Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել

Ի՞նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել

Ի՞նչպէս կրնաք իմաստուն որոշումներ կայացնել

«ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ», ըսաւ Սողոմոն, վաղեմի Իսրայէլի թագաւորը։ Մեզմէ շատեր երբեմն անխոհեմ որոշումներ կայացուցած ենք, պարզապէս քանի որ ուրիշներու խրատին մտիկ ընելը անտեսած ենք։—Առակաց 1։5

Սողոմոնի այս խօսքը հետագային գրուեցաւ Աստուածաշունչին մէջ, իր յօրինած ուրիշ «երեք հազար առակ»ներու հետ։ (Գ. Թագաւորաց 4։32) Անոր իմաստուն խօսքերը գիտնալով եւ անոնց անսալով կրնա՞նք օգտուիլ։ Այո՛։ Անոնք մեզի կ’օգնեն «իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար, իմաստութեան կրթութիւնը ընդունելու համար, այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը»։ (Առակաց 1։2, 3) Նկատի առնենք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հինգ ուղեգծեր, որոնք կրնան մեզի օգնել իմաստուն որոշումներ կայացնելու։

Երկարատեւ Հետեւանքները Նկատի Առէք

Կարգ մը որոշումներ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենան։ Ուստի փորձեցէք կանխաւ գիտնալ թէ անոնք ի՛նչ պիտի ըլլան։ Զգուշացէք որ կարճատեւ օգուտները պատճառ չըլլան որ անփափաքելի երկարատեւ հետեւանքները չտեսնէք։ «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին», կը զգուշացնէ Առակաց 22։3–ը։

Կրնայ օգտակար ըլլալ թուղթի մը վրայ գրել կարճատեւ ու երկարատեւ հետեւանքները։ Որոշ գործ մը ընտրելու կարճատեւ արդիւնքը կրնայ ըլլալ՝ լաւ վճարում եւ հաճելի աշխատանք։ Բայց երկարատեւ հետեւանքները արդեօք կը պարփակե՞ն իսկական ապագայ չունեցող գործ մը ունենալ։ Անիկա վերջապէս պիտի պահանջէ՞ որ այլուր փոխադրուիք, թերեւս բարեկամներէ կամ ընտանիքէն հեռու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անիկա ձեզ ապառողջ մթնոլորտի մը ենթարկէ, կամ ա՛յնքան ձանձրացուցիչ ըլլայ որ ձեզ խորապէս ընդվզեցնէ։ Նպաստաւոր ու աննպաստ կողմերը կշռեցէք, ապա որոշեցէք թէ նախապատուութիւնը ի՛նչ բանի պիտի տաք։

Բաւարար Ժամանակ Տրամադրեցէք

Աճապարանօք կայացուած որոշումները յաճախ անխոհեմ կ’ըլլան։ Առակաց 21։5–ը կը զգուշացնէ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ»։ Օրինակ, սիրահարուած պատանիներ պէտք չէ աճապարեն ամուսնութեան քայլը առնելու։ Այլապէս, ԺԸ. դարու Անգլիացի թատերագիր՝ Ուիլիըմ Գոնկրիվի խօսքին ճշմարիտ ըլլալը կը շօշափեն, որ ըսաւ. «Արագ ամուսնացողը, կամաց–կամաց կը զղջայ»։

Սակայն բաւարար ժամանակ տրամադրելը պէտք չէ շփոթել ձգձգելու հետ։ Կարգ մը որոշումներ ա՛յնքան կարեւոր են որ խոհեմութիւնը կը պահանջէ որ կարելի եղածին չափ արագօրէն կայացնենք զանոնք։ Անհարկիօրէն յետաձգելը կրնայ սուղի նստիլ թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներու։ Որոշում մը ձգձգելը կրնայ ինքնին որոշում մը ըլլալ. հաւանաբար՝ անխոհեմ որոշում մը։

Խրատ Փնտռեցէք

Որովհետեւ ճիշդ իրարու նմանող երկու պարագաներ չկան, երկու անհատներ կրնան միշտ նոյն որոշումը չառնել, երբ նոյնանման խնդիրներ դիմագրաւեն։ Այսուհանդերձ, օգտակար է լսել թէ ուրիշներ նոյն հարցերուն առնչութեամբ ի՛նչ որոշում առած են։ Անոնց հարցուցէք թէ այժմ ի՛նչպէս կ’արժեւորեն իրենց որոշումը։ Օրինակ, արհեստ մը ընտրելու պարագային, խնդրեցէք այդ արհեստին մէջ եղողներէն որ ձեզի բացատրեն դրական ու բացասական կողմերը։ Ի՞նչ եղած են անոնց ընտրութեան օգուտները, եւ ի՞նչ անպատեհութիւններ կամ հաւանական վտանգներ դիմագրաւած են։

Մեզի զգուշացում տրուած է. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին»։ (Առակաց 15։22) Անշուշտ, երբ խրատ կը փնտռենք եւ ուրիշներու փորձառութենէն կը սորվինք, ասիկա կ’ընենք լիովին գիտակցելով թէ վերջնական որոշումը մե՛նք պէտք է կայացնենք եւ անոր պատասխանատուութիւնը կրենք։—Գաղատացիս 6։4, 5

Լաւ Մարզուած Խղճմտանքին Անսացէք

Խղճմտանքը մեզի կրնայ օգնել որոշումներ կայացնելու, որոնք ներդաշնակ են այն հիմնական սկզբունքներուն հետ, որոնց համաձայն ընտրած ենք մեր կեանքը վարել։ Քրիստոնեայի մը համար, ասիկա կը նշանակէ խղճմտանքը մարզել որ Աստուծոյ խորհուրդները արտացոլացնէ։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ (Առակաց 3։6) Անշուշտ կարգ մը մարզերու մէջ, երկու հոգի,– իւրաքանչիւրը լաւ մարզուած խղճմտանքով,– կրնան տարբեր եզրակացութիւններու յանգիլ ու հետեւաբար տարբեր որոշումներ կայացնել։

Սակայն լաւ մարզուած խղճմտանքը թոյլ չի տար ընտրել բան մը, որ Աստուծոյ Խօսքին կողմէ ուղղակիօրէն դատապարտուած է։ Օրինակ, Աստուածաշունչի սկզբունքներով չմարզուած խղճմտանքը կրնայ թոյլ տալ տղամարդու մը ու կնոջ մը, որ ամուսնութենէն առաջ իրարու յարմար ըլլալը փորձեն՝ կենակցելով։ Անոնք թերեւս խորհին թէ իմաստուն որոշում մը առած են, որ զիրենք պիտի խնայէ անխոհեմ ամուսնութիւն մը ունենալէ։ Անոնց խղճմտանքը կրնայ զիրենք չդատապարտել։ Սակայն, սեռի ու ամուսնութեան հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը բաժնող ոեւէ անհատ կը մերժէ այս ժամանակաւոր ու անբարոյ կարգադրութիւնը։—Ա. Կորնթացիս 6։18. 7։1, 2. Եբրայեցիս 13։4

Ձեր Որոշումները Ի՛նչպէս կ’Ազդեն Ուրիշներուն

Յաճախ ձեր որոշումները կրնան ուրիշներուն ազդել։ Ուստի երբեք դիտումնաւոր կերպով անխոհեմ,– նոյնիսկ անմիտ,– որոշում մը մի՛ կայացնէք, որ կրնայ բարեկամներու եւ ազգականներու կամ, ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ հետ ձեր թանկագին յարաբերութիւնը վտանգել։ Առակաց 10։1–ը կը նշէ. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է»։

Միւս կողմէ, գիտակցեցէք թէ երբեմն անհրաժեշտ է բարեկամութիւններու նկատմամբ ընտրութիւն մը ընել։ Օրինակ, թերեւս որոշէք մերժել ձեր նախկին կրօնական հաւատալիքները, որոնք այժմ գիտէք թէ Սուրբ Գրութիւններուն հակառակ են։ Կամ թերեւս որոշէք ձեր անձնաւորութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցնել, քանի որ կը փափաքիք ձեր կեանքը ներդաշնակել այժմ ձեր ընդունած աստուածային ուղեգծերուն հետ։ Ձեր որոշումը կրնայ կարգ մը բարեկամներու կամ ազգականներու հաճելի չթուիլ, բայց Աստուած հաճեցնող որեւէ որոշում, իմաստուն որոշում մըն է։

Իմաստուն Կերպով Մեծագոյն Որոշումը Կայացուցէք

Ընդհանուր առմամբ մարդիկ չեն գիտեր թէ ներկայիս ամէն ոք որոշումի մը դիմաց կը գտնուի. ընտրել կեանք կամ մահ։ Հ.Դ.Ա. 1473–ին, Խոստացեալ Երկրին սահմանը բանակած վաղեմի Իսրայելացիները նման պարագայ մը դիմագրաւեցին։ Որպէս Աստուծոյ խօսնակը, Մովսէս անոնց ըսաւ. «Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛, վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը այն է, որպէս զի դուն բնակիս այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ անոնց տալու»։—Բ. Օրինաց 30։19, 20

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը եւ ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տան թէ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, եւ թէ «այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Ա. Կորնթացիս 7։31) Նախագուշակուած փոփոխութիւնը յանգումի պիտի հասնի՝ սնանկացած մարդկային դրութիւնը կործանուելով, որ պիտի փոխարինուի Աստուծոյ արդար նոր աշխարհով։

Մենք այդ նոր աշխարհին սեմին կը գտնուինք։ Պիտի մտնէ՞ք՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք վայելելու համար, Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ. թէ ոչ՝ գոյութենէ պիտի դադրիք, երբ Սատանայի դրութիւնը բնաջնջուի։ (Սաղմոս 37։9-11. Առակաց 2։21, 22) Դո՛ւք պիտի որոշէք թէ ո՛ր ընթացքին հետեւիք. ասիկա իրապէս կեանքի եւ մահուան հարց է։ Շիտակ եւ իմաստուն որոշումը կայացնելու համար օգնութիւն կ’ընդունի՞ք։

Կեանքը ընտրել որոշելը կը պարփակէ՝ նախ Աստուծոյ պահանջները գիտնալ։ Եկեղեցիները մեծաւ մասամբ ճշգրտօրէն չեն հաղորդած այս պահանջները։ Անոնց առաջնորդները յաճախ մարդիկը մոլորեցուցած են, զանոնք մղելով որ ստութիւններու հաւատան եւ Աստուած տհաճեցնող բաներ ընեն։ Անոնք չեն բացատրած թէ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած պաշտելու անձնական որոշում մը պէտք է կայացնեն։ (Յովհաննու 4։24) Հետեւաբար մարդոց մեծամասնութիւնը այս քայլը չէ առած։ Բայց նկատի առէք Յիսուսի խօսքը. «Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ»։—Մատթէոս 12։30

Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ մարդոց կ’օգնեն որ Աստուծոյ Խօսքին մասին աւելի լաւ գիտութիւն մը ձեռք ձգեն։ Անոնք անհատներու կամ խմբակներու հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, անոնց յարմար եղող ժամու մը եւ վայրի մը մէջ։ Այս կարգադրութենէն օգտուիլ ուզողները, տեղական Վկաներուն հետ պէտք է կապ պահեն, կամ Դիտարան–ի հրատարակիչներուն գրեն։

Անշուշտ ոմանք արդէն Աստուծոյ պահանջներուն մասին հիմնական գիտութիւն մը կրնան ունենալ։ Անոնք նոյնիսկ կրնան համոզուած ըլլալ թէ Աստուածաշունչը ճշմարիտ եւ վստահելի է։ Սակայն անոնցմէ ոմանք Աստուծոյ նուիրուելու որոշումը կը ձգձգեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի մը պատճառներ կրնան ըլլալ։

Արդեօք անոնք չե՞ն անդրադառնար որ նուիրուելու քայլը կարեւոր է։ Յիսուս բացայայտօրէն ըսաւ. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ»։ (Մատթէոս 7։21) Աստուածաշունչի գիտութիւնը առանձին անբաւարար է. գործեր կը պահանջուին։ Նախկին քրիստոնէական ժողովքը ասոր մէջ օրինակ հանդիսացաւ։ Ոմանց մասին կը կարդանք. «Երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ»։ (Գործք 2։41. 8։12) Արդ, եթէ անհատ մը Աստուծոյ Խօսքը սրտանց ընդունած է, անոր ըսածներուն կը հաւատայ, եւ իր կեանքը Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակած է, ի՞նչ բան զինք ետ կը պահէ մկրտութեամբ իր նուիրումը խորհրդանշելէ։ (Գործք 8։34-38) Անշուշտ Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, ան այս քայլը սիրայօժար կերպով եւ ուրախ սիրտով պէտք է առնէ։—Բ. Կորնթացիս 9։7

Ոմանք կրնան խորհիլ թէ բաւարար գիտութիւն չունին որ իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրեն։ Բայց ամէն անհատ որ կեանքի նոր ընթացք մը կը սկսի, սահմանափակ գիտութիւն ունի։ Ո՞ր մասնագէտը կրնայ դաւանիլ թէ իր ասպարէզը սկսած ատեն գիտէր ի՛նչ որ հիմա գիտէ։ Աստուծոյ ծառայելու որոշումը պարզապէս կը պահանջէ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն եւ սկզբունքներուն մասին գիտութիւն ունենալ եւ անկեղծօրէն փափաքիլ անոնց համաձայն ապրիլ։

Արդեօք ոմանք իրենց որոշումը կը ձգձգեն, քանի որ կը վախնա՞ն որ անոր համաձայն չկարենան ապրիլ։ Մարդկային շատ մը յանձնառութիւններու մէջ պարփակուած է ձախողութեան մասին որոշ չափով մտահոգուիլ։ Մարդ մը որ կ’որոշէ ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել, թերեւս ինքզինք ձեւով մը անատակ զգայ, բայց յանձնառութիւն ընելը կրնայ իբր դրդապատճառ ծառայել որ ջանք թափէ իր լաւագոյնը ընելու։ Նմանապէս, պատանի մը որ ինքնաշարժ վարելու նոր արտօնագիր ստացած է, կրնայ վախնալ որ երթեւեկի արկած մը ունենայ, մանաւանդ եթէ գիտէ թէ փորձագիտանքները ցոյց կու տան թէ պատանի շարժավարները համեմատաբար աւելի արկածներ կ’ունենան, քան՝ չափահասները։ Սակայն այս տեղեկութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ, զինք մղելով որ շատ զգուշութեամբ շարժավարէ։ Արտօնագիր չառնելը վստահաբար լուծում մը չէ։

Որոշեցէք Կեանքը Ընտրել

Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ կրօնական աշխարհածաւալ դրութիւնը եւ անոր թիկունք կանգնողները, շուտով պիտի չքանան։ Սակայն անոնք որ իմաստութեամբ որոշած են կեանքը ընտրել եւ այս որոշումին համաձայն կը գործեն, պիտի մնան։ Իբր նոր աշխարհի ընկերութեան կորիզը, անոնք բաժին պիտի բերեն երկիրը դրախտի վերածելու մէջ, ինչպէս Աստուած սկիզբը մտադրած էր։ Աստուծոյ ուղղութեան ներքեւ, այս ուրախ գործին մէջ ձեր մասնակցութիւնը պիտի բերէ՞ք։

Եթէ այո, որոշեցէք Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել։ Որոշեցէք Աստուած հաճեցնելու պահանջները սորվիլ։ Որոշեցէք անոնց գոհացում տալ։ Ամէն բանէ առաջ, որոշեցէք ձեր որոշումը լիովին կատարել։ Մէկ խօսքով, որոշեցէք կեանքը ընտրել։

[Նկարներ՝ էջ 4]

Լուրջ որոշումներու համար բաւարար ժամանակ տրամադրեցէք

[Նկար՝ էջ 5]

Ասպարէզ մը ընտրելու համար խրատ փնտռեցէք

[Նկարներ՝ էջ 7]

Անոնք որ կ’որոշեն ներկայիս Աստուծոյ ծառայել, բաժին պիտի բերեն երկիրը դրախտի վերածելու մէջ