Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դրախտային երկրի մը կրնա՛ք հաւատալ

Դրախտային երկրի մը կրնա՛ք հաւատալ

Դրախտային երկրի մը կրնա՛ք հաւատալ

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ընթացքին, միլիոնաւոր մարդիկ հաւատացած են թէ ի վերջոյ երկիրը ձգելով երկինք պիտի երթան։ Ոմանք խորհած են թէ մեր Ստեղծիչը բնաւ չէ մտադրած որ երկիրը մեր մնայուն բնակավայրը ըլլայ։ Ճգնաւորներ աւելի ծայրայեղութեան գացած են։ Անոնցմէ շատերուն համար, երկրագունդն ու նիւթական բոլոր բաները չար են. իսկական հոգեւոր գոհացումի եւ Աստուծոյ մօտենալու համար խոչընդոտ մը։

Վերոյիշեալ գաղափարները մշակողները կա՛մ դրախտային երկրի մը մասին Աստուծոյ ըսածէն տեղեակ չեն եւ կամ կը նախընտրեն զայն անտեսել։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս շատեր հետաքրքրուած չեն քննելու թէ Աստուած մարդիկ ներշնչելով ի՛նչ արձանագրել տուած է այս նիւթին շուրջ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Բայց խոհեմութիւն չէ՞ Աստուծոյ Խօսքին վստահիլ, քան՝ մարդկային տեսութիւններ որդեգրել։ (Հռովմայեցիս 3։4) Արդարեւ կենսական է որ ասիկա ընենք, քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ որ զօրաւոր ու անտեսանելի չար արարած մը մարդիկը հոգեւորապէս կուրցուցած է եւ այժմ ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’։—Յայտնութիւն 12։9. Բ. Կորնթացիս 4։4

Ինչո՞ւ Այս Շփոթութիւնը

Հոգիին մասին հակասական գաղափարներ պատճառ եղած են որ մարդիկ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին շփոթութեան մատնուին։ Շատեր կը հաւատան թէ անմահ հոգի մը ունինք. բան մը որ մարդկային մարմինէն անջատ է եւ մահուընէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Ուրիշներ կը հաւատան որ մարդկային մարմինը չստեղծուած՝ հոգին գոյութիւն ունէր։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ թէ Յոյն փիլիսոփայ Պղատոն կը խորհէր թէ հոգին «մարմինին մէջ արգելափակուած է որպէս պատիժ այն մեղքերուն համար, որ գործած է իր երկնային վիճակին մէջ»։ Նմանապէս, երրորդ դարու աստուածաբան Որոգինէս ըսաւ թէ «հոգիները մարմնի մը միանալէ առաջ, [երկինքի] մէջ մեղանչեցին» եւ «[երկրի վրայ մարմինին մէջ] բանտարկուեցան որպէս պատիժ իրենց գործած մեղքերուն համար»։ Իսկ միլիոնաւորներ կը հաւատան թէ երկիրը պարզապէս տեսակ մը փորձադաշտ է, դէպի երկինք մարդուն ուղեւորութեան ընթացքին։

Այլազան գաղափարներ ալ կան թէ հոգիին ի՛նչ կը պատահի երբ անհատ մը մահանայ։ History of Western Philosophy (Արեւմտեան Իմաստասիրութեան Պատմութիւնը) գիրքին համաձայն, Եգիպտացիները այն տեսակէտը զարգացուցին թէ «մեռելներուն հոգիները ենթաշխարհ կ’իջնեն»։ Հետագային, փիլիսոփաներ առարկեցին թէ մեռելներուն հոգիները ո՛չ թէ խաւար ենթաշխարհ մը կ’իջնէին, այլ՝ խորքին մէջ հոգեւոր բարձր ծիր մը կը բարձրանային։ Կ’ըսուի թէ Յոյն փիլիսոփայ Սոկրատ այն գաղափարը ունէր թէ մահուան ատեն հոգին «անտեսանելի շրջան մը կը մեկնի . . . եւ իր գոյութեան մնացեալ ժամանակը աստուածներու հետ կ’անցընէ»։

Աստուածաշունչը Ի՞նչ կ’Ըսէ

Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ո՛չ մէկ տեղ կ’ըսէ թէ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին։ Անձամբ կարդացէք Ծննդոց 2։7–ի արձանագրութիւնը, որ կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։ Ասիկա յստակ ու բացայայտ խօսք մըն է։ Երբ Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը՝ ստեղծեց, անոր մէջ տեսակ մը աննիւթ բան մը չդրաւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։ Մարդուն մէջ հոգի մը չբնակեցաւ։ Ան հոգի մըն էր։

Երկիրն ու մարդկային ընտանիքը ստեղծելու ատեն, Եհովա բնաւ մտադրած չէր որ մարդը մեռնի։ Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին, դրախտային պայմաններու ներքեւ։ Ադամ մեռաւ միայն քանի որ Աստուծոյ օրէնքին չհնազանդեցաւ։ (Ծննդոց 2։8, 15-17. 3։1-6. Եսայեայ 45։18) Երբ առաջին մարդը մեռաւ, ան հոգեղէն ծիր մը գնա՞ց։ Ո՛չ։ Ան,– Ադամ հոգին,– անկենդան հողին վերադարձաւ, որով ստեղծուած էր։—Ծննդոց 3։17-19

Բոլորս մեր նախահայր Ադամէն մեղքն ու մահը ժառանգած ենք։ (Հռովմայեցիս 5։12) Այս մահը գոյութենէ դադրիլ է, ճիշդ ինչպէս էր Ադամի պարագային։ (Սաղմոս 146։3, 4) Իրականութեան մէջ, իր բոլոր 66 գիրքերուն մէջ, Աստուածաշունչը «անմահ» կամ «յաւիտենական» բառերը երբեք չ’առնչեր «հոգի» բառին։ Ընդհակառակը, Սուրբ Գրութիւնները բացայայտօրէն կ’ըսեն թէ հոգին՝ անձը՝ մահկանացու է։ Հոգին կը մեռնի։—Ժողովողի 9։5, 10. Եզեկիէլ 18։4

Նիւթական Բաները Չարութեա՞մբ Յատկանշուած Են

Ի՞նչ կրնանք ըսել այն գաղափարին նկատմամբ, թէ նիւթական բաները, ի ներառեալ երկիրը, չար են։ Այս տեսակէտը կ’որդեգրէին Մանիքէութեան յարողները, կրօնական շարժում մը որ Հ.Դ. երրորդ դարուն Պարսկաստանի մէջ հիմնուեցաւ Մանի անունով անհատի մը կողմէ։ The New Encyclopædia Britannica կ’ըսէ. «Մանիքէութիւնը՝ մարդկային վիճակին անբաժան մէկ մասը եղող տառապանքին հետեւանքն էր»։ Մանի կը հաւատար թէ մարդ ըլլալը «անբնական, անտանելի եւ ամբողջովին չար բան մըն էր»։ Ան նաեւ համոզուած էր թէ այս «տառապանք»էն ազատուելու միակ կերպը այն է թէ հոգին մարմինէն ազատուի, երկրէն դուրս ելլէ եւ հոգեղէն աշխարհի մը մէջ հոգեւոր գոյութեան հասնի։

Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ երբ Աստուած երկիրն ու մարդկութիւնը ստեղծեց, ‘իր բոլոր ըրածը շատ բարի’ նկատեց։ (Ծննդոց 1։31) Այդ ժամանակ, մարդոց ու Աստուծոյ միջեւ խրամատ չկար։ Ադամն ու Եւան Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը կը վայելէին, ինչպէս կատարեալ մարդ Յիսուս Քրիստոս վայելեց իր երկնաւոր Հօր հետ։—Մատթէոս 3։17

Եթէ մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան՝ մեղաւոր ընթացքի մը չհետեւէին, անոնք դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը պիտի վայելէին։ Անոնց կեանքը սկսաւ Դրախտին մէջ, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն. «Տէր Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց ու իր շինած մարդը հոն դրաւ»։ (Ծննդոց 2։8) Այդ դրախտային պարտէզին մէջ էր որ Եւան ստեղծուեցաւ։ Եթէ Ադամն ու Եւան չմեղանչէին, անոնք ու իրենց կատարեալ զաւակները պիտի կարենային ուրախութեամբ միասնաբար աշխատիլ ու ամբողջ երկիրը դրախտի վերածել։ (Ծննդոց 2։21. 3։23, 24) Երկրային Դրախտը մարդկութեան յաւիտենական բնակավայրը պիտի ըլլար։

Ոմանք Ինչո՞ւ Երկինք կ’Երթան

Թերեւս ըսէք. ‘Բայց Աստուածաշունչը կը խօսի անհատներու մասին, որոնք երկինք պիտի երթան, այդպէս չէ՞’։ Այո՛։ Ադամ մեղանչելէն ետք, Եհովա նպատակադրեց երկնային Թագաւորութիւն մը հիմնել, որուն մէջ Ադամի սերունդէն ոմանք Յիսուս Քրիստոսի կողքին ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորէին’։ (Յայտնութիւն 5։10. Հռովմայեցիս 8։17) Անոնք երկինքի մէջ անմահ կեանքի պիտի յարուցանուէին։ Անոնց լման թիւն է՝ 144,000, իսկ առաջին անդամներն էին Յիսուսի առաջին դարու հաւատարիմ աշակերտները։—Ղուկաս 12։32. Ա. Կորնթացիս 15։42-44. Յայտնութիւն 14։1-5

Սակայն, ուղիղ մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը չէր որ անոնք երկիրը ձգելով երկինք երթային։ Իրականութեան մէջ, երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ըսաւ. «Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ, որ երկնքէն է»։ (Յովհաննու 3։13) ‘Մարդու Որդիին’՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցով Աստուած փրկանք մը հայթայթեց, որ յաւիտենական կեանքը կարելի կը դարձնէ անոնց որ Յիսուսի զոհագործութեան հաւատք կ’ընծայեն։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9) Բայց այսպիսի միլիոնաւորներ ո՞ւր պիտի ապրին յաւիտեան։

Աստուծոյ Սկզբնական Նպատակը Պիտի Իրագործուի

Թէեւ Աստուած նպատակադրեց որ մարդկային ընտանիքէն ոմանք առնէ, Յիսուս Քրիստոսի հետ երկնային Թագաւորութեան մէջ որպէս իշխանակիցներ ծառայելու համար, սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։ Եհովա երկիրը ստեղծեց որ մարդկային ընտանիքին դրախտային բնակավայրը ըլլայ։ Շատ շուտով, Աստուած այդ սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէ։—Մատթէոս 6։9, 10

Յիսուս Քրիստոսի եւ իր երկնային իշխանակիցներուն իշխանութեան ներքեւ, ամբողջ երկրի մէջ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն պիտի տիրէ։ (Սաղմոս 37։9-11) Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղողները պիտի յարուցանուին եւ կատարեալ առողջութիւն պիտի վայելեն։ (Գործք 24։15) Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ գտնուելով, հնազանդ մարդկութեան պիտի շնորհուի մեր առաջին ծնողքին կորսնցուցածը. մարդկային կատարելութեան մէջ յաւիտենական կեանք դրախտային երկրի մը վրայ։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Եհովա Աստուած միշտ իր նպատակները կ’իրագործէ։ Իր Եսայի մարգարէին միջոցով, ան ըսաւ. «Ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայեայ 55։10, 11

Աստուածաշունչի Եսայեայ գիրքը գաղափար մը կու տայ թէ դրախտային երկրին վրայ կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ։ Դրախտի բնակիչներէն ոչ ոք պիտի ըսէ. «Հիւանդ եմ»։ (Եսայեայ 33։24) Անասունները մարդոց կեանքը պիտի չվտանգեն։ (Եսայեայ 11։6-9) Մարդիկ գեղեցիկ տուներ պիտի շինեն եւ անոնց մէջ պիտի բնակին. անոնք պիտի ցանեն ու բերքը բաւականաչափ պիտի ուտեն։ (Եսայեայ 65։21-25) Ասկէ զատ, Աստուած «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։—Եսայեայ 25։8

Շուտով, հնազանդ մարդկութիւնը այսպիսի օրհնեալ վիճակներու ներքեւ պիտի ապրի։ Անոնք «ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ (Հռովմայեցիս 8։21) Ի՜նչ հոյակապ բան մը պիտի ըլլայ խոստացեալ երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրիլ։ (Ղուկաս 23։43) Կրնաք հոն ըլլալ եթէ Սուրբ Գրութիւններուն ճշգրիտ գիտութեան համաձայն ապրիք եւ Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայէք։ Իսկ կրնաք վստահ ըլլալ թէ դրախտային երկրի մը հաւատալը տրամաբանական է։

[Նկար՝ էջ 5]

Ադամն ու Եւան ստեղծուած էին դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու համար

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

U.S. Fish & Wildlife Service, Washington, D.C./NASA