Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչպէս ձեր ամուսնութիւնը կրնաք զօրացնել

Ի՛նչպէս ձեր ամուսնութիւնը կրնաք զօրացնել

Ի՛նչպէս ձեր ամուսնութիւնը կրնաք զօրացնել

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ տուն մը որ անհոգութեան պատճառով խեղճ վիճակի մէջ է։ Ներկը կեղուըւած է, դռները խարխլած են, եւ խոնաւութիւնը առաստաղին վնաս հասցուցած է։ Բացայայտ է թէ այս տունը տարիներու ընթացքին զօրաւոր փոթորիկներէ վնասուած է, ինչպէս նաեւ լքուած է։ Անիկա պէ՞տք է քանդուի։ Պայման չէ։ Եթէ հիմը զօրաւոր եւ կառոյցը տոկուն է, հաւանաբար տունը կրնայ նորոգուիլ։

Այս տան վիճակը ձեզի կը յիշեցնէ՞ ձեր ամուսնութիւնը։ Տարիներու ընթացքին այլաբանական զօրաւոր փոթորիկներ կրնան ձեր ամուսնական կապակցութեան բացասականօրէն ազդած ըլլալ։ Թերեւս ձեզմէ մէկը կամ երկուքդ ալ որոշ չափով ձեր ամուսնութիւնը անտեսած էք։ Թերեւս Սէնտիի նման կը զգաք, որ 15 տարուան ամուսնութենէ ետք՝ ըսաւ. «Հասարակաց բան մը չունէինք, միայն թէ իրարու հետ ամուսնացած էինք։ Իսկ ասիկա բաւարար չէր»։

Նոյնիսկ եթէ ձեր ամուսնութիւնը այս վիճակին հասած է, շուտով մի՛ եզրակացնէք թէ անոր վերջ մը պէտք է դնէք։ Հաւանաբար կրնաք ձեր ամուսնութիւնը բարելաւել։ Շատ բան կախեալ է ձեր յանձնառութեան տարողութենէն։ Յանձնառութիւնը ամուսնութեան կայունութիւն կու տայ նեղութեան ժամանակներուն։ Բայց ի՞նչ է յանձնառութիւնը, եւ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կրնայ օգնել ձեզի որ զայն ամրապնդէք։

Յանձնառութիւնը Պարտաւորութիւն կը Պարփակէ

Յանձնառութիւնը կ’ակնարկէ պարտաւորուած կամ զգացականօրէն ստիպուած ըլլալու վիճակին։ Օրինակ, շինարար մը պարտաւորուած կը զգայ տուն մը կառուցանելու իր ստորագրած համաձայնագրին պահանջները կատարելու։ Ան կրնայ անձամբ չճանչնալ գործատուն։ Այսուհանդերձ, ան իր խօսքը յարգելու պարտաւորուած կը զգայ։

Թէեւ ամուսնութիւնը առեւտրական պաղ համաձայնութիւն մը չէ, սակայն անոր հետ առնչուած յանձնառութիւնը պարտաւորութիւն կը պարփակէ։ Հաւանաբար դուք ու ձեր կողակիցը Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ լրջօրէն ուխտած էք միասին մնալ ի՛նչ որ ալ պատահի։ Յիսուս ըսաւ. «Ան որ սկիզբէն [մարդն ու կինը] ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի’»։ Յիսուս շարունակեց. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ (Մատթէոս 19։4-6) Ուստի երբ խնդիրներ ծագին, դուք ու ձեր կողակիցը հաստատօրէն պէտք է վճռէք ձեր կատարած յանձնառութիւնը յարգել։ * Կին մը կ’ըսէ. «Միայն երբ մերժեցինք ամուսնալուծման մասին մտածել, կացութիւնը սկսաւ բարելաւուիլ»։

Սակայն ամուսնական յանձնառութիւնը պարտաւորութեան զգացումէն աւելին կը պարփակէ։ Ի՞նչ։

Համագործակցութիւնը Ամուսնական Յանձնառութիւնը կ’Ամրապնդէ

Ամուսնութեան յանձնառու ըլլալ չի նշանակեր թէ ամոլներ երբեք տարակարծիք պիտի չըլլան։ Երբ վէճ մը ծագի, հարցը լուծելու անկեղծ փափաք մը պէտք է ըլլայ, թէ՛ պարտաւորիչ ուխտին եւ թէ զգացական կապին պատճառով։ Ամուսինին ու կնոջ նկատմամբ, Յիսուս ըսաւ. «Ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին»։

Ի՞նչ կը նշանակէ ձեր կողակիցին հետ «մէկ մարմին» ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ գրեց թէ «պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս»։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Ուստի «մէկ մարմին» ըլլալը մասամբ կը նշանակէ թէ ձեր կողակիցին բարօրութեամբ կը հետաքրքրուիք ինչպէս՝ ձեր բարօրութեամբ։ Ամոլները պէտք է մտածեն ո՛չ թէ եզակի լեզուով («ես», «իմ»), այլ՝ յոգնակի լեզուով («մենք», «մեր»)։ Խրատատու մը գրեց. «Զոյգը պէտք է դադրի սիրտին մէջ ամուրի ըլլալէ, եւ սկսի սիրտին մէջ ամուսնացած ըլլալ»։

Դուք ու ձեր կողակիցը «սիրտին մէջ ամուսնացա՞ծ» էք։ Կարելի է երկար տարիներ ամուսնացած ըլլալ եւ սակայն այդ առումով «մէկ մարմին» չըլլալ։ Այո, ասիկա կրնայ պատահիլ, բայց Giving Time a Chance (Ժամանակին Առիթ Տալ) գիրքը կ’ըսէ. «Ամուսնութիւն կը նշանակէ կեանքը բաժնել, եւ կողակիցները ո՛րքան աւելի բաներ միասնաբար ընեն, ա՛յնքան աւելի իրենց ամուսնութիւնը կ’ուռճանայ»։

Կարգ մը ապերջանիկ ամոլներ միասին կը մնան իրենց զաւակներուն սիրոյն կամ նիւթական ապահովութեան համար։ Ուրիշներ կը համբերեն, քանի որ լուրջ պատճառներ ունին ամուսնալուծումը մերժելու կամ՝ կը վախնան որ ուրիշներ ի՛նչ պիտի ըսեն եթէ ամուսնութիւնը բեկանուի։ Թէեւ գովելի է որ այս ամուսնութիւնները կը յարատեւեն, սակայն մի՛ մոռնաք թէ ձեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ սիրալիր յարաբերութիւն մը ունենալ եւ ո՛չ թէ պարզապէս մնայուն յարաբերութիւն մը։

Անձնուրաց Արարքները Ամուսնական Յանձնառութիւնը կը Յառաջացնեն

Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ «վերջին օրեր»ուն մարդիկ «անձնասէր» պիտի ըլլային։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2) Այս մարգարէութեան առ ի կատարում, ներկայիս կը թուի թէ շեշտը եսամոլութեան վրայ կը դրուի։ Շատ մը ամուսնութիւններու մէջ, անձէն տալը առանց փոխարէնը ակնկալելու, տկարութեան նշան կը նկատուի։ Սակայն յաջող ամուսնութեան մէջ, կողակիցները անձնազոհ հոգի մը կը ցուցաբերեն։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել։

Փոխանակ սա հարցումին վրայ ծանրանալու. ‘Այս յարաբերութենէն ի՞նչ կ’օգտուիմ’, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ամուսնութիւնս զօրացնելու համար անձամբ ի՞նչ կ’ընեմ’։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Քրիստոնեաները ‘միայն իրենց անձերուն շահը պէտք չէ փնտռեն, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ’։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Մինչ Աստուածաշունչի այս սկզբունքին մասին կը մտածէք, անցեալ շաբթուան ձեր արարքները վերլուծեցէք։ Քանի՞ անգամ ազնիւ արարք մը ըրիք միմիայն ձեր կողակիցին օգտին համար։ Երբ ձեր կողակիցը ուզեց խօսիլ, մտիկ ըրի՞ք, նոյնիսկ երբ խօսելու սիրտ չունէիք։ Ձեր կողակիցը աւելի հետաքրքրող քանի՞ գործունէութեան մէջ բաժին բերիք։

Երբ այսպիսի հարցումներ նկատի կ’առնէք, մի՛ մտահոգուիք թէ ձեր բարի արարքները աննկատ պիտի մնան կամ պիտի չվարձատրուին։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Յարաբերութիւններուն մեծամասնութեան մէջ դրական վարմունքը փոխադարձութիւն կը քաջալերէ, ուստի անձամբ աւելի դրականօրէն վարուելով ձեր լաւագոյնը ըրէք ձեր կողակիցը մղելու որ դրականօրէն վարուի»։ Անձնազոհ արարքները ձեր ամուսնութիւնը կը զօրացնեն, քանի որ ցոյց կու տան թէ զայն կ’արժեւորէք եւ կ’ուզէք պահպանել։

Զայն Երկարատեւ Նկատելը Էական Է

Եհովա Աստուած հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ։ Արդարեւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովա ‘հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլայ’։ (Բ. Թագաւորաց 22։26, ՆԱ) Աստուծոյ հաւատարիմ մնալը կը պարփակէ իր հաստատած ամուսնական կարգադրութեան հաւատարիմ մնալ։—Ծննդոց 2։24

Եթէ դուք ու ձեր կողակիցը իրարու հաւատարիմ էք, ձեր միութեան մնայուն ըլլալուն նկատմամբ հաճելի զգացում մը կը վայելէք։ Երբ գալիք ամիսներու, տարիներու եւ տասնամեակներու մասին մտածէք, կը մտապատկերացնէք որ տակաւին միասին էք։ Իրարու հետ ամուսնացած չըլլալու գաղափարը բոլորովին օտար կը հնչէ, եւ այս տեսակէտը ձեր յարաբերութեան ապահովութիւն կու տայ։ Կին մը կ’ըսէ. «Նոյնիսկ երբ [ամուսինէս] շատ ջղայնացած ըլլամ եւ մեզի պատահած բաներուն համար շատ նեղուած ըլլամ, չեմ մտահոգուիր որ մեր ամուսնութիւնը կրնայ վերջ գտնել։ Կը մտահոգուիմ թէ մեր յարաբերութիւնը ի՛նչպէս պիտի կարենանք վերահաստատել։ Երբեք չեմ կասկածիր որ դարձեալ իրարու պիտի միանանք, թէեւ այդ վայրկեանին չեմ գիտեր թէ ի՛նչպէս»։

Ամուսնութիւնը երկարատեւ նկատելը յանձնառութեան էական մէկ մասն է, բայց ցաւօք սիրտի շատ մը ամուսնութիւններ այս տեսակէտը չունին։ Տաք վիճաբանութիւններու ընթացքին, կողակից մը կրնայ պոռթկալ ու ըսել. «Քեզ պիտի ձգեմ», կամ՝ «Զիս իրապէս գնահատող մէկը պիտի գտնեմ»։ Թէեւ անհատը շատ յաճախ բառացիօրէն ըսել չ’ուզեր, սակայն Աստուածաշունչը կը նշէ թէ լեզուն կրնայ «մահաբեր թոյնով լեցուն» ըլլալ։ (Յակոբու 3։8) Սպառնալիքներն ու վերջնագիրները սա պատգամը կը հաղորդեն. ‘Մեր ամուսնութիւնը մնայուն բան մը չեմ նկատեր։ Որեւէ ատեն կրնամ զայն լքել’։ Այսպիսի բանի մը ակնարկելը կրնայ ամուսնութիւնը քանդել։

Երբ ամուսնութիւնը երկարատեւ նկատէք, կ’ակնկալէք ձեր կողակիցին հետ մնալ հակառակ ամէն խոչընդոտի։ Ասիկա յաւելեալ օգուտ մը ունի։ Անիկա ձեզի ու ձեր կողակիցին շատ պիտի դիւրացնէ տկարութիւններն ու յանցանքները ընդունիլը, եւ իրարու համբերելն ու ներելը։ (Կողոսացիս 3։13) Ձեռագիրք մը կ’ըսէ. «Յաջող ամուսնութեան մէջ, կարելիութիւն կայ որ երկուքդ ալ սխալներ գործէք, բայց եւ այնպէս ձեր ամուսնութիւնը գոյատեւէ»։

Ձեր ամուսնութեան օրը յանձնառու եղաք ո՛չ թէ ամուսնական կարգադրութեան, այլ՝ ողջ անձի մը, ձեր կողակիցին։ Այս իրողութիւնը խորապէս պէտք է ազդէ ձեր մտածելակերպին ու արարքներուն իբր ամուսնացած անձ։ Չէ՞ք համաձայնիր թէ ձեր կողակիցին հետ պէտք է մնաք, ո՛չ միայն քանի որ ամուսնութեան սրբութեան լրջօրէն կը հաւատաք, այլ նաեւ՝ քանի որ ձեր ամուսնացած անհատը կը սիրէք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Ծայրայեղ պարագաներու, կրնայ վաւերական պատճառ մը ըլլալ որ ամոլներ իրարմէ բաժնուին։ (Ա. Կորնթացիս 7։10, 11. տես՝ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը, էջ 160-161, հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ամուսնալուծումը կ’արտօնէ եթէ պոռնկութիւն (սեռային անբարոյութիւն) գործուի։—Մատթէոս 19։9

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 5]

Այժմ ի՛նչ կրնաք ընել

Ո՞ր աստիճան վճռած էք ձեր ամուսնութիւնը պահպանել եւ ամրապնդել։ Թերեւս կը նկատէք թէ զայն բարելաւելու կարելիութիւն կայ։ Ձեր յանձնառութիւնը ամրապնդելու համար հետեւեալը փորձեցէք.

● Անձնաքննութիւն մը ըրէք։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Իրապէս սրտով ամուսնացա՞ծ եմ, թէ ոչ տակաւին ամուրիի մը պէս կը խորհիմ ու կը վարուիմ’։ Ձեր կողակիցին հարցուցէք թէ այս ուղղութեամբ ձեր մասին ի՞նչ կը խորհի։

● Այս յօդուածը ձեր կողակիցին հետ կարդացէք։ Ապա, հանդարտօրէն նկատի առէք կերպեր, որոնցմով կրնաք ձեր ամուսնական յանձնառութիւնը զօրացնել։

● Դուք եւ ձեր կողակիցը միասին գործունէութիւններ ըրէք, որոնք ձեր յանձնառութիւնը կը զօրացնեն։ Օրինակ՝ ձեր հարսանեկան եւ այլ յիշատակելի դէպքերու պատկերները դիտեցէք։ Դարպասումի կամ ամուսնութեան սկիզբի շրջանին ձեր նախասիրած բաները դարձեալ ըրէք։ Միասնաբար ուսումնասիրեցէք ամուսնութեան վերաբերեալ սուրբ գրային յօդուածներ, առնուած՝ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերէն։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 6]

Ամուսնութեան մէջ յանձնառութիւնը կը պարփակէ . . .

Պարտաւորութիւն «Ըրած ուխտդ կատարէ՛։ Աղէկ է որ ուխտ չընես, քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես»։—Ժողովողի 5։4, 5

Համագործակցութիւն «Երկուքը մէկէն աղէկ է, . . . քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն»։—Ժողովողի 4։9, 10

Անձնազոհութիւն «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35

Ամուսնութիւնը Երկարատեւ Նկատել «Սէրը . . . ամէն բանի կը համբերէ»։—Ա. Կորնթացիս 13։4, 7

[Նկարներ՝ էջ 7]

Երբ ձեր կողակիցը ուզէ խօսիլ, մտիկ կ’ընէ՞ք