Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի օրուան համար պատրաստ կեցէք

Եհովայի օրուան համար պատրաստ կեցէք

Եհովայի օրուան համար պատրաստ կեցէք

«Դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։44

1. Ինչո՞ւ Եհովայի օրուան ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

ԵՀՈՎԱՅԻ «մեծ ու ահեղ օրը» պատերազմի ու սաստիկ բարկութեան, տառապանքի ու նեղութեան, խաւարի ու կործանումի օր պիտի ըլլայ։ Անիկա իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վրայ անպայման պիտի գայ, ճիշդ ինչպէս որ Ջրհեղեղը Նոյի օրուան ամբարիշտ աշխարհը բնաջնջեց։ Անկէ խուսափիլը անկարելի է։ Սակայն, «ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի»։ (Յովելեայ 2։30-32. Ամովսայ 5։18-20) Աստուած իր թշնամիները պիտի կործանէ եւ իր ժողովուրդը ազատէ։ Սոփոնիա մարգարէն ստիպողականութեան զգացումով կը յայտարարէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ (Սոփոնեայ 1։14) Բայց այս աստուածային դատաստանը ե՞րբ պիտի գործադրուի։

2, 3. Ինչո՞ւ կենսական է որ Եհովայի օրուան համար պատրաստուինք։

2 Յիսուս ըսաւ. «Ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը»։ (Մատթէոս 24։36, Անթիլիաս) Որովհետեւ ճիշդ ժամանակը չենք գիտեր, կենսական է որ անսանք 2004–ի մեր տարուան համարին խօսքերուն. «Արթուն կեցէք . . . պատրաստ կեցէք»։—Մատթէոս 24։42, 44

3 Ցոյց տալով թէ յանկարծ՝ պատրաստ եղողները ապահովութեան համար պիտի հաւաքուին եւ միւսները պիտի լքուին, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի»։ (Մատթէոս 24։40, 41) Այդ ճակատագրական հանգրուանին, մեր վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Պատրաստ պիտի ըլլա՞նք, թէ ոչ այդ օրը մեզ անակնկալի պիտի բերէ։ Շատ բան կախեալ է թէ հիմա ի՛նչ կ’ընենք։ Եհովայի օրուան համար պատրաստ ըլլալը կը պահանջէ որ ներկայիս տիրական եղող կեցուածքէ մը խուսափինք, հոգեւոր որոշ վիճակի մը մէջ չիյնանք, եւ կարգ մը ապրելակերպեր մերժենք։

Ինքնագոհ Կեցուածքէ Խուսափեցէք

4. Նոյի օրուան մարդիկը ի՞նչ կեցուածք ունէին։

4 Նկատի առէք Նոյի օրերը։ «Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Եբրայեցիս 11։7) Տապանը արտասովոր էր ու աչքի կը զարնէր։ Ասկէ զատ, Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» էր։ (Բ. Պետրոս 2։5) Ո՛չ Նոյի շինարարական ծրագիրը, ո՛չ ալ իր քարոզչութիւնը մարդիկը մղեցին որ իրենց ընթացքը փոխեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք «կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային»։ Նոյի քարոզած անհատները ա՛յնքան տարուած էին անձնական զբաղումներով ու հաճոյքներով, որ «չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։—Մատթէոս 24։38, 39

5. Ղովտի օրերուն Սոդոմի բնակիչները ի՞նչ վերաբերմունք ունէին։

5 Նոյնն էր պարագան Ղովտի օրերուն։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն. «Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց»։ (Ղուկաս 17։28, 29) Հրեշտակները վերահաս կործանումին նկատմամբ Ղովտը ազդարարելէ ետք, ան իր փեսաներուն խօսեցաւ ըլլալիք բաներուն մասին։ Սակայն անոնց աչքին, ան «ծաղրելի մէկը երեւցաւ»։—Ծննդոց 19։14

6. Ի՞նչ կեցուածքէ պէտք է խուսափինք։

6 Յիսուս ըսաւ թէ ինչպէս էր պարագան Նոյի ու Ղովտի օրերուն, «Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։39. Ղուկաս 17։30) Արդարեւ, ներկայիս ինքնագոհ ըլլալու կեցուածքը տիրական է։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք որ այս տեսակէտէն չազդուինք։ Չափաւորութեամբ համեղ ուտելիքներ ուտելը եւ ոգելից ըմպելիներ գործածելը սխալ չէ։ Նմանապէս, ամուսնութիւնը Աստուծոյ մէկ կարգադրութիւնն է։ Սակայն, եթէ ասոնք մեր կեանքի ամենէն կարեւոր բաները դարձած են եւ հոգեւոր շահերը մէկ կողմ քշուած են, կրնա՞նք ըսել թէ Եհովայի ահեղ օրուան համար անձնապէս պատրաստ ենք։

7. Ասպարէզի մը ձեռք զարնելէ առաջ, ո՞ր կենսական հարցումը պէտք է հարցնենք, եւ ինչո՛ւ։

7 «Որոշումի [«մնացած», ՆԱ] ժամանակը կարճցած է», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ «Ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29-31) Թագաւորութեան քարոզչութեան մեր աստուածատուր գործը լրացնելու համար, այժմ միայն սահմանափակ ժամանակ ունինք։ (Մատթէոս 24։14) Պօղոս նոյնիսկ ամոլները յորդորեց որ իրենց կողակիցով ա՛յնքան չտարուին, որ Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ երկրորդական տեղ մը գրաւեն։ Բացորոշ է թէ Պօղոսի յանձնարարած մտավիճակը ինքնագոհութեան հակառակն է։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ (Մատթէոս 6։33) Երբ որոշում մը պիտի կայացնենք կամ ասպարէզի մը ձեռք չզարկած, սա շատ կարեւոր հարցումը պէտք է հարցնենք. ‘Ասիկա ի՞նչպէս պիտի ազդէ Թագաւորութեան շահերը կեանքիս մէջ առաջին տեղը պահելուս’։

8. Եթէ կեանքի առօրեայ գործունէութիւններով չափազանց զբաղած ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

8 Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ անդրադառնանք որ արդէն իսկ կեանքի առօրեայ գործունէութիւններով ա՛յնքան զբաղած ենք, որ հոգեւոր շահերը կ’անտեսենք։ Արդեօք մեր ապրելակերպին եւ մեր դրացիներուն ապրելակերպին միջեւ, որոնք Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը չունին ու Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ չեն, չնչի՞ն տարբերութիւն կայ։ Եթէ այս է պարագան, հարցին շուրջ աղօթենք։ Եհովա կրնայ մեզ կարող դարձնել որ շիտակ մտավիճակը ունենանք։ (Հռովմայեցիս 15։5. Փիլիպպեցիս 3։15) ԱՆ կրնայ մեզի օգնել որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը պահենք, շիտակը ընենք եւ իրեն հանդէպ մեր պարտաւորութիւնը կատարենք։—Հռովմայեցիս 12։2. Բ. Կորնթացիս 13։7

Հոգեւոր Քնէութեան Դէմ Դրէք

9. Յայտնութիւն 16։14-16–ի համաձայն, ինչո՞ւ կարեւոր է որ հոգեւոր քնէութեան դէմ դնենք։

9 Մօտալուտ Արմագեդոնին՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» մասին խօսող մարգարէութիւնը, նաեւ կը զգուշացնէ թէ ոմանք կրնան արթուն չկենալ։ «Ահա գողի պէս կու գամ», կ’ըսէ Տէր Յիսուս Քրիստոս։ «Երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ»։ (Յայտնութիւն 16։14-16) Հոս յիշուած հանդերձները կ’ակնարկեն այն բանին որ մեզ կը բնորոշէ որպէս Եհովայի Քրիստոնեայ Վկաներ։ Ասիկա կը պարփակէ մեր գործը իբր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ եւ մեր քրիստոնէական վարքը։ Եթէ անգործունեայ վիճակի մէջ իյնանք, որ քունի կը նմանի, կրնանք մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը կորսնցնել։ Ասիկա ամօթալի եւ վտանգաւոր բան մըն է։ Պէտք է խուսափինք հոգեւոր քնէութեան կամ թմրածութեան վիճակ մը ունենալէ։ Ի՞նչպէս կրնանք այս հակումին դէմ դնել։

10. Աստուածաշունչի ամէնօրեայ ընթերցանութիւնը ինչո՞ւ մեզի կ’օգնէ որ հոգեւորապէս արթուն մնանք։

10 Աստուածաշունչը կրկին անգամ կը շեշտէ արթուն կենալու եւ զգաստ ըլլալու կարիքը։ Օրինակ՝ Աւետարանները մեզի կը յիշեցնեն. «Արթուն կեցէք» (Մատթէոս 24։42. 25։13. Մարկոս 13։35, 37), «պատրաստ կեցէք» (Մատթէոս 24։44), «զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք» (Մարկոս 13։33), «պատրաստ կեցէք» (Ղուկաս 12։40)։ Եհովայի օրը այս աշխարհին վրայ անակնկալօրէն գալուն մասին խօսելէ ետք, Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները կը յորդորէ. «Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6) Աստուածաշունչի վերջին գիրքին մէջ, փառաւորեալ Քրիստոս Յիսուս իր գալուստին յանկարծակի ըլլալը կը շեշտէ, ըսելով. «Ահա ես շուտով կու գամ»։ (Յայտնութիւն 3։11. 22։7, 12, 20) Եբրայեցի մարգարէներէն շատեր ալ Եհովայի դատաստանի մեծ օրը նկարագրեցին եւ անոր նկատմամբ ազդարարեցին։ (Եսայեայ 2։12, 17. Երեմեայ 30։7. Յովելեայ 2։11. Սոփոնեայ 3։8) Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ամէն օր կարդալը եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալը, մեծապէս պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս արթուն մնանք։

11. Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը ինչո՞ւ էական է հոգեւոր արթնութեան համար։

11 Այո, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած աստուածաշնչական գրականութիւններուն գործածութեամբ՝ Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը, մեր հոգեւոր արթնութեան մեծապէս կը նպաստէ։ (Մատթէոս 24։45-47) Սակայն անձնական ուսումնասիրութիւնը օգուտներ բերելու համար, յառաջդիմական ու կանոնաւոր պէտք է ըլլայ։ (Եբրայեցիս 5։14–6։3) Հոգեւոր ամուր կերակուր կանոնաւորաբար պէտք է առնենք։ Այս օրերուս անոր համար ժամանակ գտնելը մարտահրաւէր մը կրնայ ըլլալ։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Այսուհանդերձ, բաւարար չէ Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւնները կարդալ միայն երբ յարմարութիւնը ունինք։ Եթէ կ’ուզենք ‘առողջ մնալ հաւատքին մէջ’ եւ շարունակել արթուն կենալ, կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութիւնը էական է։—Տիտոս 1։13, Երուսաղէմ

12. Քրիստոնէական ժողովներն ու համաժողովները ի՞նչպէս կ’օգնեն մեզի որ հոգեւոր քնէութեան դէմ պայքարինք։

12 Քրիստոնէական ժողովներն ու համաժողովներն ալ մեզի կ’օգնեն հոգեւոր քնէութեան դէմ պայքարելու։ Ի՞նչպէս։ Մեր ստացած ցուցմունքներուն միջոցով։ Այս հանդիպումներուն մեզի կանոնաւորաբար վերյիշեցում կը տրուի թէ Եհովայի օրը մօտ է։ Քրիստոնէական շաբաթական ժողովներն ալ «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելու» պատեհութիւններ կը հայթայթեն։ Այս խթանումը հոգեւոր արթնութեան կը սատարէ։ Զարմանալի չէ որ մեզի պատուէր տրուած է որ կանոնաւորաբար ժողվուինք, մինչ ‘այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’։—Եբրայեցիս 10։24, 25

13. Քրիստոնէական ծառայութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի հոգեւորապէս արթուն մնալու։

13 Քրիստոնէական ծառայութեան ամբողջ սիրտով մասնակցիլն ալ մեզի կ’օգնէ որ արթուն մնանք։ Ժամանակներուն նշանները եւ անոնց իմաստը մեր միտքին մէջ թարմ պահելու համար, անոնց մասին ուրիշներուն խօսիլը լաւագոյն միջոցն է։ Իսկ տեսնելով Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն յառաջդիմութիւնը եւ թէ ինչպէս իրենց սորվածները կը կիրարկեն, մեր ստիպողականութեան զգացումը աւելի կը սրի։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Գօտեպնդեցէ՛ք ձեր միտքին մէջքը, զգա՛ստ եղէք»։ (Ա. Պետրոս 1։13, ԱՎ) ‘Ամէն ատեն Տէրոջ գործին մէջ յառաջդիմելը’, հոգեւոր թմրութեան համար ընտիր դարման մըն է։—Ա. Կորնթացիս 15։58, ԱՎ

Հոգեւորապէս Վնասակար Ապրելակերպերը Մերժեցէք

14. Ինչպէս Ղուկաս 21։34-36–ի մէջ նկարագրուած է, Յիսուս ի՞նչ ապրելակերպերէ զգուշացուց։

14 Իր ներկայութեան նշանին մասին իր յատկանշական մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ուրիշ ազդարարութիւն մըն ալ տուաւ։ Ան ըսաւ. «Ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի, որպէսզի ձեր սիրտերը չծանրանան կերուխումով, արբեցութեամբ եւ այս կեանքին հոգերով, ու այդ օրը անակնկալօրէն չհասնի ձեր վրայ. որովհետեւ վարմի մը պէս պիտի հասնի ամբողջ երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ։ Ուրեմն հսկեցէ՛ք եւ ամէ՛ն ատեն աղերսեցէք, որպէսզի արժանանաք զերծ մնալու այս բոլորէն՝ որոնք պիտի ըլլան, ու կայնելու մարդու Որդիին առջեւ»։ (Ղուկաս 21։34-36, ԱՎ) Յիսուս ճշգրտօրէն նկարագրեց ընդհանուր մարդոց հետապնդած ապրելակերպերը. շատակերութիւն, արբեցութիւն եւ հոգեր պատճառող կենցաղ։

15. Ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք շատակերութենէն ու չափազանց խմելէն։

15 Շատակերութիւնը եւ չափազանց խմելը Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ չեն, եւ անոնցմէ պէտք է խուսափինք։ «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն, ո՛չ ալ որկրամոլութեամբ միս ուտողներուն», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Առակաց 23։20, ԱՎ) Սակայն ուտելն ու խմելը առանց այդ մակարդակին հասնելու, կրնան վտանգաւոր ըլլալ, անհատը քնատ եւ ծոյլ դարձնելով։ «Ծոյլին հոգին կը ցանկայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչի առակ մը, «ու բան մը չունի»։ (Առակաց 13։4) Այսպիսի անհատ մը թերեւս փափաքի Աստուծոյ կամքը ընել, բայց իր փափաքը չի կատարուիր, անփութութեան պատճառով։

16. Ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ ընտանեկան հոգերուն ներքեւ կքելէ։

16 Յիսուս կեանքի ո՞ր հոգերէն զգուշացուց։ Անոնք կը պարփակեն անձնական մտահոգութիւններ, ընտանիքին ապրուստը ճարել, եւ նման բաներ։ Որքա՜ն անխոհեմութիւն է թոյլ տալ որ ասոնք մեզ կքեն։ Յիսուս հարցուց. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել»։ Ան իր ունկնդիրները յորդորեց. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են»։ Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելը եւ վստահութիւն ունենալը թէ Եհովա մեզի հոգ պիտի տանի, մեզի պիտի օգնեն որ հոգերը հակակշռի տակ առնենք ու արթուն մնանք։—Մատթէոս 6։25-34

17. Նիւթապաշտական հետապնդումները ի՞նչպէս կրնան հոգեր պատճառել։

17 Նիւթապաշտական հետապնդումներն ալ հոգեր կրնան պատճառել։ Օրինակ, ոմանք իրենց կեանքը կը բարդացնեն, իրենց ունեցած միջոցներուն համաձայն չապրելով։ Ուրիշներ հրապուրուած են արագօրէն հարստանալու ծրագիրներով ու դրամական վտանգաւոր ներդրումներով։ Իսկ ոմանց համար, դրամական գետնի վրայ յաջողութեան ձեռք ձգելու նպատակով աշխարհիկ ուսում ստանալը որոգայթ մը կը դառնայ։ Ճիշդ է որ գործ մը ճարելու համար որոշ չափով ուսում ունենալը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Սակայն իրողութիւնը այն է թէ բարձր ուսում ստանալու ընթացքին, որ ժամանակ սպառող հետապնդում մըն է, ոմանք իրենց հոգեւորականութեան վնաս հասցուցած են։ Ասիկա ի՜նչ վտանգաւոր վիճակ մըն է, մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9

18. Նիւթապաշտական կենցաղով չհրապուրուելու համար, ի՞նչ կարողութիւն պէտք է մշակենք։

18 Նիւթապաշտական կենցաղով չհրապուրուելու համար, էական է որ մշակենք շիտակը ու սխալը զատորոշելու կարողութիւնը, երբ որոշումներ կը կայացնենք։ Այս կարողութիւնը կը մշակուի կանոնաւորաբար սնուցանուելով այն ‘հաստատուն կերակուրով որ չափահասներուն համար է’ եւ ‘մեր զգայարանքները սովորութեամբ վարժեցնելով’։ (Եբրայեցիս 5։13, 14) Նախապատուութիւններ դնելու ատեն «աւելի կարեւոր բաներ»ուն ուշադրութիւն ընծայելն ալ մեզ ետ պիտի պահէ սխալ ընտրութիւններ ընելէ։—Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ

19. Եթէ անդրադառնանք որ հոգեւոր հետապնդումներուն համար շատ քիչ ժամանակ ունինք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

19 Նիւթապաշտական կենցաղը կրնայ մեզ կուրցնել, հոգեւոր հետապնդումներուն համար շատ քիչ ժամանակ ձգելով։ Ի՞նչպէս կրնանք մեր անձերը քննել եւ խուսափիլ այսպիսի կենցաղի մը ծուղակը իյնալէ։ Աղօթքով պէտք է նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս եւ ո՛ր տարողութեամբ կրնանք մեր կեանքը պարզեցնել։ Սողոմոն Թագաւոր ըսաւ. «Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ, բայց հարուստին կուշտ ըլլալը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ»։ (Ժողովողի 5։12) Անհրաժեշտ չեղող նիւթական ստացուածքներու հոգ տանիլը մեր ժամանակն ու կորովը չափազանց կը սպառէ՞։ Ո՛րքան աւելի ստացուածքներ ունենանք, ա՛յնքան աւելի ժամանակ ու դրամ պիտի տրամադրենք հոգ տանելու, ապահովագրելու ու պաշտպանելու համար։ Կարգ մը ստացուածքներէ ձերբազատուելով մեր կեանքը պարզեցնելը կրնայ որոշ օգուտներ բերել։

Ամէն Գնով՝ Պատրաստ Կեցէք

20, 21. (ա) Պետրոս առաքեալ Եհովայի օրուան նկատմամբ ի՞նչ երաշխիք կու տայ։ (բ) Ի՞նչպիսի արարքներ պէտք է շարունակենք կատարել, մինչ Եհովայի օրուան համար պատրաստ կը կենանք։

20 Նոյի օրուան աշխարհին համար ժամանակը վերջ գտաւ, եւ իրերու ներկայ դրութեան համար ալ ժամանակը վերջ պիտի գտնէ։ Պետրոս առաքեալ մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրոջ օրը պիտի գայ գողի պէս։ Այդ ատեն երկինքը պիտի անցնի շառաչիւնով, տարրերը բռնկելով պիտի անջատուին, իսկ երկիրը եւ անոր մէջ եղող գործերը պիտի այրուին»։ Ո՛չ այլաբանական երկինքը,– ամբարիշտ կառավարութիւնները,– ո՛չ ալ այլաբանական երկիրը,– Աստուծմէ օտարացած մարդկութիւնը,– պիտի վերապրին Աստուծոյ սաստիկ բարկութեան տաքութենէն։ Ցոյց տալով թէ այդ օրուան համար ի՛նչպէս կրնանք պատրաստ կենալ, Պետրոս կ’ըսէ. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ինչպիսի՞ մարդիկ պէտք է ըլլաք՝ սուրբ վարքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով եւ փութալով Աստուծոյ օրուան գալուստին»։—Բ. Պետրոս 3։10-12

21 Կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը եւ բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցիլը, բարեպաշտ արարքներուն մաս կը կազմեն։ Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ նուիրումով կատարենք զանոնք, մինչ համբերութեամբ Եհովայի մեծ օրուան կը սպասենք։ ‘Ջանանք որ Աստուած գտնէ մեզ խաղաղութեան մէջ, անբիծ եւ անարատ’։—Բ. Պետրոս 3։14

Կը յիշէ՞ք

• Ինչո՞ւ Եհովայի օրուան համար պատրաստ պէտք է կենանք։

• Եթէ կեանքի առօրեայ գործունէութիւններով չափազանց զբաղած ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։

• Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ հոգեւոր քնէութեան դէմ դնելու։

• Ի՞նչ վնասակար ապրելակերպեր պէտք է մերժենք, եւ ի՛նչպէս։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 14, 15]

Նոյի օրուան մարդիկը մօտալուտ դատաստանին ուշադրութիւն չընծայեցին. դուք ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞ք