Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրեցէք’

‘Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրեցէք’

‘Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրեցէք’

«Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2։15

1, 2. (ա) Աշխատաւորները ինչո՞ւ գործիքներու կարիքը ունին։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչ գործի կը մասնակցին, եւ ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ առաջ Թագաւորութիւնը կը խնդրեն։

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐԸ իրենց աշխատանքը ընելու համար գործիքներու պէտք ունին։ Բայց պարզապէս գործիք մը ունենալը բաւարար չէ։ Աշխատաւորը շիտակ գործիքին կարիքը ունի, եւ զայն շիտակ կերպով պէտք է գործածէ։ Օրինակ, եթէ մառան մը պիտի շինէք եւ կ’ուզէք երկու փայտ իրարու միացնել, մուրճ եւ գամեր ունենալը բաւարար չէ։ Պէտք է գիտնաք ի՛նչպէս գամը փայտին գամել, առանց զայն ծռելու։ Եթէ մուրճ գործածել չէք գիտեր, գամը փայտին գամելը կրնայ շատ դժուար եւ ընդվզեցուցիչ ըլլալ։ Բայց շիտակ կերպով գործածուած գործիքները կրնան մեզի օգնել որ գոհացուցիչ արդիւնքով գործեր վերջացնենք։

2 Քրիստոնեաներ ըլլալով, գործ մը ունինք։ Անիկա մեծ կարեւորութիւն ունեցող գործ մըն է։ Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդները յորդորեց որ ‘առաջ խնդրեն թագաւորութիւնը’։ (Մատթէոս 6։33) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Կերպերէն մէկն է՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ նախանձախնդիր ըլլալ։ Մեր ծառայութիւնը ամրօրէն Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած ըլլալը այլ կերպ մըն է։ Լաւ վարքը երրորդ կերպն է։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Գործք 8։25. Ա. Պետրոս 2։12) Քրիստոնէական այս գործի նշանակումին մէջ ազդու եւ ուրախ ըլլալու համար, յարմար գործիքներու եւ զանոնք շիտակ կերպով գործածել գիտնալու կարիքը ունինք։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս առաքեալ որպէս Քրիստոնեայ աշխատաւոր յատկանշական օրինակ հանդիսացաւ, եւ իր հաւատակիցները քաջալերեց որ զինք ընդօրինակեն։ (Ա. Կորնթացիս 11։1. 15։10) Արդ, ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոսէն՝ մեր գործակիցէն։

Պօղոս՝ Թագաւորութիւնը Նախանձախնդրաբար Ծանուցանող մը

3. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ Պօղոս առաքեալ Թագաւորութեան նախանձախնդիր աշխատաւոր մըն էր։

3 Պօղոս ի՞նչպիսի աշխատաւոր մըն էր։ Ան վստահաբար նախանձախնդիր էր։ Պօղոս անխոնջօրէն աշխատեցաւ, Միջերկրականի շրջակայ շրջանին մեծ մասին մէջ բարի լուրը տարածելով։ Թագաւորութիւնը խանդավառօրէն ծանուցանելու պատճառ մը տալով, այս անդուլ առաքեալը ըսաւ. «Եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։16) Պօղոս հետաքրքրուած էր միայն ի՞ր կեանքը փրկելով։ Ո՛չ։ Ան անձնասէր մէկը չէր։ Ընդհակառակը, ան կը փափաքէր որ ուրիշներ ալ բարի լուրէն օգտուին։ Ան գրեց. «Այս բոլորը կ’ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ»։—Ա. Կորնթացիս 9։23, Անթիլիաս

4. Քրիստոնեայ աշխատաւորները գլխաւորաբար ո՞ր գործիքը կ’արժեւորեն։

4 Պօղոս առաքեալ համեստ աշխատաւոր մըն էր, որ գիտակցեցաւ թէ չէր կրնար միայն իր անձնական հմտութիւններուն վստահիլ։ Ճիշդ ինչպէս որ ատաղձագործը մուրճի մը կարիքը ունի, Պօղոս յարմար գործիքին պէտք ունէր, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը իր ունկնդիրներուն սիրտերուն վրայ քանդակելու համար։ Ան գլխաւորաբար ի՞նչ գործիք գործածեց։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Գրութիւնները։ Նմանապէս, մեր գործածած գլխաւոր գործիքը ամբողջ Աստուածաշունչն է, որ մեզի կ’օգնէ աշակերտելու գործին մէջ։

5. Ազդու քարոզիչներ ըլլալու համար, համարներ մէջբերելէ զատ ի՞նչ պէտք է ընենք։

5 Պօղոս գիտէր թէ Աստուծոյ Խօսքը պատշաճօրէն բացատրելը՝ անկէ մէջբերումներ ընելէն աւելին կը պարփակէր։ Ան ‘համոզում’ գործածեց։ (Գործք 28։23) Ի՞նչպէս։ Պօղոս Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը յաջողաբար գործածեց շատեր հաւանեցնելու որ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ընդունին։ Ան պատճառաբանեց անոնց հետ։ Եփեսոսի մէկ ժողովարանին մէջ, Պօղոս երեք ամիս «Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով կը խօսէր ու կը համոզէր»։ Թէեւ «մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին», բայց ուրիշներ մտիկ ըրին։ Եփեսոսի մէջ Պօղոսի ծառայութեան շնորհիւ ‘Տէրոջը խօսքը մեծապէս աճեցաւ եւ զօրացաւ’։—Գործք 19։8, 9, 20

6, 7. Պօղոս ի՞նչպէս իր ծառայութիւնը մեծարեց, եւ ի՞նչպէս կրնանք նոյնը ընել։

6 Որպէս Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանող մը, Պօղոս իր ‘պաշտօնը մեծարեց’։ (Հռովմայեցիս 11։13) Ի՞նչպէս։ Ան պաշտօնի բարձրացումով հետաքրքրուած չէր. ո՛չ ալ կ’ամչնար հանրապէս ճանչցուելէ իբր Աստուծոյ մէկ գործակիցը։ Փոխարէն, ան իր ծառայութիւնը մեծագոյն պատիւը կը նկատէր։ Պօղոս Աստուծոյ Խօսքը հմտօրէն եւ ազդուօրէն բացատրեց։ Իր պտղաբեր գործունէութիւնը ուրիշներուն դրդապատճառ տուաւ, անոնց օգնելով որ մղուին իրենց ծառայութիւնը աւելի լման կերպով կատարելու։ Այս կերպով ալ իր ծառայութիւնը մեծարուեցաւ։

7 Պօղոսի նման, որպէս քարոզիչ մեր գործը կրնանք մեծարել, Աստուծոյ Խօսքը յաճախաբար եւ ազդուօրէն գործածելով։ Մեր դաշտի ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ, մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ Սուրբ Գրութիւններէն բան մը բաժնել կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հետ։ Ասիկա ի՞նչպէս համոզումով կրնանք ընել։ Երեք կարեւոր կերպեր նկատի առէք. (1) Ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքին ուղղեցէք, այնպիսի կերպով մը որ անոր հանդէպ յարգանք կը ստեղծէ։ (2) Աստուածաշունչին ըսածը փափկանկատօրէն բացատրեցէք ու կիրարկեցէք։ (3) Համոզիչ կերպով Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանեցէք։

8. Ներկայիս Թագաւորութեան քարոզչութեան համար ի՞նչպիսի գործիքներ մատչելի են մեզի, եւ զանոնք ի՞նչպէս գործածած էք։

8 Մերօրեայ Թագաւորութիւնը ծանուցանողները գործիքներ ունին, որոնք Պօղոսի ծառայութեան ատեն մատչելի չէին, ինչպէս՝ գիրքեր, պարբերաթերթեր, գրքոյկներ, յայտաթերթիկներ, թերթիկներ, ձայներիզներ եւ պատկերիզներ։ Անցեալ դարուն, վկայութեան քարտեր, ֆոնոկրաֆներ, ձայնի սարքով օժտուած ինքնաշարժներ եւ ձայնասփռումներ ալ գործածուեցան։ Անշուշտ մեր լաւագոյն գործիքը Աստուածաշունչն է, եւ այս կենսական գործիքը լաւ ու պատշաճ կերպով պէտք է գործածենք։

Մեր Ծառայութիւնը Աստուծոյ Խօսքին Վրայ Պէտք Է Հիմնուի

9, 10. Աստուծոյ Խօսքին գործածութեան նկատմամբ, Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի խրատէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

9 Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը գործածել որպէս ազդու գործիք մը։ Իր գործակիցին՝ Տիմոթէոսի՝ ուղղուած Պօղոսի հետեւեալ խօսքերուն անսալով. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) «Ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ը ի՞նչ կը պարփակէ։

10 «Բացատրել» թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «ուղիղ կերպով կտրել» կամ «ուղիղ ճամբայ բանալ»։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ այդ բառը միայն Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի յորդորին մէջ գործածուած է։ Նոյն բառը կրնայ գործածուիլ դաշտի մը մէջ ուղիղ ակօս բանալը նկարագրելու համար։ Երբ վարպետ երկրագործ մը ծուռ ակօս բանայ, վստահաբար սեւերես կ’ելլէ։ Որպէսզի ըլլայ ‘բանուոր մը որ պիտի չամչնայ’, Տիմոթէոսի ուշադրութեան յանձնուեցաւ թէ թոյլ չտայ որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարիտ ուսուցումներէն շեղում տեղի ունենայ։ Տիմոթէոս իր անձնական տեսակէտներով իր ուսուցումը պէտք չէր կաղապարէր։ Ան իր քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը բոլորովին Սուրբ Գրութիւններուն վրայ պէտք էր հիմնէր։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2-4) Այս կերպով, պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներու ուղղութիւն պիտի տրուէր որ հարցերու շուրջ Եհովայի տեսակէտը ունենան եւ աշխարհային փիլիսոփայութիւններ չորդեգրեն։ (Կողոսացիս 2։4, 8) Պարագան նոյնն է ներկայիս։

Մեր Վարքը Գովելի Պէտք Է Ըլլայ

11, 12. Վարքը ի՞նչ կապ ունի Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրելուն հետ։

11 Ո՛չ միայն Աստուծոյ Խօսքը շիտակ պէտք է բացատրենք՝ անոր ճշմարտութիւնները ծանուցանելով, այլ նաեւ մեր վարքը անոր պէտք է համակերպի։ Որովհետեւ «Աստուծոյ գործակից ենք», կեղծաւոր աշխատաւորներ պէտք չէ ըլլանք։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս. որ կը զզուիս կուռքերէն, սրբապղծութի՞ւն կ’ընես»։ (Հռովմայեցիս 2։21, 22) Արդ, Աստուծոյ այժմու գործակիցներ ըլլալով, կրնանք Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրել՝ սա յորդորին անսալով. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։—Առակաց 3։5, 6

12 Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրելով ի՞նչ արդիւնքներ կրնանք ակնկալել։ Նկատի առէք Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին ունեցած զօրութիւնը պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներու կեանքին վրայ։

Աստուծոյ Խօսքը Փոխակերպելու Զօրութիւն Ունի

13. Աստուծոյ Խօսքը կիրարկելը ի՞նչ կրնայ յառաջ բերել անհատի մը մէջ։

13 Աստուծոյ Խօսքին հեղինակութիւնը ընդունելով, անոր պատգամը ուժեղ ազդեցութիւն մը կը բանեցնէ, որ մարդոց կ’օգնէ իրենց կեանքին մէջ յատկանշական փոփոխութիւններ մտցնելու։ Պօղոս տեսած էր Աստուծոյ խօսքին ներգործութիւնը եւ անոր օգտակար ազդեցութիւնը անոնց վրայ, որոնք վաղեմի Թեսաղոնիկէի մէջ Քրիստոնէութիւնը ընդունած էին։ Հետեւաբար անոնց ըսաւ. «Մենք ալ անդադար շնորհակալ կ’ըլլանք Աստուծմէ, որովհետեւ երբ ընդունեցիք Աստուծոյ խօսքը՝ որ մեզմէ լսեցիք, ընդունեցիք զայն ո՛չ թէ իբր մարդոց խօսք, հապա,– ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է,– որպէս Աստուծոյ խօսք. եւ ան կը ներգործէ նաեւ ձեր մէջ՝ որ կը հաւատաք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Այդ Քրիստոնեաներուն համար,– արդարեւ Քրիստոսի բոլոր ճշմարիտ հետեւորդներուն համար,– մարդկային ստորադաս տրամաբանութիւնը կարելի չէ բաղդատել Աստուծոյ գերագոյն իմաստութեան հետ։ (Եսայեայ 55։9) Թեսաղոնիկեցիները «ընդունեցին խօսքը շատ նեղութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը» եւ ուրիշ հաւատակիցներու օրինակ հանդիսացան։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5-7

14, 15. Աստուծոյ Խօսքին պատգամը ո՞րքան ուժեղ է, եւ ինչո՛ւ։

14 Աստուծոյ Խօսքը իր Սկզբնաղբիւրին՝ Եհովայի նման ուժեղ է։ Անիկա ‘կենդանի Աստուծմէն’ ծագում կ’առնէ, որուն խօսքով «երկինք ստեղծուեցաւ», իսկ այդ խօսքը միշտ ‘յաջողութեամբ կը գործադրէ այն բանը, որուն համար կը ղրկուի’։ (Եբրայեցիս 3։12. Սաղմոս 33։6. Եսայեայ 55։11) Աստուածաշունչի ուսումնական մը ըսաւ. «Աստուած ինքզինք իր Խօսքէն չ’անջատեր։ Ան զայն չի լքեր, որպէս թէ անիկա իրեն հետ կապ չունի։ . . . Հետեւաբար, Աստուծոյ Խօսքը երբեք մեռած բան մը չէ, որ չ’ազդուիր ի՛նչ որ ալ պատահի իր կատարման նկատմամբ. քանի որ ինք միութեան կապ մըն է ողջ Աստուծոյ հետ»։

15 Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած պատգամը որքա՞ն ուժեղ է։ Անիկա մեծ զօրութիւն ունի։ Տեղին ըլլալով, Պօղոս գրեց. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։—Եբրայեցիս 4։12

16. Աստուծոյ Խօսքը որքա՞ն կրնայ անհատ մը փոխել։

16 Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին պատգամը «ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ» է։ Ուստի անիկա խորը թափանցելու ա՛յնքան մեծ զօրութիւն ունի, որ կը գերազանցէ մարդակերտ որեւէ գործիք։ Աստուծոյ Խօսքը անհատին ամենաներքին մասերը կը թափանցէ եւ կրնայ զինք ներքնապէս փոխել, անոր մտածելակերպին ու սիրած բաներուն ազդելով, զինք ընդունելի ու բարեպաշտ աշխատաւոր մը դարձնելով։ Ի՜նչ զօրեղ գործիք մը։

17. Աստուծոյ Խօսքին փոխակերպիչ զօրութիւնը բացատրեցէք։

17 Աստուծոյ Խօսքը անհատին իսկական ինքնութիւնը երեւան կը հանէ, առանց նկատի առնելու թէ ան իր մասին ի՛նչ կը խորհի կամ թէ ի՛նչ տպաւորութիւն կը ձգէ ուրիշներու վրայ։ (Ա. Թագաւորաց 16։7) Երբեմն նոյնիսկ ամբարիշտ մը կրնայ իր ներքին անձնաւորութիւնը թաքցնել բարեացակամութեան կամ բարեպաշտութեան ծածկոցին տակ։ Չար մարդիկ յետին միտքով կը դիմակաւորուին։ Հպարտ անհատներ կեղծ խոնարհութիւն կը ցուցաբերեն, մինչ կը տենչան ուրիշներու հիացմունքին արժանանալ։ Սակայն սիրտին իսկական վիճակը քօղազերծելով, Աստուծոյ Խօսքը կրնայ խոնարհ անհատը զօրաւոր կերպով մղել որ իր նախկին անձնաւորութիւնը հանէ ու ‘նոր մարդը հագնի, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։ (Եփեսացիս 4։22-24) Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումները կրնան նաեւ ամչկոտները փոխակերպել, զանոնք Եհովայի խիզախ Վկաներ ու Թագաւորութիւնը նախանձախնդրաբար ծանուցանողներ դարձնելով։—Երեմեայ 1։6-9

18, 19. Այս պարբերութիւններուն կամ դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր ունեցած մէկ փորձառութեան վրայ հիմնուելով, ցոյց տուէք թէ սուրբ գրային ճշմարտութիւնը ի՛նչպէս կրնայ անհատի մը կեցուածքը փոխել։

18 Աստուծոյ Խօսքին փոխակերպիչ զօրութիւնը ամէնուրեք մարդոց վրայ լաւ ազդեցութիւն ունի։ Օրինակ, Գամպոտիայի Փնոմ Փնէ քաղաքէն Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ ամիսը երկու անգամ կը քարոզէին Քամբոնկ Չամ նահանգին մէջ։ Եհովայի Վկաներուն դէմ կղերներու խօսքերը լսելէ ետք, ծխատէր քահանայուհի մը ծրագրեց Վկաներուն հետ հանդիպում մը ունենալ, երբ նահանգը այցելեն։ Ան տօներու մասին բազմաթիւ հարցումներ հարցուց, եւ ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ մինչ անոնք Սուրբ Գրութիւններով իր հետ պատճառաբանեցին։ Ապա բացագանչեց. «Այժմ գիտեմ թէ շիտակ չէ ինչ որ քահանայակիցներս ձեր մասին ըսին։ Անոնք ըսին թէ Աստուածաշունչը չէք գործածեր, բայց այս առաւօտ դուք միայն Աստուածաշունչը գործածեցիք»։

19 Հակառակ զինք պաշտօնազրկելու սպառնալիքներուն, այս կինը շարունակեց Վկաներուն հետ Աստուածաշունչի մասին խօսակցութիւններ ունենալ։ Ան այս սուրբ գրային զրոյցներուն մասին իր բարեկամուհիին պատմեց, որ հետագային սկսաւ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Բարեկամուհին իր սորված բաներով ա՛յնքան խանդավառուեցաւ, որ եկեղեցիին մէջ կատարուած մէկ արարողութեան ընթացքին ըսաւ. «Եկէ՛ք, Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցէք»։ Անկէ քիչ ետք, նախկին ծխատէր քահանայուհին եւ ուրիշներ ալ սկսան Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։

20. Կանայի մէջ կնոջ մը փորձառութիւնը ի՞նչպէս Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը ցոյց կու տայ։

20 Կանայի մէջ Փօլինա անունով կնոջ մը պարագան ցոյց կու տայ նաեւ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը։ Թագաւորութիւնը լիաժամ ծանուցանող մը անոր հետ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարեց։ * Փօլինա բազմակին մարդու մը հետ ամուսնացած էր եւ փոփոխութիւններ ընելու կարիքը տեսաւ, սակայն իր ամուսինն ու բոլոր ազգականները վայրագօրէն հակառակեցան իրեն։ Իր մեծ–հայրը, որ բարձրագոյն ատեանի դատաւոր ու եկեղեցիին մէջ երէց մըն էր, ջանաց զինք տարհամոզել, Մատթէոս 19։4-6–ը սխալ կերպով մեկնաբանելով։ Թէեւ դատաւորը վստահութեամբ խօսեցաւ, բայց Փօլինա շուտով անդրադարձաւ որ ասիկա Սատանայի ըրածին նման էր, երբ Յիսուս Քրիստոսը փորձեց՝ Սուրբ Գրութիւնները սխալ կերպով մեկնաբանելով։ (Մատթէոս 4։5-7) Ան մտաբերեց ամուսնութեան շուրջ Յիսուսի յստակ խօսքը, թէ Աստուած մարդիկը արու եւ էգ ստեղծեց, եւ ո՛չ թէ արու եւ էգեր, եւ թէ՝ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլային, եւ ո՛չ թէ՝ երեքը։ Ան իր որոշումին կառչած մնաց եւ ի վերջոյ բազմակնութեան վերաբերեալ սովորական ամուսնալուծումը ձեռք ձգեց։ Շատ չանցած, ան ուրախ ու մկրտուած՝ Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը եղաւ։

Շարունակեցէք Աստուծոյ Խօսքը Շիտակ Բացատրել

21, 22. (ա) Իբր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ ի՞նչ պէտք է վճռենք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Արդարեւ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը զօրաւոր գործիք մըն է, որ կրնանք գործածել ուրիշներուն օգնելու որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն, Եհովայի մօտենալու համար։ (Յակոբու 4։8) Ճիշդ ինչպէս որ հմուտ աշխատաւորներ լաւ արդիւնքներու հասնելու համար գործիքներ կը գործածեն, վճռենք լրջօրէն ջանալ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ հմտօրէն գործածել մեր աստուածատուր գործին մէջ որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ։

22 Աշակերտելու մեր գործին մէջ ի՞նչպէս կրնանք Սուրբ Գրութիւնները աւելի ազդուօրէն բացատրել։ Կերպերէն մէկն է՝ իբր համոզիչ ուսուցիչներ մեր կարողութիւնները մշակել։ Հաճեցէք յաջորդ յօդուածը նկատի առնել, քանի որ ուրիշներուն սորվեցնելու եւ օգնելու կերպեր կը թելադրէ, որպէսզի Թագաւորութեան պատգամը ընդունին։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 20 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

• Թագաւորութիւնը ծանուցանողներուն ի՞նչ գործիքներ մատչելի են։

• Պօղոս ի՞նչ կերպերով օրինակ հանդիսացաւ իբր Թագաւորութեան աշխատաւոր մը։

• Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրելը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Եհովայի գրաւոր Խօսքը որքա՞ն ուժեղ գործիք մըն է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 8]

Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մէջ Քրիստոնեաներուն գործածած կարգ մը գործիքները