«Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք»
«Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք»
ԻՆՉՊԷՍ պատկերին մէջ կը տեսնէք, միասնաբար հերկող ուղտն ու եզը շատ անհանգիստ են։ Զիրենք միացնող լուծը,– որ նոյն չափը ու զօրութիւնը ունեցող երկու անասուններու համար շինուած է,– իրենց նեղութիւն կը պատճառէ։ Այսպիսի բեռնատար անասուններու բարօրութեամբ հետաքրքրուելով, Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ երկիր հերկելու մի՛ գործածեր»։ (Բ. Օրինաց 22։10) Նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի եզի մը եւ ուղտի մը պարագային։
Սովորաբար երկրագործ մը իր անասուններուն այսպիսի նեղութիւն չի պատճառեր։ Բայց եթէ ան երկու եզ չունի, թերեւս մատչելի եղող երկու անասուններ միասին լծէ։ Ըստ երեւոյթին, այս էր որ պատկերին մէջի ԺԹ. դարու երկրագործը որոշեց ընել։ Չափի ու ծանրութեան տարբերութեան պատճառով, տկար անասունը պիտի ջանայ միւսին հետ քայլ պահել, իսկ զօրաւոր անասունը բեռին մեծ մասը պիտի կրէ։
Պօղոս առաքեալ անյարմար լուծի մը օրինակը գործածեց, մեզի կարեւոր դաս մը սորվեցնելու համար։ «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք», գրեց ան։ «Քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ»։ (Բ. Կորնթացիս 6։14) Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կրնայ օտարախառն լծակից ըլլալ։
Կերպերէն մէկն է՝ եթէ Քրիստոնեան ընտրէ կողակից մը որ իր հաւատալիքները չի բաժներ։ Այս միութիւնը երկուքին ալ դժուարութիւններ պիտի յարուցանէ, ամոլը հիմնական հարցերու շուրջ անհամաձայն գտնուելով։
Երբ Եհովա ամուսնութեան ծագում տուաւ, ան կնոջ տուաւ «լրացուցիչ»ի դերը։ (Ծննդոց 2։18, ՆԱ) Նոյնպէս, Մաղաքիա մարգարէին միջոցով, Աստուած կնոջ ակնարկութիւն ըրաւ որպէս «ընկեր» մը։ (Մաղաքեայ 2։14) Մեր Ստեղծիչը կ’ուզէ որ ամոլները նոյն հոգեւոր ուղղութեամբ ընթանան, հաւասարապէս բեռները բաժնելով եւ օգուտները քաղելով։
‘Միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալով, Քրիստոնեան մեր երկնաւոր Հօր խրատին հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերէ։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Ասիկա համերաշխ ամուսնութեան մը հիմ կը դնէ, որ կրնայ Աստուծոյ փառք ու պատիւ բերել, մինչ երկու կողակիցներն ալ իրեն կը ծառայեն իբր «հարազատ լծակից»ներ՝ մասնայատուկ առումով մը։—Փիլիպպեցիս 4։3
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]
Camel and ox։ From the book La Tierra Santa, Volume 1, 1830