Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր խօսակցութիւնները կը շինեն

Հոգեւոր խօսակցութիւնները կը շինեն

Հոգեւոր խօսակցութիւնները կը շինեն

«Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։29

1, 2. (ա) Մարդուն խօսելու կարողութիւնը որքա՞ն թանկարժէք է։ (բ) Եհովայի ծառաները ի՞նչպէս կ’ուզեն իրենց լեզուն գործածել։

«ՄԱՐԴՈՒՆ խօսելու կարողութիւնը գաղտնիք մըն է. անիկա Աստուծոյ մէկ պարգեւն է, հրաշք մը»։ Այսպէս գրեց բառարանագիր Լուտուիկ Քոհլեր։ Թերեւս այս աստուածատուր թանկագին պարգեւը թեթեւի կ’առնենք։ (Յակոբու 1։17) Բայց նկատի առէք թէ ի՜նչ մեծ գանձ մը կը կորսուի, երբ կաթուածը սիրելիի մը հասկնալիօրէն խօսելու կարողութիւնը խլէ։ «Սքանչելի հաղորդակցութեան կապ մը ունէինք», կ’ըսէ Ճոան, որուն ամուսինը վերջերս կաթուած ունեցաւ։ «Որքա՜ն մեր խօսակցութիւններուն կարօտը կը քաշեմ»։

2 Խօսակցութիւնները կրնան բարեկամութիւնները ամրապնդել, թիւրիմացութիւններու վերջ դնել, վհատած անհատները ոգեւորել, հաւատքը զօրացնել եւ կեանքը ճոխացնել. բայց ո՛չ ինքնաբերաբար։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր դիտել տուաւ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է»։ (Առակաց 12։18) Եհովայի ծառաներ ըլլալով, կ’ուզենք որ մեր խօսակցութիւնները բուժեն եւ շինեն, քան թէ՝ վիրաւորեն ու քանդեն։ Նաեւ կը փափաքինք մեր լեզուն գործածել Եհովան փառաբանելու համար, թէ՛ մեր հանրային ծառայութեան մէջ եւ թէ մեր անհատական խօսակցութիւններուն մէջ։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք»։—Սաղմոս 44։8

3, 4. (ա) Մեր խօսակցութեան նկատմամբ, բոլորս ալ ի՞նչ խնդիր կը դիմակալենք։ (բ) Մեր խօսքերը ինչո՞ւ կարեւորութիւն ունին։

3 Յակոբոս աշակերտ կ’ազդարարէ. «Մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել»։ Ան մեզի կը յիշեցնէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։ (Յակոբու 3։2, 8) Մեզմէ ո՛չ մէկը կատարեալ է։ Ուստի, հակառակ մեր լաւագոյն դիտաւորութիւններուն, մեր խօսակցութիւնը միշտ չի շիներ ուրիշները, ո՛չ ալ միշտ մեր Ստեղծիչին փառք կը բերէ։ Հետեւաբար պէտք է սորվինք ուշադիր ըլլալ մեր ըսածին։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ. «Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան։ Վասն զի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս ու քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս»։ (Մատթէոս 12։36, 37) Այո, ճշմարիտ Աստուծոյ համարատու ենք մեր խօսքերուն համար։

4 Հոգեւոր խօսակցութիւններու մասնակցիլը սովորութիւն դարձնելը, վնասակար խօսքերէ խուսափելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է։ Այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ ասիկա ի՛նչպէս կրնանք ընել, ի՛նչպիսի նիւթերու մասին կրնանք խօսիլ, եւ շինիչ խօսակցութենէն ի՛նչ օգուտներ կրնանք քաղել։

Սիրտին Ուշադրութիւն Ընծայեցէք

5. Շինիչ խօսակցութիւններ յառաջացնելու մէջ սիրտը ի՞նչպէս բանալի դեր մը կը խաղայ։

5 Շինիչ խօսակցութիւններու մասնակցիլը սովորութիւն դարձնելու համար, նախ պէտք է ընդունինք թէ մեր խօսքերը մեր սիրտին մէջինը կը դրսեւորեն։ Յիսուս ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Մատթէոս 12։34) Ուրիշ խօսքով, մեզի կարեւոր եղող նիւթերուն մասին կը սիրենք խօսիլ։ Ուստի մենք մեզի պէտք է հարց տանք. ‘Խօսակցութիւններս ի՞նչ կը յայտնեն սիրտիս վիճակին մասին։ Երբ ընտանիքիս կամ հաւատակիցներուս հետ եմ, խօսակցութիւնս հոգեւոր նիւթերու վրայ կը կեդրոնանա՞յ, թէ ոչ սովորաբար կը խօսիմ մարմնամարզի, հագուստի, շարժապատկերի, ուտելիքի, վերջին գնումներուս կամ անիմաստ հարցերու մասին’։ Գուցէ անգիտակցաբար մեր կեանքն ու խորհուրդները երկրորդական հարցերու շուրջ սկսած են դառնալ։ Մեր նախապատուութիւնները ճշդելը պիտի բարելաւէ մեր խօսակցութիւններն ու կեանքը։—Փիլիպպեցիս 1։10

6. Խորհրդածութիւնը ի՞նչ կապ ունի մեր խօսակցութիւններուն հետ։

6 Նպատակալից խորհրդածութիւնը այլ կերպ մըն է մեր խօսածին որակը բարելաւելու։ Եթէ դիտումնաւոր կերպով ջանանք հոգեւոր նիւթերու մասին մտածել, պիտի նկատենք թէ բնականաբար հոգեւոր խօսակցութիւն կ’ունենանք։ Դաւիթ Թագաւոր նշմարեց այս յարակցութիւնը։ Ան տաղերգեց. «Բերանիս խօսքերն ու սիրտիս խորհրդածութիւնը հաճելի ըլլան քեզի, ո՛վ Տէր»։ (Սաղմոս 19։14, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Իսկ սաղմոսերգու Ասափ ըսաւ. «Բոլոր գործերուդ մասին պիտի խորհրդածեմ, եւ արարքներուդ վրայ պիտի խոկամ»։ (Սաղմոս 77։12, ԱՎ) Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններով խորապէս հետաքրքրուած սիրտն ու միտքը, բնականաբար գովելի խօսակցութեան զարկ պիտի տան։ Երեմիա չէր կրնար չխօսիլ Եհովայի իրեն սորվեցուցած բաներուն մասին։ (Երեմեայ 20։9) Նոյնպէս պիտի վարուինք եթէ կանոնաւորաբար հոգեւոր բաներու մասին խորհրդածենք։—Ա. Տիմոթէոս 4։15

7, 8. Շինիչ խօսակցութիւններու համար ի՞նչ նիւթեր յարմար են։

7 Հոգեւոր լաւ վարժութիւն ունենալը, շինիչ խօսակցութիւններու համար բազմաթիւ նիւթեր կը հայթայթէ մեզի։ (Փիլիպպեցիս 3։16) Համաժողովները, ժողովքային հանդիպումները, ընթացիկ գրականութիւնները եւ օրուան համարն ու անոր մեկնաբանութիւնները, մեզի հոգեւոր գոհարներ կը հայթայթեն, զորս կրնանք ուրիշներու հետ բաժնել։ (Մատթէոս 13։52) Իսկ մեր քրիստոնէական ծառայութեան փորձառութիւնները որքա՜ն հոգեւորապէս խթանիչ կրնան ըլլալ։

8 Սողոմոն Թագաւոր Իսրայէլի մէջ իր տեսած ծառերուն, անասուններուն, թռչուններուն ու ձուկերուն հսկայ այլազանութեան վրայ հիացաւ։ (Գ. Թագաւորաց 4։33) Ան Աստուծոյ ստեղծագործութեան մասին խօսելէն հաճոյք կ’առնէր։ Կրնանք նոյնը ընել։ Եհովայի ծառաները զանազան նիւթերու մասին խօսելէն հաճոյք կ’առնեն, բայց հոգեւոր հակում ունեցող անհատներու խօսակցութիւնները միշտ համեմուած կ’ըլլան հոգեւոր նիւթերով։—Ա. Կորնթացիս 2։13

«Ատո՛նց Մասին Մտածեցէք»

9. Պօղոս Փիլիպպեցիներուն ի՞նչ յորդոր տուաւ։

9 Մեր խօսակցութիւնները ի՛նչ նիւթի մասին ալ ըլլան, անոնք ուրիշները պիտի շինեն եթէ Փիլիպպեցիներու ժողովքին ուղղուած Պօղոս առաքեալի յորդորին կը կառչին։ Ան գրեց. «Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք»։ (Փիլիպպեցիս 4։8, ԱՎ) Պօղոսի նշած բաները ա՛յնքան կենսական են որ ան կ’ըսէ. «Ատո՛նց մասին մտածեցէք»։ Մեր միտքն ու սիրտը անոնցմով պէտք է լեցնենք։ Ուստի տեսնե՛նք թէ Պօղոսի նշած ութը բաներէն իւրաքանչիւրին ուշադրութիւն ընծայելը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել մեր խօսակցութեանց նկատմամբ։

10. Մեր խօսակցութիւնները ի՞նչպէս կրնան ճշմարիտ եղող բաներ պարփակել։

10 Ինչ որ ճշմարիտ է՝ շիտակ տեղեկութենէն աւելին կը պարփակէ։ Անիկա կ’ակնարկէ բանի մը որ ուղիղ ու վստահելի է, ինչպէս՝ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը։ Արդ, երբ ուրիշներուն խօսինք մեզ տպաւորող սուրբ գրային ճշմարտութիւններուն, մեզ ոգեւորած դասախօսութիւններուն, կամ մեզի օգտակար եղած սուրբ գրային խրատներուն մասին, մտածած կ’ըլլանք ճշմարիտ եղող բաներու մասին։ Միւս կողմէ, «սուտանուն գիտութիւնը» կը մերժենք, որ միայն ճշմարտախօսութեան երեւոյթը ունի։ (Ա. Տիմոթէոս 6։20) Նաեւ կը խուսափինք բամբասանք մը կրկնելէ կամ տարակուսելի փորձառութիւններ պատմելէ, որ չենք կրնար ստուգել։

11. Մեր խօսակցութիւններուն մէջ ի՞նչ պատկառելի բաներ կրնանք պարփակել։

11 Պատկառելի բաները յարգարժան ու կարեւոր նիւթեր են, եւ ո՛չ թէ՝ հասարակ կամ աննշան։ Անոնք կը պարփակեն մեր քրիստոնէական ծառայութեան, մեր ապրած դժուարին ժամանակներուն եւ բարի վարք պահպանելուն հետ առնչուած կարեւոր հարցեր։ Երբ այսպիսի լուրջ բաներ քննարկենք, հոգեւորապէս արթուն մնալու, մեր ուղղամտութիւնը պահպանելու եւ բարի լուրը քարոզելու մեր վճռակամութիւնը կը զօրացնենք։ Արդարեւ մեր ծառայութեան մէջ պատահած հետաքրքրական փորձառութիւնները եւ ընթացիկ իրադարձութիւնները, որոնք մեզի կը յիշեցնեն թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, ոգեւորիչ խօսակցութիւններու համար այլազան նիւթեր կը հայթայթեն։—Գործք 14։26. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

12. Ի մտի ունենալով Պօղոսի խրատը որ արդար ու մաքուր բաներու մասին մտածենք, ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափինք։

12 Արդար բառը կը նշանակէ Աստուծոյ աչքին ուղիղ ըլլալ. իր չափանիշներուն գոհացում տալ։ Անկեղծ կամ մաքուր բառը, մտածելակերպին ու վարքին մէջ անարատ ըլլալու գաղափարը կը հաղորդէ։ Զրպարտութիւնները, պիղծ կատակները, անբարոյ կամ չարամիտ ակնարկները, մեր խօսակցութիւններուն մէջ տեղ չունին։ (Եփեսացիս 5։3. Կողոսացիս 3։8) Երբ գործատեղիին կամ դպրոցին մէջ խօսակցութիւններ այդ ուղղութեամբ ընթանան, խոհեմաբար Քրիստոնեաները կը հեռանան։

13. Սիրալիր ու բարի համբաւ ունեցող բաներու վրայ կեդրոնացած խօսակցութիւններու մասին օրինակներ տուէք։

13 Երբ Պօղոս կը յանձնարարէ սիրալիր բաներու մասին մտածել, ան կ’ակնարկէ հաճելի, հեշտալի կամ սէր ներշնչող բաներու, որոնց հակառակն են ատելութիւն, դառնութիւն կամ կռիւ հրահրող բաները։ Իսկ ինչ որ բարի համբաւով է կրնայ պարփակել հաւատարիմ եղբայրներու ու քոյրերու կենսագրութիւնները, որ կանոնաւորաբար լոյս կը տեսնեն Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ։ Այս հաւատք զօրացնող յօդուածները կարդալէ ետք, ինչո՞ւ ձեր տպաւորութիւնը չբաժնէք ուրիշներու հետ։ Շա՜տ քաջալերական է լսել ուրիշներու հոգեւոր իրագործումներուն մասին։ Այսպիսի խօսակցութիւններ սէր ու միութիւն պիտի կերտեն ժողովքին մէջ։

14. (ա) Առաքինութիւն ցուցաբերելը մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ (բ) Մեր խօսակցութիւնը ի՞նչպէս կրնայ գովելի բաներ պարփակել։

14 Պօղոս կ’ըսէ. «Ինչ որ առաքինութեամբ» է։ Առաքինութիւնը կը սահմանուի որպէս բարութիւն կամ բարոյական արժանիք։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք որ մեր խօսակցութիւնը սուրբ գրային սկզբունքներով առաջնորդուի եւ արդար, մաքուր ու առաքինի բաներէն չշեղի։ Պօղոս նաեւ կը նշէ գովելի բաները։ Եթէ լաւ դասախօսութիւն մը լսէք կամ ժողովքին մէջ հաւատարիմ անհատի մը օրինակը նկատէք, անոր մասին խօսեցէք թէ՛ խնդրոյ առարկայ անհատին եւ թէ ուրիշներուն։ Պօղոս առաքեալ յաճախ իր հաւատակիցներուն ընտիր յատկութիւնները գովեց։ (Հռովմայեցիս 16։12. Փիլիպպեցիս 2։19-22. Փիլիմոն 4-7) Անշուշտ, մեր Արարիչին ստեղծագործութիւններն ալ իրապէս գովելի են։ Անոնք շինիչ խօսակցութիւններու համար ճոխ նիւթեր կը հայթայթեն։—Առակաց 6։6-8. 20։12. 26։2

Շինիչ Խօսակցութիւններու Մասնակցեցէք

15. Սուրբ գրային ո՞ր պատուէրը կը ստիպէ ծնողները որ իրենց զաւակներուն հետ իմաստալից խօսակցութիւններ ունենան։

15 Բ. Օրինաց 6։6, 7–ն կ’ըսէ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ Բացորոշ է թէ այս պատուէրը կը պահանջէ որ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ իմաստալից ու հոգեւոր խօսակցութիւններ ունենան։

16, 17. Քրիստոնեայ ծնողները Եհովայի ու Աբրահամի օրինակէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։

16 Կրնանք երեւակայել այն երկար խօսակցութիւնները որ Յիսուս ունեցած ըլլալու էր իր երկնաւոր Հօր հետ, երբ իր երկրային նշանակումին վերաբերեալ հարցեր կը քննարկէին։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ»։ (Յովհաննու 12։49. Բ. Օրինաց 18։18) Աբրահամ նահապետը իր տղուն՝ Իսահակին՝ հետ երկար ժամեր անցուցած ըլլալու էր, խօսելով թէ Եհովա ի՛նչպէս օրհնած էր զիրենք ու իրենց նախահայրերը։ Վստահաբար այս խօսակցութիւնները օգնեցին թէ՛ Յիսուսի եւ թէ Իսահակի որ խոնարհութեամբ Աստուծոյ կամքին ենթարկուին։—Ծննդոց 22։7-9. Մատթէոս 26։39

17 Մեր զաւակներն ալ շինիչ խօսակցութիւններու կարիքը ունին։ Հակառակ իրենց խճողուած յայտագրին, ծնողներ ժամանակ պէտք է յատկացնեն իրենց զաւակներուն հետ խօսելու համար։ Եթէ կարելի է, ինչո՞ւ չկարգադրէք որ առնուազն օրը մէկ անգամ ընտանեօք ճաշէք։ Այս պահերու ընթացքին եւ անոնցմէ ետք, շինիչ խօսակցութիւններ ունենալու պատեհութիւններ պիտի ըլլան, որոնք կրնան ընտանիքին հոգեւոր առողջութեան համար շատ թանկարժէք ըլլալ։

18. Փորձառութիւն մը պատմեցէք, որ ծնողներուն ու զաւակներուն միջեւ եղած լաւ հաղորդակցութեան օգուտները ցոյց կու տայ։

18 Ալէխանտրոն՝ քսանական տարիքը թեւակոխած ռահվիրայ մը, 14 տարեկանին իր սնուցանած կասկածները մտաբերելով, կ’ըսէ. «Դասընկերներուս եւ ուսուցիչներուս ազդեցութեան պատճառով, Աստուծոյ գոյութեան եւ Աստուածաշունչի վաւերականութեան մասին կասկածներ ունէի։ Ծնողքս երկար ժամեր տրամադրեցին, համբերութեամբ հետս պատճառաբանելով։ Այս խօսակցութիւնները ինծի օգնեցին որ ո՛չ միայն այս դժուար ժամանակամիջոցին ունեցած կասկածներս յաղթահարեմ, այլեւ՝ կեանքիս մէջ լաւ որոշումներ կայացնեմ»։ Իսկ ներկայի՞ս։ Ալէխանտրոն կը շարունակէ. «Տակաւին ծնողքիս տունը կ’ապրիմ։ Բայց մեր խճողուած յայտագիրները դժուար կը դարձնեն որ հօրս հետ առանձին խօսակցիմ։ Ուստի շաբաթը անգամ մը ես ու հայրս միասին կը ճաշենք իր գործատեղիին մէջ։ Այս խօսակցութիւնները իրապէս կ’արժեւորեմ»։

19. Ինչո՞ւ բոլորս ալ հոգեւոր խօսակցութիւններու կարիքը ունինք։

19 Մեր հաւատակիցներուն հետ վարձահատոյց հոգեւոր խօսակցութիւններ վայելելու պատեհութիւններն ալ չե՞նք արժեւորեր։ Այս առիթները կը ներկայանան ժողովներուն, դաշտի ծառայութեան մէջ, ընկերային հաւաքոյթներուն եւ ճամբորդութեան ընթացքին։ Պօղոս անհամբեր էր Հռովմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն հետ խօսելու։ Ան անոնց գրեց. «Կը տենչամ տեսնել ձեզ՝ որ . . . ես ալ մխիթարուիմ ձեզի հետ՝ ձեր եւ իմ փոխադարձ հաւատքին միջոցով»։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12, ԱՎ) Եոհաննէս անունով Քրիստոնեայ երէց մը դիտել կու տայ. «Հաւատակիցներու հետ հոգեւոր խօսակցութիւններ ունենալը կենսական կարիք մը կը լեցնէ։ Անոնք սրտապնդիչ են եւ օրուան բեռը կը թեթեւցնեն։ Յաճախ տարեցներէն կը խնդրեմ որ ինծի պատմեն իրենց կեանքին մասին եւ թէ ի՛նչ բան զիրենք կարող դարձուց որ հաւատարիմ մնան։ Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ տարեցներու հետ խօսած եմ, եւ իւրաքանչիւրը որոշ իմաստութիւն կամ լուսաբանութիւն հաղորդած է, որ կեանքս ճոխացուցած է»։

20. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ ամչկոտ անհատի մը հանդիպինք։

20 Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ անհատ մը ձեր հոգեւոր խօսակցութեամբ չհետաքրքրուի։ Ձեռնթափ մի՛ ըլլաք։ Գուցէ հետագային աւելի պատեհ առիթ մը կարենաք գտնել։ Սողոմոն նշեց. «Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի»։ (Առակաց 25։11) Ամչկոտ անհատներուն հանդէպ հասկացողութիւն ցուցաբերեցէք։ «Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ»։ * (Առակաց 20։5) Ամէն բանէ առաջ, բնաւ թոյլ մի տաք որ ուրիշներու վերաբերմունքը ձեզ ետ պահէ խօսելէ այն բաներուն մասին, որոնք ձեր սիրտին կը դպչին։

Հոգեւոր Խօսակցութիւնները Վարձահատոյց Են

21, 22. Հոգեւոր խօսակցութիւններու մասնակցելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

21 Պօղոս խրատեց. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ»։ (Եփեսացիս 4։29. Հռովմայեցիս 10։10) Խօսակցութեան մը շիտակ ուղղութիւն տալը կրնայ ջանք պահանջել, բայց վարձատրութիւնները շատ են։ Հոգեւոր խօսակցութիւնները մեզ կարող կը դարձնեն որ մեր հաւատքը ուրիշներու հետ բաժնենք եւ մեր եղբայրութիւնը կերտենք։

22 Արդ, թող որ խօսելու պարգեւը գործածենք ուրիշները ոգեւորելու եւ Աստուած փառաբանելու համար։ Այսպիսի խօսակցութիւններ մեզի գոհունակութիւն տուող աղբիւր մը պիտի ըլլան, իսկ ուրիշներուն՝ քաջալերութիւն։ Ամէն բանէ առաջ, անոնք Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնեն, քանի որ մեր խօսակցութիւններուն ուշադրութիւն կ’ընծայէ եւ կ’ուրախանայ, երբ մեր լեզուն շիտակ կերպով գործածենք։ (Սաղմոս 139։4. Առակաց 27։11) Երբ մեր խօսակցութիւնները հոգեւոր են, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեզ պիտի չմոռնայ։ Մեր օրերուն Եհովայի ծառայողներուն ակնարկելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։ (Մաղաքեայ 3։16. 4։5) Որքա՜ն կենսական է որ մեր խօսակցութիւնները հոգեւորապէս շինիչ ըլլան։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 20 Իսրայէլի մէջ կարգ մը ջրհորներ շատ խորունկ էին։ Գաբաւոնի մէջ հնախոյզներ յայտնաբերած են ջրամբար մը, շուրջ 25 մեթր խորութեամբ։ Անիկա աստիճան ունի, որ մարդոց թոյլ կու տար որ ջուր քաշելու համար մինչեւ յատակ իջնէին։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէք

• Մեր խօսակցութիւնները մեր մասին ի՞նչ կը յայտնեն։

• Ի՞նչ շինիչ բաներու մասին կրնանք խօսիլ։

• Խօսակցութիւնները ի՞նչ կարեւոր դեր մը կը խաղան ընտանեկան շրջանակէն ներս եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։

• Շինիչ խօսակցութիւնները ի՞նչ օգուտներ կը բերեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 10]

Շինիչ խօսակցութիւնները կը կեդրոնանան այն բաներուն վրայ, որոնք . . .

‘ճշմարիտ են’

‘պատկառելի են’

‘գովելի են’

‘բարի համբաւով են’

[Նկարին աղբիւրները]

Video cover, Stalin։ U.S. Army photo; Creator book cover, Eagle Nebula։ J. Hester and P. Scowen (AZ State Univ.), NASA

[Նկար՝ էջ 11]

Ճաշի պահերը հոգեւոր խօսակցութիւններ ունենալու հոյակապ պատեհութիւններ են