Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլորս Եհովայի փառքը ծանուցանենք

Բոլորս Եհովայի փառքը ծանուցանենք

Բոլորս Եհովայի փառքը ծանուցանենք

«Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը»։—ՍԱՂՄՈՍ 96։7, 8

1, 2. Ո՞ր աղբիւրէն Եհովայի փառք կը տրուի, եւ որո՞նց յորդոր կը տրուի որ բաժին բերեն։

ՅԵՍՍԷԻ որդին Դաւիթ, իր պատանեկութեան տարիները անցուց որպէս հովիւ Բեթլէհէմի շրջակայքը։ Ան գիշերուան անդորրութեան մէջ որքա՜ն յաճախ դիտած էր աստղազարդ ու անհուն երկինքը, մինչ կը հսկէր իր հօր հօտերուն վրայ ամայի արօտավայրերուն մէջ։ Անտարակոյս այս վառ տպաւորութիւնները իր միտքը եկան, երբ Աստուծոյ սուրբ հոգիով ներշնչուած, 19–րդ Սաղմոսին գեղեցիկ խօսքերը յօրինեց ու տաղերգեց. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։ Ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը»։—Սաղմոս 19։1, 4

2 Առանց զրոյցի, առանց խօսքերու, առանց ձայնի, Եհովայի ստեղծած ահարկու երկինքը իր փառքը կը պատմէ օրէ օր, գիշերէ գիշեր։ Ստեղծագործութիւնը երբեք չի դադրիր Աստուծոյ փառքը ծանուցանելէ, եւ մենք մեզ աննշան կը զգանք երբ խորհրդածենք այս լուռ վկայութեան մասին, որ կը տարածուի «ամէն երկիր»ը, որպէսզի անոր բնակիչները տեսնեն զայն։ Սակայն ստեղծագործութեան լուռ վկայութիւնը բաւարար չէ։ Հաւատարիմ մարդոց յորդոր կը տրուի որ լսելի ձայնով այս վկայութեան մասնակցին։ Սաղմոսերգու մը հաւատարիմ երկրպագուներու ուղղելով իր ներշնչեալ խօսքերը, ըսաւ. «Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը»։ (Սաղմոս 96։7, 8) Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցող անհատները խանդավառ են որ այս յորդորին ընդառաջեն։ Սակայն Աստուծոյ փառք տալը ի՞նչ կը պարփակէ։

3. Մարդիկ ինչո՞ւ Աստուծոյ փառք կու տան։

3 Բառերէն աւելին պահանջուած է։ Եսայիի օրուան Իսրայելացիները Աստուած փառաւորեցին իրենց շրթներով, բայց անոնց մեծամասնութիւնը անկեղծ չէր։ Եսայիի միջոցով Եհովա ըսաւ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է»։ (Եսայեայ 29։13) Անոնց մատուցած փառաբանութիւնը անիմաստ էր։ Փառաբանութիւնը իմաստալից ըլլալու համար, Եհովայի հանդէպ սիրով լեցուած սիրտէ եւ իր անզուգական փառքին հանդէպ անկեղծ ճանաչումէ պէտք է բխի։ Միայն Եհովան է Ստեղծիչը։ Ան Ամենակալը, Ամէնարդարն ու սիրոյ մարմնացումն է։ Ան մեր փրկութեան ակունքն է եւ իրաւացի Գերիշխանը, որուն հպատակութիւն կը պարտի ամէն արարած երկնքի ու երկրի մէջ։ (Յայտնութիւն 4։10. 19։1) Եթէ իրապէս կը հաւատանք այս բաներուն, թող բոլոր սիրտով զինք փառաւորենք։

4. Աստուած ի՛նչպէս փառաւորելու մասին Յիսուս ի՞նչ ցուցմունքներ տուաւ, եւ ի՞նչպէս կրնանք զանոնք կատարել։

4 Յիսուս Քրիստոս մեզի ըսաւ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուած փառաւորել։ Ան նշեց. «Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։ (Յովհաննու 15։8) Ի՞նչպէս շատ պտուղ կը բերենք։ Նախ՝ ‘Արքայութեան աւետարանը’ քարոզելու մէջ բոլորանուէր մասնակցութիւն բերելով. ուստի բոլոր ստեղծուածներուն հետ Աստուծոյ «աներեւոյթ յատկանիշները» կը պատմենք։ (Մատթէոս 24։14. Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս) Ասկէ զատ, այս կերպով բոլորս ալ ուղղակի կամ անուղղակի կը մասնակցինք նոր անհատներ աշակերտելու գործին, որոնք Եհովա Աստուած փառաբանող երգչախումբը կը մեծցնեն։ Երկրորդ, մեր մէջ սուրբ հոգիին արտադրած պտուղները կը մշակենք եւ կը ջանանք Եհովա Աստուծոյ գերադրական յատկութիւնները ընդօրինակել։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Եփեսացիս 5։1. Կողոսացիս 3։10) Որպէս արդիւնք, մեր ամէնօրեայ վարքը Աստուած կը փառաւորէ։

«Բոլոր Երկիր»

5. Բացատրեցէք թէ Պօղոս ի՛նչպէս շեշտեց Քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնը որ Աստուած փառաւորեն, իրենց հաւատքը ուրիշներուն հետ բաժնելով։

5 Հռովմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս շեշտեց Քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնը որ Աստուած փառաւորեն, իրենց հաւատքը ուրիշներուն հետ բաժնելով։ Հռովմայեցիս նամակին գլխաւոր մէկ բնաբանն է. միայն անոնք որ Յիսուս Քրիստոսի կը հաւատան, պիտի փրկուին։ Իր նամակին 10–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ իր օրուան մարմնաւոր Իսրայէլը տակաւին կը ջանար արդար կեցուածք մը ունենալ Մովսիսական Օրէնքին հետեւելով, մինչդեռ ‘օրէնքին վախճանը Քրիստոս էր’։ Հետեւաբար Պօղոս կ’ըսէ. «Եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս»։ Անկէ ի վեր, «խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։ Քանզի ‘Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի’»։—Հռովմայեցիս 10։4, 9-13

6. Պօղոս Սաղմոս 19։4–ը ի՞նչպէս կիրարկեց։

6 Ապա Պօղոս տրամաբանօրէն կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն»։ (Հռովմայեցիս 10։14) Իսրայէլի մասին Պօղոս կ’ըսէ. «Ամէնքը հնազանդ չեղան աւետարանին»։ Ինչո՞ւ Իսրայէլ չհնազանդեցաւ։ Անոնք անհաւատութեան պատճառով չհնազանդեցան, եւ ո՛չ թէ քանի որ պատեհութիւն չունեցան։ Պօղոս ասիկա ցոյց կու տայ մէջբերելով Սաղմոս 19։4–ը եւ զայն կիրարկելով քրիստոնէական քարոզչութեան, փոխանակ՝ ստեղծագործութեան լուռ վկայութեան։ Ան կ’ըսէ. «Մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։ (Հռովմայեցիս 10։16, 18) Այո, ինչպէս անկենդան ստեղծագործութիւնը Եհովան կը փառաւորէ, առաջին դարու Քրիստոնեաները փրկութեան բարի լուրը ամէնուրեք քարոզեցին, եւ հետեւաբար «բոլոր երկրի» մէջ Աստուած փառաբանեցին։ Կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս նաեւ նկարագրեց թէ ի՛նչ տարողութեամբ բարի լուրը տարածուեցաւ։ Ան ըսաւ թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։—Կողոսացիս 1։23

Նախանձախնդիր Վկաներ

7. Յիսուսի համաձայն, Քրիստոնեաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։

7 Կողոսացիներուն յղուած նամակը Պօղոս հաւանաբար գրեց Յիսուս Քրիստոսի մահէն շուրջ 27 տարի ետք։ Քարոզչութիւնը ի՞նչպէս կրնար մինչեւ Կողոսա հասնիլ յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Ասիկա եղաւ քանի որ առաջին դարու Քրիստոնեաները նախանձախնդիր էին, եւ Եհովա օրհնեց անոնց նախանձախնդրութիւնը։ Յիսուս նախագուշակեց թէ իր հետեւորդները գործունեայ քարոզիչներ պիտի ըլլային, երբ ըսաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մարկոս 13։10) Ան այս մարգարէութեան վրայ աւելցուց հետեւեալ պատուէրը. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Յիսուս երկինք համբառնալէն քիչ ետք, իր հետեւորդները սկսան այս խօսքերը կատարել։

8, 9. Գործք Առաքելոց գիրքին համաձայն, Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդառաջեցին Յիսուսի պատուէրներուն։

8 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուելէն ետք, Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդներուն ըրած առաջին բանն էր՝ դուրս ելլել ու քարոզել, Երուսաղէմի մէջ գտնուող բազմութիւններուն պատմելով «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին»։ Անոնց քարոզչութիւնը շատ ազդեցիկ էր, եւ շուրջ «երեք հազար հոգի» մկրտուեցան։ Աշակերտները շարունակեցին հանրապէս ու նախանձախնդրաբար Աստուած փառաբանել, լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով։—Գործք 2։4, 11, 41, 46, 47

9 Այդ Քրիստոնեաներուն գործունէութիւնները շուտով կրօնական առաջնորդներուն ուշադրութիւնը գրաւեցին։ Պետրոսի ու Յովհաննէսի համարձակութենէն նեղանալով, անոնք այս երկու առաքեալներուն հրամայեցին որ քարոզելէ դադրին։ Առաքեալները պատասխանեցին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ Սպառնալիք ստանալէ եւ ազատ արձակուելէ ետք, Պետրոս ու Յովհաննէս իրենց եղբայրներուն վերադարձան, եւ բոլորը միասին Եհովայի աղօթեցին։ Անոնք քաջաբար Եհովայէ խնդրեցին. «Շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք»։—Գործք 4։13, 20, 29

10. Ի՞նչ հակառակութիւն սկսաւ ի յայտ գալ, եւ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդառաջեցին։

10 Այդ աղօթքը Եհովայի կամքին համաձայն էր, ինչպէս հետագային բացայայտ դարձաւ։ Առաքեալները ձերբակալուեցան եւ ապա հրեշտակի մը ձեռքով հրաշալիօրէն ազատ արձակուեցան։ Հրեշտակը անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ տաճարին մէջ կայնելով ժողովուրդին յայտնեցէք այս կենաց պատգամը»։ (Գործք 5։18-20) Որովհետեւ առաքեալները հնազանդեցան, Եհովա շարունակեց զանոնք օրհնել։ Արդ, «ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։42) Բացորոշ է թէ սաստիկ հակառակութիւնը երբեք չկրցաւ Յիսուսի հետեւորդները ետ կեցնել հանրապէս Աստուծոյ փառք տալէ։

11. Քարոզչութեան հանդէպ նախկին Քրիստոնեաներուն կեցուածքը ի՞նչ էր։

11 Անկէ քիչ ետք Ստեփանոս ձերբակալուեցաւ ու մինչեւ մահ քարկոծուեցաւ։ Անոր սպանութիւնը բիրտ հալածանք մը հրահրեց Երուսաղէմի մէջ, եւ առաքեալներէն զատ բոլոր աշակերտները ցիրուցան եղան։ Հալածանքը զիրենք վհատեցո՞ւց։ Ամե՛նեւին։ Կը կարդանք. «Ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին»։ (Գործք 8։1, 4) Աստուծոյ փառքը ծանուցանելու այդ նախանձախնդրութիւնը կրկին անգամ յայտնի եղաւ։ Գործք Առաքելոց 9–րդ գլուխին մէջ կը կարդանք թէ Փարիսեցի մը՝ Տարսոնցի Սօղոս, մինչ Դամասկոս կը ճամբորդէր Յիսուսի աշակերտներուն դէմ հալածանք հրահրելու համար, տեսիլքի մէջ Յիսուսը տեսաւ ու կուրացաւ։ Դամասկոսի մէջ, Անանիա հրաշքով մը բուժեց Սօղոսի կուրութիւնը։ Ի՞նչ էր առաջին բանը որ Սօղոս,– հետագային՝ Պօղոս առաքեալ,– ըրաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին»։—Գործք 9։20

Ամէն Ոք Քարոզչութեան Մասնակցեցաւ

12, 13. (ա) Պատմաբաններու համաձայն, նախկին քրիստոնէական ժողովքին մասին ի՞նչ բան ուշագրաւ էր։ (բ) Գործք Առաքելոց գիրքը եւ Պօղոսի խօսքերը ի՞նչպէս համաձայն են պատմաբաններուն ըսածներուն հետ։

12 Ընդհանրապէս ընդունուած է թէ նախկին քրիստոնէական ժողովքին մէջ ամէն ոք քարոզչութեան կը մասնակցէր։ Նախկին Քրիստոնեաներուն մասին խօսելով, Ֆիլիփ Շաֆ կը գրէ. «Իւրաքանչիւր ժողովք միսիոնարական ընկերութիւն մըն էր, իսկ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ հաւատացեալ՝ միսիոնար մը»։ (History of the Christian Church [Քրիստոնէական Եկեղեցիին Պատմութիւնը]) Ու. Ս. Ուիլիըմզ կ’ըսէ. «Ընդհանուր վկայութիւնը այն է թէ նախնական Եկեղեցիին մէջ բոլոր Քրիստոնեաները, մանաւանդ հրաշաձօն պարգեւը [հոգիին պարգեւները] ունեցողները, աւետարանը քարոզեցին»։ (The Glorious Ministry of the Laity [Աշխարհական Դասի Փառաւոր Ծառայութիւնը]) Ան նաեւ կը շեշտէ. «Յիսուս Քրիստոս երբեք նպատակ չունէր որ քարոզչութիւնը որոշ դասի պատկանողներուն բացարձակ առանձնաշնորհումը ըլլար»։ Նոյնիսկ Սեղիոս՝ Քրիստոնէութեան վաղեմի ոսոխ մը, գրեց. «Բրդագործներ, հնակարկատներ, կաշեգործներ, ամենէն անուս եւ ռամիկ մարդիկը, աւետարանին նախանձախնդիր քարոզիչներն էին»։

13 Այս խօսքերուն ճշգրտութիւնը կը տեսնուի Գործք Առաքելոցի պատմական արձանագրութեան մէջ։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, սուրբ հոգին թափուելէն ետք, բոլոր աշակերտները, տղամարդիկ թէ կիներ, հանրապէս ծանուցանեցին Աստուծոյ մեծամեծ բաները։ Ստեփանոսի սպանութեան յաջորդող հալածանքէն ետք, ցիրուցան եղած բոլոր Քրիստոնեաները բարի լուրը ամէնուրեք տարածեցին։ Շուրջ 28 տարի ետք, Պօղոս բոլոր Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն կը գրէր, եւ ո՛չ թէ քիչ թիւով կղեր դասակարգի մը, երբ ըսաւ. «Անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին»։ (Եբրայեցիս 13։15) Քարոզչութեան հանդէպ իր անձնական տեսակէտը նկարագրելով, Պօղոս ըսաւ. «Եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։16) Բացորոշ է թէ առաջին դարու բոլոր հաւատարիմ Քրիստոնեաները նոյն կեցուածքը ունէին։

14. Հաւատքին ու քարոզչութեան միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կայ։

14 Արդարեւ իսկական Քրիստոնեան քարոզչութեան պէտք է մասնակցի, քանի որ անիկա սերտօրէն առնչուած է հաւատքին հետ։ Պօղոս ըսաւ. «Սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար»։ (Հռովմայեցիս 10։10) Ժողովքին մէջ միայն խմբա՞կ մը,– ինչպէս կղեր դասը,– հաւատք ի գործ կը դնէ ու հետեւաբար քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունի։ * Անշուշտ ոչ։ Բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ կենդանի հաւատք կը մշակեն եւ կը մղուին այդ հաւատքը հանրապէս յայտարարելու ուրիշներու։ Այլապէս, իրենց հաւատքը մեռած է։ (Յակոբու 2։26) Որովհետեւ առաջին դարու բոլոր հաւատարիմ Քրիստոնեաները իրենց հաւատքը այս կերպով ցուցաբերեցին, Եհովայի անունը մեծապէս փառաբանուեցաւ։

15, 16. Օրինակներ տուէք ցոյց տալու համար թէ խնդիրներ ըլլալով հանդերձ, քարոզչութիւնը յառաջդիմեց։

15 Առաջին դարուն Եհովա իր ժողովուրդը օրհնեց, անոնց աճում շնորհելով, հակառակ ժողովքէն ներս ու դուրս ծագած խնդիրներուն։ Օրինակ, Գործք Առաքելոց 6–րդ գլուխը կը նշէ թէ եբրայախօս ու յունախօս նորադարձներուն միջեւ տարակարծութիւն մը եղաւ։ Առաքեալները խնդիրը ձեռք առին։ Արդիւնքին մասին արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին»։—Գործք 6։7

16 Հետագային, Հրէաստանի Հերովդէս Ագրիպպաս Թագաւորին եւ Տիւրացիներուն ու Սիդոնացիներուն միջեւ քաղաքական լարուածութիւն զարգացաւ։ Անոնք փաղաքշական խօսքերով հաշտութիւն խնդրեցին, իսկ ասոր ընդառաջելով, Հերովդէս անոնց ճառախօսեց։ Հաւաքուած բազմութիւնը սկսաւ աղաղակել. «Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու»։ Իսկոյն Եհովայի հրեշտակը Հերովդէս Ագրիպպասը զարկաւ, եւ ան մեռաւ՝ «Աստուծոյ փառք չտալուն համար»։ (Գործք 12։20-23) Ասիկա որքա՜ն ցնցիչ էր անոնց համար, որոնք իրենց յոյսը մարդկային կառավարիչներու վրայ դրած էին։ (Սաղմոս 146։3, 4) Սակայն Քրիստոնեաները շարունակեցին Եհովան փառաւորել։ Հետեւաբար, «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու կը շատնար», ի հեճուկս քաղաքական անկայունութեան։—Գործք 12։24

Այն Ատեն եւ Ներկայիս

17. Առաջին դարուն, հետզհետէ աւելի անհատներ ի՞նչ ըրին։

17 Այո, առաջին դարու համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքը կազմուած էր նախանձախնդիր ու գործունեայ անհատներէ, որոնք Եհովա Աստուածը կը փառաբանէին։ Բոլոր հաւատարիմ Քրիստոնեաները բարի լուրը տարածելու մէջ բաժին բերին։ Ոմանք ընդառաջող անհատներու հանդիպեցան եւ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ, անոնց սորվեցուցին որ իր պատուիրած բոլոր բաներուն հնազանդին։ (Մատթէոս 28։19, 20) Արդիւնքը եղաւ որ ժողովքը աճեցաւ, եւ հետզհետէ աւելի անհատներ վաղեմի Դաւիթ Թագաւորին նման Եհովայի փառք տուին։ Բոլորն ալ այս ներշնչեալ խօսքերը երկրորդեցին. «Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։ Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս»։—Սաղմոս 86։12, 13

18. (ա) Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին եւ այժմու Քրիստոնեայ Աշխարհի միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն նկատուած է։ (բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նիւթ պիտի քննարկէ։

18 Ասոր ի տես, աստուածաբանութեան ուսուցչապետ Էլիսըն Ա. Թրայցի խօսքերը միտք կը գրգռեն։ Այժմու Քրիստոնեայ Աշխարհը առաջին դարու Քրիստոնէութեան հետ համեմատելով, ան ըսաւ. «Ներկայիս Եկեղեցիները սովորաբար յաւելում կ’ունենան կենսաբանական աճումով (երբ տեղական եկեղեցիի մը պատկանող ընտանիքին զաւակները անձնապէս հաւատքը դաւանին), կամ փոխադրական աճումով (երբ նորեկ մը իր անդամակցութիւնը ուրիշ տեղական եկեղեցիէ մը կը փոխադրէ)։ Սակայն Գործք Առաքելոցի մէջ, աճումը կրօնափոխական աճում էր, քանի որ եկեղեցին իր գործունէութիւնը նոր կը սկսէր»։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը այլեւս չ’աճիր Յիսուսի նշած կերպով։ Անշուշտ ոչ։ Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները հանրապէս Աստուած փառաբանելու մէջ ա՛յնքան նախանձախնդիր են, որքան առաջին դարու Քրիստոնեաները։ Ասիկա պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 14 Հայերէն «կղեր» եւ «կղերական» բառերը Յունարէն kleʹros բառէն ծագում առած են, որ հիմնականօրէն կը նշանակէ «ժառանգութիւն» կամ «վիճակ»։ Ա. Պետրոս 5։2, 3–ի մէջ, kleʹros բառը կիրարկուած է ամբողջ «Աստուծոյ հօտ»ին, քանի որ Աստուծոյ ժառանգութիւնն է։

Կրնա՞ք բացատրել

• Ի՞նչ կերպերով Աստուած կը փառաւորենք։

• Պօղոս Սաղմոս 19։4–ը ի՞նչպէս կիրարկեց։

• Հաւատքին ու քարոզչութեան միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կայ։

• Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մասին ի՞նչ բան ուշագրաւ էր։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18, 19]

Երկինքը շարունակ Եհովայի փառքին կը վկայէ

[Նկարին աղբիւրը]

Courtesy of Anglo-Australian Observatory, photograph by David Malin

[Նկարներ՝ էջ 20]

Քարոզչութիւնը եւ աղօթքը սերտօրէն յարակից են