Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հալածուած՝ արդարութեան համար

Հալածուած՝ արդարութեան համար

Հալածուած՝ արդարութեան համար

«Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար»։—Մատթէոս 5։10

1. Յիսուս ինչո՞ւ Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ կայնած էր, եւ ի՞նչ ըսաւ։

«ԵՍ ԱՅՍ բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։37) Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ Պոնտացի Պիղատոսին՝ Հրէաստանի Հռովմէացի Կառավարիչին՝ առջեւ։ Յիսուս հոն կը գտնուէր ո՛չ իր կամքով, ո՛չ ալ Պիղատոսի հրաւէրով, հապա՝ քանի որ Հրեայ կրօնական առաջնորդները զինք սուտ կերպով ամբաստանած էին իբր յանցագործ մը որ մահուան արժանի էր։—Յովհաննու 18։29-31

2. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

2 Յիսուս քաջատեղեակ էր թէ Պիղատոս հեղինակութիւն ունէր զինք ազատ արձակելու կամ մահապատիժի ենթարկելու։ (Յովհաննու 19։10) Բայց ասիկա զինք ետ չպահեց որ խիզախօրէն Պիղատոսի խօսի Թագաւորութեան մասին։ Իր կեանքը վտանգի տակ ըլլալով հանդերձ, Յիսուս պատեհութիւնը օգտագործեց որ շրջանի կառավարական բարձրագոյն հեղինակութեան վկայէ։ Հակառակ այդ վկայութեան, Յիսուս մահուան դատապարտուեցաւ եւ տանջանքի ցիցի մը վրայ նահատակուեցաւ։—Մատթէոս 27։24-26. Մարկոս 15։15. Ղուկաս 23։24, 25. Յովհաննու 19։13-16

Վկա՞յ թէ Մարտիրոս

3. Աստուածաշունչի ժամանակներուն «մարտիրոս» բառը ի՞նչ կը նշանակէր, իսկ ներկայիս ի՞նչ կը նշանակէ։

3 Ներկայիս բազմաթիւ մարդիկ մարտիրոսը կամ նահատակը կը նկատեն որոշ չափով մոլեռանդ կամ ծայրայեղական անհատ մը։ Իրենց հաւատալիքներուն՝ յատկապէս կրօնական համոզումներուն՝ համար մեռնելու յօժար եղողները, յաճախ կասկածի տակ կը դրուին իբր ահաբեկիչներ կամ առնուազն՝ ընկերութեան սպառնալիք մը։ Սակայն մարտիրոս բառը ծագում կ’առնէ Յունարէն բառէ մը (marʹtys), որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն կը նշանակէր «վկայ», անհատ մը որ իր հաւատացած բանին ճշմարտութեան մասին կը վկայէ, թերեւս դատանիստի մը ընթացքին։ Միայն հետագային էր որ արտայայտութիւնը սկսաւ նշանակել՝ «մէկը որ վկայելու պատճառով իր կեանքը կը զոհէ», կամ նոյնիսկ՝ մէկը որ իր կեանքը զոհելով կը վկայէ։

4. Յիսուս գլխաւորաբար ի՞նչ առումով մարտիրոս մըն էր։

4 Յիսուս մարտիրոս կամ նահատակ մըն էր, գլխաւորաբար բառին նախկին իմաստով։ Ինչպէս Պիղատոսին ըսաւ, ինք եկած էր ‘ճշմարտութեան համար վկայելու’։ Մարդիկ այլազան կերպերով հակազդեցին իր վկայութեան։ Հասարակ ժողովուրդէն ոմանք խորապէս տպաւորուեցան իրենց լսած ու տեսած բաներով, եւ Յիսուսի հաւատք ընծայեցին։ (Յովհաննու 2։23. 8։30) Ընդհանուր առմամբ ամբոխները եւ մանաւանդ կրօնական առաջնորդները զօրաւոր բայց բացասական հակազդեցութիւն ունեցան։ Յիսուս իր անհաւատ ազգականներուն նշեց. «Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են»։ (Յովհաննու 7։7) Ճշմարտութեան մասին վկայելով, Յիսուս ազգին առաջնորդներուն բարկութիւնը իր վրայ բերաւ, ինչ որ իր մահուան առաջնորդեց։ Արդարեւ ան «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան (marʹtys)» էր։—Յայտնութիւն 3։14

«Ատելի Պիտի Ըլլաք»

5. Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս հալածանքի մասին ի՞նչ ըսաւ։

5 Միայն Յիսուս չէր որ վայրագ հալածանքի ենթարկուեցաւ։ Ան իր հետեւորդները նախապէս ազդարարեց թէ հալածանք պիտի դիմակալէին։ Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս Լերան Քարոզին մէջ իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը»։—Մատթէոս 5։10-12

6. Յիսուս 12 առաքեալները ղրկելու ատեն ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։

6 Հետագային, երբ 12 առաքեալները կը ղրկէր, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք մարդոցմէ. որովհետեւ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ու պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ։ Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ պատճառովս, իբր վկայութիւն անոնց ու հեթանոսներուն»։ Բայց միայն կրօնական հեղինակութիւնները չէին որ աշակերտները պիտի հալածէին։ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը, եւ հայրը՝ զաւակը. ու զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ եւ մեռցնեն զանոնք։ Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար. բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը, անիկա՛ պիտի փրկուի»։ (Մատթէոս 10։17, 18, 21, 22, ԱՎ) Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն պատմութիւնը կը վկայէ որ այս խօսքերը ճշմարիտ են։

Հաւատարմօրէն Տոկալու Արձանագրութիւն մը

7. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Ստեփանոս մարտիրոս մը դառնայ։

7 Յիսուսի մահէն քիչ ետք, Ստեփանոս առաջին Քրիստոնեան եղաւ որ ճշմարտութեան մասին վկայելուն պատճառով կը մահանայ։ Ան «հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր, մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կ’ընէր ժողովուրդին մէջ»։ Անոր կրօնական թշնամիները «չէին կրնար դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր»։ (Գործք 6։8, 10) Նախանձով լեցուած, անոնք Ստեփանոսը քաշքշեցին ու Սենետրիոնին առջեւ տարին, հրէական բարձրագոյն ատեանը, ուր զինք սուտ կերպով ամբաստանողներուն ներկայութեան զօրաւոր վկայութիւն մը տուաւ։ Սակայն վերջաւորութեան, Ստեփանոսի թշնամիները սպաննեցին այս հաւատարիմ վկան։—Գործք 7։58, 59

8. Երուսաղէմի մէջ գտնուող աշակերտները, Ստեփանոսի մահէն ետք իրենց վրայ եկած հալածանքին ի՞նչպէս հակազդեցին։

8 Ստեփանոսի սպանութենէն ետք, «մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ»։ (Գործք 8։1) Հալածանքը քրիստոնէական վկայութեան վերջ դրա՞ւ։ Ընդհակառակը, արձանագրութիւնը մեզի կ’ըսէ թէ «ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին»։ (Գործք 8։4) Անոնք Պետրոս առաքեալին զգացումը բաժնած ըլլալու էին, որ նախապէս ըսած էր. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 5։29) Ի հեճուկս հալածանքին, այս հաւատարիմ ու խիզախ աշակերտները ճշմարտութեան մասին վկայելու գործին կառչած մնացին, թէեւ գիտէին թէ ասիկա յաւելեալ դժուարութիւններու դուռ պիտի բանար։—Գործք 11։19-21

9. Յիսուսի հետեւորդներուն վրայ ի՞նչ հալածանք շարունակեց գալ։

9 Արդարեւ դժուարութիւններուն ուժգնութիւնը չդանդաղեցուց զիրենք։ Նախ՝ կ’իմանանք որ Սօղոս,– Ստեփանոսի քարկոծման կամակից ու ականատես եղող մարդը,– «տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով՝ քահանայապետին քով գնաց եւ անկէ թուղթեր ուզեց Դամասկոս ժողովարանները տանելու, որպէս զի եթէ այն ճամբուն հետեւողներ գտնելու ըլլայ, այրեր կամ կիներ, կապած Երուսաղէմ բերէ»։ (Գործք 9։1, 2) Ապա, շուրջ Հ.Դ. 44–ին, «Հերովդէս թագաւորը սկսաւ եկեղեցիէն մէկ քանիները չարչարել։ Յովհաննէսին եղբայրը՝ Յակոբոսը սրով սպաննեց»։—Գործք 12։1, 2

10. Գործք Առաքելոցի եւ Յայտնութիւն գիրքին մէջ հալածանքի մասին ի՞նչ արձանագրութիւն կը գտնենք։

10 Գործք Առաքելոց գիրքին մնացեալ մասը կը բովանդակէ անջնջելի արձանագրութիւն մը՝ հաւատարիմ անհատներու դիմակալած փորձութիւններուն, բանտարկութեան եւ հալածանքին մասին, ինչպէս՝ Պօղոս, այն նախկին հալածիչը որ առաքեալ դարձաւ ու հաւանաբար նահատակուեցաւ Հռովմէացի Ներոն Կայսրին ձեռքով, շուրջ Հ.Դ. 65–ին։ (Բ. Կորնթացիս 11։23-27. Բ. Տիմոթէոս 4։6-8) Ի վերջոյ, առաջին դարու վերջաւորութեան գրուած Յայտնութիւն գիրքին մէջ կը կարդանք թէ տարեց Յովհաննէս առաքեալ պատժական Պատմոս կղզիին մէջ արգելափակուած է՝ «Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ Յայտնութիւն գիրքը նաեւ կը խօսի ‘Անթիպասի մասին՝ Յիսուսի հաւատարիմ վկան, որ սպաննուեցաւ’ Պերգամոնի մէջ։—Յայտնութիւն 1։9. 2։13

11. Նախկին Քրիստոնեաներուն ընթացքը ի՞նչպէս ապացուցանեց հալածանքի վերաբերեալ Յիսուսի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը։

11 Այս բոլորը ապացուցանեցին իր աշակերտներուն ըսած Յիսուսի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը. «Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն»։ (Յովհաննու 15։20) Նախկին հաւատարիմ Քրիստոնեաները պատրաստ էին դիմակալելու մեծագոյն փորձութիւնը՝ մահը,– չարչարուելով, գազաններու առջեւ նետուելով, կամ որեւէ այլ կերպով,– որպէսզի կատարեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի տուած յանձնարարութիւնը. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։—Գործք 1։8

12. Քրիստոնեաներուն հալածուիլը ինչո՞ւ պարզապէս անցեալին պատկանող հարց մը չէ։

12 Չարաչար կը սխալի ո՛վ որ կը խորհի թէ Յիսուսի հետեւորդները միայն անցեալին բրտօրէն հալածուեցան։ Պօղոս, որ դժուարութիւններու տոկաց՝ ինչպէս տեսանք, գրեց. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Հալածանքի նկատմամբ Պետրոս ըսաւ. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Այդ օրերէն մինչեւ իրերու այս դրութեան «վերջին օրերը», Եհովայի ժողովուրդը կը շարունակէ ատելութեան ու թշնամութեան թիրախ ըլլալ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Համայն աշխարհի մէջ, բռնակալական վարչաձեւերու ներքեւ եւ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները ատեն–ատեն հալածանքի ենթարկուած են, թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքականօրէն։

Ինչո՞ւ Ատուած եւ Հալածուած

13. Եհովայի այժմու ծառաները հալածանքի նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենան։

13 Թէեւ ներկայիս մեր մեծամասնութիւնը քարոզելու եւ խաղաղութեամբ ժողվուելու յարաբերական ազատութիւն կը վայելէ, սակայն պէտք է լուրջի առնենք Աստուածաշունչի վերյիշեցումը, թէ «այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Վիճակները ա՛յնքան արագօրէն կրնան փոխուիլ, որ եթէ մտային, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ պատրաստ չըլլանք, դիւրաւ կրնանք սայթաքիլ։ Ուստի մեր անձերը պաշտպանելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Պաշտպանուելու ազդու կերպ մըն է՝ յստակօրէն ի մտի ունենալ թէ խաղաղասէր ու օրինապահ Քրիստոնեաները ինչո՛ւ ատուած եւ հալածուած են։

14. Ըստ Պետրոսի, Քրիստոնեաները ի՞նչ պատճառով կը հալածուէին։

14 Պետրոս առաքեալ այս հարցին շուրջ խօսեցաւ իր առաջին նամակին մէջ, որ գրեց շուրջ Հ.Դ. 62-64–ին, երբ Քրիստոնեաները Հռովմէական Կայսրութեան տարածքին փորձութիւններու եւ հալածանքի կ’ենթարկուէին։ Ան ըսաւ. «Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է»։ Իր ըսելիքը բացատրելու համար, Պետրոս շարունակեց. «Չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան կամ գող կամ չարագործ կամ իբրեւ ուրիշի բանին խառնուող. բայց եթէ չարչարուի իբրեւ քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա ատոր համար թող Աստուծոյ փառք տայ»։ Պետրոս նշեց թէ անոնք կը տառապէին, ո՛չ թէ յանցագործութեան մը պատճառով, այլ՝ քանի որ Քրիստոնեաներ էին։ Եթէ միւս մարդոց պէս «նոյն անառակութեան մէջ» տապլտկէին, անոնք պիտի ընդունուէին։ Բայց իրականութեան մէջ, անոնք տառապեցան քանի որ կը ջանային իրենց դերը կատարել որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ։ Ներկայիս պարագան նոյնն է ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար։—Ա. Պետրոս 4։4, 12, 15, 16

15. Ներկայիս Եհովայի Վկաներու հանդէպ ի՞նչ հակասական վերաբերմունք կը ցուցաբերուի։

15 Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ Եհովայի Վկաները հանրապէս կը գովաբանուին, իրենց համաժողովներուն ու շինարարական ծրագիրներուն մէջ իրենց ցուցաբերած միութեան ու համագործակցութեան համար, իրենց պարկեշտութեան ու ջանասիրութեան համար, իրենց օրինակելի բարոյական վարքին ու ընտանեկան կեանքին համար, եւ նոյնիսկ իրենց պատշաճ երեւոյթին ու վերաբերմունքին համար։ * Միւս կողմէ, ներկայիս անոնց գործունէութիւնը արգիլուած կամ սահմանափակուած է առնուազն 28 երկիրներու մէջ, եւ բազմաթիւ Վկաներ իրենց հաւատքին համար ֆիզիքապէս կը վնասուին ու նիւթական կորուստ կը կրեն։ Ինչո՞ւ այս բացայայտ հակասութիւնը։ Իսկ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ ասիկա։

16. Աստուած ի՞նչ գլխաւոր պատճառով թոյլ կու տայ որ իր ժողովուրդը հալածանքի ենթարկուի։

16 Նախ եւ ամէն բանէ առաջ, պէտք է ի մտի ունենանք Առակաց 27։11–ի խօսքերը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ Այո, անիկա տիեզերական գերիշխանութեան դարաւոր հարցին պատճառով է։ Հակառակ դարերու ընթացքին Եհովայի հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահած անհատներուն հայթայթած հսկայական վկայութեան, Սատանան չէ դադրած Եհովան անարգելէ, ինչպէս արդար Յոբի օրերուն ըրաւ։ (Յոբայ 1։9-11. 2։4, 5) Անկասկած Սատանան իր դաւանութիւնը փաստելու իր վերջին ջանքերուն մէջ աւելի կատաղի դարձած է, հիմա որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամրօրէն հաստատուած է եւ աշխարհի չորս կողմը հաւատարիմ հպատակներ ու ներկայացուցիչներ ունի։ Անոնք Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի մնա՞ն, իրենց վրայ ի՛նչ հակառակութիւն եւ դժուարութիւն ալ գան։ Եհովայի իւրաքանչիւր ծառայ այս հարցումին անձամբ պէտք է պատասխանէ։—Յայտնութիւն 12։12, 17

17. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Ասիկա վկայութեան առիթի պիտի յանգի ձեզի համար»։

17 Երբ իր աշակերտներուն կը խօսէր «իրերու դրութեան վախճան»ի ընթացքին տեղի ունենալիք իրադարձութիւններուն մասին, Յիսուս ուրիշ պատճառ մը նշեց թէ ինչո՛ւ Եհովա կը թոյլատրէ որ Իր ծառաները հալածուին։ Ան անոնց ըսաւ. «Թագաւորներու եւ կառավարիչներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ անունիս համար։ Եւ ասիկա վկայութեան առիթի պիտի յանգի ձեզի համար»։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ, 9. Ղուկաս 21։12, 13, ԱՎ) Յիսուս անձամբ վկայեց Հերովդէսի եւ Պոնտացի Պիղատոսի առջեւ։ Պօղոս առաքեալ ալ ‘թագաւորներու եւ կառավարիչներու առջեւ տարուեցաւ’։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ առաջնորդուելով, Պօղոս ջանաց իր օրուան ամենէն հզօր կառավարիչին վկայութիւն մը տալ, երբ յայտարարեց. «Կայսրին կը բողոքեմ»։ (Գործք 23։11. 25։8-12) Նոյնպէս այսօր, դժուար պարագաներ յաճախ պատճառ եղած են որ հոյակապ վկայութիւն մը տրուի թէ՛ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ թէ հանրութեան։ *

18, 19. (ա) Փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելը ի՞նչպէս մեզի օգտակար պիտի ըլլայ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնուին։

18 Վերջապէս, փորձութիւններու եւ նեղութիւններու հետ գլուխ ելլելը կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։ Ի՞նչպէս։ Յակոբոս աշակերտ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն յիշեցուց. «Եղբայրնե՛րս, բոլորովին ուրախութի՛ւն համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ իյնաք, գիտնալով թէ ձեր հաւատքին փորձը համբերութիւն կ’իրագործէ»։ Այո, հալածանքը կրնայ մեր հաւատքը զտել ու մեր համբերութիւնը զօրացնել։ Հետեւաբար, անկէ չենք վախնար, ո՛չ ալ անկէ խոյս տալու կամ անոր վերջ դնելու համար հակա–սուրբ գրային միջոցներ կը փնտռենք։ Ընդհակառակը, Յակոբոսի յորդորին կ’անսանք. «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի»։—Յակոբու 1։2-4, ԱՎ

19 Թէեւ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները ինչո՛ւ կը հալածուին եւ թէ Եհովա ինչո՛ւ կը թոյլատրէ զայն, սակայն ասիկա անպայմանօրէն չի դիւրացներ հալածանքի տոկալը։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզ զօրացնել որ անոր տոկանք։ Ի՞նչ կրնանք ընել երբ հալածանք դիմակալենք։ Այս կարեւոր հարցերը նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Տես՝ Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1995, էջ 27-29 (Անգլերէն). 1 Յուլիս 1994, էջ 29-30. եւ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր 1993, էջ 6-13։

^ պարբ. 17 Տես՝ Զարթի՛ր 8 Յունուար 2003, էջ 3-11։

Կրնա՞ք բացատրել

• Գլխաւորաբար ի՞նչ առումով Յիսուս մարտիրոս մըն էր։

• Հալածանքը առաջին դարու Քրիստոնեաներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

• Պետրոսի բացատրութեան համաձայն, նախկին Քրիստոնեաները ինչո՞ւ հալածուեցան։

• Եհովա ի՞նչ պատճառներով թոյլ կու տայ որ իր ծառաները հալածուին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20, 21]

Առաջին դարու Քրիստոնեաները տառապեցան, ո՛չ թէ յանցագործութեան մը պատճառով, այլ՝ քանի որ Քրիստոնեաներ էին

ՊՕՂՈՍ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ

ԱՆԹԻՊԱՍ

ՅԱԿՈԲՈՍ

ՍՏԵՓԱՆՈՍ