Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշակերտելու նպատակով քարոզեցէք

Աշակերտելու նպատակով քարոզեցէք

Աշակերտելու նպատակով քարոզեցէք

«Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին, [Ապօղոսը] իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին»։—ԳՈՐԾՔ 18։26

1. ‘Ջերմեռանդ հոգի ունենալով’ հանդերձ, Ապօղոս ի՞նչ բանի կարիքը ունէր։

ՊՐԻՍԿԻՂԱ ու Ակիւղաս, առաջին դարուն ապրող Քրիստոնեայ ամոլ մը, Եփեսոս քաղաքին մէկ ժողովարանին մէջ Ապօղոսի ճառը լսեցին։ Իր ճարտասանութեամբ եւ համոզելու կարողութեամբ, Ապօղոս ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւած էր։ Ան ‘ջերմեռանդ հոգի ունէր’ եւ «կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով»։ Սակայն բացորոշ էր թէ Ապօղոս «միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր»։ Քրիստոսի մասին Ապօղոսի քարոզածը ճիշդ էր, բայց ո՛չ լման։ Խնդիրը այն էր որ Քրիստոսի մասին լիակատար գիտութիւն չունէր։ Ապօղոս Եհովայի նպատակին կատարման մէջ Յիսուս Քրիստոսի խաղցած դերին մասին իր գիտութիւնը պէտք էր աւելցնէր։—Գործք 18։24-26

2. Պրիսկիղա ու Ակիւղաս ո՞ր մարտահրաւէրը ընդունեցին։

2 Առանց տատամսելու, Պրիսկիղա ու Ակիւղաս Ապօղոսի օգնեցին Քրիստոսի պատուիրած «բոլոր բաները» պահելու։ (Մատթէոս 28։19, 20) Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք Ապօղոսը «իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին»։ Սակայն Ապօղոսի վերաբերեալ կարգ մը իրողութիւններ թերեւս պատճառ ըլլային որ Քրիստոնեաներէն ոմանք վարանէին անոր սորվեցնելու։ Ի՞նչ իրողութիւններ։ Իսկ Ապօղոսի հետ Սուրբ Գրութիւնները քննարկելու Պրիսկիղայի ու Ակիւղասի ջանքերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Այս պատմական արձանագրութիւնը վերաքաղ ընելով ի՞նչպէս կրնանք կեդրոնանալ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։

Մարդոց Վրայ Կեդրոնացէք

3. Ապօղոսի ենթահողը ինչո՞ւ արգելք չհանդիսացաւ որ Պրիսկիղա ու Ակիւղաս անոր սորվեցնեն։

3 Հրէական ծագում ունենալով, Ապօղոս ըստ երեւոյթին Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ մեծցած էր։ Այդ ժամանակ Աղեքսանդրիան Եգիպտոսի մայրաքաղաքը եւ բարձրագոյն ուսման կեդրոն մըն էր, հանրածանօթ՝ իր մեծ գրադարանով։ Քաղաքին մէջ բազմաթիւ Հրեաներ կ’ապրէին, ի ներառեալ ուսումնականներ։ Անոր համար Եբրայերէն Գրութիւններու Եօթանասնից կոչուած Յունարէն թարգմանութիւնը հոն պատրաստուեցաւ։ Զարմանալի չէր որ Ապօղոս «զօրաւոր էր սուրբ գրքերով»։ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա վրանագործ էին։ Ապօղոսի պերճախօսութիւնը պատճառ եղա՞ւ որ անոնք երկչոտին։ Ո՛չ։ Սէրէ մղուած, անոնք նկատի առին անհատը, անոր կարիքները, եւ թէ ի՛նչպէս կրնային օգնել։

4. Ապօղոս ե՞րբ եւ ի՞նչպէս իրեն հարկ եղած օգնութիւնը ստացաւ։

4 Ապօղոս որքան ալ ճարտասան ըլլար, ցուցմունքներու կարիքը ունէր։ Իրեն հարկ եղած օգնութիւնը ո՛չ մէկ համալսարանի մէջ կը գտնուէր, այլ միայն՝ քրիստոնէական ժողովքի անդամներուն քով։ Ապօղոս այնպիսի կէտեր պիտի սորվէր, որոնք Աստուծոյ փրկութեան կարգադրութիւնը աւելի ճշգրիտ կերպով հասկնալու պիտի նպաստէին։ Պրիսկիղա ու Ակիւղաս զանիկա «իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին»։

5. Պրիսկիղայի ու Ակիւղասի հոգեւորականութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։

5 Պրիսկիղա ու Ակիւղաս հոգեւորապէս զօրաւոր եւ հաւատքի մէջ լաւ հաստատուած էին։ Հաւանաբար անոնք ‘միշտ պատրաստ էին հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք իրենց ունեցած յոյսին մասին կը հարցնէին’, ըլլան անոնք՝ հարուստներ, աղքատներ, ուսումնականներ կամ ստրուկներ։ (Ա. Պետրոս 3։15) Ակիւղաս ու իր կինը «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելու» կարող էին։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Բացայայտ է թէ անոնք Սուրբ Գրութիւններու լուրջ աշակերտներ էին։ Ապօղոսի սիրտին ազդեց տրուած ցուցմունքը, որ հիմնուած էր ‘Աստուծոյ կենդանի ու զօրեղ խօսքին’ վրայ։—Եբրայեցիս 4։12

6. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Ապօղոս իր ստացած օգնութիւնը գնահատեց։

6 Ապօղոս իր ուսուցիչներուն օրինակը գնահատեց եւ աշակերտելու մէջ ա՛լ աւելի հմուտ դարձաւ։ Ան իր գիտութիւնը ազդուօրէն գործածեց բարի լուրը ծանուցանելու համար, մանաւանդ՝ Հրեայ բնակչութեան մէջ։ Ապօղոս յատկապէս օգտակար դարձաւ Քրիստոսի մասին Հրեաները համոզելու մէջ։ ‘Սուրբ գրքերով զօրաւոր ըլլալով’, ան կրցաւ անոնց ապացուցանել թէ վաղեմի բոլոր մարգարէները Քրիստոսի գալուստին անհամբեր կը սպասէին։ (Գործք 18։24) Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Ապօղոս հետագային Աքայիա գնաց, ուր «շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։ Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է»։—Գործք 18։27, 28

Ուրիշ Ուսուցիչներու Օրինակէն Սորվեցէք

7. Ակիւղաս ու Պրիսկիղա ի՞նչպէս հմուտ ուսուցիչներ եղան։

7 Ակիւղաս ու Պրիսկիղա ի՞նչպէս Աստուծոյ Խօսքին ատակ ուսուցիչներ եղան։ Անձնական ուսումնասիրութեան եւ ժողովներու ներկայ գտնուելու մէջ ժրաջան ըլլալէ զատ, Պօղոս առաքեալի հետ իրենց սերտ ընկերակցութիւնը մեծապէս նպաստած ըլլալու էր։ Պօղոս Կորնթոսի մէջ 18 ամիս Պրիսկիղայի ու Ակիւղասի տան մէջ բնակեցաւ։ Անոնք միասին աշխատեցան վրաններ շինելով եւ նորոգելով։ (Գործք 18։2, 3) Մտապատկերացուցէք անոնց միջեւ տեղի ունեցած սուրբ գրային խորունկ զրոյցները։ Պօղոսի հետ այս ընկերակցութիւնը որքա՜ն իրենց հոգեւորականութիւնը զօրացուց։ Առակաց 13։20–ը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ»։ Շինիչ ընկերակցութիւնը լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց հոգեւոր սովորութիւններուն վրայ։—Ա. Կորնթացիս 15։33

8. Պրիսկիղա ու Ակիւղաս Պօղոսի ծառայութիւնը դիտելով ի՞նչ սորվեցան։

8 Պօղոս Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը ըլլալով ընտիր օրինակ հանդիսացաւ Պրիսկիղայի ու Ակիւղասի որպէս լաւ ուսուցիչ մը։ Գործք Առաքելոցի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Պօղոս «ամէն շաբաթ օր [Կորնթոսի] ժողովարանին մէջ կը խօսէր եւ Հրեաներն ու Յոյները կը համոզէր»։ Հետագային, երբ Շիղա ու Տիմոթէոս իրեն միացան, Պօղոսի «հոգին եռանդով վառուած ըլլալով, վկայութիւնով Հրեաները կը համոզէր թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է»։ Երբ ժողովարանի անդամները քիչ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին, Պրիսկիղա ու Ակիւղաս նկատեցին թէ Պօղոս իր քարոզչական գործունէութեան կեդրոնը փոխադրեց աւելի նպաստաւոր վայր մը. տուն մը, որ ժողովարանին կից էր։ Հոն Պօղոս կրցաւ Կրիսպոսի՝ «ժողովրդապետ»ին՝ օգնել որ աշակերտ ըլլայ։ Շատ հաւանաբար Պրիսկիղա ու Ակիւղաս նկատեցին թէ այս անհատին աշակերտ ըլլալը, թաղամասին վրայ խոր ու պտղաբեր ազդեցութիւն ունեցաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Կրիսպոս՝ իր բոլոր տունովը հաւատաց Տէրոջը։ Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան»։—Գործք 18։4-8

9. Պրիսկիղա ու Ակիւղաս ի՞նչպէս Պօղոսի օրինակին հետեւեցան։

9 Թագաւորութիւնը ծանուցանող այլ անհատներ, ինչպէս՝ Պրիսկիղա ու Ակիւղաս, դաշտի ծառայութեան մէջ Պօղոսի օրինակը ընդօրինակեցին։ Առաքեալը Քրիստոնեաները յորդորեց. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Պօղոսի օրինակին հետեւելով, Պրիսկիղա ու Ակիւղաս Ապօղոսի օգնեցին քրիստոնէական ուսուցումները աւելի ճշգրտօրէն հասկնալու։ Իր կարգին, Ապօղոս ուրիշներու օգնեց։ Անտարակոյս Պրիսկիղա ու Ակիւղաս Հռովմի, Կորնթոսի եւ Եփեսոսի մէջ շատերու օգնեցին որ աշակերտներ ըլլան։—Գործք 18։1, 2, 18, 19. Հռովմայեցիս 16։3-5

10. Գործք Առաքելոց 18–րդ գլուխէն ի՞նչ սորվեցաք, որ կրնայ ձեզի օգնել աշակերտելու գործին մէջ։

10 Գործք Առաքելոց 18–րդ գլուխէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա Պօղոսէն սորվեցան, կրնանք աշակերտելու մեր կարողութիւնը բարելաւել, Աստուծոյ Խօսքին ատակ ուսուցիչներուն օրինակին հետեւելով։ Կրնանք ընկերակցիլ անոնց հետ որ «անխոնջօրէն խօսքով զբաղած» են եւ ուրիշներուն լիովին ‘կը վկայեն’։ (Գործք 18։5, ՆԱ) Կրնանք նկատի առնել թէ անոնք ի՛նչպէս մարդոց սիրտին կը հասնին, համոզիչ՝ ուսուցանելու հմտութիւններ գործածելով։ Այսպիսի հմտութիւններ կրնան մեզի օգնել որ աշակերտենք։ Երբ անհատի մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, կրնանք թելադրել որ իր ընտանիքին միւս անդամները կամ դրացիները հրաւիրէ ուսումնասիրութեան մասնակցելու։ Կամ, կրնանք խնդրել որ մեզի իմացնէ թէ որո՛նց կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը մատուցանել։—Գործք 18։6-8

Աշակերտելու Պատեհութիւններ Ստեղծեցէք

11. Ո՞ւր կարելի է նոր աշակերտներ գտնել։

11 Պօղոս ու իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները ջանացին աշակերտել՝ քարոզելով տունէ տուն, շուկաներուն մէջ, իրենց ճամբորդութեանց ընթացքին. իրականութեան մէջ՝ ամէնուրեք։ Որպէս Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանող մը որ կը ջանայ աշակերտել, կրնա՞ք ձեր դաշտի ծառայութիւնը ընդարձակել։ Կրնա՞ք արժանի եղողները փնտռելու եւ անոնց քարոզելու պատեհութիւնները օգտագործել։ Բարի լուրի հրատարակիչները ի՞նչ կերպերով աշակերտներ գտած են։ Նախ ակնարկ մը նետենք հեռաձայնով վկայելու մարզին վրայ։

12-14. Հեռաձայնով վկայելուն օգուտները ցոյց տալու համար, ձեր անձնական փորձառութիւնը կամ այս պարբերութիւններուն յիշածը պատմեցէք։

12 Երբ Մարիա անունով Քրիստոնեայ կին մը Պրազիլի մէջ տունէ տուն կը վկայէր, շէնքէ մը դուրս ելլող երիտասարդուհիի մը թերթիկ մը տուաւ։ Իբր բացում թերթիկին խորագիրը գործածելով, Մարիա հարցուց. «Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ»։ Երիտասարդուհին պատասխանեց. «Կը փափաքիմ։ Բայց հարցը այն է որ ես ուսուցչուհի մըն եմ, եւ դասաւանդութիւնը ամբողջ ժամանակս առած է»։ Մարիա բացատրեց թէ կրնան հեռաձայնով սուրբ գրային նիւթեր նկատի առնել։ Երիտասարդուհին Մարիայի տուաւ իր հեռաձայնի թիւը, իսկ այդ իրիկունը, քոյրը հեռաձայնով ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ, Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը գործածելով։ *

13 Եթովպիայի մէջ լիաժամ քարոզիչ մը հեռաձայնով վկայելու ատեն անակնկալի եկաւ, երբ մարդ մը պատասխանեց մինչ յստակ էր թէ տակնուվրայ վիճակ մը կը տիրէր։ Մարդը խնդրեց որ ան ժամանակ մը ետք հեռաձայնէ։ Երբ քոյրը հեռաձայնեց, մարդը ներողութիւն խնդրեց եւ ըսաւ թէ առաջին հեռաձայնին ժամանակ, իր կնոջ հետ տաք վիճաբանութիւն ունէր։ Քոյրը այս նշմարէն օգտուելով, ընտանեկան խնդիրները ձեռք առնելու նկատմամբ Աստուածաշունչի իմաստուն ուղղութիւններուն ակնարկութիւն ըրաւ։ Մարդուն ըսաւ թէ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գիրքը, որ Եհովայի Վկաներուն կողմէ հրատարակուած է, բազմաթիւ ընտանիքներու օգտակար դարձած է։ Գիրքը մարդուն ձեռքը հասնելէն քանի մը օր ետք, քոյրը դարձեալ հեռաձայնեց։ Մարդը բացագանչեց. «Այս գիրքը ամուսնութիւնս փրկեց»։ Իրականութեան մէջ, ան ընտանեկան ժողով մը գումարած էր, գիրքին մէջ իր կարդացած օգտակար կէտերը անոնց փոխանցելու համար։ Մարդուն հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, եւ շատ չանցած, սկսաւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։

14 Տանըմարքայի մէջ Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը, որ հեռաձայնով վկայելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ, կ’ըսէ. «Ծառայութեան տեսուչը զիս քաջալերեց որ հեռաձայնով վկայեմ։ Սկիզբը վարանեցայ, ըսելով. ‘Ասիկա ինծի համար չէ’։ Սակայն օր մը քաջութիւն հաւաքեցի եւ առաջին անհատին հեռաձայնեցի։ Սոնիան պատասխանեց եւ կարճ խօսակցութենէ ետք, ընդունեց Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւն մը ստանալ։ Երեկոյ մը ստեղծագործութեան նիւթին մասին խօսակցեցանք եւ ուզեց կարդալ Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը։ * Իրեն ըսի թէ ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ անձամբ տեսակցէինք եւ այս նիւթին շուրջ խօսէինք։ Ան համաձայն գտնուեցաւ։ Երբ իրեն այցելեցի, ան ուսումնասիրելու պատրաստ էր, եւ անկէ ի վեր ամէն շաբաթ կ’ուսումնասիրենք»։ Մեր Քրիստոնեայ քոյրը կ’եզրափակէ. «Տարիներէ ի վեր կ’աղօթէի որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենամ, բայց չէի ակնկալեր որ հեռաձայնով վկայելով զայն ունենամ»։

15, 16. Ի՞նչ փորձառութիւններ կրնաք պատմել ցոյց տալու համար թէ պէտք է արթուն ըլլանք տարբեր կերպեր գործածելու նկատմամբ, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատենք։

15 Շատեր յաջողութիւն կը գտնեն, ամէնուրեք մարդոց վկայելու նկատմամբ տրուած թելադրութիւնները կիրարկելով։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Քրիստոնեայ կին մը իր ինքնաշարժը առեւտրական բեռնակառքի մը քով կեցուց, կառատան մը մէջ։ Երբ բեռնակառքին մէջ գտնուող կինը զինք տեսաւ, քոյրը սկսաւ անոր բացատրել Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր դաստիարակչական գործին բնոյթը։ Կինը մտիկ ըրաւ, բեռնակառքէն իջաւ ու քրոջ ինքնաշարժին մօտեցաւ։ Ան ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ որ կանգ առնելով ինծի խօսեցար։ Երկար ատենէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ձեր գրականութիւնները չեմ ստացած։ Ասկէ զատ, կը փափաքիմ դարձեալ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Կրնա՞ս հետս ուսումնասիրել»։ Այս կերպով մեր քոյրը բարի լուրը բաժնելու նպաստաւոր պարագայ մը ստեղծեց։

16 Միացեալ Նահանգներուն մէջ քոյր մը հետեւեալ փորձառութիւնը ունեցաւ, երբ խնամատուն մը այցելեց։ Ան հաստատութեան մէկ բաժնին տնօրէնին մօտեցաւ ու անոր ըսաւ թէ կը փափաքէր հոն բնակողներուն օգնել որ իրենց հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տան։ Մեր քոյրը նաեւ ըսաւ թէ ուրախ պիտի ըլլար Աստուածաշունչի շաբաթական ձրի ուսումնասիրութիւն մը վարելով բոլոր փափաքողներուն հետ։ Տնօրէնը իրեն արտօնութիւն տուաւ որ սենեակները այցելէ։ Շատ չանցած, քոյրը սկսաւ 26 անհատներու հետ շաբաթը երեք անգամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել, որոնցմէ մէկը ներկայիս կրնայ մեր ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։

17. Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար յաճախ ո՞ր մօտեցումը ազդու է։

17 Թագաւորութիւնը ծանուցանողներէն ոմանց համար, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ուղղակի առաջարկը լաւ արդիւնքներ կու տայ։ Առաւօտ մը, 105 հրատարակիչներէ բաղկացած ժողովք մը մասնայատուկ ջանք թափեց իրենց հանդիպած իւրաքանչիւր տանտիրոջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու։ 86 հրատարակիչներ դաշտի ծառայութեան մասնակցեցան, եւ քարոզչութեան երկու ժամ տրամադրելէ ետք, առնուազն 15 նոր ուսումնասիրութիւններ հաստատեցին։

Շարունակեցէք Արժանի Եղողները Փնտռել

18, 19. Յիսուսի տուած ո՞ր կարեւոր ցուցմունքը ի մտի պէտք է ունենանք, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

18 Որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը, թերեւս փափաքիք այս յօդուածին մէջ յիշուած թելադրութիւնները փորձել։ Անշուշտ վկայելու որոշ մեթոտներ գործածելու համար, տեղական սովորութիւնները հաշուի առնելը խոհեմութիւն է։ Ամէն բանէ առաջ, ի մտի ունենանք արժանի եղողները փնտռելու Յիսուսի ուղղութիւնը եւ անոնց օգնենք որ աշակերտներ ըլլան։—Մատթէոս 10։11. 28։19

19 Ասիկա իրագործելու համար, թող որ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրենք’, Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հաստատօրէն հիմնուած համոզում գործածելով։ Ասիկա պիտի օգնէ մեզի ընդունակ եղողներուն սիրտին դպչելու եւ զիրենք գործի մղելու։ Մինչ աղօթքով Եհովայի կը վստահինք, կրնանք ոմանց օգնել որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ ըլլան։ Իսկ այս գործը որքա՜ն վարձահատոյց է։ Հետեւաբար ‘ջանանք մեր անձը ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ’, միշտ Եհովան պատուելով որպէս Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանողներ, որոնք աշակերտելու նպատակով կը քարոզեն։—Բ. Տիմոթէոս 2։15

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 12 Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 14 Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

• Ապօղոս ինչո՞ւ կարիք ունէր որ Աստուծոյ ճամբան աւելի լման կերպով բացատրուէր իրեն։

• Պրիսկիղա ու Ակիւղաս ի՞նչ կերպերով Պօղոս առաքեալէն սորվեցան։

Գործք Առաքելոց 18–րդ գլուխէն աշակերտելու մասին ի՞նչ սորվեցաք։

• Աշակերտելու համար ի՞նչպէս պատեհութիւններ կրնաք ստեղծել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Պրիսկիղա ու Ակիւղաս ‘աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան Ապօղոսի հասկցուցին’

[Նկար՝ էջ 18]

Ապօղոս աշակերտելու մէջ հմուտ եղաւ

[Նկար՝ էջ 19]

Պօղոս ո՛ւր որ գնաց՝ քարոզեց