ոք ճշմարտութիւնը չ’ընդունիր։ (բ) Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը ծանուցանելով ի՞նչ ուրախութիւն կը գտնէք։

16 Ճիշդ է որ ամէն ոք ճշմարտութիւնը պիտի չընդունի։ Յիսուս Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը խօսեցաւ, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը անժողովրդական էր։ Հրեայ հակառակորդներուն ան ըսաւ. «Ինչո՞ւ ինծի չէք հաւատար։ Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։—Յովհաննու 8։46, 47

17 Յիսուսի նման, Եհովայի մասին թանկագին ճշմարտութիւնը խօսելէ ետ չենք կենար։ Չենք ակնկալեր որ ամէն ոք մեր ըսածները ընդունի, քանի որ Յիսուսի ըսածները ամէն անհատ չընդունեց։ Այսուհանդերձ կ’ուրախանանք գիտնալով թէ մեր ըրածը շիտակ է։ Իր հաւատարիմ սէրէն մղուած, Եհովա կ’ուզէ որ ճշմարտութիւնը բոլոր մարդկութեան յայտնուի։ Ճշմարտութիւնը ունենալով, Քրիստոնեաները լոյս կրողներ կ’ըլլան խաւար աշխարհի մը մէջ։ Թոյլ տալով որ ճշմարտութեան լոյսը փայլի մեր խօսքերով ու արարքներով, կրնանք ուրիշներու օգնել որ մեր երկնաւոր Հայրը փառաւորեն։ (Մատթէոս 5։14, 16) Հանրապէս կը գիտցնենք թէ կը մերժենք Սատանայի յառաջ բերած ճշմարտութեան կեղծ տարբերակը եւ կը կառչինք Աստուծոյ մաքուր ու անխարդախ Խօսքին։ Մեր գիտցած ու բաժնած ճշմարտութիւնը կրնայ զայն ընդունողներուն իսկական ազատութիւն տալ։—Յովհաննու 8։32

Ճշմարտախօսութեան Հետամուտ Եղէք

18. Յիսուս ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս Նաթանայէլի հաճեցաւ։

18 Յիսուս ճշմարտութիւնը սիրեց եւ խօսեցաւ։ Երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին, ան ճշմարտախօս անհատներուն հաճեցաւ։ Նաթանայէլի մասին Յիսուս ըսաւ. «Ահա իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ (Յովհաննու 1։47) Հետագային, Նաթանայէլ, որ հաւանաբար նաեւ Բարթողիմէոս կը կոչուէր, ընտրուեցաւ որ 12 առաքեալներէն մէկը ըլլայ։ (Մատթէոս 10։2-4) Ի՜նչ պատիւ։

19-21. Նախապէս կոյր եղող մարդ մը ի՞նչպէս օրհնուեցաւ, խիզախօրէն ճշմարտախօս ըլլալուն համար։

19 Աստուածաշունչի Յովհաննու Աւետարանին մէջ լման գլուխ մը կը պատմէ ուրիշ պարկեշտ մարդու մը մասին, որ Յիսուսի կողմէ օրհնուեցաւ։ Անոր անունը չենք գիտեր, բայց գիտենք որ մուրացկան ու ի ծնէ կոյր մըն էր։ Մարդիկ սքանչացան, երբ Յիսուս անոր աչքերը բացաւ։ Այս հրաշալի բուժումին լուրը ճշմարտութիւնը ատող կարգ մը Փարիսեցիներու ականջին հասաւ, որոնք իրարու միջեւ համաձայնած էին ժողովարանէն վտարել ոեւէ անհատ, որ Յիսուսի հաւատք կ’ընծայէ։ Անոնց ծրագրէն տեղեակ ըլլալով, նախապէս կոյր եղող մարդուն վախակոխ ծնողքը Փարիսեցիներուն ստեցին, ըսելով թէ չէին գիտեր թէ այժմ իրենց որդին ի՛նչպէս կրնար տեսնել կամ թէ ո՛վ անոր աչքերը բացաւ։—Յովհաննու 9։1-23

20 Փարիսեցիները դարձեալ կանչեցին բուժուած մարդը։ Անտեսելով հետեւանքները, ան խիզախօրէն ճշմարտութիւնը խօսեցաւ։ Ան բացատրեց թէ ի՛նչպէս բուժուեցաւ եւ թէ զինք բուժողը Յիսուսն էր։ Զարմանալով որ այս կարկառուն եւ ուսեալ մարդիկը չէին հաւատար թէ Յիսուս Աստուծմէ է, բուժուած մարդը անվախօրէն յորդորեց զիրենք որ ընդունին ի՛նչ որ բացորոշ էր. «Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։ Անոր խօսքը չկարենալով հերքել, Փարիսեցիները զինք ամբաստանեցին նախատելու յանցանքով ու զինք վռնտեցին։—Յովհաննու 9։24-34

21 Երբ եղելութիւնը իմացաւ, Յիսուս սիրալիրօրէն ժամանակ տրամադրեց մարդը գտնելու համար։ Զինք գտնելէ ետք, ան նախապէս կոյր եղող մարդուն ցուցաբերած հաւատքը կերտեց։ Յիսուս բացէ ի բաց ինքզինք բնորոշեց որպէս Մեսիան։ Այս մարդը որքա՜ն օրհնուեցաւ ճշմարտութիւնը խօսելուն համար։ Վստահաբար ճշմարտութիւնը խօսողները աստուածային հաճութիւնը կը վայելեն։—Յովհաննու 9։35-37

22. Ինչո՞ւ ճշմարտախօսութեան հետամուտ պէտք է ըլլանք։

22 Ճշմարտութիւնը ի գործ դնելը լուրջի առնուելիք հետապնդում մըն է։ Անիկա մարդոց ու Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու եւ պահպանելու համար էական է։ Ճշմարտախօս ըլլալ կը նշանակէ՝ անվերապահ, անկեղծ, դիւրամերձ ու վստահելի ըլլալ, իսկ Եհովա ասոր կը հաճի։ (Սաղմոս 15։1, 2) Ստախօս ըլլալ կը նշանակէ՝ խաբեբայ, անվստահելի եւ կեղծաւոր ըլլալ, իսկ Եհովա ասոր չի հաճիր։ (Առակաց 6։16-19) Հետեւաբար վճռեցէք ճշմարտախօսութեան հետամուտ ըլլալ։ Արդարեւ ճշմարտութեան Աստուածը ընդօրինակելու համար, ճշմարտութիւնը պէտք է գիտնանք, ճշմարտութիւնը խօսինք եւ ճշմարտութեան համաձայն ապրինք։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ինչո՞ւ երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ ճշմարտութիւնը գիտենք։

• Ճշմարտախօս ըլլալու մէջ ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։

• Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու մէջ ի՞նչ օգուտներ կան։

• Ճշմարտախօսութեան հետամուտ ըլլալը ինչո՞ւ կարեւոր է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 27]

Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը իրենց վստահուած ըլլալով, Քրիստոնեաները նախանձախնդրաբար զայն կը բաժնեն ուրիշներու հետ