Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեռելներուն նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը

Մեռելներուն նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը

Մեռելներուն նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը

ԱՐԴԱՐԵՒ սիրելիի մը մահը նեղացուցիչ է։ Պարապութեան, առանձնութեան եւ կորուստի զգացումները ահռելի են։ Կորուստէ տառապողը անօգնական կը զգայ, քանի որ ո՛րքան ալ հարստութիւն, զօրութիւն կամ հեղինակութիւն ունենայ, երկրագունդի վրայ չկայ մէկը որ կրնայ մեռելը կենդանացնել։

Սակայն մեր Ստեղծիչը հարցը տարբեր տեսանկիւնէ կը դիտէ։ Առաջին մարդը գետնին հողէն շինած ըլլալով, ան կրնայ նաեւ մեռած անհատը վերստին ստեղծել։ Այս պատճառաւ Աստուած մեռելները կը նկատէ որպէս թէ ողջ են։ Վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն նկատմամբ Յիսուս ըսաւ. «[Աստուծոյ] համար՝ բոլորը կ’ապրին»։—Ղուկաս 20։38, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով

Մինչ երկրագունդի վրայ էր, Յիսուս մեռելներուն յարութիւն տալու կարողութիւնը ունէր։ (Յովհաննու 5։21) Ուստի ան հաւատարիմ մեռնողներուն նկատմամբ իր Հօրը տեսակէտը կը բաժնէ։ Օրինակ, երբ իր բարեկամը Ղազարոս մեռաւ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ (Յովհաննու 11։11) Մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, Ղազարոս մեռած էր, բայց Եհովայի ու Յիսուսի համար՝ Ղազարոս կը քնանար։

Յիսուսի Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Ժամանակի ընթացքին, յարուցեալները աստուածային կրթութիւն պիտի ստանան եւ երկրագունդի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան։—Յովհաննու 5։28, 29

Այո, սիրելիի մը մահը շատ նեղութիւն ու վիշտ կը պատճառէ, որ կրնայ երկար տարիներ տեւել։ Այսուհանդերձ, մեռելները Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտելը կրնայ մեզ մեծապէս մխիթարել եւ յոյսով լեցնել։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4