Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ անդադար պէտք է աղօթենք

Ինչո՞ւ անդադար պէտք է աղօթենք

Ինչո՞ւ անդադար պէտք է աղօթենք

«Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18

1, 2. Դանիէլ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ աղօթքի առանձնաշնորհումը կը գնահատէր, եւ ասիկա Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան ի՞նչպէս ազդեց։

ԴԱՆԻԷԼ մարգարէն օրը երեք անգամ Աստուծոյ աղօթելու սովորութիւնը ունէր։ Ան իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բացած, ծունկի կու գար եւ խնդրանքներ կը մատուցանէր։ (Գ. Թագաւորաց 8։46-49. Դանիէլ 6։10) Նոյնիսկ երբ արքայական հրամանագիր մը արգիլեց Մարերու Դարեհ Թագաւորէն զատ ուրիշ մէկէ մը բան մը խնդրել, Դանիէլ պահ մը իսկ չվարանեցաւ։ Այս աղօթասէր մարդը անդադար Եհովայի կ’աղերսէր, ասիկա իր կեանքը վտանգէր կամ ոչ։

2 Եհովա Դանիէլը ի՞նչպէս նկատեց։ Երբ Գաբրիէլ հրեշտակը եկաւ Դանիէլի մէկ աղօթքին պատասխանելու համար, ան մարգարէն նկարագրեց որպէս «սիրելի» մարդ մը։ (Դանիէլ 9։20-23) Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ Եհովա Դանիէլի ակնարկեց իբր արդար մարդ մը։ (Եզեկիէլ 14։14, 20) Բացորոշ է որ տարիներու ընթացքին Դանիէլի աղօթքները առաջնորդեցին որ իր Աստուծոյն հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը ունենայ. իրողութիւն մը, որուն անդրադարձաւ նոյնիսկ Դարեհ։—Դանիէլ 6։16

3. Ինչպէս միսիոնարի մը փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի որ մեր ուղղամտութիւնը պահպանենք։

3 Կանոնաւորաբար աղօթելը նաեւ կրնայ մեզի օգնել որ խիստ փորձութիւններու տոկանք։ Օրինակ, նկատի առէք Հէրոլտ Քինկի պարագան, որ Չինաստանի մէջ միսիոնար էր ու հինգ տարի առանձնացած բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Իր փորձառութեան մասին Եղբայր Քինկ ըսաւ. «Թերեւս հաւատակիցներէս հեռացուիմ, բայց ո՛չ ոք կրնայ զիս Աստուծմէ մեկուսացնել։ . . . Ուստի, բոլոր անցորդներուն առջեւ, օրը երեք անգամ խցիկիս մէջ ծունկի գալով բարձրաձայն կ’աղօթէի, ի մտի ունենալով Դանիէլը, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի։ . . . Այնպէս կը թուի թէ այս առիթներուն Աստուծոյ հոգին միտքս կ’ուղղէր ամենէն օգտակար բաներու եւ զիս կը հանդարտեցնէր։ Աղօթքը ի՜նչ հոգեւոր զօրութիւն եւ մխիթարութիւն տուաւ ինծի»։

4. Այս յօդուածին մէջ աղօթքի մասին ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

4 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18) Այս խրատին ի տես, նկատի առնենք հետեւեալ հարցումները. Ինչո՞ւ մեր աղօթքներուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ Անդադար Եհովայի մօտենալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։ Եւ ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ մեր թերութիւններուն պատճառով զգանք թէ Աստուծոյ աղօթելու արժանի չենք։

Աղօթքին Միջոցով Բարեկամութիւն Մշակեցէք

5. Աղօթքը մեզի կ’օգնէ ի՞նչ անզուգական բարեկամութիւն մը վայելելու։

5 Կը փափաքի՞ք որ Եհովա ձեզ իր բարեկամը նկատէ։ Ան Աբրահամ նահապետը այդպէս նկատեց։ (Եսայեայ 41։8. Յակոբու 2։23) Եհովա կ’ուզէ որ իր հետ այդ տեսակի յարաբերութիւն մշակենք։ Իրականութեան մէջ ան մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն մօտենանք։ (Յակոբու 4։8) Այս հրաւէրը պէտք չէ՞ մեզ մղէ որ խորապէս մտածենք աղօթքի անզուգական կարգադրութեան մասին։ Եթէ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը հետ խօսելու համար ժամադրութիւն առնելը շատ դժուար է, ուր մնաց՝ անոր բարեկամը ըլլալը։ Այսուհանդերձ, տիեզերքի Ստեղծիչը մեզ կը քաջալերէ որ ազատօրէն իրեն հետ խօսինք, երբ ուզենք աղօթել կամ աղօթքի կարիքը զգանք։ (Սաղմոս 37։5) Մեր անդադար աղօթքները կ’օգնեն մեզի որ Եհովայի հետ սերտ բարեկամութիւն մը ունենանք։

6. Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք ‘յարատեւաբար աղօթելու’ մասին։

6 Սակայն որքա՜ն դիւրին է որ աղօթքը անտեսենք։ Ամէնօրեայ կեանքի ճնշումները կրնան մեզ ա՛յնքան մտազբաղ ընել որ ջանք չենք թափեր Աստուծոյ հետ խօսելու։ Յիսուս իր աշակերտները քաջալերեց որ ‘յարատեւաբար աղօթեն’, եւ ինք անձամբ ըրաւ ասիկա։ (Մատթէոս 26։41, ՆԱ) Թէեւ միշտ օրն ի բուն զբաղած կ’ըլլար, բայց ան իր երկնաւոր Հօր հետ խօսելու համար ժամանակ կը յատկացնէր։ Երբեմն Յիսուս «առտուն՝ արշալոյսէն շատ առաջ» կ’արթննար, որպէսզի աղօթէր։ (Մարկոս 1։35, ԱՎ) Այլ առիթներով, ան օրուան վերջաւորութեան առանձին տեղ մը կ’երթար, Եհովայի հետ խօսելու համար։ (Մատթէոս 14։23) Յիսուս աղօթելու համար միշտ ժամանակ տրամադրեց, եւ մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։—Ա. Պետրոս 2։21

7. Ի՞նչ պարագաներ պէտք է մղեն մեզ որ ամէն օր մեր երկնաւոր Հօր հետ խօսինք։

7 Անձնական աղօթք մատուցանելու յարմար պահեր ամէն օր կ’ունենանք, մինչ խնդիրներ կը դիմակալենք, փորձութիւններու կը հանդիպինք եւ որոշումներ կը կայացնենք։ (Եփեսացիս 6։18) Երբ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը փնտռենք, վստահաբար իր հետ մեր բարեկամութիւնը կ’աճի։ Եթէ երկու բարեկամներ միասնաբար խնդիրներ ձեռք առնեն, անոնց բարեկամութեան կապը աւելի չի՞ զօրանար։ (Առակաց 17։17) Պարագան նոյնն է, երբ Եհովայի կ’ապաւինինք ու իր օգնութիւնը կը վայելենք։—Բ. Մնացորդաց 14։11

8. Նէեմիայի, Յիսուսի եւ Աննայի օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք մեր անձնական աղօթքներուն երկարութեան մասին։

8 Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ Աստուած մեր աղօթքներուն որքա՛ն երկար կամ որքա՛ն յաճախ ըլլալը չի սահմանափակեր։ Պարսից թագաւորին խնդրանք մը ներկայացնելէ առաջ, Նէեմիա արագօրէն լռելեայն աղօթք մը մատուցանեց։ (Նէեմեայ 2։4, 5) Յիսուս ալ կարճ աղօթք մը ըրաւ, երբ Եհովայէ խնդրեց որ իրեն զօրութիւն տայ Ղազարոսը յարուցանելու։ (Յովհաննու 11։41, 42) Միւս կողմէ, Աննան «Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցուց», իր սիրտը պարպելով։ (Ա. Թագաւորաց 1։12, 15, 16) Մեր անձնական աղօթքները կրնան կարճ կամ երկար ըլլալ, կարիքին եւ պարագաներուն համաձայն։

9. Մեր աղօթքները ինչո՞ւ փառաբանութիւն եւ մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն համար շնորհակալութիւն պէտք է պարփակեն։

9 Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ աղօթքներ Եհովայի գերագոյն դիրքին եւ սքանչելի գործերուն համար սրտագին գնահատութիւն կը յայտնեն։ (Ելից 15։1-19. Ա. Մնացորդաց 16։7-36. Սաղմոս 145) Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ կը տեսնէ 24 երէցները,– բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները իրենց երկնային դիրքին մէջ,– որոնք Եհովան կը փառաբանեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ (Յայտնութիւն 4։10) Մենք ալ Ստեղծիչը կանոնաւորաբար փառաբանելու պատճառ ունինք։ Ծնողներ որքա՜ն ուրախ կը զգան, երբ իրենց զաւակը սրտանց շնորհակալութիւն յայտնէ, իրեն ի նպաստ անոնց ըրած մէկ բանին համար։ Եհովայի ողորմութիւններուն մասին գնահատութեամբ խորհրդածելը եւ մեր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնելը, մեր աղօթքներուն որակը բարելաւելու ընտիր կերպ մըն է։

«Անդադար Աղօթք Ըրէ՛ք»՝ Ինչո՞ւ

10. Աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ մեր հաւատքը զօրացնելու մէջ։

10 Կանոնաւորաբար աղօթելը էական է մեր հաւատքին համար։ ‘Ամէն ատեն աղօթք ընելու ու չձանձրանալու’ մասին օրինակ մը տալէ ետք, Յիսուս հարցուց. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ (Ղուկաս 18։1-8) Իմաստալից ու սրտագին աղօթքը հաւատք կը կերտէ։ Երբ Աբրահամ նահապետ կը ծերանար եւ տակաւին զաւակ մը չէր ունեցած, ան այս հարցին շուրջ Աստուծոյ հետ խօսեցաւ։ Իր պատասխանին մէջ, Եհովա նախ իրմէ խնդրեց որ երկինք նայի եւ աստղերը համրէ, եթէ կրնայ այս մէկը ընել։ Ապա Աստուած Աբրահամը հաւաստիացուց. «Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ»։ Արդի՞ւնքը։ Ան «հաւատաց Տէրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ»։ (Ծննդոց 15։5, 6) Եթէ մեր սիրտը աղօթքով Եհովայի բանանք, Աստուածաշունչէն իր երաշխիքները ընդունինք եւ իրեն հնազանդինք, ան մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։

11. Աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի որ խնդիրներ ձեռք առնենք։

11 Աղօթքը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ խնդիրներ ձեռք առնենք։ Ձեր առօրեայ կեանքը դժնդակ եւ ձեր դիմակալած պարագաները խի՞ստ են։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Քու հոգդ ձգէ՛ Տէրոջ վրայ, եւ ան քեզի նեցուկ պիտի ըլլայ. ան երբե՛ք պիտի չթոյլատրէ որ արդարը սասանի»։ (Սաղմոս 55։22, ԱՎ) Երբ դժուար որոշումներ դիմագրաւենք, կրնանք Յիսուսի օրինակը ընդօրինակել։ Ան ամբողջ գիշեր մը առանձին աղօթեց, իր 12 առաքեալները նշանակելէ առաջ։ (Ղուկաս 6։12-16) Իսկ իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս ա՛յնքան ջերմեռանդութեամբ աղօթեց որ «իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր»։ (Ղուկաս 22։43, 44) Արդի՞ւնքը։ Ան «լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ (Եբրայեցիս 5։7) Մեր ջերմեռանդ ու անդադար աղօթքները մեզի պիտի օգնեն որ ճնշիչ պարագաներու եւ դժուար փորձութիւններու հետ գլուխ ելլենք։

12. Աղօթքը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա անձամբ մեզմով հետաքրքրուած է։

12 Աղօթքով Եհովայի մօտենալու ուրիշ պատճառ մը այն է, թէ ան իր կարգին մեզի կը մօտենայ։ (Յակոբու 4։8) Երբ մեր սիրտը աղօթքով Եհովայի բանանք, չե՞նք զգար թէ ան մեր կարիքներով հետաքրքրուած է եւ քնքշօրէն կը հոգայ մեզ։ Անձնապէս Աստուծոյ սիրոյն փորձառութիւնը կ’ունենանք։ Եհովա ուրիշ ոեւէ մէկու պատասխանատուութիւն չէ յանձնած որ մտիկ ընէ իւրաքանչիւր աղօթք, որ Իր ծառաները իրեն կ’ուղղեն որպէս իրենց երկնաւոր Հայրը։ (Սաղմոս 66։19, 20. Ղուկաս 11։2) Եւ մեզ կը հրաւիրէ որ ‘մեր ամէն հոգը իր վրայ ձգենք, վասն զի ինք մեզի համար կը հոգայ’։—Ա. Պետրոս 5։6, 7

13, 14. Անդադար աղօթելու համար ի՞նչ պատճառներ ունինք։

13 Աղօթքը կրնայ հանրային ծառայութեան հանդէպ մեզ աւելի մեծ նախանձախնդրութեամբ լեցնել եւ մեզ զօրացնել, երբ անտարբերութիւնը կամ հակառակութիւնը մեզ դանդաղեցնէ։ (Գործք 4։23-31) Աղօթքը կրնայ նաեւ մեզ պաշտպանել «Սատանային հնարքներ»էն։ (Եփեսացիս 6։11, 17, 18) Երբ առօրեայ փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար կը պայքարինք, կրնանք յարատեւաբար Աստուծմէ խնդրել որ մեզ զօրացնէ։ Յիսուսի տիպար աղօթքը կը պարփակէ այն խնդրանքը, թէ Եհովա «չարէն [Բանսարկու Սատանայէն] մեզ ազատէ»։—Մատթէոս 6։13

14 Եթէ մեր մեղաւոր հակումները հակակշռի տակ առնելու համար շարունակենք աղօթքով օգնութիւն խնդրել, Եհովայի օժանդակութիւնը պիտի շօշափենք։ Մենք այս երաշխիքը ունինք. «Աստուած հաւատարիմ է, եւ պիտի չթոյլատրէ որ փորձուիք ձեր կարողութենէն աւելի, հապա փորձութեան հետ ելք մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարենաք կրել»։ (Ա. Կորնթացիս 10։13, ԱՎ) Պօղոս առաքեալ այլազան պարագաներու ներքեւ վայելեց Եհովայի ամրապնդիչ հոգատարութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։—Փիլիպպեցիս 4։13. Բ. Կորնթացիս 11։23-29

Հակառակ Թերութիւններուն՝ Աղօթքի Մէջ Յարատեւեցէք

15. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ մեր վարմունքը Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում չտայ։

15 Մեր աղօթքները նպաստաւոր կերպով լսուելու համար, Աստուծոյ Խօսքին խրատը պէտք չէ մերժենք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք»։ (Ա. Յովհաննու 3։22) Սակայն ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ մեր վարմունքը Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում չտայ։ Ադամն ու Եւան մեղք գործելէն ետք, Եդեմի պարտէզին մէջ պահուըտեցան։ Մենք ալ կրնանք հակում ունենալ «Աստուծոյ երեսէն» պահուըտելու եւ աղօթելէ դադրելու։ (Ծննդոց 3։8) Քլաուս՝ փորձառու ճամբորդող տեսուչ մը, դիտել կու տայ. «Նկատած եմ որ գրեթէ միշտ, Եհովայէ ու իր կազմակերպութենէն հեռացող անհատներուն առած առաջին սխալ քայլն է՝ աղօթելէ դադրիլ»։ (Եբրայեցիս 2։1) Հոսէ Էնքըլ այս պարագայէն անցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Գրեթէ ութը տարի, հազուադէպօրէն աղօթեցի Եհովայի։ Իրեն խօսելու արժանի չէի զգար, թէեւ տակաւին զինք երկնաւոր Հայրս կը նկատէի»։

16, 17. Օրինակներ տուէք թէ ի՛նչպէս կանոնաւորաբար աղօթելը կրնայ մեզի օգնել հոգեւոր տկարութիւնը յաղթահարելու։

16 Մեզմէ ոմանք կրնան զգալ թէ աղօթելու արժանի չեն, հոգեւոր տկարութեան կամ յանցագործութեան մը մէջ իյնալուն պատճառով։ Բայց ճիշդ այս պարագային է որ աղօթքի կարգադրութենէն լիովին պէտք է օգտուինք։ Յովնան իր նշանակումէն խոյս տուաւ։ Բայց ան ‘իր տագնապին մէջ Տէրոջ գոչեց, եւ ան իրեն պատասխանեց։ Յովնան դժոխքին փորէն օգնութեան կանչեց, ու Տէրը իր ձայնը լսեց’։ (Յովնանու 2։2, ԱՎ) Յովնան աղօթեց, Եհովա իր աղօթքին պատասխանեց, եւ Յովնան հոգեւորապէս վերակազդուրուեցաւ։

17 Հոսէ Էնքըլն ալ ջերմեռանդօրէն աղօթեց որ օգնութիւն ստանայ։ Ան կը մտաբերէ. «Սիրտս բացի եւ Աստուծոյ աղաչեցի որ ինծի ներում շնորհէ։ Ան իրապէս օգնեց ինծի։ Չեմ կարծեր որ առանց աղօթքին օգնութեան, ճշմարտութեան պիտի վերադառնայի։ Այժմ ամէն օր կանոնաւորաբար կ’աղօթեմ, եւ այս պահերուն անհամբեր կը սպասեմ»։ Միշտ պէտք է ազատ զգանք բացէ ի բաց Աստուծոյ հետ խօսելու մեր սխալներուն մասին եւ խոնարհաբար իրմէ ներում խնդրենք։ Երբ Դաւիթ Թագաւոր իր յանցանքները խոստովանեցաւ, Եհովա անոր մեղքերը ներեց։ (Սաղմոս 32։3-5) Եհովա կ’ուզէ մեզի օգնել եւ ո՛չ թէ մեզ դատապարտել։ (Ա. Յովհաննու 3։19, 20) Իսկ ժողովքի երէցներուն աղօթքները կրնան մեզի հոգեւորապէս օգնել, քանի որ այսպիսի խնդրանքներ «շատ ազդեցութիւն» ունին։—Յակոբու 5։13-16

18. Աստուծոյ ծառաները որքա՛ն ալ մոլորած ըլլան, ի՞նչ վստահութիւն կրնան ունենալ։

18 Ո՞ր հայրը պիտի մերժէ որդի մը, որ սխալ մը գործելէ ետք, օգնութեան եւ խրատի համար խոնարհաբար իրեն կը դիմէ։ Անառակ որդիին առակը ցոյց կու տայ թէ որքա՛ն ալ մոլորած ըլլանք, մեր երկնաւոր Հայրը կ’ուրախանայ երբ իրեն վերադառնանք։ (Ղուկաս 15։21, 22, 32) Եհովա բոլոր յանցագործները կը յորդորէ որ զինք կանչեն, քանի որ «առատապէս կը ներէ»։ (Եսայեայ 55։6, 7) Թէեւ Դաւիթ լուրջ մեղքեր գործեց, բայց ան Եհովան կանչեց՝ ըսելով. «Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս ու իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի՛ ծածկեր»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։ [Եհովա] պիտի լսէ իմ ձայնս»։ (Սաղմոս 55։1, 17) Ասիկա որքա՜ն սրտապնդիչ է։

19. Ինչո՞ւ պէտք չէ եզրակացնենք թէ երեւութապէս չպատասխանուած աղօթքները Աստուծոյ տհաճութեան ապացոյցն են։

19 Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր խնդրանքը անմիջապէս չպատասխանուի։ Պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր խնդրանքը Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակ է եւ Յիսուսի անունով կը մատուցուի։ (Յովհաննու 16։23. Ա. Յովհաննու 5։14) Յակոբոս աշակերտ կարգ մը Քրիստոնեաներու ակնարկութիւն ըրաւ, որոնց աղօթքները անպատասխան կը մնային, քանի որ ‘գէշ նպատակով կը խնդրէին’։ (Յակոբու 4։3, Անթիլիաս) Միւս կողմէ, շուտով պէտք չէ եզրակացնենք թէ երեւութապէս չպատասխանուած աղօթքները միշտ Աստուծոյ տհաճութեան ապացոյցն են։ Երբեմն Եհովա թոյլ կու տայ որ հաւատարիմ երկրպագուները հարցի մը համար որոշ ատեն մը շարունակեն աղօթել, իր պատասխանը բացայայտ ըլլալէն առաջ։ Յիսուս ըսաւ. «[«Շարունակեցէք խնդրել», ՆԱ] եւ պիտի տրուի ձեզի»։ (Մատթէոս 7։7) Ուստի պէտք է ‘աղօթքի մէջ յարատեւենք’։—Հռովմայեցիս 12։12, ԱՎ

Կանոնաւորաբար Աղօթեցէք

20, 21. (ա) Այս «վերջին օրեր»ուն ինչո՞ւ անդադար աղօթելու կարիքը ունինք։ (բ) Երբ ամէն օր Եհովայի շնորհաց աթոռին մօտենանք, ի՞նչ պիտի ստանանք։

20 «Չար ժամանակներ»ով յատկանշուած այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, ճնշումներն ու խնդիրները վերելքի մէջ են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Իսկ դժուարութիւնները դիւրաւ կրնան մեզ մտազբաղ դարձնել։ Սակայն մեր անդադար աղօթքները մեզի պիտի օգնեն որ մեր կեանքը հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած պահենք, հակառակ յարատեւող խնդիրներուն, փորձութիւններուն եւ վհատութեան։ Եհովայի ուղղուած մեր ամէնօրեայ աղօթքները կրնան մեզի հարկ եղած կենսական օգնութիւնը հայթայթել։

21 Եհովա՝ «աղօթքի լսող»ը՝ երբեք ա՛յնքան զբաղած չէ որ մեզի մտիկ չընէ։ (Սաղմոս 65։2) Թող որ երբեք ա՛յնքան զբաղած չըլլանք որ իրեն հետ չխօսինք։ Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը մեր ունեցած ամենէն թանկագին ստացուածքն է։ Թող որ զայն բնաւ թեթեւի չ’առնենք։ «Ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու»։—Եբրայեցիս 4։16

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

• Աղօթքի արժէքին մասին Դանիէլ մարգարէէն ի՞նչ կը սորվինք։

• Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը ի՞նչպէս կրնանք զօրացնել։

• Ինչո՞ւ անդադար պէտք է աղօթենք։

• Ինչո՞ւ արժանի չըլլալու զգացումները մեզ պէտք չէ ետ պահեն Եհովայի աղօթելէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Թագաւորին խօսելէ առաջ, Նէեմիա կարճ ու լռելեայն աղօթք մը ըրաւ

[Նկար՝ էջ 15]

Աննա «Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցուց»

[Նկարներ՝ էջ 16]

Յիսուս ամբողջ գիշերը աղօթեց, իր 12 առաքեալները նշանակելէ առաջ

[Նկարներ՝ էջ 18]

Աղօթելու պատեհութիւններ կը ներկայանան ամբողջ օրուան ընթացքին