Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը»

«Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը»

«Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը»

«Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 28։19

1, 2. (ա) Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ յանձնարարութիւն տուաւ։ (բ) Առաջին դարու Քրիստոնեաները ինչո՞ւ շատ բան կրցան իրագործել։

ԵՐԿԻՆՔ համբառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն յանձնարարութիւն մը տուաւ։ Ան անոնց ըսաւ. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ (Մատթէոս 28։19) Արդարեւ շշմեցուցիչ պարտականութիւն մը։

2 Պահ մը խորհեցէք։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, շուրջ 120 աշակերտներ սուրբ հոգին ստացան եւ սկսան այդ յանձնարարութիւնը կատարել, ուրիշներուն պատմելով թէ Յիսուս երկար ատենէ խոստացուած Մեսիան էր, որուն միջոցով կարելի է փրկութիւն ձեռք ձգել։ (Գործք 2։1-36) Այս խմբակը ի՞նչպէս պիտի կարենար «բոլոր ազգեր»ուն հասնիլ։ Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, ասիկա անկարելի բան մըն էր, բայց «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։ (Մատթէոս 19։26) Եհովայի սուրբ հոգին նախկին Քրիստոնեաներուն աջակցեցաւ, եւ անոնք ստիպողականութեան զգացում ունէին։ (Զաքարեայ 4։6. Բ. Տիմոթէոս 4։2) Ուստի, միայն մի քանի տասնամեակ ետք, Պօղոս առաքեալ կրցաւ ըսել թէ բարի լուրը կը ծանուցանուէր «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն»։—Կողոսացիս 1։23

3. Ի՞նչ բան մաքուր քրիստոնէական «ցորենը» շուքի մէջ ձգեց։

3 Գրեթէ ամբողջ առաջին դարու ընթացքին, ճշմարիտ պաշտամունքը շարունակեց տարածուիլ։ Սակայն Յիսուս մարգարէացած էր թէ Սատանան «որոմ» պիտի ցանէր եւ ճշմարիտ քրիստոնէական «ցորենը» բազմաթիւ դարեր շուքի մէջ պիտի ձգուէր մինչեւ հունձքի ժամանակ։ Առաքեալներուն մահէն ետք, այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ։—Մատթէոս 13։24-39

Ներկայիս Արագ Յաւելում

4, 5. 1919–էն սկսեալ, օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ գործ ստանձնեցին, եւ անիկա ինչո՞ւ մեծ մարտահրաւէր մըն էր։

4 1919–ին, ժամանակն էր որ մաքուր քրիստոնէական ցորենը որոմէն զատուէր։ Օծեալ Քրիստոնեաները գիտէին թէ Յիսուսի մեծ յանձնարարութիւնը տակաւին ի զօրու էր։ Անոնք հաստատօրէն կը հաւատային թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրէին եւ քաջատեղեակ էին Յիսուսի մարգարէութեան. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Մատթէոս 24։14) Այո, անոնք գիտէին թէ ընելիք շատ գործ կար։

5 Արդ, Հ.Դ. 33–ին ապրող աշակերտներուն նման, այս օծեալ Քրիստոնեաները մեծ մարտահրաւէր մը դիմագրաւեցին։ Անոնց թիւը քանի մը հազար էր, եւ միայն որոշ երկիրներու մէջ կը գտնուէին։ Անոնք ի՞նչպէս պիտի կարենային բարի լուրը «բովանդակ աշխարհի մէջ» քարոզել։ Մի մոռնաք որ երկրի բնակչութիւնը Կայսրերու ժամանակ շուրջ 300 միլիոն էր, իսկ Ա. Աշխարհամարտէն ետք՝ շուրջ 2 միլիառ։ Եւ Ի. դարուն տեւողութեան, անիկա պիտի շարունակէր արագօրէն աւելնալ։

6. Մինչեւ 1930–ական թուականները, բարի լուրի քարոզչութիւնը ի՞նչ յառաջդիմութիւն արձանագրեց։

6 Այսուհանդերձ, Եհովայի օծեալ ծառաները, առաջին դարու իրենց եղբայրներուն նման, նշանակուած գործին ձեռնարկեցին՝ Եհովայի հանդէպ լման հաւատք ունենալով, եւ իր հոգին անոնց հետ էր։ 1930–ական թուականներու կիսուն, շուրջ 56,000 աւետարանիչներ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ծանուցանած էին 115 երկիրներու մէջ։ Ճիշդ է որ մեծ աշխատանք տարուած էր, բայց տակաւին ընելիք շատ բան կար։

7. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ նոր մարտահրաւէր մը դիմագրաւեցին։ (բ) «Ուրիշ ոչխարներ»ու օգնութեամբ, հաւաքումի գործը ի՞նչ յառաջդիմութիւն արձանագրած է մինչեւ օրս։

7 Ապա, Յայտնութիւն 7։9–ի մէջ յիշուած «մեծ բազմութեան» ինքնութեան մասին աւելի խորունկ հասկացողութիւնը ներկայացուց նոր մարտահրաւէր մը, ինչպէս նաեւ այդ ծանր աշխատող Քրիստոնեաներուն օգնութիւն խոստացաւ։ «Ուրիշ ոչխարներ»ու անհամար բազմութիւն մը, երկրային յոյս ունեցող հաւատացեալներ, պիտի հաւաքուէին «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ (Յովհաննու 10։16) Անոնք ‘ցորեկ ու գիշեր Աստուծոյ պիտի ծառայէին’։ (Յայտնութիւն 7։15) Ասիկա կը նշանակէ թէ անոնք քարոզելու եւ ուսուցանելու գործին մէջ պիտի օգնէին։ (Եսայեայ 61։5) Հետեւաբար օծեալ Քրիստոնեաները հրճուեցան, երբ տեսան աւետարանիչներուն թիւը կը հասնի տասնեակ հազարաւորներու եւ ապա՝ միլիոններու։ 2003–ին, քարոզչութեան մասնակցեցաւ նոր գագաթ թիւ մը՝ 6,429,351, որոնց մեծամասնութիւնը մեծ բազմութենէն է։ * Օծեալ Քրիստոնեաները այս օգնութեան համար երախտապարտ են, իսկ ուրիշ ոչխարները իրենց օծեալ եղբայրներուն թիկունք կանգնելու առանձնաշնորհումին համար շնորհապարտ են։—Մատթէոս 25։34-40

8. Եհովայի Վկաները Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին տեղի ունեցած ահռելի ճնշումներուն ի՞նչպէս հակազդեցին։

8 Երբ ցորեն դասակարգը անգամ մը եւս բացայայտ դարձաւ, Սատանան անոնց դէմ սաստիկ պատերազմ մղեց։ (Յայտնութիւն 12։17) Ան ի՞նչպէս հակազդեց, երբ մեծ բազմութիւնը սկսաւ ի յայտ գալ։ Չափազանց վայրագութեամբ։ Անտարակոյս ի՛նք հրահրեց Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ճշմարիտ պաշտամունքին վրայ տեղի ունեցած համաշխարհային յարձակումը։ Պատերազմին երկու կողմերը, Քրիստոնեաները մեծ ճնշումի ենթարկուեցան։ Բազմաթիւ սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ահռելի փորձութիւններ կրեցին, ոմանք իրենց հաւատքին համար մեռնելով։ Այսուհանդերձ, անոնք սաղմոսերգուին խօսքերը երկրորդեցին. «Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը. Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել»։ (Սաղմոս 56։4. Մատթէոս 10։28) Օծեալ Քրիստոնեաները եւ ուրիշ ոչխարները, Եհովայի հոգիով զօրացած, միասնաբար հաստատ կեցան։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Որպէս արդիւնք, ‘Աստուծոյ խօսքը շարունակեց աճիլ’։ (Գործք 6։7) 1939–ին, երբ պատերազմը պայթեցաւ, 72,475 հաւատարիմ Քրիստոնեաներ տեղեկագրեցին քարոզչութեան մէջ իրենց բերած մասնակցութիւնը։ Սակայն, երբ պատերազմը վերջ գտաւ 1945–ին, այդ տարուան չամբողջացած տեղեկագրութիւնը երեւան հանեց թէ 156,299 գործունեայ Վկաներ բարի լուրը կը տարածէին։ Սատանայի համար ի՜նչ պարտութիւն մը։

9. Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ի՞նչ նոր դպրոցներու հաստատուիլը ծանուցանուեցաւ։

9 Բացորոշ է թէ Բ. Աշխարհամարտի քաոսը պատճառ չեղաւ որ Եհովայի ծառաները խորհին թէ քարոզչութեան գործը պիտի չամբողջացուի։ Արդարեւ 1943–ին, երբ պատերազմը իր զենիթին հասած էր, երկու նոր դպրոցներու հաստատուիլը ծանուցանուեցաւ։ Առաջինը, որ այժմ կը կոչուի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց, պիտի վարուէր բոլոր ժողովքներուն մէջ, իւրաքանչիւր Վկայ մարզելու համար որ քարոզէ ու աշակերտէ։ Միւսը՝ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը, միսիոնարներ մարզելու համար էր, որոնք օտար երկիրներու մէջ քարոզչութեան գործը պիտի զարգացնէին։ Այո, երբ պատերազմը վերջ գտաւ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները յաւելեալ գործունէութեան համար պատրաստ էին։

10. Եհովայի ժողովուրդին նախանձախնդրութիւնը ի՞նչպէս ցուցաբերուեցաւ 2003–ին։

10 Անոնք ի՜նչ հիանալի գործ մը կատարած են։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ մարզում ստանալով, բոլորն ալ,– պատանի թէ տարեց, ծնողներ ու երախաներ, նոյնիսկ անկարողներ,– բաժին բերած են եւ կը շարունակեն բաժին բերել Յիսուսի տուած մեծ յանձնարարութիւնը կատարելու մէջ։ (Սաղմոս 148։12, 13. Յովելեայ 2։28, 29) 2003–ին, իւրաքանչիւր ամիս միջին հաշուով 825,185 հոգի իրենց ստիպողականութեան զգացումը ցուցաբերեցին, ժամանակաւորապէս կամ կանոնաւորաբար ռահվիրայական ծառայութեան մասնակցելով։ Այդ նոյն տարին, Եհովայի Վկաները 1,234,796,477 ժամ տրամադրեցին, ուրիշներու խօսելու համար Թագաւորութեան բարի լուրին մասին։ Վստահաբար Եհովա կը հաճի իր ժողովուրդին ցուցաբերած նախանձախնդրութեան։

Օտար Դաշտերուն Մէջ

11, 12. Ո՞ր օրինակները կ’ապացուցանեն միսիոնարներուն շինած ընտիր արձանագրութիւնը։

11 Տարիներու ընթացքին, Գաղաադու շրջանաւարտները եւ վերջերս Ծառաներու Մարզումի Դպրոցի շրջանաւարտներ, սքանչելի արձանագրութիւն մը շինած են։ Օրինակ, Պրազիլի մէջ երբ 1945–ին առաջին միսիոնարները եկան, 400–է նուազ հրատարակիչներ կային։ Այս միսիոնարները եւ իրենցմէ ետք եկողները ծանր աշխատեցան նախանձախնդիր Պրազիլցի եղբայրներուն կողքին, եւ Եհովա անոնց ջանքերը մեծապէս օրհնեց։ Այդ նախկին օրերը յիշող ոեւէ անհատ որքա՜ն կը հրճուի տեսնելով թէ Պրազիլ 2003–ին տեղեկագրեց նոր գագաթ թիւ մը՝ 607,362։

12 Նկատի առէք Ճափոնը։ Բ. Աշխարհամարտէն առաջ, այդ երկրին մէջ շուրջ հարիւր հրատարակիչ կար։ Պատերազմի ընթացքին, անողորմ հալածանքը անոնց թիւը նուազեցուց, իսկ պատերազմի աւարտին, միայն քանի մը Վկաներ հոգեւորապէս ու ֆիզիքապէս ողջ էին։ (Առակաց 10։9) Այս սակաւաթիւ ուշագրաւ ուղղամտութիւն–պահողները վստահաբար ուրախացան 1949–ին, երբ Գաղաադու դպրոցին մէջ մարզուած առաջին 13 միսիոնարները դիմաւորեցին, իսկ միսիոնարները շուտով խանդաղատանք ցուցաբերեցին իրենց խանդավառ ու հիւրասէր Ճափոնցի եղբայրներուն հանդէպ։ Աւելի քան 50 տարի ետք, 2003–ին, Ճափոն տեղեկագրեց հրատարակիչներու գագաթ թիւ մը՝ 217,508։ Արդարեւ Եհովա առատապէս օրհնած է իր ժողովուրդը այդ երկրին մէջ։ Բազմաթիւ այլ երկիրներէ կան նման տեղեկագրութիւններ։ Օտար դաշտերու մէջ քարոզելու կարող եղողները իսկական նպաստ բերած են բարի լուրի տարածման մէջ, այնպէս որ 2003–ին անիկա լսուեցաւ աշխարհի չորս կողմը՝ 235 երկիրներու, կղզիներու եւ երկրամասերու մէջ։ Այո, մեծ բազմութիւնը «բոլոր ազգերէն» դուրս կու գայ։

«Բոլոր . . . Ցեղերէն եւ Ժողովուրդներէն ու Լեզուներէն»

13, 14. Եհովա ի՞նչ կերպով ցոյց տուաւ ‘բոլոր լեզուներով’ բարի լուրը քարոզելու արժէքը։

13 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին աշակերտները սուրբ հոգիով օծուելէն ետք տեղեկագրուած առաջին հրաշքն էր՝ լեզուներով խօսիլ հաւաքուած բազմութեան։ Իրենց մտիկ ընող բոլոր անհատները հաւանաբար կը խօսէին միջազգային լեզու մը, թերեւս՝ Յունարէն։ «Աստուածավախ մարդիկ» ըլլալով, հաւանաբար անոնք կարող էին նաեւ տաճարին մէջ Եբրայերէն լեզուով կատարուող ծառայութիւնները հասկնալու։ Բայց անոնք մղուեցան ականջ տալու, երբ բարի լուրը իրենց մայրենի լեզուով լսեցին։—Գործք 2։5, 7-12

14 Ներկայիս ալ քարոզչութեան գործին մէջ բազմաթիւ լեզուներ կը գործածուին։ Մարգարէացուած էր որ մեծ բազմութիւնը պիտի գար ո՛չ միայն ազգերէն, այլ նաեւ՝ «ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովա Զաքարիայի միջոցով մարգարէացաւ. «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ (Զաքարեայ 8։23) Թէեւ Եհովայի Վկաները լեզուներ խօսելու պարգեւը չունին, սակայն գիտեն անհատին մայրենի լեզուով ուսուցանելու արժէքը։

15, 16. Միսիոնարները եւ ուրիշներ ի՞նչպէս յանձն առած են տեղական լեզուներով քարոզելու մարտահրաւէրը։

15 Ճիշդ է որ ներկայիս համաշխարհային գործածութիւն ունեցող քիչ լեզուներ կան, ինչպէս՝ Անգլերէն, Սպաներէն եւ Ֆրանսերէն։ Սակայն, անոնք որ իրենց հայրենիքը ձգած են որպէսզի ուրիշ երկիրներու մէջ ծառայեն, կը ջանան տեղական լեզուները սորվիլ, բարի լուրը աւելի մատչելի դարձնելու համար անոնց որ ‘յաւիտենական կեանքի տրամադիր են’։ (Գործք 13։48, ՆԱ) Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Երբ Հարաւային Խաղաղականի Թուվալուի մէջ եղբայրները իրենց մայրենի լեզուով գրականութիւններու կարիքը ունեցան, միսիոնարներէն մէկը այս մարտահրաւէրը յանձն առաւ։ Որովհետեւ ոչ մէկ բառարան մատչելի էր, ան սկսաւ Թուվալույերէն լեզուով բառացանկ մը կազմել։ Ժամանակի ընթացքին, Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ * գիրքը Թուվալույերէն լեզուով հրատարակուեցաւ։ Երբ միսիոնարները Գուրասօ հասան, տեղական լեզուով՝ Փափիամէնթօ՝ ո՛չ սուրբ գրային գրականութիւններ կային, ո՛չ ալ՝ բառարաններ։ Այս լեզուն ի՛նչպէս գրուելուն շուրջ ալ մեծ տարակարծութիւն կար։ Այսուհանդերձ, առաջին միսիոնարներուն գալէն շուրջ երկու տարի ետք, այդ լեզուով քրիստոնէական առաջին թերթիկը հրատարակուեցաւ։ Ներկայիս, Փափիամէնթօ լեզուն այն 133 լեզուներէն մէկն է, որով Դիտարան–ը միաժամանակ կը հրատարակուի Անգլերէնի հետ։

16 Նամիպիայի մէջ տեղական Վկայ մը չկար որ առաջին միսիոնարներուն օգնէր թարգմանութեան գործին մէջ։ Ասկէ զատ, տեղական մէկ լեզուն՝ Նամա, մեր գրականութիւններուն մէջ սովորաբար գործածուած գաղափարները արտայայտելու համար բառեր չունէր, ինչպէս՝ «կատարեալ» բառը։ Միսիոնար մը կը տեղեկագրէ. «Թարգմանութեան համար գլխաւորաբար գործածեցի՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող ուսուցիչներ։ Որովհետեւ ճշմարտութեան մասին քիչ գիտութիւն ունէին, ստիպուեցայ անոնց հետ նստիլ, որպէսզի վստահ ըլլամ թէ իւրաքանչիւր նախադասութիւն ճշգրիտ է»։ Այսուհանդերձ, Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկը ի վերջոյ թարգմանուեցաւ Նամիպիայի մէջ գործածուած չորս լեզուներով։ Ներկայիս, Դիտարան–ը կանոնաւորաբար կը հրատարակուի Քուանիամա եւ Նտոնկա լեզուներով։

17, 18. Մեքսիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ, ի՞նչ մարտահրաւէրներ ձեռք կ’առնուին։

17 Մեքսիկայի մէջ Սպաներէնը գլխաւոր լեզուն է։ Սակայն Սպանիացիները չեկած, հոն բազմաթիւ լեզուներ կը խօսուէին, եւ ոմանք տակաւին կենդանի լեզուներ են։ Հետեւաբար, Եհովայի Վկաներու գրականութիւնները այժմ կը հրատարակուին մեքսիկական եօթը լեզուներով, ինչպէս նաեւ՝ Մեքսիկական Համրերու Լեզուով։ Ամերիկեան Հնդիկներու լեզուով կանոնաւորաբար լոյս տեսնող առաջին գրականութիւնն էր՝ Մայա լեզուով Թագաւորութեան Ծառայութիւն–ը։ Արդարեւ Մեքսիկայի մէջ ծառայող 572,530 հրատարակիչներուն մէջ կը գտնուին հազարաւոր անհատներ, որոնք կը պատկանին Մայա, Ազթէգ եւ այլ ցեղերու։

18 Վերջերս, միլիոնաւորներ իրենց երկրէն փախչելով օտար երկիրներ ապաստանած են, կամ՝ տնտեսական պատճառներով գաղթած են։ Որպէս արդիւնք, բազմաթիւ երկիրներ առաջին անգամ ըլլալով օտարախօս՝ մեծ դաշտեր ունին։ Եհովայի Վկաները այս մարտահրաւէրը յանձն առած են։ Օրինակ, Իտալիայի մէջ, Իտալերէնի կողքին, 22 լեզուներով ժողովքներ ու խումբեր կան։ Եղբայրներուն օգնելու համար որ օտար լեզուներ խօսող անհատներու քարոզեն, վերջերս դասընթացքներ կազմակերպուեցան՝ 16 լեզուներ սորվեցնելու համար, ի ներառեալ՝ Իտալական Համրերու Լեզուն։ Շատ մը այլ երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները նոյնանման ջանքեր կը թափեն, մեծ թիւով գաղթականներու հասնելու համար։ Այո, Եհովայի օգնութեամբ, մեծ բազմութիւնը արդարեւ բազմաթիւ լեզուական խումբերէ դուրս կու գայ։

«Բոլոր Երկիր»

19, 20. Պօղոսի ո՞ր խօսքերը ներկայիս ուշագրաւօրէն կը կատարուին։ Բացատրեցէք։

19 Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Միթէ չլսեցի՞ն. մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։ (Հռովմայեցիս 10։18) Եթէ ասիկա էր պարագան առաջին դարուն, որքա՛ն աւելի՝ մեր օրերուն։ Միլիոնաւորներ,– հաւանաբար ամբողջ պատմութեան մէջ աննախընթաց թիւ մը,– կ’ըսեն. «Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ»։—Սաղմոս 34։1

20 Ասկէ զատ, քարոզչութեան գործը չէ դանդաղած։ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը կը շարունակէ աւելնալ։ Երթալով աւելի ժամանակ կը տրամադրուի քարոզչութեան։ Միլիոնաւոր վերայցելութիւններ կը տրուին եւ հարիւր հազարաւոր ուսումնասիրութիւններ կը վարուին։ Իսկ նորեկներ կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։ Անցեալ տարի, Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ նոր գագաթ թիւ մը՝ 16,097,622։ Բացորոշ է թէ տակաւին ընելիք շատ բան կայ։ Դառն հալածանքի տոկացող մեր եղբայրներուն հաստատ ուղղամտութիւնը շարունակենք ընդօրինակել։ 1919–էն ի վեր իրենք զիրենք Եհովայի ծառայութեան տրամադրող մեր բոլոր եղբայրներուն նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերենք։ Բոլորս շարունակենք սաղմոսերգուին կրկներգին ընդառաջել. «Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜»։—Սաղմոս 150։6

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Տես տարեկան տեղեկագրութիւնը, էջ 28-31։

^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ք բացատրել

• 1919–ին եղբայրները ի՞նչ գործի ձեռնարկեցին, եւ անիկա ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն էր։

• Քարոզչութեան գործին թիկունք կանգնելու համար որո՞նք հաւաքուեցան։

• Օտար երկիրներու մէջ ծառայող միսիոնարները եւ ուրիշներ, ի՞նչ արձանագրութիւն շինած են։

• Ի՞նչ ապացոյց կրնաք մէջբերել, ցոյց տալու համար թէ ներկայիս Եհովա կ’օրհնէ իր ժողովուրդին գործունէութիւնը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 28-31]

2003–Ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(Տե՛ս կազմուած հատորը)

[Նկարներ՝ էջ 24, 25]

Բ. Աշխարհամարտի քաոսը պատճառ չեղաւ որ Քրիստոնեաները խորհին թէ բարի լուրը պիտի չքարոզուի

[Նկարին աղբիւրը]

Explosion։ U.S. Navy photo; others։ U.S. Coast Guard Photo

[Նկարներ՝ էջ 26, 27]

Մեծ բազմութիւնը բոլոր ցեղերէն ու լեզուներէն պիտի գար