Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մխիթարութիւն՝ օգնութեան համար աղաղակողներուն

Մխիթարութիւն՝ օգնութեան համար աղաղակողներուն

Մխիթարութիւն՝ օգնութեան համար աղաղակողներուն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մտային առողջութեան ուղեգիրք մը չէ։ Սակայն անիկա մեզի մխիթարութիւն կու տայ եւ կ’օգնէ կեանքը գնահատելու, հակառակ մեր դիմագրաւած խնդիրներուն։ Իրապաշտօրէն Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։ (Յոբայ 14։1) Մեր դժուարութիւններէն ոմանց պատճառը մեր անկատարութիւնն է։ Բայց մարդկային տառապանքին գլխաւոր պատասխանատուն ո՞վ է։

Աստուածաշունչը զայն կը բնորոշէ որպէս Բանսարկու ու Սատանայ կոչուող չար ոգի մը։ Ան ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’ եւ շատ մը խնդիրներով մարդկութիւնը կը պատուհասէ։ Սակայն Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ թէ անոր ժամանակը վերջանալու վրայ է։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Երկրի բնակչութեան վրայ Սատանայի բերած բոլոր նեղութիւնները շուտով վերջ պիտի գտնեն աստուածային միջամտութեամբ։ Աստուածաշունչին համաձայն, Աստուծոյ խոստացած արդար նոր աշխարհը յուսահատութեան վերջ պիտի դնէ։—Բ. Պետրոս 3։13

Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ մարդկային տառապանքը ժամանակաւոր է։ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, անիրաւութիւնն ու տառապանքը պիտի չքանան։ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Թագաւորին մասին Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ»։—Սաղմոս 72։12-14

Այս մարգարէական խօսքերուն կատարման ժամանակը շատ մօտ է։ Կրնանք յաւիտենական կեանք վայելել սքանչելի պայմաններու ներքեւ, դրախտային երկրի մը մէջ։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 17։3) Սուրբ գրային այս սրտապնդիչ խոստումներէն տեղեակ ըլլալը, օգնութեան համար աղաղակողներուն յոյս եւ մխիթարութիւն կու տայ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]

Depressed girl։ Photo ILO/J. Maillard