‘Խթանի դէմ կից կը զարնէ՞ք’
‘Խթանի դէմ կից կը զարնէ՞ք’
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ժամանակներուն խթանը,– սովորաբար սրածայր՝ երկար գաւազան մը,– կը գործածուէր բեռնատար անասունները մշտելու եւ ուղղելու համար։ Եթէ անասունը յամառօրէն խթանի հարուածներուն ընդդիմանար, զայն հրելով, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլար։ Փոխանակ հանգստանալու, ինքզինքին ցաւ կը պատճառէր։
Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս խթաններու մասին խօսեցաւ, երբ Սօղոս անունով մարդու մը երեւցաւ, որ ճամբայ ելած էր Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք ձերբակալելու համար։ Կուրցնող լոյսի մը ընդմէջէն, Սօղոս Յիսուսի ձայնը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել»։ Քրիստոնեաներուն հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունենալով, Սօղոս իրականութեան մէջ Աստուծոյ դէմ կը կռուէր, ընթացքի մը հետեւելով որ միայն իրեն վնաս կը հասցնէր։—Գործք 26։14
Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ անդիտումնաւոր կերպով ‘խթանի դէմ կից զարնենք’։ Աստուածաշունչը «իմաստուններուն խօսքերը» խթաններու կը նմանցնէ, որոնք մեզ կը խթանեն շիտակ ուղղութեամբ յառաջանալու համար։ (Ժողովողի 12։11) Եթէ թոյլ տանք, Աստուծոյ Խօսքին ներշնչեալ խրատները կրնան մեզ խթանել եւ շիտակ ուղղութեամբ առաջնորդել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Անոր խթանումներուն ընդդիմանալը կրնայ միայն մեզի վնաս հասցնել։
Սօղոս Յիսուսի խօսքերուն անսաց, իր ընթացքը փոխեց եւ սիրելի Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալը եղաւ։ Եթէ աստուածային խրատներուն անսանք, մենք ալ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի վայելենք։—Առակաց 3։1-6
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]
L. Chapons/Illustrirte Familien-Bibel nach der deutschen Uebersetzung Dr. Martin Luthers