Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր գիտութեան վրայ ժուժկալութիւն աւելցուցէք

Ձեր գիտութեան վրայ ժուժկալութիւն աւելցուցէք

Ձեր գիտութեան վրայ ժուժկալութիւն աւելցուցէք

‘Ձեր գիտութեան վրայ ժուժկալութիւն աւելցուցէք’։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։5-8

1. Մարդկային շատ մը խնդիրները, ո՞ր անկարողութեան հետեւանքն են։

ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ սխալ գործածութեան դէմ կազմակերպուած մեծ արշաւի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ երիտասարդներուն յորդոր տրուեցաւ. «Միայն ո՛չ ըսէ»։ Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ ամէն ոք ո՛չ ըսէր, թմրեցուցիչի սխալ գործածութեան կողքին, խմիչքի չափազանց գործածութեան, անխոհեմ կամ անբարոյ կենցաղին, անպարկեշտ առեւտրական սովորութիւններուն եւ ‘մարմինին ցանկութիւններուն’։ (Հռովմայեցիս 13։14) Սակայն ո՞վ կրնայ պնդել թէ ո՛չ ըսելը միշտ դիւրին է։

2. (ա) Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ ո՛չ ըսելու դժուարութիւնը նոր բան մը չէ։ (բ) Այս օրինակները մեզ պէտք է քաջալերեն ի՞նչ ընելու։

2 Որովհետեւ բոլոր անկատար մարդիկը ժուժկալութիւն գործադրելու դժուարութիւն ունին, պէտք է փափաքինք գիտնալ թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր դիմագրաւած անձնական պայքարները շահիլ։ Աստուածաշունչը մեզի կը պատմէ անհատներու մասին, որոնք ջանացին Աստուծոյ ծառայել, բայց երբեմն դժուարութիւն ունեցան ո՛չ ըսելու։ Մտաբերեցէք Դաւիթ ու իր գործած շնութեան մեղքը Բերսաբէի հետ։ Անիկա շնութեամբ յղացուած զաւկին եւ Բերսաբէի ամուսինին մահուան առաջնորդեց, որոնք անմեղ էին։ (Բ. Թագաւորաց 11։1-27. 12։15-18) Կամ, խորհեցէք Պօղոս առաքեալի մասին, որ բացէ ի բաց խոստովանեցաւ. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։ (Հռովմայեցիս 7։19) Երբեմն նոյն կերպով յուսախաբ կը զգա՞ք։ Պօղոս շարունակեց. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է։ Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։ (Հռովմայեցիս 7։22-24) Սուրբ գրային օրինակները պէտք է զօրացնեն մեր վճռակամութիւնը որ աւելի մեծ ժուժկալութիւն ձեռք ձգելու մեր պայքարին մէջ երբեք ձեռնթափ չըլլանք։

Ժուժկալութիւնը՝ Սորվելիք Դաս մը

3. Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ չենք կրնար ակնկալել որ ժուժկալութիւն ցուցաբերելը դիւրին բան մը ըլլայ։

3 Ժուժկալութիւնը, որ կը պարփակէ ո՛չ ըսելու կարողութիւնը, յիշուած է Բ. Պետրոս 1։5-7–ի մէջ, հաւատքի, առաքինութեան, գիտութեան, համբերութեան, աստուածպաշտութեան, եղբայրասիրութեան եւ սիրոյ հետ մէկտեղ։ Այս ցանկալի յատկութիւններէն ո՛չ մէկը լիովին բնածին է։ Անոնք պէտք է մշակուին։ Զանոնք որոշ չափով ցուցաբերելը, վճռակամութիւն ու ջանք կը պահանջէ։ Ուստի պէ՞տք է ակնկալենք որ ժուժկալութիւնը աւելի դիւրին բան մը ըլլայ։

4. Ինչո՞ւ շատեր կը խորհին թէ ժուժկալութեան նկատմամբ խնդիր չունին, բայց ասիկա ի՞նչ բան ցոյց կու տայ։

4 Ճիշդ է որ միլիոնաւոր մարդիկ կրնան խորհիլ թէ իրենք ժուժկալութեան նկատմամբ խնդիր չունին։ Անոնք իրենց ուզածին պէս կ’ապրին, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ընելով ինչ որ իրենց անկատար մարմինը կը պարտադրէ եւ գրեթէ առանց նկատի առնելով հետեւանքները՝ իրենց կամ ուրիշներու համար։ (Յուդա 10) Ո՛չ ըսելու կարողութեան ու կամեցողութեան պակասը, այժմ աւելի բացայայտ է քան՝ անցեալին։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ արդարեւ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ, որոնց մասին Պօղոս խօսեցաւ, երբ նախագուշակեց. «Չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, . . . անժուժկալ»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-3

5. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ հետաքրքրուած են ժուժկալութեան նիւթով, եւ ո՞ր խրատը տակաւին ի զօրու է։

5 Եհովայի Վկաները քաջատեղեակ են որ ժուժկալութեան կարիքը մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ։ Պօղոսի նման, անոնք կը նկատեն այն պայքարը որ կայ՝ Իր չափանիշներուն համաձայն ապրելով Աստուած հաճեցնելու փափաքին եւ իրենց անկատար մարմինին յառաջ քշած ընթացքին միջեւ։ Այս պատճառով անոնք վաղուց հետաքրքրուած են այս պայքարը շահելու կերպով։ 1916–ին, այս պարբերաթերթին մէկ թիւը նշեց թէ «մեզի համար պատշաճ ընթացքն է՝ մեր անձը, մտածումները, խօսքերը ու վարքը հակակշռի տակ առնել»։ Անիկա թելադրեց Փիլիպպեցիս 4։8–ն ի մտի ունենալ։ Թէեւ այս համարին մէջի աստուածային խրատը շուրջ 2,000 տարի առաջ ներկայացուեցաւ, սակայն տակաւին ի զօրու է, եւ ներկայիս անոր հետեւիլը հաւանաբար աւելի դժուար է, քան՝ այդ ատեն կամ 1916–ին։ Այսուհանդերձ, Քրիստոնեաները լրջօրէն կը ջանան աշխարհային ցանկութիւններուն ո՛չ ըսել, գիտակցելով որ այսպէս ընելով, իրենց Ստեղծիչին այո՛ ըսած կ’ըլլան։

6. Մինչ ժուժկալութիւն կը մշակենք, ինչո՞ւ յուսահատելու պատճառ չունինք։

6 Ժուժկալութիւնը յիշուած է Գաղատացիս 5։22, 23–ի մէջ, իբր սուրբ «հոգիին պտուղ»ին մէկ մասը։ Մեծապէս պիտի օգտուինք եթէ այս յատկութիւնը ցուցաբերենք, ‘սիրոյ, խնդութեան, խաղաղութեան, երկայնմտութեան, քաղցրութեան, բարութեան, հաւատարմութեան [եւ] հեզութեան’ հետ մէկտեղ։ Ինչպէս Պետրոս բացատրեց, ասիկա ընելը մեզ ետ պիտի պահէ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութեան մէջ «անգործ ու անպտուղ» ըլլալէ։ (Բ. Պետրոս 1։8, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Բայց պէտք չէ յուսահատինք կամ մենք մեզ դատապարտենք, եթէ չկարենանք այս յատկութիւնները մեր ուզածին չափ արագ ու լիովին ցուցաբերել։ Թերեւս նկատած էք թէ դպրոցին մէջ, աշակերտ մը աւելի արագ կը սորվի, քան՝ ուրիշը։ Կամ գործատեղիին մէջ, անհատ մը նոր գործ մը կը սորվի միւս գործակիցներէն աւելի արագ։ Նոյնպէս, ոմանք ուրիշներէն աւելի արագ կը սորվին քրիստոնէական յատկութիւնները ցուցաբերել։ Կարեւորը այն է որ շարունակենք մեր կրցածին չափ աստուածային յատկութիւնները մշակել։ Ասիկա կրնանք ընել, իր Խօսքին ու ժողովքին միջոցով Եհովայի հայթայթած օգնութենէն լաւագոյնս օգտուելով։ Մեր նպատակակէտը իրագործելու մէջ արագութիւնը աւելի նուազ կարեւոր է, քան՝ վճռակամ ջանքերը որ շարունակենք յառաջդիմել։

7. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ ժուժկալութիւնը կարեւոր է։

7 Հոգիին արտադրած յատկութիւններուն մէջ վերջինը դասուած ըլլալով հանդերձ, ժուժկալութիւնը ո՛չ մէկ կերպով միւսներէն նուազ կարեւոր է։ Ի մտի պէտք է ունենանք որ «մարմինին [բոլոր] գործեր»էն կրնայինք խուսափիլ, եթէ կատարեալ ժուժկալութիւն ունենայինք։ Սակայն անկատար մարդիկ հակամէտ են «մարմինին գործեր»ուն տեղի տալու, ինչպէս՝ «շնութիւն, պոռնկութիւն, անմաքրութիւն, ցոփութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, երկպառակութիւն, մրցակցութիւններ, զայրոյթ, հակառակութիւն, խռովութիւն, հերձուածներ»։ (Գաղատացիս 5։19, 20, ԱՎ) Հետեւաբար միշտ պայքար պէտք է մղենք, վճռած ըլլալով բացասական հակումները սիրտէն ու միտքէն արմատախիլ ընել։

Ոմանք Մասնայատուկ Պայքար Ունին

8. Ո՞ր ազդակները ժուժկալութիւն գործադրելը ա՛լ աւելի կը դժուարացնեն ոմանց համար։

8 Կարգ մը Քրիստոնեաներ ուրիշներէ աւելի դժուարութիւն կ’ունենան ժուժկալութիւն գործադրելու մէջ։ Ինչո՞ւ։ Ծնողական մարզումը կամ անցեալի փորձառութիւնները կրնան այս կացութեան նպաստել։ Եթէ ժուժկալութիւն մշակելն ու ցուցաբերելը մեզի համար խնդիր մը չի ներկայացներ, ասիկա ուրախանալու պատճառ մըն է։ Բայց վստահաբար կարեկից ու հասկացող պէտք է ըլլանք, երբ կը վարուինք զայն գործադրելու դժուարութիւն ունեցողներուն հետ, նոյնիսկ եթէ անոնց անժուժկալ ըլլալը մեզ կ’անհանգստացնէ։ Մեր անկատարութեան ի տես, մեզմէ ո՞վ ինքնարդար կեցուածք մը ցուցաբերելու պատճառ ունի։—Հռովմայեցիս 3։23. Եփեսացիս 4։2

9. Ոմանք ի՞նչ տկարութիւններ ունին, եւ այս տկարութիւնները ե՞րբ լիովին պիտի յաղթահարուին։

9 Օրինակ մը տանք. Թերեւս տեղեակ ենք որ հաւատակից Քրիստոնեաներէն ոմանք, որոնք ծխախոտ կամ «միտք գրգռող» թմրեցուցիչներ գործածելէ դադրած են, երբեմն զօրաւոր տենչանք կ’ունենան անոնց հանդէպ։ Կամ, ոմանց համար իրենց ուտելիքը կամ ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը սահմանափակելը մարտահրաւէր մըն է։ Ուրիշներ իրենց լեզուն չեն կրնար զսպել, հետեւաբար յաճախ կը սայթաքին խօսքով։ Այս թերութիւնները ձեռք առնելը կը պահանջէ ժրաջանօրէն ժուժկալութիւն մշակել։ Ինչո՞ւ։ Յակոբու 3։2 իրատեսօրէն կ’ըսէ. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել»։ Իսկ ուրիշներ բախտախաղ խաղալու զօրաւոր տենչ մը ունին։ Կամ՝ իրենց բարկութիւնը զսպելու դժուարութիւն ունին։ Այս կամ նման տկարութիւններու հետ գլուխ ելլել սորվիլը ժամանակ կ’առնէ։ Թէեւ ներկայիս կրնանք որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրել, սակայն սխալ ցանկութիւնները վերջնականապէս արմատախիլ պիտի ըլլան, միայն երբ կատարելութեան հասնինք։ Մինչ այդ, ժուժկալութիւն գործադրելը մեզի պիտի օգնէ որ մեղաւոր կենցաղի վերադառնալէ խուսափինք։ Մինչ պայքարը կը շարունակուի, իրարու օգնենք որ ձեռնթափ չըլլանք։—Գործք 14։20, 21

10. (ա) Ոմանց համար ինչո՞ւ յատկապէս դժուար է սեռային հարցերու նկատմամբ ժուժկալութիւն գործադրել։ (բ) Եղբայր մը ի՞նչ մեծ փոփոխութիւն մը ըրաւ։ (Տես շրջագիծը՝ 10–րդ էջին վրայ։)

10 Սեռայնութիւնը այլ մարզ մըն է, ուր ոմանք ժուժկալութիւն գործադրելը դժուար կը գտնեն։ Եհովա Աստուած սեռայնութիւնը մեր կազմուածքին մէկ մասը ըրած է։ Ոմանց համար յատկապէս դժուար է սեռը իր պատշաճ տեղը պահել, Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակ։ Եւ սեռային շատ զօրաւոր մղում ունենալով, անոնց դժուարութիւնը կրնայ բարդանալ։ Սեռի–խենթ աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, որ բազմաթիւ կերպերով սեռային կիրքերը կը գրգռէ։ Ասիկա կրնայ լուրջ խնդիր մը յարուցանել այն Քրիստոնեաներուն, որոնք կը փափաքին ամուրի մնալ,– առնուազն որոշ ժամանակ մը,– որպէսզի Աստուծոյ ծառայեն՝ ամուսնութեան զբաղումներէն զերծ։ (Ա. Կորնթացիս 7։32, 33, 37, 38) Բայց սուրբ գրային պատուէրին համաձայն, թէ «աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ», թերեւս անոնք որոշեն ամուսնանալ, ինչ որ վստահաբար պատուական բան մըն է։ Միեւնոյն ատեն, անոնք վճռած են ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալ, ինչպէս Սուրբ Գրութիւնները կը խրատեն։ (Ա. Կորնթացիս 7։9, 39) Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա կ’ուրախանայ որ անոնք իր արդար սկզբունքներուն կառչելով հետաքրքրուած են։ Անոնց հաւատակիցներն ալ կ’ուրախանան որ այսպիսի բարոյական բարձր չափանիշներ եւ ուղղամտութիւն ունեցող ճշմարիտ երկրպագուներու հետ կ’ընկերակցին։

11. Ի՞նչպէս կրնանք օգնել եղբօր մը կամ քրոջ մը որ կը փափաքի ամուսնանալ, բայց դեռ ամուրի է։

11 Ի՞նչ ընել եթէ յարմար կողակից մը չգտնուի։ Երեւակայեցէք անհատի մը հաւանական յուսախաբութիւնը, որ կը փափաքի ամուսնանալ, բայց տակաւին ամուրի է։ Ան կը տեսնէ որ իր բարեկամները կ’ամուսնանան ու որոշ չափով ուրախ են, մինչ ինք դեռ յարմար կողակից մը կը փնտռէ։ Այս պարագային մէջ գտնուող անհատներէն ոմանց համար, գիջութեան պիղծ սովորութիւնը կրնայ շարունակ խնդիր մը ըլլալ։ Ամէն պարագայի, ոչ մէկ Քրիստոնեայ պիտի ուզէ անգիտակցաբար վհատեցնել ուրիշ Քրիստոնեայ մը, որ կը պայքարի բարոյապէս մաքուր մնալ։ Կրնանք անդիտումնաւոր կերպով վհատեցնել զինք եթէ հետեւեալին նման աննկատառու խօսքեր ըսենք. «Ե՞րբ պիտի ամուսնանաս»։ Թերեւս այս խօսքը գէշ միտումով չըսենք, բայց որքա՜ն աւելի լաւ է որ ժուժկալութիւն ցուցաբերենք, մեր լեզուին զգուշութիւն ընելով։ (Սաղմոս 39։1) Մեր մէջ անոնք որ բարոյապէս մաքուր կը մնան մինչ ամուրի են, մեր ջերմ գովասանքին արժանի են։ Փոխանակ վհատեցուցիչ խօսքեր ըսելու, ջանանք զիրենք քաջալերել։ Օրինակ, կրնանք ամուրիներ հրաւիրել, երբ հասուն անհատներէ բաղկացած խմբակ մը կը հաւաքուի ճաշի կամ քրիստոնէական առողջ ընկերակցութեան համար։

Ժուժկալութիւն՝ Ամուսնութեան Մէջ

12. Ինչո՞ւ նոյնիսկ ամուսնացած անհատները որոշ չափով ժուժկալութիւն պէտք է գործադրեն։

12 Ամուսնացած ըլլալը ինքնին չի ջնջեր սեռի առնչութեամբ ժուժկալ ըլլալու կարիքը։ Օրինակ, ամուսինին ու կնոջ սեռային կարիքները կրնան իրարմէ շատ տարբեր ըլլալ։ Կամ, կողակիցի մը ֆիզիքական վիճակը երբեմն կրնայ բնական սեռային յարաբերութիւնները դժուարացնել կամ նոյնիսկ անկարելի դարձնել։ Թերեւս նախկին փորձառութիւններու պատճառով, կողակիցի մը համար մարտահրաւէր ըլլայ սա պատուէրին հնազանդիլը. «Ամուսինը թող հատուցանէ կնոջ ինչ որ կը պարտի, նմանապէս կինն ալ՝ իր ամուսինին»։ Այս պարագային, միւս կողակիցը ա՛լ աւելի ժուժկալութիւն գործադրելու կարիքը կ’ունենայ։ Բայց երկուքն ալ կրնան ամուսնացած Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի սիրազեղ խրատը ի մտի ունենալ. «Մի՛ զրկէք զիրար, բայց միայն համաձայնութեամբ՝ ատենի մը համար, որ դուք ձեզ աղօթքի յատկացնէք ու դարձեալ գաք իրարու քով, որպէսզի Սատանան չփորձէ ձեզ՝ ձեր անժուժկալութեան համար»։—Ա. Կորնթացիս 7։3, 5, ԱՎ

13. Ի՞նչ կրնանք ընել անոնց ի նպաստ, որոնք կը ջանան ժուժկալ ըլլալ։

13 Ամոլները որքա՜ն երախտապարտ կրնան ըլլալ, եթէ երկուքն ալ սորված են այս ամենամտերիմ յարաբերութեան առնչութեամբ պատշաճ ժուժկալութիւն գործադրել։ Միեւնոյն ատեն, անոնք պէտք է հասկացողութիւն ցուցաբերեն այն հաւատակիցներուն հանդէպ, որոնք տակաւին կը ջանան այս մարզին մէջ ժուժկալ ըլլալ։ Երբեք պէտք չէ մոռնանք Եհովայի աղօթել, որ մեր հոգեւոր եղբայրներուն խորատեսութիւն, քաջութիւն ու վճռակամութիւն տայ, որպէսզի ժուժկալութիւն ցուցաբերելու համար շարունակեն պայքարիլ, եւ անպատշաճ ցանկութիւնները յաղթահարելու համար քայլեր առնեն։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

Շարունակեցէք Իրարու Օգնել

14. Հաւատակից Քրիստոնեաներուն հետ ինչո՞ւ պէտք է վարուինք կարեկցութեամբ ու հասկացողութեամբ։

14 Երբեմն հասկացողութիւն ցոյց չենք տար հաւատակից Քրիստոնեաներու հանդէպ, որոնք կը ջանան ժուժկալ ըլլալ մարզի մը մէջ, որ մեզի համար խնդիր չի ներկայացներ։ Բայց մարդիկ բնոյթով իրարմէ կը տարբերին։ Ոմանք դիւրաւ յուզումներով կը տարուին, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Ոմանց համար ժուժկալութիւնը մեծ խնդիր մը չէ, մինչ ուրիշներու համար մարտահրաւէր մըն է։ Սակայն մի՛ մոռնաք որ պայքարող անհատը չարագործ մը չէ։ Հաւատակից Քրիստոնեաները մեր հասկացողութեան ու կարեկցութեան կարիքը ունին։ Ինչպէս Մատթէոս 5։7–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքը ցոյց կու տայ, մենք ուրախութիւն ձեռք կը ձգենք, մինչ կը շարունակենք ողորմութիւն ցուցաբերել անոնց հանդէպ, որոնք տակաւին կը ջանան ա՛լ աւելի ժուժկալ ըլլալ։

15. Ժուժկալութեան հարցին մէջ, Սաղմոս 130։3–ի խօսքը ինչո՞ւ մխիթարական է։

15 Բնաւ պիտի չուզենք սխալ կերպով դատել հաւատակից Քրիստոնեայ մը, որ առիթով մը չի վարուիր քրիստոնէական անձնաւորութեան համաձայն։ Որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ թէ Եհովա մեր մէ՛կ թերացումը տեսնելէ զատ, կը տեսնէ այն բազմաթիւ անգամները երբ ժուժկալութիւն գործադրեցինք, նոյնիսկ եթէ հաւատակից Քրիստոնեաները չնկատեցին զանոնք։ Շատ մխիթարական է յիշողութեան մէջ պահել Սաղմոս 130։3–ի խօսքը. «Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ»։

16, 17. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք ժուժկալութեան առնչութեամբ Գաղատացիս 6։2, 5–ը կիրարկել։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ժուժկալութեան մասին ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

16 Եհովայի հաճոյ ըլլալու համար, իւրաքանչիւրս ժուժկալութիւն պէտք է մշակէ, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր Քրիստոնեայ եղբայրները մեզի պիտի օգնեն։ Թէեւ իւրաքանչիւրս իր պատասխանատուութեան բեռը պէտք է կրէ, բայց մեզի յորդոր տրուած է որ իրարու օգնենք տկարութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար։ (Գաղատացիս 6։2, 5) Կ’արժեւորենք այն ծնողը, կողակիցը կամ բարեկամը որ մեզ ետ կը պահէ վայրեր երթալէ, ուր պէտք չէ երթանք, բաներ տեսնելէ՝ որ պէտք չէ տեսնենք, կամ բաներ ընելէ՝ որ պէտք չէ ընենք։ Ան մեզի կ’օգնէ որ ժուժկալութիւն ցուցաբերենք. ո՛չ ըսենք ու մեր խօսքին վրայ մնանք։

17 Բազմաթիւ Քրիստոնեաներ կրնան համաձայն գտնուիլ ժուժկալութեան մասին մեր նկատի առած կէտերուն հետ, բայց թերեւս կը խորհին թէ անձնապէս շատ բարելաւումներ պէտք է ընեն։ Անոնք կը փափաքին աւելի լման կերպով ժուժկալութիւն ցուցաբերել, անկատար մարդոցմէ ակնկալուած տարողութեամբ։ Նմանապէս կը խորհի՞ք։ Արդ, ի՞նչ կրնաք ընել որպէսզի Աստուծոյ հոգիին այս պտուղը մշակէք։ Իսկ ասիկա ընելը ի՞նչպէս կրնայ ձեզի օգնել որ իբր Քրիստոնեայ ձեր երկարատեւ նպատակներուն հասնիք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ այս կէտերը։

Կը յիշէ՞ք

Ժուժկալութիւնը Ինչո՞ւ . . .

• Քրիստոնեաներու կողմէ պէտք է մշակուի։

• ոմանց համար յատկապէս մարտահրաւէր է։

• ամուսնութեան մէջ անհրաժեշտ է։

• յատկութիւն մըն է, որ զայն մշակելու համար կրնանք իրարու օգնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 10]

Ան սորվեցաւ ո՛չ ըսել

Գերմանիայի մէջ ապրող Եհովայի Վկայ մը կ’աշխատէր որպէս արուեստագիտական հաղորդակցութիւններու պաշտօնեայ մը։ Իր գործը կը պարփակէր հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի շուրջ 30 յայտագիրներու հետեւիլ։ Երբ խանգարումներ պատահէին, ան իր ուշադրութիւնը յայտագրին վրայ պէտք էր կեդրոնացնէր, խնդիրը բնորոշելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Խանգարումները գրեթէ միշտ կը պատահէին անյարմար ժամանակին, երբ բռնութեան կամ սեռային տեսարաններ կը ցուցադրուէին։ Գէշ տեսարանները օրերով, նոյնիսկ շաբաթներով, միտքիս մէջ կը մնային, որպէս թէ ուղեղիս մէջ դրոշմուած ըլլային»։ Ան կը խոստովանի թէ ասիկա իր հոգեւորականութեան վրայ բացասական ազդեցութիւն մը ունեցաւ. «Ես բնաւորութեամբ դիւրաբորբոք եմ, ուստի բռնութեան տեսարանները դժուարացուցին ժուժկալութիւն գործադրելը։ Իսկ սեռային տեսարանները լարուածութիւն ստեղծեցին իմ ու կնոջս միջեւ։ Անոնց դէմ ամէն օր պայքար կը մղէի։ Որպէսզի չպարտուիմ, որոշեցի նոր գործ մը փնտռել, նոյնիսկ՝ նուազ վճարումով։ Վերջերս յաջողեցայ գործ մը գտնել։ Փափաքս իրականացաւ»։

[Նկարներ՝ էջ 11]

Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով ձեռք ձգուած գիտութիւնը մեզի կ’օգնէ ժուժկալութիւն գործադրելու