Շուտով՝ ոճիրէ զերծ աշխարհ մը
Շուտով՝ ոճիրէ զերծ աշխարհ մը
ԵԹԷ կրնաք, երեւակայեցէք ոճրագործներէ զերծ աշխարհ մը։ Հոն ոստիկաններու, բանտերու կամ ծախսալից ու բարդ դատավարութիւններու հարկը պիտի չըլլայ։ Հոն իւրաքանչիւր անհատ ուրիշի կեանքին ու ստացուածքին հանդէպ յարգանք պիտի ունենայ։ Ասիկա կը թուի՞ երազ մը ըլլալ։ Թերեւս այդպէս խորհիք, բայց Աստուածաշունչը ինք կը խոստանայ այս ապշեցուցիչ բարեփոփոխութիւնը։ Ինչո՞ւ նկատի չառնէք թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կը նախագուշակեն երկրի վրայ տեղի ունեցող ոճիրներուն եւ այլ չարութիւններուն մասին։
Սաղմոսներու գիրքին մէջ կը կարդանք. «Չարերուն համար մի՛ նեղանար, անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր, վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։1, 2, 11) Արդարեւ ո՛չ մէկը կրնայ Աստուծոյ այս խոստումին եւ այլ սրտապնդիչ խոստումներուն կատարման արգելք հանդիսանալ։
Այս օրհնութիւնները բերելու Աստուծոյ միջոցը իր Թագաւորութիւնն է։ Տէրունական աղօթքին մէջ, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն, որ այս Թագաւորութիւնը գայ եւ Աստուծոյ կամքը ըլլայ «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։9, 10) Շուտով, այդ Թագաւորութեան ներքեւ, երկրի վրայ ո՛չ մէկը պիտի մղուի ոճիր գործելու՝ աղքատութեան, հարստահարութեան կամ անձնասիրութեան պատճառով։ Փոխարէն, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը»։ (Սաղմոս 72։16, ԱՎ) Արդարեւ Եհովա Աստուած երկրի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր անհատի պիտի հայթայթէ բարի բաներու անսպառ մթերք։ Աւելի կարեւորը, Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէրը պիտի կազմէ մարդկային ընկերութեան հիմը, եւ այլեւս աշխարհը ոճիրով պիտի չխանգարուի։