Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ծառաները իսկական յոյս ունին

Եհովայի ծառաները իսկական յոյս ունին

Եհովայի ծառաները իսկական յոյս ունին

«Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներու մէջ ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ . . . որ մարդու որդիներէն չի յուսար»։—ՄԻՔԻԱՅ 5։7

1. Հոգեւոր Իսրայէլը ի՞նչպէս թարմացումի աղբիւր մըն է։

ԵՀՈՎԱ անձրեւին ու ցօղին մեծ Արարիչն է։ Ցօղի կամ անձրեւի համար մարդուն յուսալը ունայն է։ Միքիա մարգարէն գրեց. «Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներու մէջ ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ եւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ. որ մարդէ չի սպասեր ու մարդու որդիներէն չի յուսար»։ (Միքիայ 5։7) Ներկայիս որո՞նք են «Յակոբին մնացորդը»։ Անոնք հոգեւոր Իսրայելացիներն են, «Աստուծոյ Իսրայէլին» մնացորդը։ (Գաղատացիս 6։16) Երկրի «շատ ժողովուրդներու» համար, անոնք ‘Տէրոջմէ եկող թարմացնող ցօղի’ եւ ‘կանանչ խոտի վրայ իջնող շաղի’ պէս են։ Այո, ներկայիս օծեալ Քրիստոնեաները Աստուծմէ մարդոց տրուած օրհնութիւն մըն են։ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ ըլլալով, անոնք Եհովայի կողմէ կը գործածուին՝ իսկական յոյսի իր պատգամը մարդոց տալու համար։

2. Այս տագնապալից աշխարհին մէջ ապրելով հանդերձ, ինչո՞ւ իսկական յոյս ունինք։

2 Զարմանալի չէ որ այս աշխարհը իսկական յոյս չունի։ Քաղաքական անկայունութիւն, բարոյական անկում, ոճիր, տնտեսական տագնապ, ահաբեկչութիւն, պատերազմ. այսպիսի բաներ կ’ակնկալենք աշխարհի մը մէջ, որուն վրայ կը տիրապետէ Բանսարկու Սատանան։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Շատեր կը վախնան ապագայի վերապահած բաներէն։ Սակայն Եհովայի երկրպագուները ըլլալով չենք վախնար, քանի որ ապագայի համար իսկական յոյս ունինք։ Անիկա իսկական յոյս է, քանի որ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած է։ Եհովայի ու իր Խօսքին կը հաւատանք, քանի որ ի՛նչ որ կ’ըսէ՝ միշտ ճշմարիտ կ’ելլէ։

3. (ա) Եհովա ինչո՞ւ Իսրայէլի եւ Յուդայի դէմ քայլեր պիտի առնէր։ (բ) Միքիայի խօսքերը ինչո՞ւ կը կիրարկուին ներկայիս։

3 Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած Միքիայի մարգարէութիւնը մեզ կը զօրացնէ Եհովայի անունով քալելու եւ իսկական յոյսի հիմ մը կու տայ մեզի։ Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, երբ Միքիա մարգարէացաւ, Աստուծոյ ուխտեալ ժողովուրդը երկու ազգերու բաժնուած էր,– Իսրայէլ եւ Յուդա,– եւ երկուքն ալ Աստուծոյ ուխտը զանց կ’ընէին։ Հետեւանքը եղաւ բարոյական անկում, կրօնական հաւատուրացութիւն եւ ծայրայեղ նիւթապաշտութիւն։ Ուստի Եհովա ազդարարեց որ անոնց դէմ քայլեր պիտի առնէր։ Անշուշտ Աստուծոյ ազդարարութիւնները Միքիայի ժամանակակիցներուն ուղղուած էին։ Սակայն մեր օրուան կացութիւնը ա՛յնքան նման է Միքիայի օրուան կացութեան, որ իր խօսքերը նաեւ կը կիրարկուին ներկայիս։ Ասիկա բացայայտ պիտի դառնայ, մինչ Միքիայ գիրքին եօթը գլուխներէն կարգ մը աչքառու կէտեր նկատի կ’առնենք։

Հարեւանցի Աչք մը Նետելը Ի՛նչ կը Յայտնէ

4. Միքիայի առաջին երեք գլուխները ի՞նչ տեղեկութիւններ կը հայթայթեն։

4 Միքիայ գիրքը թղթատենք։ Առաջին գլուխին մէջ, Եհովա Իսրայէլի ու Յուդայի ըմբոստութիւնը կը քօղազերծէ։ Իրենց պարտազանցութեան որպէս հետեւանք, Իսրայէլ պիտի կործանի եւ Յուդայի պատիժը նոյնիսկ մինչեւ Երուսաղէմի դռները պիտի հասնի։ Երկրորդ գլուխը կը յայտնէ թէ հարուստներն ու զօրաւորները կը հարստահարեն տկարներն ու անօգնականները։ Սակայն աստուածային խոստում մըն ալ կայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը միութեամբ պիտի հաւաքուի։ Երրորդ գլուխը կը տեղեկագրէ ազգային առաջնորդներուն եւ պարտազանց մարգարէներուն դէմ Եհովայի յայտարարութիւնները։ Առաջնորդները արդարութիւնը կը խեղաթիւրեն, իսկ մարգարէները սուտեր կը խօսին։ Այսուհանդերձ, սուրբ հոգին Միքիան կը զօրացնէ Եհովայի գալիք դատաստանը ծանուցանելու համար։

5. Միքիայ 4 եւ 5–րդ գլուխներուն հիմնական կէտերը ի՞նչ են։

5 Չորրորդ գլուխը կը նախագուշակէ թէ վերջին օրերը, բոլոր ազգերը պիտի գան Եհովայի տան բարձր լեռը, իր կողմէ ուսուցանուելու համար։ Անկէ առաջ, Յուդայի ժողովուրդը Բաբելոն գերի պիտի երթայ, բայց Եհովա զիրենք պիտի ազատագրէ։ Հինգերորդ գլուխը կը յայտնէ թէ Մեսիան Յուդայի Բեթլէհէմին մէջ պիտի ծնի։ Ան իր ժողովուրդը պիտի հովուէ եւ զանոնք նեղիչ ազգերէն պիտի ազատագրէ։

6, 7. Միքիայի մարգարէութեան 6 եւ 7–րդ գլուխներուն մէջ ի՞նչ կէտեր կը ներկայացուին։

6 Միքիայ 6–րդ գլուխը կ’արձանագրէ իր ժողովուրդին դէմ ուղղուած Եհովայի ամբաստանութիւնները, որպէս թէ անոնք դատի քաշուած են։ Ինք ի՞նչ ըրած է որ իր ժողովուրդը ըմբոստանայ։ Ո՛չ մէկ բան։ Իրականութեան մէջ իր պահանջները շատ տրամաբանական են։ Ան կ’ուզէ որ իր երկրպագուները իրաւունքը գործադրեն, ազնիւ ու համեստ ըլլան, մինչ իր հետ կը քալեն։ Փոխանակ ասիկա ընելու, Իսրայէլը եւ Յուդան ըմբոստ ընթացքի մը հետեւած են եւ անոր հետեւանքները պէտք է կրեն։

7 Իր մարգարէութեան վերջին գլուխին մէջ, Միքիա իր ժամանակակիցներուն ամբարշտութիւնը կը դատապարտէ։ Սակայն ան չի վհատիր, քանի որ վճռած է Եհովայի ‘սպասել’։ (Միքիայ 7։7) Գիրքը կ’եզրափակուի վստահութիւն յայտնելով թէ Եհովա իր ժողովուրդին պիտի ողորմի։ Պատմութիւնը կը վկայէ թէ այս յոյսը իրականացաւ։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, երբ Եհովա իր ժողովուրդին կրթութիւնը ամբողջացուց, ան ողորմածօրէն մնացորդ մը իրենց երկրին մէջ վերահաստատեց։

8. Միքիայ գիրքին բովանդակութիւնը ի՞նչպէս կ’ամփոփէք։

8 Միքիայի միջոցաւ Եհովա ի՜նչ հոյակապ տեղեկութիւններ կը յայտնէ։ Այս ներշնչեալ գիրքը ազդարարական օրինակներ կը հայթայթէ, թէ Եհովա ի՛նչպէս կը վարուի անոնց հետ որ կը դաւանին իրեն ծառայել, բայց անհաւատարիմ են։ Անիկա կը նախագուշակէ իրադարձութիւններ, որոնք ներկայիս տեղի կ’ունենան։ Եւ աստուածային խրատներ կու տայ, թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուինք այս դժուարին ժամանակներուն, որպէսզի մեր յոյսը հաստատ պահենք։

Գերիշխան Տէր Եհովան կը Խօսի

9. Միքիայ 1։2–ի համաձայն, Եհովա ի՞նչ պիտի ընէր։

9 Այժմ Միքիայ գիրքը մանրամասնօրէն քննենք։ Միքիայ 1։2–ի մէջ կը կարդանք. «Լսեցէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ երկիր ու անոր բոլոր բնակիչներ։ Տէր Եհովան ձեզի դէմ վկայ ըլլայ, Տէրը՝ ինք իր սուրբ տաճարէն»։ Եթէ Միքիայի օրերուն ապրած ըլլայիք, անկասկած այս խօսքերը ձեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւէին։ Արդարեւ անոնք ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն, քանի որ Եհովա իր սուրբ տաճարէն կը խօսի եւ ո՛չ միայն Իսրայէլի ու Յուդայի կ’ուղղէ իր խօսքը, այլ բոլոր մարդոց ամէնուրեք։ Միքիայի օրերուն, մարդիկ երկա՜ր ատեն անտեսած էին Գերիշխան Տէր Եհովան։ Շուտով ասիկա փոփոխութիւն պիտի կրէր։ Եհովա որոշած էր վճռական քայլ մը առնել։

10. Միքիայ 1։2–ի խօսքերը ինչո՞ւ մեզի համար կարեւոր են։

10 Նոյնն է պարագան մեր օրերուն։ Յայտնութիւն 14։18-20–ը ցոյց կու տայ որ Եհովա դարձեալ կը խօսի իր սուրբ տաճարէն։ Շուտով ան վճռական քայլեր պիտի առնէ, եւ ծանրակշիռ իրադարձութիւններ դարձեալ պիտի ցնցեն մարդկութիւնը։ Այս անգամ, «երկրի [չար] այգին» Եհովայի բարկութեան մեծ հնձանին մէջ պիտի ձգուի, որ Սատանայի իրերու դրութիւնը ամբողջովին բնաջնջուի։

11. Միքիայ 1։3, 4–ի խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։

11 Մտիկ ըրէք թէ Եհովա ի՛նչ պիտի ընէ։ Միքիայ 1։3, 4–ը կ’ըսէ. «Ահա Տէրը իր տեղէն պիտի ելլէ եւ պիտի իջնէ ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ պիտի պտըտի։ Լեռները անոր տակ պիտի շարժին, հովիտները պիտի հալին՝ կրակին առջեւ հալած մոմի պէս ու զարիվառէն թափուած ջուրի պէս»։ Եհովա իր երկնային բնակարանը ձգելով, բառացիօրէն Խոստացեալ Երկրի լեռներուն վրայ ու հովիտներուն մէջ պիտի քալէ՞։ Ո՛չ։ Ան պէտք չունի ասիկա ընելու։ Ան պարզապէս իր ուշադրութիւնը երկրագունդին պիտի դարձնէ, իր կամքը կատարել տալու համար։ Ասկէ զատ, ո՛չ թէ բառացի երկիրը, այլ բնակիչները պիտի տառապին նկարագրուած բաներէն։ Երբ Եհովա գործի լծուի, անհաւատներուն համար հետեւանքը աղիտալի պիտի ըլլայ. կարծէք լեռները մոմի պէս հալած եւ հովիտները երկրաշարժով իրարմէ անջատուած ըլլան։

12, 13. Բ. Պետրոս 3։10-12–ի համաձայն, ի՞նչ բան մեր յոյսը ստոյգ կ’ընէ։

12 Միքիայ 1։3, 4–ի մարգարէական խօսքերը կրնան ձեզի յիշեցնել ներշնչեալ այլ մարգարէութիւն մը, որ երկրագունդի վրայ աղիտալի իրադարձութիւններ կը նախագուշակէ։ Ինչպէս արձանագրուած է Բ. Պետրոս 3։10–ի մէջ, Պետրոս առաքեալ նշեց. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին»։ Միքիայի մարգարէութեան նման, Պետրոսի խօսքերը բառացի երկինքին ու երկրին չեն կիրարկուիր։ Անոնք կ’ակնարկեն իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վրայ եկող մեծ նեղութեան մը։

13 Հակառակ այդ գալիք աղէտին, Քրիստոնեաները կրնան Միքիայի նման՝ վստահութեամբ նայիլ ապագային։ Ի՞նչպէս։ Պետրոսի նամակին յաջորդ համարներուն մէջ գտնուող խրատին հետեւելով։ Առաքեալը կը բացագանչէ. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12) Ապագայի նկատմամբ մեր յոյսը ստոյգ պիտի ըլլայ, եթէ հնազանդ սիրտ մը մշակենք եւ վստահ ըլլանք որ մեր վարքը սուրբ է եւ մեր կեանքը բարեպաշտ արարքներով լեցուած է։ Մեր յոյսը ապահովելու համար, պէտք է նաեւ մեր մտքին մէջ վառ պահենք թէ Եհովայի օրը անպայման պիտի գայ։

14. Իսրայէլ եւ Յուդա ինչո՞ւ պատժուելու արժանի էին։

14 Եհովա կը բացատրէ թէ իր վաղեմի ժողովուրդը ինչո՛ւ պատժուելու արժանի է։ Միքիայ 1։5–ը կ’ըսէ. «Յակոբին յանցանքին համար ու Իսրայէլին տանը մեղքին համար։ Յակոբին յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Սամարիան չէ՞։ Եւ Յուդային բարձր տեղերուն յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Երուսաղէմը չէ՞»։ Իսրայէլ եւ Յուդա իրենց գոյութիւնը Եհովայի կը պարտին։ Այսուհանդերձ անոնք իր դէմ ըմբոստացած են, եւ իրենց ըմբոստութիւնը կը հասնի մինչեւ իրենց մայրաքաղաքները՝ Սամարիա եւ Երուսաղէմ։

Համատարած Չար Արարքներ

15, 16. Միքիայի ժամանակակիցները ի՞նչ չար արարքներով յանցաւոր էին։

15 Միքիայի ժամանակակիցներուն ամբարշտութեան մէկ օրինակը վառ կերպով նկարագրուած է Միքիայ 2։1, 2–ի մէջ. «Վա՜յ անոնց, որ անօրէնութիւն կը խորհին ու իրենց անկողիններուն մէջ չարութիւն կը մտածեն եւ առաւօտեան լոյսին ատենը զանոնք կը գործադրեն, քանզի իրենց ձեռքերուն մէջ ոյժ կայ։ Անոնք ագարակներու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն, տուներու՝ զանոնք կ’առնեն։ Մարդուն՝ իր տանը, մարդուն ու իր ժառանգութեանը զրկանք կ’ընեն»։

16 Ագահ անհատներ գիշերը արթուն կը մնան, ծրագրելով թէ ի՛նչպէս կրնան իրենց դրացիներուն դաշտերն ու տուները յափշտակել։ Առաւօտուն անոնք իրենց ծրագիրները իրագործելու կ’արտորան։ Անոնք այսպիսի չար արարքներ պիտի չգործէին եթէ Եհովայի ուխտը յիշէին։ Մովսիսական Օրէնքը աղքատները պաշտպանելու կարգադրութիւններ կը բովանդակէ։ Անոր ներքեւ, ո՛չ մէկ ընտանիք իր սեպհական ժառանգութիւնը մնայուն կերպով պէտք էր կորսնցնէր։ Սակայն ագահ անհատները ասով հետաքրքրուած չեն։ Անոնք Ղեւտացւոց 19։18–ի խօսքը կ’անտեսեն, որ կ’ըսէ. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։

17. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ Աստուծոյ ծառայել դաւանող մարդիկ նիւթական բաները կեանքի մէջ առաջնակարգ տեղը դնեն։

17 Ասիկա ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ Աստուծոյ ծառայել դաւանող մարդիկ հոգեւոր նպատակակէտերը անտեսեն եւ նա՛խ նիւթական բաները փնտռեն։ Պօղոս իր օրուան Քրիստոնեաները ազդարարեց. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9) Երբ անհատ մը դրամ շահիլը իր կեանքին գլխաւոր նպատակակէտը կը դարձնէ, իրականութեան մէջ ան սուտ աստուած մը՝ մամոնան կամ հարստութիւնը՝ կը պաշտէ։ Այս սուտ աստուածը ապագային նկատմամբ ստոյգ յոյս մը չի ներկայացներ։—Մատթէոս 6։24

18. Միքիայի օրուան նիւթապաշտ անհատներուն ի՞նչ պիտի պատահէր։

18 Միքիայի օրերուն շատեր իրենց քսակէն սորվեցան թէ նիւթական բաներուն վստահիլը ունայնութիւն է։ Միքիայ 2։4–ի համաձայն, Եհովա կ’ըսէ. «Այն օրը ձեր վրայ առակ պիտի շինեն ու դառն ողբով պիտի ողբան ու ըսեն. ‘Բոլորովին յափշտակուեցանք. իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց, զանիկա ի՜նչպէս ինծմէ վերցուց. մեր ագարակները ետ տալու տեղ՝ [«անհաւատարիմին», ՆԱ] բաժնեց’»։ Այո, տուներ ու դաշտեր գողցող անհատները իրենց իսկ ընտանեկան ժառանգութիւնը պիտի կորսնցնեն։ Անոնք օտար երկիր մը պիտի տարագրուին, եւ իրենց ստացուածքները «անհաւատարիմին»՝ կամ հեթանոսներուն՝ աւար պիտի ըլլան։ Բարգաւաճ ապագայի մը բոլոր յոյսերը ի դերեւ պիտի ելլեն։

19, 20. Եհովայի վստահող Հրեաներուն ի՞նչ պատահեցաւ։

19 Սակայն Եհովայի վստահողներուն յոյսը ի դերեւ պիտի չելլէ։ Եհովա Աբրահամի ու Դաւիթի հետ իր կատարած ուխտերուն հանդէպ հաւատարիմ է, եւ ողորմութիւն ցոյց կու տայ Միքիայի նման եղողներուն հանդէպ, որոնք զինք կը սիրեն եւ իրենց նմաններուն մոլորութեան համար կ’ողբան։ Պարկեշտ անհատներուն սիրոյն, Աստուծոյ որոշած ժամանակին վերահաստատում մը պիտի կատարուի։

20 Ասիկա տեղի կ’ունենայ Հ.Դ.Ա. 537–ին, Բաբելոնի անկումէն ետք եւ երբ Հրեայ մնացորդ մը հայրենիք կը վերադառնայ։ Այդ ժամանակ, Միքիայ 2։12–ի խօսքերը սկզբնական կատարում մը կ’ունենան։ Եհովա կ’ըսէ. «Ամէնքդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ, Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ, Բօսրայի ոչխարներուն պէս, իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ։ Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ»։ Ի՜նչ սիրալիր է Եհովան։ Իր ժողովուրդը կրթելէ ետք, ան թոյլ կու տայ որ մնացորդ մը վերադառնայ եւ իրեն ծառայէ իրենց նախահայրերուն տուած երկրին մէջ։

Յատկանշական Զուգահեռութիւններ՝ Մեր Օրերուն

21. Ներկայ վիճակները ի՞նչպէս յարանման են Միքիայի օրուան վիճակներուն։

21 Մինչ Միքիայ գիրքին առաջին երկու գլուխները նկատի առինք, անդրադարձա՞ք թէ վիճակները որքա՜ն յարանման են ներկայիս։ Ինչպէս Միքիայի օրերուն, այժմ շատեր կը դաւանին Աստուծոյ ծառայել։ Սակայն Յուդայի ու Իսրայէլի նման, անոնք բաժնուած են եւ նոյնիսկ իրարու դէմ պատերազմներ մղած են։ Քրիստոնեայ Աշխարհի հարուստներէն շատեր, աղքատները հարստահարած են։ Կրօնական առաջնորդները հետզհետէ աւելի կը հանդուրժեն սովորութիւններու, որոնք Աստուածաշունչին մէջ բացէ ի բաց դատապարտուած են։ Զարմանալի չէ որ Քրիստոնեայ Աշխարհը շուտով իր վախճանին պիտի հասնի, «Մեծ Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ մնացեալ մասին հետ։ (Յայտնութիւն 18։1-5) Այսուհանդերձ, Միքիայի օրուան օրինակին համաձայն, Եհովա երկրագունդին վրայ մնացող հաւատարիմ ծառաներ պիտի ունենայ։

22. Ո՞ր երկու խումբերը իրենց յոյսը Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ դրած են։

22 1919–ին, հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները Քրիստոնեայ Աշխարհէն վերջնականապէս անջատուեցան, եւ սկսան Թագաւորութեան բարի լուրը բոլոր ազգերուն ծանուցանել։ (Մատթէոս 24։14) Անոնք նախ փնտռեցին հոգեւոր Իսրայէլին մնացեալ անդամները։ Ապա «ուրիշ ոչխարներ»ը սկսան հաւաքուիլ, եւ երկու խումբերը «մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» դարձան։ (Յովհաննու 10։16) Թէեւ անոնք այժմ Աստուծոյ կը ծառայեն 234 երկիրներու մէջ, սակայն Եհովայի այս բոլոր հաւատարիմ երկրպագուները իրապէս «մէկտեղ» բերուած են, եւ ոչխարներու փարախը «մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ» կը հանէ։ Անոնք իրենց յոյսը ո՛չ թէ այս իրերու դրութեան վրայ դրած են, այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ, որ շուտով երկրագունդի վրայ դրախտը պիտի հաստատէ։

23. Ինչո՞ւ համոզուած էք որ ձեր յոյսը ստոյգ է։

23 Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներուն մասին խօսելով, Միքիայ գիրքին երկրորդ գլուխին վերջին համարը կ’ըսէ. «Անոնց թագաւորը անոնց առջեւ անցաւ։ Տէրը՝ իբրեւ անոնց գլուխը՝ առջեւէն կ’երթար»։ Դուք ձեզ այդ յաղթական թափօրին մէջ կը տեսնէ՞ք, հետեւելով ձեր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի, մինչ Եհովա առջեւէն կ’երթայ որպէս գլուխ։ Եթէ այո, կրնաք համոզուած ըլլալ որ յաղթանակը եւ ձեր յոյսը ստոյգ են։ Ասիկա աւելի բացայայտ պիտի դառնայ, մինչ նկատի կ’առնենք Միքիայի մարգարէութենէն այլ աչքառու կէտեր։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Միքիայի օրերուն, Եհովա ինչո՞ւ որոշեց Յուդայի ու Իսրայէլի դէմ գործի լծուիլ։

• Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ Աստուծոյ ծառայել դաւանողները նիւթական շահերը կեանքի մէջ առաջնակարգ տեղը դնեն։

• Միքիայ գիրքին առաջին երկու գլուխները նկատի առնելէ ետք, ինչո՞ւ համոզուած էք որ ձեր յոյսը ստոյգ է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 6]

Հրեայ մնացորդին նման Հ.Դ.Ա. 537–ին, հոգեւոր Իսրայելացիներն ու իրենց ընկերակիցները յառաջ կը մղեն ճշմարիտ պաշտամունքը

[Նկար՝ էջ 7]

Միքիայի մարգարէութիւնը կրնայ մեզ հոգեւորապէս զօրացնել