Փորձութիւններու տոկալը Եհովայի փառաբանութիւն կը բերէ
Փորձութիւններու տոկալը Եհովայի փառաբանութիւն կը բերէ
«Եթէ տոկաք՝ մինչ կը չարչարուիք բարիք գործած ըլլալով, ասիկա շնո՛րհք մըն է Աստուծոյ քով»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 2։20, ԱՎ
1. Քանի որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները կ’ուզեն իրենց նուիրումին համաձայն ապրիլ, ո՞ր հարցումը նկատողութեան արժանի է։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ Եհովայի նուիրուած են եւ կ’ուզեն իր կամքը կատարել։ Իրենց նուիրումին համաձայն ապրելու համար, անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ իրենց Տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ քայլերուն հետեւին եւ ճշմարտութեան մասին վկայեն։ (Մատթէոս 16։24. Յովհաննու 18։37. Ա. Պետրոս 2։21) Սակայն Յիսուս եւ այլ հաւատարիմ անհատներ, իրենց հաւատքին համար իրենց կեանքը զոհեցին ու մեռան որպէս մարտիրոսներ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ բոլոր Քրիստոնեաները կրնան ակնկալել որ իրենց հաւատքին համար մեռնին։
2. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատեն փորձութիւններն ու տառապանքը։
2 Իբր Քրիստոնեաներ մեզի յորդոր տրուած է որ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնանք, իսկ պայման չէ որ մեր հաւատքին համար մեռնինք։ (Բ. Տիմոթէոս 4։7. Յայտնութիւն 2։10) Ասիկա կը նշանակէ թէ մինչ յօժար ենք մեր հաւատքին համար տառապելու,– եւ մեռնելու՝ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ,– չենք փափաքիր որ ասիկա պատահի։ Ո՛չ տառապանքէն, ո՛չ ցաւէն կամ նուաստացումէն հաճոյք կ’առնենք։ Բայց քանի որ կ’ակնկալենք փորձութիւններու ու հալածանքի ենթարկուիլ, ուշադրութեամբ պէտք է նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս հակազդենք երբ զանոնք դիմակալենք։
Հաւատարիմ՝ Փորձութեան Ներքեւ
3. Հալածանքին հետ ի՛նչպէս վարուելու մասին ի՞նչ սուրբ գրային օրինակներ կրնաք պատմել։ (Տես՝ «Անոնք Հալածանքին Հետ Ի՛նչպէս Վարուեցան» խորագրով շրջագիծը, յաջորդ էջին վրայ։)
3 Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք բազմաթիւ դրուագներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ ծառաները անցեալին ի՛նչպէս հակազդեցին, երբ կեանքի սպառնացող պարագաներ դիմակալեցին։ Անոնց հակազդելու այլազան կերպերը այժմու Քրիստոնեաներուն համար ուղղութիւն կը հայթայթեն, եթէ երբեք նման դժուարութիւններ դիմակալելու ըլլան։ «Անոնք Հալածանքին Հետ Ի՛նչպէս Վարուեցան» խորագրով շրջագծին մէջի դրուագները նկատի առէք եւ տեսէք թէ անոնցմէ ի՛նչ կրնաք սորվիլ։
4. Երբ Յիսուս եւ այլ հաւատարիմ ծառաներ փորձութեան ներքեւ էին, ի՞նչպէս հակազդեցին։
4 Թէեւ Յիսուս եւ Աստուծոյ այլ հաւատարիմ ծառաներ տարբեր կերպերով հակազդեցին հալածանքին, կախեալ ըլլալով պարագաներէն, սակայն բացորոշ է թէ անոնք իրենց կեանքը անհարկիօրէն չվտանգեցին։ Երբ վտանգաւոր պարագաներու ներքեւ գտնուեցան, անոնք քաջ էին, բայց՝ զգոյշ։ (Մատթէոս 10։16, 23) Անոնց նպատակն էր քարոզչութեան գործը յառաջ տանիլ եւ Եհովայի հանդէպ իրենց ուղղամտութիւն պահպանել։ Զանազան պարագաներու ներքեւ անոնց հակազդեցութիւնը օրինակ կը հայթայթէ այն Քրիստոնեաներուն, որոնք ներկայիս փորձութիւններ ու հալածանք կը դիմակալեն։
5. 1960–ական թուականներուն Մալաուիի մէջ ի՞նչ հալածանք ծագեցաւ, եւ Վկաները ի՞նչպէս հակազդեցին։
5 Արդի ժամանակներուն Եհովայի ժողովուրդը յաճախ շատ դժուար պայմաններու եւ զրկանքի ենթարկուած է, պատերազմներու, արգիլումներու կամ ուղղակի հալածանքի պատճառով։ Օրինակ, 1960–ական թուականներուն Եհովայի Վկաները Մալաուիի մէջ դառնապէս հալածուեցան։ Անոնց Թագաւորութեան Սրահները, տուները, ուտելիքի պաշարները եւ խանութները,– գրեթէ իրենց բոլոր ստացուածքները,– կործանուեցան։ Անոնք ծեծուեցան եւ այլ չարչարանքներու ենթարկուեցան։ Եղբայրները ի՞նչպէս հակազդեցին։ Հազարաւորներ ստիպուեցան իրենց գիւղերէն փախչիլ։ Շատեր մացառներու մէջ ապաստան գտան, իսկ ուրիշներ սահմանակից Մոզամպիկ անցան իբր առժամեայ աքսորեալներ։ Բազմաթիւ հաւատարիմներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, եւ ոմանք ընտրեցին վտանգաւոր գօտիէն հեռանալ, ինչ որ ըստ երեւոյթին տրամաբանական քայլ մըն էր այդ պարագաներուն ներքեւ։ Այսպէս ընելով, եղբայրները Յիսուսի ու Պօղոսի ձգած օրինակին հետեւեցան։
6. Հակառակ բուռն հալածանքին, Մալաուիի Վկաները ի՞նչ բան չլքեցին։
6 Թէեւ Մալաուիի եղբայրները ստիպուեցան *
տուն–տեղ ձգելով հեռանալ կամ պահուըտիլ, սակայն աստուածպետական ուղղութիւն խնդրեցին ու անոր հետեւեցան, եւ իրենց քրիստոնէական գործունէութիւնները գաղտնաբար շարունակեցին, իրենց լաւագոյնը ընելով։ Արդի՞ւնքը։ 1967–ին՝ արգիլումը բանեցնելէն ճիշդ առաջ, Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը նոր բարձրակէտ մը արձանագրեց՝ 18,519։ Մինչ արգիլումը տակաւին ի զօրու էր եւ շատեր Մոզամպիկ փախած էին, 1972–ին տեղեկագրուեցաւ նոր բարձրակէտ մը՝ 23,398 հրատարակիչներ։ Անոնք ամէն ամիս միջին հաշուով աւելի քան 16 ժամ տրամադրեցին ծառայութեան։ Անկասկած անոնց գործունէութիւնը Եհովայի փառաբանութիւն բերաւ, եւ Եհովայի օրհնութիւնը այդ հաւատարիմ եղբայրներուն վրայ էր այդ դժուարագոյն ժամանակամիջոցին։7, 8. Ոմանք ի՞նչ պատճառներով կ’ընտրեն երկրէն չհեռանալ, թէեւ հակառակութիւնը խնդիրներ կը պատճառէ։
7 Միւս կողմէ, այն երկիրներուն մէջ ուր հակառակութիւնը խնդիրներ կը յարուցանէ, կարգ մը եղբայրներ կ’որոշեն մնալ, թէեւ կրնան ձգել–երթալ։ Երկրէն դուրս ելլելը կրնայ կարգ մը խնդիրներ լուծել, բայց հաւանաբար այլ դժուարութիւններ պիտի յարուցանէ։ Օրինակ, անոնք պիտի կարենա՞ն քրիստոնէական եղբայրութեան հետ կապ պահել եւ հոգեւորապէս չմեկուսանալ։ Անոնք պիտի կարենա՞ն իրենց հոգեւոր սովորամոլութիւնը պահել մինչ կը ջանան վերահաստատուիլ, թերեւս աւելի հարուստ կամ նիւթական գետնի վրայ յառաջդիմելու աւելի պատեհութիւններ ներկայացնող երկրի մը մէջ։—Ա. Տիմոթէոս 6։9
8 Ուրիշներ կ’ընտրեն չհեռանալ, քանի որ իրենց եղբայրներուն հոգեւոր բարօրութեամբ հետաքրքրուած են։ Անոնք կ’ընտրեն մնալ եւ կացութիւնը դիմակալել, որպէսզի շարունակեն իրենց թաղամասերուն մէջ քարոզել եւ իրենց հաւատակիցներուն քաջալերութեան աղբիւր մը ըլլալ։ (Փիլիպպեցիս 1։14) Այսպիսի ընտրութիւն մը ընելով, ոմանք նոյնիսկ կրցած են իրենց երկրին մէջ օրինական յաղթանակներ ձեռք ձգելու մէջ դեր ունենալ։ *
9. Անհատ մը ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնէ, երբ հալածանքի պատճառով պիտի որոշէ մնա՛լ թէ հեռանալ։
Հռովմայեցիս 14։12) Ինչպէս նախապէս նկատեցինք, Եհովա կը պահանջէ որ իր ծառաներէն իւրաքանչիւրը հաւատարիմ մնայ ամէն պարագայի ներքեւ։ Իր ծառաներէն ոմանք ներկայիս փորձութիւններ եւ հալածանք կը դիմակալեն. ուրիշներ կրնան հետագային ասոր փորձառութիւնը ունենալ։ Բոլորն ալ ձեւով մը պիտի փորձուին, եւ ոչ ոք կրնայ ակնկալել որ բացառուի։ (Յովհաննու 15։19, 20) Եհովայի նուիրուած ծառաները ըլլալով, Եհովայի անունին սրբացման եւ իր գերիշխանութեան ջատագովման հետ առնչուած տիեզերական հարցէն չենք կրնար խուսափիլ։—Եզեկիէլ 38։23. Մատթէոս 6։9, 10
9 Մնա՛լ թէ հեռանալ. ասիկա վստահաբար անձնական որոշում մըն է։ Անշուշտ այսպիսի որոշումներ պէտք է կայացուին, միայն աղօթքով Եհովայի ուղղութիւնը խնդրելէ ետք։ Սակայն ի՛նչ ընթացք ալ ընտրենք, Պօղոս առաքեալի խօսքերը ի մտի պէտք է ունենանք. «Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։ («Չարութեան Փոխարէն Մէկո՛ւն Չարութիւն Մի՛ Հատուցանէք»
10. Ճնշումներու ու հակառակութեան հետ ի՛նչպէս վարուելու նկատմամբ, Յիսուս եւ իր առաքեալները մեզի ի՞նչ կարեւոր օրինակ ձգեցին։
10 Ճնշումի ներքեւ Յիսուսի եւ առաքեալներուն հակազդած կերպէն այլ կարեւոր սկզբունք մը կը սորվինք, որ է՝ երբեք մեր հալածիչներէն վրէժ չառնենք։ Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ կը կարդանք որ Յիսուս կամ իր հետեւորդները ընդդիմութեան շարժում մը կազմակերպեցին կամ ուժի դիմեցին, իրենց հալածիչներուն դէմ պայքարելու համար։ Ընդհակառակը, Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները խրատեց. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք։ . . . Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը։ . . . Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։—Հռովմայեցիս 12։17-21. Սաղմոս 37։1-4. Առակաց 20։22
11. Պատմաբան մը ի՞նչ կ’ըսէ պետութեան հանդէպ նախկին Քրիստոնեաներուն վերաբերմունքին մասին։
11 Նախկին Քրիստոնեաները այդ խրատներուն անսացին։ The Early Church and the World (Նախկին Եկեղեցին եւ Աշխարհը) խորագրով իր գրքին մէջ, Սէսիլ Ճ. Գատու կը նկարագրէ պետութեան հանդէպ Քրիստոնեաներուն վերաբերմունքը՝ Հ.Դ. 30-70–ի ժամանակաշրջանին։ Ան կը գրէ. «Ուղղակի ապացոյց չունինք որ այդ ժամանակաշրջանի Քրիստոնեաները ուժի դիմելով ջանացին հալածանքի դէմ դնել։ Այս ուղղութեամբ, անոնք առաւելագոյնը ուժգնօրէն դատապարտեցին իրենց կառավարիչները կամ զանոնք շփոթութեան մատնեցին՝ փախուստի դիմելով։ Սակայն հալածանքին դէմ Քրիստոնեայի մը բնական հակազդեցութիւնը կ’ըլլար՝ չափաւոր բայց հաստատուն կերպով մերժել հնազանդիլ կառավարութեան այն հրամաններուն, որ ըստ իրեն Քրիստոսի հանդէպ իր հնազանդութեան կը հակասէին»։
12. Ինչո՞ւ նախընտրելի է տառապանքին տոկալ, քան՝ վրէժ առնել։
12 Այս երեւութապէս կրաւորական ընթացքը իրապէս գործնակա՞ն է։ Այս կերպով հակազդող անհատը դիւրին զոհ մը չ’ը՞լլար զինք ոչնչացնել վճռած անհատներուն համար։ Ինքնապաշտպանութեան դիմելը խոհեմութիւն չէ՞։ Մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, պարագան այդպէս կրնայ թուիլ։ Սակայն Եհովայի ծառաներ ըլլալով, վստահ ենք որ ամէն բանի մէջ Եհովայի ուղղութեան հետեւիլը լաւագոյն ընթացքն է։ Մեր միտքը կը պահենք Պետրոսի խօսքերը. «Եթէ տոկաք՝ մինչ կը չարչարուիք բարիք գործած ըլլալով, Ա. Պետրոս 2։20, ԱՎ) Վստահ ենք որ Եհովա կացութենէն լաւ տեղեակ է եւ թոյլ պիտի չտայ որ խնդիրը առյաւէտ շարունակուի։ Ի՞նչպէս կրնանք ասկէ վստահ ըլլալ։ Բաբելոնի մէջ գերի եղող իր ժողովուրդին Եհովա ըսաւ. «Ձեզի դպչողը անոր աչքին [«աչքիս», ՆԱ] բիբին կը դպչի»։ (Զաքարեայ 2։8) Անհատ մը որքա՞ն ատեն թոյլ կու տայ որ մէկը իր աչքին բիբին դպչի։ Եհովա յարմար ժամանակին հանգստութիւն պիտի հայթայթէ։ Ասոր վրայ ոչ մէկ կասկած ունինք։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։5-8
ասիկա շնո՛րհք մըն է Աստուծոյ քով»։ (13. Յիսուս ինչո՞ւ հլուօրէն թոյլ տուաւ որ թշնամիները զինք ձերբակալեն։
13 Այս ուղղութեամբ կրնանք Յիսուսի նայիլ իբր մեր տիպարը։ Երբ ան թոյլ տուաւ որ իր թշնամիները զինք ձերբակալեն Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, պատճառը այն չէր որ ինք չէր կրնար ինքզինք պաշտպանել։ Իրականութեան մէջ, ան իր աշակերտներէն մէկուն ըսաւ. «Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։ Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։ (Մատթէոս 26։53, 54) Յիսուսի համար Եհովայի կամքին կատարումը կարեւորագոյն բանն էր, նոյնիսկ եթէ ատիկա իր տառապիլը կը նշանակէր։ Ան Դաւիթի մարգարէական սաղմոսին խօսքերուն հանդէպ լման վստահութիւն ունէր. «Իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս»։ (Սաղմոս 16։10) Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ Յիսուսի մասին ըսաւ. «Իրեն առաջարկուած ուրախութեան համար՝ ան տոկաց խաչին, արհամարհեց ամօթը, ու բազմեցաւ Աստուծոյ գահին աջ կողմը»։—Եբրայեցիս 12։2, ԱՎ
Եհովայի Անունը Սրբացնելուն Ուրախութիւնը
14. Իր բոլոր փորձութիւններուն մէջ Յիսուսի ոյժ տուող ուրախութիւնը ի՞նչ էր։
14 Ի՞նչ էր այն ուրախութիւնը որ Յիսուսի ոյժ տուաւ ամենախիստ փորձութեան ներքեւ։ Եհովայի բոլոր ծառաներուն մէջ, վստահաբար Աստուծոյ սիրելի Որդին՝ Յիսուսն էր Սատանայի գլխաւոր թիրախը։ Ուստի փորձութեան ներքեւ ուղղամտութիւն պահելը Յիսուսի Առակաց 27։11) Կրնա՞ք երեւակայել Յիսուսի ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը երբ յարուցանուեցաւ։ Որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր, գիտակցելով թէ որպէս կատարեալ մարդ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ Իր անունը սրբացնելու մէջ իր դերը կատարած էր։ Ասկէ զատ, «Աստուծոյ գահին աջ կողմը» բազմիլը, անտարակոյս Յիսուսի համար հոյակապ պատիւ մը եւ ուրախութեան մեծագոյն աղբիւր մըն է։—Սաղմոս 110։1, 2. Ա. Տիմոթէոս 6։15, 16
կողմէ, Եհովայի դէմ Սատանայի անարգանքին վերջնագոյն պատասխանը պիտի ըլլար։ (15, 16. Զագսընհաուզընի մէջ գտնուող Վկաները ի՞նչ գազանային հալածանքի տոկացին, եւ ի՞նչ բան զիրենք զօրացուց։
15 Քրիստոնեաներուն համար ալ ուրախութիւն է փորձութիւններու ու հալածանքի տոկալով Եհովայի անունին սրբացման մէջ բաժին բերել, Յիսուսի օրինակին հետեւելով։ Տեղին օրինակ մըն է այն Վկաներուն փորձառութիւնը, որոնք վատահամբաւ Զագսընհաուզընի կեդրոնացման ճամբարին մէջ տառապեցան եւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին՝ իրենց դժնդակ մահուան քայլարշաւէն վերապրեցան։ Քայլարշաւի ընթացքին, հազարաւոր բանտարկեալներ մեռան՝ աննպաստ օդի, հիւանդութեան կամ անօթութեան պատճառով, կամ ալ՝ ճամբուն եզերքը անգթօրէն սպաննուեցան Էս.Էս. պահակներուն կողմէ։ Բոլոր Վկաները վերապրեցան, թիւով 230 հոգի, իրարու մօտիկ մնալով եւ իրարու օգնելով, իրենց կեանքը վտանգելով։
16 Ի՞նչ բան այս Վկաներուն զօրութիւն տուաւ որ այսպիսի գազանային հալածանքի մը տոկան։ Անմիջապէս որ ապահով վայր մը հասան, անոնք իրենց ուրախութիւնը եւ Եհովայի հանդէպ իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտեցին փաստաթուղթի մը մէջ, հետեւեալ խորագրով՝ «Մէքլընպուրկի մէջ, Շվերինի մօտակայ մէկ անտառին մէջ հաւաքուած, վեց ազգերէ բաղկացած 230 Եհովայի վկաներու որոշումը»։ Անոր մէջ անոնք ըսին. «Փորձութեան երկարատեւ ու դժուար ժամանակաշրջան մը վերջ գտաւ, եւ մեզմէ անոնք որ վերապրեցան, որպէս թէ հնոցէ մը դուրս հանուելով, իրենց վրայ կրակին հոտն անգամ չկայ։ (Տես՝ Դանիէլ 3։27) Ընդհակառակը, անոնք Եհովայէ լման զօրութիւն ստացած են, եւ անհամբեր կը սպասեն Թագաւորին նոր հրամաններուն, աստուածպետական շահերը յառաջ տանելու համար»։ *
17. Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ փորձութիւններ կը դիմակալէ։
17 Այդ 230 հաւատարիմ անհատներուն նման, մեր հաւատքն ալ կրնայ փորձութեան ենթարկուիլ, թէեւ տակաւին ‘արիւն թափելու չափ հակառակ չենք կեցած’։ (Եբրայեցիս 12։4) Բայց փորձութիւնը կրնայ բազմաթիւ ձեւեր առնել։ Անիկա կրնայ դասընկերներու կողմէ ծաղրանք ըլլալ, կամ շրջապատի ճնշում՝ անբարոյութիւն եւ այլ սխալներ գործելու համար։ Ասկէ զատ, արիւնէ ետ կենալու, միայն Տէրոջմով ամուսնանալու կամ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ հաւատացեալ զաւակներ մեծցնելու որոշումը, երբեմն կրնայ խիստ ճնշումներ ու փորձութիւններ յառաջ բերել։—Գործք 15։29. Ա. Կորնթացիս 7։39. Եփեսացիս 6։4. Ա. Պետրոս 3։1, 2
18. Ի՞նչ երաշխիք ունինք թէ կրնանք տոկալ նոյնիսկ ամենէն արտակարգ փորձութեան։
18 Սակայն ի՛նչ փորձութիւն ալ դիմակալենք, գիտենք թէ կը տառապինք քանի որ Եհովան ու իր Թագաւորութիւնը առաջնակարգ տեղը կը դնենք, իսկ ասիկա ընելը իսկական առանձնաշնորհում եւ ուրախութիւն կը նկատենք։ Պետրոսի սրտապնդիչ խօսքերով կը քաջալերուինք. «Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասն զի փառքի եւ զօրութեան եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է»։ (Ա. Պետրոս 4։14) Եհովայի հոգիին ուժով, զօրութիւն ունինք նոյնիսկ դժուարագոյն փորձութիւններու տոկալու, իր փառքին ու փառաբանութեան համար։—Բ. Կորնթացիս 4։7. Եփեսացիս 3։16. Փիլիպպեցիս 4։13
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 6 1960–ական տարիներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները դառն ու ատելավառ հալածանքներու սկիզբն էին, որոնց Մալաուիի Վկաները տոկացին շուրջ երեք տասնամեակներ։ Մանրամասն տեղեկագրութիւններու համար, տես՝ Եհովայի Վկաներու 1999–ի Տարեգիրք, էջ 171-212։
^ պարբ. 8 Տես՝ «Բարձրագոյն Ատեանը Ճշմարիտ Պաշտամունքը կը Պաշտպանէ ‘Արարատի Երկրին’ Մէջ» խորագրով յօդուածը, Դիտարան 1 Ապրիլ 2003, էջ 13-16։
^ պարբ. 16 Այս որոշումին լման պարունակութեան համար, տես՝ Եհովայի Վկաներու 1974–ի Տարեգիրք, էջ 208-209։ Քայլարշաւէն վերապրած անհատի մը կենսագրութիւնը տրուած է Դիտարան 1 Յունուար 1998 թիւին մէջ, էջ 25-29 (Անգլերէն)։
Կրնա՞ք բացատրել
• Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատեն տառապանքն ու հալածանքը։
• Փորձութեան ներքեւ Յիսուսի ու այլ հաւատարիմ անհատներու հակազդած կերպէն ի՞նչ կը սորվինք։
• Հալածիչներէն վրէժ չառնելը ինչո՞ւ խոհեմութիւն է։
• Ի՞նչ ուրախութիւն Յիսուսի ոյժ տուաւ իր փորձութիւններու ընթացքին, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 25]
Անոնք հալածանքին հետ ի՛նչպէս վարուեցան
• Հերովդէսի զինուորները Բեթլէհէմ չհասած, երկու տարեկան եւ անկէ վար եղող բոլոր մանչերը սպաննելու նպատակով, հրեշտակային առաջնորդութեամբ՝ Յովսէփ ու Մարիամ մանուկ Յիսուսը առնելով Եգիպտոս փախան։—Մատթէոս 2։13-16
• Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, իր թշնամիները մի քանի անգամ փորձեցին զինք սպաննել, իր տուած զօրաւոր վկայութեան համար։ Իւրաքանչիւր պարագային Յիսուս անոնցմէ խոյս տուաւ։—Մատթէոս 21։45, 46. Ղուկաս 4։28-30. Յովհաննու 8։57-59
• Երբ զինուորներ ու պաշտօնեաներ Յիսուսը ձերբակալելու համար Գեթսեմանիի պարտէզը եկան, ան անվերապահօրէն իր ինքնութիւնը յայտնեց, երկու անգամ անոնց ըսելով. «Ես եմ»։ Ան նոյնիսկ չարտօնեց իր հետեւորդներուն որ դիմադրեն եւ թոյլ տուաւ որ խուժանը զինք ձերբակալէ։—Յովհաննու 18։3-12
• Երուսաղէմի մէջ, Պետրոս եւ ուրիշներ ձերբակալուեցան, ծեծուեցան եւ պատուէր ստացան որ այլեւս Յիսուսի անունով չխօսին։ Այսուհանդերձ, ազատ արձակուելէ ետք անոնք «ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։—Գործք 5։40-42
• Երբ Սօղոս, որ հետագային Պօղոս առաքեալը եղաւ, Դամասկոսի Հրեաներուն կողմէ զինք սպաննելու դաւադրութեան մասին տեղեկացաւ, եղբայրները գիշերուան մէջ առին զինք եւ պարիսպէն վար իջեցուցին՝ զամբիւղի մը մէջ, եւ այսպէս ան փախաւ։—Գործք 9։22-25
• Տարիներ ետք, Պօղոս ընտրեց Կայսրին դիմել, թէեւ Փեստոս Կուսակալը եւ Ագրիպպաս Թագաւորը իր վրայ յանցանք մը չգտան, որուն համար «մեռնելու կամ կապուելու արժանի» էր։—Գործք 25։10-12, 24-27. 26։30-32
[Նկարներ՝ էջ 26, 27]
Թէեւ դառն հալածանքին պատճառով ստիպուեցան փախչիլ, Մալաուիի հաւատարիմ Վկաներէն հազարաւորներ շարունակեցին ուրախութեամբ Թագաւորութիւնը ծանուցանել
[Նկարներ՝ էջ 27]
Եհովայի անունը սրբացնելու ուրախութիւնը այս հաւատարիմ անհատներուն ոյժ տուաւ, Նացիներու կողմէ առաջնորդուած մահուան քայլարշաւի ընթացքին եւ կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ
[Նկարին աղբիւրը]
Death march։ KZ-Gedenkstätte Dachau, courtesy of the USHMM Photo Archives
[Նկարներ՝ էջ 28]
Փորձութիւններն ու ճնշումները զանազան ձեւեր կրնան առնել