Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնէական մէկ ճշմարիտ կրօնք՝ իրականութիւն մըն է

Քրիստոնէական մէկ ճշմարիտ կրօնք՝ իրականութիւն մըն է

Քրիստոնէական մէկ ճշմարիտ կրօնք՝ իրականութիւն մըն է

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ միայն մէկ եկեղեցի՝ կամ ժողովք՝ հաստատեց։ Այդ ժողովքը հոգեւոր մարմին մը, հոգեւոր ընտանիք մըն էր, այսինքն՝ Աստուծոյ սուրբ հոգիով ընտրուած անհատներու խումբ մը. բոլորն ալ Աստուծմէ ճանչցուած որպէս իր «որդիներ»ը։—Հռովմայեցիս 8։16, 17. Գաղատացիս 3։26

Յիսուս սորվեցուց թէ Աստուած միայն մէկ միջոց կը գործածէ մարդիկը ճշմարտութեան ու կեանքի առաջնորդելու համար։ Այս կարեւոր ճշմարտութիւնը լուսաբանելու համար, Յիսուս յաւիտենական կեանքի ճամբուն մասին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։—Մատթէոս 7։13, 14. Յովհաննու 14։6. Գործք 4։11, 12

Միացած Ժողովք մը

Առաջին դարու այդ ժողովքին մասին պէտք չէ մտածենք իբր «աշխարհածաւալ, տիեզերական, կազմակերպուած ընկերութիւն մը, ինչպէս ըսել կ’ուզենք ներկայիս երբ կը խօսինք Կաթողիկէ եկեղեցիին մասին», կը նշէ The New Dictionary of Theology (Աստուածաբանութեան Նոր Բառարանը)։ Ինչո՞ւ։ Այս աշխատասիրութիւնը կ’ըսէ. «Պարզապէս քանի որ այսպիսի կազմակերպուած, տիեզերական ընկերութիւն մը գոյութիւն չունէր»։

Ոչ ոք կրնայ ուրանալ այն իրողութիւնը, թէ նախկին քրիստոնէական ժողովքը որեւէ կերպով չէր նմաներ ներկայ հաստատուած եկեղեցական համակարգերուն։ Սակայն անիկա կազմակերպուած էր։ Ժողովքները մէկը միւսէն անկախ չէին գործեր։ Անոնք բոլորն ալ Երուսաղէմի մէջ գտնուող կառավարիչ մարմինի մը հեղինակութիւնը կ’ընդունէին։ Առաքեալներէն ու Երուսաղէմի ժողովքին երէցներէն բաղկացած այդ մարմինը օգնեց ժողովքին միութիւնը պահպանելու՝ որպէս Քրիստոսի «մէկ մարմին»ը։—Եփեսացիս 4։4, 11-16. Գործք 15։22-31. 16։4, 5

Այդ մէկ ճշմարիտ ժողովքին ի՞նչ պատահեցաւ։ Անիկա հզօր Կաթողիկէ Եկեղեցի՞ն եղաւ։ Անիկա զարգանալով դարձաւ ներկայ պառակտուած, յարանուանական, Բողոքական եկեղեցական համակա՞րգը։ Թէ ոչ ուրիշ բան մը պատահեցաւ։

«Ցորենը» եւ «Որոմը»

Պատասխանները առնելու համար, ուշադրութեամբ նկատի առնենք ինչ որ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ թէ պիտի պատահէր։ Թերեւս զարմանաք գիտնալով թէ Յիսուս ակնկալեց որ իր ժողովքը պատմութեան թատերաբեմէն անհետանար, եւ թէ ինք թոյլ պիտի տար որ այս տխուր վիճակը դարեր շարունակուէր։

Իր ժողովքը ‘երկինքի թագաւորութեան’ հետ առնչելով, ան ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ։ Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. ‘Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է’։ Անիկա ըսաւ անոնց. ‘Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա’։ Ծառաները իրեն ըսին. ‘Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք։ Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. «Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք»’»։—Մատթէոս 13։24-30

Յիսուս բացատրեց թէ ինք «ցանող»ն էր։ «Բարի սերմ»ը իր ճշմարիտ աշակերտները կը պատկերացնէր։ Իր «թշնամին»՝ Բանսարկու Սատանան էր։ «Որոմ»ը կեղծ Քրիստոնեաներն էր, որոնք նախկին քրիստոնէական ժողովքէն ներս թափանցեցին։ Ան ըսաւ թէ թոյլ պիտի տար որ «ցորեն»ն ու «որոմ»ը մէկտեղ աճէին մինչեւ «հունձքի ատենը», որ պիտի գար «աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 13։37-43) Այս բոլորը ի՞նչ նշանակեցին։

Քրիստոնէական Ժողովքը Ապականեցաւ

Առաքեալներուն մահէն քիչ ետք, ժողովքին մէջէն հաւատուրաց ուսուցիչներ սկսան զայն իրենց հակակշռին տակ առնել։ Անոնք ‘ծուռ բաներ խօսեցան՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար’։ (Գործք 20։29, 30) Որպէս արդիւնք, բազմաթիւ Քրիստոնեաներ ‘հաւատքէն ապստամբեցան’։ Անոնք ‘առասպելներու ետեւէ մոլորեցան’։—Ա. Տիմոթէոս 4։1-3. Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4

Աստուածաբանութեան Նոր Բառարանը կ’ըսէ, թէ Հ.Դ. չորրորդ դարուն «Կաթողիկէ Քրիստոնէութիւնը Հռովմէական Կայսրութեան պաշտօնական . . . կրօնքը դարձաւ»։ «Եկեղեցական եւ աշխարհիկ ընկերութիւնները զանգուած էին», այսինքն՝ Եկեղեցին ու պետութիւնը միացած էին, ինչ որ ուղղակի հակառակ էր նախկին Քրիստոնեաներու հաւատալիքներուն։ (Յովհաննու 17։16. Յակոբու 4։4) Նոյն աղբիւրը դիտել կու տայ թէ ժամանակ մը ետք, եկեղեցիին ամբողջ կառոյցն ու բնոյթը, ինչպէս նաեւ անոր հիմնական հաւատալիքներէն շատերը, արմատականօրէն փոխուեցան՝ «Հին Կտակարանի եւ նոր–պղատոնական տարբերակներու տարօրինակ ու ամբողջովին վատառողջ խառնուրդի մը ազդեցութեան ներքեւ»։ Ինչպէս Յիսուս Քրիստոս նախագուշակած էր, իր ճշմարիտ աշակերտները շուքի մէջ մնացին մինչ կեղծ Քրիստոնեաները ուռճացան։

Յիսուսի ունկնդիրները գիտէին թէ ո՛րքան դժուար է ցորենը զանազանել որոմէն, ինչպէս՝ թունաւոր ցորնուկէն, որ աճման եղանակին ցորենին երեւոյթը կ’ունենայ։ Ուստի Յիսուս կը լուսաբանէր թէ որոշ ատեն մը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կեղծ Քրիստոնեաներէն զանազանելը դժուար պիտի ըլլար։ Ասիկա չի նշանակեր թէ քրիստոնէական ժողովքը գոյութենէ դադրեցաւ, քանի որ Յիսուս խոստացաւ իր հոգեւոր եղբայրները առաջնորդել ‘ամէն օր, մինչեւ աշխարհիս վերջը’։ (Մատթէոս 28։20) Յիսուս ըսաւ թէ ցորենը պիտի շարունակէր աճիլ։ Այսուհանդերձ դարերու ընթացքին ճշմարիտ Քրիստոնեաները,– անհատապէս կամ խմբովին,– անկասկած իրենց լաւագոյնը ըրին Քրիստոսի ուսուցումներուն կառչելու համար։ Սակայն անոնք այլեւս յստակօրէն բնորոշուող, տեսանելի մարմին կամ կազմակերպութիւն մը չկազմեցին։ Անոնք վստահաբար չնմանեցան տեսանելի հաւատուրաց կրօնական դրութեան, որ պատմութեան ընթացքին Յիսուս Քրիստոսի անունին վրայ միայն նախատինք ու անարգանք բերաւ։—Բ. Պետրոս 2։1, 2

‘Անօրէնութեան Մարդը կը Յայտնուի’

Պօղոս առաքեալ ուրիշ բան մը նախագուշակեց, որ պիտի բնորոշէր այս կեղծ կրօնական դրութիւնը։ Ան գրեց. «Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը [Եհովայի օրը] պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2-4) Այս «անօրէնութեան մարդը» կղերական դասն է, որ ‘‘քրիստոնէական’’ ժողովքին վրայ ինքզինք իշխանութեան դիրքի մը բարձրացուց։ *

Հաւատուրացութիւնը սկսաւ Պօղոս առաքեալի օրերուն։ Անիկա արագօրէն ուռճացաւ, երբ առաքեալները մեռան եւ իրենց արգելիչ ազդեցութիւնը անհետացաւ։ Պօղոս ըսաւ թէ անիկա յստակօրէն պիտի բնորոշուէր ‘Սատանային ազդեցութիւնով, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով եւ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնով’։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6-11) Ասիկա որքա՜ն ճշգրտօրէն կը նկարագրէ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներու գործունէութիւնները։

Թիկունք կանգնելու համար իրենց այն դաւանութեան թէ միակ ճշմարիտ եկեղեցին Հռովմէական Կաթողիկէութիւնն է, Կաթողիկէ առաջնորդները կ’ըսեն թէ իրենց եպիսկոպոսները «սկիզբի առաքեալներէն ժառանգած են իրենց առաքելական կոչումը, եւ յաջորդութեան շարքը կ’երկարի մինչեւ Քրիստոնէութեան սկիզբը»։ Իրականութեան մէջ, առաքելական յաջորդութեան այս դաւանումը պատմական կամ սուրբ գրային հիմ մը չունի։ Ո՛չ մէկ վաւերական ապացոյց կայ թէ Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք ծագում առած եկեղեցական դրութիւնը, Աստուծոյ սուրբ հոգիին կողմէ առաջնորդուած էր։—Հռովմայեցիս 8։9. Գաղատացիս 5։19-21

Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել միւս եկեղեցիներուն մասին, որոնք ծագում առին այդպէս կոչուած Բարեկարգութենէն ետք։ Անոնք նախկին քրիստոնէական ժողովքի օրինակին վերադարձա՞ն։ Անոնք նախկին քրիստոնէական ժողովքին մաքրութիւնը վերահաստատեցի՞ն։ Ճիշդ է որ Բարեկարգութենէն ետք Աստուածաշունչը հասարակ ժողովուրդին մատչելի դարձաւ իրենց լեզուով։ Սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ այս եկեղեցիները շարունակեցին սխալ վարդապետութիւններ սորվեցնել։ *Մատթէոս 15։7-9

Սակայն հետեւեալը նկատի առէք։ Յիսուս Քրիստոս ուղղակի նախագուշակեց թէ իր մէկ ճշմարիտ ժողովքը պիտի վերահաստատուէր այն ժամանակամիջոցին, որ ինք կոչեց՝ իրերու դրութեան մը վախճանը։ (Մատթէոս 13։30, 39, ՆԱ) Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը ցոյց կու տայ թէ այդ ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ (Մատթէոս 24։3-35) Ասոր ի տես, իւրաքանչիւրս մենք մեզի պէտք է հարց տանք. ‘Այդ մէկ ճշմարիտ եկեղեցին ո՞ւր է’։ Անիկա հետզհետէ աւելի դիւրաւ պէտք է բնորոշուի։

Թերեւս կը խորհիք թէ արդէն գտած էք այդ եկեղեցին կամ ժողովքը։ Կարեւոր է որ վստահ ըլլաք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինչպէս որ էր պարագան առաջին դարուն, միայն մէ՛կ ճշմարիտ եկեղեցի կրնայ ըլլալ։ Ժամանակ յատկացուցա՞ծ էք քննելու համար թէ ձեր եկեղեցին սերտօրէն կը հետեւի առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին ձգած օրինակին եւ թէ հաւատարմօրէն կը կառչի Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն։ Ինչո՞ւ հիմա իսկ չքննէք։ Եհովայի Վկաները սիրով պիտի ուզեն ձեզի օգնել որ ասիկա ընէք։—Գործք 17։11

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 17 «Անօրէնութեան մարդ»ուն ինքնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաք գտնել Դիտարան 1 Փետրուար 1990 թիւին մէջ, էջ 10-14 (Անգլերէն)։

^ պարբ. 20 Տես՝ «Բարեկարգութիւնը՝ Փնտռտուքը Նոր Ուղղութիւն մը կը Ստանայ» խորագրով գլուխը, Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքին մէջ, էջ 306-328, հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Նկարներ՝ էջ 5]

Ցորենի ու որոմի մասին Յիսուսի առակը, ճշմարիտ ժողովքին մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի