Մրցանակը շահելու համար՝ ժուժկալութիւն գործադրեցէք
Մրցանակը շահելու համար՝ ժուժկալութիւն գործադրեցէք
«Ով որ կը մրցի՝ ամէն ինչի մէջ ժուժկալութիւն կը պահէ»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։25, Երուսաղէմ
1. Եփեսացիս 4։22-24–ի համաձայն, միլիոնաւոր անհատներ ի՞նչպէս այո՛ ըսած են Եհովայի։
ԵԹԷ որպէս Եհովայի Վկայ մը մկրտուած էք, հանրապէս ցոյց տուած էք թէ յօժար էք մրցոյթի մը մասնակցելու, որուն մրցանակը յաւիտենական կեանք է։ Եհովայի կամքը ընելու՝ այո՛ ըսիք։ Եհովայի նուիրուելէ առաջ, մեզմէ շատեր ստիպուեցան յատկանշական փոփոխութիւններ ընել, որպէսզի մեր նուիրումը իմաստալից եւ Աստուծոյ ընդունելի ըլլայ։ Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի խրատին ականջ տուինք. ‘Ձեր վրայէն հանեցէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր . . . նոր մարդը ձեր վրայ հագէք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։ (Եփեսացիս 4։22-24) Ուրիշ խօսքով, Աստուծոյ նուիրուելէ առաջ, պէտք էր ո՛չ ըսէինք նախկին անընդունելի կենցաղի մը։
2, 3. Ա. Կորնթացիս 6։9-12–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար երկու տեսակ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք։
2 Անոնք որ Եհովայի Վկայ պիտի ըլլան, իրենց վրայէն հանելիք հին անձնաւորութեան կարգ մը երեսակները Աստուծոյ Խօսքին մէջ ուղղակիօրէն դատապարտուած են։ Պօղոս անոնցմէ ոմանք թուեց Կորնթացիներուն գրած իր նամակին մէջ. «Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ Ապա ցոյց տուաւ թէ առաջին դարու Քրիստոնեաները իրենց անձնաւորութեան մէջ հարկ եղած փոփոխութիւնները մտցուցին, եւ աւելցուց. «Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք»։ Նկատեցէ՛ք՝ էիք, եւ ոչ թէ՝ էք։—Ա. Կորնթացիս 6։9-11
3 Պօղոս թելադրեց որ յաւելեալ փոփոխութիւններ ալ անհրաժեշտ կրնան ըլլալ, ըսելով. «Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան օգտակար»։ (Ա. Կորնթացիս 6։12) Հետեւաբար շատեր, որոնք կը փափաքին Եհովայի Վկայ ըլլալ, հարկ կը տեսնեն ո՛չ ըսելու նոյնիսկ այն բաներուն, որ օրինաւոր ըլլալով հանդերձ, օգտակար չեն կամ մնայուն արժէք չեն ներկայացներ։ Ասոնք կրնան ժամանակ վատնող բաներ ըլլալ եւ զիրենք աւելի կարեւոր եղող բաներու հետամուտ ըլլալէ շեղեցնել։
4. Նուիրուած Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի նկատմամբ համաձայն կը գտնուին Պօղոսի հետ։
4 Աստուծոյ նուիրուիլը սիրայօժարօրէն կ’ըլլայ, եւ ոչ թէ դժկամութեամբ, որպէս թէ մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ։ Նուիրուած Քրիստոնեաները համաձայն կը գտնուին Պօղոսի հետ, որ Քրիստոսի հետեւորդ մը ըլլալէ ետք, ըսաւ. «[Յիսուսի] համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ»։ (Փիլիպպեցիս 3։8) Պօղոս ուրախութեամբ ո՛չ ըսաւ անարժէք բաներու, որպէսզի շարունակէ այո՛ ըսել Աստուծոյ։
5. Պօղոս յաջողութեամբ ո՞ր մրցավազքին մասնակցեցաւ, եւ ի՞նչպէս կրնանք նոյնը ընել։
5 Պօղոս իր հոգեւոր մրցավազքին մէջ ժուժկալութիւն գործադրեց եւ վերջաւորութեան կրցաւ ըսել. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը։ Ո՛չ միայն ինծի, հապա այն ամենուն ալ՝ որ սիրեցին անոր յայտնուիլը»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8) Մենք ալ օր մը նման կերպով պիտի կարենա՞նք արտայայտուիլ։ Այո՛, եթէ հաւատքով ժուժկալութիւն գործադրենք, մինչ առանց դանդաղելու կը վազենք մեր քրիստոնէական մրցավազքին մէջ մինչեւ աւարտակէտը։
Ժուժկալութիւն՝ Բարին Ընելու Համար
6. Ի՞նչ է ժուժկալութիւնը, եւ ի՞նչ երկու մարզերու մէջ պէտք է գործադրենք զայն։
6 Աստուածաշունչին մէջ «ժուժկալութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն ու Յունարէն բառերը, բառացիօրէն կը նշանակեն թէ անհատ մը իր անձին վրայ հեղինակութիւն կամ տիրապետութիւն ունի։ Անոնք յաճախ այն գաղափարը կը հաղորդեն թէ անհատը ինքզինք կը զսպէ որ չարութիւն չգործէ։ Սակայն բացայայտ է թէ նաեւ որոշ չափով ժուժկալութիւն կը պահանջուի, եթէ կ’ուզենք մեր մարմինը գործածել բարի գործեր ընելու համար։ Անկատար մարդոց բնական հակումն է սխալ գործել, հետեւաբար, երկու տեսակ պայքար ունինք։ (Ժողովողի 7։29. 8։11) Մինչ չարութիւն գործելէ ետ կը կենանք, նաեւ մենք մեզ պէտք է ստիպենք որ բարութիւն գործենք։ Իրականութեան մէջ, բարութիւն գործելու համար մեր մարմինը հակակշռի տակ առնելը, չարութիւն ընելէ խուսափելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է։
7. (ա) Դաւիթի նման, ի՞նչ բանի համար պէտք է աղօթենք։ (բ) Ի՞նչ բանի մասին խոկալը պիտի օգնէ մեզի որ աւելի մեծ տարողութեամբ ժուժկալութիւն գործադրենք։
7 Բացորոշ է թէ ժուժկալութիւնը կենսական է, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ կատարած մեր նուիրումին համաձայն ապրիլ։ Դաւիթի նման պէտք է աղօթենք. «Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ»։ (Սաղմոս 51։10) Կրնանք խոկալ բարոյապէս սխալ կամ ֆիզիքապէս հիւծող բաներէ խուսափելու օգուտներուն մասին։ Խորհեցէք անոնցմէ չխուսափելուն հաւանական վնասին մասին. առողջապահական լուրջ խնդիրներ, խզուած յարաբերութիւններ, նոյնիսկ կանխահաս մահ։ Միւս կողմէ, խորհեցէք Եհովայի յանձնարարած ապրելակերպին կառչած մնալուն բազմաթիւ օգուտներուն մասին։ Սակայն իրատես ըլլալու համար, պէտք չէ մոռնանք որ մեր սիրտը խաբեբայ է։ (Երեմեայ 17։9) Հաստատօրէն պէտք է դէմ դնենք սիրտին ջանքերուն որ Եհովայի չափանիշներուն կառչած մնալու լրջութիւնը նսեմացնէ։
8. Փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ իրականութիւն մը կը սորվեցնէ։ Բացատրեցէք։
8 Մեզմէ շատեր փորձառաբար գիտեն թէ դժկամող մարմինը յաճախ կը ջանայ յօժարակամ հոգիին խանդավառութիւնը մարել։ Օրինակ, նկատի առէք Թագաւորութեան քարոզչութիւնը։ Եհովա կ’ուրախանայ տեսնելով որ մարդիկ սիրայօժարօրէն կը մասնակցին այս կենսատու գործին։ (Սաղմոս 110։3. Մատթէոս 24։14) Մեզմէ շատերուն համար, հանրապէս քարոզել սորվիլը դիւրին չէր։ Անիկա պահանջեց,– եւ թերեւս տակաւին կը պահանջէ,– որ մեր մարմինը հակակշռի տակ առնենք, զայն ‘ճնշենք’ ու ‘նուաճենք’, փոխանակ թոյլ տալու որ մեզ մղէ ամենադիւրին ընթացքը ընտրելու։—Ա. Կորնթացիս 9։16, 27. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2
‘Ամէ՞ն Ինչի Մէջ’
9, 10. «Ամէն ինչի մէջ ժուժկալութիւն» գործադրելը ի՞նչ կը պարփակէ։
9 «Ամէն ինչի մէջ ժուժկալութիւն» գործադրելու Աստուածաշունչի խրատը ցոյց կու տայ թէ մեր Ղուկաս 10։38-42
բարկութիւնը զսպելէն եւ անբարոյ վարքէն ետ կենալէն աւելին պարփակուած է։ Եթէ կը խորհինք թէ այս մարզերուն մէջ որոշ տարողութեամբ ժուժկալութիւն իրագործած ենք, արդարեւ կրնանք երախտապարտ ըլլալ։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել կեանքի այլ մարզերուն մասին, որոնց մէջ ժուժկալութեան կարիքը նոյնքան բացայայտ չէ։ Օրինակի համար, ենթադրենք որ կ’ապրինք յարաբերաբար հարուստ երկրի մը մէջ, ուր կենսամակարդակը բարձր է։ Իմաստութիւն չէ՞ սորվիլ ո՛չ ըսել անհարկի ծախսերուն։ Լաւ կ’ըլլայ որ ծնողներ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն որ իրենց տեսածը գնել չուզեն, պարզապէս քանի որ անիկա մատչելի է, գրաւիչ է կամ զայն գնելու կարողութիւնը ունին։ Անշուշտ այս ցուցմունքը ազդու ըլլալու համար, ծնողները օրինակ պէտք է հանդիսանան։—10 Առանց կարգ մը նիւթական ստացուածքներու ապրիլ սորվիլը կրնայ մեր կամքը զօրացնել։ Անիկա կրնայ նաեւ մեր ունեցած նիւթական բաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնել, եւ կրնայ մեզ աւելի կարեկից դարձնել անոնց հանդէպ, որ ստիպուած են ապրիլ առանց այս նիւթական բաներուն, ո՛չ թէ քանի որ այդպէս կ’ուզեն, հապա՝ քանի որ չքաւոր են։ Այո, համեստ կենցաղ մը վարելը, հետեւեալ ժողովրդական կեցուածքներուն հակառակ է՝ «դուն քեզ վարձատրէ» կամ «լաւագոյնին արժանի ես»։ Ծանուցումներու աշխարհը անմիջական յագեցումի փափաքը կը քաջալերէ, բայց ասիկա կ’ընէ ի՛ր առեւտրական շահերուն համար։ Այս կացութիւնը կրնայ ժուժկալութիւն ցուցաբերելու մեր ջանքերուն արգելք հանդիսանալ։ Եւրոպական բարգաւաճ երկրի մը մէջ լոյս տեսնող պարբերաթերթ մը, վերջերս նշեց. «Եթէ անփափաքելի հակումները հակակշռի տակ պահելը ներքին պայքար կը պահանջէ անոնցմէ, որ ծայրաստիճան չքաւորութեան նեղացուցիչ պայմաններուն ներքեւ կ’ապրին, որքա՜ն աւելի անոնցմէ՝ որ կաթ ու մեղր բխող երկրին՝ ներկայ հարուստ ընկերութեան մէջ կ’ապրին»։
11. Ինչո՞ւ օգտակար է սորվիլ առանց կարգ մը նիւթական ստացուածքներու ապրիլ, իսկ ի՞նչ բան զայն դժուար կը դարձնէ։
11 Եթէ մեր փափաքածին եւ մեզի իրապէս անհրաժեշտ եղածին միջեւ զանազանելու դժուարութիւն ունինք, թերեւս օգտակար ըլլայ կարգ մը քայլեր առնել, վստահ ըլլալու համար թէ անպատասխանատու կերպով չենք վարուիր։ Օրինակ, եթէ կ’ուզենք անզուսպօրէն դրամ ծախսելու հակումին դէմ դնել, կրնանք վճռել պարտքով չգնել, կամ՝ երբ գնումի երթանք, կրնանք մեր հետ նախապէս որոշուած գումար մը տանիլ։ Մտաբերեցէք Պօղոսի խօսքը. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է»։ Ան ըսաւ. «Բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։6-8) Այսպէս կ’ընե՞նք։ Պարզ կեանք մը վարելը, ինքնայագեցման պատճառած ամէն տեսակ անհարկի բեռներէ զերծ, կամք ու ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ Սակայն ասիկա արժէքաւոր դաս մըն է որ պէտք է սորվինք։
12, 13. (ա) Քրիստոնէական ժողովները ի՞նչպէս ժուժկալութիւն կը պահանջեն։ (բ) Ի՞նչ են կարգ մը այլ մարզեր, որոնց մէջ ժուժկալութիւն պէտք է մշակենք։
Առակաց 1։5) Մեր քովիններուն փսփսալով ուրիշները խանգարելու փոխարէն մեր բոլոր ուշադրութիւնը դասախօսին ընծայելը, կրնայ ժուժկալութիւն պահանջել։ Ճիշդ ժամուն հասնելու համար մեր յայտագիրը ճշդելը կրնայ ժուժկալութիւն պահանջել։ Ասկէ զատ, ժողովներու պատրաստութեան համար ժամանակ յատկացնելը եւ անոնց մասնակցիլը ժուժկալութիւն կը պահանջէ։
12 Քրիստոնէական ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ գտնուիլն ալ որոշ ժուժկալութիւն ցուցաբերել կը պարփակէ։ Օրինակ, այս յատկութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի մեր միտքերը յայտագրի ընթացքին չթափառին։ (13 Պզտիկ բաներու մէջ ժուժկալութիւն գործադրելը, մեծ բաներու մէջ ասիկա ընելու մեր կարողութիւնը կը զօրացնէ։ (Ղուկաս 16։10) Հետեւաբար որքա՜ն լաւ է որ մենք մեզ կրթենք Աստուծոյ Խօսքը ու սուրբ գրային գրականութիւնները կանոնաւորաբար կարդալու, ուսումնասիրելու ու մեր սորվածին մասին խոկալու համար։ Որքա՜ն իմաստութիւն է մեր անձը կրթել անպատշաճ աշխատանքներու, բարեկամութիւններու, կեցուածքներու եւ անհատական սովորութիւններու նկատմամբ, կամ մեր անձը կրթել ո՛չ ըսելու այն գործունէութիւններուն, որ կրնան Աստուծոյ ծառայութեան մեր յատկացուցած թանկարժէք ժամանակէն գողնալ։ Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը վստահաբար կը պաշտպանէ մեզ այն բաներէն, որ կրնան մեզ հեռացնել Եհովայի համաշխարհային ժողովքին հոգեւոր դրախտէն։
Չափահաս Եղէք՝ Ժուժկալութեան Միջոցով
14. (ա) Երախաները ի՞նչպէս պէտք է սորվին ժուժկալութիւն գործադրել։ (բ) Երբ երախաներ փոքր տարիքէն այսպիսի դասեր սորվին, ի՞նչ օգուտներ կարելի է քաղել։
14 Բացայայտ է թէ նորածինը ժուժկալութիւն չունի։ Երախաներու վարքը ուսումնասիրող մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած թերթիկ մը կը բացատրէ. «Ժուժկալութիւնը ինքնաբերաբար կամ յանկարծակի չի գար։ Նորածիններն ու երախաները ժուժկալութիւն սորվելու համար, ծնողական առաջնորդութեան ու աջակցութեան կարիքը ունին։ . . . Մինչ ծնողները այս գործընթացը կ’առաջնորդեն, ժուժկալութիւնը հետզհետէ կ’աւելնայ դպրոցական տարիներու ընթացքին»։ Չորս տարեկան երախաներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը երեւան հանեց թէ անոնք որ որոշ տարողութեամբ ժուժկալութիւն գործադրել սորված էին, «ընդհանուր առմամբ աւելի յարմարող, աւելի ժողովրդական, արկածախնդիր, ինքնավստահ ու վստահելի պատանիներ եղան»։ Անոնք որ այս դասը չսորվեցան, «աւելի հակամէտ էին առանձին ըլլալու, դիւրաւ ընդվզելու եւ յամառ ըլլալու։ Անոնք ճնշումի ներքեւ տեղի տուին եւ մարտահրաւէրներէ խուսափեցան»։ Բացորոշ է թէ լաւ–յարմարող չափահաս մը ըլլալու համար, երախան պէտք է սորվի ժուժկալութիւն գործադրել։
15. Ժուժկալութեան պակասը ի՞նչ ցոյց կու տայ, հակասելով Աստուածաշունչին մէջ նշուած ո՞ր նպատակակէտը։
15 Նոյնպէս, եթէ կ’ուզենք չափահաս Քրիստոնեաներ ըլլալ, պէտք է սորվինք ժուժկալութիւն ցուցաբերել։ Անոր պակասը ցոյց կու տայ թէ տակաւին հոգեւոր երախաներ ենք։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ «ըմբռնումով չափահաս» ըլլանք։ (Ա. Կորնթացիս 14։20, ԱՎ) Մեր նպատակակէտն է հասնիլ «հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու»։ Ինչո՞ւ։ «Որպէս զի ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու»։ (Եփեսացիս 4։13, 14) Արդ, ժուժկալութիւն գործադրել սորվիլը մեր հոգեւորականութեան համար կենսական է։
Ժուժկալութիւն Մշակել
16. Եհովա ի՞նչպէս օգնութիւն կը հայթայթէ։
16 Ժուժկալութիւն մշակելու համար Աստուծոյ օգնութեան կարիքը ունինք, եւ ասիկա մատչելի է։ Կատարեալ հայելիի մը նման, Աստուծոյ Խօսքը մեզի ցոյց կու տայ թէ ո՛ր մարզին մէջ անձնական փոփոխութիւններ պէտք է ընենք եւ ասիկա ի՛նչպէս ընելու մասին խրատներ կը հայթայթէ։ (Յակոբու 1։22-25) Ունինք նաեւ սիրալիր եղբայրութիւն մը, որ պատրաստ է մեզի օգնելու։ Քրիստոնեայ երէցները հասկացողութեամբ անհատական օգնութիւն կը մատուցանեն։ Եհովա առատօրէն իր սուրբ հոգին կու տայ մեզի, երբ աղօթքով զայն խնդրենք։ (Ղուկաս 11։13. Հռովմայեցիս 8։26) Հետեւաբար այս հայթայթումները ուրախութեամբ գործածենք։ Էջ 16–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները կրնան օգտակար ըլլալ։
17. Առակաց 24։16–ը ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ մեզի։
17 Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա մեր ջանքերը կ’արժեւորէ, երբ կը ջանանք զինք հաճեցնել։ Ասիկա պէտք է մղէ մեզ որ շարունակենք ջանալ աւելի ժուժկալութիւն մշակել։ Որքան ալ սայթաքինք, երբեք մեր ջանքերը չդադրեցնենք։ «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի»։ (Առակաց 24։16) Ամէն անգամ որ յաղթանակ տանինք, մեր անձէն գոհ ըլլանք։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա կը հաճի մեզի։ Վկայ մը կ’ըսէ թէ իր կեանքը Եհովայի նուիրելէ առաջ, ամէն անգամ որ առանց ծխելու լման շաբաթ մը անցընէր, ինքզինք կը վարձատրէր, օգտակար բան մը գնելով ա՛յն դրամով որ ժուժկալութեան շնորհիւ խնայած էր։
18. (ա) Ժուժկալութիւն մշակելու մեր պայքարին մէջ ի՞նչ պարփակուած է։ (բ) Եհովա ի՞նչ երաշխիք կու տայ։
18 Ամէն բանէ առաջ, պէտք չէ մոռնանք որ ժուժկալութիւնը միտքին ու զգացումներուն հետ առնչուած է։ Ասիկա կրնանք տեսնել Յիսուսի խօսքերէն. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ (Մատթէոս 5։28. Յակոբու 1։14, 15) Ան որ սորված է իր միտքն ու զգացումները հակակշռի տակ առնել, իր ամբողջ մարմինը զսպելը աւելի դիւրին պիտի գտնէ։ Հետեւաբար, ո՛չ միայն սխալը ընելէ, հապա նոյնիսկ սխալին մասին մտածելէ խուսափելու մեր վճռակամութիւնը զօրացնենք։ Երբ սխալ խորհուրդներ ծագին, զանոնք անմիջապէս մերժեցէք։ Կրնանք փորձութիւններէ փախչիլ, աղօթքով մեր աչքերը Յիսուսի վրայ սեւեռած պահելով։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11. Բ. Տիմոթէոս 2։22. Եբրայեցիս 4։15, 16) Մինչ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, Սաղմոս 55։22–ի խրատին հետեւած կ’ըլլանք. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։
Կը յիշէ՞ք
• Ի՞նչ երկու կերպերով ժուժկալութիւն պէտք է գործադրենք։
• Ի՞նչ կը նշանակէ «ամէն ինչի մէջ ժուժկալութիւն» գործադրել։
• Այս ուսումնասիրութեան ընթացքին, ժուժկալութիւն մշակելու ո՞ր գործնական թելադրութիւնները յատկապէս ձեր ուշադրութիւնը գրաւեցին։
• Ժուժկալութիւնը ո՞ւր կը սկսի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 17]
Ժուժկալութիւնը ի՛նչպէս զօրացնել
• Զայն մշակեցէք նոյնիսկ պզտիկ բաներու մէջ
• Անոր ներկայ ու ապագայ օգուտներուն մասին խոկացէք
• Աստուծոյ արգիլած բաները փոխարինեցէք իր քաջալերած բաներով
• Անպատշաճ գաղափարները անմիջապէս մերժեցէք
• Ձեր միտքը հոգեւորապէս շինիչ գաղափարներով լեցուցէք
• Հասուն Քրիստոնեայ հաւատակիցներու մատուցած օգնութիւնը ընդունեցէք
• Փորձիչ պարագաներէ խուսափեցէք
• Փորձութեան ժամանակներուն՝ Աստուծոյ օգնութեան համար աղօթեցէք
[Նկարներ՝ էջ 14, 15]
Ժուժկալութիւնը մեզ կը մղէ բարին ընելու