Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կրնայ օգնել ձեր ամուսնութեան

Աստուածաշունչը կրնայ օգնել ձեր ամուսնութեան

Աստուածաշունչը կրնայ օգնել ձեր ամուսնութեան

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ. ոմանց համար այս բառը հաճելի միտքերու զարկ կու տայ, իսկ ուրիշներու՝ սրտատանջութիւն կը պատճառէ։ «Զգացական գետնի վրայ ամուսնալուծուած կը զգամ», կ’ողբայ կին մը։ «Միշտ անտեսուած եւ առանձին կը զգամ»։

Ի՞նչ բան պատճառ կ’ըլլայ որ երկու անհատներ որոնք ուխտած են իրարու հանդէպ սէր ու գուրգուրանք ցոյց տալ, իրարմէ ա՛յսքան հեռու զգան։ Ազդակներէն մէկը այն է թէ անոնք չեն գիտեր թէ ամուսնութիւնը ի՛նչ կը պարփակէ։ Բժշկական հարցերով զբաղող թղթակից մը դիտել կու տայ. «[Ամուսնական] հաստատութեան մէջ կը մտնենք, առանց որեւէ մարզումի»։

Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ա.Մ.Ն., Ռաթճըրզ Համալսարանի հովանաւորութեան ներքեւ՝ Երկրին Մէջ Ամուսնութեան Իրավիճակին Ծրագիրը իր կատարած մէկ ուսումնասիրութեամբ նաեւ կ’ապացուցանէ թէ ամուսնութեան մասին քիչեր գիտութիւն ունին։ «Այս ուսումնասիրութեան պարփակած անհատներէն շատեր մեծցած են ապերջանիկ ամուսնութիւն մը կնքած կամ ամուսնալուծուած ծնողներու հետ», կը գրեն ծրագրին վերակացուները։ «Անոնք շատ լաւ գիտեն թէ անյաջող ամուսնութիւնը ի՛նչ է, բայց վստահ չեն թէ յաջող ամուսնութիւնը ի՛նչպէս է։ Ոմանք լաւ ամուսնութիւնը կրնան նկարագրել միայն որպէս ‘ծնողքիս հակառակը’»։

Քրիստոնեաները ամուսնական խնդիրներէ զե՞րծ են։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, առաջին դարուն կարգ մը Քրիստոնեաներու ուղղակի խրատ տրուեցաւ որ իրենց ամուսնութենէն ‘արձակուիլ չփնտռեն’։ (Ա. Կորնթացիս 7։27) Բացորոշ է թէ երկու անկատար անհատներու ամուսնութիւնը խնդիրներու դուռ կը բանայ, բայց օգնութիւն ունինք։ Կողակիցները կրնան իրենց կապակցութիւնը բարելաւել, Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով։

Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը ամուսնական ձեռագիրք մը չէ։ Սակայն, քանի որ անիկա ամուսնական կարգադրութեան ծագում Տուողին կողմէ ներշնչուած է, կրնանք ակնկալել որ անոր սկզբունքները օգտակար ըլլան։ Եսայի մարգարէին միջոցով, Եհովա Աստուած ըսաւ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։—Եսայեայ 48։17, 18

Կողակիցիդ հանդէպ ունեցած սէրդ սկսա՞ծ է անհետանալ։ Կը զգա՞ք թէ անսէր ամուսնութեան մը դատապարտուած էք։ 26 տարիէ ամուսնացած կին մը ըսաւ. «Այսպիսի յարաբերութեան մը պատճառած ցաւը աննկարագրելի է։ Անիկա յարատեւ է ու միշտ՝ առկայ»։ Փոխանակ անգոհացուցիչ ամուսնութեանդ հետ հաշտուելու, ինչո՞ւ չվճռէք զայն բարելաւել։ Յաջորդ յօդուածը ամոլներու ցոյց պիտի տայ թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՛նչպէս կրնան իրենց ամուսնութեան օգնել մասնայատուկ մարզի մը մէջ, որ է յանձնառութեան մարզը։