Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Շնորհակալ եղէք»

«Շնորհակալ եղէք»

«Շնորհակալ եղէք»

«Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ . . . շնորհակալ եղէք»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։15, Անթիլիաս

1. Քրիստոնէական ժողովքին ու Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ եղող աշխարհին միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կը տեսնենք։

ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաներու 94,600 ժողովքներուն մէջ շնորհապարտ հոգի մը կը գտնենք։ Իւրաքանչիւր ժողով կը սկսի ու կը վերջանայ աղօթքով, որ Եհովայի ուղղուած շնորհակալութեան արտայայտութիւններ կը պարփակէ։ Երբ դեռատի կամ տարեց, նաեւ նորեկ կամ երկար ժամանակէ Եհովայի ծառայող Վկաներ պաշտամունքի եւ ուրախ ընկերակցութեան համար իրարու քով հաւաքուին, յաճախ կը լսենք «շնորհակալ եմ», «բարի եկաք» կամ նման արտայայտութիւններ։ (Սաղմոս 133։1) Ասիկա հակապատկերն է այն անձնասիրութեան որ կը տիրէ անոնց մէջ, որ «Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8) Կ’ապրինք ապերախտ աշխարհի մը մէջ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ այս աշխարհի աստուածը Բանսարկու Սատանան է, անձնակեդրոնութեան մեծագոյն ջատագովը, որուն հպարտութիւնը եւ ըմբոստ հոգին մարդկային ընկերութենէն ներս կը թափանցեն։—Յովհաննու 8։44. Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19

2. Ո՞ր զգուշացումին պէտք է ականջ տանք, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

2 Սատանայի աշխարհով շրջապատուած ըլլալով, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ անոր կեցուածքներով չապականինք։ Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ Եփեսացի Քրիստոնեաներուն յիշեցուց. «Ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ։ Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ»։ (Եփեսացիս 2։2, 3) Ներկայիս շատերուն պարագան նոյնն է։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք շնորհապարտ հոգի մը պահպանել։ Եհովա ի՞նչ օգնութիւն կը հայթայթէ։ Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ իրապէս շնորհակալ ենք։

Շնորհակալ Ըլլալու Պատճառներ

3. Ի՞նչ բաներու համար Եհովայի շնորհակալ ենք։

3 Մեր Ստեղծիչին ու Կենսատուին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ է որ կը պարտինք շնորհակալ ըլլալ, յատկապէս երբ նկատի առնենք մեզի շնորհած ճոխ պարգեւներէն ոմանք։ (Յակոբու 1։17) Ամէն օր Եհովայի շնորհակալ կ’ըլլանք մեր ողջ ըլլալուն համար։ (Սաղմոս 36։9) Մեր շուրջ կը տեսնենք Եհովայի ձեռքի գործերուն ապացոյցները, ինչպէս՝ արեւը, լուսինը եւ աստղերը։ Երկրագունդին կենսապահ հանքանիւթերու առատ մթերքը, մթնոլորտին կենսական կազերու հմտօրէն հաւասարակշռուած խառնուրդը, եւ բնութեան մէջի բարդ շրջանները, բոլորն ալ կը վկայեն թէ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր պարտական ենք։ «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս», տաղերգեց Դաւիթ, «Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. պիտի պատմէի ու խօսէի, բայց համրանքէն աւելի շատ են»։—Սաղմոս 40։5

4. Մեր ժողովքներուն մէջ մեր վայելած ուրախ ընկերակցութեան համար, ինչո՞ւ Եհովայի շնորհակալ պէտք է ըլլանք։

4 Թէեւ Եհովայի ծառաները ֆիզիքական դրախտի մէջ չեն ապրիր, սակայն ներկայիս հոգեւոր դրախտի մը մէջ կեանքը կը վայելեն։ Մեր Թագաւորութեան Սրահներուն եւ համաժողովներուն մէջ, մեր հաւատակիցները կը դրսեւորեն Աստուծոյ հոգիին պտուղը։ Արդարեւ, երբ կարգ մը Վկաներ կը քարոզեն անհատներու որոնք կրօնքով քիչ հետաքրքրուած են կամ երբեք հետաքրքրուած չեն, կ’ակնարկեն Պօղոսի տուած նկարագրութեան՝ Գաղատացիներուն յղած նամակին մէջ։ Անոնք նախ ուշադրութեան կը յանձնեն «մարմնին գործերը», ապա կը հարցնեն իրենց ունկնդիրներուն թէ ի՛նչ նկատած են։ (Գաղատացիս 5։19-23) Մեծամասնութիւնը իսկոյն կը համաձայնի թէ ներկայ մարդկային ընկերութիւնը ասոնցմով յատկանշուած է։ Երբ Աստուծոյ հոգիին պտուղին նկարագրութիւնը ցոյց տրուի անոնց եւ այցելեն տեղական Թագաւորութեան Սրահը, անձամբ ասոր ապացոյցը տեսնելու համար, շատեր անմիջապէս կը խոստովանին. «Իրաւցնէ Աստուած ձեր մէջ է»։ (Ա. Կորնթացիս 14։25) Ասիկա միայն տեղական Թագաւորութեան Սրահին սահմանափակուած չէ։ Ո՛ւր որ ալ ճամբորդէք, երբ աւելի քան վեց միլիոն Եհովայի Վկաներէն մէկուն հանդիպիք, միեւնոյն ուրախ հոգին կը գտնէք։ Այս շինիչ ընկերակցութիւնը իրապէս պատճառ մըն է Եհովայի շնորհակալ ըլլալու, որուն հոգիին շնորհիւ կարելի դարձած է։—Սոփոնեայ 3։9. Եփեսացիս 3։20, 21

5, 6. Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւին՝ փրկանքին՝ համար ի՞նչպէս կրնանք շնորհակալ ըլլալ։

5 Եհովայի շնորհած մեծագոյն եւ ամենէն կատարեալ պարգեւը, իր Որդին է՝ Յիսուս, որուն միջոցով փրկանքի զոհը հայթայթուեցաւ։ «Եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց», գրեց Յովհաննէս առաքեալ, «ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել»։ (Ա. Յովհաննու 4։11) Այո, փրկանքին համար շնորհակալ կ’ըլլանք ո՛չ միայն Եհովայի հանդէպ սէր ու երախտագիտութիւն ցոյց տալով, այլ նաեւ՝ այնպիսի ապրելակերպ մը ունենալով որ ուրիշներուն հանդէպ սէր կը ցուցաբերէ։—Մատթէոս 22։37-39

6 Երախտագիտութիւն ցոյց տալու մասին աւելի կրնանք սորվիլ, վաղեմի Իսրայէլի հետ Եհովայի գործառնութիւնը նկատի առնելով։ Մովսէսի ձեռքով ազգին տուած Օրէնքին միջոցով, Եհովա ժողովուրդին բազմաթիւ դասեր սորվեցուց։ Օրէնքին միջոցով, որ «իր մէջ ունի իսկական գիտութիւնն ու ճշմարտութիւնը», կրնանք շատ բան սորվիլ որ մեզի պիտի օգնէ Պօղոսի խրատին անսալու. «Շնորհակալ եղէք»։—Հռովմայեցիս 2։20, Անթիլիաս. Կողոսացիս 3։15, Անթիլիաս

Երեք Դասեր՝ Մովսիսական Օրէնքէն

7. Տասանորդ տալու կարգադրութիւնը ի՞նչպէս Իսրայելացիներուն պատեհութիւն տուաւ որ Եհովայի հանդէպ իրենց երախտագիտութիւնը ցոյց տան։

7 Մովսիսական Օրէնքին մէջ Եհովա երեք կերպեր հայթայթեց, որոնցմով Իսրայելացիները կրնային իր բարութեան հանդէպ իրենց անկեղծ գնահատութիւնը ցուցաբերել։ Առաջինը՝ տասանորդն էր։ Երկրի բերքին տասանորդը, «արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդ»ին հետ մէկտեղ, ‘Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլար’։ (Ղեւտացւոց 27։30-32) Երբ Իսրայելացիները կը հնազանդէին, Եհովա զանոնք առատապէս կ’օրհնէր։ «Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։—Մաղաքեայ 3։10

8. Յօժարակամ ընծաները ի՞նչպէս տասանորդէն կը տարբերէին։

8 Երկրորդ, տասանորդ պահանջելէն զատ, Եհովա կարգադրութիւն ըրաւ որ Իսրայելացիները յօժարակամ նուիրատուութիւններ ընեն։ Ան Մովսէսին հրահանգեց որ Իսրայելացիներուն ըսէ. «Երբ այն երկիրը մտնէք, ուր ձեզ պիտի տանիմ եւ երբ այն երկրին հացէն ուտէք, ողջակէզի ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը»։ Իրենց առաջին «խմորէն շօթ մը իբր ողջակէզի ընծայ» պէտք էր ‘մատուցանէին Տէրոջը’, իրենց սերունդներուն մէջ։ Նկատեցէք թէ այս երախայրիներէն մասնայատուկ քանակ մը չէր պահանջուած։ (Թուոց 15։18-21) Բայց երբ Իսրայելացիները առ ի շնորհակալութիւն նուիրատուութիւն ընէին, Եհովայի ստոյգ օրհնութեան կ’արժանանային։ Նման կարգադրութիւն մը կը տեսնենք Եզեկիէլի տեսլական տաճարին կապակցաբար։ Կը կարդանք. «Ամէն բանի երախայրիները ու ձեր բոլոր ընծաները քահանային պիտի ըլլան։ Ձեր գործերուն երախայրին քահանային պիտի տաք, որպէս զի ձեր տանը վրայ օրհնութիւն բերէք»։—Եզեկիէլ 44։30

9. Ճռաքաղութեան կարգադրութեան միջոցով Եհովա ի՞նչ սորվեցուց։

9 Երրորդ, Եհովա ճռաքաղութեան սովորութիւնը հաստատեց։ «Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք», ըսաւ Աստուած, «արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքէն ինկած հասկերը մի՛ հաւաքէք։ Ձեր այգիին ճռաքաղ մի՛ ընէք, այսինքն՝ այգիին մէջ մնացած ողկոյզները մի՛ քաղէք, զանոնք աղքատին ու օտարականին համար թողուցէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ (Ղեւտացւոց 19։9, 10) Անգամ մը եւս, որոշուած քանակ չկար։ Իւրաքանչիւր Իսրայելացի ինք պիտի որոշէր թէ կարօտեալներուն համար ո՛րքան կ’ուզէր ձգել։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր տեղին ըլլալով բացատրեց. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ (Առակաց 19։17) Ուստի Եհովա սորվեցուց կարեկից ու նկատառու ըլլալ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողներուն հանդէպ։

10. Երբ Իսրայէլի ժողովուրդը շնորհակալ չեղաւ, հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

10 Եհովա Իսրայելացիները օրհնեց, երբ հնազանդօրէն տասանորդները բերին, յօժարակամ նուիրատուութիւններ ըրին եւ աղքատներուն նիւթական գետնի վրայ օգնեցին։ Բայց երբ Իսրայէլի ժողովուրդը շնորհակալ չեղաւ, Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուց։ Ասիկա առաջնորդեց աղէտի եւ ի վերջոյ աքսորի։ (Բ. Մնացորդաց 36։17-21) Արդ, ասկէ ի՞նչ դասեր կը քաղենք։

Մեր Շնորհակալութեան Արտայայտութիւնները

11. Ի՞նչ է գլխաւոր կերպը, որով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Եհովայի։

11 Եհովան փառաբանելու եւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու գլխաւոր կերպը, նոյնպէս «ընծայ» կը պարփակէ։ Ճիշդ է որ իբր Քրիստոնեաներ Մովսիսական Օրէնքին տակ չենք, եւ հետեւաբար պարտաւոր չենք անասնական զոհեր կամ ընծաներ մատուցանելու։ (Կողոսացիս 2։14) Այսուհանդերձ, Պօղոս առաքեալ Եբրայեցի Քրիստոնեաները յորդորեց. «Անոր միջոցով ամէն ատեն գովաբանութեան զոհ մատուցանենք Աստուծոյ, այսինքն՝ իր անունը դաւանող շրթունքներուն պտուղը»։ (Եբրայեցիս 13։15, ԱՎ) Թէ՛ հանրային ծառայութեան եւ թէ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու «ժողովներուն» մէջ, Եհովայի գովաբանութեան զոհ մատուցանելու համար մեր կարողութիւններն ու նիւթական միջոցները գործածելով, կրնանք սրտանց շնորհակալութիւն յայտնել մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ։ (Սաղմոս 26։12) Մինչ ասիկա կ’ընենք, ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն կերպերէն, որով Իսրայելացիները շնորհակալութիւն կը յայտնէին Եհովայի։

12. Մեր քրիստոնէական պատասխանատուութեան առնչութեամբ, տասանորդ տալու կարգադրութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Նախ եւ առաջ, ինչպէս տեսանք, տասանորդ տալու կարգադրութիւնը ընտրողական չէր. իւրաքանչիւր Իսրայելացի այս առնչութեամբ պարտաւորութիւն մը ունէր։ Որպէս Քրիստոնեաներ, ծառայութեան մասնակցելու եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելու պատասխանատուութիւնը ունինք։ Այս գործունէութիւնները ընտրողական չեն։ Վերջին ժամանակին նկատմամբ իր մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս շեշտակիօրէն ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Քրիստոնէական ժողովներուն նկատմամբ, Պօղոս առաքեալ ներշնչումով գրեց. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Մեր շնորհակալութիւնը Եհովայի կը յայտնենք, երբ ուրախութեամբ կ’ընդունինք մեր պատասխանատուութիւնը որ քարոզենք եւ ուսուցանենք, ինչպէս նաեւ մեր եղբայրներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցինք ժողովներուն մէջ, այս բոլորը նկատելով որպէս առանձնաշնորհում եւ պատիւ։

13. Յօժարակամ նուիրատուութիւններուն ու ճռաքաղութեան կարգադրութիւններէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։

13 Ասկէ զատ, կրնանք օգտուիլ նկատի առնելով միւս երկու կարգադրութիւնները,– յօժարակամ նուիրատուութիւններն ու ճռաքաղութիւնը,– որով Իսրայելացիները իրենց գնահատութիւնը ցոյց կու տային։ Տասանորդին հակառակը, որ յստակօրէն սահմանուած յանձնառութիւն մըն էր, յօժարակամ նուիրատուութիւնները եւ ճռաքաղութեան կարգադրութիւնը որոշուած քանակ մը չէին պահանջեր։ Փոխարէն, անոնք թոյլ տուին որ Եհովայի ծառային սիրտին մէջ եղած գնահատութեան խորութիւնը զինք մղէ գործելու։ Նոյն կերպով, թէեւ կը գիտակցինք որ Եհովայի իւրաքանչիւր ծառային հիմնական պատասխանատուութիւնն է ծառայութեան մասնակցիլ եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, սակայն ամբողջ սրտով ու յօժարակամ հոգիով անոնց կը մասնակցի՞նք։ Զանոնք կը նկատե՞նք՝ մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն համար մեր սրտագին գնահատութիւնը արտայայտելու պատեհութիւն մը։ Մեր անհատական պարագաներուն ներած չափով, այս գործունէութիւններուն յաճախ կը մասնակցի՞նք։ Թէ ոչ այս բոլորը կը նկատենք պարտաւորութիւն մը որ ստիպուած ենք կատարել։ Անշուշտ այս հարցումներուն անձնապէս պէտք է պատասխանենք։ Պօղոս առաքեալ հարցը հետեւեալ կերպով պարզեց. «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ»։—Գաղատացիս 6։4

14. Իրեն մատուցած մեր ծառայութեան նկատմամբ, Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։

14 Եհովա Աստուած մեր պարագաները շատ լաւ գիտէ։ Ան մեր սահմանափակումներէն տեղեակ է։ Ան իր ծառաներուն սիրայօժար կերպով ներկայացուցած մեծ թէ պզտիկ զոհերը կ’արժեւորէ։ Ան չ’ակնկալեր որ բոլորս նոյն քանակը տանք, ինչպէս արդէն չենք կրնար։ Երբ նիւթապէս տալու մասին կը խօսէր, Պօղոս առաքեալ Կորնթացի Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը»։ (Բ. Կորնթացիս 8։12) Այս սկզբունքը հաւասարապէս կը կիրարկուի Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութեան։ Ինչ որ մեր ծառայութիւնը Եհովայի ընդունելի կը դարձնէ, քանակը չէ, այլ՝ այն կերպը, որով զայն կը կատարենք. ուրախութեամբ ու ամբողջ սրտով։—Սաղմոս 100։1-5. Կողոսացիս 3։23

Ռահվիրայական Հոգին Մշակեցէք ու Պահպանեցէք

15, 16. (ա) Ռահվիրայական ծառայութեան եւ երախտագիտութեան միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կայ։ (բ) Ռահվիրայութիւն ընելու կարող չեղողները ի՞նչպէս կրնան ռահվիրայական հոգին ցուցաբերել։

15 Լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելը, Եհովայի մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու վարձահատոյց կերպ մըն է։ Եհովայի հանդէպ սէրէ եւ իր անարժան ողորմութեան հանդէպ երախտագիտութենէ մղուած, բազմաթիւ նուիրուած ծառաներ իրենց կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ մտցուցած են, որպէսզի Եհովայի ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրեն։ Ոմանք իբր կանոնաւոր ռահվիրաներ կը ծառայեն, միջին հաշուով ամէն ամիս 70 ժամ տրամադրելով բարի լուրը քարոզելու եւ ճշմարտութիւնը մարդոց սորվեցնելու համար։ Իսկ ուրիշներ, որոնք զանազան պարագաներու պատճառով սահմանափակումներ ունին, ատեն–ատեն կը կարգադրեն ամիսը 50 ժամ տրամադրել, որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայելով։

16 Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովայի այն բազմաթիւ ծառաներուն մասին, որոնք չեն կրնար ծառայել իբր կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրաներ։ Անոնք կրնան իրենց շնորհապարտ ըլլալը ցոյց տալ, ռահվիրայական հոգին մշակելով ու պահպանելով։ Ի՞նչպէս։ Ռահվիրայութիւն ընելու կարող եղողները քաջալերելով, իրենց զաւակներուն մէջ լիաժամ ծառայութեան ասպարէզը հետապնդելու փափաքը քանդակելով, եւ իրենց պարագաներուն ներած չափով քարոզչութեան ժրաջանօրէն մասնակցելով։ Մեր սիրտը ո՛րքան աւելի գնահատէ՝ մեզի ի նպաստ ինչ որ Եհովա ըրած է, կ’ընէ եւ տակաւին պիտի ընէ, ա՛յդքան աւելի կու տանք մեր ծառայութեան մէջ։

Մեր «Ստացուածքով» Երախտագիտութիւն Ցոյց Տանք

17, 18. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք մեր «ստացուածքով» երախտագիտութիւն ցոյց տալ։ (բ) Յիսուս որբեւայրիին նուիրատուութիւնը ի՞նչպէս արժեւորեց, եւ ինչո՛ւ։

17 Առակաց 3։9–ն կը նշէ. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով»։ Եհովայի ծառաները այլեւս տասանորդ չեն տար։ Կորնթոսի ժողովքին Պօղոս գրեց. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Թագաւորութեան համաշխարհային քարոզչութեան գործին համար յօժարակամ նուիրատուութիւններ ընելն ալ մեր երախտագիտութիւնը ցոյց կու տայ։ Սրտագին գնահատութիւնը մեզ կը մղէ որ ասիկա կանոնաւորաբար ընենք, հաւանաբար ամէն շաբաթ գումար մը յատկացնելով, ինչպէս նախկին Քրիստոնեաները ըրին։—Ա. Կորնթացիս 16։1, 2

18 Մեր նուիրատուութեան քանակը չէ որ Եհովայի հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը կ’արտացոլացնէ։ Այլ, թէ ի՛նչ հոգիով կու տանք զայն։ Յիսուս այս էր որ նկատեց, երբ տաճարի գանձանակներուն մէջ ընծաներ ձգող անհատները կը դիտէր։ Տեսնելով աղքատ որբեւայրի մը որ «երկու լումայ» ձգեց, Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց. վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։—Ղուկաս 21։1-4

19. Ինչո՞ւ լաւ է որ վերաքննենք այն կերպերը, որով մեր երախտագիտութիւնը ցոյց կու տանք։

19 Թող որ այս ուսումնասիրութիւնը մեզ մղէ վերաքննելու այն կերպերը, որով մեր երախտագիտութիւնը ցոյց կու տանք։ Կրնա՞նք աւելցնել Եհովայի մատուցած մեր գովաբանութեան զոհը եւ համաշխարհային գործին նիւթապէս թիկունք կանգնիլը։ Ինչ տարողութեամբ ալ ասիկա ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր առատաձեռն ու սիրալիր Հայրը՝ Եհովա, պիտի հաճի որ շնորհակալ ենք։

Կը յիշէ՞ք

• Եհովայի շնորհապարտ ըլլալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

• Տասանորդ տալէն, յօժարակամ նուիրատուութիւններէն եւ ճռաքաղութենէն ի՞նչ դասեր կը սորվինք։

• Ի՞նչպէս կրնանք ռահվիրայական հոգին մշակել։

• Ի՞նչպէս կրնանք մեր «ստացուածք»ը գործածել Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 27]

«Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է»

[Նկարներ՝ էջ 28]

Օրէնքէն առնուած ի՞նչ երեք դասեր հոս ցոյց տրուած են