Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այժմ աւելի ստիպողական է որ արթուն կենանք

Այժմ աւելի ստիպողական է որ արթուն կենանք

Այժմ աւելի ստիպողական է որ արթուն կենանք

«Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։42

1, 2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ իրերու ներկայ դրութեան վախճանին մէջ կ’ապրինք։

«ՔՍԱՆԵՐՈՐԴ դարը ամէն բանէ աւելի պատերազմներով յատկանշուած դար մըն էր», կ’ըսէ հեղինակ Պիլ Էմմոթ։ Ընդունելով հանդերձ թէ մարդկային պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջաններն ալ պատերազմներով ու բռնութեամբ զեղուն եղած են, ան կ’աւելցնէ. «Քսաներորդ դարը ո՛չ թէ բնոյթով տարբեր էր, այլ՝ տարողութեամբ։ Անիկա առաջի՛ն դարն էր որ իրապէս աշխարհածաւալ պատերազմ ունեցաւ . . . Եւ կարծես այս կէտը շեշտելու համար, անիկա ունեցաւ ո՛չ թէ մէկ համաշխարհային պատերազմ, այլ՝ երկու»։

2 Յիսուս Քրիստոս նախագուշակած էր թէ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ Սակայն այս պատերազմները ‘Քրիստոսի ներկայութեան ու իրերու դրութեան վախճանին նշանին’ միայն մէկ երեսակն են։ Այս մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս նաեւ յիշեց սովեր, մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ, 7, 8. Ղուկաս 21։6, 7, 10, 11) Շատ մը կերպերով, այսպիսի աղէտներու տարողութիւնն ու սաստկութիւնը աւելցած են։ Մարդուն չարութիւնը շատցած է, ինչպէս կը յայտնէ իր կեցուածքը Աստուծոյ ու ընկեր արարածին հանդէպ։ Բարոյական անկումը եւ ոճիրի ու բռնութեան յաւելումը բացայայտ են։ Մարդիկ դրամասէր եղած են քան՝ աստուածասէր, եւ հաճոյքներ հետապնդելով զբաղած են։ Այս բոլորը կը վկայեն թէ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

3. «Ժամանակներուն նշանները» ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեզի։

3 Մարդկային գործերուն այս վատթարանալը ի՞նչպէս կը նկատէք։ Շատեր ներկայ նեղացուցիչ իրադարձութիւններուն հանդէպ անտարբեր են, նոյնիսկ՝ անկարեկից։ Աշխարհի հեղինակաւոր ու մտաւորական անհատները «ժամանակներուն նշաններ»ուն իմաստը չեն ըմբռներ. ո՛չ ալ կրօնական առաջնորդները այս ուղղութեամբ պատշաճ առաջնորդութիւն հայթայթած են։ (Մատթէոս 16։1-3) Բայց Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։42) Հոս Յիսուս մեզ կը քաջալերէ որ ո՛չ միայն կարճ ժամանակ մը արթուն կենանք, այլ՝ շարունակենք արթուն կենալ։ Յարատեւաբար արթուն կենալու համար, գերուշադիր եւ աչալուրջ պէտք է մնանք։ Ուստի բաւարար չէ պարզապէս գիտակցիլ թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք եւ ժամանակները դժուար են։ Հաստատ համոզում պէտք է ունենանք թէ «ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է»։ (Ա. Պետրոս 4։7) Միայն այս պարագային է որ ստիպողական հոգիով արթուն պիտի կենանք։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է որ հետեւեալ հարցումին վրայ խոկանք. ‘Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ զօրացնենք մեր համոզումը թէ վախճանը մօտ է’։

4, 5. (ա) Ի՞նչ բան պիտի զօրացնէ մեր համոզումը թէ այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը մօտ է, եւ ինչո՛ւ։ (բ) Նոյի օրերուն եւ մարդու Որդիին ներկայութեան միջեւ եղած մէկ նմանութիւնը ի՞նչ է։

4 Նկատի առէք մարդկային պատմութեան աննախընթաց մէկ դէպքին՝ Նոյի օրուան մեծ Ջրհեղեղին՝ նախորդող ժամանակաշրջանին մէջ տիրող վիճակները։ Մարդիկ ա՛յնքան չար էին, որ Եհովա «իր սիրտին մէջ վշտացաւ»։ Ան ըսաւ. «Երկրագունդի մակերեսէն պիտի բնաջնջեմ մարդը՝ որ ստեղծեցի»։ (Ծննդոց 6։6, 7, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Եւ այդպէս ալ ըրաւ։ Նոյի օրերը մեր օրերուն հետ համեմատելով, Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։37

5 Տրամաբանական է ենթադրել որ Եհովա ներկայ աշխարհին հանդէպ ունի ա՛յն զգացումը որ նախա–Ջրհեղեղեան աշխարհին հանդէպ ունէր։ Որովհետեւ ան Նոյի օրուան անբարեպաշտ աշխարհին վերջ դրաւ, վստահաբար ներկայ ամբարիշտ աշխարհն ալ պիտի կործանէ։ Այդ ժամանակուան ու մեր ժամանակուան միջեւ եղած նմանութիւնները յստակօրէն հասկնալը, պէտք է զօրացնէ մեր համոզումը թէ ներկայ աշխարհին վախճանը մօտալուտ է։ Արդ, ի՞նչ են նմանութիւնները։ Առնուազն հինգ նմանութիւններ կան։ Առաջինը՝ վաղահաս կործանումին նկատմամբ մասնայատուկ ազդարարութիւն կը տրուի։

Ազդարարութիւն՝ «Դեռ Չերեւցած Բաներու» Նկատմամբ

6. Նոյի օրերուն Եհովա ի՞նչ ընել վճռեց։

6 Նոյի օրերուն, Եհովա ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։ (Ծննդոց 6։3) Հ.Դ.Ա. 2490–ին այս աստուածային վճիռին արձակումը, այդ անբարեպաշտ աշխարհի վախճանին սկիզբը նշեց։ Պահ մը խորհեցէք թէ ասիկա ի՛նչ նշանակեց այդ ժամանակ ապրողներուն համար։ Միայն 120 տարի անցնելէ ետք, Եհովա ‘երկրի վրայ ջրհեղեղ պիտի բերէր, երկնքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները կորսնցնելու համար’։—Ծննդոց 6։17

7. (ա) Նոյ ի՞նչպէս ընդառաջեց Ջրհեղեղին նկատմամբ տրուած ազդարարութեան։ (բ) Այս դրութեան վախճանին նկատմամբ տրուած ազդարարութիւններուն ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։

7 Նոյ տասնամեակներ առաջ մօտալուտ աղէտին նկատմամբ ազդարարութիւն ստացաւ, եւ ժամանակը խոհեմութեամբ գործածեց որպէսզի վերապրումի համար պատրաստուի։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար»։ (Եբրայեցիս 11։7) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ 1914–ին իրերու այս դրութեան վերջին օրերը սկսելէն ի վեր, շուրջ 90 տարի անցած է։ Վստահաբար «վերջին ժամանակ»ին մէջ ենք։ (Դանիէլ 12։4) Ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք մեզի տրուած ազդարարութիւններուն։ «Ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Հետեւաբար, հիմա է ժամանակը ստիպողական սուր զգացումով Եհովայի կամքը կատարելու։

8, 9. Արդի ժամանակներուն ի՞նչ ազդարարութիւններ տրուած են, եւ ի՞նչպէս կը յայտարարուին։

8 Արդի ժամանակներուն, Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներ ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններէն սորված են թէ այս դրութիւնը կործանումի դատապարտուած է։ Ասոր կը հաւատա՞նք։ Նկատեցէք թէ Յիսուս Քրիստոս յստակօրէն ի՛նչ ըսաւ. «Այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Յիսուս նաեւ ըսաւ թէ ինք պիտի գար որպէս Աստուծոյ կողմէ նշանակուած Դատաւոր եւ պիտի զատէր մարդիկը իրարմէ՝ ինչպէս հովիւ մը կը զատէ ոչխարները այծերէն։ Արժանի չեղողները «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«կործանում», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը»։—Մատթէոս 25։31-33, 46

9 Եհովա այս ազդարարութիւնները կրկին անգամ իր ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնած է, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած հոգեւոր սնունդին բովանդակած ժամանակայարմար վերյիշեցումներուն միջոցով։ (Մատթէոս 24։45-47) Ասկէ զատ, բոլոր ազգերուն, ցեղերուն, լեզուներուն ու ժողովուրդներուն կոչ կը տրուի որ ‘Աստուծմէ վախնան ու փառք տան անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկած է’։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Եհովայի Վկաներուն կողմէ համայն աշխարհի մէջ քարոզուած Թագաւորութեան պատգամին անբաժան մէկ մասն է՝ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով մարդկային իշխանութիւնը պիտի չքացնէ։ (Դանիէլ 2։44) Այս ազդարարութիւնը թեթեւի պէտք չէ առնուի։ Ամենակալ Աստուած միշտ իր խօսքին տէրն է։ (Եսայեայ 55։10, 11) Ան իր խօսքը յարգեց Նոյի օրերուն, եւ զայն պիտի յարգէ մեր օրերուն։—Բ. Պետրոս 3։3-7

Լայնատարած Սեռային Ապականութիւն

10. Նոյի օրերուն, սեռային ապականութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։

10 Մեր օրերը ուրիշ կերպով ալ նման են Նոյի օրերուն։ Եհովա առաջին մարդուն ու կնոջ պատուիրած էր որ ‘երկիրը լեցնեն’ իրենց սերունդով, իրենց աստուածատուր սեռային կարողութիւնները պատուաբերօրէն գործածելով ամուսնական կարգադրութեան ներքեւ։ (Ծննդոց 1։28) Նոյի օրերուն, ըմբոստ հրեշտակներ մարդկութիւնը անբնական սեռով ապականեցին։ Անոնք երկիր իջան, մարմիններ առին եւ գեղեցիկ կիներու հետ կենակցեցան, յառաջ բերելով Նեֆիլիմները, որոնք կէս–մարդ եւ կէս–դեւ սերունդ մըն էին։ (Ծննդոց 6։2, 4) Այս հեշտասէր հրեշտակներուն մեղքը նմանցուած է Սոդոմի ու Գոմորի խեղաթիւրումներուն։ (Յուդա 6, 7) Հետեւաբար, այդ օրերուն սեռային ապականութիւնը լայնատարած էր։

11. Բարոյական ի՞նչ մթնոլորտ մեր օրերը կը դարձնէ Նոյի օրերուն նման։

11 Ի՞նչ կրնանք ըսել մերօրեայ բարոյական մթնոլորտին մասին։ Այս վերջին օրերուն մէջ, շատերուն կեանքը սեռի շուրջ կը դառնայ։ Պօղոս այսպիսիները կը նկարագրէ որպէս «անզգայ» անհատներ, որոնք «ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու»։ (Եփեսացիս 4։19) Պոռնկագրութիւնը, նախամուսնական սեռային յարաբերութիւնները, մանուկներու սեռային եղծանումը եւ միասեռականութիւնը սովորական դարձած են։ Ոմանք արդէն իսկ «հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունին», տառապելով սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններէ, ընտանեկան կեանքի քայքայումէ եւ ընկերային այլ խնդիրներէ։—Հռովմայեցիս 1։26, 27

12. Ինչո՞ւ չար բաներու հանդէպ ատելութիւն պէտք է մշակենք։

12 Նոյի օրերուն, Եհովա մեծ Ջրհեղեղը ղրկեց եւ այդ սեռի–խենթ աշխարհին վերջ դրաւ։ Բնաւ պէտք չէ մոռնանք այն իրողութիւնը թէ այս օրերը իրապէս Նոյի օրերուն նման են։ Մօտալուտ «մեծ նեղութիւն»ը երկիրը պիտի մաքրէ ‘պոռնիկներէն, շնացողներէն, իգացեալներէն եւ արուագէտներէն’։ (Մատթէոս 24։21. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։8) Որքա՜ն ստիպողական է որ չար բաներու հանդէպ ատելութիւն մշակենք եւ անբարոյութեան առաջնորդող պարագաներէն հեռու կենանք։—Սաղմոս 97։10. Ա. Կորնթացիս 6։18

Երկիրը ‘Բռնութեամբ կը Լեցուի’

13. Նոյի օրերուն, երկիրը ինչո՞ւ «բռնութեամբ լեցուեցաւ»։

13 Նոյի օրուան ուրիշ մէկ յատկանիշին ակնարկելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ. նաեւ երկիրը բռնութեամբ լեցուեցաւ»։ (Ծննդոց 6։11, ԱՎ) Իրականութեան մէջ բռնութիւնը նոր բան մը չէր։ Ադամի որդին Կայէնը իր արդար եղբայրը սպաննեց։ (Ծննդոց 4։8) Իր օրուան վայրագ հոգին արտացոլացնելով, Ղամէք բանաստեղծութիւն մը յօրինեց՝ պարծենալով թէ ի՛նչպէս երիտասարդ մը սպաննած էր, ենթադրաբար ինքնապաշտպանութեան համար։ (Ծննդոց 4։23, 24) Բայց Նոյի օրերուն, բռնութեան տարողութիւնը նորութիւն մըն էր։ Երբ Աստուծոյ անհնազանդ հրեշտակային որդիները երկրի վրայ ապրող կիներուն հետ ամուսնացան եւ Նեֆիլիմները յառաջ բերին, բռնութեան մակարդակը աննախընթաց վերելք մը արձանագրեց։ Այս վայրագ հսկաները «Տապալիչներ» էին, այսինքն՝ «ուրիշներու անկման պատճառ եղողներ»։ (Ծննդոց 6։4, ՆԱ, ստորանիշ) Որպէս արդիւնք, երկիրը «բռնութեամբ լեցուեցաւ»։ (Ծննդոց 6։13, ԱՎ) Պահ մը երեւակայեցէք Նոյի դիմագրաւած խնդիրները, մինչ իր զաւակները այսպիսի միջավայրի մը մէջ կը մեծցնէր։ Այսուհանդերձ, Նոյ ‘այդ դարուն մարդոց մէջ Եհովայի առջեւ արդար’ էր։—Ծննդոց 7։1

14. Ներկայիս աշխարհը ի՞նչպէս «բռնութեամբ լեցուած» է։

14 Մարդկութեան պատմութեան մէջ բռնութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է։ Բայց ինչպէս Նոյի օրերուն պատահեցաւ, ներկայիս ալ բռնութիւնը աննախընթաց վերելք մը արձանագրած է։ Կանոնաւորաբար կը լսենք տնային վայրագութեան, ահաբեկչական արարքներու, ցեղասպանութիւններու, եւ առանց որոշ շարժառիթ ունենալու՝ զինեալներու կողմէ գործադրուած զանգուածային սպանութիւններու մասին։ Ասոր վրայ աւելցուցէք պատերազմներուն պատճառած արիւնահեղութիւնը։ Երկիրը դարձեալ բռնութեամբ լեցուած է։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ բան անոր յաւելման նպաստած է։ Պատասխանը երեւան կը հանէ Նոյի օրերուն հետ առնչուած այլ նմանութիւն մը։

15. (ա) Վերջին օրերուն մէջ ի՞նչ բան բռնութեան յաւելումին նպաստած է։ (բ) Ո՞ր արդիւնքէն կրնանք վստահ ըլլալ։

15 Երբ Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ հաստատուեցաւ 1914–ին, գահակալուած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ խիստ կարեւոր քայլ մը առաւ։ Բանսարկու Սատանան ու իր դեւերը երկինքէն վտարուեցան դէպի երկրի շրջակայքը։ (Յայտնութիւն 12։9-12) Ջրհեղեղէն առաջ, ըմբոստ հրեշտակները իրենց երկնային դիրքը կամաւորաբար լքեցին. սակայն արդի ժամանակներուն, անոնք արտաքսուեցան։ Ասկէ զատ, այժմ անոնք կարողութիւն չունին երկրի վրայ մարմիններ առնելու, որ ապօրինի մարմնաւոր հաճոյքներ վայելեն։ Ուստի յուսախաբ, զայրացած եւ վերահաս դատաստանէն սարսափահար ըլլալով, անոնք մարդիկն ու կազմակերպութիւնները կը հրահրեն որ վայրագ ոճիրներ ու բռնարարքներ գործեն, Նոյի օրերուն տեղի ունեցած բռնութենէն ա՛լ աւելի մեծ տարողութեամբ։ Եհովա նախա–Ջրհեղեղեան աշխարհը բնաջնջեց, ըմբոստ հրեշտակներն ու անոնց սերունդը զայն չարութեամբ լեցնելէ ետք։ Կրնաք վստահ ըլլալ թէ ան մեր օրերուն նոյն կերպով պիտի վարուի։ (Սաղմոս 37։10) Սակայն անոնք որ ներկայիս արթուն կը կենան, գիտեն թէ իրենց ազատագրութիւնը մօտ է։

Պատգամը կը Քարոզուի

16, 17. Նոյի օրերուն եւ մեր օրերուն միջեւ եղած չորրորդ նմանութիւնը ի՞նչ է։

16 Ներկայ օրերուն եւ նախա–Ջրհեղեղեան աշխարհին միջեւ եղած չորրորդ նմանութիւնը կը կայանայ Նոյի յանձնարարուած գործին մէջ։ Նոյ հսկայ տապան մը շինեց։ Ան նաեւ «քարոզիչ» մըն էր։ (Բ. Պետրոս 2։5) Ան ի՞նչ պատգամ քարոզեց։ Բացայայտ է որ Նոյի քարոզչութիւնը պարփակեց զղջումի հրաւէր մը եւ մօտալուտ կործանումին մասին ազդարարութիւն։ Յիսուս ըսաւ թէ Նոյի օրուան մարդիկը «չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։—Մատթէոս 24։38, 39

17 Նոյնպէս, մինչ Եհովայի Վկաները քարոզելու իրենց յանձնարարութիւնը ժրաջանօրէն կը կատարեն, Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը համայն աշխարհի մէջ կը յայտարարուի։ Երկրագունդի գրեթէ բոլոր մասերուն մէջ, մարդիկ կրնան իրենց լեզուով Թագաւորութեան պատգամը լսել ու կարդալ։ Եհովայի Թագաւորութիւնը ծանուցանող Դիտարան պարբերաթերթին շրջաբերութիւնը աւելի քան 25,000,000 է եւ կը հրատարակուի աւելի քան 140 լեզուներով։ Արդարեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ‘բովանդակ աշխարհի մէջ կը քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու’։ Երբ այս գործը Աստուծոյ ուզած տարողութեամբ կատարուի, վստահօրէն վերջը պիտի գայ։—Մատթէոս 24։14

18. Մեր քարոզչութեան հանդէպ շատերու հակազդեցութիւնը ի՞նչպէս նման է Նոյի օրուան մարդոց մեծամասնութեան հակազդեցութեան։

18 Ջրհեղեղին նախորդող օրերուն տիրական եղող հոգեւոր ու բարոյական անկումը նկատի ունենալով, դժուար չէ երեւակայել թէ ի՛նչպէս կասկածոտ դրացիներ Նոյի ընտանիքը ծաղրանքի առարկայ ու նախատինքներու թիրախ դարձուցին։ Այսուհանդերձ, վերջը եկա՛ւ։ Նոյնպէս, վերջին օրերուն մէջ «ծաղր ընողներ»ը շատցած են։ Բայց «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4, 10) Անիկա որոշուած ժամանակին անպայման պիտի գայ։ Անիկա պիտի չուշանայ։ (Ամբակումայ 2։3) Մեր կողմէ ի՜նչ խոհեմութիւն է որ շարունակ արթուն կենանք։

Միայն Քիչեր կը Վերապրին

19, 20. Ջրհեղեղին եւ իրերու ներկայ դրութեան կործանումին միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կրնանք գտնել։

19 Նոյի օրերուն եւ մեր օրերուն միջեւ նմանութիւնը վերջ չի գտներ մարդոց չարութեամբ ու անոնց կործանումով։ Ինչպէս Ջրհեղեղէն վերապրողներ եղան, նոյնպէս իրերու ներկայ դրութեան վախճանէն վերապրողներ պիտի ըլլան։ Ջրհեղեղէն վերապրողները հեզ անհատներ էին, որոնք ընդհանուր մարդոց կենցաղը չորդեգրեցին։ Անոնք աստուածային ազդարարութեան անսացին եւ այդ ժամանակուան ամբարիշտ աշխարհէն անջատ մնացին։ «Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ «Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր»։ (Ծննդոց 6։8, 9) Ամբողջ մարդկութեան մէջէն միայն մէկ ընտանիք, «քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան»։ (Ա. Պետրոս 3։20) Եւ Եհովա Աստուած անոնց հրահանգ տուաւ, ըսելով. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք ու երկիրը լեցուցէ՛ք»։—Ծննդոց 9։1

20 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ «մեծ նեղութենէն» «մեծ բազմութիւն մը» պիտի վերապրի։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Մեծ բազմութիւնը քանի՞ հոգիէ պիտի բաղկանայ։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ (Մատթէոս 7։13, 14) Այժմ երկրի վրայ ապրող միլիառաւոր մարդոց հետ բաղդատած, մօտալուտ մեծ նեղութենէն վերապրողները սակաւաթիւ պիտի ըլլան։ Բայց անոնք Ջրհեղեղէն վերապրողներուն տրուած առանձնաշնորհումին նման առանձնաշնորհում մը կրնան ունենալ։ Վերապրողները որպէս երկրային նոր ընկերութեան մէկ մասը, որոշ ժամանակ մը զաւակներ պիտի բերեն։—Եսայեայ 65։23

«Արթուն Կեցէք»

21, 22. (ա) Ջրհեղեղի արձանագրութիւնը քննարկելով ի՞նչպէս օգտուեցաք։ (բ) 2004–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ անոր տուած խրատին պէտք է անսանք։

21 Թէեւ Ջրհեղեղը հեռաւոր անցեալին տեղի ունեցած է, սակայն անիկա յստակօրէն ազդարարութիւն մը կը հայթայթէ, որ պէտք չէ անտեսենք։ (Հռովմայեցիս 15։4) Նոյի օրերուն եւ մեր օրերուն միջեւ եղած նմանութիւնները, մեզ ա՛լ աւելի զգաստ պէտք է դարձնեն այժմ տեղի ունեցող բաներուն իմաստին նկատմամբ եւ արթուն պահեն Յիսուսի գողի նման գալուն նկատմամբ, որ ամբարիշտներուն վրայ դատաստան գործադրէ։

22 Ներկայիս Յիսուս Քրիստոս հոգեւոր շինարարական հսկայ աշխատանք մը կ’առաջնորդէ։ Ճշմարիտ երկրպագուներուն ապահովութեան ու վերապրումին համար, տապանանման հոգեւոր դրախտ մը գոյութիւն ունի։ (Բ. Կորնթացիս 12։3, 4) Մեծ նեղութենէն վերապրելու համար, այդ դրախտին մէջ պէտք է մնանք։ Հոգեւոր դրախտին ծիրէն դուրս Սատանայի աշխարհը առկայ է, պատրաստ՝ լափելու ոեւէ անհատ որ հոգեւորապէս քնատ կը դառնայ։ Շատ կարեւոր է որ ‘արթուն կենանք’ եւ Եհովայի օրուան համար պատրաստ կենանք։—Մատթէոս 24։42, 44

Կը յիշէ՞ք

• Իր գալուստին նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ յորդոր տուաւ։

• Յիսուս իր ներկայութեան ժամանակը ի՞նչ բանի հետ կը համեմատէ։

• Ի՞նչ կերպերով մեր օրերը Նոյի օրերուն նման են։

• Նոյի օրերուն եւ մեր օրերուն միջեւ եղած նմանութիւններուն մասին խորհրդածելը, ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր ստիպողականութեան զգացումին վրայ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 12]

2004–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ. «Արթուն կեցէք . . . պատրաստ կեցէք»։—Մատթէոս 24։42, 44

[Նկարներ՝ էջ 10]

«Ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»

[Նկար՝ էջ 11]

Նոյ աստուածային ազդարարութեան անսաց։ Նոյնպէս կ’ընդառաջե՞նք