Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան ողորմութիւնը սիրեց

Ան ողորմութիւնը սիրեց

Ան ողորմութիւնը սիրեց

ՄԻԼԹԸՆ Ճ. ՀԷՆՉԸԼ, որ երկար տարիներէ ի վեր Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին մէկ անդամն էր, իր երկրային ընթացքը աւարտեց Շաբաթ՝ 22 Մարտ 2003–ին։ Ան 82 տարեկան էր։

Երիտասարդ տարիքին, Միլթըն Հէնչըլ Եհովայի Վկաներու կեդրոնատեղիին անձնակազմին միացաւ եւ հաւատարմօրէն ծառայեց աւելի քան 60 տարի։ Շուտով յայտնի եղաւ որ ան լաւ դատողութիւն եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ունէր։ 1939–ին, ան Ն. Հ. Նորի քարտուղարը եղաւ, որ այն ատեն Եհովայի Վկաներու Պրուքլինի տպարանին տեսուչն էր։ 1942–ին, երբ Եղբայր Նոր սկսաւ վերահսկել Վկաներուն համաշխարհային գործունէութեան վրայ, Եղբայր Հէնչըլ շարունակեց անոր օգնականը ըլլալ։ 1956–ին, Եղբայր Հէնչըլ ամուսնացաւ Լուսիլ Պէննէթի հետ, եւ միասնաբար բաժնեցին կեանքի ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները։

Եղբայր Հէնչըլ սերտօրէն աշխատեցաւ Եղբայր Նորի հետ մինչեւ անոր մահը՝ 1977–ին։ Եղբայր Հէնչըլ՝ յաճախ Եղբայր Նորի հետ՝ ճամբորդեց աւելի քան 150 երկիրներ, այցելելով ու քաջալերելով Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ, յատկապէս միսիոնարներն ու մասնաճիւղերու անձնակազմերը։ Ճամբորդութիւններէն ոմանք դժուար ու նոյնիսկ վտանգաւոր էին։ 1963–ին, երբ Լիպերիայի մէջ համաժողովի մը ներկայ էր, Եղբայր Հէնչըլ կատաղի հալածանք դիմագրաւեց, քանի որ մերժեց հայրենասիրական արարողութեան մը մասնակցիլ։ * Եղբայր Հէնչըլ անվախօրէն քանի մը ամիս ետք Լիպերիա վերադարձաւ, երկրին նախագահին հետ տեսակցելու եւ Եհովայի Վկաներուն համար պաշտամունքի աւելի ազատութիւն խնդրելու համար։

Եղբայր Հէնչըլ դժուար խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ ձեռք առնելու մէջ գործնական, դիւրաթեք ու բանական ըլլալու համբաւը ունէր։ Իր աշխատակիցները յատկապէս կ’արժեւորէին իր կարգապահութիւնը, համեստութիւնն ու զուարթամտութիւնը։ Արտակարգ յիշողութեամբ օժտուած ըլլալով, ան աշխարհի տարածքին բազմաթիւ միսիոնարներ կ’ուրախացնէր, անոնց անունները դիւրաւ յիշելով, տեղական լեզուով մէկ կամ երկու խօսք ըսելով, եւ զուարթամտութեամբ բառախաղ ընելով։

Միքիայ 6։8–ն մեզի կը յիշեցնէ թէ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ ‘ողորմութիւնը սիրենք’։ Միլթըն Հէնչըլ այս ուղղութեամբ օրինակ հանդիսացաւ։ Հակառակ իր ծանր պատասխանատուութեան, ան դիւրամերձ, ազնիւ ու կարեկից մնաց։ Ան կը սիրէր ըսել. «Երբ որոշում մը կայացնելու կը վարանիք, մտքերնիդ բերէք թէ ազնիւ բանը, շիտակ բանն է»։ Թէեւ այս սիրելի եղբօր կորուստին համար կը վշտանանք, սակայն կ’ուրախանանք որ ան մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնաց, վստահ ըլլալով որ իր վարձատրութիւնը՝ «կենաց պսակը»՝ պիտի ստանայ։—Յայտնութիւն 2։10

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Տես Եհովայի Վկաներու 1977–ի Տարեգիրք, էջ 171-177։

[Նկար՝ էջ 11]

Մ. Ճ. Հէնչըլ եւ Ն. Հ. Նոր

[Նկար՝ էջ 11]

Իր կնոջ՝ Լուսիլի հետ