Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարիմ քրիստոնեայ կիներ՝ Աստուծոյ թանկագին երկրպագուներ

Հաւատարիմ քրիստոնեայ կիներ՝ Աստուծոյ թանկագին երկրպագուներ

Հաւատարիմ քրիստոնեայ կիներ՝ Աստուծոյ թանկագին երկրպագուներ

«Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի»։—ԱՌԱԿԱՑ 31։30

1. Գեղեցկութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչպէս տարբեր է աշխարհի տեսակէտէն։

ԱՇԽԱՐՀԸ դրսերեւոյթին վրայ շատ շեշտ կը դնէ, յատկապէս կիներու պարագային։ Սակայն Եհովա գլխաւորաբար հետաքրքրուած է ներքին անձով, որ կրնայ տարիքի բերմամբ աւելի գեղեցկանալ։ (Առակաց 16։31) Ուստի Աստուածաշունչը կիները կը յորդորէ. «Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է»։—Ա. Պետրոս 3։3, 4

2, 3. Առաջին դարուն, կիներ ի՞նչպէս նպաստեցին բարի լուրի յառաջդիմութեան, եւ ասիկա ի՞նչպէս նախագուշակուած էր։

2 Աստուածաշունչը կը յիշէ բազմաթիւ կիներ, որոնք այսպիսի գովելի հոգի մը ցուցաբերեցին։ Առաջին դարուն, անոնցմէ ոմանք Յիսուսի ու առաքեալներուն սպասաւորութիւն ընելու առանձնաշնորհումը ունեցան։ (Ղուկաս 8։1-3) Հետագային, Քրիստոնեայ կիներ նախանձախնդիր աւետարանիչներ եղան. ուրիշներ՝ առաջնորդութիւն առնող Քրիստոնեայ տղամարդոց թանկարժէք աջակցութիւն մատուցանեցին, ի ներառեալ Պօղոս առաքեալի. իսկ ոմանք բացառիկ հիւրասիրութիւն ցուցաբերեցին, նոյնիսկ իրենց տունը ժողովքային հանդիպումներու համար մատչելի դարձնելով։

3 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ մարգարէացուած էր որ Եհովա հզօր կերպով կիներ պիտի գործածէր, իր կամքը կատարելու համար։ Օրինակ, Յովելեայ 2։28, 29–ն նախագուշակեց թէ տղամարդիկ ու կիներ, երիտասարդ ու տարեց, սուրբ հոգին պիտի ստանային եւ Թագաւորութեան բարի լուրը տարածելու մէջ բաժին պիտի բերէին։ Մարգարէութիւնը սկսաւ կատարուիլ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ (Գործք 2։1-4, 16-18) Հոգիէն օծուած կարգ մը կիներու հրաշագործ պարգեւներ շնորհուեցան, ինչպէս՝ մարգարէանալու պարգեւը։ (Գործք 21։8, 9) Ծառայութեան մէջ իրենց նախանձախնդրութեամբ, հաւատարիմ քոյրերու այս մեծ հոգեւոր բանակը առաջին դարուն Քրիստոնէութեան արագ տարածման նպաստեց։ Իրականութեան մէջ, շուրջ Հ.Դ. 60–ին, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։—Կողոսացիս 1։23

Գովաբանուած՝ Իրենց Քաջութեան, Նախանձախնդրութեան ու Հիւրասիրութեան Համար

4. Պօղոս ինչո՞ւ վաւերական պատճառ ունէր առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ կարգ մը կիներ գովաբանելու։

4 Օրինակի համար, Պօղոս առաքեալ երախտապարտ էր կարգ մը կիներու կատարած ծառայութեան համար, ճիշդ ինչպէս որ Քրիստոնեայ տեսուչներ ներկայիս կ’արժեւորեն նախանձախնդիր քոյրերու կատարած ծառայութիւնը։ Պօղոսի յիշած կիներէն ոմանք են՝ ‘Տրիփոնէն ու Տրիփոսէն, Տէրոջմով աշխատողներ’, նաեւ՝ ‘Պերսիդէ սիրելին, որ շատ աշխատեցաւ Տէրոջմով’։ (Հռովմայեցիս 16։12) Պօղոս գրեց թէ Եւոդիան ու Սիւնտիքը ‘իրեն հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ’։ (Փիլիպպեցիս 4։2, 3) Պրիսկիղա ու իր ամուսինը Ակիւղասն ալ Պօղոսի կողքին ծառայեցին։ Անոնք Պօղոսի համար «իրենց պարանոցները տուին», զինք մղելով որ գրէ. «Ոչ միայն ես շնորհակալ կ’ըլլամ, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ»։—Հռովմայեցիս 16։3, 4. Գործք 18։2

5, 6. Պրիսկիղա ի՞նչ կերպերով օրինակ հանդիսացաւ այժմու քոյրերուն։

5 Ի՞նչ բան Պրիսկիղայի նախանձախնդրութեան ու քաջութեան նպաստեց։ Ասոր բացատրութիւնը կը գտնենք Գործք Առաքելոց 18։24-26–ի մէջ, ուր կը կարդանք թէ ան իր ամուսինին հետ միասին տաղանդաւոր դասախօսի մը՝ Ապօղոսի՝ օգնեց, որ յայտնուած ճշմարտութեան հետ քայլ պահէ։ Բացայայտ է թէ Պրիսկիղա Աստուծոյ Խօսքին եւ առաքեալներու ուսուցումին ժրաջան մէկ աշակերտն էր։ Ասոր շնորհիւ, ան հոյակապ յատկութիւններ մշակեց, որոնք զինք Աստուծոյ ու իր ամուսինին աչքին թանկագին դարձուցին, նաեւ՝ նախկին ժողովքին արժէքաւոր մէկ անդամը։ Ներկայիս նոյնքան թանկագին են ծանր աշխատող Քրիստոնեայ քոյրերը, որոնք ջանադրութեամբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, եւ «հաւատարիմ տնտես»ին միջոցով Եհովայի հայթայթած հոգեւոր սնունդը կ’իւրացնեն։—Ղուկաս 12։42

6 Ակիւղասն ու Պրիսկիղա բացառիկ կերպով հիւրասէր էին։ Պօղոս իրենց տան մէջ մնաց, երբ Կորնթոսի մէջ իրենց հետ վրանագործութիւն կ’ընէր։ (Գործք 18։1-3) Երբ ամոլը Եփեսոս փոխադրուեցան ու հետագային՝ Հռովմ, անոնք շարունակեցին քրիստոնէական հիւրասիրութիւն ցուցաբերել, իրենց տունը նոյնիսկ ժողովքային հանդիպումներու համար մատչելի դարձնելով։ (Գործք 18։18, 19. Ա. Կորնթացիս 16։8, 19) Նիմփասը եւ Մարկոսի մայրը՝ Մարիամ, նոյնպէս իրենց տուները ժողովքային հանդիպումներու համար մատչելի դարձուցին։—Գործք 12։12. Կողոսացիս 4։15

Ներկայիս Թանկագին Սատար մը

7, 8. Բազմաթիւ Քրիստոնեայ կիներ սրբազան ծառայութեան ի՞նչ գովելի արձանագրութիւն շինած են, եւ անոնք ի՞նչ բանի նկատմամբ կրնան վստահ ըլլալ։

7 Ինչպէս առաջին դարուն, ներկայիս ալ հաւատարիմ Քրիստոնեայ կիներ Աստուծոյ նպատակին մէջ կարեւոր դեր մը կը խաղան, մանաւանդ՝ աւետարանչական գործին մէջ։ Իսկ այս քոյրերը ի՜նչ հոյակապ արձանագրութիւն մը շինած են։ Նկատի առէք Կուէնի օրինակը, որ աւելի քան 50 տարի հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայեց, մինչեւ իր մահը 2002–ին։ «Իբր աւետարանիչ Կուէնի նախանձախնդրութիւնը քաղաքին մէջ գրեթէ բոլորին ծանօթ էր», կ’ըսէ անոր ամուսինը։ «Կուէնի համար, իւրաքանչիւր անհատ Եհովայի սիրոյն ու խոստումներուն հաւանական մէկ ընկալողն էր։ Աստուծոյ, իր կազմակերպութեան եւ մեր ընտանիքին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ վհատութեան պահերուն իր սիրալիր քաջալերութիւնը, ինծի ու մեր զաւակներուն մեծապէս օգնած են, մեր իմաստալից ու վարձահատոյց կեանքի ընթացքին։ Զինք շատ կը կարօտնանք»։ Կուէն եւ իր ամուսինը 61 տարի ամուսնացած էին։

8 Տասնեակ հազարաւոր Քրիստոնեայ կիներ, ամուրի թէ ամուսնացած, կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ ու միսիոնարներ, կեանքի անհրաժեշտութիւններով գոհունակ, մինչ Թագաւորութեան պատգամը կը տարածեն՝ խճողուած քաղաքներէն մինչեւ մեկուսացած շրջաններու մէջ։ (Գործք 1։8) Շատեր չեն ուզած սեպհական տուն մը կամ զաւակներ ունենալ, աւելի լման կերպով Եհովայի ծառայելու համար։ Կան կիներ որոնք հաւատարմօրէն թիկունք կը կանգնին որպէս ճամբորդող տեսուչ ծառայող իրենց ամուսիններուն, իսկ հազարաւոր քոյրեր համայն աշխարհի մէջ Պէթէլի տուներուն մէջ կը ծառայեն։ Անկասկած այս անձնազոհ կիները մաս կը կազմեն «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաներուն», որոնք Եհովայի տունը փառքով կը լեցնեն։—Անգեայ 2։7

9, 10. Ընտանիքի կարգ մը անդամներ, Քրիստոնեայ կիներու ու մայրերու օրինակին հանդէպ ի՞նչպէս գնահատութիւն յայտնած են։

9 Անշուշտ Քրիստոնեայ կիներէն շատեր ընտանեկան պատասխանատուութիւններ ունին, որոնց հոգ պէտք է տանին. այսուհանդերձ, անոնք Թագաւորութեան շահերը առաջնակարգ տեղը կը դնեն։ (Մատթէոս 6։33) Ամուրի ռահվիրայ քոյր մը գրեց. «Իր անխախտ հաւատքին ու ընտիր օրինակին շնորհիւ, մայրս կարեւոր դեր մը խաղցաւ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալուս մէջ։ Իրականութեան մէջ, ան իմ լաւագոյն ռահվիրայ ընկերակիցներէս մէկն էր»։ Ամուսին մը իր կնոջ մասին կ’ըսէ, որ այժմ հինգ չափահաս աղջիկներու մայր է. «Մեր տունը միշտ մաքուր եւ կոկիկ էր։ Պոնի զայն պարզ կը պահէր ու չէր խճողեր, որպէսզի մեր ընտանիքը կարենար հոգեւոր հետապնդումներու վրայ կեդրոնանալ։ Ան մեր եկամուտը զգուշօրէն գործածելով, կրցայ 32 տարի մասնակի ժամանակով աշխատիլ, եւ ասիկա զիս կարող դարձուց որ ընտանիքին ու հոգեւոր հարցերուն աւելի ժամանակ յատկացնեմ։ Կինս նաեւ մեր զաւակներուն սորվեցուց ծանր աշխատանքին արժէքը։ Իր մասին միայն գովասանքով կրնամ խօսիլ»։ Ներկայիս, թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը կը ծառայեն Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ։

10 Ամուսին մը իր կնոջ մասին կը գրէ, որ այժմ չափահաս զաւակներ ունի. «Ինծի համար Սուզանի անձնաւորութեան ամենէն սիրելի յատկութիւններն են՝ Աստուծոյ ու մարդոց հանդէպ անոր բուռն սէրը, ինչպէս նաեւ իր հասկացողութիւնը, կարեկցութիւնը եւ պարկեշտութիւնը։ Ան միշտ այն տեսակէտը ունի թէ Եհովա մեր լաւագոյնը ստանալու արժանի է. սկզբունք մը, որ անձնապէս կը կիրարկէ թէ՛ որպէս Աստուծոյ ծառայ եւ թէ որպէս մայր»։ Իր կնոջ աջակցութեամբ, այս ամուսինը կրցած է կարգ մը հոգեւոր առանձնաշնորհումներ ընդունիլ, ի ներառեալ՝ ծառայել իբր երէց, ռահվիրայ, շրջանային տեսուչի փոխանորդ եւ Հիւանդանոցի Յարակցութեան Յանձնախումբի անդամ։ Այսպիսի կիներ որքա՜ն թանկագին են իրենց ամուսիններուն, Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն, եւ ամենէն աւելի՝ Եհովայի համար։—Առակաց 31։28, 30

Ամուսին Չունեցող Թանկագին Կիներ

11. (ա) Հաւատարիմ կիներուն՝ յատկապէս որբեւայրիներուն՝ հանդէպ, Եհովա իր հետաքրքրութիւնը ի՞նչպէս յայտնած է։ (բ) Քրիստոնեայ որբեւայրիներ եւ ամուսին չունեցող այլ հաւատարիմ քոյրեր, ի՞նչ բանէ վստահ կրնան ըլլալ։

11 Եհովա յաճախ որբեւայրիներու բարօրութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն յայտնած է։ (Բ. Օրինաց 27։19. Սաղմոս 68։5. Եսայեայ 10։1, 2) Ան չէ փոխուած։ Ան կը շարունակէ խորապէս հետաքրքրուիլ ո՛չ միայն որբեւայրիներով, այլ նաեւ՝ առանձին մայրերով եւ անոնցմով որ ընտրած են ամուրի մնալ, կամ յարմար Քրիստոնեայ ամուսին մը չեն գտած։ (Մաղաքեայ 3։6. Յակոբու 1։27) Եթէ առանց Քրիստոնեայ կողակիցի մը աջակցութեան հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայողներէն մէկն էք, կրնաք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ աչքին թանկագին էք։

12. (ա) Կարգ մը Քրիստոնեայ քոյրեր Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տան։ (բ) Մեր քոյրերէն ոմանք ի՞նչպիսի զգացումներու հետ կը ջանան գլուխ ելլել։

12 Օրինակ, նկատի առէք մեր Քրիստոնեայ քոյրերը որ ամուսնացած չեն, քանի որ հաւատարմօրէն կը հնազանդին ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու Եհովայի խրատին։ (Ա. Կորնթացիս 7։39. Առակաց 3։1) Աստուծոյ Խօսքը զանոնք կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա ‘հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլայ’։ (Բ. Թագաւորաց 22։26, ՆԱ) Սակայն անոնցմէ շատերուն համար, ամուրի մնալը մարտահրաւէր մըն է։ Քոյր մը կ’ըսէ. «Վճռեցի միայն Տէրոջմով ամուսնանալ, բայց շատ անգամ լացի երբ բարեկամուհիներէս իւրաքանչիւրը ամուսնացաւ հոյակապ Քրիստոնեայ տղամարդու մը հետ, մինչ ես կը շարունակեմ առանձին մնալ»։ Ուրիշ քոյր մը կը նշէ. «25 տարիէ Եհովայի կը ծառայեմ։ Վճռած եմ իրեն հաւատարիմ մնալ, բայց առանձնութեան զգացումները յաճախ զիս կը վհատեցնեն»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ինծի նման քոյրեր քաջալերութեան պէտք ունին»։ Այսպիսի հաւատարիմ անհատներու ի՞նչպէս կրնանք օգնել։

13. (ա) Յեփթայէի աղջկան այցելութիւն տուողներուն օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ (բ) Ի՞նչ յաւելեալ կերպերով կրնանք մեր ժողովքի ամուրի քոյրերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց տալ։

13 Կերպերէն մէկը կրնանք գտնել վաղեմի օրինակի մը մէջ։ Երբ Յեփթայէի աղջիկը ամուսին մը ունենալու իր պատեհութենէն հրաժարեցաւ, մարդիկ նկատեցին թէ անոր ըրածը զոհողութիւն մըն էր։ Ուստի զինք քաջալերելու համար ի՞նչ ըրին։ «Սովորութիւն եղաւ, որ տարիէ տարի Իսրայէլի աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէի աղջիկը տարփողեն, տարին չորս օր»։ (Դատաւորաց 11։30-40, ԱՎ) Նոյնպէս, սրտանց պէտք է գովենք կամ տարփողենք ամուրի քոյրերը, որոնք հաւատարմօրէն Աստուծոյ օրէնքին կը հնազանդին։ * Մեր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերելու ուրիշ մէկ կերպը ի՞նչ է։ Մեր աղօթքներուն մէջ Եհովայի պէտք է աղաչենք որ թիկունք կանգնի այս սիրելի ու հաւատարիմ քոյրերուն, որպէսզի հաւատարմօրէն շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։ Անոնց երաշխիք պէտք է տրուի թէ իրենք Եհովայի ու քրիստոնէական ժողովքին կողմէ ջերմօրէն սիրուած ու խորապէս գնահատուած են։—Սաղմոս 37։28

Առանձին Ծնողներ Ի՛նչպէս կը Յաջողին

14, 15. (ա) Ինչո՞ւ առանձին Քրիստոնեայ մայրեր Եհովայի օգնութեան պէտք է դիմեն։ (բ) Առանձին ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց աղօթքներուն համաձայն գործել։

14 Առանձին ծնող եղող Քրիստոնեայ կիներն ալ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Սակայն անոնք կրնան Եհովայէ խնդրել որ իրենց օգնէ իրենց զաւակները Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն մեծցնելու։ Ճիշդ է որ եթէ առանձին ծնող մըն էք, չէք կրնար նոյն ատեն ամէն մարզի մէջ թէ՛ մայր եւ թէ հայր ըլլալ։ Այսուհանդերձ, Եհովա ձեզի պիտի օգնէ որ կարենաք ձեր բոլոր պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ, եթէ հաւատքով իր օգնութիւնը խնդրէք։ Օրինակ. Պահ մը երեւակայեցէք որ նպարեղէնի ծանր տոպրակ մը ունիք, որ բազմայարկանի շէնքի մը մէջ գտնուող ձեր յարկաբաժինը պէտք է հանէք։ Եթէ մօտակայքը վերելակ մը ըլլար, աստիճանները պիտի գործածէի՞ք։ Անշուշտ ոչ։ Նոյնպէս, մի՛ ջանաք զգացական ծանր բեռներ առանձին կրել, երբ կրնաք Եհովայէ խնդրել որ ձեզի օգնէ։ Իրականութեան մէջ, ան ձեզի կոչ կ’ընէ որ իր օգնութիւնը խնդրէք։ Սաղմոս 68։19–ն (ՆԱ) կ’ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ Եհովան, որ ամէն օր մեր տեղը կը կրէ մեր բեռը»։ Նմանապէս, Ա. Պետրոս 5։7–ն ձեզ կը հրաւիրէ որ ձեր բոլոր հոգերը Եհովայի վրայ ձգէք, «վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ Արդ, երբ խնդիրներով ու մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած զգաք, զանոնք ձեր երկնաւոր Հօրը վրայ բեռցուցէք՝ «անդադար»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Սաղմոս 18։6. 55։22

15 Օրինակ, եթէ մայր մըն էք, անկասկած մտահոգ էք՝ դպրոցին մէջ իրենց տարեկիցներուն կողմէ ձեր զաւակներուն վրայ բանեցուած ազդեցութեան, կամ անոնց դիմագրաւած ուղղամտութեան փորձութիւններուն նկատմամբ։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Ասոնք վաւերական մտահոգութիւններ են, բայց աղօթքի ալ նիւթեր են։ Իրականութեան մէջ, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ եթէ ձեր զաւակները դպրոց չմեկնած այսպիսի բաներու մասին աղօթէք, թերեւս օրուան համարը միասնաբար նկատի առնելէ ետք։ Սրտանց ու մասնայատուկ աղօթքները մատղաշ միտքերու վրայ կրնան զօրաւոր տպաւորութիւն ձգել։ Ամէն բանէ առաջ, Եհովայի օրհնութեան կ’արժանանաք, երբ համբերութեամբ կը ջանաք իր Խօսքը ձեր զաւակներուն սիրտին վրայ քանդակել։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7. Առակաց 22։6) Մի՛ մոռնաք, «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին»։—Ա. Պետրոս 3։12. Փիլիպպեցիս 4։6, 7

16, 17. (ա) Որդի մը ի՞նչ ըսաւ իր մօր ցուցաբերած սիրոյն մասին։ (բ) Մօր հոգեւոր հայեցակէտը ի՞նչպէս ազդեց զաւակներուն։

16 Նկատի առէք վեց զաւակներու մայր եղող Օլիվիան։ Անոր անհաւատ ամուսինը ընտանիքը լքեց վերջին զաւակը ծնելէն անմիջապէս ետք, բայց Օլիվիան իր զաւակները Աստուծոյ ուղիներուն մէջ մարզելու պատասխանատուութիւնը սիրայօժարօրէն ստանձնեց։ Օլիվիայի որդին՝ Տարէն, որ այժմ 31 տարեկան է եւ կը ծառայէ որպէս Քրիստոնեայ երէց ու ռահվիրայ, այն ատեն հինգ տարեկան էր։ Օլիվիայի մտահոգութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ Տարէն առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունեցաւ, որմէ կը տառապի մինչեւ օրս։ Իր մանկութիւնը մտաբերելով, Տարէն կը գրէ. «Տակաւին կը յիշեմ այն պահերը, երբ հիւանդանոցի անկողնիս մէջ նստած, անհամբեր մօրս կը սպասէի։ Ան ամէն օր քովս կը նստէր եւ Աստուածաշունչը կը կարդար ինծի։ Անկէ ետք ան կ’երգէր ‘Շնորհակալ Ենք Եհովա’ խորագրով Թագաւորութեան երգեցողութիւնը։ * Մինչեւ օրս, ասիկա նախասիրած Թագաւորութեան մեղեդիս է»։

17 Եհովայի հանդէպ Օլիվիայի վստահութիւնն ու սէրը, որպէս առանձին մայր իր յաջողութեան նպաստեց։ (Առակաց 3։5, 6) Իր ընտիր կեցուածքը բացայայտ եղաւ իր զաւակներուն առջեւ դրած նպատակակէտերէն։ «Մայրս միշտ կը քաջալերէր մեզ որ լիաժամ ծառայութեան նպատակակէտը հետապնդենք», կ’ըսէ Տարէն։ «Ասոր շնորհիւ, հինգ քոյրերէս չորսը եւ ես, լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցինք։ Բայց եւ այնպէս, մայրս ասոր համար երբեք չպարծեցաւ ուրիշներու առջեւ։ Շատ ջանք կը թափեմ որ իր այս հոյակապ յատկութիւնները ընդօրինակեմ»։ Ճիշդ է որ Օլիվիայի զաւակներուն նման ամէն զաւակ մեծնալէ ետք Եհովայի չի ծառայեր։ Բայց երբ մայր մը Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն ապրելու համար իր լաւագոյնը կ’ընէ, ան վստահ կրնայ ըլլալ թէ Եհովայի առաջնորդութիւնը եւ սիրազեղ աջակցութիւնը ունի։—Սաղմոս 32։8

18. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ կը գնահատենք Եհովայի կողմէ հայթայթուած քրիստոնէական ժողովքի կարգադրութիւնը։

18 Աստուծոյ հայթայթած օգնութեան մեծ մասը քրիստոնէական ժողովքին միջոցով կ’ըլլայ՝ անոր հոգեւոր կերակրման կանոնաւոր յայտագրով, քրիստոնէական եղբայրութեամբ եւ ‘որպէս պարգեւներ տրուած’ հոգեւորապէս հասուն տղամարդոցմով։ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ) Հաւատարիմ երէցները ծանր կ’աշխատին ժողովքին բոլոր անդամները կերտելու համար, «որբերուն ու որբեւարիներուն» կարիքներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայելով՝ անոնց «նեղութեան ատենը»։ (Յակոբու 1։27) Ուստի Աստուծոյ ժողովուրդին մօտիկ մնացէք եւ երբեք մի՛ մեկուսանաք։—Առակաց 18։1. Հռովմայեցիս 14։7

Հպատակութեան Գեղեցկութիւնը

19. Կնոջ հպատակիլը ինչո՞ւ չի նշեր թէ ինք ստորադաս է, եւ Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակը ասոր թիկունք կը կանգնի։

19 Եհովա կինը ստեղծեց որպէս մարդուն օգնական մը։ (Ծննդոց 2։18) Ուստի իր ամուսինին հանդէպ կնոջ ցուցաբերած հպատակութիւնը, ո՛չ մէկ կերպով կը նշէ կնոջ ստորադաս ըլլալը։ Փոխարէն, անիկա կինը կը պատուէ, թոյլ տալով որ իր բազմաթիւ ձիրքերն ու տաղանդները գործածէ Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Առակաց 31–րդ գլուխը կը նկարագրէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ ատակ կնոջ մը զանազան գործունէութիւնները։ Ան կարօտեալներուն կ’օգնէր, այգիներ կը տնկէր ու արտ կը գնէր։ Այո, ‘անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ էր ու աւարի կարօտ չէր ըլլար’։—Համարներ՝ 11, 16, 20

20. (ա) Քրիստոնեայ կին մը ի՞նչպէս պէտք է նկատէ իր աստուածատուր կարողութիւնները կամ տաղանդները։ (բ) Եսթեր ի՞նչ հոյակապ յատկութիւններ ցուցաբերեց, եւ հետեւաբար Եհովա ի՞նչպէս կրցաւ զինք գործածել։

20 Համեստ ու աստուածավախ կին մը փառասիրաբար իր անձը չի մեծարեր, ո՛չ ալ իր ամուսինին հետ կը մրցի։ (Առակաց 16։18) Ան աշխարհիկ հետապնդումներու միջոցով անձնական իրագործում չի հետապնդեր, այլ՝ իր աստուածատուր տաղանդները կը գործածէ գլխաւորաբար ուրիշներուն ծառայելու համար, ինչպէս՝ իր ընտանիքին, Քրիստոնեայ հաւատակիցներու, դրացիներու եւ մանաւանդ՝ Եհովայի։ (Գաղատացիս 6։10. Տիտոս 2։3-5) Նկատի առէք Աստուածաշունչի Եսթեր Թագուհիին օրինակը։ Ան ֆիզիքապէս գեղեցիկ ըլլալով հանդերձ, համեստ ու հնազանդ էր։ (Եսթերայ 2։13, 15) Երբ ամուսնացաւ, ան իր ամուսինին՝ Ասուերոս Թագաւորին՝ հանդէպ խոր յարգանք ցուցաբերեց, թագաւորին նախկին կնոջ՝ Վաշթիի՝ հակառակը։ (Եսթերայ 1։10-12. 2։16, 17) Ասկէ զատ, Եսթեր պատշաճ հարցերու շուրջ յարգալից կերպով Մուրթքէի՝ իրմէ մեծ զարմիկին՝ կարծիքին ենթարկուեցաւ, նոյնիսկ թագուհի ըլլալէն ետք։ Բայց ան տկար անձնաւորութեան տէր մէկը չէր։ Ան քաջաբար քօղազերծեց հեղինակաւոր ու անգութ Համանը, որ Հրեաները բնաջնջել դաւած էր։ Եհովա Եսթերը հզօր կերպով գործածեց իր ժողովուրդը պահպանելու համար։—Եսթերայ 3։8–4։17. 7։1-10. 9։13

21. Քրիստոնեայ կիներ ի՞նչպէս կրնան Եհովայի աչքին աւելի թանկագին ըլլալ։

21 Բացորոշ է որ թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս, բարեպաշտ կիներ Եհովայի ու իր պաշտամունքին հանդէպ իրենց բացարձակ նուիրումը ցուցաբերած են։ Հետեւաբար, աստուածավախ կիներ Եհովայի աչքին թանկագին են։ Քրիստոնեայ քո՛յրեր, թոյլ տուէք որ Եհովայի հոգին աստիճանաբար ձեզ ձեւաւորէ, ձեզ ա՛լ աւելի ցանկալի «անօթ»ի մը վերածելով՝ «ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։21. Հռովմայեցիս 12։2) Այսպիսի թանկագին երկրպագուներու մասին խօսելով, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա»։ (Առակաց 31։31) Թող որ այս ըլլայ ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարագան։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 13 Այսպիսի գովասանք տալու կերպին մասին, տես՝ Դիտարան 15 Մարտ 2002, էջ 26-28 (Անգլերէն)։

Կը յիշէ՞ք

• Առաջին դարու Քրիստոնեայ կիներէն ոմանք Եհովայի աչքին ի՞նչպէս թանկագին էին։

• Մեր ժամանակներուն, բազմաթիւ քոյրեր ի՞նչպէս Աստուծոյ աչքին թանկագին եղած են։

• Եհովա ի՞նչ կերպերով թիկունք կը կանգնի առանձին մայրերու եւ ամուսին չունեցող քոյրերու։

• Կին մը ի՞նչպէս կրնայ գլխաւորութեան կարգադրութեան հանդէպ սրտանց յարգանք ցուցաբերել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 27]

ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ՝ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Կը փափաքի՞ք Աստուածաշունչին մէջ յիշուած կարգ մը այլ հաւատարիմ կիներու օրինակները նկատի առնել։ Եթէ այո՛, հաճեցէք վարը նշուած համարները կարդալ։ Մինչ վարը յիշուած զանազան անհատներուն մասին կը խոկաք, փորձեցէք սկզբունքներ զատորոշել, որոնք կրնաք աւելի լման տարողութեամբ ձեր կեանքին մէջ կիրարկել։—Հռովմայեցիս 15։4

Սառա. Ծննդոց 12։1, 5. 13։18ա. 21։9-12. Ա. Պետրոս 3։5, 6

Առատաձեռն Իսրայելացի կիներ. Ելից 35։5, 22, 25, 26. 36։3-7. Ղուկաս 21։1-4

Դեբօրա. Դատաւորաց 4։1–5։31

Հռութ. Հռութայ 1։4, 5, 16, 17. 2։2, 3, 11-13. 4։15

Սունամացի կինը. Դ. Թագաւորաց 4։8-37

Փիւնիկեցի կինը. Մատթէոս 15։22-28

Մարթա ու Մարիամ. Մարկոս 14։3-9. Ղուկաս 10։38-42. Յովհաննու 11։17-29. 12։1-8

Տաբիթա. Գործք 9։36-41

Փիլիպպոսի չորս աղջիկները. Գործք 21։9

Փիբէ. Հռովմայեցիս 16։1, 2

[Նկար՝ էջ 25]

Հաւատարմօրէն Աստուծոյ օրէնքին հնազանդող ամուրի քոյրերը կը գովէ՞ք

[Նկար՝ էջ 26]

Զաւակները դպրոց մեկնելէն առաջ մատուցուած աղօթքներուն մէջ ի՞նչ մասնայատուկ խնդրանքներ կրնան յիշուիլ