Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Ա. մաս

«ԾՆՆԴՈՑ» բառը կը նշանակէ «ծագում», կամ «ծնունդ»։ Ասիկա յարմար անուն մըն է գիրքի մը, որ կը պատմէ թէ տիեզերքը ի՛նչպէս գոյացաւ, երկրագունդը ի՛նչպէս պատրաստուեցաւ մարդկային բնակութեան համար, եւ մարդը ի՛նչպէս սկսաւ անոր վրայ ապրիլ։ Մովսէս այս գիրքը գրեց Սինա անապատին մէջ, զայն ամբողջացնելով հաւանաբար Հ.Դ.Ա. 1513–ին։

Ծննդոց գիրքը մեզի կը պատմէ նախա–Ջրհեղեղեան աշխարհին մասին, թէ յետ–Ջրհեղեղեան շրջանին ի՛նչ պատահեցաւ եւ Եհովա ի՛նչպէս վարուեցաւ Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի եւ Յովսէփի հետ։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ Ծննդոց 1։1–11։9, հիմնականօրէն մինչեւ այն ժամանակը, երբ Եհովա սկսաւ Աբրահամ նահապետին հետ գործառնութիւն ունենալ։

ՆԱԽԱ–ՋՐՀԵՂԵՂԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

(Ծննդոց 1։1–7։24)

Ծննդոց գիրքին բացման խօսքը՝ «սկիզբէն», կը նշէ միլիառաւոր տարիներ առաջ։ Ստեղծագործական վեց «օր»երուն, կամ՝ մասնայատուկ ստեղծագործութիւններու ժամանակաշրջաններուն, իրադարձութիւնները նկարագրուած են այնպէս ինչպէս որ մարդ մը պիտի տեսնէր եթէ այդ ատեն երկրի վրայ գտնուէր։ Վեցերորդ օրուան վերջաւորութեան, Աստուած մարդը ստեղծեց։ Թէեւ մարդուն անհնազանդութեան պատճառով շուտով Դրախտը կը կորսուի, սակայն Եհովա յոյս կու տայ։ Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը կը խօսի «սերունդ»ի մը մասին, որ մեղքին հետեւանքները պիտի չէզոքացնէ ու Սատանայի գլուխը պիտի ջախջախէ։

Յաջորդ 16 դարերու ընթացքին, Սատանայ կը յաջողի Աստուծմէ հեռացնել բոլոր մարդկութիւնը, բացի քանի մը հաւատարիմներէ, ինչպէս՝ Աբէլ, Ենովք եւ Նոյ։ Օրինակ, Կայէն կը սպաննէ իր արդար եղբայրը՝ Աբէլ։ «Սկսան Տէրոջը անունը կանչել», ակներեւաբար անարգական կերպով։ Այդ օրուան վայրագ հոգին արտացոլացնելով, Ղամէք բանաստեղծութիւն մը կը յօրինէ, նշելով թէ ի՛նչպէս երիտասարդ մը սպաննեց, ենթադրաբար ինքնապաշտպանութեան համար։ Վիճակները կը վատթարանան, երբ Աստուծոյ անհնազանդ հրեշտակային որդիները կիներու հետ կ’ամուսնանան ու վայրագ հսկաներ կը ծնանին։ Սակայն հաւատարիմ Նոյ տապանը կը շինէ, խիզախօրէն ուրիշները կ’ազդարարէ մօտալուտ Ջրհեղեղին նկատմամբ, եւ իր ընտանիքին հետ այդ կործանումէն կը վերապրի։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

1։16—Աստուած ի՞նչպէս կրնար առաջին օրը լոյս մէջտեղ բերել, երբ լուսաւորները չորրորդ օրը ըրաւ։ 16-րդ համարին մէջ «ըրաւ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը, Ծննդոց 1։1, 21, 27–ի մէջ «ստեղծեց» թարգմանուած բառէն տարբեր է։ Լուսաւորներ պարունակող «երկինք»ը ստեղծուեցաւ նոյնիսկ «առաջին օրը» սկսելէն շա՜տ առաջ։ Բայց անոնց լոյսը երկրագունդին մակերեսը չէր հասներ։ Առաջին օրը «լոյս եղաւ», քանի որ սփռուած լոյսը ամպերը ներթափանցեց ու երկրի վրայ տեսանելի դարձաւ։ Ուստի թաւալող երկիրը սկսաւ ցերեկ ու գիշեր ունենալ։ (Ծննդոց 1։1-3, 5) Այդ լոյսին աղբիւրները տակաւին անտեսանելի մնացին երկրէն։ Սակայն ստեղծագործական չորրորդ ժամանակաշրջանին, աչքառու փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արեւը, լուսինը եւ աստղերը սկսան ‘երկրի վրայ լոյս տալ’։ (Ծննդոց 1։17) ‘Աստուած զանոնք ըրաւ’ այն իմաստով որ այլեւս կարելի էր զանոնք տեսնել երկրէն։

3։8—Եհովա Աստուած Ադամի հետ ուղղակի՞ խօսեցաւ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ յաճախ հրեշտակի մը միջոցաւ էր որ Աստուած մարդոց հետ կը խօսէր։ (Ծննդոց 16։7-11. 18։1-3, 22-26. 19։1. Դատաւորաց 2։1-4. 6։11-16, 22. 13։15-22) Աստուծոյ գլխաւոր խօսնակը իր միածին Որդին էր, որ «Բանը» կը կոչուի։ (Յովհաննու 1։1) Շատ հաւանաբար Աստուած «Բան»ին միջոցով Ադամի ու Եւայի հետ խօսեցաւ։—Ծննդոց 1։26-28. 2։16. 3։8-13

3։17—Երկիրը ի՞նչ կերպով անիծուեցաւ, եւ ո՞րքան ատեն։ Երկրին անէծքը նշանակեց թէ այժմ զայն մշակելը շատ դժուար պիտի ըլլար։ Ադամի սերունդը անիծեալ երկրին ազդեցութիւնները, անոր փուշով ու տատասկով, ա՛յնքան խոր կերպով զգաց, որ Նոյի հայրը՝ Ղամէք, խօսեցաւ ‘իրենց ձեռքերուն ցաւին մասին, որ Տէրոջ անիծած գետինին պատճառով կը կրեն’։ (Ծննդոց 5։29, ԱՎ) Ջրհեղեղէն ետք, Եհովա Նոյն ու իր որդիները օրհնեց, յայտնելով Իր նպատակը որ անոնք երկիրը լեցնեն։ (Ծննդոց 9։1) Ըստ երեւոյթին, Աստուած իր դրած անէծքը վերցուց։—Ծննդոց 13։10

4։15—Եհովա ի՞նչպէս «նշան մը դրաւ Կայէնին»։ Աստուածաշունչի Եբրայերէն բնագիրը չ’ըսեր թէ Կայէնի մարմնին վրայ որեւէ ձեւով նշան մը դրուեցաւ։ Հաւանաբար նշանը աստուածային վճիռ մըն էր, որ ուրիշներ գիտէին ու անոր կը հետեւէին, եւ որուն նպատակն էր թոյլ չտալ որ Կայէնէն վրէժ առնուի։

4։17—Կայէն իր կինը ուրկէ՞ առաւ։ Ադամ «տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ»։ (Ծննդոց 5։4) Ուստի Կայէն իր քոյրերէն կամ թերեւս զարմուհիներէն մէկուն հետ ամուսնացաւ։ Հետագային, Իսրայելացիներուն տուած Աստուծոյ Օրէնքը չարտօնեց մարմնաւոր եղբօր ու քրոջ ամուսնութիւնը։—Ղեւտացւոց 18։9

5։24—Աստուած ի՞նչ կերպով ‘առաւ Ենովքը’։ Ըստ երեւոյթին, Ենովքի կեանքը վտանգի տակ էր, բայց Աստուած թոյլ չտուաւ որ ան իր թշնամիներուն ձեռքով տառապի։ «Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Եբրայեցիս 11։5) Ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուած զինք երկինք առաւ, ուր շարունակեց ապրիլ։ Յիսուս երկինք ելլող առաջին անհատն էր։ (Յովհաննու 3։13. Եբրայեցիս 6։19, 20) ‘Մահ չտեսնելու համար Ենովքի փոխադրուիլը’ կրնայ նշանակել թէ Աստուած զինք մարգարէական յափշտակութեան մէջ դրաւ, ապա անոր կեանքին վերջ դրաւ մինչ այդ վիճակին մէջն էր։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Ենովք իր թշնամիներուն ձեռքով չտառապեցաւ, կամ ‘մահ չտեսաւ’։

6։6—Ի՞նչ իմաստով կրնայ ըսուիլ թէ Եհովա մարդը ստեղծելուն «զղջաց»։ Հոս «զղջաց» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կը վերաբերի կեցուածքի կամ մտադրութեան փոփոխութեան։ Եհովա կատարեալ է, ուստի սխալ չգործեց մարդը ստեղծելով։ Սակայն ան տարբեր մտային կեցուածք մը առաւ նախա–Ջրհեղեղեան ամբարիշտ սերունդին հանդէպ։ Աստուած իր վերաբերմունքը որպէս մարդոց Ստեղծիչ փոխեց եւ եղաւ կործանիչ, քանի որ անոնց ամբարշտութեան տհաճեցաւ։ Այն իրողութիւնը թէ կարգ մը մարդիկ պահպանեց, ցոյց կու տայ որ ան զղջաց միայն անոնց համար, որոնք ամբարիշտ դարձած էին։—Բ. Պետրոս 2։5, 9

7։2—Ի՞նչ հիման վրայ անասունները սեպուեցան մաքուր կամ անմաքուր։ Զանազանելու հիմը բացայայտօրէն կապ ունէր պաշտամունքի մէջ զոհերու գործածութեան հետ, եւ կապ չունէր թէ ո՛ր անասունը կարելի էր ուտել կամ չուտել։ Անասունի միսը Ջրհեղեղէն առաջ մարդկային սննդականոնին մաս չէր կազմեր։ Ուտելիքի նկատմամբ «մաքուր» եւ «անմաքուր» արտայայտութիւնները գործածուեցան միայն Մովսիսական Օրէնքին մէջ, եւ վերջ գտան երբ Օրէնքը մէջտեղէն վերցուեցաւ։ (Գործք 10։9-16. Եփեսացիս 2։15) Ակներեւաբար Նոյ գիտէր թէ Եհովայի պաշտամունքին մէջ անասնական ո՛ր զոհերը պատշաճ էին։ Անմիջապէս որ տապանէն դուրս եկաւ, ան «սեղան մը շինեց Տէրոջը ու ամէն մաքուր անասունէ եւ ամէն մաքուր թռչունէ հատ մը առաւ ու սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց»։—Ծննդոց 8։20

7։11—Աշխարհածաւալ Ջրհեղեղը պատճառող ջուրերը ուրկէ՞ եկան։ Ստեղծագործական երկրորդ ժամանակաշրջանին, կամ «օրը», երբ երկրի ոլորտային «հաստատութիւնը» կազմուեցաւ, «հաստատութեանը տակ» ջուրեր եւ «հաստատութեանը վրայ» ջուրեր կային։ (Ծննդոց 1։6, 7) «Տակ»ը եղած ջուրերը, արդէն երկրի վրայ էին։ «Վրայ»ի ջուրերը երկրագունդը շրջապատող հսկայ քանակով խոնաւութիւն էին, «մեծ անդունդ» կազմելով։ (Ծննդոց 7։11) Այս ջուրերը Նոյի օրերուն երկրի վրայ իջան։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

1։26. Աստուծոյ պատկերին պէս եղած ըլլալով, մարդիկ աստուածային յատկութիւններ արտացոլացնելու կարողութիւն ունին։ Վստահաբար պէտք է ջանանք սիրոյ, ողորմութեան, քաղցրութեան, բարութեան եւ համբերութեան նման յատկութիւններ մշակել, մեր Արարիչը ընդօրինակելով։

2։22-24. Ամուսնութիւնը Աստուծոյ կարգադրութիւնն է։ Ամուսնութեան կապը մնայուն եւ սրբազան է, իսկ ամուսինը կը ծառայէ որպէս ընտանիքին գլուխը։

3։1-5, 16-23. Ուրախութիւնը կախեալ է մեր անձնական կեանքին մէջ Եհովայի գերիշխանութիւնը ընդունելէն։

3։18, 19. 5։5. 6։7. 7։23. Եհովայի խօսքը միշտ ճշմարիտ կ’ելլէ։

4։3-7. Եհովա Աբէլի ընծային հաճեցաւ, քանի որ ան արդար ու հաւատքի տէր մարդ մըն էր։ (Եբրայեցիս 11։4) Միւս կողմէ, ինչպէս իր արարքները ցոյց տուին, Կայէն հաւատք չունէր։ Անոր գործերը չար էին, յատկանշուած՝ նախանձով, ատելութեամբ եւ սպանութեամբ։ (Ա. Յովհաննու 3։12) Ասկէ զատ, հաւանաբար ան իր ընծային մասին լրջօրէն չխորհրդածեց եւ զայն մեքենայաբար ներկայացուց։ Պէտք չէ՞ Եհովայի մատուցած մեր փառաբանութեան զոհերը սրտանց ըլլան եւ անոնց ընկերակցին պատշաճ տեսակէտ ու շիտակ վարք։

6։22. Թէեւ տապանը շինելը երկար տարիներ առաւ, սակայն Նոյ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրաւ։ Հետեւաբար, Նոյ եւ իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան։ Եհովա մեզի կը խօսի իր գրաւոր Խօսքին միջոցով եւ մեզի ուղղութիւն կու տայ իր կազմակերպութեան միջոցով։ Իրապէս պիտի օգտուինք եթէ մտիկ ընենք ու հնազանդինք։

7։21-24. Եհովա արդարը ամբարշտին հետ չի կործաներ։

ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ ՄԸ ԿԸ ՄՏՆԷ

(Ծննդոց 8։1–11։9)

Նախա–Ջրհեղեղեան աշխարհը չքանալէն ետք, մարդկութիւնը նոր դարաշրջան մը կը մտնէ։ Մարդոց կ’արտօնուի միս ուտել, բայց պատուէր կը տրուի որ արիւնէ ետ կենան։ Եհովա մարդասպանութեան համար մահապատիժի օրէնքը կը սահմանէ, եւ ծիածանի ուխտը կը հաստատէ, խոստանալով ուրիշ Ջրհեղեղ մը չբերել։ Նոյի երեք որդիները ամբողջ մարդկային ցեղին նախահայրերը կ’ըլլան, բայց իր թոռնորդին Նեբրովթ «Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մը» կը դառնայ։ Փոխանակ երկիրը լեցնելու համար տարածուելու, մարդիկ կ’որոշեն Բաբելոն անունով քաղաք մը եւ աշտարակ մը կառուցանել, իրենց անուն մը շինելու համար։ Անոնց դիտաւորութիւնները ի դերեւ կ’ելլեն, երբ Եհովա անոնց լեզուն կը խառնակէ ու զանոնք ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ կը ցրուէ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

8։11—Եթէ ծառերը Ջրհեղեղով փճացան, աղաւնին ուրկէ՞ բերաւ ձիթենիի տերեւը։ Երկու կարելիութիւններ կան։ Որովհետեւ ձիթենին բաւական դիմացկուն ծառ մըն է, հաւանաբար Ջրհեղեղի ընթացքին ջուրին տակ քանի մը ամիս ողջ մնաց։ Ջրհեղեղին ջուրերը նուազելով, ջուրերով ծածկուած ձիթենի մը կրնար դարձեալ չոր գետնի վրայ երեւնալ ու տերեւ արձակել։ Ձիթենիի տերեւը որ աղաւնին Նոյի բերաւ, կրնար նաեւ մատղաշ ձիթենիէ մը առնուած ըլլալ, որ Ջրհեղեղին ջուրերը նուազելէն ետք ծիլ նետած էր։

9։20-25—Նոյ ինչո՞ւ Քանանը անիծեց։ Շատ հաւանաբար Քանան իր մեծ–հօր՝ Նոյի՝ դէմ որոշ անբարոյ արարք մը գործեց։ Թէեւ Քանանի հայրը Քամ ասոր ականատես եղաւ, բայց չփորձեց արգելք հանդիսանալ, այլ՝ ըստ երեւոյթին եղելութեան մասին ուրիշներու պատմեց։ Իսկ Նոյի միւս երկու որդիները՝ Սէմ ու Յաբեթ, գործի անցան որ իրենց հայրը ծածկեն։ Ասոր համար անոնք օրհնուեցան, բայց Քանան անիծուեցաւ եւ Քամ տառապեցաւ իր սերունդին վրայ եկած ամօթին պատճառով։

10։25—Երկիրը ի՞նչպէս Փաղէկի օրերը «բաժնուեցաւ»։ Փաղէկ ապրեցաւ Հ.Դ.Ա. 2269–էն մինչեւ 2030։ ‘Անոր օրերուն’ էր որ Եհովա մեծ բաժանում մը պատճառեց, Բաբելոնը կառուցանողներուն լեզուն խառնակելով եւ զանոնք ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ ցրուելով։ (Ծննդոց 11։9) Արդ, Փաղէկի օրերը ‘երկիրը [կամ՝ երկրի բնակչութիւնը] բաժնուեցաւ’։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

9։1. 11։9. Մարդկային ո՛չ մէկ ծրագիր կամ ջանք կրնայ Եհովայի նպատակը ի դերեւ հանել։

10։1-32. Ջրհեղեղի պատմութենէն առաջ եւ ետք տրուած ծննդաբանական երկու արձանագրութիւնները,– 5 եւ 10–րդ գլուխներուն մէջ,– ամբողջ մարդկային ցեղը կը կապեն առաջին մարդուն՝ Ադամին՝ հետ, Նոյի երեք որդիներուն միջոցով։ Ասորեստանցիները, Քաղդէացիները, Եբրայեցիները, Սուրիացիները եւ կարգ մը արաբական տոհմեր, Սէմէն սերած են։ Եթովպիացիները, Եգիպտացիները, Քանանացիները եւ կարգ մը Ափրիկեան ու արաբական տոհմեր, Քամէն սերած են։ Հնդեւրոպացիները Յաբեթէն սերած են։ Բոլոր մարդիկ իրարու ազգական են, եւ Աստուծոյ առջեւ բոլորն ալ համահաւասար ծնած են։ (Գործք 17։26) Այս ճշմարտութեան ի տես, ուրիշներու հանդէպ կ’ուզենք պատշաճ տեսակէտ ու վերաբերմունք ունենալ։

Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է

Ծննդոց գիրքին առաջին մասը կը պարունակէ մարդկային պատմութեան առաջին էջերուն վերաբերեալ միակ ճշգրիտ արձանագրութիւնը։ Անոր միջոցով կ’ըմբռնենք թէ Աստուած ի՛նչ նպատակով մարդը երկրի վրայ դրաւ։ Որքա՜ն սրտապնդիչ է նկատել թէ մարդկային ո՛չ մէկ ջանք, ինչպէս Նեբրովթի ջանքերը, կրնայ անոր կատարման արգելք հանդիսանալ։

Մինչ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին առ ի պատրաստութիւն Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւնը կ’ընէք, «Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել» խորագրին ներքեւ գտնուած կէտերը նկատի առնելը ձեզի պիտի օգնէ որ սուրբ գրային կարգ մը դժուար հատուածներ հասկնաք։ «Դասեր՝ Մեզի Համար» խորագրին ներքեւ գտնուող մեկնաբանութիւնները ձեզի ցոյց պիտի տան թէ ի՛նչպէս կրնաք Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութենէն օգտուիլ։ Երբ յարմար է, անոնք կրնան նաեւ Ծառայութեան Ժողովին մէջ տեղական կարիքներու յատկացուած բաժնի մը հիմը կազմել։ Եհովայի Խօսքը արդարեւ կենդանի է եւ կրնայ մեր կեանքին մէջ զօրութիւն բանեցնել։—Եբրայեցիս 4։12