Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երիտասա՛րդներ, Եհովայի արժանի կերպով քալեցէք

Երիտասա՛րդներ, Եհովայի արժանի կերպով քալեցէք

Երիտասա՛րդներ, Եհովայի արժանի կերպով քալեցէք

ԿԱՐԳ մը Քրիստոնեայ երիտասարդներ ժամանակաւորապէս ստիպուած եղած են իրենց ընտանիքէն ու ժողովքէն հեռու ապրիլ։ Ոմանք այս քայլը առած են իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու համար։ Ուրիշներ ստիպուած եղած են իրենց տունը ձգել, աշխարհի հարցերուն հանդէպ իրենց չէզոք կեցուածքին համար։ (Եսայեայ 2։4. Յովհաննու 17։16) Կարգ մը երկիրներու մէջ, «Կայսրը» ուղղամտութիւն պահող երիտասարդները բանտարկած է կամ համայնքին ի նպաստ աշխատանք մը կատարելու դատապարտած է։ *Մարկոս 12։17. Տիտոս 3։1, 2

Մինչ իրենց չէզոքութեան համար բանտարկուած են, այս երիտասարդները յանցագործներու հետ երկար ժամանակ կ’անցընեն։ Այլ պատճառներով տունէն հեռու ըլլալն ալ հարկադրած է որ երիտասարդներ անբարոյ միջավայրի մէջ աշխատին։ Այս Քրիստոնեայ երիտասարդները կամ ուրիշներ, որոնք այսպիսի կացութեան մը մատնուած են, ի՞նչպէս կրնան իրենց դիմագրաւած ճնշումներուն ու պահանջներուն հետ գլուխ ելլել, մինչ կը ջանան «Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալել»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։12) Անոնց ծնողները ի՞նչպէս կրնան իրենց օգնել որ անախորժ պարագաներ դիմագրաւելու նախապատրաստուին։—Առակաց 22։3

Մասնայատուկ Մարտահրաւէրներ

«Ծնողքիս պաշտպանող հոգատարութենէն եւ զիս լաւ ճանչցող երէցներուն սիրազեղ վերատեսչութենէն հեռու գտնուիլը, դժուար ու վհատեցուցիչ էր», կ’ըսէ 21 տարեկան Թաքիս, որ հարկադրուեցաւ 37 ամիս տունէն հեռու անցընել։ * Ան կ’աւելցնէ. «Երբեմն չափազանց անպաշտպան կը զգայի»։ Քսան տարեկան Փեթրոս ստիպուած էր աւելի քան երկու տարի տունէն հեռու ըլլալ։ Ան կը խոստովանի. «Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով ժամանցի եւ ընկերակցութիւններու նկատմամբ առանձին որոշումներ պէտք էր կայացնէի, եւ միշտ իմաստուն ընտրութիւններ չըրի»։ Ապա կը նշէ. «Յաւելեալ ազատութեան բերած աւելի մեծ պատասխանատուութիւնը, երբեմն զիս ջղագրգիռ դարձուց»։ Թասոս, Քրիստոնեայ երէց մը որ այսպիսի պարագաներու ներքեւ եղող Քրիստոնեայ երիտասարդներու հետ կանոնաւորաբար շփման մէջ կու գայ, դիտել տուաւ. «Ոչ–հաւատացեալ տարեկիցներու պիղծ խօսակցութիւնը, ըմբոստութիւնն ու վայրագ վարմունքը կրնան անզգոյշ եւ անպաշտպան երիտասարդներուն ազդել»։

Աստուածաշունչի սկզբունքները չյարգող անհատներու հետ ապրող ու աշխատող Քրիստոնեայ երիտասարդները պէտք է զգոյշ ըլլան որ չփորձուին ընդօրինակել իրենց տարեկիցներուն անբարոյ ու հակա–սուրբ գրային ուղիները։ (Սաղմոս 1։1. 26։4. 119։9) Անձնական ուսումնասիրութեան, ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ դաշտի ծառայութեան լաւ սովորամոլութիւն մը պահպանելը կրնայ դժուար թուիլ։ (Փիլիպպեցիս 3։16) Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելն ու հետապնդելը նաեւ կրնայ դիւրին չըլլալ։

Հաւատարիմ Քրիստոնեայ երիտասարդները վստահաբար կ’ուզեն Եհովան հաճեցնել իրենց վարքով ու խօսելակերպով։ Անոնք հաւատարմօրէն կը ջանան իրենց երկնաւոր Հօր ջերմ հրաւէրին ականջ տալ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11) Անոնք կը գիտակցին թէ իրենց պարկեշտ հագուածքն ու վարմունքը լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ Եհովայի ու իր ժողովուրդին մասին։—Ա. Պետրոս 2։12

Գովելի է որ այս երիտասարդներէն շատեր իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ իրենց առաջին դարու եղբայրներուն նման ըլլան, որոնց համար Պօղոս առաքեալ աղօթեց որ ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալեն եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնեն, բարի գործերով պտղաբերին . . . համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած’։ (Կողոսացիս 1։9-11) Աստուածաշունչը կը հայթայթէ աստուածավախ երիտասարդներու օրինակներ, որոնք օտար, թշնամալից եւ կռապաշտական միջավայրի մէջ յաջողեցան Աստուծոյ արժանի կերպով քալել։—Փիլիպպեցիս 2։15

«Տէրը Յովսէփին Հետ Էր»

Մատղաշ տարիքին՝ Յովսէփ, Յակոբի ու Ռաքէլի սիրելի տղան, իր աստուածավախ հօր ապահով տունէն շատ հեռու էր։ Ան Եգիպտոսի մէջ իբր ստրուկ ծախուեցաւ։ Յովսէփ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ որպէս աշխատասէր, վստահելի եւ առաքինի պատանի մը։ Թէեւ Պետափրէսի կը ծառայէր, որ Եհովայի երկրպագու մը չէր, Յովսէփ խղճամիտ եւ ժրաջան էր, այնպէս որ ի վերջոյ իր տէրը զինք տան վրայ վերակացու ըրաւ։ (Ծննդոց 39։2-6) Յովսէփ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց, եւ երբ այս պատճառով բանտ նետուեցաւ, ան չմտածեց. «Ուղղամիտ ըլլալէս ի՞նչ օգտուեցայ»։ Ան նոյնիսկ բանտին մէջ լաւ յատկութիւններ ցուցաբերեց, եւ շատ չանցած՝ բանտի ամբողջ գործը ինք կը կատարէր։ (Ծննդոց 39։17-22) Աստուած զինք օրհնեց, եւ ինչպէս Ծննդոց 39։23–ը կ’ըսէ. «Տէրը անոր հետ էր»։

Իր աստուածավախ ընտանիքէն հեռու ըլլալով, որքա՜ն դիւրին էր որ Յովսէփ իր շուրջը ապրող հեթանոսներուն վարքը որդեգրէր ու Եգիպտացիներու անբարոյ ապրելակերպը ընդօրինակէր։ Փոխարէն, ան աստուածային սկզբունքներուն կառչեցաւ եւ իր մաքուր կեցուածքը պահեց, ի հեճուկս ամենազօրաւոր փորձութիւններուն։ Երբ Պետափրէսի կինը կրկին անգամ թախանձեց որ իր հետ յարաբերութիւն ունենայ, անոր վճռական պատասխանն էր. «Ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։—Ծննդոց 39։7-9

Ներկայիս Վկայ երիտասարդները անպատշաճ ընկերակցութիւններու, անբարոյ ժամանցի, պոռնկագրութեան եւ նուաստացուցիչ երաժշտութեան դէմ տրուած սուրբ գրային ազդարարութիւններուն պէտք է ականջ տան։ Անոնք կը գիտակցին թէ «Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն»։—Առակաց 15։3

Մովսէս ‘Մեղքին Զուարճութենէն’ Խուսափեցաւ

Մովսէս մեծցաւ Փարաւոնի պալատին կռապաշտական ու հաճոյամոլ միջավայրին մէջ։ Աստուածաշունչը անոր մասին կ’ըսէ. «Հաւատքով Մովսէս . . . չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել»։—Եբրայեցիս 11։24, 25

Աշխարհին հետ բարեկամութիւնը կրնայ որոշ առաւելութիւններ ունենալ, բայց անոնք կարճատեւ են. ամենալաւ պարագային, կրնան տեւել մինչեւ այս աշխարհի վախճանը որ մօտալուտ է։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Մովսէսի օրինակին հետեւիլը աւելի լաւ չէ՞։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին»։ (Եբրայեցիս 11։27, ԱՎ) Ան իր միտքը կեդրոնացած պահեց իր աստուածավախ նախահայրերուն հոգեւոր ժառանգութեան վրայ։ Ան Եհովայի նպատակը իր կեանքին նպատակը դարձուց, Աստուծոյ կամքը կատարելը իբր նպատակակէտ ունենալով։—Ելից 2։11. Գործք 7։23, 25

Երբ աստուածավախ պատանիներ անբարեպաշտ ու աննպաստ միջավայրի մը մէջ ըլլան, կրնան Եհովայի հետ իրենց անձնական յարաբերութիւնը զօրացնել անձնական ուսումնասիրութեան միջոցով, «Անտեսանելին» աւելի լաւ ճանչնալով։ Քրիստոնէական գործունէութիւններու լման յայտագիր մը, ի ներառեալ կանոնաւորաբար ժողովներուն եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ, այս պատանիներուն պիտի օգնէ որ իրենց միտքը կեդրոնացած պահեն հոգեւոր բաներու վրայ։ (Սաղմոս 63։6. 77։12) Անոնք պէտք է ջանան Մովսէսի նման զօրաւոր հաւատք ու յոյս ունենալ, եւ իրենց մտածումը Եհովայի վրայ կեդրոնացնել, ուրախ ըլլալով որ Անոր բարեկամն են։

Ան Աստուած Փառաբանեց

Աստուծոյ մարգարէին՝ Եղիսէի օրերուն, Ասորիներուն կողմէ գերի բռնուած Իսրայելացի աղջնակը ուրիշ դեռատի մըն է, որ իր տունէն հեռու ըլլալով հանդերձ օրինակելի էր։ Ան Ասորի բորոտ զօրագլուխին՝ Նէեմանի՝ կնոջ սպասուհին եղաւ։ Այս աղջնակը իր տիրուհիին ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին քով ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր»։ Անոր վկայութեան պատճառով, Նէեման Եղիսէի քով գնաց եւ իր բորոտութենէն բուժուեցաւ։ Ասկէ զատ, Նէեման Եհովայի մէկ երկրպագուն եղաւ։—Դ. Թագաւորաց 5։1-3, 13-19

Այս աղջնակին օրինակը ցոյց կու տայ թէ պատանիները իրենց լեզուն պէտք է գործածեն Աստուած պատուող կերպով մը, նոյնիսկ երբ իրենց ծնողներէն հեռու են։ Եթէ այդ աղջնակը «յիմարական խօսքեր» կամ «խեղկատակութիւն» ընելու սովորութիւնը ունեցած ըլլար, պիտի համարձակէ՞ր իր լեզուն ազդուօրէն գործածելու, ինչպէս որ ըրաւ երբ առիթը ներկայացաւ։ (Եփեսացիս 5։4. Առակաց 15։2) Քսանական տարիքը թեւակոխած երիտասարդ մը՝ Նիքոս, որ իր չէզոք կեցուածքին համար բանտարկուած էր, կը մտաբերէ. «Երբ կարգ մը ուրիշ երիտասարդ եղբայրներու հետ բանտի մը մէջ կը գտնուէի, ուր երկրագործութեամբ կը զբաղէինք, ծնողական ու ժողովքային հեղինակութենէն հեռու, նկատեցի թէ մեր խօսակցութեան որակը կը նուաստանար։ Վստահաբար անիկա Եհովայի փառք չէր բերեր»։ Բարեբախտաբար, Նիքոսի եւ միւս երիտասարդներուն օգնութիւն տրուեցաւ որ այս հարցին շուրջ Պօղոսի խրատին անսան. «Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն»։—Եփեսացիս 5։3

Եհովա Անոնց Համար Իրական Էր

Վաղեմի Բաբելոնի մէջ Դանիէլի երեք Եբրայեցի բարեկամներուն փորձառութիւնը կը վկայէ Յիսուսի նշած սկզբունքին ճշմարիտ ըլլալուն, թէ՝ ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ։ (Ղուկաս 16։10) Երբ Մովսիսական Օրէնքին կողմէ արգիլուած ուտելիքներ ուտելու խնդիրը դիմագրաւեցին, անոնք կրնային պատճառաբանել թէ օտար երկրի մէջ կը գտնուէին, ու հետեւաբար որեւէ ընտրութիւն չունէին։ Բայց անոնք ի՜նչ օրհնութիւն մը ստացան, երբ պզտիկ թուող բան մը լուրջի առին։ Անոնք աւելի առողջ ու իմաստուն երեւցան, քան՝ բոլոր միւս գերիները, որոնք թագաւորին ազնիւ կերակուրներէն շարունակեցին ուտել։ Այս քիչ բաներուն մէջ հաւատարիմ ըլլալը անկասկած զիրենք զօրացուց, այնպէս որ երբ արձանի մը առջեւ երկրպագութիւն ընելու աւելի մեծ փորձութիւնը դիմագրաւեցին, անոնք մերժեցին համակերպիլ։—Դանիէլ 1։3-21. 3։1-30

Եհովա այս երեք երիտասարդներուն համար իրական էր։ Իրենց ընտանիքէն եւ Աստուծոյ պաշտամունքի կեդրոնէն հեռու ըլլալով հանդերձ, անոնք վճռած էին աշխարհէն անբիծ մնալ։ (Բ. Պետրոս 3։14) Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը իրենց համար ա՛յնքան թանկագին էր, որ պատրաստ էին իրենց կեանքը զոհելու անոր համար։

Եհովա Ձեզ Պիտի Չլքէ

Երբ պատանիներ իրենց սիրած ու վստահած անհատներէն հեռու ըլլան, հասկնալի է որ անոնք զգան թէ անապահով, անվստահ եւ երկչոտ են։ Սակայն անոնք կրնան իրենց փորձութիւնները դիմագրաւել, լիովին վստահ ըլլալով թէ ‘Տէրը զիրենք պիտի չլքէ’։ (Սաղմոս 94։14) Եթէ այս պատանիները «արդարութեան համար չարչարուին», Եհովա անոնց պիտի օգնէ որ շարունակեն «արդարութեան ճամբուն մէջ» քալել։—Ա. Պետրոս 3։14. Առակաց 8։20

Եհովա յարատեւաբար զօրացուց եւ առատօրէն վարձատրեց Յովսէփը, Մովսէսը, գերեվարուած Իսրայելացի աղջնակը եւ երեք հաւատարիմ Եբրայեցի երիտասարդները։ Ներկայիս, ան իր սուրբ հոգին, իր Խօսքը եւ իր կազմակերպութիւնը կը գործածէ թիկունք կանգնելու համար անոնց որ «հաւատքին բարի պատերազմը» կը մղեն, իրենց դիմաց դնելով «յաւիտենական կեանքի» վարձատրութիւնը։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11, 12) Այո, Եհովայի արժանի կերպով քալելը կարելի է, եւ ասիկա ընելը խոհեմութիւն է։—Առակաց 23։15, 19

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Տես Դիտարան 1 Օգոստոս 1996, էջ 16-18։

^ պարբ. 5 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Շրջանակ՝ էջ 29]

ԾՆՈ՛ՂՆԵՐ, ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑԷՔ

«Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ, այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը»։ (Սաղմոս 127։4) Նետ մը դիպուածով իր թիրախին չի հասնիր։ Անիկա հմտօրէն պէտք է արձակուի։ Նմանապէս, առանց ծնողական պատշաճ ուղղութեան, զաւակները պատրաստ պիտի չըլլան տունէն դուրս ապրելու իրավիճակները դիմագրաւելու։—Առակաց 22։6

Դեռատիները դրդումներու կամ «երիտասարդական ցանկութիւններու» տեղի տալու հակամէտ են։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22) Աստուածաշունչը կ’ազդարարէ. «Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։ (Առակաց 29։15) Տղայական վարքը չսահմանափակելը պատճառ կ’ըլլայ որ երախան պատրաստ չըլլայ տունէն դուրս կեանքի պահանջներն ու ճնշումները դիմակալելու։

Քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն յստակ ու պատասխանատու կերպով պէտք է բացատրեն ներկայ կեանքի դժուարութիւնները, ճնշումները եւ իրավիճակները։ Առանց յոռետես կամ բացասական ըլլալու, անոնք կրնան նկարագրել այն անհաճոյ վիճակները որ երիտասարդ մը կրնայ դիմագրաւել, եթէ ստիպուի տունէն հեռու ապրիլ։ Այս մարզումը եւ աստուածատուր իմաստութիւնը ‘միամիտներուն սրամտութիւն պիտի տան ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար’։—Առակաց 1։4

Իրենց զաւակներուն սիրտին մէջ աստուածային արժէքներ ու բարոյական սկզբունքներ քանդակող ծնողները, զանոնք կարող կը դարձնեն որ կեանքի մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլեն։ Աստուածաշունչի ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը, ազատ հաղորդակցութիւնը եւ իրենց զաւակներուն բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուիլը, յաջողութեան նպաստող ազդակներ են։ Ծնողները աստուածային մարզում պէտք է հայթայթեն հաւասարակշռուած բայց դրական ու բանաւոր կերպով, իրենց զաւակները պատրաստելով որ իրենց ոտքերուն վրայ կայնին։ Ծնողները իրենց անձնական օրինակով կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել թէ կարելի է այս աշխարհին մէջ ըլլալ ու անոր մէկ մասը չըլլալ։—Յովհաննու 17։15, 16

[Նկարներ՝ էջ 30]

Փորձութեան դէմ դնելով, երիտասարդները կրնան Յովսէփը ընդօրինակել ու բարոյապէս մաքուր մնալ