Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ

Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ

Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ

«Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով [«համեստութիւնով», ՆԱ] քու Աստուծոյդ հետ քալել»։—ՄԻՔԻԱՅ 6։8

1, 2. Եհովայի ծառաներէն ոմանք ինչո՞ւ կրնան վհատիլ, բայց ի՞նչ բան օգտակար պիտի ըլլայ։

ՎԵՐԱ հաւատարիմ Քրիստոնեայ մըն է, շուրջ 75 տարեկան ու առողջութեամբ տկար։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն պատուհանէն դուրս կը նայիմ եւ կը տեսնեմ Քրիստոնեայ եղբայրներս ու քոյրերս, որոնք տունէ տուն կը քարոզեն։ Աչքերս արցունքով կը լեցուին, քանի որ կ’ուզեմ անոնց հետ ըլլալ, բայց հիւանդութիւնը Եհովայի մատուցած ծառայութիւնս կը սահմանափակէ»։

2 Բնաւ այս զգացումը ունեցա՞ծ էք։ Անշուշտ Եհովան սիրող բոլոր անհատները կ’ուզեն իր անունով քալել եւ իր պահանջներուն գոհացում տալ։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել եթէ տկար առողջութիւն, յառաջացած տարիք կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ ունինք։ Թերեւս ձեւով մը վհատած ենք, քանի որ այսպիսի պարագաներ թոյլ չեն տար որ ընենք ամէն ինչ որ մեր սիրտը կը տենչայ ընել Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Եթէ այս է մեր պարագան, Միքիայ գիրքին 6 եւ 7–րդ գլուխները նկատի առնելը հաւանաբար շատ քաջալերական պիտի ըլլայ։ Այս գլուխները ցոյց կու տան թէ Եհովայի պահանջները տրամաբանական ու հասանելի են։

Աստուած Իր Ժողովուրդին Հետ Ի՛նչպէս կը Վարուի

3. Եհովա ըմբոստ Իսրայելացիներուն հետ ի՞նչպէս կը վարուի։

3 Նախ ակնարկ մը նետենք Միքիայ 6։3-5–ի վրայ եւ տեսնենք թէ Եհովա իր ժողովուրդին հետ ի՛նչպէս կը վարուի։ Մտաբերեցէք որ Միքիայի օրերուն Իսրայելացիները ըմբոստ են։ Այսուհանդերձ, Եհովա կարեկցութեամբ անոնց հետ կը խօսի, ըսելով. «Ո՛վ իմ ժողովուրդս»։ Ան կ’աղերսէ. «Ո՛վ իմ ժողովուրդս, միտքդ բե՛ր»։ Փոխանակ զիրենք կոշտ կերպով ամբաստանելու, ան կը փորձէ անոնց սրտին հասնիլ, հարցնելով. «Քեզի ի՞նչ ըրի»։ Ան նոյնիսկ զիրենք կը քաջալերէ որ ‘պատասխան տան’։

4. Աստուծոյ կարեկցութեան օրինակը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

4 Աստուած ի՜նչ օրինակ մըն է բոլորիս համար։ Ան նոյնիսկ Միքիայի օրուան Իսրայէլի ու Յուդայի ըմբոստ ժողովուրդը կարեկցութեամբ «իմ ժողովուրդս» կոչեց եւ անոնց աղերսեց։ Ուստի վստահաբար ժողովքին մաս կազմողներուն հետ մեր գործառնութիւններուն մէջ կարեկցութիւն ու ողորմութիւն պէտք է ցուցաբերենք։ Ճիշդ է որ ոմանց հետ լեզու գտնելը կրնայ դիւրին չըլլալ, կամ ոմանք կրնան հոգեւորապէս տկար ըլլալ։ Բայց եթէ անոնք Եհովան կը սիրեն, կ’ուզենք անոնց օգնել եւ կարեկցութիւն ցոյց տալ։

5. Միքիայ 6։6, 7–ի մէջ ի՞նչ հիմնական կէտ մը կ’ընդգծուի։

5 Այժմ նկատի առնենք Միքիայ 6։6, 7–ն։ Միքիա շարք մը հարցումներ կ’ուղղէ. «Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամ ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ. արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ, մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։ Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞. արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս ու հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ»։ Ո՛չ, կարելի չէ Եհովան հաճեցնել ‘հազարաւոր խոյերով կամ բիւրաւոր իւղի գետերով’։ Սակայն կա՛յ բան մը որ զինք կը հաճեցնէ։ Ի՞նչ է անիկա։

Իրաւունք Պէտք Է Ընենք

6. Միքիայ 6։8–ի մէջ աստուածային ի՞նչ երեք պահանջներ նշուած են։

6 Միքիայ 6։8–ն կը տեղեկացնէ թէ Եհովա մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Միքիա կ’ըսէ. «Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով [«համեստութիւնով», ՆԱ] քու Աստուծոյդ հետ քալել»։ Այս երեք պահանջները մեր զգացած, խորհած եւ գործած կերպը կը պարփակեն։ Այս յատկութիւնները ցուցաբերելու հակումը պէտք է զգանք, զանոնք ի՛նչպէս դրսեւորելու մասին մտածենք եւ զանոնք ցոյց տալու համար քայլեր առնենք։ Այս երեք պահանջները մէկ առ մէկ քննարկենք։

7, 8. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ «իրաւունք ընել»։ (բ) Միքիայի օրերուն ի՞նչ անիրաւութիւններ լայնատարած են։

7 «Իրաւունք ընել» կը նշանակէ՝ արդարութիւն ի գործ դնել։ Աստուծոյ գործելակերպը արդարադատութեան չափանիշն է։ Սակայն Միքիայի ժամանակակիցները ո՛չ թէ իրաւունք, այլ՝ անիրաւութիւն կը գործադրէին։ Ի՞նչ կերպերով։ Նկատի առէք Միքիայ 6։10–ն։ Այս համարին վերջաւորութեան, վաճառականները նկարագրուած են իբր «պակաս արդու»՝ շատ պզտիկ չափ՝ գործածողներ։ 11–րդ համարը կ’աւելցնէ թէ անոնք «խարդախ քարերու քսակ» կը գործածեն։ Իսկ 12–րդ համարին համաձայն, «իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին»։ Արդ, կեղծ չափեր, խարդախուած կշիռներ եւ նենգ խօսակցութիւն, Միքիայի օրուան առեւտրական աշխարհին մէջ լայնատարած էին։

8 Անիրաւ արարքները միայն շուկային սահմանափակուած չեն։ Անոնք դատարաններու մէջ ալ սովորական են։ Միքիայ 7։3–ը կը նշէ թէ «իշխանը պարգեւ կը պահանջէ եւ դատաւորը կաշառքի կը նայի»։ Դատաւորներուն կաշառք կը տրուի, որպէսզի անմեղ մարդոց վրայ անիրաւ վճիռներ արձակեն։ «Մեծ մարդը», կամ հեղինակաւոր քաղաքացին, ոճիրներու մասնակից կ’ըլլայ։ Իրականութեան մէջ Միքիա կ’ըսէ թէ իշխանը, դատաւորը եւ մեծ մարդը «զանիկա կը ծռեն», կամ՝ իրենց չար արարքները կը համակարգեն։

9. Ամբարիշտներուն ըրած անիրաւութիւնները ի՞նչպէս Յուդայի եւ Իսրայէլի կ’ազդեն։

9 Ամբարիշտ առաջնորդներուն ըրած անիրաւութիւնները բոլոր Յուդայի ու Իսրայէլի կ’ազդեն։ Միքիայ 7։5–ը կը նշէ թէ անիրաւութիւնը պատճառ եղած է որ ընկերներու, մտերիմ բարեկամներու եւ նոյնիսկ կողակիցներու միջեւ վստահութիւն չըլլայ։ 6–րդ համարը կ’ըսէ թէ անիկա վիճակ մը ստեղծած է, ուր ամենամօտիկ ազգականներ, ինչպէս՝ որդիներ ու հայրեր, աղջիկներ ու մայրեր, զիրար կ’անարգեն։

10. Ներկայ անիրաւութեան մթնոլորտին մէջ, Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը վարուին։

10 Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։ Նման վիճակներ չե՞նք տեսներ։ Միքիայի նման, մենք շրջապատուած ենք անիրաւութեամբ, անվստահութեան մթնոլորտով, եւ ընկերային ու ընտանեկան կեանքի քայքայումով։ Սակայն այս անարդար աշխարհին մէջ որպէս Աստուծոյ ծառաներ, թոյլ չենք տար որ այս աշխարհի անիրաւ գործառնութիւններու հոգին քրիստոնէական ժողովքէն ներս թափանցէ։ Ընդհակառակը, մենք պարկեշտութեան եւ ուղղամտութեան սկզբունքները վեր կը պահենք, զանոնք ցուցաբերելով մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Արդարեւ «կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ»։ (Եբրայեցիս 13։18, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Չէ՞ք համաձայնիր թէ իրաւունք ընելով, իսկական վստահութիւն դրսեւորող եղբայրութեան մը ճոխ օրհնութիւնները կը վայելենք։

Մարդիկ Ի՞նչպէս «Եհովայի Ձայնը» կը Լսեն

11. Միքիայ 7։12–ը ի՞նչպէս կը կատարուի։

11 Միքիա կը մարգարէանայ թէ հակառակ անիրաւ պայմաններուն, իրաւունքը ամէն տեսակ մարդոց պիտի հասնի։ Մարգարէն կը նախագուշակէ թէ մարդիկ «ծովէ ծով ու լեռնէ լեռ» պիտի հաւաքուին, Եհովայի երկրպագուները դառնալու համար։ (Միքիայ 7։12) Ներկայիս, այս մարգարէութեան վերջին կատարման մէջ, ո՛չ թէ մէկ ազգ, այլ՝ բոլոր ազգերէ անհատներ կ’օգտուին Աստուծոյ անաչառ իրաւունքէն։ (Եսայեայ 42։1) Ի՞նչպէս։

12. Ներկայիս «Եհովայի ձայնը» ի՞նչպէս կը լսուի։

12 Պատասխանը առնելու համար, նկատի առէք Միքիայի նախորդ խօսքերը։ Միքիայ 6։9–ն կ’ըսէ. «Տէրոջը [«Եհովայի», ՆԱ] ձայնը քաղաքին կը կանչէ ու իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ [«անունէդ պիտի վախնայ», ՆԱ]»։ Բոլոր ազգերէ մարդիկ ի՞նչպէս «Եհովայի ձայնը» կը լսեն, եւ ասիկա ի՞նչ կապ ունի մեր իրաւունք ընելուն հետ։ Անշուշտ ներկայիս մարդիկ Աստուծոյ ձայնը բառացիօրէն չեն լսեր։ Սակայն մեր աշխարհածաւալ քարոզչութեան միջոցով, Եհովայի ձայնը կը լսուի ամէն ցեղի եւ խաւի պատկանող անհատներու կողմէ։ Իբր արդիւնք, լսողները ‘Աստուծոյ անունէն կը վախնան’, անոր հանդէպ խոր յարգանք ունենալով։ Ծառայելով որպէս Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանողներ, մենք վստահաբար արդար ու սիրալիր կերպով կը վարուինք։ Անաչառութեամբ Աստուծոյ անունը բոլոր մարդոց ճանչցնելով, ‘իրաւունք կ’ընենք’։

Ողորմութիւնը Պէտք Է Սիրենք

13. Հաւատարիմ սիրոյ եւ սիրոյ միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։

13 Այժմ քննարկենք Միքիայ 6։8–ի մէջ յիշուած երկրորդ պահանջը։ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ «ողորմութիւն սիրել»։ «Ողորմութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը նաեւ կը թարգմանուի «հաւատարիմ սէր»։ Հաւատարիմ սէրը՝ ուրիշներուն հանդէպ գործնական ու կարեկից հետաքրքրութիւն է։ Հաւատարիմ սէրը սիրոյ յատկութենէն տարբեր է։ Ի՞նչպէս։ Սէրը աւելին պարփակող բառ մըն է, որ կրնայ ցուցաբերուիլ նոյնիսկ իրերու եւ գաղափարներու հանդէպ։ Օրինակ, Սուրբ Գրութիւնները կը խօսին ‘գինի ու իւղ սիրող’ եւ ‘իմաստութիւն սիրող’ անհատներու մասին։ (Առ. 21։17. 29։3) Միւս կողմէ, հաւատարիմ սէրը միշտ կը պարփակէ մարդիկ, յատկապէս Աստուծոյ ծառայողները։ Հետեւաբար Միքիայ 7։20–ը կը խօսի ‘Աբրահամի ողորմութիւն’ կամ հաւատարիմ սէր ցոյց տալու մասին, մարդ մը՝ որ Եհովա Աստուծոյ ծառայեց։

14, 15. Հաւատարիմ սէրը ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի, եւ ի՞նչ ապացոյց ներկայացուած է։

14 Միքիայ 7։18–ի համաձայն, մարգարէն կ’ըսէ թէ Աստուած «ողորմութիւնը կը սիրէ»։ Միքիայ 6։8–ի մէջ, մեզի ըսուած է ո՛չ թէ պարզապէս ողորմութիւն ցոյց տալ, այլ՝ այդ յատկութիւնը սիրել։ Այս համարներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Հաւատարիմ սէրը կը ցուցաբերուի սիրայօժար ու անվերապահ կերպով, քանի որ կ’ուզենք զայն ցոյց տալ։ Եհովայի նման, կարիքաւորներուն հանդէպ հաւատարիմ սէր ցուցաբերելով հաճոյք կ’առնենք։

15 Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը յատկանշուած է այսպիսի հաւատարիմ սիրով։ Նկատի առնենք օրինակ մը։ Յունիս 2001–ին, արեւադարձային փոթորիկ մը հսկայական հեղեղներ պատճառեց Թէքսասի մէջ, Ա.Մ.Ն., քանդելով հազարաւոր տուներ, ի ներառեալ Եհովայի Վկաներու պատկանող հարիւրաւոր տուներ։ Իրենց կարիքաւոր Քրիստոնեայ եղբայրներուն օգնելու համար, շուրջ 10,000 Վկաներ սիրայօժար կերպով եւ ձրիաբար իրենց ժամանակն ու կորովը տրամադրեցին։ Աւելի քան վեց ամիս, կամաւորներ անդադար աշխատեցան, գործածելով իրենց օրերը, գիշերներն ու շաբաթավերջերը, իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներուն համար 8 Թագաւորութեան Սրահներ եւ աւելի քան 700 տուներ վերաշինելու համար։ Այս աշխատանքին մասնակցելու կարող չեղողները, ուտելիք, պիտոյքներ եւ դրամ նուիրեցին։ Այս հազարաւոր Վկաները ինչո՞ւ իրենց եղբայրներուն օգնութեան փութացին։ Քանի որ անոնք ‘ողորմութիւնը կը սիրեն’։ Իսկ որքա՜ն սրտաշէն է գիտնալ թէ մեր եղբայրները հաւատարիմ սիրոյ այսպիսի արարքներ կը ցուցաբերեն համայն աշխարհի մէջ։ Այո, «ողորմութիւն սիրել»ու պահանջին գոհացում տալը բեռ մը չէ, այլ՝ ուրախութիւն է։

Համեստութեամբ Աստուծոյ Հետ Քալեցէք

16. Ո՞ր օրինակը կ’օգնէ համեստութեամբ Աստուծոյ հետ քալելու կարիքը շեշտելու։

16 Միքիայ 6։8–ի մէջ գտնուող երրորդ պահանջն է՝ «համեստութեամբ քու Աստուծոյդ հետ քալել»։ Ասիկա կը նշանակէ մեր սահմանափակումները ընդունիլ եւ Աստուծոյ ապաւինիլ։ Լուսաբանենք. Պահ մը երեւակայեցէք որ աղջնակ մը ամրօրէն իր հօրը ձեռքը բռնած է, մինչ մրրիկի մը մէջէն կը քալեն։ Աղջնակը շատ լաւ գիտէ թէ իր ոյժը սահմանափակ է, բայց իր հօրը հանդէպ վստահութիւն ունի։ Մենք ալ մեր սահմանափակումները պէտք է գիտնանք, բայց մեր երկնաւոր Հօրը հանդէպ վստահութիւն ունենանք։ Այս վստահութիւնը ի՞նչպէս կրնանք պահպանել։ Կերպերէն մէկն է՝ մեր միտքը ունենալ թէ ինչո՛ւ իմաստութիւն է Աստուծոյ մօտիկ մնալ։ Միքիա մեզի երեք պատճառներ կը յիշեցնէ. Եհովա մեր Ազատարարը, Առաջնորդը եւ Պաշտպանն է։

17. Եհովա իր վաղեմի ժողովուրդը ի՞նչպէս ազատագրեց, առաջնորդեց եւ պաշտպանեց։

17 Միքիայ 6։4, 5–ի համաձայն, Աստուած կ’ըսէ. «Քեզ Եգիպտոսէն հանեցի»։ Այո, Եհովա Իսրայէլի Ազատարարն էր։ Եհովա կը շարունակէ ըսել. «Քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի»։ Մովսէս ու Ահարոն գործածուեցան ազգը առաջնորդելու, իսկ Մարիամ՝ Իսրայէլի կիները առաջնորդեց յաղթական պարով մը։ (Ելից 7։1, 2. 15։1, 19-21. Բ. Օրինաց 34։10) Եհովա իր ծառաներուն ձեռքով առաջնորդութիւն հայթայթեց։ Հինգերորդ համարին մէջ, Եհովա Իսրայէլ ազգին կը յիշեցնէ թէ զիրենք պահպանեց Բաղակէ ու Բաղաամէ, եւ թէ զիրենք պաշտպանեց իրենց ճամբորդութեան վերջին հանգրուանին, Մովաբի Սատիմէն մինչեւ Խոստացեալ Երկրի Գաղգաղան։

18. Ներկայիս Աստուած ի՞նչպէս մեր Ազատարարը, Առաջնորդը եւ Պաշտպանն է։

18 Մինչ Աստուծոյ հետ կը քալենք, ան մեզ Սատանայի աշխարհէն կ’ազատագրէ, Իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցով մեզ կ’առաջնորդէ, եւ որպէս խումբ՝ մեզ կը պաշտպանէ, երբ հակառակորդներու կողմէ յարձակումի ենթարկուինք։ Ուստի շատ պատճառներ ունինք մեր երկնաւոր Հօրը ձեռքը ամրօրէն բռնելու, մինչ իր հետ կը քալենք մեր փոթորկալից ճամբորդութեան վերջին հանգրուանին մէջ, ուղղուելով վաղեմի Խոստացեալ Երկրէն շատ աւելի մեծ եղող տեղ մը՝ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը։

19. Համեստութիւնը ի՞նչ կերպով առնչուած է մեր սահմանափակումներուն հետ։

19 Համեստութեամբ Աստուծոյ հետ քալելը կ’օգնէ մեզի որ մեր պարագաներուն հանդէպ իրապաշտական տեսակէտ մը ունենանք, քանի որ համեստութիւն ցուցաբերելը կը պարփակէ անդրադառնալ մեր սահմանափակումներուն։ Յառաջացած տարիքը կամ տկար առողջութիւնը կրնայ սահմանափակել Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը։ Փոխանակ թոյլ տալու որ ասիկա մեզ վհատեցնէ, լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ Աստուած կ’ընդունի մեր ջանքերն ու զոհողութիւնները ‘մեր ունեցածին չափովը ու ոչ թէ չունեցածին չափովը’։ (Բ. Կորնթացիս 8։12) Արդարեւ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ սրտանց իրեն ծառայենք, ընելով որքան որ մեր պարագաները կը ներեն։ (Կողոսացիս 3։23) Երբ իր ծառայութեան մէջ լրջօրէն ու նախանձախնդրօրէն մեր կարելին կ’ընենք, Աստուած առատապէս կ’օրհնէ մեզ։—Առակաց 10։22

Սպասողական Կեցուածք մը Օրհնութիւններ կը Բերէ

20. Ի՞նչ բանի գիտակցիլը մեզի կ’օգնէ որ Միքիայի նման՝ սպասողական կեցուածք մը ցուցաբերենք։

20 Եհովայի օրհնութիւնը վայելելը մեզ կը մղէ Միքիայի կեցուածքը որդեգրելու։ Ան կ’ըսէ. «Ես Տէրոջը պիտի սպասեմ»։ (Միքիայ 7։7) Այս խօսքերը ի՞նչպէս կ’առնչուին համեստութեամբ Աստուծոյ հետ քալելուն հետ։ Սպասողական կեցուածք մը կամ համբերութիւն ունենալը մեզի կ’օգնէ որ յուսախաբ չըլլանք, Եհովայի օրը տակաւին եկած չըլլալուն համար։ (Առակաց 13։12) Պարզ է որ բոլորս ալ կարօտով կը սպասենք այս ամբարիշտ աշխարհի վախճանին։ Սակայն ամէն շաբաթ հազարաւոր անհատներ նոր կը սկսին Աստուծոյ հետ քալել։ Ասոր գիտակցիլը մեզի պատճառ կու տայ որ սպասողական կեցուածք մը ցուցաբերենք։ Երկար տարիներէ Վկայ եղող մը այս ուղղութեամբ ըսաւ. «55 տարիներու քարոզչութեան վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելով, համոզուած եմ թէ Եհովայի սպասելով բան մը չեմ կորսնցուցած։ Ընդհակառակը, բազմաթիւ սրտատանջութիւններէ զերծ մնացած եմ»։ Նոյնանման փորձառութիւն մը ունեցա՞ծ էք։

21, 22. Ներկայիս Միքիայ 7։14–ը ի՞նչպէս կը կատարուի։

21 Եհովայի հետ քալելը անտարակոյս մեզի օգտակար է։ Ինչպէս կը կարդանք Միքիայ 7։14–ի մէջ, Միքիա Աստուծոյ ժողովուրդը կը համեմատէ իրենց հովիւին հետ ապահով նստած ոչխարներու հետ։ Ներկայիս, այս մարգարէութեան աւելի մեծ կատարման մէջ, հոգեւոր Իսրայէլի մնացորդը եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը ապահով են իրենց վստահելի Հովիւին՝ Եհովայի՝ հետ։ Անոնք ‘առանձին անտառ մը կը նստին’, հոգեւորապէս անջատուած հետզհետէ աւելի ճնշիչ ու վտանգաւոր դարձող այս աշխարհէն։—Յովհաննու 10։16. Բ. Օրինաց 33։28. Երեմեայ 49։31. Գաղատացիս 6։16

22 Եհովայի ժողովուրդը բարգաւաճութիւն կը վայելէ, ինչպէս նախագուշակուած էր Միքիայ 7։14–ի մէջ։ Աստուծոյ հօտին՝ կամ ժողովուրդին՝ մասին խօսելով, Միքիա կ’ըսէ. «Բասանի ու Գաղաադի մէջ թող արածին»։ Ճիշդ ինչպէս Բասանի ու Գաղաադի ոչխարները բերրի արօտավայրերու մէջ կերակրուելով կը պարարտանային, նոյնպէս ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը հոգեւոր բարգաւաճութիւն կը վայելէ, որ համեստութեամբ Աստուծոյ հետ քալողներուն յաւելեալ օրհնութիւն մըն է։—Թուոց 32։1. Բ. Օրինաց 32։14

23. Միքիայ 7։18, 19–էն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

23 Միքիայ 7։18, 19–ի մէջ, մարգարէն ցցուն կ’ընէ զղջացող անհատներուն ներելու Եհովայի փափաքը։ 18–րդ համարը կ’ըսէ թէ Եհովա «անօրէնութեան կը ներէ» եւ «յանցանքը անտես կ’ընէ»։ 19–րդ համարին համաձայն, ան «անոնց բոլոր մեղքերը ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետէ»։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք ասկէ։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել թէ այս ուղղութեամբ Եհովան կ’ընդօրինակե՞նք։ Ուրիշներուն մեզի դէմ գործած յանցանքները կը ներե՞նք։ Երբ այսպիսիներ զղջան եւ ջանան հատուցում ընել, վստահաբար պիտի ուզենք ամբողջական եւ մնայուն կերպով ներելու Եհովայի կամեցողութիւնը արտացոլացնել։

24. Միքիայի մարգարէութենէն ի՞նչպէս օգտուեցաք։

24 Միքիայի մարգարէութեան այս քննարկումէն ի՞նչպէս օգտուեցանք։ Անիկա մեզի յիշեցուց թէ Եհովա իսկական յոյս կը հայթայթէ իրեն մօտեցողներուն։ (Միքիայ 2։1-13) Անիկա մեզ քաջալերեց որ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու համար մեր կարելին ընենք, որպէսզի յաւիտեան Աստուծոյ անունով քալենք։ (Միքիայ 4։1-5) Նաեւ բոլորիս հաւաստիք տուաւ թէ մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, կրնանք Եհովայի պահանջներուն գոհացում տալ։ Այո, Միքիայի մարգարէութիւնը մեզ իրապէս կը զօրացնէ որ Եհովայի անունով քալենք։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

Միքիայ 6։8–ի համաձայն, Եհովա մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։

• Ի՞նչ բան անհրաժեշտ է եթէ կ’ուզենք ‘իրաւունք ընել’։

• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ ‘ողորմութիւնը կը սիրենք’։

• ‘Համեստութեամբ Աստուծոյ հետ քալելը’ ի՞նչ կը պարփակէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 19]

Հակառակ իր օրուան գէշ վիճակներուն, Միքիա Եհովայի պահանջներուն համաձայն ապրեցաւ։ Դո՛ւք ալ կրնաք

[Նկար՝ էջ 21]

Իրաւունք ըրէք՝ ամէն խաւի պատկանող մարդոց վկայելով

[Նկարներ՝ էջ 21]

Ցոյց տուէք թէ ողորմութիւն կը սիրէք՝ ուրիշներու կարիքներուն գոհացում տալով

[Նկար՝ էջ 21]

Ձեր կարելին ըրէք, մինչ համեստութեամբ կ’ընդունիք ձեր սահմանափակումները