Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Տէրոջմով ուրախացիր»

«Տէրոջմով ուրախացիր»

«Տէրոջմով ուրախացիր»

«Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները»։—ՍԱՂՄՈՍ 37։4

1, 2. Իսկական երջանկութեան Աղբիւրը ո՞վ է, իսկ Դաւիթ Թագաւոր այս իրողութիւնը ի՞նչպէս ուշադրութեան յանձնեց։

«ԵՐԱՆԻ՜ հոգիով աղքատներուն, . . . երանի՜ ողորմածներուն, . . . երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն»։ Այս արտայայտութիւնները, երջանիկ եղողներուն նկատմամբ տրուած այլ վեց նկարագրութիւններուն հետ մէկտեղ, Յիսուսի համբաւաւոր Լերան Քարոզին յատկանշական բացման խօսքը կը կազմեն, ինչպէս Աւետարանիչ Մատթէոս արձանագրեց։ (Մատթէոս 5։3-11) Յիսուսի խօսքերը երաշխիք կու տան թէ երջանկութիւնը մեզի համար հասանելի է։

2 Վաղեմի Իսրայէլի թագաւորը Դաւիթ, սրբազան տաղերգութիւն մը յօրինեց որ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ իսկական երջանկութեան Աղբիւրին՝ Եհովայի վրայ։ «Տէրոջմով ուրախացիր», ըսաւ Դաւիթ, «քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները»։ (Սաղմոս 37։4) Բայց ի՞նչ բան կրնայ Եհովան եւ իր անձնաւորութեան բազմաթիւ երեսակները ճանչնալը «ուրախութիւն» մը դարձնել։ Իր նպատակը իրագործելու համար իր ըրածը եւ տակաւին ընելիքը նկատի առնելը, ի՞նչպէս ‘ձեր սիրտին խնդրուածքները’ ստանալու հեռանկարը կը մատուցանէ։ Սաղմոս 37։1-11–ը մանրամասնօրէն քննարկելով պատասխանները պիտի առնենք։

«Մի՛ Նախանձիր»

3, 4. Ըստ Սաղմոս 37։1–ի, Դաւիթ ի՞նչ խրատ կու տայ, եւ անոր անսալը ինչո՞ւ յարմար է ներկայիս։

3 Կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, եւ ամբարշտութիւնը համատարած է։ Պօղոս առաքեալի սա խօսքին կատարումը տեսած ենք. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13) Որքա՜ն դիւրին է ազդուիլ չար մարդոց երեւութական յաջողութենէն ու բարգաւաճութենէն։ Այս բոլորը կրնան մեր ուշադրութիւնը շեղեցնել, պատճառ ըլլալով որ մեր հոգեւոր տեսողութիւնը աղօտի։ Նկատեցէք թէ ի՛նչպէս 37–րդ Սաղմոսին բացման խօսքերը մեզ կը զգուշացնեն այս հաւանական վտանգէն. «Չարերուն համար մի՛ նեղանար, անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր»։

4 Աշխարհի լրատուամիջոցները ամէն օր անիրաւութեան վերաբերեալ տեղեկագրութիւններով մեզ կ’ողողեն։ Անպարկեշտ առեւտրականներ յաջողաբար խարդախ գործեր կը տեսնեն։ Յանցագործներ անպաշտպան անհատներ կը շահագործեն։ Ոճրագործներ չեն ձերբակալուիր կամ անպատիժ կը մնան։ Անարդարութեան այսպիսի օրինակներ կրնան բարկութիւն գրգռել եւ մեր միտքի խաղաղութիւնը խանգարել։ Չարերուն երեւութական յաջողութիւնը կրնայ նոյնիսկ նախանձ արթնցնել։ Բայց մեր նեղանալը կացութիւնը կը բարելաւէ՞։ Չարերուն վայելած երեւութական առաւելութիւններուն նախանձիլը, անոնց քաղելիք հետեւանքները կը փոխէ՞։ Վստահաբար ո՛չ։ Իրականութեան մէջ հարկ չկայ որ ‘նեղանանք’։ Ինչո՞ւ։

5. Ինչո՞ւ չարերը խոտի նմանցուած են։

5 Սաղմոսերգուն կը պատասխանէ. «Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան»։ (Սաղմոս 37։2) Նորաբոյս կանանչ խոտը կրնայ գեղեցիկ երեւնալ, բայց շուտով կը թոռմի ու կը մեռնի։ Նոյնը կը պատահի չարերուն։ Անոնց երեւութական բարգաւաճութիւնը մնայուն չէ։ Երբ մեռնին, անոնց անիրաւ շահերը այլեւս իրենց օգուտ մը չեն բերեր։ Ի վերջոյ, ամէն մարդ արդար հատուցում կը ստանայ։ Պօղոս գրեց. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Չարերն ու բոլոր անիրաւները ի վերջոյ միմիայն իրենց «վարձքը» պիտի առնեն։ Ի՜նչ անշահ կենցաղ մը։—Սաղմոս 37։35, 36. 49։16, 17

6. Սաղմոս 37։1, 2–էն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

6 Արդ, թոյլ պէ՞տք է տանք որ չարերուն անցողական բարգաւաճութիւնը մեզ նեղացնէ։ Սաղմոս 37–ի առաջին երկու համարներէն հետեւեալը կը սորվինք. Թոյլ մի՛ տաք որ անոնց յաջողութիւնը պատճառ ըլլայ որ Եհովայի ծառայելու ձեր ընտրած ընթացքէն շեղիք։ Փոխարէն, շարունակեցէք կեդրոնանալ հոգեւոր օրհնութիւններու եւ նպատակակէտերու վրայ։—Առակաց 23։17

«Տէրո՛ջ Վստահէ եւ Բարի՛ք Ըրէ»

7. Ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է վստահինք։

7 Սաղմոսերգուն մեզ կը յորդորէ. «Տէրո՛ջ վստահէ եւ բարիք ըրէ»։ (Սաղմոս 37։3ա, ԱՎ) Երբ մտահոգութիւններ կամ նոյնիսկ կասկածներ մեզ պատեն, մեր վստահութիւնը հաստատօրէն Եհովայի վրայ պէտք է դնենք։ Ինքն է որ կատարեալ հոգեւոր ապահովութիւն կու տայ։ Մովսէս գրեց. «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի»։ (Սաղմոս 91։1) Երբ իրերու այս դրութեան մէջ անօրէնութեան շատնալը մեզ նեղացնէ, ա՛լ աւելի Եհովայի պէտք է ապաւինինք։ Եթէ ոտքի գելում ունենանք, բարեկամի մը տուած աջակցութիւնը կը գնահատենք։ Նոյնպէս, երբ կը ջանանք հաւատարմութեամբ քալել, Եհովայի աջակցութեան կարիքը ունինք։—Եսայեայ 50։10

8. Քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցիլը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ չարերուն բարգաւաճութենէն անտեղիօրէն չնեղանանք։

8 Չարերուն բարգաւաճութենէն չնեղանալու համար, պէտք է զբաղած ըլլանք ոչխարանման անհատներ փնտռելով ու անոնց օգնելով որ Եհովայի նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն։ Հետզհետէ աւելցող չարութեան ի տես, պէտք է լաւագոյնս ընենք ուրիշներուն օգնելու։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մի՛ մոռնաք բարեգործութիւնն ու կարօտեալներուն հաղորդակցութիւնը, քանի որ այդպիսի՛ զոհեր հաճելի են Աստուծոյ»։ Աստուծոյ Թագաւորութեան փառաւոր բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնելը, մեծագոյն «բարեգործութիւն»ն է որ կրնանք ընել։ Մեր հանրային քարոզչութիւնը իրապէս «գովաբանութեան զոհ» է։—Եբրայեցիս 13։15, 16, ԱՎ. Գաղատացիս 6։10

9. Բացատրեցէք Դաւիթի տուած յորդորը. «Երկրին վրայ բնակէ՛»։

9 Դաւիթ կը շարունակէ. «Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր [«հաւատարմութեամբ վարուիր», ՆԱ]»։ (Սաղմոս 37։3բ) Դաւիթի օրերուն «երկիրը» այն հողամասն էր, որ Եհովա Իսրայէլի տուած էր, այսինքն՝ Խոստացեալ Երկիրը։ Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, երկրին սահմանը կ’երկարէր Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ։ Այս վայրին մէջ Իսրայէլ կը բնակէր։ (Գ. Թագաւորաց 4։25) Ներկայիս, երկրագունդին վրայ ո՛ւր որ ալ ապրինք, անհամբեր կը սպասենք այն ժամանակին, երբ ամբողջ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածուի, արդար նոր աշխարհին մէջ։ Մինչ այդ, հոգեւոր ապահովութեան մէջ կ’ապրինք։—Եսայեայ 65։13, 14

10. Երբ ‘հաւատարմութեամբ վարուինք’, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

10 Երբ ‘հաւատարմութեամբ վարուինք’, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Ներշնչեալ առակը մեզի կը յիշեցնէ. «Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ»։ (Առակաց 28։20) Երբ հաւատարմօրէն յարատեւենք բարի լուրը քարոզել ո՛ւր որ ալ բնակինք եւ որո՛ւ որ կրնանք, վստահաբար Եհովա կը վարձատրէ մեզ։ Օրինակ, Ֆրէնգ ու իր կինը Ռոզ, 40 տարի առաջ հիւսիսային Սկովտիայի մէկ գիւղաքաղաքին մէջ ռահվիրայական նշանակում մը ստանձնեցին։ Հոն ճշմարտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած անհատները արդէն հեռացած էին։ Առանց վհատելու, ռահվիրայ ամոլը սկսաւ քարոզել ու աշակերտել։ Այժմ այդ գիւղաքաղաքին մէջ ուռճացող ժողովք մը կայ։ Այս ամոլին հաւատարմութիւնը ի՛րապէս Եհովայի օրհնութիւնը ունէր։ Ֆրէնգ խոնարհաբար կը բացատրէ. «Մեծագոյն օրհնութիւնը այն է, որ տակաւին ճշմարտութեան մէջ ենք եւ Եհովայի պիտանի ենք»։ Այո, երբ ‘հաւատարմութեամբ վարուինք’, բազմաթիւ օրհնութիւններ կը ստանանք ու կը գնահատենք։

«Տէրոջմով Ուրախացիր»

11, 12. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք ‘Տէրոջմով ուրախանալ’։ (բ) Անձնական ուսումնասիրութեան նկատմամբ ի՞նչ նպատակակէտ կրնաք դնել, եւ ի՛նչ հաւանական արդիւնքով։

11 Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը զօրացնելու եւ իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը պահպանելու համար, պէտք է ‘Տէրոջմով ուրախանանք’։ (Սաղմոս 37։4ա) Ի՞նչպէս։ Փոխանակ մեր անձնական կացութեամբ մտազբաղ ըլլալու, ո՛րքան ալ դժուար ըլլայ անիկա, Եհովայի վրայ կը կեդրոնանանք։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ իր Խօսքը կարդալու համար ժամանակ տրամադրել։ (Սաղմոս 1։1, 2) Աստուածաշունչի ձեր ընթերցանութիւնը ձեզի ուրախութիւն կը պատճառէ՞։ Հաճոյք պիտի առնէք եթէ Եհովայի մասին աւելի սորվելու նպատակակէտով կարդաք։ Հատուած մը կարդալէ ետք, ինչո՞ւ կանգ չառնէք ու դուք ձեզի հարց չտաք. ‘Այս հատուածը Եհովայի մասին ի՞նչ սորվեցուց ինծի’։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ժամանակ, նոթատետր կամ թուղթ մը ունենալը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ամէն անգամ որ ձեր կարդացածին իմաստին վրայ խոկալու համար կանգ առնէք, խօսք մը գրեցէք որ ձեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ հրապուրիչ յատկութիւններէն մէկը։ Այլ սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ տաղերգեց. «Բերանիս խօսքերն ու սիրտիս խորհրդածութիւնը հաճելի ըլլան քեզի, ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս եւ փրկարա՛րս»։ (Սաղմոս 19։14, ԱՎ) Աստուծոյ Խօսքին վրայ կեդրոնանալը Եհովայի ու մեզի «հաճելի» է։

12 Ի՞նչպէս կրնանք մեր ուսումնասիրութենէն ու խորհրդածութենէն ուրախութիւն քաղել։ Կրնանք մեր նպատակակէտը դարձնել Եհովայի ու իր ուղիներուն մասին կարելի եղածին չափ շատ բան սորվիլ։ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը եւ Եհովայի Մօտեցէք գիրքերը ճոխ տեղեկութիւններ կը բովանդակեն, որոնց վրայ կրնանք գնահատութեամբ խոկալ։ * Դաւիթ արդարները կը վստահեցնէ թէ Եհովա իր կարգին ‘կու տայ անոնց իրենց սիրտին խնդրուածքները’։ (Սաղմոս 37։4բ) Այս վստահութիւնը Յովհաննէս առաքեալը մղած ըլլալու էր որ հետեւեալ խօսքերը գրէր. «Այն համարձակութիւնը որ ունինք անոր քով՝ սա՛ է.– եթէ որեւէ բան խնդրենք իր կամքին համաձայն, կը լսէ մեզ։ Ու եթէ գիտե՛նք թէ կը լսէ մեզ՝ ի՛նչ որ ալ խնդրենք, գիտենք նաեւ թէ կ’ունենանք այն բաները՝ որ կը խնդրենք իրմէ»։—Ա. Յովհաննու 5։14, 15, ԱՎ

13. Վերջին տարիներուն, շատ մը երկիրներու մէջ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ի՞նչպէս ընդլայնուած է։

13 Որպէս ուղղամտութիւն պահողներ, Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը տեսնելը մեր մեծագոյն ուրախութիւնն է։ (Առակաց 27։11) Մեր սիրտը ուրախութեամբ չի՞ յորդիր, երբ կը նկատենք այն հսկայական քարոզչութիւնը որ մեր եղբայրները կը կատարեն երկիրներու մէջ, որոնք ամբողջատիրական կամ բռնակալական վարչաձեւ ունէին։ Անհամբեր ենք տեսնելու թէ այս դրութեան վախճանը չեկած ի՛նչ յաւելեալ ազատութիւն կրնանք վայելել։ Արեւմտեան երկիրներու մէջ ապրող Եհովայի ծառաներէն շատեր, ժրաջանօրէն կը քարոզեն ուսանողներու, ապաստանեալներու եւ ուրիշներու, որոնք ժամանակաւոր կեցութիւն հաստատած են ու պաշտամունքի ազատութիւն կը վայելեն։ Մեր անկեղծ փափաքն է որ երբ այս անհատները իրենց հայրենիքը վերադառնան, շարունակեն ճշմարտութեան լոյսը փայլեցնել, նոյնիսկ երեւութապէս անթափանցելի խաւարին մէջ։—Մատթէոս 5։14-16

«Տէրո՛ջ Յանձնէ Քու Ճամբադ»

14. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ կրնանք Եհովայի վստահիլ։

14 Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ մեր մտատանջութիւնները եւ մեր աչքին ճնշիչ բեռներ թուող բաները կրնան վերցուիլ։ Ի՞նչպէս։ «Տէրո՛ջ յանձնէ քու ճամբադ, անո՛ր վստահէ», կ’ըսէ Դաւիթ, ապա կ’աւելցնէ. «Եւ ան պիտի գործէ»։ (Սաղմոս 37։5, ԱՎ) Մեր ժողովքներուն մէջ բաւարար ապացոյց ունինք թէ Եհովա վստահելի նեցուկ մըն է։ (Սաղմոս 55։22) Լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողները, ինչպէս՝ ռահվիրաները, ճամբորդող տեսուչները, միսիոնարները կամ Պէթէլի մէջ ծառայող կամաւորները, բոլորն ալ կրնան վկայել թէ Եհովայի հոգատարութիւնը վստահելի է։ Ինչո՞ւ չխօսիք ձեզի ծանօթ եղողներուն հետ եւ չհարցնէք թէ Եհովա ի՛նչպէս օգնած է իրենց։ Անտարակոյս բազմաթիւ փորձառութիւններ պիտի լսէք, որոնք ցոյց կու տան թէ նոյնիսկ դժուարին ժամանակներուն Եհովայի ձեռքը երբեք կարճ չէ։ Ան միշտ կեանքի անհրաժեշտութիւնները կը հայթայթէ։—Սաղմոս 37։25. Մատթէոս 6։25-34

15. Աստուծոյ ժողովուրդին արդարութիւնը ի՞նչպէս կը փայլի։

15 Երբ անվերապահօրէն Եհովայի վստահինք, կրնանք փորձառաբար վայելել սաղմոսերգուին յաջորդ խօսքը. «Դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս»։ (Սաղմոս 37։6) Իբր Եհովայի Վկաներ, մեզ յաճախ սխալ կերպով կը ներկայացնեն։ Բայց Եհովա պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն աչքերը կը բանայ, որ անդրադառնան թէ Եհովայի ու դրացիի հանդէպ սէրէ մղուած կը կատարենք մեր հանրային ծառայութիւնը։ Միեւնոյն ատեն, մեր ուղիղ վարքը բացորոշ է, թէեւ շատերուն կողմէ սխալ ներկայացուած է։ Եհովա մեզի նեցուկ կը կանգնի ամէն տեսակ հակառակութեան ու հալածանքի ներքեւ։ Որպէս արդիւնք, Աստուծոյ ժողովուրդին արդարութիւնը կէսօրուան արեւուն պէս կը փայլի։—Ա. Պետրոս 2։12

«Հանդա՛րտ Կեցիր . . . Սպասէ՛ Անոր»

16, 17. Սաղմոս 37։7–ի համաձայն, հիմա ի՞նչ բանի ժամանակն է եւ ինչո՛ւ։

16 Սաղմոսերգուին յաջորդ խօսքերն են. «Հանդա՛րտ կեցիր Տէրոջ քով, սպասէ՛ անոր, ու մի՛ բորբոքիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին դէմ, նենգութեամբ վարուող մարդուն դէմ»։ (Սաղմոս 37։7) Հոս Դաւիթ կը շեշտէ որ համբերութեամբ պէտք է սպասենք Եհովայի որ գործէ։ Թէեւ այս դրութեան վախճանը տակաւին չէ եկած, սակայն ասիկա գանգատելու պատճառ մը չէ։ Չնկատեցի՞նք որ Եհովայի ողորմութիւնը եւ համբերութիւնը շատ աւելի մեծ են քան՝ ինչ որ սկիզբը խորհեցանք։ Այժմ կրնա՞նք ցոյց տալ թէ մենք ալ համբերութեամբ կը սպասենք, մինչ բարի լուրը քարոզելով զբաղած կը մնանք՝ վախճանը գալէն առաջ։ (Մարկոս 13։10) Հիմա՛ է ժամանակը խուսափելու անխոհեմ արարքներէ, որոնք կրնան մեր ուրախութիւնն ու հոգեւոր ապահովութիւնը խլել։ Հիմա՛ է ժամանակը աւելի զօրաւոր կերպով դէմ դնելու Սատանայի աշխարհին ապականիչ ազդեցութեան։ Նաեւ հիմա՛ է ժամանակը բարոյական մաքրութիւն պահպանելու եւ Եհովայի առջեւ մեր արդար կեցուածքը երբեք չվտանգելու։ Թող որ շարունակենք անբարոյ խորհուրդները մերժել եւ խուսափիլ անպատշաճ արարքներ գործելէ հակառակ սեռին կամ նոյն սեռին հետ։—Կողոսացիս 3։5

17 Դաւիթ մեզ կը խրատէ. «Թո՛ղ բարկութիւնը եւ լքէ՛ ցասումը. մի՛ բորբոքիր՝ որ չարիք չընես։ Արդարեւ չարագործները պիտի բնաջնջուին, սակայն Տէրոջ յուսացողները երկրին պիտի տիրանան»։ (Սաղմոս 37։8, 9, ԱՎ) Այո, վստահօրէն կրնանք սպասել այն ժամանակին,– այժմ շատ մօտ,– երբ Եհովա երկրէն արմատախիլ պիտի ընէ ապականութիւնը եւ անոր պատասխանատու եղողները։

«Քիչ Ժամանակէ Յետոյ»

18, 19. Սաղմոս 37։10–էն ի՞նչ քաջալերութիւն կը քաղէք։

18 «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես»։ (Սաղմոս 37։10) Մինչ այս դրութեան վախճանին եւ Եհովայէ անկախ ըլլալուն աղիտալի յանգումին կը մօտենանք, այս խօսքերը որքա՜ն կը քաջալերեն մեզ։ Մարդակերտ ամէն կառավարութիւն կամ հեղինակութիւն ամբողջովին ձախողած է։ Այժմ կը մօտենանք այն ժամանակին, երբ պիտի վերադառնանք Աստուծոյ իշխանութեան՝ իսկական աստուածպետութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Եհովայի Թագաւորութեան։ Անիկա աշխարհի հարցերը լման կերպով իր հակակշռին տակ պիտի առնէ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բոլոր հակառակորդները մէջտեղէն պիտի վերցնէ։—Դանիէլ 2։44

19 Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, նոր աշխարհին մէջ ո՛րքան ալ փնտռէք, պիտի չկարենաք «ամբարիշտ» մը գտնել։ Արդարեւ այն ատեն ոեւէ անհատ որ Եհովայի դէմ ապստամբի, շուտով պիտի բնաջնջուի։ Ոեւէ անհատ որ Իր գերիշխանութեան դէմ կը յարձակի կամ կը մերժէ աստուածային հեղինակութեան ենթարկուիլ, հոն պիտի չըլլայ։ Ձեր բոլոր դրացիները ձեզի նման Եհովան հաճեցնելու փափաքը պիտի ունենան։ Ասիկա ի՜նչ ապահովութիւն պիտի բերէ. ո՛չ կղպանքներ, ո՛չ ձողեր, ո՛չ ալ ուրիշ բաներ պիտի խանգարեն ամբողջական վստահութիւնն ու երջանկութիւնը։—Եսայեայ 65։20. Միքիայ 4։4. Բ. Պետրոս 3։13

20, 21. (ա) Սաղմոս 37։11–ի մէջ յիշուած «հեզերը» որո՞նք են, եւ ո՞ւր «խաղաղութեան առատութիւն» կը գտնեն։ (բ) Եթէ Մեծագոյն Դաւիթը ընդօրինակենք, ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի ստանանք։

20 Այն ատեն, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Սաղմոս 37։11ա) Բայց որո՞նք են այս «հեզերը»։ «Հեզ» թարգմանուած բառը ծագում կ’առնէ արմատ բառէ մը որ կը նշանակէ՝ «տառապեցնել, խոնարհեցնել, նուաստացնել»։ Այո, «հեզերը» անոնք են որ խոնարհութեամբ կը սպասեն որ Եհովա շտկէ իրենց քաշած բոլոր անիրաւութիւնները։ Անոնք «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։11բ) Նոյնիսկ հիմա խաղաղութեան առատութիւն կը գտնենք ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին հետ առնչուած հոգեւոր դրախտին մէջ։

21 Թէեւ տակաւին տառապանքներէ չենք հանգստացած, սակայն իրարու թիկունք կը կանգնինք եւ յուսալքուածները կը մխիթարենք։ Որպէս արդիւնք, Եհովայի ժողովուրդին մէջ իսկական ներքին գոհունակութիւնը յառաջ կը մղուի։ Իբր հովիւ նշանակուած եղբայրները սիրալիրօրէն հոգ կը տանին մեր հոգեւոր,– եւ երբեմն ֆիզիքական,– կարիքներուն, մեզ կարող դարձնելով որ արդարութեան սիրոյն տառապանքի տոկանք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8, 11, 12. Ա. Պետրոս 5։2, 3) Այս խաղաղութիւնը ի՜նչ թանկարժէք ստացուածք մըն է։ Նաեւ ունինք յաւիտենական կեանքի յոյսը վերահաս խաղաղ Դրախտին մէջ։ Հետեւաբար, թող որ Մեծագոյն Դաւիթը՝ Քրիստոս Յիսուսը՝ ընդօրինակենք, որուն նախանձախնդրութիւնը Եհովայի հանդէպ մղեց զինք որ հաւատարմօրէն ծառայէ մինչեւ վերջ։ (Ա. Պետրոս 2։21) Այսպէս ընելով, պիտի շարունակենք երջանիկ ըլլալ, փառաբանելով մեր Աստուածը՝ Եհովան, որով կ’ուրախանանք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Հրատարակուած Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ք պատասխանել

Սաղմոս 37։1, 2–էն ի՞նչ սորվեցաք։

• Ի՞նչպէս կրնաք ‘Տէրոջմով ուրախանալ’։

• Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ կրնանք Եհովայի վստահիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Քրիստոնեաները ‘անօրէնութիւն գործողներուն չեն նախանձիր’

[Նկար՝ էջ 22]

«Տէրո՛ջ վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ»

[Նկար՝ էջ 23]

Եհովայով ուրախացէք՝ սորվելով իր մասին ո՛րքան որ կրնաք

[Նկար՝ էջ 24]

«Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը»