Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդիկը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ

Մարդիկը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ

Մարդիկը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ

«Տէրը չուշացներ իր խոստումը, . . . հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։9

1, 2. (ա) Ներկայիս Եհովա ի՞նչպէս կը նկատէ մարդիկը։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել։

ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները ‘բոլոր ազգերը աշակերտելու’ յանձնարարութիւնը ունին։ (Մատթէոս 28։19) Մինչ այս նշանակումը կը կատարենք եւ «Տէրոջը մեծ օրուան» կը սպասենք, մարդիկը պէտք է նկատենք ինչպէս ինք կը նկատէ։ (Սոփոնեայ 1։14) Ի՞նչպէս։ Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Աստուած մարդիկը կը նկատէ հաւանական զղջացողներ։ Ան «կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Եհովա նոյնիսկ կ’ուրախանայ, երբ «ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի»։—Եզեկիէլ 33։11

2 Մարդոց հանդէպ Եհովայի տեսակէտը անհատապէս կը բաժնե՞նք։ Իրեն նման, ամէն ցեղէ ու ազգէ անհատներ կը նկատե՞նք «անոր արօտին [հաւանական] ոչխարները»։ (Սաղմոս 100։3. Գործք 10։34, 35) Նկատի առնենք երկու օրինակներ, որոնք Աստուծոյ տեսակէտը ունենալուն կարեւորութիւնը ցոյց կու տան։ Երկու պարագաներուն ալ, կործանումը վերահաս էր եւ Եհովայի ծառաները այս իրողութեան մասին կանխաւ տեղեկացան։ Այս օրինակները յատկապէս յատկանշական են, մինչ Եհովայի մեծ օրուան կը սպասենք։

Աբրահամ Եհովայի Տեսակէտը Ունէր

3. Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչ էր։

3 Առաջին օրինակը առնչուած է հաւատարիմ Աբրահամ նահապետին եւ Սոդոմ ու Գոմոր ամբարիշտ քաղաքներուն հետ։ Երբ «Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը» լսեց, Եհովա այդ քաղաքները ու անոնց բնակիչները անմիջապէս չկործանեց։ Ան նախ հարցը քննեց։ (Ծննդոց 18։20, 21) Երկու հրեշտակներ Սոդոմ ղրկուեցան, ուր արդար Ղովտի տունը իջեւանեցան։ Այդ գիշերը՝ «քաղաքին մարդիկը . . . երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, ամէն կողմէն բոլոր ժողովուրդը տունը շրջապատեցին», եւ ուզեցին հրեշտակներուն հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալ։ Բացայայտօրէն, քաղաքի բնակիչներուն նուաստացած վիճակը ապացուցանեց թէ անիկա կործանուելու արժանի էր։ Սակայն, հրեշտակները Ղովտի ըսին. ««Հոս ուրիշ ո՞վ ունիս. փեսաներդ ու որդիներդ եւ աղջիկներդ ու քաղաքին մէջ ո՛վ որ ունիս այս տեղէն հանէ»։ Եհովա այդ քաղաքին բնակիչներէն ոմանք ազատելու համար առիթ տուաւ, բայց ի վերջոյ, միայն Ղովտն ու իր երկու աղջիկները կործանումէն ազատեցան։—Ծննդոց 19։4, 5, 12, 16, 23-26

4, 5. Աբրահամ ինչո՞ւ Սոդոմի բնակիչներուն համար աղերսեց, իսկ մարդոց հանդէպ իր տեսակէտը Եհովայի տեսակէտին հետ ներդաշնա՞կ էր։

4 Վերադառնանք այդ ժամանակին, երբ Եհովա յայտնեց իր դիտաւորութիւնը որ Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները աչքէ անցընէ։ Այն ատեն Աբրահամ աղերսեց. «Թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։ Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։ Աբրահամ երկու անգամ գործածեց «քա՛ւ լիցի» արտայայտութիւնը։ Աբրահամ փորձառաբար գիտէր թէ Եհովա արդարը ամբարշտին հետ պիտի չկործանէր։ Եհովա ըսելէ ետք թէ Սոդոմը պիտի չկործանէր եթէ ‘անոր մէջ յիսուն արդար ըլլային’, Աբրահամ աստիճանաբար թիւը նուազեցուց մինչեւ տասը։—Ծննդոց 18։22-33

5 Եհովա Աբրահամի աղաչանքներուն մտիկ պիտի ընէ՞ր եթէ անոնք իր տեսակէտին հետ ներդաշնակ չըլլային։ Անշո՛ւշտ ոչ։ «Աստուծոյ բարեկամ»ը ըլլալով, Աբրահամ ակներեւաբար գիտէր ու կը բաժնէր Եհովայի տեսակէտը։ (Յակոբու 2։23) Երբ Եհովա իր ուշադրութիւնը Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքներուն դարձուց, ան յօժար էր Աբրահամի աղաչանքը նկատի առնելու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր երկնաւոր Հայրը «չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։

Մարդոց Հանդէպ Յովնանի Տեսակէտը՝ Բոլորովին Տարբեր

6. Նինուէցիները ի՞նչպէս հակազդեցին Յովնանի յայտարարութեան։

6 Այժմ նկատի առէք երկրորդ օրինակը՝ Յովնանի օրինակը։ Այս անգամ, Նինուէ քաղաքն էր որ պիտի կործանուէր։ Յովնան մարգարէին ըսուեցաւ որ ծանուցանէ թէ այդ քաղաքին չարութիւնը ‘Եհովայի առջեւ ելած էր’։ (Յովնանու 1։2) Իր արուարձանները ներառեալ, Նինուէ մեծ քաղաք մըն էր, «երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ»։ Երբ Յովնան վերջապէս հնազանդեցաւ ու Նինուէ մտաւ, ան շարունակ յայտարարեց. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի»։ Ասոր վրայ, «Նինուէցիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու . . . քուրձ հագան»։ Նոյնիսկ Նինուէի թագաւորը զղջաց։—Յովնանու 3։1-6

7. Եհովա ի՞նչպէս նկատեց Նինուէցիներուն յայտնած զղջումը։

7 Ատիկա Սոդոմի ընդառաջումին ճիշդ հակառակն էր։ Եհովա զղջացած Նինուէցիները ի՞նչպէս նկատեց։ Յովնանու 3։10–ն կ’ըսէ. «Աստուած գթաց [«զղջաց», Արեւմտահայերէն] ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ»։ Եհովա «զղջաց», այն առումով որ Նինուէցիներուն հետ իր գործառնութիւնները փոփոխութեան ենթարկեց, քանի որ իրենց ճամբաները փոխեցին։ Աստուածային չափանիշները չփոխուեցան, այլ՝ Եհովա իր որոշումը փոխեց, տեսնելով Նինուէցիներուն զղջումը։—Մաղաքեայ 3։6

8. Յովնան ինչո՞ւ տխրեցաւ։

8 Երբ անդրադարձաւ որ Նինուէ պիտի չկործանէր, Յովնան հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտե՞ց։ Ո՛չ, քանի որ կը կարդանք. «Յովնան խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ»։ Յովնան ուրիշ ի՞նչ ըրաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. ‘Ո՜հ, Տէ՛ր, երբ ես դեռ իմ երկիրս էի, այսպէս չըսի՞։ Ասոր համար Թարսիս փախայ, քանզի գիտէի թէ դուն ողորմած, գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ Աստուած ես ու չարիքի համար կը ցաւիս’»։ (Յովնանու 4։1, 2) Յովնան Եհովայի յատկութիւններուն քաջատեղեակ էր։ Սակայն, այդ ժամանակ, մարգարէն երեսը կախեց եւ Նինուէի զղջացած բնակիչներուն հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը չբաժնեց։

9, 10. (ա) Եհովա Յովնանի համար ի՞նչ դաս հայթայթեց։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ենթադրել թէ Յովնան վերջապէս Նինուէցիներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը որդեգրեց։

9 Յովնան Նինուէէն դուրս ելաւ, տաղաւար մը շինեց եւ անոր հովանիին տակ նստաւ, «մինչեւ որ տեսնէ թէ քաղաքին ի՞նչ պիտի պատահի»։ Եհովա թոյլ տուաւ որ դդմենի մը աճի, որպէսզի Յովնանի համար հովանի ըլլայ։ Բայց հետեւեալ օրը դդմենին չորցաւ։ Երբ Յովնան ասոր համար բարկացաւ, Եհովա ըսաւ. «Դուն դդմենիին խղճացիր . . . ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ»։ (Յովնանու 4։5-11) Մարդոց հանդէպ Եհովայի տեսակէտին մասին ի՜նչ դաս մը Յովնանի համար։

10 Չէ արձանագրուած թէ Յովնան ի՛նչպէս ընդառաջեց, երբ Աստուած նշեց որ ինք Նինուէի բնակիչներուն խղճաց։ Սակայն բացայայտ է թէ մարգարէն զղջացած Նինուէցիներուն հանդէպ իր տեսակէտը ճշդեց։ Այս եզրակացութեան կը յանգինք, քանի որ Եհովա զինք գործածեց այս ներշնչեալ դրուագը արձանագրելու համար։

Ո՞ր Կեցուածքը Ունիք

11. Աբրահամ հաւանաբար ի՞նչպէս պիտի նկատէր հիմա ապրող մարդիկը։

11 Ներկայիս կը դիմագրաւենք ուրիշ կործանում մը. Եհովայի մեծ օրուան ընթացքին իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութեան կործանումը։ (Ղուկաս 17։26-30. Գաղատացիս 1։4. Բ. Պետրոս 3։10) Եթէ Աբրահամ ողջ ըլլար, կործանուելու վրայ եղող այս աշխարհին մէջ ապրող մարդիկը ի՞նչպէս պիտի նկատէր։ Շատ հաւանական է որ ան «թագաւորութեան բարի լուրը» տակաւին չլսողներուն մասին մտահոգուէր։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ) Աբրահամ Սոդոմի մէջ գտնուող հաւանական արդարներուն ի նպաստ կրկին անգամ աղերսեց Աստուծոյ։ Անձամբ կը մտահոգուի՞նք այն մարդոց մասին, որոնք Սատանայի հակակշռին ներքեւ գտնուող այս աշխարհին ճամբաները կրնան մերժել, եթէ զղջալու եւ Աստուծոյ ծառայելու պատեհութիւնը տրուի իրենց։—Ա. Յովհաննու 5։19. Յայտնութիւն 18։2-4

12. Ինչո՞ւ դիւրին է Յովնանի կեցուածքին նման կեցուածք մը մշակել ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց հանդէպ, եւ այս ուղղութեամբ ի՞նչ կրնանք ընել։

12 Ամբարշտութեան վախճանին տենչալը պատշաճ է։ (Ամբակումայ 1։2, 3) Այսուհանդերձ, շա՜տ դիւրին է Յովնանի կեցուածքին նման կեցուածք մը մշակել, անտարբեր ըլլալով այն մարդոց բարօրութեան հանդէպ, որոնք թերեւս կը զղջան։ Ասիկա մասնաւորաբար ճշմարիտ է, եթէ շարունակ հանդիպինք մարդոց, որոնք անտարբեր, թշնամական կամ նոյնիսկ կռուազան են, երբ Թագաւորութեան պատգամով իրենց տուները կ’այցելենք։ Թերեւս անհոգ դառնանք անոնց հանդէպ, որոնք Եհովա տակաւին պիտի հաւաքէ այս ամբարիշտ աշխարհէն։ (Հռովմայեցիս 2։4) Եթէ լուրջ ինքնաքննութիւն մը երեւան հանէ թէ մեր կեցուածքը քիչ մը նման է Նինուէցիներուն հանդէպ Յովնանի սկզբնական կեցուածքին, կրնանք աղօթքով օգնութիւն խնդրել, որ մեր տեսակէտը Եհովայի տեսակէտին հետ ներդաշնակ դարձնենք։

13. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ ներկայիս Եհովա մարդոցմով հետաքրքրուած է։

13 Եհովա իրեն չծառայող անհատներով հետաքրքրուած է, եւ իր նուիրեալ ժողովուրդին աղաչանքներուն մտիկ կ’ընէ։ (Մատթէոս 10։11) Օրինակ, ան «իրաւունք պիտի ընէ» առ ի պատասխան անոնց աղօթքներուն։ (Ղուկաս 18։7, 8) Ասկէ զատ, Եհովա իր բոլոր խոստումներն ու նպատակները իր որոշած ժամանակին պիտի կատարէ։ (Ամբակումայ 2։3) Ասիկա պիտի պարփակէ երկիրը ամէն չարութենէ մաքրագործել, ճիշդ ինչպէս որ ան Նինուէն կործանեց, երբ անոր բնակիչները ամբարշտութեան վերադարձան։—Նաւումայ 3։5-7

14. Ի՞նչ պէտք է ընենք մինչ կը սպասենք Եհովայի մեծ օրուան։

14 Մինչեւ որ իրերու այս ամբարիշտ դրութիւնը վերցուի Եհովայի մեծ օրուան ընթացքին, համբերութեամբ պիտի սպասե՞նք, իր կամքը ընելով զբաղած մնալով։ Թէեւ մանրամասն չենք գիտեր թէ Եհովայի օրը չեկած քարոզչութեան գործը ո՛ր տարողութեամբ պիտի կատարուի, սակայն գիտենք թէ Թագաւորութեան բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի Աստուծոյ ուզած տարողութեամբ, վերջը գալէն առաջ։ Անշուշտ պէտք է հետաքրքրուինք տակաւին բերուելիք «ցանկալի բաներ»ով, մինչ Եհովա կը շարունակէ իր տունը փառքով լեցնել։—Անգեայ 2։7

Մեր Տեսակէտը կը Բացայայտուի Մեր Արարքներով

15. Ի՞նչ բան կրնայ քարոզչութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնել։

15 Թերեւս կ’ապրինք համայնքի մը մէջ, ուր մեր քարոզչութեան հանդէպ անտարբեր են, եւ ի վիճակի չենք փոխադրուելու հո՛ն ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Ենթադրենք որ վերջը չեկած տասը հոգի կրնանք գտնել մեր թաղամասին մէջ։ Կը զգա՞նք թէ այդ տասն փնտռելը կ’արժէ։ Յիսուս ամբոխին վրայ «խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն յօդուածները ուշադրութեամբ կարդալով, կրնանք այս աշխարհի դժուար կացութեան մասին աւելի խորատեսութիւն ձեռք ձգել։ Իր կարգին, ասիկա կրնայ բարի լուրը քարոզելու կարիքին հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնել։ Ասկէ զատ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած սուրբ գրային գրականութիւնները գնահատութեամբ գործածելը, մեր համոզելու կարողութիւնը կ’աւելցնէ, երբ կը քարոզենք յաճախ աշխատցուած թաղամասին մէջ։—Մատթէոս 24։45-47. Բ. Տիմոթէոս 3։14-17

16. Մեր ծառայութեան ազդուութիւնը ի՞նչպէս կրնանք աւելցնել։

16 Որովհետեւ հետաքրքրուած ենք այն անհատներով, որոնք կրնան Աստուածաշունչի կենսատու պատգամին ընդառաջել, կը մղուինք ծառայութեան մէջ տանտէրներուն մօտենալու համար տարբեր ժամեր ու մեթոտներ նկատի առնելու։ Եթէ յաճախ մարդիկ տունը չենք գտներ երբ կ’այցելենք, կրնանք մեր ծառայութեան ազդուութիւնը աւելցնել, փոփոխութեան ենթարկելով վկայելու գործունէութեան ժամերն ու վայրերը։ Ձկնորսները ձկնորսութեան կ’երթան, երբ ձուկ կրնան որսալ։ Կրնա՞նք նման բան մը ընել մեր հոգեւոր ձկնորսութեան մէջ։ (Մարկոս 1։16-18) Ինչո՞ւ չփորձէք երեկոյեան վկայութիւնը եւ հեռաձայնով վկայելը, եթէ տեղական օրէնքը կ’արտօնէ։ Ոմանք նկատած են թէ կառատուները, կայարանները, վառելանիւթի կայանները եւ խանութները, արդիւնաբեր ‘ձկնորսութեան վայրեր’ են։ Մարդոց հանդէպ Աբրահամի տեսակէտին նման տեսակէտ մը ունենալը նաեւ բացայայտ կը դառնայ, երբ անպաշտօն կերպով վկայելու համար պատեհութիւններ կ’օգտագործենք։

17. Ի՞նչ կերպերով կրնանք քաջալերել օտար երկիրներու մէջ ծառայող միսիոնարներն ու լիաժամ ծառաները։

17 Միլիոնաւորներ Թագաւորութեան պատգամը տակաւին չեն լսած։ Մեր քարոզչութեան կողքին, կրնա՞նք այս մարդոց հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը ցոյց տալ առանց տունէն դուրս ելլելու։ Եթէ օտար երկիրներու մէջ ծառայող միսիոնարներ կամ լիաժամ ծառաներ կը ճանչնանք, կրնանք անոնց նամակներ գրել, իրենց գործին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալով։ Ասիկա ի՞նչպէս ընդհանուր մարդոց հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ։ Քաջալերանք ու գովասանք պարունակող մեր նամակները կրնան միսիոնարները զօրացնել որ իրենց նշանակումին կառչին, եւ հետեւաբար կարենան ա՛լ աւելի անհատներու օգնել որ ճշմարտութիւնը ճանչնան։ (Դատաւորաց 11։40, ՆԱ) Կրնանք նաեւ աղօթել միսիոնարներուն համար եւ այլ երկիրներու մէջ անոնց համար՝ որոնք անօթի են ճշմարտութեան։ (Եփեսացիս 6։18-20) Հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու ուրիշ կերպ մըն է՝ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային գործին համար դրամական նուիրատուութիւններ ընելը։—Բ. Կորնթացիս 8։13, 14. 9։6, 7

Կրնա՞ք Փոխադրուիլ

18. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ի՞նչ ըրած են, Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղելու համար իրենց բնակած երկրին մէջ։

18 Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու կարիքը ունեցող շրջաններ փոխադրուող անհատները, իրենց անձնազոհ ջանքերուն համար օրհնուած են։ Իսկ հայրենաբնակ Վկաներէն ոմանք օտար լեզու մը սորված են, որպէսզի գաղթականներուն հոգեւորապէս օգնեն։ Արդարեւ այս ջանքերը վարձահատոյց եղած են։ Օրինակ, Թէքսասի քաղաքներէն մէկուն մէջ, Ա.Մ.Ն., Չինացիներուն օգնող եօթը Վկաներ, 2001–ի Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան 114 անհատներու բարի գալուստ մաղթեցին։ Այսպիսի խմբակներու օգնող Վկաները, իրենց դաշտերը հնձուելու պատրաստ գտած են։—Մատթէոս 9։37, 38

19. Ի՞նչ բան յանձնարարելի է ընել, եթէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը յառաջ մղելու համար օտար երկիր մը փոխադրուելու մասին կը խորհիք։

19 Թերեւս դուք եւ ձեր ընտանիքը կը զգաք թէ ի վիճակի էք փոխադրուելու հո՛ն ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Անշուշտ խոհեմութիւն է ‘առաջ նստիլ ու ծախքը հաշիւ ընել’։ (Ղուկաս 14։28) Ասիկա յատկապէս ճշմարիտ է, երբ անհատը օտար երկիր մը փոխադրուելու մասին կը խորհի։ Այս կարելիութիւնը նկատի առնող անհատը լաւ կ’ընէ եթէ ինքնիրեն հարց տայ. ‘Պիտի կարենա՞մ ընտանիքիս նիւթական կարիքները հոգալ։ Կրնա՞մ հարկ եղած տեսագիրը ձեռք ձգել։ Արդէն այդ երկրին լեզուն կը խօսի՞մ, կամ՝ յօժա՞ր եմ զայն սորվելու։ Կլիման ու մշակոյթը նկատի առա՞ծ եմ։ Կրնա՞մ այդ երկրին մէջ ապրող հաւատակիցներուս իսկական «զօրացուցիչ սատար» ըլլալ, եւ ո՛չ թէ բեռ մը’։ (Կողոսացիս 4։10, 11, ՆԱ) Եթէ կ’ուզէք գիտնալ թէ ձեր փոխադրուելիք երկրին մէջ ո՛րքան կարիք կայ, միշտ յարմար է որ այդ շրջանին մէջ քարոզչութեան գործին վրայ վերահսկող Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղի գրասենեակին հետ նամակցիք։ *

20. Երիտասարդ Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս ինքզինք ձեռնտու ըրաւ, օտար երկրի մը մէջ հաւատակիցներուն եւ ուրիշներու օգտին համար։

20 Ճափոնի մէջ Թագաւորութեան Սրահներու շինարարութեան մասնակցող Քրիստոնեայ մը իմացաւ թէ Բարակուէյի մէջ պաշտամունքի վայր մը կառուցանելու համար հմուտ աշխատաւորներու կարիքը կար։ Ամուրի ըլլալով եւ երիտասարդութեան կորովը ունենալով, ան այդ երկիրը փոխադրուեցաւ եւ ութը ամիս աշխատեցաւ որպէս այդ ծրագրին միակ լիաժամ կամաւորը։ Իր կեցութեան ընթացքին, ան Սպաներէն սորվեցաւ եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարեց։ Անոր բացորոշ էր թէ այդ երկրին մէջ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու կարիք կար։ Թէեւ Ճափոն վերադարձաւ, բայց ան շուտով ետ Բարակուէյ գնաց ու այդ Թագաւորութեան Սրահը անհատներ բերելու օգնեց։

21. Մինչ Եհովայի մեծ օրուան կը սպասենք, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն ու տեսակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլան։

21 Աստուած հոգ պիտի տանի որ քարոզչութիւնը լիովին կատարուի, իր կամքին հետ ներդաշնակ։ Ներկայիս, ան վերջին հոգեւոր հունձքը կը փութացնէ։ (Եսայեայ 60։22) Արդ, մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, թող որ նախանձախնդրաբար հունձքին մասնակցինք եւ մարդոց հանդէպ մեր սիրալիր Աստուծոյն տեսակէտը ունենանք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 19 Միշտ օգտակար չ’ըլլար որ փոխադրուիք երկիր մը, ուր քարոզչութիւնը արգիլուած կամ սահմանափակուած է։ Ասիկա կրնայ նոյնիսկ վնաս հասցնել Թագաւորութեան հրատարակիչներուն, որոնք այսպիսի պայմաններու ներքեւ զգուշութեամբ կը գործեն։

Կը յիշէ՞ք

Մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, մարդիկը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

Աբրահամ Սոդոմի մէջ բնակող հաւանական արդարներուն հանդէպ ի՞նչ տեսակէտ ունէր։

Յովնան զղջացած Նինուէցիները ի՞նչպէս նկատեց։

Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ բարի լուրը չլսած անհատներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը կը բաժնենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Աբրահամ մարդոց հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունէր

[Նկար՝ էջ 15]

Յովնան զղջացած Նինուէցիներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը որդեգրեց

[Նկարներ՝ էջ 16]

Մարդոցմով հետաքրքրուիլը մեզ կը մղէ որ բարի լուրը քարոզելու համար տարբեր ժամեր ու մեթոտներ նկատի առնենք