Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վստահեցէք

Եհովայի վստահեցէք

Եհովայի վստահեցէք

«Իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա. մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս»։—Սաղմոս 71։5

1. Պատանի հովիւը՝ Դաւիթ, ի՞նչ մարտահրաւէր դիմագրաւեց։

ԱՆՈՐ հասակը շուրջ երեք մեթր էր։ Զարմանալի չէ որ Իսրայէլի բանակին բոլոր զինուորները կը վախնային անոր դէմ ելլելու։ Շաբաթներ շարունակ, ամէն առտու եւ իրիկուն, Փղշտացի հսկայ Գողիաթը Իսրայէլի բանակը կը նախատէր, անոնց ասպարէզ կարդալով որ իրեն հետ մենամարտող ռազմիկ մը ղրկեն։ Ի վերջոյ, մարտահրաւէրը ընդունեց ո՛չ թէ զինուոր մը, այլ պատանի մը։ Իր հակառակորդին առջեւ, պատանի հովիւը՝ Դաւիթ՝ թզուկ մըն էր։ Անոր կշիռը թերեւս Գողիաթի զրահին ու զէնքերուն կշիռէն նուազ էր։ Այսուհանդերձ, պատանին հսկային դիմադրեց եւ քաջութեան մնայուն խորհրդանիշ մը եղաւ։—Ա. Թագաւորաց 17։1-51

2, 3. (ա) Դաւիթ ինչո՞ւ կրցաւ մեծ վստահութեամբ Գողիաթի դիմադրել։ (բ) Եհովայի վստահելու համար, ի՞նչ երկու քայլեր պիտի քննարկենք։

2 Ի՞նչ բան Դաւիթի տուաւ այս քաջութիւնը։ Նկատի առէք տարիներ ետք ակներեւաբար Դաւիթի կողմէ գրուած այս խօսքերը. «Իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա. մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս»։ (Սաղմոս 71։5) Այո, իբր պատանի, Դաւիթ անվերապահօրէն Եհովայի վստահեցաւ։ Ան Գողիաթի ըսաւ. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ»։ (Ա. Թագաւորաց 17։45) Մինչ Գողիաթ իր վստահութիւնը դրած էր իր մեծ զօրութեան ու զէնքերուն վրայ, Դաւիթ Եհովայի վստահած էր։ Տիեզերքի Գերիշխան Տէրը իր կողքին ըլլալով, Դաւիթ մարդէ մը ինչո՞ւ պիտի վախնար, որչափ ալ հսկայ ու լաւ զինուած ըլլար ան։

3 Դաւիթի մասին կարդալով, կը փափաքի՞ք որ Եհովայի հանդէպ ձեր վստահութիւնը աւելի զօրաւոր ըլլայ։ Հաւանաբար մեզմէ շատեր կը փափաքին։ Ուստի նկատի առնենք երկու քայլեր, որոնցմով կրնանք Եհովայի հանդէպ հաստատ վստահութիւն մշակել։ Նախ՝ պէտք է յաղթահարենք բան մը, որ սովորաբար արգելք կը հանդիսանայ այս վստահութեան։ Երկրորդ, պէտք է գիտնանք թէ Եհովայի վստահիլը ճիշդ ի՛նչ կը պարփակէ։

Եհովայի Վստահելու Սովորական Խոչընդոտ մը Յաղթահարել

4, 5. Ինչո՞ւ բազմաթիւ անհատներ Աստուծոյ վստահիլը դժուար կը գտնեն։

4 Ի՞նչ բան արգելք կը հանդիսանայ որ մարդիկ իրենց վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դնեն։ Շատ յաճախ ոմանք ստոյգ չեն գիտեր թէ ինչո՛ւ գէշ բաներ կը պատահին։ Շատեր սորված են թէ Աստուած պատասխանատու է տառապանքին։ Երբ ողբերգութիւն մը հարուածէ, կղերներ թերեւս ըսեն թէ Աստուած զոհերը «առաւ» իր հետ երկինքի մէջ ըլլալու համար։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ կը սորվեցնեն թէ Աստուած շատոնց նախասահմանած է իւրաքանչիւր դէպք,– ի ներառեալ իւրաքանչիւր ողբերգութիւն ու գէշ արարք,– որ տեղի կ’ունենայ այս աշխարհի մէջ։ Դժուար պիտի ըլլար այսպիսի կարծրասիրտ Աստուծոյ մը վստահիլը։ Սատանան՝ որ անհաւատներուն միտքերը կը կուրցնէ, կը ջանայ այսպիսի «դեւերու ուսմունք»ներ յառաջացնել։—Ա. Տիմոթէոս 4։1. Բ. Կորնթացիս 4։4

5 Սատանան կ’ուզէ որ մարդիկ Եհովայի հանդէպ իրենց վստահութիւնը կորսնցնեն։ Աստուծոյ այս թշնամին չ’ուզեր որ մարդկային տառապանքին իսկական պատճառները գիտնանք։ Իսկ եթէ Աստուածաշունչէն սորված ենք տառապանքին պատճառները, Սատանայի սրտին փափաքն է որ զանոնք մոռնանք։ Հետեւաբար, լաւ կ’ըլլայ որ ժամանակ առ ժամանակ վերաքաղ ընենք երեք հիմնական պատճառներ, թէ ինչո՛ւ աշխարհի մէջ տառապանք կայ։ Ասիկա ընելով մեր սիրտը կը վստահի թէ Եհովա պատասխանատու չէ կեանքի մէջ մեր դիմագրաւած նեղութիւններուն։—Փիլիպպեցիս 1։9, 10

6. Ա. Պետրոս 5։8–ն ի՞նչպէս կը նշէ մարդկային տառապանքին մէկ պատճառը։

6 Մարդկային տառապանքին մէկ պատճառը այն է որ Սատանան կ’ուզէ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն ուղղամտութիւնը բեկանել։ Ան ջանաց Յոբի ուղղամտութիւնը բեկանել, բայց ձախողեցաւ։ Այսուհանդերձ ան չէ յանձնուած։ Այս աշխարհի կառավարիչը ըլլալով, ան կը փնտռէ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ‘կլլել’։ (Ա. Պետրոս 5։8) Ասիկա իւրաքանչիւրս կը պարփակէ։ Սատանան կ’ուզէ մեզ կասեցնել Եհովայի ծառայելէ։ Ուստի ան յաճախ հալածանք կը հրահրէ։ Թէեւ այս տառապանքը կրնայ ցաւ պատճառել, սակայն տոկալու համար լաւ պատճառ ունինք. կրնանք Սատանայի ստախօս ըլլալը փաստել եւ այսպիսով Եհովան ուրախացնել։ (Յոբայ 2։4. Առակաց 27։11) Մինչ Եհովա մեզ կը զօրացնէ որ հալածանքի տոկանք, իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ։—Սաղմոս 9։9, 10

7. Գաղատացիս 6։8–ն մեզի կ’օգնէ տառապանքին ո՞ր պատճառը ըմբռնելու։

7 Տառապանքին երկրորդ պատճառը կը գտնուի սա սկզբունքին մէջ. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։ (Գաղատացիս 6։8) Երբեմն մարդիկ սխալ ընտրութիւններ ընելով կը սերմանեն, եւ որպէս հետեւանք՝ որոշ չափով տառապանք կը հնձեն։ Անոնք թերեւս ընտրեն անհոգ կերպով ինքնաշարժ վարել, եւ արկածի մը հանդիպին։ Շատեր կ’ընտրեն ծխել, ինչ որ սիրտի հիւանդութեան կամ թոքի քաղցկեղի կ’առաջնորդէ։ Անոնք որ կ’ընտրեն սեռային անբարոյ արարքներու միջամուխ ըլլալ, կը հնձեն ընտանեկան քայքայուած յարաբերութիւններ, արժանապատուութեան կորուստ, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններ եւ անփափաքելի յղութիւններ։ Մարդիկ կրնան այս տառապանքին համար Աստուած մեղադրել, բայց իրականութեան մէջ անոնք իրենց սխալ որոշումներուն զոհ գացած են։—Առակաց 19։3

8. Ժողովողի 9։11–ի համաձայն, մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին։

8 Տառապանքին երրորդ պատճառը նշուած է Ժողովողի 9։11–ի մէջ. «Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, թէ ճամբան վազողներունը չէ, պատերազմը զօրաւորներունը չէ նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ Երբեմն մարդիկ պարզապէս սխալ ժամանակին սխալ վայրը կը գտնուին։ Ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր անհատական զօրութիւնները կամ տկարութիւնները, տառապանքն ու մահը կրնան որեւէ ատեն մեզմէ ոեւէ մէկը յանկարծ հարուածել։ Օրինակ, Յիսուսի օրերուն, Երուսաղէմի մէջ աշտարակ մը փուլ գալով 18 զոհ խլեց։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Աստուած զանոնք չէր պատժեր անցեալի մեղքերուն համար։ (Ղուկաս 13։4) Այո, Եհովա պատասխանատու չէ այսպիսի տառապանքի։

9. Շատեր տառապանքին մասին ի՞նչ բան չեն հասկնար։

9 Տառապանքին կարգ մը պատճառները հասկնալը կարեւոր է։ Սակայն այս հարցը երեսակ մը ունի, որ շատեր դիւրաւ չեն ըմբռներ. Եհովա Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։

Եհովա Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ Տառապանքը

10, 11. (ա) Հռովմայեցիս 8։19-22–ի համաձայն, «բոլոր արարածներ»ուն ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ ո՛վ արարածները ունայնութեան հպատակեցուց։

10 Հռովմէացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակին մէկ հատուածը, այս կարեւոր նիւթին վրայ լոյս կը սփռէ։ Պօղոս գրեց. «Արարածները եռանդուն ակնկալութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ որդիներուն յայտնութեան։ Որովհետեւ արարածները հպատակեցան ունայնութեան, ո՛չ թէ իրենց կամքով, հապա անոր պատճառով՝ որ հպատակեցուց զիրենք, այն յոյսով՝ որ արարածները իրե՛նք ալ, ազատելով ապականութեան ստրկութենէն, հասնին Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեան։ Քանի որ գիտենք թէ բոլոր արարածները միասին կը հառաչեն ու երկունքի ցաւ կը քաշեն մինչեւ հիմա»։—Հռովմայեցիս 8։19-22, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով

11 Այս համարներուն միտք բանին հասկնալու համար, նախ կարգ մը բանալի հարցումներու պէտք է պատասխանենք։ Օրինակ, ո՞վ արարածները ունայնութեան հպատակեցուց։ Ոմանք կը խորհին որ ան Սատանան է, իսկ ուրիշներ՝ թէ Ադամն է։ Բայց երկուքն ալ չէին կրնար զայն ընել, քանի որ հպատակեցնողը «յոյսով» արարածները ունայնութեան ենթարկեց։ Այո, ան յոյս կը ներկայացնէ թէ հաւատարիմ անհատները վերջապէս ‘պիտի ազատին ապականութեան ստրկութենէն’։ Ո՛չ Ադամը կրնար այսպիսի յոյս մը ներկայացնել, ո՛չ ալ Սատանան, այլ միայն՝ Եհովան։ Ուստի բացորոշ է թէ Աստուա՛ծ արարածները ունայնութեան հպատակեցուց։

12. «Բոլոր արարածներ»ուն ինքնութեան նկատմամբ ի՞նչ շփոթութիւն ստեղծուած է, եւ այս հարցումին ի՞նչպէս կարելի է պատասխանել։

12 Իսկ այս հատուածին մէջ նշուած «բոլոր արարածները» արտայայտութիւնը ինչի՞ կ’ակնարկէ։ Ոմանք կ’ըսեն թէ «բոլոր արարածները» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ամբողջ բնական աշխարհին, ի ներառեալ՝ անասուններն ու բուսականութիւնը։ Սակայն անասուններն ու բոյսերը կը յուսա՞ն «Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեան» հասնիլ։ Ո՛չ։ (Բ. Պետրոս 2։12) Ուստի «բոլոր արարածները» արտայայտութիւնը կրնայ միայն մարդկութեան ակնարկել։ Անոնք են որ Եդեմի ըմբոստութեան պատճառով մեղքէն ու մահէն ազդուած են եւ յոյսի մը ստիպողական կարիքը ունին։—Հռովմայեցիս 5։12

13. Եդեմի ըմբոստութիւնը ի՞նչ պատճառեց մարդկութեան։

13 Այդ ըմբոստութիւնը ճիշդ ի՞նչ պատճառեց մարդկութեան։ Պօղոս անոր հետեւանքները կը նկարագրէ մէկ բառով. ունայնութիւն։ Ըստ աշխատասիրութեան մը, այս բառը կը բնութագրէ «առարկայի մը պիտանի չըլլալը, որ իր ծրագրուած նպատակին համաձայն չի գործեր»։ Մարդիկ ծրագրուած էին յաւիտեան ապրելու, եւ որպէս կատարեալ ու միացած ընտանիք՝ միասնաբար դրախտային երկրի մը հոգ պիտի տանէին։ Փոխարէն, անոնք կարճ, ցաւալի եւ յաճախ ընդվզեցուցիչ կեանք մը կը վարեն։ Ինչպէս Յոբ արտայայտուեցաւ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։ (Յոբայ 14։1) Արդարեւ ունայնութիւն։

14, 15. (ա) Ի՞նչ ապացոյց ունինք թէ Եհովայի դատավճիռը արդար էր։ (բ) Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ թէ արարածները ունայնութեան հպատակեցան՝ «ո՛չ թէ իրենց կամքով»։

14 Այժմ նկատի առնենք բանալի հարցումը. «Բոլոր երկրի Դատաւորը» ինչո՞ւ մարդկութիւնը այս ցաւալի ու ընդվզեցուցիչ կեանքին հպատակեցուց։ (Ծննդոց 18։25) Ասիկա ընելը իր կողմէ արդարութի՞ւն էր։ Յիշեցէք ինչ որ մեր առաջին ծնողները ըրին։ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով, անոնք Սատանայի կողմը դիրք բռնեցին, որ Եհովայի գերիշխանութեան դէմ ասպարէզ կարդաց։ Իրենց արարքներով, անոնք թիկունք կանգնեցան այն գաղափարին, թէ մարդկութիւնը աւելի լաւ պայմաններու տակ կ’ապրի առանց Եհովայի, իրենք զիրենք կառավարելով հոգեղէն ըմբոստ արարածի մը առաջնորդութեան ներքեւ։ Երբ Եհովա դատավճիռ արձակեց, իրականութեան մէջ ըմբոստներուն տուաւ իրենց խնդրածը։ Ան թոյլ տուաւ որ մարդկութիւնը իրենք զիրենք կառավարեն Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ։ Այս պարագային, ո՞ր որոշումը կրնար աւելի արդար ըլլալ քան՝ մարդկութիւնը յոյսի հիման վրայ ունայնութեան հպատակեցնել։

15 Անշուշտ ասիկա արարածներուն «կամքով» չէր։ Առանց որեւէ ընտրութիւն ունենալու, ծնած ենք որպէս մեղքի ու ապականութեան ստրուկներ։ Բայց Եհովա իր ողորմութեամբ թոյլ տուաւ որ Ադամն ու Եւան շարունակեն ապրիլ ու զաւակներ ծնանին։ Թէեւ մենք՝ անոնց սերունդը՝ մեղքի ու մահուան ունայնութեան ենթարկուած ենք, սակայն պատեհութիւնը ունինք ընելու այն ինչ որ Ադամն ու Եւան չըրին։ Կրնանք Եհովայի մտիկ ընել եւ սորվիլ թէ իր գերիշխանութիւնը արդար եւ իտէալական է, մինչդեռ Եհովայէ անկախ եղող մարդկային իշխանութիւնը միայն ցաւ, յուսախաբութիւն եւ ունայնութիւն կը բերէ։ (Երեմեայ 10։23. Յայտնութիւն 4։10) Իսկ Սատանայի ազդեցութիւնը միայն հարցերը կը վատթարացնէ։ Մարդկային պատմութիւնը այս ճշմարտութիւններուն կը վկայէ։—Ժողովողի 8։9

16. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պատասխանատու չէ ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքին։ (բ) Եհովա սիրալիրօրէն ի՞նչ յոյս հայթայթած է հաւատարիմ մարդոց։

16 Բացորոշ է որ Եհովա մարդկութիւնը ունայնութեան հպատակեցնելու վաւերական պատճառներ ունէր։ Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովա իւրաքանչիւրս նեղացնող ունայնութեան ու տառապանքին պատճառն է։ Մտապատկերացուցէք դատաւոր մը որ ոճրագործի մը դէմ արդար դատավճիռ կ’արձակէ։ Թերեւս դատապարտեալը բաւական տառապի մինչ բանտի մէջ է, բայց կրնա՞յ իրաւացիօրէն դատաւորը մեղադրել որպէս իր տառապանքին պատճառը։ Անշուշտ ո՛չ։ Ասկէ զատ, Եհովա երբեք ամբարշտութեան աղբիւրը չէ։ Յակոբու 1։13–ը կ’ըսէ. «Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ Նաեւ չմոռնանք որ Եհովա «յոյս»ի հիման վրայ այս դատավճիռը արձակեց։ Ան սիրալիրօրէն կարգադրութիւններ ըրած է որ Ադամի ու Եւայի հաւատարիմ սերունդը ունայնութեան վերջը տեսնէ եւ ուրախանայ ‘Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեամբ’։ Ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին, հաւատարիմ մարդկութիւնը բնաւ պիտի չմտահոգուի թէ բոլոր արարածները կրնան անգամ մը եւս ունայնութեան ցաւալի վիճակին մէջ իյնալ։ Եհովա արդար կերպով հարցերը ձեռք առած ըլլալով միանգամ ընդմիշտ հաստատած պիտի ըլլայ իր գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը։—Եսայեայ 25։8

17. Ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքին պատճառները վերաքաղ ընելով ի՞նչպէս օգտուեցանք։

17 Մարդկային տառապանքին այս պատճառները վերաքաղ ընելով, ամբարշտութեան համար Եհովան մեղադրելու կամ իր հանդէպ մեր վստահութիւնը կորսնցնելու որեւէ հիմ կը տեսնե՞նք։ Ընդհակառակը, այս ուսումնասիրութիւնը պատճառ կու տայ որ Մովսէսի հետեւեալ խօսքերը երկրորդենք. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Այս հարցերուն վրայ խոկալով, ժամանակ առ ժամանակ թող որ անոնց մասին մեր հասկացողութիւնը թարմացնենք։ Այս կերպով, երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, մեր միտքին մէջ կասկածներ ցանելու Սատանայի ջանքերուն դէմ պիտի դնենք։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել ուսումնասիրութեան սկիզբը յիշուած երկրորդ քայլին մասին։ Եհովայի վստահիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

Ի՛նչ կը Նշանակէ Եհովայի Վստահիլ

18, 19. Աստուածաշունչը ո՞ր խօսքերով մեզ կը քաջալերէ որ Եհովայի վստահինք, բայց այս ուղղութեամբ ոմանք ի՞նչ սխալ գաղափարներ ունին։

18 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Տէրո՛ջ վստահէ ամբողջ սիրտովդ, ու քու խելքիդ մի՛ ապաւինիր. Զա՛յն ճանչցիր քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ, եւ ինք պիտի շտկէ քու ուղիներդ»։ (Առակաց 3։5, 6, ԱՎ) Ասոնք գեղեցիկ եւ սրտապնդիչ խօսքեր են։ Վստահաբար բոլոր տիեզերքի մէջ ո՛չ մէկը աւելի վստահելի է քան՝ մեր սիրելի երկնաւոր Հայրը։ Այսուհանդերձ, Առակացի մէջ գրուած այս խօսքերը կարդալը աւելի դիւրին է քան՝ գործադրելը։

19 Եհովայի վստահիլը ի՛նչ կը նշանակէ հարցին շուրջ շատեր սխալ գաղափարներ ունին։ Ոմանք այս վստահութիւնը կը նկատեն լոկ զգացում մը, որոշ ուրախութիւն մը՝ որ ինքնաբերաբար սիրտը պէտք է պատէ։ Ուրիշներ կը հաւատան թէ Աստուծոյ վստահիլը կը նշանակէ թէ կրնանք ակնկալել որ ան իւրաքանչիւր նեղութենէ մեզ պաշտպանէ, մեր խնդիրները լուծէ, առօրեայ իւրաքանչիւր դժուարութեան անմիջապէս մեր ուզածին պէս վերջ դնէ։ Սակայն այս գաղափարները անհիմն են։ Վստահութիւնը լոկ զգացումէ մը աւելին է, եւ անիրապաշտ չէ։ Չափահասներուն մէջ վստահութիւնը կը պարփակէ դիտաւորեալ ու կանխամտածուած որոշումներ կայացնել։

20, 21. Եհովայի վստահիլը ի՞նչ կը պարփակէ։ Բացատրեցէք։

20 Դարձեալ նկատի առէք թէ Առակաց 3։5–ը ի՛նչ կ’ըսէ։ Անիկա Եհովայի վստահիլը կը հակադրէ մեր խելքին ապաւինելուն, թելադրելով որ չենք կրնար երկուքը ընել։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ մեզի թոյլ չէ տրուած որ մեր մտային կարողութիւնները գործածենք։ Ո՛չ, քանի որ Եհովա՝ որ մեզի այս կարողութիւնները տուաւ՝ կ’ակնկալէ մեզմէ որ զանոնք գործածենք, երբ իրեն կը ծառայենք։ (Հռովմայեցիս 12։1) Բայց ի՞նչ բանի կ’ապաւինինք։ Եթէ մեր մտածումը Եհովայի մտածումին հետ ներդաշնակ չէ, կ’ընդունի՞նք իր իմաստութիւնը՝ քանի որ անսահմանօրէն մեր իմաստութենէն գերադաս է։ (Եսայեայ 55։8, 9) Եհովայի վստահիլը կը նշանակէ թոյլ տալ որ իր մտածումը առաջնորդէ մեր մտածումը։

21 Լուսաբանենք. Երեւակայեցէք երախայ մը որ ինքնաշարժին ետեւի մասը նստած է, իսկ ծնողքը՝ առջեւի մասը։ Շարժավարը հայրն է։ Երբ ճամբորդութեան ընթացքին դժուարութիւններ յարուցուին,– ուղղութիւնը ճշդել, աննպաստ օդ կամ խորտուբորտ ուղի,– հնազանդ ու վստահող երախան ի՞նչպէս կը հակազդէ։ Ան իր նստած տեղէն պոռալով ուղղութիւններ կու տա՞յ, իր հօր ըսելով թէ ի՛նչպէս ինքնաշարժը քշէ։ Ան իր ծնողքին որոշումները հարցի տակ կը դնէ՞, կամ ականջ չի՞ կախեր երբ իրեն յիշեցնեն որ ապահովութեան գօտին չհանէ։ Ո՛չ. ան բնականաբար կը վստահի իր ծնողքին որ այս հարցերը ձեռք առնեն, թէեւ անոնք անկատար են։ Եհովա կատարեալ Հայր մըն է։ Պէտք չէ՞ անվերապահօրէն իրեն վստահինք, յատկապէս երբ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք։—Եսայեայ 30։21

22, 23. (ա) Ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է վստահինք երբ խնդիրներ դիմագրաւենք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

22 Սակայն Առակաց 3։6–ը ցոյց կու տայ թէ ‘Եհովան պէտք է ճանչնանք մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ’, եւ ո՛չ թէ միայն երբ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք։ Ուստի կեանքի մէջ մեր կայացուցած ամէնօրեայ որոշումները Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը պէտք է արտացոլացնեն։ Երբ խնդիրներ ծագին, պէտք չէ յուսահատինք, շփոթութեան մատնուինք, կամ հարցերը լաւագոյն կերպով ձեռք առնելու նկատմամբ Եհովայի ուղղութեան ընդդիմանանք։ Փորձութիւնները պէտք է նկատենք պատեհութիւններ Եհովայի գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու, Սատանայի ստախօս ըլլալը ապացուցանելու, եւ Եհովան հաճեցնող հնազանդութիւն ու այլ յատկութիւններ մշակելու։—Եբրայեցիս 5։7, 8

23 Կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց տալ, ինչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած խոչընդոտները։ Ասիկա կ’ընենք մեր աղօթքներուն մէջ եւ առաջնորդութեան համար Եհովայի Խօսքին ու իր կազմակերպութեան դիմելով։ Սակայն յատկապէս ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հանդէպ վստահութիւն ցուցաբերել, երբ մերօրեայ աշխարհին մէջ ծագող խնդիրներ դիմագրաւենք։ Մեր յաջորդ յօդուածը այս նիւթը պիտի քննարկէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Դաւիթ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եհովայի կը վստահէր։

• Ի՞նչ երեք պատճառներով ներկայիս մարդիկ կը տառապին, եւ ինչո՞ւ ժամանակ առ ժամանակ զանոնք վերաքաղ ընելը օգտակար է։

• Եհովա մարդկութեան վրայ ի՞նչ դատավճիռ արձակեց, եւ անիկա ինչո՞ւ արդար էր։

• Եհովայի վստահիլը ի՞նչ կը պարփակէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 22]

Դաւիթ Եհովայի վստահեցաւ

[Նկար՝ էջ 24]

Յիսուս ցոյց տուաւ թէ երբ Երուսաղէմի մէջ աշտարակ մը փուլ եկաւ, Եհովա պատասխանատու չէր