Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կիներ՝ որոնք Եհովայի սիրտը ուրախացուցին

Կիներ՝ որոնք Եհովայի սիրտը ուրախացուցին

Կիներ՝ որոնք Եհովայի սիրտը ուրախացուցին

‘Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի’։—ՀՌՈՒԹԱՅ 2։12

1, 2. Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Եհովայի սիրտը ուրախացնող կիներու օրինակներուն վրայ խոկալով, ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ վախը երկու կիներ մղեց որ Փարաւոնի մը ասպարէզ կարդան։ Հաւատքէ մղուած պոռնիկ մը իր կեանքը վտանգեց երկու Իսրայելացի լրտեսներ պաշտպանելու համար։ Տագնապի մը ընթացքին կնոջ մը ցուցաբերած խելամտութիւնն ու խոնարհութիւնը, շատերու կեանքը փրկեց եւ արգելք հանդիսացաւ որ Եհովայի օծեալը արիւնապարտ ըլլայ։ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը եւ հիւրասիրութեան հոգին, մղեցին որբեւայրի մը որ մայր մըն էր, որ իր վերջին ճաշը Աստուծոյ մարգարէին տայ։ Ասոնք Աստուածաշունչին մէջ յիշուած բազմաթիւ կիներէն քանի մը հատն են, որոնք Եհովայի սիրտը ուրախացուցին։

2 Այսպիսի կիներու հանդէպ Եհովայի տեսակէտը եւ անոնց վրայ տեղացուցած իր օրհնութիւնները, ցոյց կու տան թէ ամէն բանէ աւելի զինք կը հաճեցնեն հոգեւոր յատկութիւնները, որոնք կը գերազանցեն անհատին սեռը։ Ֆիզիքական երեւոյթով կլանուած մերօրեայ աշխարհին մէջ, հոգեւորականութեան նախապատուութիւն տալը մարտահրաւէր մըն է։ Սակայն այդ մարտահրաւէրը կարելի՛ է դիմագրաւել, ինչպէս ցոյց կը տրուի ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող միլիոնաւոր աստուածավախ կիներու կողմէ։ Այս Քրիստոնեայ կիները կ’ընդօրինակեն Աստուածաշունչին մէջ յիշուած աստուածավախ կիներուն ցուցաբերած հաւատքը, հիւրասիրութիւնը եւ այլ գեղեցիկ յատկութիւնները։ Անշուշտ Քրիստոնեայ տղամարդիկ ալ կ’ուզեն վաղեմի օրինակելի կիներու կողմէ ցուցաբերուած յատկութիւնները ընդօրինակել։ Աւելի մեծ տարողութեամբ զանոնք ընդօրինակելու կերպը գիտնալու համար, աւելի մանրամասնօրէն նկատի առնենք Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը յօդուածին սկիզբը յիշուած կիներուն մասին։—Հռովմայեցիս 15։4. Յակոբու 4։8

Փարաւոնի մը Ասպարէզ Կարդացող Կիներ

3, 4. (ա) Սեփրան ու Փուան ինչո՞ւ մերժեցին Փարաւոնին հնազանդիլ, երբ հրամայեց որ Իսրայելացի իւրաքանչիւր արու նորածին սպաննուի։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս վարձատրեց երկու մանկաբարձները, իրենց քաջութեան ու աստուածավախութեան համար։

3 Բ. Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, Գերմանիայի մէջ տեղի ունեցած Նուրեմպէրկի դատավարութիւններու ընթացքին, զանգուածային սպանդ գործողներէն շատեր փորձեցին իրենց ոճիրները չքմեղացնել, առարկելով թէ իրենք պարզապէս հրահանգներու կը հնազանդէին։ Այժմ զանոնք բաղդատեցէք երկու Իսրայելացի մանկաբարձներու՝ Սեփրայի եւ Փուայի՝ հետ, որոնք վաղեմի Եգիպտոսի մէջ անունը չյիշուած բայց բռնակալ Փարաւոնի մը իշխանութեան ընթացքին ապրեցան։ Վախնալով հետզհետէ ուռճացող Եբրայեցի բնակչութենէն, Փարաւոն այս երկու մանկաբարձներուն հրամայեց որ բոլոր Եբրայեցի արու նորածինները սպաննեն։ Այս կիները ի՞նչպէս հակազդեցին այս սոսկալի հրամանին։ Անոնք ‘Եգիպտոսի թագաւորին իրենց ըսածին պէս չըրին. հապա արուներն ալ ողջ թողուցին’։ Այս կիները ինչո՞ւ մարդու վախի տեղի չտուին։ Քանի որ անոնք ճշմարիտ «Աստուծմէ վախցան»։—Ելից 1։15, 17. Ծննդոց 9։6

4 Այս մանկաբարձները Եհովայի ապաւինեցան, եւ ինք իր կարգին իրենց «ասպար» եղաւ, զիրենք պաշտպանելով Փարաւոնի բարկութենէն։ (Բ. Թագաւորաց 22։31. Ելից 1։18-20) Սակայն Եհովայի օրհնութիւնը հոս չվերջացաւ։ Ան Սեփրան ու Փուան վարձատրեց, թոյլ տալով որ իրենք ալ ընտանիքներ կազմեն։ Ան նոյնիսկ այս կիները պատուեց, անոնց անուններն ու արարքները իր ներշնչեալ Խօսքին մէջ արձանագրել տալով, որպէսզի ապագայ սերունդները կարդան, մինչ Փարաւոնին անունը պատմութեան էջերուն մէջ կորսուած է։—Ելից 1։21. Ա. Թագաւորաց 2։30բ. Առակաց 10։7

5. Ներկայիս բազմաթիւ Քրիստոնեայ կիներ ի՞նչպէս Սեփրայի ու Փուայի կեցուածքը կը ցուցաբերեն, եւ Եհովա ի՞նչպէս պիտի վարձատրէ զանոնք։

5 Սեփրայի ու Փուայի նման կիներ կա՞ն ներկայիս։ Այո՛, արդարեւ։ Ամէն տարի, հազարաւոր այսպիսի կիներ խիզախօրէն Աստուածաշունչի փրկարար պատգամը կը քարոզեն երկիրներու մէջ, ուր «թագաւորին հրաման»ը զայն կ’արգիլէ, այսպէս իրենց ազատութիւնը եւ նոյնիսկ կեանքը վտանգելով։ (Եբրայեցիս 11։23. Գործք 5։28, 29) Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէրէ մղուած, այսպիսի քաջ կիներ ոչ ոքի թոյլ կու տան որ զիրենք ետ կեցնէ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելէ։ Հետեւաբար, բազմաթիւ Քրիստոնեայ կիներ հակառակութիւն ու հալածանք կը դիմագրաւեն։ (Մարկոս 12։30, 31. 13։9-13) Սեփրայի ու Փուայի պարագային նման, Եհովա նաեւ քաջատեղեակ է այսպիսի հոյակապ ու խիզախ կիներու արարքներուն, եւ անոնց հանդէպ իր սէրը պիտի ցուցաբերէ անոնց անունները իր «կենաց գրքին» մէջ պահելով, պայմանաւ որ մինչեւ վերջ համբերեն։—Փիլիպպեցիս 4։3. Մատթէոս 24։13

Նախկին Պոռնիկ մը Եհովայի Սիրտը կ’Ուրախացնէ

6, 7. (ա) Ռախաբ Եհովայի ու Իր ժողովուրդին մասին ի՞նչ գիտէր, եւ իր գիտցածը ի՞նչպէս ազդեց իրեն։ (բ) Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կը պատուէ Ռախաբը։

6 Հ.Դ.Ա. 1473–ին, Ռախաբ անունով պոռնիկ մը կ’ապրէր Քանանացիներուն Երիքով քաղաքին մէջ։ Ըստ երեւոյթին, Ռախաբ իրազեկ անհատ մըն էր։ Երբ երկու Իսրայելացի լրտեսներ իր տան մէջ ապաստանեցան, ան կրցաւ անոնց պատմել կարգ մը յատկանշական մանրամասնութիւններ Եգիպտոսէն Իսրայելացիներու հրաշալի ելքին մասին, թէեւ այդ դէպքը 40 տարի առաջ տեղի ունեցած էր։ Ան նաեւ տեղեակ էր Ամօրհացիներու Սեհոն ու Ովգ թագաւորներուն վրայ Իսրայէլի տարած վերջին յաղթանակներէն։ Նկատեցէք թէ այս տեղեկութիւնները ի՛նչպէս ազդած էին իրեն։ Խօսքը լրտեսներուն ուղղելով՝ ան ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ . . . քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած»։ (Յեսուայ 2։1, 9-11) Եհովայի եւ Իսրայէլի ի նպաստ Իր արարքներուն մասին Ռախաբի լսած բաները, իր սիրտին խօսեցան եւ անոր հանդէպ հաւատք կերտեցին։—Հռովմայեցիս 10։10

7 Ռախաբի հաւատքը զինք գործի մղեց։ Ան Իսրայելացի լրտեսները ‘խաղաղութեամբ ընդունեց’, եւ անոնց կենարար հրահանգներուն հնազանդեցաւ երբ Իսրայէլ Երիքովի վրայ յարձակեցաւ։ (Եբրայեցիս 11։31. Յեսուայ 2։18-21) Կասկած չկայ որ Ռախաբի հաւատքի գործերը Եհովայի սիրտը ուրախացուցին, քանի որ Ան Քրիստոնեայ Յակոբոս աշակերտը ներշնչեց, որ Ռախաբի անունը Աբրահամի՝ Աստուծոյ բարեկամին՝ անունին հետ մէկտեղ յիշուի, որպէս Քրիստոնեաներու կողմէ ընդօրինակուելու արժանի տիպար մը։ Յակոբոս գրեց. «Նոյնպէս ալ Ռախաբ պոռնիկը չէ՞ որ գործերով արդարացաւ, երբ լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց զանոնք»։—Յակոբու 2։25

8. Եհովա ի՞նչպէս օրհնեց Ռախաբը իր հաւատքին ու հնազանդութեան համար։

8 Եհովա շատ մը կերպերով վարձատրեց Ռախաբը։ Նախ՝ հրաշքով անոր եւ անոր տան մէջ ապաստանող բոլոր անհատներուն կեանքը խնայեց, այսինքն՝ «անոր հօրը տունը եւ անոր ամէն ունեցածը»։ Ապա ան թոյլ տուաւ որ «Իսրայէլի մէջ բնակին», ուր անոնց հետ բնիկի մը նման պիտի վարուէին։ (Յեսուայ 2։13. 6։22-25. Ղեւտացւոց 19։33, 34) Բայց օրհնութիւնները հոս վերջ չգտան։ Եհովա Ռախաբի շնորհեց նաեւ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրը ըլլալու պատիւը։ Ասիկա հաւատարիմ սիրոյ ի՜նչ մեծ ցուցաբերում մըն էր կնոջ մը հանդէպ որ ժամանակին կռապաշտ Քանանացի մըն էր։ *Սաղմոս 130։3, 4

9. Ռախաբի ու առաջին դարու կարգ մը Քրիստոնեայ կիներու հանդէպ Եհովայի կեցուածքը ի՞նչպէս կրնայ ներկայիս կարգ մը կիներ քաջալերել։

9 Առաջին դարէն մինչեւ այսօր, Ռախաբի նման, կարգ մը Քրիստոնեայ կիներ իրենց անբարոյ կենցաղը լքած են Աստուած հաճեցնելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11) Անտարակոյս անոնցմէ ոմանք մեծցած էին վաղեմի Քանանի նման միջավայրի մը մէջ, ուր անբարոյութիւնը լայնատարած էր եւ նոյնիսկ բնական կը նկատուէր։ Սակայն անոնք Սուրբ Գրութիւններուն ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած հաւատքէ մղուելով, իրենց ճամբաները փոխեցին։ (Հռովմայեցիս 10։17) Հետեւաբար այսպիսի կիներու մասին կրնայ ըսուիլ թէ «ամօթ չի սեպեր Աստուած անոնց Աստուածը կոչուիլը»։ (Եբրայեցիս 11։16) Ի՜նչ մեծ պատիւ մը։

Օրհնուեցաւ՝ Իր Խելամտութեան Համար

10, 11. Նաբաղի ու Դաւիթի հետ առնչուած ո՞ր պարագաները մղեցին Աբիգիան որ գործի լծուի։

10 Վաղեմի հաւատարիմ կիներէն շատեր, ուշագրաւօրէն խելամտութիւն ցուցաբերեցին, Եհովայի ժողովուրդին համար թանկարժէք դառնալով։ Անոնցմէ մէկն էր Աբիգիա, հարուստ ու կալուածատէր Իսրայելացի Նաբաղի կինը։ Աբիգիայի խելամտութիւնը կեանքեր փրկելու նպաստեց, եւ արգելք հանդիսացաւ որ Դաւիթ՝ Իսրայէլի ապագայ թագաւորը, արիւնապարտ ըլլայ։ Աբիգիայի մասին կրնանք կարդալ Ա. Թագաւորաց 25–րդ գլուխին մէջ։

11 Պատմութիւնը կը սկսի մինչ Դաւիթ ու իր հետեւորդները բանակած են Նաբաղի հօտերուն մօտ։ Անոնք գիշեր–ցերեկ ձրիօրէն կը պահպանեն այս հօտերը, իրենց հայրենակից Նաբաղի հանդէպ ազնուութենէ մղուած։ Երբ Դաւիթի պարէնը կը նուազի, տասը մանչ կը ղրկէ Նաբաղի, իրմէ ուտելիք խնդրելով։ Այժմ Նաբաղ Դաւիթի հանդէպ իր գնահատութիւնը ցուցաբերելու եւ զինք որպէս Եհովայի օծեալը պատուելու պատեհութիւն ունի։ Բայց Նաբաղ ճիշդ հակառակը կ’ընէ։ Զայրացած՝ ան Դաւիթը կը նախատէ եւ մանչերը ձեռնունայն կը վերադարձնէ։ Երբ Դաւիթ ասիկա կը լսէ, 400 զինեալ հաւաքելով ճամբայ կ’ելլէ վրէժ լուծելու համար։ Աբիգիա իր ամուսինին կոշտ ընդառաջումին մասին իմանալով, արագօրէն ու խոհեմութեամբ գործի կը լծուի, մեծ քանակով ուտելիք ղրկելով՝ Դաւիթին հաճութիւնը շահելու համար։ Ապա անձամբ Դաւիթի քով կ’երթայ։—Համարներ՝ 2-20

12, 13. (ա) Աբիգիա ի՞նչպէս խելամտութիւն եւ Եհովայի ու իր օծեալին հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ։ (բ) Երբ Աբիգիա տուն վերադարձաւ՝ ի՞նչ ըրաւ, եւ հարցերը ի՞նչպէս զարգացան։

12 Երբ Աբիգիա Դաւիթի կը հանդիպի, Եհովայի օծեալին հանդէպ իր խոր յարգանքը ցոյց կու տայ, խոնարհաբար աղաչելով որ ողորմութիւն ցուցաբերէ։ «Տէրը իմ տիրոջս անպատճառ հաստատ տուն պիտի շինէ, որովհետեւ իմ տէրս Տէրոջը պատերազմները պատերազմեցաւ», կ’ըսէ ան, ապա կ’աւելցնէ թէ Եհովա Դաւիթը Իսրայէլի վրայ առաջնորդ պիտի նշանակէ։ (Համարներ՝ 28-30) Նոյն ատեն, Աբիգիա բաւական քաջութիւն ցոյց կու տայ, Դաւիթի ըսելով թէ իր անզուսպ վրէժխնդրութիւնը արիւնապարտութեան պիտի առաջնորդէ։ (Համարներ՝ 26, 31) Աբիգիայի խոնարհութիւնը, խոր յարգանքը եւ պայծառ մտածումը Դաւիթը կը զգաստացնեն։ Ան կը պատասխանէ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ»։—Համարներ՝ 32, 33

13 Տուն վերադառնալով, Աբիգիա քաջաբար կը փորձէ իր ամուսինին իմացնել Դաւիթի մատուցած իր ընծաներուն մասին։ Սակայն զինք ‘շատ գինովցած’ գտնելով, կը սպասէ մինչեւ որ ան զգաստանայ, ապա կը պատմէ անոր։ Նաբաղ ի՞նչպէս կը հակազդէ։ Ան ա՛յնքան կը զարհուրի, որ հաւանաբար տեսակ մը անդամալուծութեամբ կը զարնուի։ Տասը օր ետք, ան Աստուծոյ ձեռքով կը մեռնի։ Դաւիթ Նաբաղի մահուան մասին իմանալով, Աբիգիայի ձեռքը կը խնդրէ, որուն հանդէպ իրապէս բարձր համարում եւ խոր յարգանք ունի, իսկ Աբիգիա անոր առաջարկը կ’ընդունի։—Համարներ՝ 34-42

Կրնա՞ք Աբիգիայի Նման Ըլլալ

14. Աբիգիայի ո՞ր յատկութիւնները թերեւս ուզենք աւելի մեծ տարողութեամբ մշակել։

14 Կին ըլլաք թէ տղամարդ, Աբիգիայի մէջ կարգ մը յատկութիւններ կը տեսնէ՞ք, որ կ’ուզէք աւելի մեծ տարողութեամբ մշակել։ Թերեւս կը փափաքիք աւելի խոհեմութեամբ եւ խելամտութեամբ վարուիլ, երբ դժուարութիւններ ծագին։ Կամ՝ թերեւս կ’ուզէք հանդարտ ու բանական կերպով խօսիլ, երբ ձեր շուրջինները բորբոքած են։ Եթէ այս է պարագան, ինչո՞ւ այս հարցին նկատմամբ Եհովայի չաղօթէք։ Ան կը խոստանայ իմաստութիւն, խորատեսութիւն եւ հանճար տալ, բոլոր անոնց որ ‘հաւատքով կը խնդրեն’։—Յակոբու 1։5, 6. Առակաց 2։1-6, 10, 11

15. Յատկապէս ո՞ր պարագաներուն կարեւոր է որ Քրիստոնեայ կիներ Աբիգիայի յատկութիւնները ցուցաբերեն։

15 Այսպիսի յատկութիւններ յատկապէս կարեւոր են այն կնոջ, որուն ամուսինը անհաւատ է եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հանդէպ բնաւ յարգանք չունի։ Թերեւս ան գինեմոլ է։ Կը յուսանք որ այսպիսի տղամարդիկ իրենց ճամբաները փոխեն։ Շատեր փոխած են, յաճախ ընդառաջելով իրենց կիներուն հեզ, յարգալից ու մաքուր վարքին։—Ա. Պետրոս 3։1, 2, 4

16. Տան մէջ իր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, Քրիստոնեայ քոյրը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը ամէն բանէ աւելի կ’արժեւորէ։

16 Տան մէջ ի՛նչ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւելու ըլլաք, մտաբերեցէք թէ Եհովա միշտ պատրաստ է ձեզի թիկունք կանգնելու։ (Ա. Պետրոս 3։12) Ուստի ջանացէք ձեր հոգեւորականութիւնը ամրապնդել։ Աղօթքով խնդրեցէք իմաստութիւն եւ սիրտի հանդարտութիւն։ Եհովայի մօտեցէք՝ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան, աղօթքի, խորհրդածութեան եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու ընկերակցութեան միջոցով։ Աստուծոյ հանդէպ Աբիգիայի սէրը եւ անոր օծեալ ծառային հանդէպ իր վերաբերմունքը չէին ազդուած իր ամուսինին ոչ–հոգեւոր հայեցակէտէն։ Ան արդար սկզբունքներու հիման վրայ վարուեցաւ։ Նոյնիսկ այն ընտանիքներուն մէջ, ուր ամուսինը Աստուծոյ օրինակելի ծառայ մըն է, Քրիստոնեայ կինը կը գիտակցի թէ պէտք է շարունակ ծանր աշխատի, իր անձնական հոգեւորականութիւնը կերտելու եւ պահպանելու համար։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը կը պահանջէ իր ամուսինէն որ իրեն հոգ տանի հոգեւոր ե՛ւ նիւթական գետնի վրայ, սակայն ի վերջոյ, կինը ‘ահով ու դողով իր անձին փրկութիւնը պէտք է գործէ’։—Փիլիպպեցիս 2։12. Ա. Տիմոթէոս 5։8

Ան «Մարգարէի Վարձք» Ստացաւ

17, 18. (ա) Սարեփթայի որբեւայրին հաւատքի ի՞նչ տարօրինակ փորձութիւն մը դիմագրաւեց։ (բ) Որբեւայրին ի՞նչպէս ընդառաջեց Եղիայի խնդրանքին, եւ Եհովա ի՞նչպէս վարձատրեց զինք։

17 Եղիա մարգարէի օրերուն, աղքատ որբեւայրիի մը հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած հոգատարութիւնը ցոյց կու տայ թէ Ան խորապէս կը գնահատէ ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնող անհատները, որոնք իրենց անձը եւ նիւթական միջոցները չեն խնայեր։ Եղիայի օրերուն երկարատեւ երաշտ մը կը սպառնար շատերը սովամահ ընել, ի ներառեալ Սարեփթայի մէջ ապրող որբեւայրի մը ու անոր տղան։ Ճիշդ երբ իրենց վերջին ճաշը ուտելու վրայ էին, այցելու մը եկաւ. Եղիա մարգարէն։ Ան շատ տարօրինակ բան մը խնդրեց։ Կնոջ դժուարին կացութենէն տեղեակ ըլլալով հանդերձ, ան կնոջմէ խնդրեց որ իրեն համար «պզտիկ շօթ մը շինէ», գործածելով իւղին ու ալիւրին վերջին պարէնը։ Բայց աւելցուց. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրի վրայ անձրեւ տայ’»։—Գ. Թագաւորաց 17։8-14

18 Եթէ այդ կնոջ տեղը ըլլայիք, ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէիք այդ տարօրինակ խնդրանքին։ Սարեփթայի որբեւայրին «Եղիային ըսածին պէս ըրաւ», ըստ երեւոյթին՝ ճանչնալով թէ ան Եհովայի մարգարէն էր։ Եհովա ի՞նչպէս ընդառաջեց անոր հիւրասիրութեան։ Երաշտի ընթացքին, Եհովա հրաշալիօրէն ուտելիք հայթայթեց այս կնոջ, անոր որդիին ու Եղիային։ (Գ. Թագաւորաց 17։15, 16) Արդարեւ Եհովա Սարեփթայի որբեւայրիին «մարգարէի վարձք» տուաւ, թէեւ ան Իսրայելացի մը չէր։ (Մատթէոս 10։41) Աստուծոյ Որդին նաեւ պատուեց այս կինը, երբ իր ծննդավայրի՝ Նազարէթի՝ անհաւատ բնակիչներուն առջեւ անոր օրինակը յիշեց։—Ղուկաս 4։24-26

19. Ներկայիս Քրիստոնեայ կիներէն շատեր ի՞նչ կերպերով Սարեփթայի որբեւայրիին հոգին կը ցուցաբերեն, եւ Եհովա անոնց հանդէպ ի՞նչպէս կը զգայ։

19 Ներկայիս, Քրիստոնեայ կիներէն շատեր Սարեփթայի որբեւայրիին հոգին կ’արտացոլացնեն։ Օրինակ, ամէն շաբաթ, անձնուէր Քրիստոնեայ քոյրեր,– որոնցմէ շատեր աղքատ ու ընտանիքի տէր են,– ճամբորդող տեսուչներն ու անոնց կիները կը հիւրասիրեն։ Ուրիշներ, իրենց ժողովքի լիաժամ ծառաները ճաշի կը հրաւիրեն, կարօտեալներուն կ’օգնեն, կամ զանազան կերպերով իրենց անձը եւ նիւթական միջոցները կը տրամադրեն, Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնելու համար։ (Ղուկաս 21։4) Եհովա այսպիսի զոհողութիւններ կը նկատէ՞։ Անշո՛ւշտ։ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։—Եբրայեցիս 6։10

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Առաջին դարուն, կարգ մը աստուածավախ կիներ Յիսուսի ու իր առաքեալներուն սպասաւորութիւն ընելու առանձնաշնորհումը ունեցան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք թէ այս կիները ի՛նչպէս Եհովայի սիրտը ուրախացուցին, նաեւ նկատի պիտի առնենք այժմու կիներուն օրինակը, որոնք բոլորանուէր կերպով Եհովայի կը ծառայեն, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Ըստ Մատթէոսի արձանագրութեան, Յիսուսի ծննդաբանութիւնը կը յիշէ չորս կիներու անուններ՝ Թամար, Ռախաբ, Հռութ եւ Մարիամ։ Բոլորն ալ Աստուծոյ Խօսքին մէջ մեծարուած են։—Մատթէոս 1։3, 5, 16

Վերաքաղի համար

• Հետեւեալ կիները ի՞նչպէս Եհովայի սիրտը ուրախացուցին.

• Սեփրա եւ Փուա

• Ռախաբ

• Աբիգիա

• Սարեփթայի որբեւայրին

• Այս կիներուն ձգած օրինակներուն մասին խոկալը ի՞նչպէս կրնայ մեզի անձնապէս օգնել։ Բացատրեցէք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 19]

Բազմաթիւ հաւատարիմ կիներ Աստուծոյ ծառայած են, հակառակ «թագաւորին հրաման»ին

[Նկար՝ էջ 20]

Ռախաբ ինչո՞ւ հաւատքի տէր անհատի մը ընտիր մէկ օրինակն է

[Նկար՝ էջ 20]

Աբիգիայի ցուցաբերած ո՞ր յատկութիւնները կ’ուզէք ընդօրինակել

[Նկար՝ էջ 22]

Ներկայիս Քրիստոնեայ կիներէն շատեր վաղեմի Սարեփթայի որբեւայրիին հոգին կը ցուցաբերեն